Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երբ երեխան խաղալիքը կը կոտրէ, մենք արարքը չարութեան կը վերագրենք ու անմիջապէս կը յանդիմանենք եւ նոյնիսկ կը պատժենք: Մինչդեռ, հոգեբանին կարծիքով, խաղալիք կոտրելը կրնայ տարբեր նշանակութիւններ ունենալ… եւ այսպէս`
Երեխան Կ՛ուսումնասիրէ
Իմացական գործընթացներու զարգացումը կ՛ենթադրէ երեխային կողմէ առարկաներու, խաղալիքներու ուսումնասիրութիւն: Երբ երեխան խաղալիքին մասերը կ՛առանձնացնէ, զայն կը կոտրէ, որպէսզի տեսնէ, թէ ներսը ի՛նչ կայ եւ կը փորձէ ճանչնալ, հասկնալ…
Երեխան Ուշադրութիւն Կը Պահանջէ
Խաղալիքը կոտրելով` երեխան կը ցանկայ ծնողքին ուշադրութիւնը գրաւել եւ կը հասնի իր նպատակին: Պէտք է լուռ եւ առանց խօսքերու անոր ուշադրութիւնը շեղել այլ ուղղութեամբ: Ասիկա ազդանշան է, որ ծնողները բաւարար չեն զբաղիր եւ ժամանակ չեն տրամադրեր իրենց փոքրիկին, հետեւաբար ժամանակն է, որ անոնք զգաստանան:
Խաղալիքներու Քանակը Շատ Է
Փոքրիկին առջեւ դրուած են շատ խաղալիքներ: Անոր տեսադաշտին մէջ պէտք է ձգել մէկ-երկու խաղալիք. կոտրելու պարագային, պէտք չէ ուրիշով մը փոխարինել, որպէսզի ան տեսնէ, որ կոտրելէ ետք կրնայ այլեւս խաղալիք չունենալ:
Խաղալիքը Տարիքին Համապատասխան Չէ
Ծնողները խաղալիք ընտրելու ատեն պէտք է հաշուի առնեն երեխային տարիքը: Անոնք հակամէտ են գնելու գունագեղ, գեղեցիկ տեսքով, սուղ, սակայն երեխային տուեալ տարիքին զարգացման համար ոչ պիտանի խաղալիքներ: Ծնողները պէտք է ընտրութիւն կատարեն ոչ թէ «սուղ է, ուրեմն լաւ է» սկզբունքով, այլ` ըստ օգտակարութեան: Խաղալիքը պէտք է զարգացնէ փոքրիկին տեսողական, լսողական եւ շօշափելիքի զգայարանները:
Երեխան Իր Յոյզերը Կ՛արտայայտէ
Երբեմն երեխան կը կոտրէ խաղալիքը` դրսեւորելով յարձակողական վարք: Յաճախ կրկնուելու պարագային, թերեւս փոքրիկը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, եւ կ՛արժէ հոգեբանի մը կարծիքին դիմել:
Անժելինա Ժոլին Պիտի Մարմնաւորէ
Մարիա Քալլասը
Սիրուած դերասանուհի Անժելինա Ժոլին չիլիցի բեմադրիչ Փապլօ Լարենի նոր ժապաւէնին մէջ պիտի մարմնաւորէ 20-րդ դարու օփերայի մեծագոյն երգչուհիներէն Մարիա Քալլասը` պատմելով անոր փոթորկոտ կեանքը:
Փապլօ Լարեն արդէն քանի մը կենսագրական ժապաւէնի հեղինակ է` «Սփենսըր»-ը` արքայադուստր Տիանայի մասին եւ «Ճեքի»-ն` Ժագլին Քենետիի մասին:
Ծագումով յոյն օփերայի երգչուհին բաւական փոթորկոտ կեանք մը ապրած է` դիմագրաւելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ունեցած է տեսողութեան հետ կապուած լուրջ հարցեր, սիրային արկածախնդրութիւններ, գիրութեան հետ կապուած բարդութիւններ: Իսկ իր փայլուն ասպարէզի միջին շրջանին ան գէր կնոջմէ վերածուած է բարեձեւ, նրբակազմ ու վայելուչ էակի մը: Ասիկա դժբախտաբար ունեցած է իր բացասական անդրադարձը երգչուհիին ձայնի որակին վրայ` վերջ դնելով անոր երգչուհիի փայլուն ասպարէզին:
Քալլաս կը մահանայ Փարիզի իր բնակարանին մէջ, 1977-ին, 53 տարեկանին, սրտի կաթուածի պատճառով:
Անժելինա Ժոլի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Ես կու տամ ամէն ինչ` մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար»:
