Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ճափոնական այս բաղադրատոմսը կը դանդաղեցնէ կնճիռներու յայտնութիւնը, թարմութիւն եւ երիտասարդ տեսք կու տայ մորթին:
Պատահական չէ, որ բրինձը ճափոնական սննդակարգի անբաժան մէկ մասնիկն է: Անիկա հարուստ է Պէ. կենսանիւթով, որ կը նպաստէ արեան շրջագայութեան, բջիջներու վերականգնման եւ աճին` կանխարգիլելով վաղաժամ ծերութիւնը:
Ճափոնական այս ծեփուկի օգտագործումէն ետք դէմքիդ մորթը կը դառնայ աւելի բաց գոյնի, փափուկ եւ թաւշեայ:
Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են`
– 2 – 3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ տաք կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր
Առաջին հերթին եփել բրինձը մինչեւ փափկանալը, ապա պաղ ջուրի տակ բռնել եւ քամոցի մէջ փոխադրել: Ցամքած բրինձին աւելցնել կաթն ու մեղրը եւ լաւ խառնել:
Ծեփուկը քսելէ առաջ դէմքը լուալ, ցամքեցնել, տարածել խիւսը, սպասել քառորդ ժամ, ապա դէմքը լուալ բրինձին եփի ջուրով. վերջինս իր կարգին հարուստ է սնուցիչ նիւթերով եւ անթիօքսիտաններով:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Կանաչ սոխը կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը, կը նուազեցնէ արեան գերճնշումն ու գէշ քոլեսթերոլը, կը դադրեցնէ փորհարութիւնը եւ կ՛արգիլէ յամրաղիի մէջ քաղցկեղային բջիջներու աճը:
***
Առողջ եւ փարթամ մազեր ունենալու համար պէտք է, որ ճաշացուցակէն անպակաս ըլլան` իւղոտ ձուկերը, հաւկիթը, շոմինը, ընկուզեղէնը, աւոքատոն, քաղցր պղպեղները, մսեղէնն ու հաւեղէնը եւ քաղցր գետնախնձորը:
***
Մնայուն յոգնածութիւնը կը յուշէ Տէ. կենսանիւթի պակասը, մկանային պրկումները` կիրի եւ մակնեզիոմի պակասը, մորթին կարծրացումը` զինկի եւ Ա. կենսանիւթի պակասը, եղունգներուն վրայ սպիտակ բիծերը` զինկի եւ այլ հանքայիններու պակասը եւ, վերջապէս, մորթին վրայ կապտուկները` Սէ. կենսանիւթի պակասը: Անշուշտ ասոնք թէեւ գիտականօրէն փաստուած են, սակայն միակ պատճառները չեն:
***
Օրական 1 հաւկիթ ուտելը կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը, կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը, կ՛ամրացնէ ոսկորները, կը պաշտպանէ աչքերը, կը նուազեցնէ որոշ քաղցկեղներու (յատկապէս ստինքի) հաւանականութիւնը:
***
Օրական մէկ-երկու հատ մեխակի գամ ծամելով կամ ծծելով` կը ձերբազատիք բերնի գարշահոտութենէն, լինտերու բորբոքումէ եւ ակռաներու փտածութենէ: Մեխակի գամը նաեւ կը սպաննէ բերնին մէջի մանրէները:
***
Պաղ ջուրով լոգանքը կը զօրացնէ դիմադրականութիւնը, կը պրկէ մորթը, կը խթանէ ուշադրութիւնը, կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը: Իսկ տաք ջուրով լոգանքը կը թուլացնէ մկանները, կը թեթեւցնէ գլխացաւն ու յոգնածութիւնը եւ կը ձերբազատէ լարուածութենէ:
