Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մասնագէտներու կարծիքով, ձեռագիր գրելու վարժութիւնը չափազանց կարեւոր է եւ օգտակար երեխաներուն համար:
Մանկավարժ-հոգեբան Ելենա Մակարովայի կարծիքով, գրելու ժամանակ երեխային ուղեղը կը գործէ շատ համադրուած կերպով: Գրելուն մէջ ներգրաւուած են ուշադրութեան, յիշողութեան եւ մտածողութեան գործընթացները:
Մակարովա կ՛ընդգծէ, որ գրելը նաեւ կը նպաստէ խօսքի ձեւաւորման վրայ: Փաստօրէն ձեռագիր գրելը մեղմ խթան կը հանդիսանայ բոլոր մտաւոր գործողութիւններու զարգացման համար:
Եզրափակելով` Մակարովա կը պնդէ, որ գրելու գործընթացքին մէջ կայ ամբողջական ներգրաւածութիւն. ներգրաւուած են ուղեղի բոլոր հատուածները` ձեւաւորելով ամբողջ համակարգ մը:
Բնութիւն – Երեխայ Կապը
«European Respiratory Journal» ամսագրին կողմէ հրապարակուած հետազօտութեան մը համաձայն, մեծնալու ընթացքին երեխաները կանաչ տարածքներու մօտ պահելը կրնայ բարելաւել անոնց թոքերու առողջութիւնը:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ աւելի առողջ թոքեր ունին այն երեխաները, որոնք իրենց կեանքի առաջին տարիները անցուցած են բնութեան մօտ:
Դժբախտաբար մեր քաղաքային ապրելակերպը հետզհետէ մեզ աւելի ու աւելի կը հեռացնէ բնութենէն, մինչդեռ անոր հետ շփումը բարենպաստ ազդեցութիւն ունի երեխաներու ֆիզիքական, մտաւոր եւ յուզական բարեկեցութեան վրայ: Բնութեան հետ շփումը կը խթանէ երեխային ստեղծագործական ունակութիւնները, կը ձերբազատէ լարուածութենէ եւ կը զարգացնէ ընկերային հմտութիւնները:
Հետեւաբար շատ կարեւոր է երեխայ-բնութիւն կապի ամրապնդումը, ջանանք ամէն գնով պահպանել զայն:
Առողջապահական
Լռութեան Կարեւորութիւնը
Մեր Առողջութեան Համար
Մենք կ՛ապրինք աղմուկով լեցուն աշխարհի մը մէջ, ուր դժուար է գտնել լռութեան պահեր:
Առողջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր հրապարակած մէկ զեկոյցին մէջ աղմուկը անուանած է «ժամանակակից ժանտախտ»: Զեկոյցին մէջ նշուած են անհերքելի ապացոյցներ աղմուկի վնասակար ազդեցութեան մասին` մարդու առողջութեան վրայ: Աղմուկը ոչ միայն կը խաթարէ քունը, կեդրոնացումը եւ արտադրողականութիւնը, այլեւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը եւ սիրտի հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը:
Լռութեան Առաւելութիւնները
– Լռութիւնը կը նուազեցնէ ընկճախտը: «Heart» ամսագիրին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, լռութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ ուղեղի բջիջներու վերականգնմանը, այլեւ կը ձերբազատէ ընկճախտէ եւ լարուածութենէ: Նոյն ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւմը կը հաստատէ, որ 2 վայրկեան լռութիւնը աւելի կ՛օգնէ թուլանալու եւ հանգստանալու, քան` «հանգստացնող» երաժշտութիւնը լսելը:
– Լռութիւնը օգտակար է ուղեղի քիմիային համար: «Brain Structure and Functions» ամսագիրին համաձայն, երկու ժամ լռութիւնը կրնայ նոր բջիջներ ստեղծել ուղեղի այն հատուածին մէջ, որ կապուած է ուսման, յիշողութեան եւ զգացումներու հետ:
– Քնանալէ առաջ աղմկոտ միջավայրէ հեռու մնալը մեծապէս կը բարելաւէ քունի որակը:
– Լռութիւնը կը բարձրացնէ ստեղծագործելու եւ սորվելու ունակութիւնները:
Այնպէս որ, փորձեցէք օրական թէկուզ կէս ժամ ժամանակ անցընել լռութեան մէջ: Ատիկա կ՛օգնէ ձեր թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեկան առողջութեան:
Գիտէ՞ք Թէ…
Եթէ օրական ձեր դէմքը մարձէք բրինձի խաշի ջուրով, ձեր դէմքին մորթին գոյնը կը բացուի, կը ձերբազատիք սրճագոյն արատներէն եւ կանխահաս կնճիռներէն:
***
Եթէ տան մէջ դափնիի տերեւ այրէք`