Այլազան
Ահա, Թէ Ի՛նչ Կը Բացայայտէ Ձեր Սիրելի
Հագուստին Գոյնը Ձեր Բնաւորութեան Մասին
Գոյնը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր կեանքին մէջ` ազդելով մեր տրամադրութեան եւ յոյզերուն վրայ: Թերեւս չէք մտածած, որ գոյն մը կրնայ ձեզ հանգստացնել կամ, ընդհակառակը, անտրամադիր դարձնել: Երբ դուք գոյն մը կ՛ընտրէք եւ կամ կը խուսափիք անկէ, ընտրելու կամ մերժելու արարքը շատ բան կը բացայայտէ ձեր անհատականութեան մասին:
Նոյնիսկ եթէ դուք չէք գիտեր գոյներու խորհրդանշական նշանակութիւնը, ձեր ենթագիտակցութիւնը գիտէ: Ահաւասիկ` հետաքրքրական ուղեցոյց մը, թէ ի՛նչ կը բացայայտէ ձեր սիրելի հագուստին գոյնը ձեր անհատականութեան մասին:
– ԿԱՐՄԻՐ կը սիրեն համարձակ եւ նպատակասլաց մարդիկ: Անոնք շատ զգացական, կրքոտ, բայց նաեւ բռնկուն եւ անկանխատեսելի կ՛ըլլան:
– ԴԵՂԻՆ կը սիրեն ազատութեան ձգտող եւ երազանքներ ունեցող մարդիկ: Անոնք սրամիտ, մարդամօտ եւ ընկերասէր կ՛ըլլան:
– ԿԱՆԱՉ կը սիրեն հաստատակամ եւ նպատակասլաց մարդիկ: Անոնք կարիքը ունին ինքնադրսեւորման, մեծ նուաճումներ կատարելու եւ գնահատական խօսքեր լսելու:
– ՄՈԽՐԱԳՈՅՆ կը սիրեն հաւասարակշռուած եւ իրենց անձին հետ հաշտ մարդիկ: Անոնք անձնազոհ, նուիրուած, ծառայասէր եւ սիրուած կ՛ըլլան:
– ՃԵՐՄԱԿ կը սիրեն հաւասարակշռուած, ներդաշնակ եւ բարի մարդիկ: Անոնք ազատատենչ եւ կատարելապաշտ կ՛ըլլան:
– ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ կը սիրեն զգայուն, նուրբ եւ խաղաղասէր մարդիկ: Անոնք յաճախ յենարանի եւ պաշտպանութեան կարիք ունին:
– ՍԵՒ կը սիրեն ստեղծագործ, ինքնամփոփ եւ զգայուն մարդիկ: Անոնք վայելուչ, զօրաւոր կամքի տէր եւ ծայրայեղ կ՛ըլլան:
– ՍՐՃԱԳՈՅՆ կը սիրեն խելացի, կայուն եւ վստահելի մարդիկ: Անոնք արդարադատ եւ շրջապատէն սիրուած անձեր կ՛ըլլան:
– ԿԱՊՈՅՏ կը սիրեն հաճելի, վստահելի եւ հաւասարակշռուած մարդիկ: Անոնք խաղաղասէր, դրական եւ նուիրուած ընկերներ կ՛ըլլան:
– ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ կը սիրեն ինքնաբուխ, խանդավառ եւ ստեղծագործ մարդիկ: Անոնք կեանքը սիրող, կեանքին կառչած եւ խնճոյքի սիրահար կ՛ըլլան:
– ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ կը սիրեն արուեստասէր մարդիկ: Անոնք յատուկ սէր կ՛ունենան գրականութեան, գեղանկարչութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ: Յաճախ անոնք երազկոտ ու խոկացող կ՛ըլլան:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Սթենֆորտ համալսարանի գիտնականները 19 երկիրներէ ժամանած շուրջ 4 հազար մարդու մասնակցութեամբ հետազօտութեան մը աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան, որ նոյնիսկ առանց պատճառի, հարկադրուած ժպիտը կը բարելաւէ տրամադրութիւնը, մարդ կը սկսի աւելի երջանիկ զգալ, երբ դէմքի համապատասխան մկանները կ՛աշխուժանան:
Հետեւաբար ջանացէք ժպտելու առիթներ ստեղծել ու բարձրացնել ձեր տրամադրութիւնը:
***
Մազի թեփերէն ձերբազատուելու համար կարելի է օգտագործել ասփիրինի դեղահատեր:
Սովորական շամփուէնին աւելցնել 2 ասփիրինի փոշի, մազերը ծեփել այս թանձրուկով, սպասել մէկ-երկու վայրկեան, ապա առատօրէն ցօղուել:
***
Կուտն ու պիստակեղէնը համեղ եւ հաճելի են բաժակ մը խմիչքի կողքին, պատկերասփիւռին դիմաց նստած կամ բարեկամական հանդիպումներու ընթացքին, բայց արդեօք գիտէ՞ք, թէ իւրաքանչիւր 100 կրամ`
- Մանր կուտը 557 ջերմուժ կը պարունակէ,
- Դդումի կուտը` 600 ջերմուժ,
- Սուտանի պիստակը` 599 ջերմուժ,
- Արեւածաղիկի կուտը` 571 ջերմուժ,
- Խառն պիստակեղէն` 607 ջերմուժ,
- Խրթխրթան եգիպտացորեն` 443 ջերմուժ:
***
Եթէ շունչը գէշ կը հոտի ալքոլի, ծխախոտի, սխտորի կամ այլ պատճառով, անախորժ հոտը ժամանակաւոր չէզոքացնելու լաւագոյն միջոցները հետեւեալներն են`
- Ակռաները խոզանակել,
- Սուրճի հատիկներ ծամել,
- Մեխակի գամեր ծամել,
- Թարմ շոմին, անանուխ կամ ազատքեղ ծամել:
***
Քանատայի Հանրային առողջութեան հետազօտական հիմնարկի գիտնականները 26 հազար մարդու վրայ կատարած հետազօտութեան մը աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան, որ գարեջուրը ուղեղի առողջութեան համար ամէնէն վտանգաւոր խմիչքն է, անոր չափազանցուած օգտագործումը ուղեղի կաթուած կը պատճառէ:
Նոյն գիտնականներուն կարծիքով, գինին չ՛ազդեր ուղեղի առողջութեան վրայ, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ զայն կարելի է խմել անսահմանափակ քանակութեամբ:
Խոհագիր
Սմբուկ – Փիցցաներ
– 1 կամ երկու երկար սմբուկ
– 2 լոլիկ
– Ձիթապտուղի ձէթ (շուրջ մէկ սուրճի գաւաթ)
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 թէյի դգալ օրեկանօ
– 1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Ձեռքի տակ գտնուող որեւէ հալող պանիր
Պատրաստութիւն
Սմբուկները կլոր շերտել, փուռի ափսէին վրայ շարել:
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` ձէթով եւ բոլոր համեմներով ու սխտորով:
Սմբուկները ծեփել թացանով եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել 5 – 7 վայրկեան, յետոյ սմբուկներուն վրայ աւելցնել մէկական լոլիկի շերտ, դարձեալ ծեփել թացանով ու կրկին եփել 5 վայրկեան: Վերջապէս լոլիկներուն երեսը ծածկել տաշուած պանիրով ու մանրուած ազատքեղով եւ փուռ փոխադրել:
Երբ պանիրը հալի, անմիջապէս մատուցել:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անդաստան
Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոչ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի`
Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ:
Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի,
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին`
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:
Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդի.
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի`
Բերկըրութի՜ւն թող ըլլայ:
Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերութիւն թող ըլլայ…
Ծաղկի` մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի`
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ:
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