***
Կանաչ սնունդը (շոմին, պրոքոլի, քուի, կաղամբ…) կը զօրացնէ տեսողութիւնը, աչքերը կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած հիւանդութիւններէ եւ կ՛ամրացնէ ոսկորները:
Կարմիր սնունդը (լոլիկ, ելակ, նուռ, պղպեղ, կեռաս…) կը պաշտպանէ սիրտը եւ կը նուազեցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը:
Նարնջագոյն ուտեստը (ստեպղին, նարինջ, ծիրան…) կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը եւ կ՛ապահովէ աչքերուն առողջութիւնը:
5 Հարց, Որ Պէտք Է Մենք Մեզի Տանք,
Նախքան Որեւէ Բան Թափելը
Բոլորս ալ կը փափաքինք տան մէջ յաւելեալ սենեակ մը ունենալ ու չձերբազատիլ մեզ շրջապատող կարգ մը իրերէն, որոնք, գործնականէն աւելի, զգացական արժէք ունին:
Մեզ շրջապատող առարկաները մեր կեանքի մէկ մասնիկն են, զանոնք թափելը կամ ուրիշին տալը կը նշանակէ բաժնուիլ մեր մէկ մասնիկէն, հրաժարիլ այդ իրերուն հետ կապուած յիշատակներէն…
Հարցը այն է, որ մենք շատ յաճախ սխալ հարցեր կու տանք մենք մեզի, եւ երբ կ՛ուզենք ձերբազատիլ կարգ մը ոչ պիտանի իրերէ, կ՛անճրկինք եւ եզրակացութեան մը չենք յանգիր:
Եւ այսպէս, ահա 5 լաւ հարցեր, որոնք պէտք է ուղղենք մենք մեզի, որպէսզի դիւրացնենք մեր աշխատանքը եւ կարենանք առանց ափսոսանքի ուրիշին տալ կամ թափել աւելորդ իրերը:
1.- Արդեօք ես այսօր կը գնէի՞ այս բանը, եթէ անիկա սուղ արժէր: Եթէ պատասխանս ոչ է, ապա ուրեմն այս բանը այդքան ալ կարեւոր չէ եւ ժամանակն է, որ ձերբազատիմ անկէ:
***
2.- Այս բանի բացակայութիւնը կ՛ազդէ իմ կեանքիս վրայ: Ասիկա կը վերաբերի ընտանիքէն ժառանգած իրերու կամ խոհանոցային պարագաներու: Եթէ պատասխանս ոչ է, ապա ուրեմն կարելի է հրաժարիլ անկէ:
***
3.- Արդեօք այս իրը կ՛արդարացնէ՞ այն տարածքը, որ կը զբաղեցնէ տանս մէջ: Եթէ պատասխանս ոչ է, ուրեմն ժամանակն է, որ բաժնուիմ անկէ:
***
4.- Արդեօք ես կարիքը ունի՞մ նոյն այս բանէն քանի մը հատ ունենալու, թէ՞ կրնամ մէկ հատով բաւարարուիլ: Եթէ պատասխանս ոչ է, եւ մէկ կամ երկու հատը բաւարար չէ, ուրեմն պէտք է պահեմ զանոնք:
***
5.- Արդեօ՞ք այս բանը ուրիշին աւելի օգտակար կ՛ըլլայ, քան ինծի… Եթէ պատասխանս այո է, ուրեմն կրնամ հրաժարիլ անկէ եւ տալ ուրիշին:
Տունը մաքրելու, կոկելու ատեն յիշենք այս 5 հարցերը, անոնք կ՛օգնեն մեզի` կազմակերպուելու եւ եզրակացութիւններ տալու:
Նորաձեւութիւն
2023-Ի Նորաձեւ Զարդերը
Նորաձեւութեան մէջ աքսեսուարները կարեւոր տարրեր են վերջնական եւ անհատականացուած տեսք մը տալու համար: Կօշիկները, պայուսակները, գօտիները, գլխարկներն ու զարդերը ոչ միայն շունչ կը հաղորդեն ձեր հագուստներուն, այլեւ կ՛արտացոլացնեն ձեր անհատականութիւնը: Ինչպէս հագուստները, նոյնպէս ալ աքսեսուարները քանի մը եղանակի կեանք ունին հազիւ, բայց երբեք չձերբազատիք անոնցմէ, քանի որ կու գայ օրը, երբ անոնք կրկին նորաձեւ կը դառնան:
Ինչ կը վերաբերի 2023-ի նորաձեւ զարդեղէններուն, նկատի առէք հետեւեալ կէտերը.