Կը բարելաւէք կեդրոնացման ունակութիւնը,
Կը բարելաւէք շնչառութիւնը,
Կը զօրացնէք մարմնին դիմադրականութիւնը,
Կը ձերբազատիք անձկութենէ եւ ընկճախտէ,
Կը պաշտպանուիք բորբոքային վարակներէ,
***
Եթէ շաբաթական 75 վայրկեան քալէք, ձեր կեանքը 2 տարիով կ՛երկարաձգէք:
Եթէ շաբաթը 3 անգամ 40 վայրկեան քալէք, կը պահպանէք ձեր ուղեղին յիշողութիւնը:
Եթէ օրական 30 վայրկեան քալէք 36 առ հարիւր տոկոսով կը նուազեցնէք ընկճախտը:
***
Եթէ քնանալէ առաջ պանան ուտէք, մակնեզիոմով եւ կիրով հարուստ պանանը կ՛օգնէ, որ հանգիստ քնանաք, իսկ եթէ սեւ տուրմ ուտէք, անքնութենէ կրնաք տառապիլ, քանի որ տուրմը քաֆէին եւ թէոպրոմին կը պարունակէ, երկուքն ալ կ՛աշխուժացնեն ջղային դրութիւնը եւ կ՛արագացնեն սրտի զարկերու կշռոյթը:
***
Եթէ գիշերը քունի ընթացքին ձեր բերնէն ակամայ լորձունք կը հոսի, ատիկա պարզապէս կը նշանակէ, որ դուք շատ հանգիստ եւ խոր քունի անցած էք:
***
Եթէ առաւօտեան անօթի փորով քանի մը ընկոյզ ուտէք, յառաջիկայ ժամերուն ձեր ուղեղը աւելի արդիւնաւէտ կ՛աշխատի, նոյնպէս ալ` յիշողութիւնը, իսկ ժամանակի ընթացքին ձեր մորթին կ՛ապահովէք առողջ տեսք եւ փայլք:
***
Եթէ կ՛ուզէք նիհարնալ, բշտիկներէ եւ աղիքային կազերէ ձերբազատիլ, կանաչ թէյ պէտք է խմէք:
Եթէ գլխացաւէ, անձկութենէ եւ փորհարութենէ կը տառապիք, ապա սեւ թէյը կը հասնի օգնութեան:
Խոհագիր
Բովուած Եգիպտացորեն
Մէկուկէս ճաշի դգալ կարագ
Երկուքուկէս գաւաթ եգիպտացորեն
Պտղունց մը աղ
Պտղունց մը սեւ պղպեղ
Մէկ ճաշի դգալ իտալական համեմունք
Պատրաստութիւն
Եգիպտացորենը թրջել առնուազն 4 ժամ ապա եռացած ջուրի մէջ կէս խաշ ընել ու քամոցէ անցնել:
Այս արարողութիւնը կարելի է զանց ընել, եթէ չոր եգիպտացորենը փոխարինէք թարմ կորեկով:
Տապակին մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել կէս խաշ եգիպտացորենը եւ միջակ կրակի վրայ տապկել` տեւաբար խառնելով, որպէսզի հատիկները չայրին, այլ համաչափ ոսկեգոյն ըլլան:
Գոյն ստանալէ ետք եգիպտացորենը աղել, համեմել, 5 վայրկեան եւս տապկել:
Մատուցել, երբ արդէն բաւարար պաղած է:
Եգիպտացորեն ուտելու համոզիչ պատճառներ.
Ա.- Հանքայիններով (կիր, ֆոսֆոր, մակնեզիոմ…) հարուստ եգիպտացորենը կ՛ամրացնէ եւ կը պահպանէ ոսկորներն ու ակռաները:
Բ.- Կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը:
Գ.- Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէ:
Դ.- Կը կանոնաւորէ արեան ճնշումը:
Ե.- Կը պահպանէ տեսողութիւնը:
Զ.- Կը պակսեցնէ արեան մէջ քոլեսթերոլի քանակը:
Է.- Որպէս միզեցնող` կ՛օգնէ թունաւոր նիւթերու արտաքսման:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Աշխարհի Ցաւով
Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուա՛ծ իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:
Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն,
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց,
Եւ նոր ոճիրներ, իմ շուրջն ու հեռուն
Կը ծնին մարդիկ` արիւնով հարբած:
Գլուխս ի՞նչպէս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անդին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով:
Սուրի ու սովի կը դառնան աւար,
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն,
Եւ ոտքի կոխան` հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:
Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնճոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան,
Որբի մը բերնէն պատառը հացի:
Աստուա՜ծ իմ, որքան անարդար վճիռ.
— Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
— Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