– Մարգարտեայ զարդերու վերադարձ
Ատենէ մը ի վեր մարգարտեայ զարդերը նորաձեւ չեն համարուիր: Գօգօ Շանել մեծ կարեւորութիւն կու տար այս ծովային զարդին: Այս եղանակին Ճիորճիօ Արմանի եւ Ժիվանշի նորաձեւութեան տուները փառատօներու ժամանակ իրենց մանըքեններուն ականջները զարդարած էին մեծ չափի մարգարտեայ ականջաօղերով, իսկ ձեռքերը` հսկայական մատանիներով:
– Մեծ մատանիներ
Նորաձեւ են նաեւ մեծ, վառ գոյնի քարերով մատանիները, որոնք սովորաբար պէտք է կրել աջ ձեռքի ցուցամատին կամ մատնեմատին: Այնուամենայնիւ, պայման չէ, որ քարերը թանկարժէք ըլլան, կարեւորը մեծ չափի ըլլալն է:
– Ծաղկային մոթիֆներ
2023-ի զարդերը կը յատկանշուին ծաղկային մոթիֆներով: Վզնոցները, ականջօղերը, ապարանջանները` բոլորն ալ զարդարուած պիտի ըլլան մեծ ու փոքր ծաղիկներով:
– Շատ երկար ականջօղեր
Մեծ մարգարիտներուն զուգահեռ, ի յայտ եկած են նաեւ երկար ականջօղերը. այնքան երկար, որ մինչեւ ուսերը կը հասնին: Նենսի Տոժաքա եւ Լուի Վուիթոն կ՛առաջարկեն թէ՛ շատ բարակ շղթայ-ականջօղեր, թէ) բազմագոյն, մեծ քարերով տարբերակներ:
– Վիզին չափով կարճ մանեակներ
Այս ձեւի մանեակները արդէն վերջին տարիներուն բաւական նորաձեւ էին, անոնք այս տարի եւս պիտի գոյատեւեն: Նորաձեւութեան փառատօներուն այս ոճի մանեակները յաճախ զարդարեցին ծանօթ ոճաբաններու մանըքեններուն վիզերը:
Խոհագիր
Անուշապուր
Զուտ հայկական քաղցրաւենի անուշապուրը կը համարուի Ամանորի սեղանի եօթը պարտադիր ուտեստներէն մէկը: Անցեալին անիկա կը զարդարէր ամանորեայ եւ Սուրբ Ծնունդի սեղանները` խորհրդանշելով Նոր տարուան բարի սկիզբը:
Բաղադրիչներ
– Կէս քիլօ կորկոտ կամ ցորեն
– Կէս գաւաթ զանազան չիրեր (չամիչ, սալոր, ծիրան…)
– Մէկ գաւաթ ընկուզեղէն (ընկոյզ, կաղին, նուշ…)
– Կէս գաւաթ մեղր
– Մէկ թէյի դգալ փոշի կասիա
– Ջուր` եփելու համար
– Նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Ցորենը խաշել մինչեւ փափկանալը: Աւելցնել չիրերն ու ընկուզեղէնը եւ եփել թեթեւ կրակի վրայ:
Կրակը անջատելէ ետք գաղջ խառնուրդին աւելցնել մեղրն ու կասիան:
Մատուցելու ժամանակ երեսը զարդարել չիրերով, ընկուզեղէնով եւ նուռի հատիկներով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Տաղ Ծննդեան
Այսօր տօն է սուրբ ծնընդեան, աւետիս.
Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս:
Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս.
Երեւցաւ` ի մէջ մարդկան, աւետիս:
Այսօր սուրբ կոյսն անապական, աւետիս.
Ծնաւ եբեր զանմահ արքայն, աւետիս:
Այսօր հրեշտակք յերկնից իջան, աւետիս.
Ընդ մեզ օրհնեն զանմահ արքայն, աւետիս:
Այսօր դժոխքըն սարսեցան- աւետիս:
Գունդք դիւաց յոյժ տրտմեցան, աւետիս:
Այսօր չարքն կարկեցան, աւետիս.
Եւ ադամեանքն ուրախացան, աւետիս:
Զաստղն տեսին եւ զարմացան, աւետիս.
Աստղ մի պայծառ եւ պատուական, աւետիս.
Ապա սիրով արձակեցան, աւետիս.
Ի Բեթղեհէմ ելեալ գնացին, աւետիս:
Մեծ թագաւորք ժողովեցան, աւետիս.
Յոյլով դպիրք եւ շատ իշխանք, աւետիս:
Ահա՛ երեք արքայ եկին, աւետիս.
Որ երեքեանըս անուանին՛ աւետիս:
Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, աւետիս.
Որք ի Սաբայ եւ յԱրաբայ, աւետիս:
Ոսկի` կնդրուկ զըմուռս նմա, աւետիս.
Ունին երեք ազնիւ ընծայ, աւետիս:
Սուրբ Ծննդեան այս գեղեցիկ տաղը յօրինուած է 18-րդ դարուն: Բազմաձայն մշակումը կատարած է Կոմիտաս վարդապետը եւ կ՛երգուի Ս. Ծնունդի տօնին: