Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 573 articles
Browse latest View live

Հետաքրքրական. Այսօր Սերկէյ Փարաճանովի Ծննդեան Օրն Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Միջազգային ճանաչում վայելող հայ շարժանկարի բեմադրիչ եւ մեծ վարպետ Սերկէյ Փարաճանովը այսօր (9 յունուար 1924) կը դառնար 96 տարեկան: Ան հսկայ ժառանգութիւն ձգած է իր ետին, անժամանցելի եւ անհերքելի արժէքներ են անոր «Մոռացուած նախնիների ստուերները», «Նռան գոյնը», «Յակոբ Յովնաթանեան»-ը, «Առասպել Սուրամի ամրոցի մասին»-ը, «Աշուղ Ղարիպ»-ը եւ տասնեակ այլ ժապաւէնները:

Այսօր պիտի չանդրադառնանք բազմիցս կալանաւորուած, հալածուած, մեղադրանքներու եւ զրպարտութիւններու զոհ գացած Փարաճանով հանճարին կենսագրութեան, այլ անոր տուն-թանգարանին մէջ ցուցադրուած քանի մը խօսուն նմուշներու ճամբով պիտի փորձենք ճանչնալ «մարդը»:

«Արկղը»

Արկղը Փարաճանովի մանկութեան իրերէն է: Փոքրիկ Սերկէյը շատ հետաքրքրասէր եւ աշխուժ երեխայ էր: Փոքր տարիքին ան կը պահուըտէր այս արկղին մէջ, որպէսզի դպրոց չերթայ: Հարցազրոյցի մը ընթացքին Փարաճանով պատմած է, որ մանկութեան փետուրներ կը հաւաքէր եւ սիրամարգի կերպարով մերթ կը զուարճացնէր, մերթ կը վախցնէր իր ընտանիքին անդամները:

Ջուրի Զտիչը

Թիֆլիսի ըմպելի ջուրը աղտոտ էր: Բոլորը Կուր գետի ջուրը կը խմէին: Ինչպէս բոլորը, Փարաճանովը եւս տան մէջ ջուրի զտիչ ունէր: Ան շատ հիւրեր կ՛ընդունէր, հիւրասիրութիւններու ժամանակ այդ զտիչը ընթրիքի անբաժան մասն էր:

Սիրելի Պահարանը

Սերկէյ Փարաճանովի տղան 1973-ին ծանր կը հիւանդանայ Քիեւի մէջ: Բեմադրիչը այդ օրերուն Երեւան էր եւ ժապաւէնի նկարահանումներ կը պատրաստէր: Ան անմիջապէս Քիեւ կը մեկնի, ուր զինք կը ձերբակալեն:

Ձերբակալումէն ետք Ուքրանիոյ մէջ գտնուող անոր բնակարանը, կահոյքը եւ անձնական իրերը կը գրաւեն: Երբ ան բանտին մէջ կ՛իմանայ, որ իր ամբողջ ունեցուածք գրաւուած է, յիշողութեամբ իրերու ցանկ մը կը կազմէ: Սեղանն ու երկու պահարանները բեմադրիչին սիրելի իրերն էին: Ընկերներն ու կինը ժամանակ մը ետք կը յաջողին փրկել զանոնք եւ Թիֆլիս ուղարկել:

«Պատերազմի Արձագանգը»

Փարաճանովի տուն-թանգարանը ցուցադրած է անոր «Պատերազմի արձագանգը» փակցանկար-ստեղծագործութիւնը (քոլաժ), ուր կայ լամբ մը, որուն լոյսը միշտ վառած է:

Փարաճանովը նկարին վրայ նամակ ձգած էր Զաւէն Սարգսեանին, որ իր ընկերը, անձնական լուսանկարիչը եւ տուն-թանգարանի հիմնադիր տնօրէնն էր, եւ անկէ խնդրած էր լամբին կրակը միշտ վառ պահել:

«Նռան Գոյնը» Ժապաւէնին Պատուհանը

«Նռան գոյնը» ժապաւէնի նկարահանման առիթով Փարաճանովը Երեւան կու գայ ժապաւէնին համար իրեր հաւաքելու. նկարիչ Հենրիկ Սիրաւեանը Փարաճանովին կ՛ըսէ, որ Տէրեան փողոցին վրայ ապրող մարդ մը երկու պատուհան կը վաճառէ, որոնք Սարդարին պալատէն բերուած են: Բեմադրիչը զանոնք 100 ռուբլիի կը գնէ:

Պատուհանը ժապաւէնին մէջ կ՛օգտագործուի «Աշխարհս մէ փանջարա է» տեսարանին մէջ:

Պատուհաններէն մէկը բեմադրիչը իր մօտը պահեց ամբողջ կեանքին ընթացքին: Սկիզբը անիկա Թիֆլիս կը գտնուէր, սակայն հետագային Երեւան փոխադրուեցաւ:

«Ծաղկեփունջ` Չվերադարձած Եղբօրս»

«Ծաղկեփունջ` չվերադարձած եղբօրս» ստեղծագործութիւնը Փարաճանովը պատրաստած է տօնածառի կոտրուած խաղալիքներով եւ խորհրդային տարիներու զանազան իրերով: Փակցանկարը կը վկայէ խորհրդային տարիներու կեանքը: Ստեղծագործութեան կեդրոնը զետեղուած է պատերազմէն չվերադարձած իր եղբօր լուսանկարը:

Շոգեկառքը

Խորհրդային Միութեան մէջ տարածուած արտայայտութիւն էր` «Սոցիալիզմի գնացքը առաջ է գնում»: Փարաճանովը այս գործով կ՛ուզէր ըսել, որ գնացքը կեցած է եւ յառաջ չ՛երթար: Հետաքրքրական է, որ այս ստեղծագործութիւնը թուագրուած է «1827» շրջուած է: 1827-ին Ռուսաստանի մէջ բացուած էր առաջին ապահովագրական ընկերութիւնը, Փարաճանովը այս գործով նաեւ կ՛ակնարկէ, որ խորհրդային յեղափոխութենէն ետք մարդոց գոյքերը այլեւս ապահովագրուած չեն, եւ ժողովուրդէն կը խլուի իր ունեցուածքը:

Սերկէյ Փարաճանովի Խօսքերէն…

– «Մարդը պարտաւոր է եւ պէտք է ապրի տառապանքի երջանկութիւնը, այլ կերպ նա մարդ չի կարող լինել»:

– «Ամբողջ կեանքում ինձ առաջ է մղում նախանձը: Ես նախանձում էի գեղեցիկներին եւ գրաւիչ դարձայ, նախանձում էի խելացիներին եւ անկանխատեսելի դարձայ»:

– «Ես 50 տարի այնքան գեղեցիկ եմ ապրել: Սիրել եմ, շատախօսել, հիացել, ինչ-որ բան ճանաչել, քիչ առել, բայց անչափ շատ բան սիրել: Մարդկանց եմ շատ սիրել եւ նրանց շատ պարտական եմ: Գորշութեան հանդէպ անհանդուրժող էի: Ամէնէն նորաձեւ գոյնն էր: Ժամանակի անհրաժեշտութիւնը»:

– «Ես աշխարհից վրէժխնդիր կը լինեմ սիրով»:

– «Ես ծաղիկներ նկարող խելագար ծերուկ եմ»:

– «Լիաթոք ուրախացէք, ինչպէս ես եմ արել: Յիշելու բան ես ունենում: Այլապէս ե՛ւ քեզ կը խղճաս, ե՛ւ կեանքիդ: Ի՞նչ կեանք է, եթէ սկզբունք ու քմահաճութիւններ չկան»:

– «Իմ մեղքը երեւի այն է, որ ծնուել եմ»:

Այլազան

Տօնածառի Զարդարանքը Շատ Բան
Կը Պատմէ Ձեր Մասին

Արդէն իսկ հրաժեշտ տուած էք Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի հաւաքէք ու ծրարէք ձեր տօնածառն ու տօնական բոլոր յարդարանքները:

Նախքան տօնածառը հաւաքելը, եկէք, վերջին անգամ մը ուշադիր դիտեցէք զայն, ապա կարդացէք այս փորձ-հարցարանը ու իմացէք, թէ ինչպիսի՛ բնաւորութեան տէր անձ էք:

Հոգեբաններու կարծիքով, տօնական օրերէն բաւական կանուխ զարդարուած տօնածառը մարդիկը աւելի երջանիկ կը դարձնէ: Աւելի՛ն. ձեր ընտրած տօնածառն ու զարդարանքները խորքին մէջ կը բացայայտեն ձեր բնաւորութիւնն ու հոգեվիճակը:

Միաոճ Տօնածառ

Եթէ ձեր տօնածառը զարդարուած է միմիայն գնդակներով` առանց լոյսերու եւ փայլուն ժապաւէններու, կը նշանակէ, որ դուք բաւական պահպանողական անձ էք: Կը վստահիք ձեր ուժերուն եւ գիտէք, թէ ի՛նչ կը սպասէք կեանքէն: Դուք դիւրաւ կրնաք հրաժարիլ ձեր առօրեայ յարմարաւէտութիւններէն եւ համակերպիլ զանազան կացութիւններու, կը սիրէք նաեւ փորձել անսովոր կամ նոր բաներ:

Առանձնայատուկ Տօնածառ

Եթէ ձեր տօնածառը սովորական կանաչ տօնածառ չէ, այլ` ճերմակ, վարդագոյն, արծաթագոյն, մետաղեայ, փայտեայ եւ այլն… Կը նշանակէ, որ դուք կը սիրէք առանձնանալ ամբոխէն եւ երթալ ձեր սեփական ուղիով: Ունիք բազմաթիւ նպատակներ եւ պատրաստ էք նոր փորձութիւններ յաղթահարելու: Դժուարութիւնները երբեք չեն վախցներ ձեզ եւ շնորհիւ ձեր յամառութեան ու վճռակամութեան` կը շրջանցէք զանոնք:

Այլազան Խաղալիքներով Տօնածառ

Եթէ ձեր տօնածառը  զարդարուած է այլազան խաղալիքներով (աստղեր, մոմեր, գնդակներ, հրեշտակներ, շաքարներ եւ այլն…) դուք ամենայն հաւանականութեամբ փոփոխական անձնաւորութիւն էք: Յաճախ կը փոխէք ձեր ծրագիրները եւ կը դժուարանաք ընտրութիւն կատարելու: Միեւնոյն ատեն դուք դիւրութեամբ փոխզիջումներու կ՛երթաք` փորձելով ուրախացնել ձեր մտերիմները:

Լոյսերով Տօնածառ

Եթէ ձեր տօնածառը զարդարուած է լոյսերով, կը նշանակէ, որ դուք վառ եւ անկախ անձնաւորութիւն էք: Դուք վառ անհատականութիւն ունիք եւ յաճախ կը ձգտիք ուշադրութեան կեդրոն դառնալու: Երբեք չէք կեդրոնանար ուրիշներու կարծիքներուն վրայ, փոխարէնը` կը փորձէք առաջնորդուիլ սեփական փորձառութիւններէ մեկնելով:

 Խոհագիր

Խոշոր Դդումով Եւ
Ստեպղինով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 1 քիլօ կշռող դդում մը
– Կէս քիլօ ստեպղին
– 1 սոխ
– 1 կտոր խտացած մսահիւթ
– 3 ապուրի դգալ թանձր սեր
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Քառորդ դգալ մշկընկոյզ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Դդումի սերմեր` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Դդումը լուալ, կեղուել եւ կտրատել, նոյնպէս ալ` ստեպղինները:

Կաթսային յատակը ծածկել ձիթապտուղի ձէթով եւ տաքնալէն ետք աւելցնել մանրուած սոխը, ապա` դդումի եւ ստեպղինի կտորները: 5 վայրկեան եփել` տեւաբար խառնելով:

Խտացած մսահիւթը փշրել բանջարեղէններուն վրայ, կրկին խառնել: Եռացած ջուր աւելցնել այնքան մը, որ բանջարեղէնները ծածկուին:

Եփել մինչեւ որ բանջարեղէնները փափկանան: Խառնուրդը հարիչի մէջ փոխադրել` մսահիւթէն բաժին մը մէկ կողմ ձգելով, որպէսզի ապուրը շատ նօսր չըլլայ:

Հարիչէ անցընելէ ետք աւելցնել թանձր թարմ սերը, աղը, պղպեղն ու մշկընկոյզը:

Մատուցել ներկայանալի փոս ամաններու մէջ, երեսը զարդարելով դգալ մը սերով եւ դդումի խորոված սերմերով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Քո Աչքերի Մէջ

Քո աչքերի մէջ հայեացք կայ ուրիշ,
Գանգուրների մէջ մատների շոյանք,
Շուրթերիդ` յուշ հին համբոյրների,
Մատիդ` մատանուց մնացած օղակ:

Բայց դու մի՛ ժպտա մեղաւորի պէս,
Եւ մի՛ խեղճանա,
Քեզ չեմ նախատում,
Դու լաւ գրքի ես նմանւում այնպէս,
Իսկ գիտե՞ս:
Լաւը շատերն են կարդում:

Կարդու՞մ:
Այլ բան է լաւ գիրքը բացել,
Եւ այլ`
Հասկանալ,
Զգալ,
Հաւատալ…
Նրանք շուրթերդ են թերթել ու անցել,

Իսկ ես ուզում եմ
Քո սիրտը կարդալ…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 


Ուտելիքները Որքա՞ն Ժամանակ Կ՛առնեն Մարսուելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հետաքրքրական է իմանալ, թէ մեր կերածները որքա՞ն ժամանակ կը մնան ստամոքսին մէջ, մինչեւ որ մարսուին:

Գաղափար մը կազմելէ ետք վստահաբար շատեր պիտի փորձեն վերատեսութեան ենթարկել իրենց կարգ մը սխալ սովորութիւնները եւ հրաժարիլ երեկոյեան կամ աւելի ուշ ժամերու մսեղէն ուտելէ, յատկապէս եթէ անոնց ընկերանան ծանր թացաններ, տապկուած գետնախնձոր եւ այլն…

եւ այսպէս`

Ջուրը ժամանակ չ՛առներ մարսուելու համար:

Ձուկը 45-60 վայրկեան կը մնայ ստամոքսին մէջ:

Կաթնեղէնը` շուրջ 2 ժամ

Հում բանջարեղէնները` 30-40 վայրկեան:

Պտուղները` 15-20 վայրկեան:

Հաւը` 90-120 վայրկեան:

Կովու միսը` 3 ժամ:

Ոչխարի միսը` 4 ժամ:

Խոզի միսը` 5 ժամ:

Գետնախնձորը, ընդեղէնները, հացը` մէկէն մէկուկէս ժամ:

Ընկուզեղէնը` շուրջ 2 ժամ:

Անշուշտ մարսողութեան գործընթացին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին տուեալ ուտելիքին պատրաստութեան եղանակը (շոգեխաշուած, տապկուած, խորոված եւ այլն…), ինչպէս նաեւ` անոնց հետ մատուցուող թացանները:

Առողջապահական

 Առանձնութիւնը Կը Վնասէ
Առողջութեան

Ամերիկացի գիտնականներ ապացուցած են, որ առանձնութիւնը կրնայ սպաննել մարդը շատ աւելի արագ, քան` գիրութիւնը:

Այս տեսութիւնը ստուգելու համար փորձագէտները ուսումնասիրած են 218 հետազօտութիւն` մարդու առողջութեան վրայ առանձութեան ազդեցութեան մասին: Պարզուած է, որ առանձնութիւնը 50 տոկոսով կը բարձրացնէ մահուան հաւանականութիւնը, իսկ գիրութիւնը միայն 30 տոկոսով:

Նոյն գիտնականներուն համաձայն, առանձին մարդիկ աւելի յաճախ կը տառապին քունի խանգարումէ եւ ընճախտէ, քան` շրջապատուած մարդիկ:

Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ պէտք է կառչիլ իւրաքանչիւր մարդու եւ յարաբերութիւններ կառուցել յանուն յարաբերութեան: Կարեւորը` ընդհանրապէս խուսափիլն է մեկուսացումէ եւ կապի մէջ մնալն է ընտանիքի անդամներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հետ: Սէրը եւ ընկերութիւնը մեծ դեր կը խաղան մարդուս կեանքին մէջ:

Երբ Հիւանդանոց Կ՛այցելէք…

Հիւանդներուն, այցելուներուն եւ պաշտօնէութեան մնայուն եռուզեռը հիւանդանոցները կը դարձնեն մանրէներու իսկական բոյներու:

Հաւանաբար հիւանդանոց այցելելը անխուսափելի է բոլորիս համար, սակայն կ՛արժէ որդեգրել որոշ նախզգուշութիւններ` մանրէներէն պաշտպանուելու համար: Մանրէները առաջին հերթին մեզի կը փոխանցուին ձեռքերու միջոցով. ահա թէ ինչու բժիշկները խստօրէն կը թելադրեն, որ հիւանդանոց այցելողները յաճախ իրենց ձեռքերը հականեխեն հեղուկ օճառներով կամ հականեխուած թաց թաշկինակներով:

Այսպէս, ձեր ձեռքերը անմիջապէս հականեխեցէք, եթէ դպչիք ստորեւ նշուած իրերուն:

ա.- վերելակի կոճակներուն,
բ.- սպասման սրահի աթոռներուն, յենարաններուն:
գ.- մահճակալները իրարմէ բաժնող վարագոյրին,
դ.- մահճակալին բազրիքին,
ե.- հեռախօսին ընկալուչին,
զ.- ճաշի սպասարկման շարժական սեղանին,
է.- դուռերուն բռնակներուն,
ը.- ծորակներուն,
թ.- աղբի կողովին:

Ճերմակ Քացախի Գործածութեան
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Ճերմակ քացախը շատ հինէն ծանօթ է մարդկութեան: Քրիստոսէ 5000 տարի առաջ բաբելոնացիները զայն կը գործածէին որպէս մաքրութեան միջոց: Մեր օրերուն ճերմակ քացախը կ՛օգտագործուի կերակուրներու պատրաստութեան մէջ, բայց նաեւ որպէս հականեխիչ մաքրութեան միջոց:

Եկէք` այսօր ծանօթանանք ճերմակ քացախի օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներու:

–  Ճերմակ քացախի միջոցով կարելի է մաքրել բոլոր տեսակի կպչուն սթիքըրները եւ շիշերու վրայի պիտակները:

–  Ջուրի հետ լուծած ճերմակ քացախ սրսկելով կահոյքին վրայ` կարելի է կատուները հեռու պահել, քանի որ անոնք չեն ախորժիր քացախի հոտէն: Այպիսով, կահոյքը կը փրկուի կատուին ճանկերէն:

–  Ծաղկամանին մէջ 2 ապուրի դգալ շաքար, լուծել, ապա 2 ապուրի դգալ ճերմակ քացախ աւելցնել եւ ծաղիկնեը տեղաւորել: Այսպիսով, ձեր ծաղկեփունջը աւելի երկար կ՛ապրի:

–  Կէս առ կէս համեմատութեամբ ջուր եւ քացախ խառնել, ապա մաքուր լաթ մը թրջել, քամել եւ մաքրել համակարգիչը, բջիջայինը, պատկերասփիւռը, հեռաձայնի ընկալուչը եւ այլն…

–  Ճերմակ քացախով շատ լաւ կը մաքրուին տան ապակիները, ինչպէս նաեւ սթորները:

–  Աղով եւ ճերմակ քացախով կարելի է մաքրել գորգին վրայի բոլոր տեսակի արատները:

–  Ճերմակ քացախը կը մաքրէ, կը սպիտակեցնէ եւ կը փափկացնէ ձեր լուացքը: Զայն կրնաք օգտագործել բոլոր տեսակի լուացքի մեքենաներուն պարագային:

–  Ճերմակ քացախը թէ՛ կը հականեխէ եւ թէ՛ կը փայլեցնէ փայտեայ յատակները (փարքէ): Կէս թոյլ ջուրին սուրճի գաւաթ մը ճերմակ քացախը հրաշք կը գործէ:

–  Ջուրի մէջ լուծուած ճերմակ քացախով կարելի է լուալ եւ հականեխել պտուղները, բանջարեղէններն ու կանաչեղէնները:

Քանի Մը Տողով

«Քալող Մարդը» Քանդակը`
Հիւսիսային Պողոտայի Վրայ

Հիւսիսային պողոտայի` Աբովեան փողոցին յարող տարածքին վրայ պիտի տեղադրուի անուանի քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի հեղինակած «Քալող մարդը» քանդակը:

Չաքմաքչեանի ստեղծագործութիւնները տեղադրուած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու հրապարակներուն եւ թանգարաններուն մէջ, մինչդեռ քանդակագործը միշտ երազած է իր ստեղծագործներէն մէկը տեսնել Երեւանի մէջ:

Նշենք, որ Արտօ Չաքմաքչեան ծնած է Գահիրէ, 1933-ին, 1948-ին ընտանեօք Հայաստան ներգաղթած են, իսկ 1975-ին հաստատուած են Մոնրէալ, ուր մահացաւ անցեալ հոկտեմբեր 1-ին, 86 տարեկանին:

Խոհագիր

Բրինձով Եւ Պրասով Ապուր

Բաղադրիչներ

60 կրամ բրինձ
3 ցօղուն պրաս
3 կաղամբի տերեւ
2 ստեպղին
2 լիթր մսաջուր
2 ապուրի դգալ բուսական իւղ
1 գաւաթ հեղուկ կաթ
50 կրամ տաշուած կրիւյեր պանիր
1 կտոր խաշած հաւու կուրծք
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Բոլոր բանջարեղէնները լուալ եւ մանրել:

Կաթսային մէջ տաքցնել իւղը եւ մանրուած բանջարեղէնները 5 վայրկեան դարձնել իւղին մէջ:

Աւելցնել մսաջուրը եւ ձգել որ 20 վայրկեան եռայ թեթեւ կրակի վրայ: Ապա խառնուրդը հարիչէ անցընել եւ կրկին կաթսային մէջ փոխադրել` աւելցնելով աղը, սեւ պղպեղը, լուացուած բրինձը, կտրտուած հաւու միսը եւ շարունակել եփել շուրջ 40 վայրկեան:

Եփի աւարտին աւելցնել կաթը եւ խառնել: Ապուրը բաժնել փոս ամաններու մէջ, երեսը զարդարել տաշուած պանիրով եւ մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Պատուտակը Եւ Վազը

Պատուտակն ասաց
Առատ բերքի տակ կորացած վազին.
– Այնպէ՜ս խղճում եմ քեզ պէս նուազին:
Խելքդ տուել ես անուշ խաղողին,
Բեռի տակ կքել, ու կպել հողին:
Եւ ո՞վ է, ասա՛, հարկադրել քեզ,
Որ այդքան ծանր մի սեռ շալակես:
Իմ օրինակով փաթաթուիր ծառին,
Վերեւ բարձրացիր,
Զարմանք պատճառիր ամբողջ աշխարհին:
Ուրիշին յենուած` արագ բոյ քաշիր…
Վազը բարկացաւ.- Կոկորդ մի՛ մաշիր:
Ճիշդ է, ես կարճ եմ ու կպած հողին,
Նա՛ է քաղցութիւն տալիս խաղողին.
Երկինք է հասել կանաչ կատարդ,
Բայց ո՞ւր է, ասա, քո տուած բարը…
Ո՛վ ուրիշների հաշուին զօրանայ,
Իմացած լինես` շուտ կը չորանայ…

ԱՐՇԱՒԻՐ ԴԱՐԲՆԻ

Այսօր` 16 յունուարին (1910) հայ մեծ առակագիր Արշաւիր Դարբնիի ծննդեան օրն է:

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Առանց երկար կեդրոնանալու` արագ աչք մը նետեցէք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ նկատեցիք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը շատ բան կը պատմէ ձեր մասին.

Եթէ առաջին հերթին երկու կոկորդիլոս նկատեցիք…

Դուք առաջնորդի յատկութիւններով օժտուած էք, կը փորձէք ամէն գնով հասնիլ ձեր նպատակին. դժուարութիւններն ու սխալները չեն կեցներ ձեր թափը: Դուք չէք վարանիր ձեզմէ հեռացնելու ոեւէ անձ կամ որեւէ բան, որ կրնայ խոչընդոտել ձեր ճանապարհը: Տեղին վճռական էք եւ դաժան:

***

Եթէ առաջին հերթին թռչուն նկատեցիք…

Դուք բարութեան հաւատացող մարդ էք: Կը հաւատաք, որ կեանքի մէջ կարելի է հասնիլ ամէն ինչի` առանց ուրիշներուն վնասելու, մինչդեռ ուրիշներ համոզուած են, որ դուք շատ միամիտ անձ էք: Այս պատճառով ալ դուք յաճախ կը տուժէք:

Եզրակացութիւն` մի՛ ըլլաք այնքան մը բարի, որ մարդիկ ձեզ կուլ տան, բայց մի՛ ըլլաք այնքան մը դաժան, որ ձեր վրայ թքեն:

Նորաձեւութիւն

 Արամ Նիկոլեանի Խորհուրդները

Նիկոլեան նորաձեւութեան տան հիմնադիր տնօրէն, Ձեւագէտներու միջազգային միութեան անդամ Արամ Նիկոլեան սիրուած եւ գնահատուած ոճաբան է Հայաստանի մէջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ձեւագէտին խորհուրդներէն ու միտքերէն մէկ քանին:

2020-ին պէտք չէ կեդրոնանալ գոյնի եւ ձեւի վրայ: 2020-ի նորաձեւ պիտի ըլլայ անհատականութիւնը:

***

Խնամուած է այն կինը, որուն շպարը կամ հագուստը աչքի չեն զարներ, այլ կ՛ընդգծեն բնական առաւելութիւնները ու կը ծածկեն թերութիւնները:

***

Կարեւոր է, թէ կինը ինչպէ՛ս կը մտածէ ու կը խօսի, ինչպէ՛ս կը վարուի, ի՛նչ շարժուձեւերով:

***

Հիմա կ՛ապրինք այն ժամանակահատուածը, երբ նորաձեւութեան մէջ նոր բան ըսել` կամ ընելը գործնականօրէն անհնար դարձած են:

***

Ինծի համար նորաձեւ է նախ եւ առաջ անհատը, որ կրնայ տարբերիլ իր միջավայրով: Այլ խօսքով, նորաձեւութիւնը աւելի անհատականութիւն է, քան` ուղղութիւն:

Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ հայ ձեւագէտը իր մասնագիտութեան ընտրութեան գծով.

«Իրականում մեր տանը ոչ թէ պապա է, այլ հայրիկ: Եւ այդ հայրիկին համոզելը շատ աւելի բարդ էր, քանի որ ան շատ աւանդապաշտ է եւ հայրենասէր: Մենք նրան դեռ մանկուց «հայրիկ»-ով ենք դիմել մեր ընտանիքում գերիշխում են տնտեսագէտները` թէ՛ հայրս, թէ՛ մայրս մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ են: Առաջին մասնագիտութեամբ ես եւս տնտեսագէտ եմ: Բայց հասկանալով, որ տնտեսագիտութիւնն իմը չի, ես ճիշդ որոշում եմ կայացրել: Եթէ անգամ ծնողներս հոգու խորքում դէմ են եղել, յամենայն դէպս չեն արտայայտուել: Նրանք ճիշդ որոշում են կայացրել իմ ապագայի ընտրութիւնը թողնելով ինձ վրայ»:

Հետաքրքրական

Հետաքրքրական Փաստեր
Գինիի Մասին

Գինին կը համարուի աշխարհի ամենահին եւ ամենասիրելի խմիչքներէն մէկը: Գինին յիշուած է Աստուածաշունչին, ինչպէս նաեւ յունական եւ հռոմէական առասպելաբանութեան մէջ: Մարդիկ գինեգործութեամբ զբաղած են շատ կանուխ ժամանակներէն:

Մեր օրերուն ալ գինին անփոխարինելի խմիչք է շատերուս համար, բայց արդեօք որքանո՞վ ծանօթ ենք այս աստուածային խմիչքին: Ստորեւ` հետաքրքրական փաստեր գինիին մասին:

Անցեալին տանտէրը գինին առաջին համտեսողը կ՛ըլլար, որպէսզի հիւրերը համոզուին, որ խմիչքը թունաւոր չէ: Եւ այստեղէն ալ յառաջացած է «խմել առողջութեան համար» արտայայտութիւնը:

***

Գինիի բաժակները շխկացնելու սովորութիւնը կու գայ շատ հինէն: Հին Հռոմի մէջ, երբ թագաւորներ կը հանդիպէին եւ ճաշի կը նստէին, այնքան զօրաւոր կը շխկացնէին գինիի բաժակները, որ բաժակներուն պարունակութիւնը կը խառնուէր իրարու եւ ատիկա ապացոյց էր, որ հրաւիրեալ թագաւորին բաժակի գինին թունաւորուած չէ:

Հին Յունաստանի մէջ հիւրընկալողը առաջինը կը խմէր գինին, որպէս նշան, որ դիմացինները թունաւորելու մտադիր չէ:

***

Գինիի համտեսումը խորքին մէջ բոյրի գնահատումն է: Համոզում կայ, որ կիներուն հոտառութիւնը աւելի զօրաւոր է, քան տղամարդոցը, այդ իսկ պատճառով փորձարկման համար աւելի յաճախ կիներուն կը դիմեն:

***

Կարմիր գինին կարմիր գոյն ունի, քանի որ խմորման ընթացքին ան խաղողի կեղեւին գոյնը կը ստանայ: Ճերմակ գինին խմորման գործընթացէ չ՛անցնիր:

***

Հին Հռոմի մէջ կիներուն արգիլուած էր գինի խմել: Եթէ կինը այդ օրէնքը խախտէր, ամուսինը զայն սպաննելու իրաւունք ունէր:

***

Գինիի համտեսման ընթացքին հարկաւոր է խմիչքը կարճ ժամանակ մը բերնին մէջ պահել: Որակաւոր գինիին համը աւելի երկար կը մնայ, մինչդեռ նուազ որակաւորինը շուտով կը չքանայ…

***

Բաժակ մը չոր կամ կարմիր գինին կը պարունակէ շուրջ 110 ջերմուժ: Որքան քաղցր է գինին, այնքան կը բարձրանայ անոր ջերմուժը:

***

Անցեալին գինին տարբեր ազգերու միջեւ յարաբերութիւններ կը հաստատէր եւ փոխանակման ապրանք էր: Օրինակ` յոյները խմիչքը կը փոխանակէին ոսկիի եւ արծաթի հետ, իսկ հռոմէացիները` ստրուկներու հետ:

***

Գինիին բաժակը բռնելու ճիշդ եւ սխալ տարբերակներ կան: Պէտք է բաժակին ոտքէն բռնել եւ ոչ` բաժակէն, այլապէս ափին ջերմութիւնը կը փոխանցուի գինիին:

***

Գինիին շիշը ուղղահայեաց պէտք չէ պահել, քանի որ խցանը կրնայ չորնալ եւ շիշին մէջ թթուածին կը մտնէ: Շիշը պէտք է պահել պառկած վիճակով:

***

Գինիին շիշը ո՛չ խոհանոցը եւ ոչ ալ սառնարանը կը պահուի, քանի որ շատ տաք կամ պաղ միջավայրը կրնան փճացնել զայն: Գինին պահելու իտէալական վայրը մութ եւ չոր մառանն է:

***

Որթատունկի այգիներու առաջին շարքերուն յաճախ վարդաստաններ կ՛ըլլան: Պատճա՞ռը, այգեգործները կը վախնան «օյտիոմ» կոչուած որթատունկերը հարուածող հիւանդութենէն, որ շատ կը տարածուի որթատունկերուն մէջ եւ մեծ աւեր կը գործէ: Վարդենիները վերոյիշեալ հիւանդութեան որթատունկերէն աւելի զգայուն ըլլալով` կրնան նախզգուշացնել այգեգործները հաւանական վտանգէ մը:

***

Գինիի տակառները կաղնիի փայտէ պատրաստուած կ՛ըլլան: Դարերու ընթացքին փորձուած են աքասիայի, շոճիի, բարտիի եւ այլ ծառերու փայտերը վերջաւորութեան կաղնին ինքզինք պարտադրած է, իր տոկունութեան եւ ճկունութեան պատճառով:

***

Որքան ալ տարօրինակ թուի, կան գինիին հանդէպ ֆոպիա ունեցող մարդիկ: Անոնք անբացատրելի եւ անհսկելի վախ կ՛ունենան այս խմիչքին նկատմամբ, իսկ այս ֆոպիան կը կոչուի օէնոֆոպի:

***

Ֆրանսացիները կ՛ըսեն` «Գինին ստեղծեցին հայերը, յոյները զայն վերածեցին գործի, իսկ ֆրանսացիները` արուեստի»: Շարլ Ազնաւուրի գնահատանքով «Հայկական գինիի առանձնայատկութիւնը այն է, որ կը զգաս այն, ինչ չես կրնար արտայայտել բառերով»:

***

2017-էն ի վեր Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ կը կազմակերպուի «Երեւանի գինու օրեր» փառատօնը: Մայիսին կայացող այս փառատօնին հայաստանցի եւ արցախցի գինեգործները կը ներկայացնեն շուրջ 200 գինի տեսականի, իսկ ճաշարաններն ու սրճարանները կը պատրաստեն հայկական եւ միջազգային խոհանոցի յատուկ կերակրատեսակներ, այս բոլորին կ՛ընկերակցի բարձրորակ երաժշտութիւն:

«Երեւանի գինու օրեր»-ու նպատակն է խթանել զբօսաշրջութիւնը եւ ապահովել Հայաստանը որպէս գինիին հնագոյն օրրաններէն մէկը ըլլալու ճանաչողութիւնը:

Խոհագիր

Քիմիոնով Եւ Գինձով Սիսեռ

Բաղադրիչներ

Տուփ մը խաշած սիսեռ (կարելի է նաեւ տունը խաշել)
Տուփ մը ջարդուած լոլիկ (կարելի է տունը պատրաստել)
1 պզտիկ սոխ
Կէս սուրճի դգալ տաշուած կոճապղպեղ
2 պճեղ սխտոր
Կէս թէյի դգալ քիմիոն
Կէս թէյի դգալ փոշի գինձ (կարելի է թարմը գործածել)
15 սլ հնդկընկոյզի կաթ (պարտադիր չէ)
Ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Սիսեռը ցօղուել եւ քամոցի մէջ փոխադրել:

Տապակին մէջ 2 ապուրի դգալ բուսական ձէթ տաքցնել, աւելցնել մանրուած սոխն ու քիմիոնը եւ թեթեւ կրակի վրայ ձգել` մերթ ընդ մերթ խառնելով: Ապա աւելցնել գինձը, ճզմուած սխտորը, կոճապղպեղը եւ 2 ապուրի դգալ ջուր: Խառնել եւ 5 վայրկեան եփել թեթեւ կրակի վրայ:

Ջարդուած լոլիկը աւելցնել խառնուրդին եւ շարունակել եփել 10 վայրկեան եւս: Վերջապէս աւելցնել հնդկընկոյզի կաթը, սիսեռը, աղն ու սեւ պղպեղը: Փակ կափարիչի տակ 5 վայրկեան եւս եփել եւ ահա՛ պատրաստ է:

Այս համեղ սննդարար եւ աժան կերակուրը կարելի է մատուցել պասմաթի կամ սովորական եղինձի կողքին:

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աբովեան Փողոց

Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց –
Շուրթին անունը մեր Աբովեանի,
Ձգւում է, պրւում – ծառով, ծիծաղով
Կանաչ սրտի մէջ մեր Երեւանի:
Բացուել են ուրիշ շքեղ փողոցներ,
Ու սերունդներ են եկել ու անցել,
Բայց նա ինչպէս հին ու առաջին սէր
Նորից ամէնից թանկն է մնացել:
Տխրում է հոգին – իր գիրկն ենք գնում,
Երբ ուրախ ենք մենք այնտեղ ենք կրկին
Երբ մտերիմ է սիրտը որոնում
Այնտեղ է գտնում իր որոնածին:
Ու երբ մտնում է մեր միտքը բարի
Հայոց հինաւուրց բախտի մռայլով
Մեզ սփոփում է նրա մայթերի
Կենդանութիւնը, աշխուժը խռով:
Ասես երակն է աշխարհի հայոց
Որ բաբախում է յաւերժ կենդանի
Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց
Շուրթին – անունը մեր Աբովեանի…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2020)

$
0
0

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Արփի Լիպարեան
Տէր եւ տիկին Արին Քամալի եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Յարութ Լիպարեան
Տիկին Զուարթ Էմմիեան
Տէր եւ տիկին Յովսէփ Քեչեպաշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահրամ Էմմիեան
Տէր եւ տիկին Ներսեհ Լիպարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ներսէս Էմմիեան եւ որդին
Տէր եւ տիկին Քրիստափոր Լիպարեան եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՆԵՐՍԷՍ ԼԻՊԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1941-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 26 յունուար 2020-ին, Կլենտէյլի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 31 յունուարին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգիստ պիտի կատարուի կիրակի, 2 փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին տեղւոյն վրայ:

————————————-

 ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՀՐԱՉ ՍԵՊՈՒՀ ՓԱՓԱԶԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 փետրուար 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱՐՄԵՆԱԿ ԱՇՃԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին  մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ՄԵԼՔՈՆ ՄԵՇԵՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 փետրուար 2020-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԾԱՂԻԿ ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ-ՍԹԱՄՊՈՒԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 փետրուար 2020-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԳՐԻԳՈՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 2 փետրուար 2020-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

————————————-

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ

Այս տարեշրջանին եւս նոր եւ նախկին սաներու համար արձանագրութիւնները կը սկսին փետրուար 1-էն մինչեւ փետրուար 13, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, ամէն երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը:

Կարեւոր.-

1.- Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ հայկական դպրոց արձանագրուած ըլլալու փաստաթուղթ մը:
2.- Վերոյիշեալ թուականէն ետք դիմումնագիրները պիտի մերժուին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խոստումը Լաւ Դաստիարակութեան Միջոց Չէ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շատ մը ծնողներ յաճախ խոստումներ կու տան իրենց զաւակներուն, որպէսզի փոքրիկը կատարէ իրենց կամքը, ցանկութիւնը:

Դաստիարակութեան այս միջոցը լաւագոյնը չէ: Յաճախ կը լսենք, երբ ծնողները կ՛ըսեն. «Եթէ բարի ըլլաս, ուզած խաղալիքդ պիտի գնեմ», կամ` «Եթէ պաչիկ մը տաս, պաղպաղակ պիտի գնեմ», ինչպէս նաեւ` «Եթէ լաւ նիշ ստանաս, ուզածդ պիտի առնեմ…»:

Երեխաները բաւականաչափ խելացի են եւ կ՛օգտագործեն այդ խոստումները. անոնք կրնան գիտակցաբար չարութիւններ ընել, որպէսզի ստանան իրենց ցանկացած այս կամ այն խաղալիքը, ուտելիքը եւ այլն… Այս խոստումները դժբախտաբար շատ կը նմանին կաշառքի: Նման «առեւտուր»-ները կը տկարացնեն ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութիւնները եւ կը խաթարեն պզտիկին նկարագիրը:

Նաեւ թելադրելի չէ երեխային տալ խոստումներ, որոնց իրագործումը անկարելի է: Ան չափազանց կը հիասթափի, երբ անդրադառնայ, որ ծնողը ստեր է: Չկատարուած խոստումներու պատճառով ծնողները կը կորսնցնեն իրենց հեղինակութիւնն ու վարկը, եւ յաջորդին երեխան չի հաւատար ծնողքին խոստումներուն:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Յիշողութեան Հետ Կապուած
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ

ԽԱՉԲԱՌ լուծելը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:

Սխալ. գիտնականները փաստած են, որ խաչբառ լուծելը կամ ոտանաւորներ գոց սորվիլը ոչ մէկ ձեւով յիշողութիւնը կը զօրացնէ, բայց եւ այնպէս, ընթերցումը եւ մտաւորական որոշ աշխատանքները թոյլ չեն տար, որ ուղեղը ծուլանայ:

***

ԸՆԿՃԱԽՏԸ մոռացութիւն կը պատճառէ:

Ճիշդ. ծանր ընկճախտը կրնայ վնասել յիշողութեան: Կարճատեւ, թեթեւ ընկճախտը յիշողութեան վրայ կ՛ազդէ կարճ ժամանակի վրայ եւ հետեւաբար անցողակի է:

***

ՀԱՆԳԻՍՏ ՔՈՒՆԸ անհրաժեշտ է յիշողութիւնը պահպանելու համար:

Ճիշդ. Ուղեղը քունի ընթացքին է, որ կը զտէ եւ կը դասէ օրուան դէպքերը: Անկանոն եւ ընդհատուած քունը արգելք կը դառնայ, որ յուշերը ամրապնդուին:

***

ՈԳԵԼԻՑ ԸՄՊԵԼԻՆԵՐԸ կը վնասեն յիշողութեան:

Ճիշդ. ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը տարիներու վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր յիշողութեան վրայ: Ոգելից ըմպելիներէն պէտք է խուսափիլ քննութիւններու, հարցազրոյցներու, դասախօսութիւններու նախօրեակին:

***

ՍՈՅԱՅԻ ԿԱԹԸ կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:

Սխալ. հրաշք դեղ գոյութիւն չունի ուղեղին համար: Ուղեղը պէտք ունի 13 կենսանիւթի, 15 հանքայինի եւ Օլիկօ էլեմանի, 8 ասիտ ամինէի եւ 4 ճարպաթթուի: Այլ խօսքով, միայն այլազան եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը կրնայ ապահովել ուղեղին կատարեալ գործունէութիւնը:

***

ԱՌՏՈՒ աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք եւ կը յիշենք:

Ճիշդ. առտու լաւագոյն ժամանակն է սորվելու, մինչդեռ յետմիջօրէին մեր կեդրոնացումը նուազած կ՛ըլլայ:

***

ՈՐՈՇ ԴԵՂԵՐ կրնան վնասել յիշողութեան:

Ճիշդ. յատկապէս` անթիտեփրեսէօր տեսակներ, որոնք հոգեկան անկումները դարմանելու կը ծառայեն. ասոնք կրնան ազդել յիշողութեան վրայ. սակայն անգամ մը որ դարմանումը դադրեցուի, ամէն բան ընթացքի մէջ կը մտնէ:

***

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ կը նուազի 20 տարեկանէն սկսեալ:

Ճիշդ. ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, յիշողութիւնը նուազելու կը սկսի պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, միւս կողմէ` բառապաշարը եւ պերճախօսութիւնը կ՛աւելնան 70 տարեկանէն սկսեալ:

***

ՕԴԱՆԱՒՈՎ ճամբորդութիւնը կը վնասէ յիշողութեան:

Ճիշդ, սխալ. կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օդանաւային ընկերութիւններու անձնակազմերը աւելի ենթակայ են յիշողութեան տկարութեան, քան ուրիշներ. սակայն ասիկա կրնայ պարզապէս կապուած ըլլալ անքնութեան կամ քունի ժամերու խախտումին հետ:

***

ՁՈՒԿԸ կ՛օգնէ յիշողութեան:

Սխալ. այս շատ ընդհանրացած համոզումը գիտականօրէն փաստուած չէ: Միւս կողմէ, սակայն, ինչ որ օգտակար է մեր մարմնին, օգտակար է նաեւ ուղեղին: Հետեւաբար օմեկա 3-ով հարուստ ձուկը օգտակար է նաեւ ուղեղին:

Այլազան

Ինչպէ՞ս Լուսանկարուիլ

Կը խուսափիք նկարուելէ` մտածելով, որ ֆոթոժենիք չէք եւ, հետեւաբար, տգեղ պիտի երեւիք…

Ահաւասիկ քանի մը հնար` լուսանկարներուն վրայ սիրուն երեւալու համար:

1.- Նախքան լուսանկարուիլը` հայելիի մը առջեւ մարզուեցէք: Այո՛, մարմնի տարբեր դիրքեր, դէմքի տարբեր արտայայտութիւններ, ժպիտ, խնդուք… նայեցէք` ո՛ր մէկը կը յարմարի ձեզի, եւ այդ դիրքն ու դէմքի արտայայտութիւնը ընդմիշտ որդեգրեցէք:

2.- Ձեզ նկարողէն պահանջեցէք, որ շատ մօտէն չնկարէ, նաեւ զգուշացէք, որ արեւին ճառագայթները ձեր դէմքին չըլլան, որպէսզի փակ աչքերով կամ դէմքի ծամածռութիւններով չյայտնուիք նկարին վրայ:

3.- Ոտքի նկարուելու պարագային, մէկ ոտքի վրայ կանգնեցէք, նկարը աւելի բնական եւ ձեր կեցուածքը աւելի սլացիկ կ՛երեւի:

4.- Աւելի նիհար երեւալու համար երեք-քառորդով կողմնակի կեցէք, գլուխը թեթեւօրէն բարձրացուցէք «զոյգ կզակ»-էն խուսափելու համար: Հրաժարեցէք գծաւոր հագուստներէն, նախապատուութիւնը տուէք «վէ.» օձիքներուն: Այս բոլորը կ՛օգնեն, որպէսզի աւելի նիհար երեւիք:

5.- Ուրախ երեւալու համար երբեք դէպի վար մի՛ նայիք, այլապէս ձեր դէմքը տխուր, մելամաղձոտ արտայայտութիւն կ՛ունենայ: Նայեցէք ձեր դիմաց:

6.- Թեթեւօրէն շպարուեցէք դէմքի որոշ թերութիւններ ծածկելու համար:

7.- Ձեր մազերը արձակեցէք: Դէպի ետեւ հաւաքուած մազերով ձեր դէմքը բոլորովին մէջտեղ կը մնայ, եւ պզտիկ թերութիւններն իսկ կը շեշտուին: Եթէ ակնոց կը կրէք, հանեցէք զանոնք, որպէսզի դէմքին գիծերը մեղմանան: Ընտրեցէք միագոյն հագուստ, նախընտրաբար` բաց, վառ գոյնի: Այս բոլորը կ՛օգնեն, որպէսզի նկարին վրայ աւելի երիտասարդ երեւիք:

8.- Որպէսզի ձեր խնդուքը բնական ըլլայ, հրաժարեցէք նշանաւոր «Չիիիզ»-էն… պարզապէս մտաբերեցէք զուարճալի դէպք մը եւ խնդացէք:

Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Տան մէջ կարգ մը իրեր ժամանակի ընթացքին անգործածելի կը դառնան, զանոնք անմիջապէս մի՛ թափէք, քանի որ անոնց երկրորդ կեանք մը կրնաք տալ` այլ նպատակով գործածելով: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս…

Լոգանքի Գլխարկը

Լոգանքի կերպընկալ գլխարկը, որքան ալ հինցած ըլլայ, մի՛ թափէք: Կարելի է ժամանակ մը ետք օգտագործել ճամբորդութեան ընթացքին` մէջը զոյգ մը կօշիկ տեղաւորելով եւ ճամբորդական պայուսակին մէջ զետեղելով:

***

Օճառի Տուփը

Օճառի պարապ տուփ մը կրնայ շատ լաւ լուսանկարչական գործիքի տուփ ծառայել ծովափը` աւազէն պաշտպանելու համար, կամ` ճամբորդութեան ընթացքին:

***

Աչքի Ոսպնեակներու Տուփիկը

Աչքի ոսպնեակներու տուփիկը կրնայ վերածուիլ դեղահատի տուփիկի` դիւրաւ տեղաւորուելով ձեռքի պայուսակին կամ գրպանին մէջ:

***

Ակնոցի Ամանը

Ակնոցի աման մը ժամանակ մը ետք կարելի է վերածել եղունգի խնամքի ծառայող իրերու տուփիկ:

Նիհար Դէմքին Անպատեհութիւնը

Նորութիւն չէ, որ կիները կը փորձեն թաքցնել իրենց տարիքը: Անոնք ինչ քայլի ըսէք` չեն դիմեր, որպէսզի երիտասարդ տեսք ունենան, սուղ գեղեցկագիտական սերեր, վիրաբուժութիւններ, սննդականոն…

Բրիտանացի գիտնականները վերջ դրած են այն առասպելին, ըստ որուն, նիհար կառուցուածքը կ՛երիտասարդացնէ: Անոնց կարծիքով, նիհարութիւնը կինը քանի մը տարիով կը մեծցնէ: Այստեղ գիտնականները կը շեշտեն կարեւորութիւնը յատկապէս դէմքի նիհարութեան:

186 երկուորեակներու հետ կապուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը ցոյց տուած է, որ 40-ը անց մարդիկ երիտասարդ տեսք կ՛ունենան այն պարագային, երբ անոնք «լեցուն», ոչ նիհար դէմք ունին: Լեցուն այտերը կ՛օգնեն կնոջ երիտասարդ տեսք ունենալու, մինչդեռ նիհար դէմքը կը ծերացնէ:

Գիտնականները նաեւ նշած են ծերութեան նպաստող այլ գործօններ, որոնք կապ չունին մարդու ծանրութեան հետ, ինչպէս` ամուսնալուծումը, ծխելը, ալքոլը եւ արեւային լոգանքներու չարաշահումը:

 Խոհագիր

 Հաւով Եւ Կաղամբով Աղցան

Բաղադրութիւն 4 անձի համար.

2 գաւաթ մանր ջարդուած կարմիր կաղամբ
2 գաւաթ մանր ջարդուած ճերմակ կաղամբ
1 աւոքատօ
Կէս կիտրոնի հիւթ
2 ապուրի դգալ խոշոր դդումի սերմ
2 ապուրի դգալ նուռի հատիկ
2 կտոր հաւու կուրծք (խաշած եւ կտրտուած)
3 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
1 ապուրի դգալ մանանեխ
1 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
Ձէթ
Աղ

Պատրաստութիւն.

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել երկու գոյնի կաղամբները եւ հաւու կտորները:

Աւոքատոյին միջուկը հարիչէ անցընել մանանեխին, կիտրոնի հիւթին, ձէթին, ազատքեղին եւ քացախին հետ: Ստացուած թանձրուկը աղել եւ աւելցնել կաղամբին ու հաւուն վրայ ու խառնել:

Սեղան բերելու ատեն երեսը զարդարել նուռի հատիկներով եւ դդումի սերմերով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Կարո՞ղ Ես, Ասա՛…

Շղթայ չի՞ դառնայ քո այս մատանին…
Կարո՞ղ է գիրկդ լինի ինձ համար
Մանկուց կորցրած իմ նուիրական
Տունը հայրական,
Լինել եղբայրս, քոյրս, հոգատար,
Որոնց կարօտը դեռ մինչեւ հիմա
Շաղեր են թողնում տողերիս վրայ…
Արցունքներիս չափ կարո՞ղ ես տալ ինձ
Խնդութիւն ու սէր:
Կարո՞ղ ես կիսել անցած ու գալիք
Փորձութիւնները թէ՛ մեծ, թէ՛ փոքրիկ…
Կարո՞ղ ես արդեօք
Ինձնով զօր-գիշեր
Պահել քո սրտի կրակը բորբոք,
Խենթութիւնները չթերթել հոգուս
Հայեացքով թէկուզ:
Չդառնալ կամքիս քմահաճ իշխող,
Զգալ մօտիկից
Իղձերիս ամէն ճառագայթ ու շող…
Կարո՞ղ ես, ասա՛,
Լինել ընթերցողն իմ հաւատարիմ…
Երկիր բերելով երազներս պերճ,
Քեզ չխնայել, սպառուել իմ մէջ,
Որ թէ սայթաքեմ, կողքիս քեզ զգամ,
Ինձ սիրես այսպէս, ինչպէս որ ես կամ,
Կարո՞ղ ես, ասա՛…

ՄԵՏԱՔՍԷ

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Մանուկները Պատկերասփիւռէն Հեռու Պահեցէք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամերիկեան մանկաբուժական հիմնարկի մէկ տեղեկութեան համաձայն, երկու տարեկան եւ վար մանուկները պատկերասփիւռին առջեւ պէտք չէ նստեցնել:

Տեղեկագրութեան համաձայն, այդ տարիքի մանուկները բան չեն հասկնար իրենց տեսածէն: երկրորդ` անոնք ուշ լեզու կ՛ելլեն: Միւս կողմէ` իրենց մանուկները պաստառին յանձնող ծնողները նուազ առիթ ունին անոնց հետ խօսելու, անոնց բաւարար ժամանակ տրամադրելու:

Տեղեկագրութիւնը կը թելադրէ այս տարիքի մանուկներուն ձեռքը տալ իրենց տարիքի համապատասխան խաղալիքներ, որոնք աւելի օգտակար կրնան ըլլալ անոնց մտային աճումին: Հետեւաբար նախընտրելի է քիչ մըն ալ սպասել` նախքան մանուկները պատկերասփիւռին յանձնելը:

7 Համոզիչ Պատճառներ` Կազաւորուած
Խմիչքներէն Հրաժարելու Համար

– 1 –

 

«Քոքա-քոլա»-ի թիթեղ մը 35 կ շաքար կը պարունակէ, ինչ որ համազօր է 7 կտոր շաքարի, իսկ 2 լիթրնոց շիշը` 212 կ շաքար, այսինքն… 42,5 կտոր շաքարի:

– 2 –

Կազաւորուած խմիչքներու ֆոսֆորային թթուն կը դանդաղեցնէ մարսողութիւնը եւ կը նպաստէ ոսկորներու հետ կապուած հիւանդութիւններու յայտնութեան, յատկապէս` օսթէօփորոզին:

– 3 –

«Ամերիքըն աքատեմի աֆ ներոլոժի»-ի ուսումնասիրութիւնները եկած են այն եզրակացութեան, որ կազաւորուած խմիչքներու չարաշահումը կրնայ ընկճախտ պատճառել:

– 4 –

Առատ քաֆէին պարունակող կազաւորուած խմիչքները կրնան քաղցկեղի որոշ տեսակներ, անքնութիւն, արեան ճնշում պատճառել:

– 5 –

Լուրջ հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ կազաւորուած խմիչքները սոնքութեան հիմնական պատճառներէն են:

– 6 –

«Ամերիքըն ասոսիէյշըն ֆոր քենսըր ռիսըրչ»-ի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, կազաւորուած խմիչքներու չարաշահումը 87 առ հարիւրով կը բարձրացնէ պանկրէասի քաղցկեղի հաւանականութիւնը:

– 7 –

Մայամի եւ Քոլիւմպիայի համալսարաններու գիտնականներուն համաձայն, տայէթ կազաւորուած խմիչքները 43 առ հարիւրով ենթակայ են ուղեղի կաթուածի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու:

Եթէ Տունը Տակաւին Քանի Մը Շիշ Կազաւորուած Խմիչք Ունիք, Զանոնք Գործածեցէք`

ա.- Հագուստներուն վրայէն ժանգի հետքերը մաքրելու համար,

բ.- Այրած յատակով կաթսաները մաքրելու համար,

գ.- Մազերուն փակած կպչուն բաներ մաքրելու համար,

դ.- Արտաքնոցը մաքրելու համար,

ե.- Մետաղի վրայի (ինքնաշարժ, հեծանիւ եւ այլն…) ժանգի հետքերը մաքրելու համար:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

– Կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մը մէջ նարինջի կեղեւ եւ ճերմակ քացախ լեցուցէք. կափարիչը գոցեցէք ու զով տեղ մը առնուազն 2 շաբաթ պահեցէք: Ստացուած հեղուկը ջրմուղ շիշի մէջ լեցուցէք եւ տան մէջ սփռեցէք ապականած օդը մաքրելու, կերակուրի հոտը չէզոքացնելու եւ տան մէջ հաճելի բոյր սփռելու համար:

***

Երբ ձեր հագուստին վրայ մելանի արատ կայ, զայն մաքրեցէք հեղուկ կաթով: Խոշոր բամպակի կտոր մը կաթի մէջ թաթխեցէք եւ ապա մելանի արատին վրայ թեթեւ հարուածներ տալով` ջանացէք մաքրել զայն:

***

Եթէ  սառցարանին մէջ կերպընկալ տոպրակով յօշած միս պիտի պահէք, միսը տոպրակին մէջ զետեղելէ ետք տափակցուցէք, ապա խորովածի շամփուրի օգնութեամբ քառակուսիներ ձեւաւորեցէք: Այսպիսով, կրնաք ամէն անգամ միսէն բաժին մը գործածել` առանց ամբողջութիւնը հալեցնելու:

***

Մարզանքի կօշիկներուն քաուչուկէ պատրաստուած ճերմակ բաժինները մաքրելու լաւագոյն միջոցը ակռայի դեղն է: Զայն հին ակռայի խոզանակի մը միջոցով ամուր շփեցէք քաուչուկի ամբողջ տարածքին, ապա ցօղուեցէք առատ ջուրով եւ չորցուցէք:

Առողջապահական

Տէ Կենսանիւթի Պակասով
Պայմանաւորուած Հիւանդութիւններ

Տէ կենսանիւթը մեր մարմնին համար չափազանց անհրաժեշտ է: Անիկա այնքան անհրաժեշտ է, որ անոր բացակայութիւնը կրնայ զանազան հիւանդութիւններու դուռ բանալ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէ կենսանիւթի պակասի հետ կապուած հիւանդութիւններ.

Կրիփ

Տէ կենսանիւթը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը, իսկ անոր բացակայութիւնը կրնայ տկարացնել դիմադրականութեան համակարգը եւ նպաստել կրիփի եւ վարակներու զարգացման:

Արեան Բարձր Ճնշումը

Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, արեան բարձր ճնշում ունեցող մարդիկ իրենք զիրենք աւելի լաւ կը զգան Տէ կենսանիւթի դաղահատեր օգտագործելէ ետք:

Քաղցկեղ

Տէ կենսանիւթի պակասը կապուած է կրծքագեղձի, շագանակագեղձի, ձուարաններու եւ ստամոքսի քաղցկեղի հետ: Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Տէ կենսանիւթի բաւարար մակարդակ ունեցող մարդիկ աւելի կայուն են այս հիւանդութիւններուն նկատմամբ:

Ասմա

Թէեւ գիտութիւնը ստոյգ չի գիտեր ասմայի յառաջացման պատճառները, սակայն որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ շնչառական հիւանդութիւնները կապուած են Տէ կենսանիւթի ցած մակարդակին հետ:

2-րդ Տիպի Շաքարախտ

Տէ կենսանիւթի բաւարար մակարդակը կ՛օգնէ պաշտպանուելու 2-րդ տիպի շաքարախտէ:

Յօդացաւ

Եթէ կը տառապիք մշտական յօդացաւէ, անհապաղ ստուգեցէք Տէ կենսանիւթի մակարդակը:

Բժիշկները կը թելադրեն յաճախ զբօսնել մաքուր օդին, յատկապէս` արեւոտ օրերուն:

Եթէ մտադիր էք Տէ կենսանիւթի դեղահատեր գործածել, անպայման խորհրդակցեցէք ձեր բժիշկին հետ: Տէ կենսանիւթի պակասը արեան քննութեամբ կը պարզուի:

Խոհագիր

Բանջարեղէնով Դդմաճ

Բաղադրիչներ

– 500 կ ֆարֆալէ դդմաճ (թիթեռնիկի ձեւով)
– 4 դգալ շատ մանր մանրուած սխտոր
– 1 սոխ, մանր մանրուած
– 1 սմբուկ` կեղուըւած եւ խորանարդաձեւ կտրտուած
– 3 դդում` խորանարդաձեւ կտրտուած
– 3 կարմիր պղպեղ` խորանարդաձեւ կտրուած
– 1/2 սուրճի գաւաթ ձէթ
– 1/2 սուրճի գաւաթ փեսթօ թացան
– 1/2 սուրճի գաւաթ տաշուած փարմըզան
– 1/2 սուրճի գաւաթ խորոված սնոպար
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ ֆարֆալէն խաշել եւ քամոցի մէջ փոխադրել:

Տապակին մէջ ձէթը տաքցնել, ապա յաջորդաբար աւելցնել սոխը, սխտորը եւ կտրտուած բանջարեղէնները եւ 10 վայրկեան թեթեւ կրակի վրայ եփել:

Խաշած խմորը աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ, նոյնպէս ալ` փեսթօ թացանը եւ պանիրը: Աղել, համեմել ու զգուշութեամբ խառնել:

Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, երեսը զարդարել սնոպարի հատիկներով ու մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Քո Ձեռքերը

Ես սիրո՜ւմ եմ քո ձեռքերը
Որոնք, արդէն քանի՜ տարի,
Ինձ ամէնի՛ց ամուր գրկում,
Սակայն երբեք չե՛ն… բանտարկում.
Ինձ աշխարհի տէ՛րը անում,
Սակայն երբեք չեն տիրանում.
Օղակի պէս շուրջս պրկւում,
Բայց չե՜ն խեղդում,
Այլ` լոկ փրկո՜ւմ,
Ինչպէս փրկում են խեղդուողի՛ն…
Քո ձեռքե՛րը, –
Նո՜ւրբ,
Ասողի՜կ,
Ու երգեցի՜կ,
Որոնց ափում,
Ես` չո՜ր խեցի,
Մարգարի՜տ եմ քիչ-քիչ դառնում…
Ես սիրում եմ քո ձեռքերը…
«Մարգարի՛տ եմ քիչ-քիչ դառնում…» –
Իսկ Մարգարիտն այս աշխարհում
Ինչքան էլ թա՜նկ լինի, անգի՛ն,
Ինչքան չքնա՜ղ ու եզակի՜, –
Երբեք պիտի չխնայե՜ս
Եւ… միշտ… կրծք՛իդ վրա՛յ պահես, –
Թէ չէ, քո ջե՜րմ կրծքից հեռու,
(Քո սիրո՛ւց ու կրծքից հեռո՛ւ),
Իսկոյն խամրո՜ւմ է, դալկանո՜ւմ, –
Կրկին դարձած… նոյն չոր խեցի՜ն…
Իմ սիրելի՜,
Իմ ասողի՜կ,
Իմ գեղեցի՜կ…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

Հետաքրքրական. Գիրք Նուիրելու Օր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երէկ` փետրուար 19-ը գիրք նուիրելու օր էր:

2008-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեան այդ օրը հռչակեց որպէս գիրք նուիրելու օր, իսկ օրի ընտրութիւնը պատահական չէր, այդ օրը (1869) ծնած է Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան:

Այս առիթով կազմակերպուեցան գրական ձեռնարկներ, գրական երեկոներ, հանդիպումներ` յայտնի գրագէտներու եւ բանաստեղծներու հետ: Տօնին նպատակը երիտասարդ սերունդին պատմութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի նկատմամբ սէր սերմանելն է ընթերցանութեան ճամբով: Օրուան աւանդութիւններէն մէկը մտերիմ անձի մը հետաքրքրական գիրք մը նուիրելն է:

Գիրքի մեծ սիրահար Յ. Թումանեան ըսած է. «Պէտք է կարդալ, ամէն մի կարդալը մի բան է տալիս ու աննկատելի կերպով ամբարւում, բան դառնում»:

Կենցաղավարութիւն

Ընթերցումի Կանոնները

Կենցաղավարութեան կանոններուն բոլորս ալ ծանօթ ենք, սակայն երբեմն շեղումներ կը կատարենք ու անախորժ կացութեան մէջ կը դնենք մեր շրջապատը եւ սխալ տպաւորութիւն կը ձգենք անոնց վրայ: Այսպէս, եկէք` յիշենք կարգ մը հիմնական կանոններ, ինչ կը վերաբերի ընթերցումի:

– Անյարմար է առանձնանալ եւ գիրք կամ թերթ կարդալ, երբ բարեկամներով նստած ենք, նոյնպէս ալ` ճաշարանը կամ այլուր:

– Կարելի չէ գիրքին էջերը դարձնել մատը լիզելով:

– Երբ մեզի գիրք մը փոխ կը տրուի, գուրգուրանքով վարուինք անոր հետ ու մաքուր պահենք զայն:

– Փոխ առնուած գիրքին մէջ կարելի չէ խծբծել կամ էջերը ծալել:

– Փոխ առնուած գիրք մը կարելի չէ ամիսներով քովը պահել, պէտք է տիրոջ վերադարձնել կատարեալ վիճակի մէջ:

Գիտէի՞ք…

«Կը խնդրեմ չծխել եւ գիրք չխնդրել»: Թումանեան այս գրութիւնը փակցուցած էր իր գրադարանի պատին: Բանաստեղծը մեծ ուսում չէր ստացած, բայց խոր գիտելիքներ ունեցող գրողներէն մէկն էր: Այդ գիտելիքները ան ստացեր էր ինքնակրթութեամբ: Իր կարճատեւ ու դժուար կեանքին ընթացքին ան 10 հազար գիրք հաւաքած էր:

Մեծ բանաստեղծին 10 հազար գիրքերէն 8150-ը պահպանուած են: 2000 գիրք փոխ առեր ու չեն վերադարձուցեր…

Որպէսզի այլեւս չտեսնեն ու գիրք չխնդրեն, ան իր 13 պահարաններուն ապակիները ծածկեր է նկարներով: Իսկ չէր սիրեր գիրքերը փոխ տալ պարզապէս անախորժ փորձառութիւններու պատճառով:

 Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

 Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

1

Թարմ Եւ Սառած Ձուկը Նոյն Սննդական Արժէքը Ունին:

Ճիշդ. սառած ձուկը չի կորսնցներ իր բնասպիտները, կենսանիւթերն ու հանքայինները: Ինչ կը վերաբերի օմեկա-3-ին, անիկա կրնայ տուժել ժամանակի ընթացքին, բայց` շատ չնչին տոկոսով մը:

Սառած ձուկին սպառումի ժամկէտը 3-6 ամիսը պէտք չէ անցնի:

2

Խոզի Միսը Իւղոտ Է:

Սխալ. խոզի միսը դիրամարս է եւ հարուստ` Պէ. 1 կենսանիւթով: Անիկա քիչ քոլեսթերոլ կը պարունակէ եւ սննդական նոյն արժէքը ունի, որքան` կովու միսը:

3

Սուրճը Կրնայ Յիշողութեան Բացեր Ստեղծել

Ճիշդ. հակառակ անոր որ սուրճին պարունակած քաֆէինը արթուն եւ աշխուժ կը պահէ մեր միտքը, բայց եւ այնպէս, իտալական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ օրական երկու գաւաթէն աւելի սուրճ խմողներուն մօտ նկատուած են յիշողութեան բացեր: Այսպէս, անոնք իրենց լեզուին ծայրը ունին բառ մը, զոր չեն յիշեր եւ չեն կրնար արտասանել: Եթէ նման վիճակներու մէջ յաճախ կը գտնուիք, ժամանակն է, որ պակսեցնէք սուրճի սպառումը:

4

Ֆրանսական Հացը Կարագ Կը Պարունակէ:

Ճիշդ. իսկական փեն տը մի քառակուսի, սպիտակ եւ համեղ հացերը եռապատիկ կարագ կը պարունակեն, քան մնացեալները: Հետեւաբար պէտք է չափաւորել անոնց սպառումը:

5

Յանձնարարելի Է, Որ Պտուղը Ճաշէն Ետք Ուտուի:

Ճիշդ. ճաշի ժումերուն միջեւ կերուած պտուղը շաքարի իմաստով աւելի վնասակար է, քան` կերակուրէն ետք կերուածը: Այսպիսով, նուազ շաքար կը ստանայ ձեր մարմինը:

6

Երկու Հաւկիթներ Նոյնքան Բնասպիտ Կը Պարունակեն, Որքան` 250 Կրամ Միսը:

Սխալ. երկու հաւկիթներու բնասպիտը համազօր է 100 կրամ կովու, հաւու կամ ձուկի միսի բնասպիտին:

7

Կիտրոնը Ախորժակ Կը Կտրէ:

Ճիշդ. արդարեւ, անիկա կը պարունակէ փեքթին կոչուած բնաթելը, որ ջուրին հետ խառնուելով` կ՛ուռի ստամոքսին մէջ: Միւս կողմէ` փեքթինը կը դանդաղեցնէ շաքարի ծծումը:

8

Կան Իւղ Այրող Ուտելիքներ:

Ճիշդ. նոյնիսկ եթէ անոնք չեն կրնար ոչնչացնել մարմնին մէջ կուտակուած իւղերը, այսուհանդերձ, կ՛արգիլեն անոնց հաստատումը` երկար ժամանակի վրայ: Այդ ուտելիքներէն յիշենք սմբուկը եւ կարոսը:

9

Սխտորին Հոտը Բուժիչ Յատկութիւն Ունի:

Ճիշդ. քանատացի գիտնականներու կարծիքով, սխտորին պարունակած ալլիսին նիւթը, որ սխտորին համ եւ բոյր կու տայ, անթիօքսիտան մըն է, անիկա կը զօրացնէ մարմինին դիմադրականութիւնը եւ կը պաշտպանէ բջիջները:

Փորձ-Հարցարան

Արդեօ՞ք Համարձակ Անձ Էք

1

Դասախօսութեան մը աւարտին

ա.- Չէք վարանիր խօսք առնելու եւ լուսաբանութիւն պահանջելու: (5)
բ.- Լուռ կը մեկնիք: (1)
գ.- Առանձին կը մօտենաք դասախօսին եւ կարծիքներու փոխանակում կ՛ունենաք: (3)

2

Հաւաքոյթի մը ընթացքին ձեզի կ՛առաջարկուի յանպատրաստից խօսք առնել:

ա.- Սիրով կ՛ընդառաջէք: (5)
բ.- Կ՛ընդառաջէք` քանի մը բառ ըսելով: (3)
գ.- Կը մերժէք: (1)

3

Առանձին ճամբորդութիւն…

ա.- Երբեք չէք փորձեր: (1)
բ.- Արդէն փորձած էք եւ կրկին կը փորձէք: (5)
գ.- Կը զգուշանաք: (3)

4

Դրամական հարցեր…

ա.- Չէք վարանիր ձեր հարազատներէն դրամ փոխ ուզելու: (3)
բ.- Չէք վարանիր դրամատունէն դրամ փոխ առնելու: (5)
գ.- Դրամական հարցեր չունիք, խնայողասէր էք եւ ուշադիր: (4)

5

Ճամբան կը հանդիպիք ձեր շատ սիրած մէկ երգիչին:

ա.- Կը ժպտիք ու կ՛անցնիք: (1)
բ.- Կը մօտենաք եւ սելֆի մը կը խնդրէք: (5)
գ.- Կը մօտենաք եւ ձեր համակրանքը կը յայտնէք: (3)

6

Սեւ գոյնի շրթներկ, կապոյտ եղունգներ, կարմիր մազեր…

ա.- Ասիկա ձեր սիրելի ոճն է: (5)
բ.- Մէկ օրուան համար կը փորձէք: (3)
գ.- Ձեզ ոչ ոք այս ոճով կրնայ տեսնել: (1)

7

Որոշած էք ձեր բնակարանը վերանորոգել:

ա.- Կը բաւարարուիք սահմանափակ փոփոխութիւններով: (1)
բ.- Պատերուն գոյնը կը փոխէք եւ նոր կահոյք կը բերէք: (5)
գ.- Կը բաւարարուիք խոհանոցը արդիականացնելով: (3)

8

Անտեղի մեղադրանքներ` ձեր պատասխանատուին կողմէ…

ա.- Յարմար կը գտնէք չպատասխանել: (1)
բ.- Կը փորձէք արդարանալ: (3)
գ.- Անմիջապէս ինքնապաշտպանութեան կ՛անցնիք: (5)

9

Բարեկամներ ընթրիքի կը հրաւիրեն:

ա.- Կը պատրաստէք սուշիի տեսականի: (3)
բ.- Կը պատրաստէք աղցանի տեսականի: (3)
գ.- Կը պատրաստէք աւանդական միս, գետնախնձոր եւ բանջարեղէն: (1)

10

Ինչ կը վերաբերի նորաձեւութեան…

ա.- Քայլ առ քայլ կը հետեւիք անոր: (5)
բ.- Կ՛որդեգրէք այն, ինչ որ ձեզի կը վայելէ: (3)
գ.- Նորաձեւութենէն չէք ազդուիր, դուք ձեր ոճը ունիք: (1)

Արդիւնք

– Եթէ 15 միաւորէն պակաս հաւաքեցիք, երբե՛ք համարձակ չէք. ընդհակառա՛կը, երկչոտ եւ ամչկոտ խառնուածքի տէր անձ էք. տեւաբար նկատի կ՛առնէք շրջապատին կարծիքն ու հակազդեցութիւնը եւ հազար կը համրէք խօսելէ կամ գործելէ առաջ:

Եղէք ինքնավստահ եւ ջանացէք յաղթահարել ձեր բարդոյթները:

* * *

– Եթէ 15-35 միաւոր հաւաքեցիք, կարելի է ձեզ համարձակ համարել, բայց ոչ` շրջապատը գայթակղեցնելու աստիճան: Ձեր համարձակութիւնը չափաւոր է եւ տեղին, անիկա պարզապէս կը համեմէ ձեր կեանքը:

* * *

– Եթէ 35-էն աւելի միաւոր հաւաքեցէք, չափազանց համարձակ էք եւ քիչ անգամ ուրիշին հաշիւը կ՛ընէք: Ինքնաբուխ էք եւ անկեղծ, բայց նաեւ կը սիրէք ուշադրութիւն գրաւել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Մայմուն

Մայմուն որ կ՛ըսեմ կապիկ չը կարծէք
Տան սեւ փիսիկին անունն է
Փիսիկ որ կ՛ըսեմ աղուոր չը կարծէք
Աշխարհին ամէնէն տգեղ կատուն է
Սեւ է որ կ՛ըսեմ սեփ-սեւ չը կարծէք
Սեւութեանը մէջ աչքերը դեղին են
Դեղին որ կ՛ըսեմ արեւ չը կարծէք
Արեւը մէկ է-աչքերն երկու են
Երկու որ կ՛ըսեմ զատ զատ չը կարծէք
Երկուքին խորն ալ երազը մէկ է
Երազ որ կ՛ըսեմ մեծ բան չը կարծէք
Մարդու մը կողմէ սիրուիլն է

ԶԱՀՐԱՏ

*Այսօր բանաստեղծ Զահրատի մահուան 13-րդ տարելիցն է:

 

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ապահով Լոգանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեխաներուն համար տան ամէնէն վտանգաւոր վայրերէն մէկը բաղնիքն է: Մինչեւ 6 տարեկան երեխայ մը երկար ատեն բաղնիքը առանձին ձգելու չէ: Անոր կը սպառնան զանազան վտանգներ. ստորեւ` քանի մը զգուշացում:

– Ծորակէն հոսող տաք ջուրը կրնայ այրել երեխային մարմինը: Նախքան անոր լոգարան մտնելը` պէտք է ջուրը բարեխառնել 45-55 ջերմաստիճան:

– Ջուրով լեցուն լոգարանին մէջ երեխան երկար ժամանակ առանձին պէտք չէ ձգել, որեւէ անխոհեմութիւն կրնայ խեղդամահ ընել փոքրիկը:

– Լոգարանին մօտ զետեղուած շամփուէնը, մազի ու մարմնի խնամքի հետ կապուած հեղուկ օճառներն ու սերերը պէտք է հեռու մնան երեխային հասողութենէն: Շիշերուն գրաւիչ տեսքն ու գոյնը կրնան խմելու փորձութեան մղել փոքրիկը:

– Վարսայարդարիչը եւ այլ ելեկտրական սարքեր ելեկտրական հոսանքին միացած վիճակով պէտք է առնուազն մէկ մեթր հեռու ըլլան լոգարանէն` ելեկտրահարութեան վտանգէն զերծ պահելու համար:

– Բաղնիքին լոգարանին յատակը ծածկել յատուկ գորգով, որպէսզի ոտքի վիճակով` երեխան չսահի ու չիյնայ:

– Բաղնիքին դրան վրայէն հանել բանալին եւ այնպէս մը ընել, որ երեխան, կամայ թէ ակամայ, բաղնիքը առանձին չմնայ:

– Բաղնիքի լուացարանին շուրջ չձգել մկրատ, սափրուելու գործիք, մետաղեայ ծամակալներ եւ այլն… այս բոլորը անբաղձալի արկածներու դուռ կը բանան:

Կին Դէմքեր

 Նաոմի Քեմպըլի Երիտասարդութեան
Գաղտնիքները

Նշանաւոր մանըքեն Նաոմի Քեմպըլը վերջերս դարձաւ 49 տարեկան: Նորաձեւութեան աշխարհէն ներս Նաոմի եղած է եւ կը մնայ ամենագեղեցիկ ու ցանկալի կիներէն մէկը:

49 տարիքը թեւակոխած մանըքենը 30 տարեկանի տեսք ունի այսօր. ան կը բացայայտէ իր երիտասարդութեան գաղտնիքները:

– Նաոմի իր օրը կը սկսի բաժակ մը կիտրոնով տաք ջուրով:

– Սուրճի փոխարէն` ան կանաչ թէյ կը խմէ:

– Թեթեւ նախաճաշէ մը ետք մանըքենը եոկա կ՛ընէ:

– Նաոմի որոշած է գեղեցկագիտական գործողութիւններ չընել: Փոխարէնը` ան մորթը պրկող վարժութիւններ կ՛ընէ:

– Անոր ձեռքի պայուսակին մէջ միշտ շիշ մը հանքային ջուր կայ: «Ես լաւ ու հաւասարակշռուած ձեւով կ՛ուտեմ, շաքար պարունակող ուտելիքներէն հրաժարած եմ, եւ շատ ջուր կը խմեմ», կ՛ըսէ Նաոմի:

– Վերջապէս, անուանի մանըքենը երեկոյեան ժամը 8:00-էն ետք բան չ՛ուտեր. կը պատահի նաեւ, որ բոլորովին հրաժարի ընթրիքէն:

Մարիոն Քոթիեար

Ֆրանսացի դերասանուհի Մարիոն Քոթիեարը դարձած է «Chanal No 5» օծանելիքի նոր դէմքը: Գովազդային հոլովակը շուտով պիտի հրապարակուի:

Քոթիեարը համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերաւ «Լա վի ան ռոզ» ժապաւէնին մէջ Էտիթ Փիաֆի կերպարը մարմնաւորելով: Ան ներկայիս ֆրանսական շարժապատկերի ամենասիրուած ու յայտնի դերասանուհիներէն մէկն է:

Ճարպ Այրող Տնային Գործեր

Գեղեցիկ ու բարեկազմ մարմին ունենալը բոլոր կիներու երազանքն է: Բայց շատերու համար, մարզասրահ երթալը հնարաւոր չէ, կա՛մ ժամանակ չունին, կա՛մ ալ` միջոցը:

Պարզուած է, որ տնային որոշ գործեր կրնան փոխարինել մարզասրահները: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշներ:

Պնակները Լուալ

Ճիշդ է, որ պնակ լուացող մեքենաները փրկարար դեր կը խաղան բազմազբաղ տանտիկիններու կեանքին մէջ, սակայն իմացէք, որ 1 ժամ պնակ լուալով` 90 ջերմուժ կը կորսնցնենք:

Բարձր Դարաններու Փոշին Մաքրել

Գրադարանին, հագուստի պահարանին վերին դարանները մաքրելու եւ փոշեզերծելու համար հարկաւոր է անդադար ոտքի մատներուն վրայ բարձրանալ ու կրկին իջնել: Կարելի է նաեւ աթոռակ օգտագործել: Այս շարժումները նման են աստիճան բարձրանալուն: Այսպիսով, թէ՛ սրունքի մկանները կ՛աշխատին եւ թէ` ժամանակի ընթացքին քիլոներ կը սպառին:

Գորգի Մաքրութիւն

Գորգերը փոշեկուլով մաքրելով` մէկ ժամուան ընթացքին կարելի է 190-230 ջերմուժ այրել: Իսկ շարունակելով եւ սալայատակը սրբելով` 500 ջերմուժ այրել:

Տունը Կարգի Բերել

Տունը կոկելը, փոշին մաքրելը կ՛օգնեն, որ մէկ ժամուան ընթացքին միջին հաշուով այրենք 230 ջերմուժ, ինչ որ համազօր է Մաքտոնալտ՛ծէն պզտիկ բաժին մը տապկուած գետնախնձորի:

Արդուկել

Կ՛երեւակայէ՞ք, որ մէկ ժամ արդուկելով` կարելի է 300 ջերմուժ այրել:

* * *

Գիտէ՞ք, Թէ…

– Օրական երկու անգամ` առտու եւ իրիկուն, 30 վայրկեան ձեր շունը պտըտցնելով` 300 ջերմուժ կ՛այրէք: Եթէ շուն չունիք, դրացիի մը կամ ծանօթի մը դիմեցէք. թէ՛ անոր մեծ ծառայութիւն մատուցած կ՛ըլլաք եւ թէ՛ դուք կ՛օգտուիք:

– Օրական 3 անգամ 10-ական վայրկեան պարան ցատկելով` 300 ջերմուժ կ՛այրէք:

– Օրական 80-100 վայրկեան ձեր երեխային հետ բացօթեայ վազվզելով, գնդակ խաղալով` կրնաք 300 ջերմուժ այրել:

– Պատուհան մը իր շրջանակով եւ ապակիով մաքրելու պարագային, 75 ջերմուժ կ՛այրէք, իսկ 4 պատուհանի պարագային` 300 ջերմուժ:

Ձեռքի Ծեփուկ`
Խնձորով

Մեր ձեռքերը մշտական խնամքի կարիքը ունին: Ջուրի եւ քիմիական դեղերու հետ շփուելով` անոնց մորթը կը կարծրանայ, կը չորնայ, կը կարմրի ու կը բորբոքի:

Ահաւասիկ` ձեռքերու խնամքի յատուկ ծեփուկ մը, որ կարելի է տունը պատրաստել եւ շաբաթական դրութեամբ օգտագործել:

Ծեփուկին համար անհրաժեշտ են`

– 1 խնձոր
– 2 ապուրի դգալ շէկ շաքար
– 1 ճաշի դգալ ձէթ

Պատրաստութիւն եւ գործածութիւն`

Խնձորը քերոցէ անցընել, աւելցնել շաքարն ու ձէթը եւ խառնել:

Ստացուած թանձրուկով նրբօրէն մարձել ձեռքերը, 5 վայրկեան սպասել, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

Վերջաւորութեան ձեռքերը օծել սնուցող սերով մը:

 Այլազան

Առանց Դիմատետրի
Համաշխարհային Օր

Վաղը` փետրուար 28-ը, առանց Դիմատետրի համաշխարհային օրն է: Արդեօք կրնա՞ք ամբողջ օր մը հրաժարիլ անկէ…

Օրուան նպատա՞կը. պայքարիլ կախեալութեան դէմ, բողոքել` որպէս տեղեկութիւն անցնող ծանուցումներուն դէմ եւ, վերջապէս, Դիմատետրին յիշեցնել, որ ինք ոչինչ է` առանց իր յաճախորդներուն…

Աշխարհի երեսին 2,13 միլիառ հետեւորդ ունեցող Դիմատետրը շատերու կարծիքով`

«Կ՛արգիլէ տան անդամներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը»,

«Կը պակսեցնէ ընտանեկան այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ` բարեկամներու յաճախակի հանդիպումները»,

«Դիմատետրի մոլիները տարբեր աշխարհի մէջ կ՛ապրին եւ հրաժարած են մարդկային յարաբերութիւններէն»:

Իսկ խուլ անձի մը կարծիքով, «Առանց Դիմատետրի օր մը անհնարին է ինծի նմաններուն համար, մեռած օր մըն է, քանի որ հաղորդակցելու մեր միակ միջոցն է»:

Կ՛արժէ մտածել…

Այս առիթով նշենք, որ փետրուար ամիսը հարուստ էր տարօրինակ միջազգային օրերով. այսպէս`

Փետրուար 5-ը` «Նիւթելլա»-ի միջազգային օր,
Փետրուար 16-ը` առանց բջիջայինի միջազգային օր,
Փետրուար 21-ը` զբօսավարներու միջազգային օր,
Փետրուար 28-ը` առանց Դիմատետրի միջազգային օր:

 Խոհագիր

Մեղրով Պահքի Թխուածք

Բաղադրիչներ

– 2 բաժակ ալիւր
– Կէս բաժակ շաքար
– 3 թէյի դգալ մեղր
– 100 կրամ ընկոյզ
– 0.5 թէյի դգալ սոտա
– 3 ապուրի դգալ բուսական իւղ
– 1.5 բաժակ ջուր
– 50 կրամ շաքարի փոշի (ըստ փափաքի)

Պատրաստութիւն

Փոքր կաթսային մը մէջ լեցնել ջուրը, մեղրն ու շաքարը, լաւ խառնել որպէսզի լուծուին եւ թեթեւ կրակի վրայ 5 վայրկեան եփել, յետոյ ձգել, որ հանգչի:

Խառնուրդին աւելցնել մաղէ անցած սոտան եւ ալիւրը, բուսական ձէթը, մանրուած ընկոյզը եւ խառնել փայտեայ դգալով, մինչեւ որ միատարր խմոր մը ստացուի:

Խմորը լեցնել կաղապարի մէջ եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 40 վայրկեան 190 ջերմաստիճանով:

Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ պաղի եւ ըստ փափաքի, կարելի է երեսը փոշի շաքարով զարդարել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Չէ որ ամէն ինչ քեզ ունենալու համար էր միայն,
Իսկ ես ամէն ինչ ունեցայ կեանքում`
Քեզանից բացի.
Եւ ես ոչնչով միայն մնացի`
Ունեցայ ոչինչ.
Աշխարհում այս մեծ ,
Անսկիզբ, անվերջ,
Անյատակ ու լայն,
Չէ որ ամէն ինչ քեզ ունենալու համար էր միայն…

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 


Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (21) . Լրագրութեան Ժանրերու Ծանօթացում

$
0
0

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանի հետ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:

Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց լրագրութեան տարբեր ժանրերը, սկսելով լուրէն, անցնելով լուսանկարներու լրագրութեան, ծաղրանկարներու ժանրին, հասնելով մինչեւ խմբագրականին:

Ան բացատրեց բոլոր պարագաներուն որդեգրուելիք քայլերը, սակայն ամէնէն աւելի կեդրոնացաւ յօդուածագրութեան վրայ:

Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեան անդրադարձաւ յօդուածին մէջ տրուելիք ճշգրիտ տեղեկութիւններուն, հետաքրքրական կերպով նիւթը ներկայացնելու, ընթերցողին վրայ ձգելիք ազդեցութեան եւ իբրեւ վերջաբան տրամադրուելիք առաջարկներուն ու լուծումներուն կարեւորութեան:

Ապա ան խօսեցաւ լրագրողին պատասխանատուութեան մասին` շեշտելով անհրաժեշտութիւնը մթնոլորտը անկեղծ ու հարազատ կերպով ներկայացնելու:

Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեան ընդգծեց, որ լրագրողը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ խմբագիրին հետ խորհրդակցելու եւ պատրաստակամ` իր յօդուածը փոփոխութեան ենթարկելու:

Ան շեշտեց կարդալու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ, թէեւ պէտք է առարկայական ըլլալ, «սակայն բացարձակ առարկայականութիւն չկայ, երբ հոգիէդ կը գրես», դիտել տոաւ Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեան:

Ապագայ լրագրողները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին բացատրուած թեքնիքներուն նկատմամբ:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Օգնել Երեխային, Որպէսզի Յաղթահարէ Իր Դժուարութիւնները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Նախ շեշտենք, որ որեւէ դժուարութեան դիմաց անհանգստութիւնը բացասական զգացում չէ: Բնական է, երբ կ՛անհանգստանանք որեւէ բանի համար, եւ ատիկա կրնայ դրականօրէն ազդել մեր զարգացման վրայ:

Նոյն տրամաբանութեամբ, բնական է եւ պէտք է որ երեխան անհանգստանայ, երբ ժամանակին չ՛աւարտեր իր տնային աշխատանքները, երբ կը ստանայ ձախող նիշեր եւ այլն… Ասիկա կրնայ խթանել զինք` բարեփոխելու համար իր ուսումնական վիճակը:

Անհանգստութիւնը վտանգաւոր կը դառնայ, երբ անիկա կը սկսի բացասականօրէն ազդել երեխային ամէնօրեայ տրամադրութեան, վարքին վրայ:

Անհանգստութիւն Պատճառող Իրավիճակներ

Եկէք` ծանօթանանք երեխային  մէջ անհանգստութեան զգացում յառաջացնող իրավիճակներուն:

– Հասարակութեան մէջ ներգրաւուելու դժուարութիւններ,
– Ծանրաբեռնուած ուսումնական տարի,
– Ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւն,
– Կեանքին մէջ էական փոփոխութիւններ` դպրոցի փոփոխութիւն, երկրի փոփոխութիւն, ծնողքի ամուսնալուծում,
– Հարազատի կորուստ:

Վերոյիշեալ բոլոր իրավիճակները կրնան եւ պէտք է երեխային մէջ անհանգստութիւն յառաջացնեն, սակայն պէտք չէ որ օրերով մտատանջուի: Այնպէս որ, ծնողները պէտք է ուսումնասիրեն իրենց զաւկին վարքը` ընկճախտի յառաջացումը կանխելու նպատակով:

Ուշադի՛ր Եղէք, Եթէ.

Երեխային մօտ վարքագիծի բացասական փոփոխութիւն եւ տրամադրութեան անկում կը նկատէք,
Երեխան ախորժակ չունի,
Երեխային քունը խանգարուած է,
Երեխան աշխուժ, կայտառ չէ,
Երեխան առանց պատճառի տխուր է եւ յաճախ կու լայ,
Երեխան չի կեդրոնանար,
Երեխան յաճախ սրտխառնուք, թուլութիւն եւ մկանային ցաւ ունի,
Երեխան բացասական վերաբերմունք ունի շրջապատին եւ դպրոցին նկատմամբ:

Ինչպէ՞ս Օգնել Երեխային

1.- Խօսեցէ՛ք երեխային հետ, հարցումներ ուղղեցէք. հարցումներ, որոնք չսահմանափակուին միայն «այո» կամ «ոչ» պատասխաններով: Ուշադիր մտիկ ըրէք եւ փորձեցէք հասկնալ, թէ ի՛նչ բանէ վրդոված է, ո՞րն է անոր մտահոգութեան պատճառը:

2.- Օրինակներ բերէք: Բացատրեցէք, որ դուք ալ երբեմն կ՛անհանգստանաք, բայց կը փորձէք ելքեր գտնել: Դուք ձեզ պաղարիւն եւ հանգիստ ձեւացուցէք, երբ ձեր երեխան անհանգիստ վիճակի մէջ է: Ուշադի՛ր. պաղարիւնութիւնը անտարբերութիւն չի նշանակեր:

3.- Հետեւողական եղէք: Այս աշխարհին մէջ, ուր ամէն բան կրնայ անկանխատեսելի եւ յանկարծակի ըլլալ, անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն ցուցաբերել ամէնուր` քնանալու, խաղալու, ուտելու, սորվելու եւ հանգստանալու ժամերուն: Ձեր հետեւողականութիւնն ու սիրոյ արտայայտութիւնը կայունութեան եւ ապահովութեան զգացում կը ստեղծեն երեխային մօտ:

4.- Մարզեցէք ձեր երեխան` հանգստացնող վարժութիւններով: Երբ ան անհանգիստ է, վարժեցուցէք, որ խոր շունչ քաշէ, մտքէն մինչեւ ութ հաշուէ եւ արտաշնչէ: Այսպիսի մարզանքներ միասին կատարեցէք:

5.- Խօսեցէք բժիշկին հետ: Երբ տեսնէք, որ երեխային մօտ վիճակի որեւէ բարեփոխում չկայ, եւ ան կը շարունակէ մնալ ջղային, անտրամադիր, քնկոտ, թոյլ եւ լուռ, առանց ժամանակ կորսնցնելու` դիմեցէք մանկաբուժին խորհուրդին եւ ցուցմունքներուն:

 Առողջապահական

 Օրական Կէս Ժամ Քալելու
Բարիքները

Ստորեւ կը ներկայացնենք օրական կէս ժամ քալելու բարիքները: Կ՛արժէ մտածել…

1.- Կը պակսեցնէ սրտի տագնապի հաւանականութիւնը:
2.- Կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը:
3.- Կ՛օգնէ բարեկազմութեան:
4.- Կը թեթեւցնէ ընկճախտը:
5.- Կը կազդուրէ:
6.- Կը կանխարգիլէ սոնքութիւնը:
7.- Կը թեթեւցնէ անձկութիւնը:
8.- Կ՛ապահովէ թոքերու լաւ գործունէութիւնը:
9.- Կ՛օգնէ, որպէսզի Տէ. կենսանիւթը մարմնէն ներս թափանցէ:
10.- Կը պակսեցնէ կարգ մը քաղցկեղներու հաւանականութիւնը:
11.- Կը բարելաւէ քունը:
12.- Կը նուազեցնէ շաքարախտի հաւանականութիւնը:
13.- Կը խթանէ ստեղծագործ միտքը:
14.- Կը զօրացնէ ոսկորներն ու մկանները:
15.- Կը բարելաւէ արեան գերճնշումը:
16.- Կը բարելաւէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
17.- Կը բարելաւէ մարմնին հաւասարակշռութիւնը:

Քալելը Հաճոյք Է

Մենք կրնանք քալել առանձին, ընտանեօք կամ բարեկամներով: Քալելով` կրնանք յայտնաբերել նոր թաղեր, փողոցներ, հանրային պարտէզներ, ծովափներ եւ այլն…

Մաքուր օդին քալելով, թարմ թթուածին շնչելով` կը սնուցանենք մեր ուղեղը եւ կը թարմացնենք մեր միտքը:

Առաւօտեան քալելու պարագային, օրը կը սկսինք բարձր տրամադրութեամբ եւ լաւատեսութեամբ:

Ճիշդ Քայլեր

Մասնագէտներու կարծիքով, շատեր սխալ կը քալեն. անոնք անտեղի կը պրկեն ու կը յոգնեցնեն իրենց ոտքի եւ կոնքի մկանները եւ կը վնասեն ողնաշարին:

Կրունկին վրայ յենելով քայլ նետելը շատ տարածուած, սակայն սխալ ձեւ է: Ճիշդ ձեւը ոտնաթաթի առաջամասին վրայ յենելով քալելն  է: Այս ձեւը որդեգրելու համար քանի մը օր պէտք է մարզուիլ, որմէ ետք քալելը հաճոյքի պիտի վերածուի եւ պիտի զօրանան սրունքի, զիստի եւ կոնքի մկանները:

Գեղեցկագիտական

Տարիք Ցոյց Չտուող Դիմակներ

Տարիքի հետ մորթը կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը, կը կնճռոտի եւ մութ գոյնի բիծեր կը յայտնուին: Սովորաբար այս անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար մենք կը դիմենք գեղեցկագիտական սերերու կամ վիրահատութիւններու, սակայն այս միջոցները միշտ ալ արդիւնաւէտ չեն եւ բաւական սուղ կ՛արժեն:

Մորթային հարցերը լուծելու համար կան նաեւ բնական խնամքի միջոցներ, որոնք շատ աւելի հասանելի են եւ վնասակար բաղադրիչներ չեն պարունակեր եւ բնականաբար կողմնակի բարդութիւններ չեն պատճառեր:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հակատարիքային ազդեցութեամբ օժտուած երեք դիմակի բաղադրատոմսեր, որոնք կ՛օգնեն ձերբազատիլ կնճիռներէն, մութ գոյնի արատներէն եւ աչքերուն տակ յառաջացած «պատկեր»-էն: Այս դիմակներուն հիմնական բաղադրիչը գետնախնձորն է, որուն վրայ կ՛աւելնան սոխը, մեղրը եւ վարունգը:

Ա.- Հում Գետնախնձորով Ու Վարունգով Դիմակ

Այս թարմացնող ու երիտասարդացնող դիմակը պատրաստելու համար անհրաժեշտ է մէկ գետնախնձոր եւ կէս վարունգ քերոցէ անցընել, ստացուած խառնուրդը քսել մորթին, ձգել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել պաղ ջուրով: Վարունգը հարուստ է կենսանիւթերով, ջուրով եւ այլ օգտակար տարրերով. ան կը խոնաւցնէ ու կը սնուցանէ մորթը` զայն դարձնելով աւելի նուրբ եւ առաձգական:

Բ.- Հում Գետնախնձորով Ու Սոխով Դիմակ

Այս դիմակը հարուստ է ծծումբով. անհրաժեշտ է մէկ հում գետնախնձոր եւ կէս սոխ քերոցէ կամ հարիչէ անցընել եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքն ու վիզը: Սպասել քառորդ ժամ եւ ապա ցօղուել պաղ ջուրով: Այս դիմակը մորթը կը ձերբազատէ մութ արատներէն եւ բշտիկներէն:

Գ.- Հում Գետնախնձորով Եւ Մեղրով Դիմակ

Մեղրի եւ գետնախնձորի համադրութիւնը ոչ միայն կը բանայ մորթին գոյնը, այլ նաեւ կը մաքրէ ընդլայնած ծակտիկները եւ կը ձերբազատէ մեռած բջիջներէն: Այսպէս, հարիչէ անցած գետնախնձորին աւելցնել 3 թէյի դգալ մեղր եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը եւ աչքերուն տակի «տոպրակ»-ները: Սպասել առնուազն 25 վայրկեան, ապա ցօղուել առատ ջուրով:

Խոհագիր

Չոր Լոլիկով Փեսթօ Սոս

Բաղադրութիւն

1/2 գաւաթ ընկոյզ կամ սնոպար կամ քաժօ (նախընտրաբար` խարկուած)
1 գաւաթ արեւի տակ չորցուած լոլիկ
3 պճեղ սխտոր
3/4 գաւաթ տաշուած փարմըզան պանիր
1/2 թէյի դգալ քոշըր աղ
1/4 թէյի դգալ սեւ համեմ
1/4 թէյի դգալ կարմիր, կծու փոշի պղպեղ
1/2 գաւաթ որակաւոր ձէթ
Թարմ ռեհանի 10 տերեւ

Պատրաստութիւն

Եթէ լոլիկները ձէթի մէջ չեն, այլ բոլորովին չոր վիճակով, զանոնք 20 վայրկեան թրջել գաղջ ջուրի մէջ, ապա` քամոցէ անցընել:

Հարիչին մէջ դնել բոլոր բաղադրիչները` բացի ձէթէն ու պանիրէն եւ հարել այնքան մը, որ ջրոտ խիւսի չվերածուի: Հարելու ընթացքին քիչ-քիչ աւելցնել ձէթը:

Բաղադրութիւնը փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ, աւելցնել փարմըզան պանիրը եւ խառնել:

Ստացուած խիւսը փոխադրել կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշի մը մէջ եւ սառնարանը պահել: Սառնարանին մէջ անիկա կը դիմանայ շուրջ մէկ շաբաթ, իսկ սառցարանը` 3 ամիս:

Այս թացանով կարելի է ծեփել պրուսքեթթաները, սենտուիչները, բայց նաեւ` օգտագործել փիցաներու, դդմաճներու պատրաստութեան մէջ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Երջանիկ Բանաստեղծը

Բանաստեղծ եմ երջանիկ –
– Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Զիս կ՛ընդունին գրկաբաց
Ժպիտներուն ամէնէն քաղցրն իրենց դէմքին վրայ կը շողայ –

Երջանկութիւնն այս է կ՛ըսեմ ես ինծի –
– Որ դուռը կամ որուն դուռը որ զարնեմ
Կռնակի վրայ կը բացուի
Ասպպնջական երգ մը կ՛իջնէ հոգիիս մէջ մեղրի պէս –

Ամէն մէկ դուռ մտերմօրէն կը բացուի
Ամէնէն տաք բարեւներով կ՛արծարծի հուրը սրտիս
Ու կը մոռնամ ինչու եկայ – ինչու այս դուռը զարկի
Երջանկութիւնն այս է կ՛ըսեմ համոզուած

Բանաստեղծ եմ երջանիկ –

Եւ այս գիշեր երբ բոլորուիք դուք սեղանին շուրջ ճաշի
Երբ առօրեայ ձեր հոգերէն ձերբազատ
Մանրէք շերտը թարմ հացին –
Սպաս մըն ալ ինծի դրէք մէկ անկիւնը սեղանին

ԶԱՀՐԱՏ

 

 

 

Կին Դէմքեր. Ալենուշ Տէրեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ քիչերուն ծանօթ է Ալենուշ Տէրեանին անունը, մինչդեռ քանի մը տարի առաջ, Իրանի մէջ պետական մակարդակով նշուեցաւ անոր ծննդեան օրը:

Տէրեան կը համարուի Իրանի առաջին արեւային աստղադիտարանի հիմնադիր եւ բնագիտութեան առաջին կին դասախօս, որ արժանացած է «Իրանի ժամանակակից աստղագիտութեան մայր» տիտղոսին:

Ալենուշ ծնած է 1920-ին Թեհրան: Մայրը ֆրանսերէնի ուսուցչուհի էր, իսկ հայրը` գրող, թարգմանիչ: 1947-ին ան կ՛աւարտէ Թեհրանի համալսարանի գիտութեան բաժանմունքը եւ քանի մը տարի ետք կը հասնի իր մեծ երազանքին` կը մեկնի Փարիզ իր ուսումը կատարելագործելու Սորպոնի հեղինակաւոր համալսարանին մէջ, ուր հետագային զինք կ՛ընդունին որպէս դասախօս: Տէրեան երկար չի մնար Եւրոպա, որովհետեւ համոզուած էր, որ իր գիտելիքները պէտք են իր ծննդավայրին, հոն դեռ ինք շատ ընելիքներ ունի:

1966-ին Ալենուշ կ՛ընտրուի Թեհրանի համալսարանի երկրաբնագիտութեան կոմիտէի անդամ, իսկ երեք տարի ետք կը նշանակուի Թեհրանի համալսարանի երկրաբնագիտութեան հիմնարկին արեւային բնագիտութեան աստղադիտարանէն հետազօտներու խումբի նախագահ:

Տէրեան Իրանի մէջ աստղաբնագիտութիւն դասաւանդող առաջին կին դասախօսն էր: 1979-ին աշխատանքէ դադրելու դիմում ներկայացուցած է եւ հանգստեան կոչուած է:

Ան կտակով իր բնակարանը նուիրած է Նոր Ջուղայի հայ համայնքին, որպէսզի իբրեւ հանրակացարան ծառայէ բնակելու տեղ չունեցող ուսանողներուն համար:

Կեանքի վերջին տարիները ան Թաուհիտ ծերանոցին մէջ անցուց: Հոն, անկողինին գամուած, արժանացաւ կեանքի վերջին պարգեւին` Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակին:

Ալենուշ Տէրեան մեռաւ 90 տարեկանին, 4 մարտ 2011-ին: Երէկ անոր մահուան 9-րդ տարելիցն էր:

Ալենուշ Տէրեան Իրանի հեռատեսիլի «Իմաստուններ» ծրագրին կողմէ ճանչցուած է, որպէս «Գիտութեան ոլորտի մնայուն դէմք»:

2003-ին անոր կեանքին մասին վաւերական ժապաւէն պատրաստուած է, Իրանի հեռատեսիլին պատուէրով` «Դէպի արեւ» անունով:

2006-ին պարգեւատրուած է նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ:

Երբ հարց տրուած է իր լաւագոյն յուշին մասին, Տէրեան պատասխանած է. «30 տարուան դասաւանդութիւնը եւ արեգակնային աստղադիտարանի հիմնադրութիւնը»:

Ինչ կը վերաբերի տիրապետած լեզուներուն` ան ըսած է. «Ֆրանսերէն, անգլերէն, հայերէն եւ քիչ մըն ալ պարսկերէն: Եղբայրս եւ ես ֆրանսերէն սորված ենք մեր ծնողքին գաղտնի խօսակցութիւնները իմանալու համար»:

Տէրեան ցաւ յայտնած է, որ Հայաստան չէ այցելած: Ան երիտասարդ տարիքին շատ փափաքած է, բայց այդ տարիներուն, եթէ մէկը Հայաստան այցելէր, գործէ կ՛արձակուէր:

«Եթէ կրկին աշխարհ գայի, ճիշդ նոյն բանը կ՛ընէի, որովհետեւ կը պաշտեմ ուսումը եւ դասաւանդութիւնը, եւ հպարտ կը զգամ, երբ կը տեսնեմ իր ուսանողներուն փայլուն յաջողութիւնները»:

Ալենուշ Տէրեան չէր ամուսնացած, ընտանիք չէր կազմած, քանի որ վստահ էր, որ այս աշխարհը եկած էր իր գործին նուիրուելու համար: Սակայն ան միշտ կը կրկնէր, որ ինք արեւ անունով աղջիկ ունի եւ լուսին անունով` տղայ:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Որպէսզի քարացած մեղրը ինքզինք վերագտնէ, շիշով միասին զայն քանի մը վայրկեան եռացուցէք ջուրով լեցուն փոքրիկ կաթսայի մը մէջ:

***

Շպարի վրձինները մաքրելու համար նախ զանոնք ցօղուեցէք առատ ջուրով, ապա խորունկ ամանի մը մէջ գաղջ ջուր լեցուցէք, քանի մը կաթիլ երեխաներու շամփուէն աւելցուցէք եւ ապա վրձինները մէջը դրէք: 5 վայրկեան սպասելէ ետք մատներով մեղմօրէն շփեցէք զանոնք, կրկին առատ ջուրով ցօղուեցէք եւ մաքուր լաթով մը ցամքեցուցէք:

***

Ձեր կարգ մը խմիչքները սառոյցի կտորներով պաղեցնելու փոխարէն` օգտագործեցէք քափ քէյքի կաղապարներու մէջ սառցարանը նախօրօք սառեցուած կիտրոնի շերտերը:

***

Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր ակռաները, մինչեւ որ փոթասիոմով հարուստ թանձր նիւթը լաւապէս պատէ զանոնք. սպասեցէք երկու վայրկեան, ապա ցօղուեցէք ձեր բերանը: Այս հնարքին դիմելով` կ՛ապահովէք առողջ եւ փայլուն ակռաներ:

***

Եթէ ձէթով լեցուն կաթսան բռնկի, անմիջապէս պէյքինկ սոտա թափեցէք վրան:

***

Որպէսզի ծաղկամանին թարմ ծաղիկները աւելի երկար ապրին, ջուրին մէջ քանի մը կաթիլ վոտքա եւ թէյի դգալ մը շաքար աւելցուցէք:

Բաժակներու Շրխկոցին Իմաստները

«Ազդակ»-ի 23 յունուարի 7-րդ էջի «Գինիին մասին հետաքրքրական փաստեր» գրութեան մէջ տեղ գտած գիտելիքներուն վրայ փափաքեցայ աւելցնել հետեւեալները, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ: Անոնք կը վերաբերին ոգելից խմիչքով լեցուն բաժակները իրար խփել-զարնելու ընդհանրացած սովորութեան` շրխկոցի իմաստին բացատրութեան եւ մարդկային հինգ զգայարանքներուն հետ ունեցած առնչութեան:

1.- Տեսողական զգայարանքը – աչքը մասնակից է տեսնելով բաժակին մէջի գինին:

2.- Հոտառութեան զգայարանքը – քիթը  մասնակից է հոտը առնելով գինիին:

3.- Համտեսելիքի զգայարանքը – բերան-լեզուն մասնակից են համը առնելով գինիին:

4.- Շօշափելիքի զգայարանքը – ձեռքի- մատները շօշափելով գինիի բաժակը:

5.- Լսողականի զգայարանքը – ականջը  մասնակից է լսելով բաժակի բախման շրխկոցը:

Ի վերջոյ մաղթենք խմողաց կենացը, թող հայոց գինին միշտ անուշ լինի:

ԳԷՈՐԳ Թ. ՃԱԼՈՅԵԱՆ

Զալքա

Այլազան

 Վախազդու Ժապաւէնները Կ՛օգնեն Նիհարնալու

Միացեալ Նահանգներու Ուեսթմինսթըր համալսարանի աշխատակիցները ապացուցած են, որ սարսափազդու ժապաւէններ դիտելը ջերմուժ կ՛այրէ…

Անոնք վերլուծած են մարդոց կենսական ցուցանիշները սարսափազդու ժապաւէններ դիտելու ընթացքին. թթուածինի օգտագործումը, սիրտի զարկերը եւ այլն… Ստացուած տուեալներու հիմամբ, անոնք եկած են այն եզրակացութեան, որ սարսափի հանդիսատեսը 1,5 ժամուան ընթացքին, միջին հաշուով 113 ջերմուժ կ՛այրէ: Մօտաւորապէս նոյնքան կ՛այրէ կէս ժամ արագ քայլով զբօսնելը: Ջերմուժը կ՛այրի արտադրուող ատրենալինի պատճառով, որ կը փակէ ախորժակը, կը խթանէ նիւթափոխանակութիւնը եւ մարմնին կը ստիպէ ջերմուժ այրել:

«Սարսափելի» սննդականոնը մէկ պայման ունի. սահմռկեցուցիչ տեսարաններու ժամանակ պէտք չէ փակել աչքերը…

 

Խոհագիր

Պահքի Ուտեստ`
Գետնախնձորով

Բաղադրիչներ` խմորին համար

1 քիլօ ցորենի ալիւր
1 ծրար (10 կրամ) թթխմոր
4 ապուրի դգալ բուսական իւղ
Կէս լիթր եռացած ջուր
1 ապուրի դգալ շաքար
1 թէյի դգալ աղ

Միջուկին համար`

Մէկ քիլոյէն քիչ մը պակաս գետնախնձոր
30 կրամ բուսական իւղ
Աղ` ըստ ճաշակի
Կարմիր փոշի պղպեղ
Կանաչ սոխ` մանրուած
Ազատքեղ` մանրուած

Պատրաստութիւն

Փոքրիկ տաշտի մը մէջ լեցնել եռացած ջուրը, աւելցնել աղը, շաքարը, բուսական իւղը, թթխմորը եւ լաւ խառնել, մինչեւ որ բոլորը ջուրին մէջ լուծուին:

Յետոյ ալիւրը քիչ-քիչ աւելցնել, շաղել, խմորին վրայ ծածկել եւ ձգել, որ 20-30 վայրկեան հանգչի:

Պատրաստութիւն`

Գետնախնձորը խորանարդաձեւ կտրտել, խաշել եւ քամոցէ անցընել:

Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ փոխադրել խիւսի վերածուած գետնախնձորը, բուսական իւղը, մանրուած սոխն ու ազատքեղը, ինչպէս նաեւ` համեմները: Խառնուրդը լաւ շաղել եւ մէկ կողմ ձգել, որպէսզի պաղի:

Խմորը փոքրիկ գունդերու վերածել, մէջտեղը փոսիկ մը բանալ եւ գետնախնձորի միջուկէն լեցնել, ապա գոցել:

Տապակին մէջ բուսական ձէթ տաքցնել եւ խմորները տապկել:

Բարի՛ ախորժակ:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Քայլերգ` Ճեմարանի*

Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր, Ճեմարան,
Կու գանք քեզի ծարաւ լոյսիդ մայրենի,
Քու հարազատ յարկիդ ներքեւ սիրական
Մեր կեանքն ուրախ եւ միշտ ազատ կը ծաղկի:

Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն
Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան.
Քեզ կերտեցին առաքեալներ մեծանուն
Գաղափարի իբրեւ տաճար անսասան:

Հայ դպրութեան դուն ջահակիր Ճեմարա՛ն,
Հայրենաբաղձ հոգիներուն մեր բոլոր
Տո՛ւր Մեսրոպի հաւատքին լոյսն իրական
Եւ փառքն անհուն հայ հանճարին դարաւոր:

Խօսք` Մ. ԻՇԽԱՆԻ
Երաժշտութիւն` Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ

 

*Երկու օր առաջ (3 մարտ 1930) Ճեմարանը դարձաւ 90 տարեկան:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 8 Պատճառ Երեխաներուն Ձեռքը Ելեկտրոնային Գործիք Չտալու

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ելեկտրոնային սարքերէ կախուածութիւնը դարուս մեծագոյն խնդիրներէն մէկն է: Այս կախուածութիւնը բացասաբար կ՛ազդէ մանաւանդ երեխաներուն վրայ: Իսկ ամենացաւալին այն է, որ շատ մը ծնողներ իրենք կը քաջալերեն երեխաները` օգտագործելու ելեկտրոնային գործիքները` պարզապէս անոնց գանգատները չլսելու եւ «անձնական հանգիստ»-ը ապահովելու համար:

Մինչդեռ կան լուրջ պատճառներ, ըստ որոնց, չի թոյլատրուիր մինչեւ 12 տարեկան երեխաներուն ձեռքը ելեկտրոնային սարքեր տալ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 8 համոզիչ պատճառները:

1

Տարիք

Մանկաբուժներու կարծիքով, 0-3 տարիքը շատ կարեւոր է տեսողութեան զարգացման, խօսքի ձեւաւորման եւ երեխայի բառապաշարի զարգացման ու հարստացման համար: Մինչեւ 3 տարեկան երեխաներուն համար յատկապէս կարեւոր է հնարաւորինս շատ խօսիլ ծնողներուն ու շրջապատին հետ, եւ ոչ թէ` մօր սմարթֆոնին հետ…

2

Կախուածութիւն

Ելեկտրոնային սարքերէ կախուածութիւնը կը սկսի շատ փոքր տարիքէն: Որքան որ ալ ծնողները իրենք զիրենք համոզեն ու արդարացնեն, որ այդ սարքերու օգտագործման սահմանափակումներ ճշդած են, պիտի գայ օրը, երբ երեխան աւելին ու աւելին պիտի պահանջէ եւ պիտի չբաւարարուի ճշդուած ժամերով:

3

Վտանգաւոր Ճառագայթում

2011-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ Քաղցկեղի ուսումնասիրութեան միջազգային գործակալութիւնը բջիջային հեռախօսներու եւ անլար այլ սարքերու ռատիոճառագայթումը դասակարգուած են քաղցկեղ պատճառող ազդակներու շարքին:

4

Ուղեղի Բթացումը

Ամերիկեան լուրջ ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ ելեկտրոնային սարքերուն առջեւ երկար ժամանակ անցընող երեխաներուն ուղեղը քառապատիկ ծանրաբեռնուած կ՛ըլլայ պիտանի եւ ոչ պիտանի տեղեկութիւններով. հետեւաբար երեխաները դժուար թէ զանազանեն հիմնականը երկրորդականէն, եւ քիչ-քիչ անոնց մօտ կը նուազին կշռադատութեան եւ ինքնակարգաւորման ունակութիւնները:

5

Զարգացման Յապաղում

Գիտնականներու կարծիքով, աշխուժ կեանքը կը բարելաւէ ուշադրութիւնը եւ նորը ընկալելու ու իւրացնելու ունակութիւնը: Անոնք կը պնդեն, որ ելեկտրոնային սարքերու գործածութիւնը կը վնասէ երեխաներու զարգացման եւ բացառաբար կ՛ազդէ անոնց ուսումին, տրուած ըլլալով, որ անոնք ժամերով կը գամուին այդ սարքերուն առջեւ` կամաց-կամաց մոռնալով խաղը, վազքը, ցատկռտուքը եւ այլն…

6

Քունի Դժուարութիւն

Ելեկտրոնային սարքերու կապոյտ լուսարձակումը կ՛արգիլէ երեխային բնական ձեւով քունի անցնելուն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոր հանգիստի ժամերու կրճատման եւ անքնութեան:

7

Հոգեբանական Խանգարումներ

Համացանցային կախուածութիւնը, հոգեբաններու կարծիքով, հոգեբանական լուրջ հարցեր կրնայ ստեղծել երեխային մօտ` մեկուսացում, ինքնամփոփում, ընտանիքի անդամներուն եւ տարեկից երեխաներու հետ յարաբերելու դժուարութիւն եւ նոյնիսկ` ընկճախտ:

8

Իրականութենէն Անջատում

Շուէտական ուսումնասիրութիւն մը հաստատած է, որ իրենց մանկութիւնը բնական ապրող եւ ելեկտրոնային սարքեր քիչ օգտագործող երեխաները հետագային աւելի իրապաշտ եւ ինքնուրոյն մարդիկ կը դառնան, մինչդեռ համացանցային կախուածութիւն ունեցողները կ՛անջատուին իրականութենէն եւ ապագային զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ յուսախաբութիւններ կ՛ապրին:

Ելեկտրոնային սարքերը ժամանակակից կեանքի անբաժան մասն են: Պէտք է երեխային սորվեցնել անոնց ճիշդ օգտագործումը, բայց` ոչ շատ փոքր տարիքէն, եւ անշուշտ պէտք է սահմանափակել անոնց օգտագործման ժամանակահատուածը:

Փոքր տարիքին երեխան պէտք ունի խօսակիցի, իրեն հետ խաղացողի, իրեն պատմութիւն պատմողի, պտոյտի տանողի եւ ոչ թէ` ծնողքին սմարթֆոնին:

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Արագ նայեցէ՛ք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը կը բացայայտէ ձեր հոգեվիճակը:

Պեխաւոր Ուրախ Դէմք

Կը նշանակէ, որ բաւական հանգիստ հոգեվիճակ ունիք, փիլիսոփայութեամբ կը վերլուծէք ձեզ շրջապատող լաւ եւ գէշ երեւոյթները, կը փորձէք զգացականը մէկ կողմ դնել եւ առաւելաբար տրամաբանութեամբ կշռադատել ամէն բան: Պաղարիւն էք, որոշ չափով` լաւատես եւ իրապաշտ:

Երկու Փոքրիկ Թռչու՛ններ

Կը նշանակէ, որ սէրն ու յարաբերութիւնները ձեր կեանքին առաջնահերթութիւններն են: Հոս խօսքը սիրային յարաբերութիւններու մասին չէ միայն, այլ ընտանիքի, ընկերներու եւ երեխաներու հետ յարաբերութեան մասին է` ընդհանուր առմամբ: Թերեւս շրջան մը դուք շատ զբաղած եղած էք եւ ժամանակ չէք ունեցած գրկելու եւ համբուրելու ձեր երեխաները, զուգընկերը կամ գրելու ձեր ընկերոջը, պատմելու, թէ որքա՜ն կարօտած էք զինք:

Աստղային Գիշեր

Կը նշանակէ, որ հոգեպէս այնքան ալ նախանձելի չէ ձեր վիճակը: Հանգիստ չէք գործի մէջ, հաշտ չէք ձեր շրջապատին հետ… Այլ խօսքով, ուրախ չէք:

Ժամանակն է, որ որոշէք, թէ ի՛նչ բան կ՛ուրախացնէ ձեզ, ի՛նչը հաճոյք կը պատճառէ ձեզի, եւ այդ ուղղութեամբ քայլ առնէք: Երբեք ուշ չէ ճիշդ որոշումներ տալու եւ դէպի առաջ շարժելու համար:

Ստուգենք Մազերու Հետ Կապուած
Մեր Գիտելիքները

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, որ մազերը յաճախակի լուալը գլխամաշկը կը դարձնէ իւղոտ:

– ՃԻՇԴ է այն հաստատումը, որ մազաթափութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը ընկճախտն է:

– ՃԻՇԴ է այն հաստատումը, որ սեւ գոյնի մազերը աւելի արագ կ՛աճին, քան` բաց գոյնի մազերը:

– ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, որ մազերը յաճախ սանտրելու պարագային, անոնք աւելի արագ կը իւղոտին ու կը փայլին:

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, որ արեւէն մազերուն գոյնը կը բացուի: Այս կարծիքը թերեւս կը յարմարի ներկուած մազերուն:

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, որ եթէ մազերը յաճախակի կտրենք, անոնք աւելի խիտ եւ առատ կը բուսնին:

– ՍԽԱԼ է այն համոզումը, որ յղութենէն եւ ծննդաբերութենէն ետք մազերը կը թափին:

– ՃԻՇԴ է այն հաստատումը, որ մազերուն ճերմկիլը կապուած է տարիքի հետ: Ժառանգական եւ այլ գործօններ իրենց դերը ունին մազերու ճերմկելուն մէջ:

– ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, որ թաց մազերը աւելի դիւրաբեկ են, քան` չոր մազերը, հետեւաբար թաց մազերը պէտք է սանտրել ցանցառ ակռաներով օժտուած սանտրներով:

– ՃԻՇԴ է այն հաստատումը, որ տեւաբար դէպի ետեւ քաշուած ու կապուած մազերը աւելի դիւրաբեկ եւ վատառողջ կ՛ըլլան: Պէտք է զանոնք յաճախ ազատ արձակել, որպէսզի թելերը շնչեն ու թուլնան:

– ՃԻՇԴ է այն հաստատումը, որ կիտրոնի հիւթը փայլք կու տայ մազերուն:

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, որ եթէ մազերուն ծայրամասերը փճացած են, մազերը չեն բուսնիր:

Հետաքրքրական

Գիրքի Ձեռագործ Արուեստը

Ձեռագործ գիրքը ամբողջ աշխարհ մըն է:

Գիրքի արուեստին նոր շունչ հաղորդող New illuminations ծրագիրը, որ ստեղծուած է ազգութեամբ ամերիկացի Սիուզի Պենքս Պաոմի կողմէ, արդէն 4-րդ տարին է դասընթացքներ կը կազմակերպէ Գիւմիրիի մէջ` կիներու եւ աղջիկներու համար, որոնք հետաքրքրուած են գիրքի արուեստով, անոր ստեղծման առանձնայատկութիւններով եւ ունին  իւրայատուկ հայեացք գոյներու ձեւաւորման մէջ:

Ծրագրին նպատակն է հայ կիներու հնարաւորութիւն տալ ուսումնասիրելու աւանդական գրքարուեստի առանձնայատկութիւնները, ցուցաբերել իրենց հմտութիւններն ու ճաշակը, նոր ընկերներ ձեռք բերել եւ մասնակցիլ ցուցահանդէսներու` ու իրենց արուեստի միջոցով դրամ շահիլ:

Եթէ հարց տաք, թէ ինչո՛ւ այս ծրագիրը յատկացուած է միայն կիներուն, պատասխանը հետեւեալն էշ «Ծրագիրին նպատակը միայն գիրք ստեղծել չէ, այլ նաեւ կիներն ու երիտասարդուհիները խմբելը` արուեստի միջոցով, անոնց ձայնը լսելի դարձնելն է, երազանքներն ու նպատակները իրականացնելն է եւ ձեռային աշխատանքներու միջոցով դրամ շահելու հնարաւորութիւն տալն է»:

Խոհագիր

 Մածունով Կարկանդակ

Դիւրին եւ խնայողական այս բաղադրատոմսը պիտի գոհացնէ թէ՛ փոքրերուն եւ թէ՛ մեծերուն քիմքերը:

Բաղադրիչներ

– 1 գաւաթ մածուն
– 3 հաւկիթ
– 2 գաւաթ շաքար
– 3 գաւաթ ալիւր
– 2 թէյի դգալ թթխմոր
– Կէս գաւաթ բուսական ձէթ
– Վանիլլա, կիտրոնի տաշուք

Պատրաստութիւն

Հաւկիթները եւ շաքարը ելեկտրական գործիքով զարնել, աւելցնել կիտրոնի տաշուքը եւ վանիլլան, ապա` մնացեալ բաղադրիչները:

Խմորը լեցնել կարագով ծեփուած կաղապարի մը մէջ եւ 35-40 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ, 180 ջերմաստիճանով:

Փուռէն հանելէ ետք կարելի է կարկանդակին երեսը ծեփել ծիրանի անուշով (խիւս տեսակը), որուն քանի մը կաթիլ ջուր աւելցնելով նօսրացուցած ըլլաք:

Փուռէն հանելէ ետք, սպասել որ կարկանդակը լաւ պաղի, ապա երեսը զարդարել փոշի շաքարով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Որ Ապրեմ Երկար

Շնորհակալ եմ ձեր լաւ խօսքերից.
Բարի, բարեսիրտ ձեր մաղթանքներից`
Որ ապրեմ երկար, որ լինեմ առողջ,
Բախտս վայելեմ առօք ու փառօք,
Խուսափեմ ցրտից, յուզմունքից, վէճից
Ու սրտիս մօտիկ չընդունե՜մ ոչինչ…
Ես համաձայն եմ, բայց, բարեկամներ,
Ես ինչպէ՞ս մնամ պաղ ու անտարբեր,
Ինչպէս անցնեմ ու չտեսնելու տամ
Կիսաքաղց ծերին, մուրացիկ մանկան,
Տեսնեմ վտանգը ու չտագնապեմ,
Տեսնեմ կեղծիքը ու չծառանամ,
Տեսնեմ սադրանքը ու չզայրանամ,
Կտրեմ կեանքի հետ կապերս բոլոր,
Ի՛նչ է, թէ ապրեմ աւելի երկար:
Զուր էք ինձ կարդում խրատ ու յորդոր,
Միայն ապրելը քիչ է ինձ համար:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Օգնել Երեխային` Յաղթահարելու Հոգեխոցը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Օգոստոս 4-ի աղէտը ապրած երեխաները տակաւին ծանր հոգեխոցի (trauma) մէջ են եւ բնականաբար կարիքը ունին յատուկ ուշադրութեան, վերաբերմունքի եւ գուրգուրանքի:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք հոգեբաններու օգտակար թելադրանքներ` ուղղուած բոլոր այն ծնողներուն, որոնց զաւակները ապրեցան, լսեցին կամ լրատուամիջոցներէն ականատես եղան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ու ծանր կը տանին անոր հետեւանքները:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 հիմնական թելադրանքներ:

– 1 –

Ձեր երեխան հանգստացնելու նպատակով մի՛ ստէք, ճշմարտութիւնը պատմեցէ՛ք: Ըսէք, որ պայթում տեղի ունեցաւ, մարդիկ զոհուեցան, շատեր վիրաւորուեցան, տուներ ու խանութներ քանդուեցան:

Անխուսափելի է, ձեր երեխան կա՛մ մեծերու խօսակցութենէն, կա՛մ հեռատեսիլէն կա՛մ ալ ընկերներէն պիտի իմանայ պայթումին մասին: Աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ, որ ան ձեզմէ լսէ ճշմարտութիւնը` առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու:

– 2 –

Առիթ տուէ՛ք ձեր երեխային, որպէսզի խօսի, պատմէ իր տեսածին, լսածին կամ զգացածին մասին:

Երեխան հանգստացնելու միտումով մի՛ ձեւացնէք, որ պատահածը ոչինչ էր: Մի՛ ըսէք` «Բան մը չէր, մոռցի՛ր» կամ «Մեզմէ հեռու էր, մի՛ վախնար, նորէն պիտի չպատահի», կամ` «Ամօ՛թ է, մի՛ լար, դուն մեծ ես»:

Նոյնիսկ դուք մի՛ պահէք ձեր արցունքները, երեխային բացատրեցէ՛ք, որ լալը ամօթ չէ, ընդհակառակը` շատ բնական երեւոյթ է, երբ վախցած ենք կամ յուզուած:

– 3 –

Նաւահանգիստի աղէտին յաջորդող շաբաթներուն երեխան աւելի մեծ կախուածութիւն պիտի ցուցաբերէ ծնողներէն: Կորուստի կամ բաժանումի վախը ժամանակի կը կարօտի փարատելու համար:

Մի՛շտ ձեր զաւկին կողքին եղէ՛ք, վստահեցուցէք, որ առանձին չէ, դուք պատրաստ էք իրեն օգնելու եւ պաշտպանելու: Միայն ձեր հանգստացնող խօսքերուն ճամբով է, որ քիչ-քիչ անոր մօտ պիտի վերականգնի անվտանգութեան զգացումը:

– 4 –

Պայթումը վերապրած երեխաները տարբեր ձեւերով կը դրսեւորեն իրենց ապրումներն ու զգացումները: Այսպէս, ոմանք «շատախօս» կամ «անհանդարտ» կը դառնան, մինչ ուրիշներ ընդհակառակը` ամբողջովին կը լռեն եւ մինչեւ իսկ չեն համարձակիր տան մէջ շրջագայիլ: Շատեր կը կորսնցնեն իրենց ինքնավստահութիւնը, ախորժակը կամ քունը: Ոմանք իրենց տակը կը թրջեն, ոմանք ալ կակազելու կը սկսին…

Աչալուրջ հետեւեցէ՛ք ձեր երեխային խօսքերուն, շարժումներուն: Լռող երեխային առիթ տուէք, որ իր ներաշխարհը բացայայտէ գծագրութեան ճամբով. անոր թուղթ, գունաւոր մատիտներ կամ կաւ տուէ՛ք, որպէսզի դուրս հանէ ներսը կուտակուած լարուածութիւնն ու յուզումը: Երբեմն գծագրութիւնները շատ աւելի պերճախօս են, քան սովորական բառերը:

– 5 –

Վերջապէս շատ կարեւոր է, որ կամաց-կամաց երեխան վերադառնայ «ռութին»-ին, առօրեայ սովորութիւններուն:

Բացի ծնողներուն գուրգուրոտ ու հոգատար վերաբերմունքէն, երեխան պէտք է զգայ, որ կեանքը կը շարունակուի: Ճաշի, խաղի, քունի ժամերը պէտք է վերականգնին: Եթէ կարելի է բացօթեայ պտոյտներ եւ ինչու չէ մէկ-երկու ընկերոջ հետ հանդիպումներ կազմակերպեցէ՛ք:

Եթէ իբրեւ ծնողի դուք ձեր կարգին հոգեխոց կ՛ապրիք եւ ի վիճակի չէք աջակցելու ձեր երեխային, անյապաղ դիմեցէ՛ք մասնագէտի մը օգնութեան:

 

Այլազան

 Հոտառութեան Կորուստը

Գիտնականներ պարզած են, որ երբ ոմանց մօտ ուտելիքը արդէն ախորժաբեր չի բուրեր եւ օծանելիքին բոյրը զզուելի է, այս ազդանշանները կը վկայեն լուրջ հիւանդութիւններու զարգացման մասին:

Գիտնականներուն կարծիքով, հոտերը ճանչնալու եւ զանազանելու յատկութիւնը կորսնցուցած մարդիկ յաջորդ 5 տարիներուն 6 անգամ աւելի յաճախ մահացած են:

Հոտառութեան խանգարումը ինքնին մահուան սպառնալիքը չ՛աւելցներ, սակայն անիկա կը վկայէ լուրջ հիւանդութիւններու մասին: Երբ մարդ չի ճանչնար վարդին, ձուկին, կաշիին, նարինջին, մանանեխին հոտերը, մտահոգուելու լուրջ առիթ է:

Հոս կարեւորութեամբ նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններէն մէկն ալ հոտառութեան կորուստն է:

Ընկերութիւնը Կ՛օգնէ
Մեր Առողջութեան

Ընկերները մեծ դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Ընկերութիւնը կը բարելաւէ մարդոց ո՛չ միայն հոգեբանական, այլեւ ֆիզիքական առողջութիւնը:

Այսպէս, ամերիկացի գիտնականներ փաստած են, որ այն մարդիկը, որոնք յաճախ ընկերական յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց շրջապատին հետ, աւելի երջանիկ են եւ հոգեպէս աւելի հանգիստ ու հաւասարակշռուած, քան անոնք, որոնք ընկերներ չունին կամ քիչ ունին:

Հետազօտութիւններու արդիւնքը հաստատած է, որ ընկերութիւնը`

– Կը կանխարգիլէ սիրտի զարկերու խանգարումը:
– Կը կարգաւորէ արեան ճնշումը:
– Կը կարգաւորէ մարսողութիւնը:
– Կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:
– Կը նպաստէ բարձր տրամադրութիւն պատճառող հորմոններու արտադրութեան:

Գիտէի՞ք, որ 2011-ին ՄԱԿ-ը յուլիս 30-ը հռչակած է Ընկերութեան միջազգային օր:

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Արագ աչք մը նետեցէ՛ք նկարին եւ առանց երկար կեդրոնանալու ըսէ՛ք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Արդիւնքը կը բացայայտէ սիրելի անձին հետ ձեր յարաբերութիւններու բնոյթը:

– Եթէ առաջին հերթին ՀԱՄԲՈՅՐ տեսաք` ջերմ զգացումներու, սիրոյ եւ կիրքի խորհրդանիշ է:

Համբոյրը նաեւ խորհրդանիշ է խաղաղութեան եւ ընտանեկան բարեկեցութեան: Ձեզի համար ընտանիքը, սէրն ու համերաշխութիւնը առաջնահերթ են:

***

– Եթէ առաջին հերթին ԼԱԹԱԿԱԼ տեսաք` միասնականութեան եւ սիրոյ խորհրդանիշ է: Դուք ձեր երկրորդ կէսին հետ կարծէք մէկ անձ ըլլաք: Ձեզի համար ամէնէն կարեւորը փոխըմբռնումը, յարգանքը եւ փոխադարձ զգացումներն են:

***

– Եթէ առաջին հերթին ԵՐԿՈՒ ՄԱՐԴ տեսաք` նրբութեան, սիրոյ եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշ է: Ձեր կեանքի ամէնէն երջանիկ պահերը, սէրն ու երջանկութիւնը սերտօրէն կապուած են ձեզի սիրելի անձին հետ:

 

Աղի Գործածութեան
Հետաքրքրական Տարբերակներ

 

Ժամանակին աղը շատ թանկարժէք նիւթ նկատուած է:

Այսօր անիկա մեր խոհանոցին անբաժան մէկ մասը կը կազմէ, եւ ոչ մէկ տանտիկին կամ խոհարար կը հրաժարի անկէ: Չմոռնանք սակայն, թէ մեր օրերուն աղը, ինչպէս նաեւ շաքարը «սպիտակ մահ» անուանումին արժանացած են:

Բացի կերակուրները համեմելէ, աղը կարելի է հետաքրքրական տարբերակներով օգտագործել մեր առօրեայ կեանքին մէջ. ստորեւ` հետաքրքրական օրինակներ:

– Տան եւ ինքնաշարժի ապակիները մաքրելու համար: Մոռցէ՛ք շուկայի սուղ դեղերը, 3 լիթր գաղջ ջուրի մէջ լուծեցէ՛ք 2 ապուրի դգալ աղ եւ լծուեցէ՛ք գործի:

– Հագուստները գունաթափումէ պաշտպանելու համար, լուացքի մեքենային մէջ 2 ապուրի դգալ աղ աւելցուցէ՛ք: (Այս միջոցին դիմեցէ՛ք պարբերաբար):

– Ակռայի ցաւի եւ լինտերու բորբոքումի պարագային գաւաթ մը գաղջ ջուրի մէջ թէյի դգալ մը աղ լուծեցէ՛ք եւ անով ողողեցէ՛ք ձեր բերանը:

 

– Ոտքերու քրտնարտադրութիւնը եւ տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար ոտքի լոգանքներ ըրէք: 8 լիթր գաղջ ջուրի մէջ 8 ապուրի դգալ աղ լուծեցէ՛ք եւ ձեր ոտքերը ջուրին մէջ պահեցէ՛ք շուրջ 15 վայրկեան:

– Եթէ ջեռոցին մէջ ձուկի տհաճ հոտ մնացած է, աղով եւ կասիայով խառնուրդ մը պատրաստեցէ՛ք. ջեռոցը վառեցէ՛ք եւ խառնուրդը մէջը դրէ՛ք: 5 վայրկեան ետք անախորժ հոտը կը չքանայ:

– Արծաթեայ եւ պղնձեայ իրեր մաքրելու համար կէս գաւաթ քացախի մէջ 2 ապուրի դգալ աղ աւելցուցէ՛ք եւ այս խառնուրդով շփեցէ՛ք իրերը, մինչեւ որ փայլին:

– Խոհանոցի լուացարանին խցուած խողովակը մաքրելու համար ծակին մէջ աղ լեցուցէ՛ք եւ վրան եռացած ջուր թափեցէ՛ք:

– Կօշիկներուն մէջէն խոնաւութեան տհաճ հոտը չէզոքացնելու համար, աղով լեցուն ծրարիկներ զետեղեցէ՛ք անոնց մէջ եւ ձգեցէ՛ք ամբողջ գիշեր մը:

– Տապակին այրած յատակը մաքրելու համար, զայն աղով ծածկեցէ՛ք, սպասեցէ՛ք 2 – 3 ժամ, որմէ ետք լուալն ու մաքրելը շատ դիւրին պիտի ըլլայ:

– Հագուստներուն վրայէն գինիի արատները մաքրելու համար, անոնց վրայ աղ ցանեցէ՛ք, քանի մը վայրկեան սպասեցէ՛ք, ապա ցօղուեցէ՛ք` նախքան լուացքի մեքենային մէջ լուալը:

– Ձեռքերուն վրայէն սոխի, ձուկի անախորժ հոտերը չքացնելու համար, զանոնք քանի մը վայրկեան շփեցէ՛ք քացախով եւ աղով:

– Արդուկին կպչուն յատակը մաքրելու համար թուղթի մը վրայ աղ ցանեցէ՛ք, ապա շոգիով բանող տաք արդուկը ուղղահայեաց եւ հորիզոնական շարժումներով պտտցուցէ՛ք թուղթին վրայ:

 

Խոհագիր

Լաւաշով Ուտեստ

Բաղադրիչներ

– 1 լաւաշ
– 300 կր սունկ
– 1 գլուխ սոխ
– 1 ստեպղին
– Բուսական ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Ստեպղինը լուալ, կեղուել եւ քերոցէ անցընել եւ բուսական ձէթին մէջ 2-3 վայրկեան դարձնել:

Սոխը մանրել եւ աւելցնել ստեպղինին վրայ ու շարունակել եփել:

Վերջապէս մանր կտրտել թարմ սունկը, աւելցնել մնացեալ բանջարեղէններուն վրայ եւ շարունակել տապկել:

Լաւաշը փռել, վրան տարածել պաղած միջուկը եւ գլանաձեւ փաթթել: Ստացուած գլանաձեւ հացը կերպընկալ թուղթի մէջ փաթթել եւ 20 վայրկեան սառնարանը պահել:

Մատուցելու ժամանակ սառնարանէն հանել ու շերտել:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կայ հին մարագը եւ խոտի դէզը,
Կալատեղն էլ կայ, բայց չկայ եզը:
Եզը ի՞նչ աներ, անցել է դարը,
Դէ եզ է, էլի, գլուխը քարը…
Տրակտորի տուած բարիքը ծով է,
Ատոմի դարում եզ պահողն ո՞վ է:
Արօրի բախտը բերեց այս անգամ,
Եկան քաղաքից, տարան թանգարան:
– Էքսպոնատ է արօրը,- ասին,-
Պիտի իմանայ աշխարհն էդ մասին:
– Բա ե՞զն,- հարցրին,- ի՞նչ անի անգործ:
– Եզան համար էլ կայ սպանդանոց:
Եզը խեղճ եզ էր, դէ ո՞ւմ բողոքէր,
Վճիռը անբեկ ու անողոք էր:
Տարան մորթելու, ու չբառաչեց,
Տարան քերթելու, ու չհառաչեց.
Ականջում արտի շրշիւն-շորորն էր,
Հոգում մաճկալի հո՜-հորովելն էր:
Հեռւում մարագն էր ու խոտի դէզը…
Եւ ոչ ոք չասաց. «Ափսո՜ս է եզը»:

ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ

 

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչպէս Կանխարգիլել Տնային Արկածները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Վստահաբար գիտէք, որ երեխաներու մահուան պատճառներէն առաջինը տնային արկածներն են:

Տան զանազան սենեակները, բայց մանաւանդ խոհանոցը լեցուն են աննախատեսելի վտանգներով, որոնց պատճառով երեխաները կրնան մինչեւ մահուան դուռ երթալ: Հետեւաբար, ծնողները պէտք է աչալուրջ հսկեն իրենց երեխաներուն, զանոնք առանձին չձգեն եւ մանաւանդ անհրաժեշտ միջոցառումներ կանխատեսեն` երեխաներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք տնային արկածներէն հիմնականները:

Խոհանոցը

Ինչպէս նշեցինք, տնային արկածներուն մեծ մասը կը պատահի խոհանոցին մէջ:

Երեխաները հեռու պէտք է պահել վառած փուռէն, կոթը դէպի դուրս երկարած սաներէն, ելեկրտրոնային գործիքներէն (հարիչ, մանրալիք եւ այլն…), լուցկիէն եւ հրահանէն. ասոնք բոլորն ալ այրուածքի հետ կապուած արկածներ կրնան պատճառել:

Մաքրութեան ծառայող քիմիական դեղերու շիշերը պէտք է զետեղել փակ պահարաններու մէջ եւ կամ բարձր դարաններու վրայ: Երբեք ջուրի շիշերու մէջ հեղուկ դեղ չփոխադրել, երեխան զայն ջուր կարծելով կրնայ խմել ու թունաւորիլ:

Խոհանոցի սեղանին վրայ պէտք չէ ձգել դանակ, մկրատ, խորովածի շամփուր եւ այլն… Ասոնք կրնան ծանրօրէն վիրաւորել երեխան եւ մինչեւ վիրահատութիւն տանիլ:

***

Լոգարանը

Երեխան կրնայ քանի մը վայրկեանի ընթացքին խեղդամահ ըլլալ, նոյնիսկ 20 սմ. ջուրի մէջ…

Երեխան երբեք առանձին պէտք չէ ձգել լոգարանին մէջ, թէկուզ` քանի մը վայրկեանով: Հեռախօսի զանգերուն պէտք չէ պատասխանել, թակուող դուռը բանալու պէտք չէ երթալ:

Լոգանքի արարողութեան անցնելէ առաջ ձեռքի տակ պէտք է ունենալ ամէն բան` օճառ, սպունգ, շամփուէն, ցամքոց եւ այլն…

Լոգարանին յատակը պէտք է ծածկել յատուկ գորգով, որպէսզի երեխան չսահի:

***

Նստասենեակ

Նստասենեակը պէտք չէ պահել թունաւոր համարուած բոյսի որոշ տեսակներ:

Նստասենեակի սեղանին վրայ պէտք չէ թափառին նախորդ գիշերուընէ մնացած պիստակեղէն, խմիչքի գաւաթներ ու շիշեր եւ այլն…

Նստասենեակը եւ ամէնուրեք պէտք չէ աթոռներ կամ սեղաններ գտնուին պատուհաններուն եւ պատշգամ տանող դռներուն մօտ: Երեխաները հետաքրքիր են, կրնան անոնց վրայ բարձրանալ դուրսը դիտելու ու իյնալ վար:

Եւ Տակաւին…

Երեխաներու հասողութենէն հեռու պէտք է պահել դեղահատերը, մանաւանդ եթէ անոնք գունաւոր են եւ շաքարի տպաւորութիւն կը ձգեն:

Տան մէջ պէտք չէ ձգել կերպընկալ տոպրակներ, երեխան տոպրակը գլուխը անցընելով շնչահեղձ կրնայ ըլլալ:

Ելեկտրական հոսանքին միացած արդուկը առանց հսկողութեան կարելի չէ ձգել. ելեկտրաթելը քաշելով արդուկը կրնայ շրջիլ եւ ծանրօրէն այրել մանուկը:

Տան մուտքի դուռը միշտ փակ պահել, իսկ ներքին դռներուն վրայէն վերցնել բոլոր բանալիները:

Ելեկտրաթելերու ամրակները պաշտպանուած եւ փակ պահել: Ելեկտրահարութեան արկածները կանխարգիլելու համար:

Ահա, թէ ինչպէս կարելի է նախատեսել ու կանխարգիլել տնային արկածները եւ պահպանել երեխաներուն անվտանգութիւնը:

Կին Դէմքեր

Եւա Գէորգեանի Յաջողութիւնները

Երիտասարդ դաշնակահարուհի, Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մենակատար Եւա Գէորգեանը «Կրան փրի» մրցանակին արժանացաւ Շիքակոյի միջազգային երաժշտական մրցումին:

Դաշնակահարուհին նաեւ յատուկ մրցանակ ստացաւ Ֆ. Շոփէնի ստեղծագործութեան լաւագոյն կատարման համար:

Այս անգամ առցանց ձեւաչափով կայացած մրցումի դատական կազմը իր հիացումը արտայայտած է տաղանդաւոր դաշնակահարուհիին կատարողական վարպետութեան գծով:

Նշենք, որ մրցումին մասնակցած են 22 երկիրներէ շուրջ 400 երաժիշտ: Ամէն տարի այս փառատօնը տեղի կ՛ունենար Մ. Նահանգներու Շիքակօ քաղաքին մէջ` համախմբելով աշխարհի ամէնէն տաղանդաւոր երաժիշտները եւ նպաստելով անոնց մասնագիտական զարգացման: Մրցումի նպատակներէն է նաեւ նպաստել մշակութային փոխանակութեան եւ յայտնաբերել երիտասարդ տաղանդները:

Եւա Գէորգեան ներկայիս կը պատրաստուի մասնակցելու Ֆ. Շոփէնի անուան դաշնակահարներու միջազգային մրցումին, որ աւանադաբար տեղի կ՛ունենայ Վարշաւայի մէջ:

«Քորոնա» համավարակին պատճառով մրցումը յետաձգուած է, եւ պիտի կայանայ 2021-ին:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Գիտելիքներ

 Խոհանոցային Գիտելիքներ

Երբեք ուշ չէ նոր բան մը սորվելու…

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք 10 օգտակար խոհանոցային հնարքներ, որոնք կ՛օգնեն թէ՛ ժամանակ խնայելու, եւ թէ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու ձեր աշխատանքը:

-1-

Մեզմէ իւրաքանչիւրը խաշած հաւկիթը կը սիրէ որոշ պնդութեամբ մը: Ստորեւ նկարը յստակօրէն կը ճշդէ, թէ հաւկիթը քանի վայրկեան պէտք է խաշել հիւթեղ, պինդ կամ շատ պինդ ստանալու համար:

-2-

Նախքան կարկանդակ կտրելը, եթէ դանակին շեղբը շատ տաք ջուրի տակ բռնէք, կարկանդակը շատ դիւրաւ կը շերտէք, եւ սերը դանակին շեղբին չի կպչիր:

-3-

Կտրուած կարկանդակը չի չորնար եւ երկար կը դիմանայ, եթէ անոր երկու ծայրամասերուն մէկական շերտ ֆրանսական «փէն տը մի» հաց զետեղէք:

-4-

Քանի մը օրուան փիցցաի առաջին օրուան թարմութիւնը վերադարձնելու համար անոր մակերեսին քիչ մը ջուր սրսկեցէք եւ ապա տաք փուռին մէջ տաքցուցէք:

-5-

Որպէսզի սոխը չփտի եւ չծլի, առէք կանացի մաքուր գուլպայ մը, սոխերը մէջը լեցուցէք այնպէս մը, որ հանգոյցներով իրարմէ բաժնէք, ապա զայն կախեցէք շուք եւ օդասուն տեղ մը:

-6-

Ալիւրը որդերէ եւ ճճիներէն պաշտպանելու համար, պարկին կամ շիշին մէջ քանի մը դափնիի տերեւ զետեղեցէք:

-7-

Որպէսզի գետնախնձորները չծլին եւ երկար դիմանան, անոնց միջեւ 1-2 խնձոր զետեղեցէք:

-8-

Սխտորը շատ երկար կը դիմանայ, եթէ զայն պատառաքաղով մը ծակծկուած թուղթէ տոպրակի մէջ դնէք եւ շուք տեղ մը զետեղէք:

-9-

Թոշնած խոտերը (անանուխ, ազատքեղ, գինձ…) մի՛ թափէք, զանոնք փուռի ափսէին վրայ տարածեցէք եւ եփեցէք մինչեւ չորնան: Պաղելէն ետք, զանոնք ձեռքով փշրեցէք եւ մաղէ անցուցէք, ապա ապակեայ մաքուր շիշի մէջ փոխադրեցէք:

 

-10-

Ազատքեղը աւելի երկար ժամանակ թարմ կը մնայ, եթէ զայն ալիւմիւնիոմ թուղթի մէջ փաթթենք ու սառնարանը պահենք:

Քանի Մը Տողով

«Պըրպըրի»-ի Պաշտպանիչ Դիմակները

Բրիտանական «Պըրպըրի» ապրանքանիշը թողարկած է հակավարկային պաշտպանիչ դիմակներու հաւաքածոն: Դիմակները պատրաստուած են վերամշակուած նիւթերէ եւ կը համապատասխանեն անձնական պաշտպանիչ միջոցառումներու պահանջներուն: Անոնք կը վաճառուին յատուկ պայուսակով, որ նոյնպէս պատրաստուած է հակամանրէային գործուածքէ:

«Պըրպըրի»-ի դիմակները կարելի է ձեռք բերել միայն առցանց, եւ իւրաքանչիւրը կ՛արժէ 198 տոլար:

Դիմակներու վաճառքէն գոյացած հասոյթին մէկ մասը պիտի փոխանցուի «Պըրպըրի»-ի «Քորոնա»վարակի հիմնադրամին:

«Լուսի» Պայուսակը

Այսօր A.W.A.K.E. ապրանքանիշը արդէն իսկ ինքզինք փաստած է նորաձեւութեան շրջանակներուն մէջ: Ձեւագէտ եւ ոճաբան Նաթալիա Ալաւերտեանը այս ապրանքանիշը հիմնած է 2012-ին` Բրիտանիա:

Ապրանքանիշին ամբողջական անուանումն է «All Worderful Adventures Kindle Enthusiasm»:

Ձուաձեւ «Լուսի» անունով պայուսակը այս տարի յայտնուած է նորաձեւութեան բոլոր շաբաթներուն ընթացքին: Այս փափուկ եւ գեղեցիկ պայուսակը կարելի է գտնել պէժ, ճերմակ, սեւ, պորտօ եւ այլ գոյներով եւ վստահաբար զայն կրողը աննշմար չ՛անցնիր…

Հայ Ձեւագէտը Լուսարձակի Տակ

Ռուսիոյ մէջ  յայտնի հայ ոճաբան Ալեքսանտր Սիրատեկեանը գրաւած է ռուսական «շուօ պիզնես»-ի աստղերուն ուշադրութիւնը` իր ստեղծած իւրայատուկ ու նորաձեւ կօշիկներով:

Նորաձեւութեան ոլորտի ամէնէն հեղինակաւոր ամսագիրներէն մէկը` «Vogue»-ը վերջերս անդրադարձած է Ալեքսանտր Սիրատեկեանի կօշիկներու հաւաքածոյին, ուր յատուկ ձեւով կը զատորոշուի բարձրակրունկ եւ ծոպով օժտուած տեսականին:

Խոհագիր

Ամառնային Յագեցնող Աղցան

Բաղադրիչներ

– 3-4 հատ միջակ չափի խաշած գետնախնձոր
– 3-4 հատ խաշած հաւկիթ
-250 կր. խաշած կանաչ լուբիա  (բարակ տեսակը)
– Քացախ
– Չոր լոլիկ` շատ փափաքի
– Տունը գտնուող որեւէ տեսակի խոտ, հազար եւ այլն…
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Խաշած գետնախնձորները կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրել: Կանաչ լուբիան քամոցի մէջ փոխադրել, որպէսզի ջուրը սուզուի:

Աղցանի յատուկ ամանի մը մէջ փոխադրել գետնախնձորը, մանրուած հազարը, կանաչ լուբիան եւ զգուշութեամբ խառնել:

Պզտիկ, փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` ձէթով, քացախով, աղով եւ սեւ համեմով:

Թացանը թափել խառնուրդին վրայ, կրկին խառնել եւ զարդարել չոր լոլիկի եւ խաշած հաւկիթի շերտերով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Իմ բաժին տանջանքը կրեցի,
Իմ բաժին ցաւերին դիմացայ:
Ամէն տեղ ես իմ չափն իմացայ,
Պարտք տալով պարտքի մէջ խրուեցի:
Իմ բաժին կռիւը կռուեցի,
Իմ բաժին զրկանքը ես տարայ:
Տուեցի, տուածս ետ չառայ,
Ասացին ժլատ ես,-լռեցի:
Իմ բաժին աղունը փռեցի,
Իմ մէջքով ես տարայ ջրաղաց,
Բաշխեցի, ինձ ոչինչ չմնաց,
Հրճուանքից ես իմ մէջ փլուեցի:
Իմ լացով իմ այգին ջրեցի,
Իմ ջանքով իմ սարը բարձրացայ:
Պարզուելով, պարզուելով բարդացայ
Եւ նորից իմ միջից ծլեցի…
Իմ խելքով իմ երգը գրեցի,
Չուզեցի ոչ ոքից ոչ մի բան,
Իմ ոտքով բացեցի իմ ճամբան,
Իմ ձեռքով իմ բախտը կռեցի:

Հ. ՍԱՀԵԱՆ

 

 

Մաքուր Տունը` «Քորոնա» Վարակէն Խուսափելու Միջոցներէն Մէկը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մահացու վտանգ պարունակող «Քորոնա» վարակը դարձած է ամբողջ աշխարհի սարսափը, սակայն անկէ կարելի է փրկուիլ, եթէ ճիշդ հետեւինք մաքրութեան որոշ կանոններու:

Պաշտպանիչ դիմակ կրելէ, յաճախ ձեռքերը օճառելէ եւ հեռաւորութիւն պահելէ բացի, մաքուր բնակարանը վարակէն խուսափելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք տունը մաքրելու քանի մը խորհուրդ, որոնք կ՛օգնեն ձեզ եւ ձեր մտերիմները` պաշտպանելու այս վտանգաւոր վարակէն:

– Մասնագէտները կը թելադրեն ներքնազգեստները, սրբիչները, սաւանեղէնն ու ցամքոցները լուալ 60 ջերմաստիճանով:

Անոնց կարծիքով` շուկայէն, հանրախանութէն եւ նման վայրերէ վերադարձին հագուստները պէտք է անմիջապէս հանել եւ լուացքի դնել: Իսկ լուացքը չորցնել բացօթեայ` արեւի ճառագայթներուն պարզելով:

***

– Տուն վերադարձին կօշիկները պէտք է հանել տան մուտքին, հագնիլ մուճակները եւ այդպէս շրջիլ տան մէջ: Այս միջոցը եւս կ՛օգնէ, որ մանրէները տան մէջ չտարածուին:

***

– Գիտնականները կը պնդեն, որ «Քորոնա» վարակը չժանգոտող մետաղի, ապակիի եւ «փլասթիք»-ի վրայ կրնան ապրիլ ընդամէնը 5 օր: Անոնք խորհուրդ կու տան պնակեղէններն ու կաթսաները լուալ շատ տաք ջուրով:

***

– Հեռակառավարման վահանակը սովորաբար ձեռքէ-ձեռք կ՛անցնի, այդ պատճառով ալ պէտք է տեւաբար մաքրել ու հականեխել զայն: Մաքրելու համար կարելի է օգտագործել քացախի մէջ թրջուած մաքուր լաթ մը:

***

– Երեխաներուն մօտ վարակը կրնայ տարածուիլ խաղալիքներու միջոցով: Ամուր, կարծր խաղալիքները կարելի է լուալ խոշոր տաշտի մէջ կամ պնակ լուացող մեքենայի մէջ, իսկ փափուկները` լուացքի մեքենայի մէջ, միշտ` 60 ջերմաստիճանով:

***

– Մասնագէտներու կարծիքով` դռներու բռնակներուն վրայ վարակը կրնայ ապրիլ մինչեւ 9 օր, հետեւաբար շատ կարեւոր է զանոնք յաճախ մաքրելն ու հականեխելը: Հոս եւս քացախը ազդու, ոչ քիմիական միջոց է:

***

– Թղթադրամներն ու մանրադրամները մանրէի բոյն են, անոնք ձեռքէ-ձեռք անցնելով վարակը կրնան փոխադրել շատ արագ: Եթէ կարելի է ձեր վճառումները կատարեցէ՛ք անհպում միջոցով, այլապէս` մշտապէս հականեխեցէ՛ք ձեր ձեռքերը:

***

– Եւ վերջապէս` դուրսէն տուն բերուած որեւէ ապրանք (պտուղ, բանջարեղէն, պահածոյի տուփեր, ջուրի կամ զովացուցիչի շիշեր եւ այլն…) նախքան սառնարանին կամ պահարանին մէջ զետեղելը պէտք է բծախնդրօրէն մաքրել, լուալ…

Տան Կարծր Մակերեսները Մաքրող
Բնական Եւ Խնայողական Միջոց

Շուկայէն գնուած մաքրութեան դեղերը շատ լաւ գիտենք, որ կը պարունակեն քիմիական նիւթեր, որոնք պատճառ կը դառնան գերզգայնութիւններու, շնչառական անհանգստութիւններու կամ մորթային բորբոքումներու:

Թունաւոր նիւթերը սահմանափակելու համար ահա կը ներկայացնենք բնական, առողջապահական եւ խնայողական բաղադրատոմս մը` պատրաստուած նարինջի կեղեւով եւ քացախով: Ասիկա իտէալական է պատուհանները, ապակիները, հայելիները, լուացարանները, սառնարանը, խոհանոցի աշխատասեղանը մաքրելու համար: Այս հիանալի հեղուկը ո՛չ միայն թունաւոր չէ, այլ կը հոտազերծէ, իւղազերծէ եւ կ՛ախտահանէ` պայքարելով մանրէներուն դէմ: Այս բոլորէն բացի, ան կը տարածէ անուշ բոյր` շնորհիւ նարինջի կեղեւներուն:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.-

– Նարինջի, կիտրոնի, քլեմանթինի կամ կիտրոնի կեղեւ
– Ճերմակ քացախ
– Կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշ
– Հեղուկացիր
– Ձագար

Պատրաստութեան եղանակը

Պտուղը լուալ, կեղուել, ապա կեղեւները լեցնել ապակեայ շիշին մէջ եւ զանոնք ծածկել ճերմակ քացախով: Թող այս խառնուրդը մնայ առնուազն 10-15 օր:

Ձագարի միջոցով ստացուած հեղուկը լեցնել հեղուկացիրին մէջ եւ օգտագործել:

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Պտուղները Աւելի Երկար Ժամանակ
Թարմ Պահելու Համար

Շուկայէն գնուած պտուղները աւելի երկար կը դիմանան եւ կը պահպանեն իրենց սննդական արժէքը, եթէ հետեւինք ստորեւ նշուած թելադրանքներուն: Հոս կարեւորութեամբ ընդգծենք, որ տնտեսական ծանր տագնապի այս օրերուն թոյլատրելի չէ պտուղ թափելը` ժամանակէն առաջ փճանալուն պատճառով:

Խնձոր

Խնձորը երկար ժամանակ կը պահուի, եթէ սառնարանին բանջարեղէնի գզրոցին մէջ պահէք` անշուշտ առանց կերպընկալ տոպրակի:
Խնձորը 5 շաբաթ կը մնայ թարմ եւ կը պահէ իր քաղցր համն ու բոյրը:

Խաղող

Խաղողը երկու շաբաթ կը դիմանայ, եթէ դարձեալ սառնարանին բանջարեղէնի գզրոցին մէջ պահէք: Թելադրելի է, որ գզրոցին յատակը չոր անձեռոց մը զետեղուի:

Կիտրոն – Նարինջ

Սառնարանը պահուած կիտրոնն ու նարինջը 2-էն 3 շաբաթ կը դիմանան, դարձեալ եթէ խոնաւ չպահուին, եւ յատակին անձեռոցիկ մը կամ թուղթէ թանձր անձեռոցիկներ զետեղուին:

Պանան

Պանանը կարելի չէ սառնարանը պահել. անիկա սառնարանէն դուրս նուազագոյնը 4 օր կը դիմանայ եւ ուշ կը սեւնայ, եթէ կոթին բաժինը ալիւմինիոմ կամ կերպընկալ թուղթով փաթթէք:

Սեխ – Ձմերուկ

Սառնարանէն դուրս, չկտրուած սեխն ու ձմերուկը 5 օր կը դիմանան: Կտրուածները պէտք է ծածկել կերպընկալ թուղթով եւ պահել սառնարանը, ուր կը դիմանան առաւելագոյնը մէկ շաբաթ:

Դեղձ – Սալոր

Ոչ շատ հասուն դեղձն ու սալորը իրենց թարմութիւնը կը պահեն սառնարանին մէջ, թէ դուրս` շուրջ 5 օր:

Այս խորհուրդներէն վերջ, իբրեւ ոսկի կանոն մեծաքանակ գնումներ մի՛ ընէք: Գնեցէ՛ք տրամաբանական քանակութեամբ, ձեր սպառումին համապատասխան, որպէսզի թափելու ստիպողութեան չենթարկուիք:

 

Առողջապահական

Մոցարթ Լսելը Կրնայ Նուազեցնել
Լուսնոտութեան Տագնապները

Քանատացի գիտնականներու կարծիքով` դասական երաժշտութեան ունկնդրութիւնը կրնայ օգնել լուսնոտութենէ տառապող հիւանդներուն կառավարել իրենց տագնապներու յաճախականութիւնը: Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար` երաժիշտ Ա. Մոցարթի «Sonate pour deux pianos en ré majeur, K. 448» կտորն է, որ օժտուած է վերոյիշեալ բուժիչ յատկութիւններով:

Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգեր են` ամբողջ տարի մը լուսնոտութենէ տառապող 13 հիւանդներու հետեւելէ եւ զանոնք ուսումնասիրելէ ետք:

Լռութիւնը Կենսականօրէն Կարեւոր Է Մեր Ուղեղին

Աղմուկը բացասական ազդեցութիւն կը գործէ մեր ուղեղին վրայ` ընկճախտի հորմոններու մակարդակի բարձրացում պատճառելով:

Օրուան ընթացքին կան պահեր, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը լռութիւն կը փնտռէ. անիկա սփոփիչ է, յարմարաւէտ եւ արդիւնաւէտ: Լռութիւնը մեզ կ՛ոգեշնչէ, կը կոփէ միտքը, մարմինն ու հոգին: Մինչդեռ աղմուկը, ըստ հետազօտութիւններու, սերտօրէն կը կապուի արեան բարձր ճնշումի, սրտային հիւանդութիւններու, քունի կորուստի եւ ջղագրգռութեան հետ:

Աղմուկը նաեւ կ՛արգիլէ, որ վայելենք բնութիւնը, թռչուններուն ճռուողիւնը, հովին սուլոցը, ջուրին կարկաչը…

Ֆրանսացի ուսողագէտ, գրող, աստուածաբան Պլեզ Փասքալ ըսած է. «Մարդուն բոլոր դժբախտութիւնները կու գան անկէ, որ ան անկարող է հանդարտ եւ միայնակ նստիլ սենեակին մէջ»:

 

Հետաքրքրական

Հայաստանի Լքուած Վայրերէն`
Միքայէլ Արամեանցի Դղեակը

Ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, Հայաստանի մէջ եւս կը գտնուին լքուած վայրերու կառոյցներ, որոնք ժամանակին առանձնացեր են իրենց յատուկ նշանակութեամբ, գեղեցկութեամբ, եղեր են իրենց ոլորտի կեդրոններէն մէկը եւ իրենց շուրջ հաւաքեր են նշանաւոր մարդիկ:

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք Հայաստանի լքուած շինութիւններէն Միքայէլ Արամեանցի դղեակը, որ նոյնիսկ լքեալ ու կիսաւեր վիճակի մէջ` չափազանց խօսուն եւ տպաւորիչ է:

Միքայէլ Արամեանցը 19-րդ դարու թիֆլիսաբնակ հայ ձեռնարկատէր, նաւթարդիւնաբերող, մեծ բարերար եւ հասարակական գործիչ էր: Անգամ մը Զուիցերիա այցելութեան ընթացքին գեղեցիկ դղեակ մը կը տեսնէ եւ այնքան կը հաւնի, որ Հայաստան վերադարձին Ախթալայի մէջ անոր նմանակը կառուցել կու տայ:

Արամեանցի հոյակերտ դղեակը շատ բան կը պատմէ 19-րդ դարու հայկական ազնուական ընտանիքներու նիստուկացին մասին:

Ժամանակին այս դղեակը դարձած է հայ մտաւորականութեան հաւաքատեղի: Հոն յաճախակիօրէն այցելած են Խրիմեան հայրիկը, Յովհաննէս Թումանեանը, Ալեքսանտր Շիրվանզադէն եւ ուրիշներ:

Ցարական Ռուսիոյ օրերուն Արամեանցի տունը Լոռիի ձորի ելեկտրականութեամբ լուսաւորուած միակ շինութիւնն էր:

Շատ հետաքրքրական է նաեւ, որ այս դղեակի շրջափակին մէջ օրին կառուցուեր է Հայաստանի առաջին թենիսի դաշտը:

Խորհրդային իշխանութիւններուն օրով Արամեանցը կորսնցուցած է ամբողջ ունեցուածքը: Զրկուելով հարստութենէն եւ դիրքէն` Թիֆլիսի մէջ ան մահացած է սովի եւ աղքատութեան մէջ: Հետագային անոր դղեակը դարձած է կիսաւեր:

 

Խոհագիր

 
Տապկուած Դդումով Փաթոյթներ

 

Բաղադրիչներ

– 2 Խոշոր դդում
– 4 հաւկիթ
– 200 կրամ պանիր
– 6-8 ապուրի դգալ ալիւր
– 5 լոլիկ
– 5 պճեղ սխտոր
– 100 կր մայոնեզ
– Թարմ սամիթ (կարելի է չորով փոխարինել)
– 1 թէյի դգալ աղ

Պատրաստութիւն

Դդումները երկայնքին բարակ շերտերու վերածել:

Աղ ցանել եւ 15 վայրկեան սպասել:

Պանիրը եւ լոլիկը բարակ շերտել:

Դդումի շերտերը թաթխել նախ «զարնուած» հաւկիթի, ապա` ալիւրի մէջ եւ 2 երեսով տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Մանրուած սամիթը խառնել մայոնեզին հետ, ստացուած մածուկը քսել դդումի շերտերուն երկայնքին: Պանիրի եւ լոլիկի շերտերը շարել մայոնեզին վրայ, ապա դդումը ուշադիր փաթթել ինք իր վրայ:

Այս համեղ եւ իւրայատուկ խորտիկը պիտի սիրեն շատ շատեր:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անքուն Գիշերին

Քնել չի լինում…
Հիմա, երբ այնպէս ուզում եմ քնել,
Ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ մտքիցս հանել:
Հայեացքներս` անփակ` թափառում են լուռ –
Ու միտքս, տարտամ, դեգերում է մութ
Դաշտերում տխուր:
Մթութեան գրկում լալիս է դողդոջ
Լոյսը լապտերիս` մեռնող աղջկայ
Հոգեվարքի պէս…
Մէկը բախում է դռներն անցածի –
Ու յիշում եմ քեզ:
Մոռացուած երգի նուագի նման
Դողում է հոգիս լոյս մատների տակ –
Եւ ահա մէկ-մէկ շարւում են իմ դէմ
Պատկերներ, դէմքեր, որ կորել էին
Առանց յիշատակ:
Այնտեղ, մութի մէջ յայտնւում է ահա
Տեսիլդ գունատ ու տխրադալուկ,-
Օրերի անյայտ մշուշից ելած
Գունատ այցելու:
Ու յիշում եմ ես անձրեւոտ մի օր –
Մի հին իրիկուն.
Հեռու երգերի խանդավառ օրօր,
Հարսանքի հանդէս,-
Մաղող անձրեւի կաթիլների տակ
Կանգնել էի ես…
Է՜, քնե՜լ, քնել…
Աչքերս փակեմ ու սեղմեմ ամուր
Ու չմտածեմ ոչնչի մասին:
– Միթէ՞, երբեմն, չէ՞ինք միասին…
– Ա՜խ, օրօր ասա, անդորր ու օրօր.
Քնել եմ ուզում` գիշերն անց կացաւ…
– Երա՞զ էր արդեօք, զառանցա՞նք, թէ ցաւ…

Ե. ՉԱՐԵՆՑ

 

 

 

 


Մանկական Խնամք. Երեխային Տեսողութիւնը Պահպանող Օգտակար Մթերքներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տարատեսակ ելեկտրոնային գործիքներու յաճախակի գործածութիւնը կրնայ շատ վատ անդրադառնալ երեխաներու տեսողութեան, հետեւաբար նման սարքերու գործածութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելը շատ կարեւոր է փոքրիկներու տեսողութեան պահպանման համար. ասոր կողքին շատ կարեւոր է նաեւ երեխային սննդակարգը:

Մասնագէտներ ներկայացուցած են 5 սննդամթերք, որոնց յաճախակի օգտագործումը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երեխային տեսողութեան վրայ եւ կը պաշտպանէ հետագայ բարդութիւններէ:

Ձուկը

Օմեկա 3-ով հարուստ սալմոնը, թոնը կ՛օգնեն պահպանելու աչքերուն բնական խոնաւութիւնը եւ կը նուազեցնեն հետագային քաթարաքթի եւ աչքի կապուած այլ հիւանդութիւններու զարգացումը:

Կանաչ Տերեւով Բանջարեղէնները

Կաղամբը, շոմինը, բանջարը եւ պրոքոլին օժտուած են հակաօքսիտային յատկութիւններով. ասոնք թէ՛ կ՛ապահովեն աչքերուն առողջութիւնը եւ թէ կը նուազեցնեն տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու զարգացումը:

Հաւկիթը

Ա. կենսանիւթով հարուստ հաւկիթը կ՛օգնէ կանխելու հաւկուրութիւնն ու աչքերու չորութիւնը: Իսկ հաւկիթին դեղնուցին մէջ առկայ «քարոթենոիտ»-ները կ՛ապահովեն անոնց առողջութիւնը:

Սէ. Կենսանիւթով Հարուստ Պտուղները

Նարինջը, մանտարինը, բոմելոն, կրիֆոնը` շնորհիւ Սէ. կենսանիւթին, կ՛ամրապնդեն երեխային դիմադրողականութիւնը աչքերու վարակներու եւ այլ հիւանդութիւններու նկատմամբ:

Ընկուզեղէնը

Աչքերու առողջութեան պահպանման համար հարկաւոր է երեխային սննդակարգին անպայման ներառել նուշ, ընկոյզ, կաղին եւ այլն… Էօ. կենսանիւթով հարուստ ընկուզեղէնները մեծապէս կ՛օգնեն երեխային տեսողութեան պահպանման:

 

Ժամանց

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Իւրաքանչիւր մարդ ունակ է իր ձեւով մեկնաբանել շրջակայ միջավայրը: Այն, ինչ մարդիկ կը տեսնեն նկարին վրայ, կրնայ բխիլ քանի մը գործօնէ:

Իսկ դուք, ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին. ձեր պատասխանը կը պատմէ ձեր մասին:

Ձեռքեր

Եթէ առաջին հերթին ձեռքեր եւ մատներ տեսաք, դուք հաւասարակշռուած, խելամիտ անձ էք: Ձեր մեծագոյն առաւելութիւնը այն է, որ ուշադիր էք եւ ունիք տրամաբանական մտածելակերպ: Չէք ախորժիր աղմուկ-աղաղակէն: Կը նախընտրէք ժամանակ անցընել հանգիստ, բանիմաց մարդոց հետ: Չէք ախորժիր անակնկալներէն, անկանխատեսելիէն:

Ծառ

Եթէ առաջին հերթին ծառ տեսաք, դուք այնպիսի մարդ էք, որ ձեզ առհասարակ կը հետաքրքրէ ոչ միայն պարունակութիւնը, այլ նաեւ ձեւը: Նուազագոյն մանրուքները չեն վրիպիր ձեր ուշադրութենէն: Մեծ կարեւորութիւն կու տաք հարազատներուն, ընկերներուն եւ պաշտօնակիցներուն տրամադրութեան եւ բարօրութեան: Ձեր շրջապատին մէջ սիրուած եւ գնահատուած անձ էք:

Պայթում

Եթէ առաջին հերթին պայթում տեսաք, դուք ստեղծագործ մտածելակերպով եւ հմտութիւններով օժտուած անձ էք:

 

Գործնական Գիտելիքներ

Ի՞նչ Ընել Օճառի Մնացորդներով

Ահա թէ ինչո՛ւ այսուհետեւ պէտք է պահէք օճառի մնացորդները, ինչպէս նաեւ ձեռքի հեղուկ օճառի պարապ շիշը:

Ինչո՞ւ թափել օճառի մնացորդները, երբ կարելի է զանոնք կրկին օգտագործել: Երկրին տնտեսական այս ծանր օրերուն, պատճառ մը աւելի, որ ըլլանք խնայողասէր եւ տնտեսող:

Ինչպէ՞ս հեղուկ օճառ պատրաստել

Բաղադրիչներ

– Օճառի մնացորդներ
– Տաք ջուր

Պատրաստութիւն

Օճառները քերոցէ անցընել եւ վրան տաք ջուր աւելցնել: 8-էն 10 կտոր օճառին շուրջ 1 լիթր ջուր:

Կարկանդակի յատուկ թել-հարիչով տեւաբար խառնել մինչեւ որ օճառը ամբողջովին հալի եւ ստացուի միատարր թանձրուկ մը: Ձգել, որ պաղի:

Պաղած հեղուկ օճառը բնական է, որ քիչ մը կարծրանայ, դարձեալ տաք ջուրով փորձել նօսրացնել:

Ստացուած հեղուկ օճառը լեցնել յատուկ շիշի մէջ եւ օգտագործել:

Կարելի է նաեւ տաք ջուրին քանակը կիսով պակսեցնել եւ ստացուած «խմորը» կրկնեփի կաղապարներու մէջ ձեւաւորել ու չորնալէն ետք գործածել:

 

Անփոխարինելիներ Չկան, Բայց Կան Անկրկնելիներ…

 Ռաֆայէլ Իսրայէլեան

Տարիներ առաջ այս օրը (17 սեպտեմբեր 1908) Թիֆլիսի մէջ ծնած է հայ ճարտարապետ, «Սարդարապատի հերոսամարտ» յուշարձանի հեղինակ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանը:

Յուշարձանները կ՛ապրին, կը գոյատեւեն, բայց դժբախտաբար քիչեր կը յիշեն զանոնք կերտած ճարտարապետներուն անունները: Բացի Սարդարապատի յուշահամալիրէն, հայ տաղանդաւոր ճարտարապետին կը պարտինք «Չարենցի կամար»-ը, «Մայր Հայաստան»-ը, «Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձան»-ը, Ս. Սարգիս եկեղեցին (Երեւան), Ս. Վարդան եկեղեցին (Նիւ Եորք), Ա. Իսահակեանի տուֆակերտ նստարանը եւ տակաւին տասնեակ ուրիշներ…

Տուֆակերտ Նստարանը

Օրին մէկը Աւետիք Իսահակեան Յովհաննէս Թումանեանի աղջկան` Թամարին կը յայտնէ պարտէզին մէջ նստարան ունենալու իր ցանկութիւնը: Թամարը, որ մասնագիտութեամբ ճարտարապետ էր, կը դիմէ Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան, որ իր կարգին Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի նախագիծով տուֆակերտ նստարան մը կը նուիրէ մեծ վարպետին:

Կ՛ըսուի, թէ Իսահակեան օրական դուրս կու գար իր աշխատասենեակէն, կ՛ուղղուէր այգի, կը նստէր իր սիրելի նստարանին վրայ եւ կը վայելէր բնութիւնը:

 

Քանի Մը Տողով

Տայանա Իշխանուհին` Արքայական
Ընտանիքի Ամէնէն Գեղեցիկ Կինը

«Տէյլի Մէյլ»-ը կը տեղեկացնէ, որ Ուիլիըմ իշխանին մայրը` Տայանա իշխանուհին, Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի ամէնէն գեղեցիկ կինն է:

Լոնտոնի գեղեցկագիտական-վիրաբուժական կեդրոնի տնօրէն Ճիւլիըն տը Սիլվա համակարգչային մեթոտով պարզած է, որ Տայանային դէմքը մօտ է կատարելութեան 89,05 տոկոսով:

Բացի Տայանայէն` Յորդանանի Ռանիա թագուհին եւս ունի գրեթէ կատարեալ դէմք` 88,9 տոկոսով համաչափ:

Աղիւսակին երրորդ դիրքը կը գրաւէ Քէմպրիճի դքսուհի` Քէյթ Միտլթընը` 86,8 տոկոսով…

 

Մարդու Խառնուածքը`
Ըստ Անոր Ստորագրութեան

«Կրաֆոլոժի» գիտութեան միջոցաւ կարելի է ստուգել տուեալ անձի մը ձեռագիրին  կապը անոր խառնուածքին հետ, պարզել, թէ ինչ «կ՛ըսէ» ստորագրութիւնը անոր մասին:

Եւ այսպէս`

– Դէպի վեր ուղղուած ստորագրութիւն` լաւատես, նպատակասլաց եւ ստեղծագործ:
– Ուղիղ ստորագրութիւն` հաւասարակշռուած եւ զուսպ:
– Դէպի վար ուղղուած ստորագրութիւն` յոռետես եւ թոյլ անհատականութիւն:
– Երկար ստորագրութիւն` խելամիտ եւ ջանասէր:
– Կարճ ստորագրութիւն` արագ հակազդող եւ անհամբեր:
– Մեծատառ ստորագրութիւն` կազմակերպուած եւ պահանջկոտ:
– Շատ մանր տառերով ստորագրութիւն` եսասէր եւ ժլատ:
– Կէտով աւարտած ստորագրութիւն` կարգապահ եւ կատարելապաշտ:
– Տակը ընդգծուած ստորագրութիւն` անձնասէր եւ ուրիշներու կարծիքէն կախեալ:

 

Խոհագիր

Քամած Մածուն`
Ծոթրինով Եւ Նուռով

Բաղադրիչներ

Խառնուրդին համար`

– 1 տուփ քամած մածուն
– 2 ապուրի դգալ մանրուած թարմ անանուխ
– 1 ապուրի դգալ մանրուած ձիթապտուղ
– Պտղունց մը կարմիր փոշի պղպեղ
– 1 սուրճի գաւաթ ծոթրին (յորդանանեան կամ Հալէպի…)
– 1 սուրճի գաւաթ նուռի հատիկ
– 1 սուրճի գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ

Հացերուն համար`

– 2 պզտիկ արաբական հաց (եռանկիւնաձեւ կտրատուած)
– 2 ապուրի դգալ ծոթրին
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճան տաքութեամբ: Եռանկիւնաձեւ հացերուն երկու երեսները իրարմէ բաժնել եւ փուռի ափսէին մէջ շարել: 2 դգալ ծոթրինը 2 դգալ ձէթին հետ խառնել եւ վրձինով մը այս խառնուրդով ծեփել հացերը: Փուռին մէջ եփել մինչեւ խրթխրթան դառնան:

Մինչ այդ փոս ամանի մը մէջ խառնել մանրուած անանուխը, ձիթապտուղը, կարմիր փոշի պղպեղը, ծոթրինն ու ձէթը:

Ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ լեցնել քամած մածունը (առանց շատ տափակցնելու), երեսը աւելցնել ծոթրինով խառնուրդը եւ զարդարել նուռի հատիկներով ու եռանկիւն հացերով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

“Դու ձայն եղիր, ոչ արձագանք,
Արձագանքն ի՞նչ պիտի ասի,
Անդունդը ի՞նչ պիտի խօսի,
Դու ձայն եղիր ոչ արձագանք.
Ոչ էլ՝ ոտքի տակից քաշուող,
Գետնատարած լռիկ մաշուող,
Անհուր, անսէր շուք ու ստուեր.
Կեանքն անսահման,
Կեանքն անհատնում,
Լոյս ճամփաներ շատ ունի դեռ՝
Հաւատ ամուր ու հիացում,
Շող յոյսերի ոսկի թելեր,
Արդար կռիւ ու անրջանք,
Աշխարհ ցնցող շքեղ սէրեր,
Կարօտների լոյսով օծուն
Անհերքելի, անգին ու թանկ…
Դու ձայն եղիր, դու ձայն եղիր,
Դու ձայն եղիր, ոչ արձագանք:”

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Մանկական Խնամք. Ե՞րբ Անհրաժեշտ Է Դիմել Հոգեբանին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեխաներուն հոգեկան առողջութեան ուշադրութիւն դարձնելը շատ կարեւոր է, քանի որ ակնյայտ խնդիրները անուշադրութեան մատնելը կրնայ հետագային դառնալ շատ աւելի լուրջ խնդիրներու զարգացման պատճառ: Նման խնդիրներէ խուսափելու համար, անհրաժեշտ է շատ ուշադիր հետեւիլ երեխային պահուածքին եւ ժամանակին դիմել հոգեբանին: Մասնագէտ հոգեբաններու կարծիքով` ակադեմական դժուարութիւններ, ընտանեկան հարցեր (ամուսնալուծում, նոր երեխայի ծնունդ…), բնական աղէտներ, պատերազմ, կրնան շատ ծանր ազդել երեխային հոգեվիճակին վրայ եւ դրսեւորուիլ վարքի յանկարծակի փոփոխութիւններով:

Այսպէս`

– Առանց որեւէ պատճառի լացը:
– Մեկուսացումը:
– Խօսելու, հաղորդակցելու մերժումը:
– Ախորժակի կորուստը:
– Քունի խանգարումը:
– Տակը թրջելը:
– Լեզուական խանգարումները:
– «Թիք»-երը (որոշ ֆիզիքական շարժումներու ակամայ կրկնութիւնը):

Այս բոլոր նշուածները յաճախ ժամանակաւոր եւ անցողակի հակազդեցութիւններ են տուեալ դէպքի մը կամ դժուարութեան մը: Պէտք է մտահոգուիլ եւ հոգեբանին դիմել` երկար ժամանակի վրայ չսրբագրուելու պարագային:

 

Քանի Մը Տողով

 Կարմիր Գինին Եւ Տուրմը…

«Թինքինկ հիւմանիթի»-ի համաձայն, կարմիր գինին եւ տուրմը ունին անհամար օգուտներ` «ռեսվերաթրոլ» կոչուող նիւթին շնորհիւ: Այս նիւթը հակաօքսիտիչ մըն է` արտադրուած որոշ բոյսերու կողմէ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ «ռեսվերաթրոլ»-ի գլխաւոր աղբիւրը կարմիր գինին է, իսկ ամենատարածուածները` կարմիր խաղողի կեղեւը, հում քաքաոն եւ մութ գոյնի հատապտուղները:

Ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ «ռեսվերաթրոլ»-ը կարելի է օգտագործել բջիջները երիտասարդացնելու համար: Այս նիւթին ազդեցութենէն բջիջները կը դառնան ո՛չ միայն երիտասարդ, այլեւ աւելի աշխուժ:

Հետեւաբար համտեսելով մութ գոյնի տուրմ եւ բաժակ մը գինի, դուք կրնաք օգտուիլ «ռեսվերաթրոլ»-ի բարիքներէն:

Ինչո՞ւ Հիւսելը Օգտակար Է Մեր Առողջութեան

Երբ հիւսել ըսենք, յաճախ կը մտաբերենք տարեց կին մը, որ բրդեայ բան մը կը հիւսէ սիրելիի մը համար…

Մինչդեռ այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ հիւսելը դարձած է ընկերային երեւոյթ, որուն շնորհիւ կարելի է մեծ օգուտներ քաղել ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար:

Պիտի զարմանաք, սակայն ասիկա կը կոչուի «թրիքօ թերափի», այսինքն` հիւսելու միջոցով դարմանում: Հիւսելը թելադրելի է տարբեր տարիքի եւ սեռի անձերուն, որոնք կը տառապին վարքի խնդիրներէ, հաշմանդամութենէ, ընկճախտէ եւ այլն…

Ստորեւ` հիւսելուն զարմանահրաշ բարիքները.

Հիւսելը Կ՛երջանկացնէ

Բրիտանական ուսումնասիրութեան մը համաձայն, հիւսելը կը խաղաղեցնէ, ստեղծագործ կը դարձնէ եւ ընկճախտը կը թեթեւցնէ: Այսպէս, երբ կը կեդրոնանանք նոյն ձեռքի շարժումներուն վրայ, մեր միտքն ու մարմինը ներդաշնակ խաղաղութեան մը կը յանգին:

Հիւսելը Ընկճախտը Կը Թեթեւցնէ

Արիզոնա համալսարանի գիտնականներ փորձաքննութիւն մը կատարած են ընկճախտէ տառապող 60 կիներու վրայ եւ նկատուած, որ հիւսելով զբաղելէ ժամանակ մը ետք, անոնց մօտ նկատուած է տրամադրութեան բարձրացում, յոռետեսութեան նահանջ եւ անձկութեան յստակ նուազում:

Հիւսելը Կը Խթանէ Ուղեղը

Քանատական ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ձեռային աշխատանքները եւ յատկապէս հիւսելը դրական շատ մեծ ազդեցութիւն կը գործեն տարեցներու ո՛չ միայն հոգեկանին, այլեւ ուղեղի գործունէութեան վրայ:

1300 տարեցներու վրայ կատարուած փորձաքննութեան մը աւարտին նկատուած է, որ մասնակիցներէն մեծամասնութեան մօտ նուազած է յիշողութեան կորուստը, թուլամտութիւնն ու ալզհայմըրը:

Հիւսելը Կը Կանխէ «Արթրիթ»-ի Յառաջացումը

Պատկերասփիւռի կամ համակարգիչի պաստառին առջեւ երկար ժամեր քամուելու փոխարէն հիւսքի լծուեցէ՛ք` պաշտպանելու համար ձեր ձեռքերը: Այո՛, հիւսելը կը կանխէ արթրիթի յառաջացումը: Մատներուն յօդերը շարժելով` մենք կը ստիպենք, որ հեղուկ նիւթը շարժի ամբողջ աճառին շուրջ, պաշտպանէ յօդերը եւ նուազագոյնի հասցնէ արթրիթի վտանգը:

Հիւսելը Կը Բարձրացնէ Ինքնագնահատանքը

Քանատայի կարգ մը հիւանդանոցներուն մէջ անվճար հիւսելու դասընթացքներ կը կազմակերպուին, քանի որ այս հրաշք զբաղումը հիւանդները կը շեղէ իրենց առողջական հարցերէն եւ գործի աւարտին անոնց կը շնորհէ բաւարարութեան, հպարտութեան եւ բարձր գոհունակութեան զգացումներ:

 

Հետաքրքրական

Հայաստանի Լքուած Վայրերէն`
Արտեկի Ճամբարը

Ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, Հայաստանի մէջ եւս կը գտնուին լքուած կառոյցներ, որոնք ժամանակին առանձնացեր են իրենց յատուկ նշանակութեամբ, գեղեցկութեամբ, եղեր են իրենց ոլորտի կեդրոններէն մէկը եւ իրենց շուրջ հաւաքեր են մեծ թիւով մարդիկ:

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք Հայաստանի լքուած վայրերէն Արտեկ մանկապատանեկան ճամբարը, որ կը գտնուի Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքի բարձունքին վրայ:

Արտեկ ճամբարը կառուցուած է 1980-ական թուականներուն: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ճամբարը լքուեցաւ եւ թալանուեցաւ:

Անտառի մէջ կառուցուած այս ճամբարը ամէն տարի իր շուրջ հաւաքած է «պիոներ»-ներ, որոնք ճամբարը լեցուցած են կեանքով եւ պատանեկան աղմուկով:

Անցեալի վառ գոյներէն այսօր մնացած է միայն մանուկներով ու աղաւնիներով պատը, անցեալի պատանիներու աղմուկը այժմ փոխարինած է խորհրդաւոր ու մենաւոր լռութիւնը:

Սակայն նոյնիսկ լքուած վիճակի մէջ` ճամբարը գեղեցիկ է եւ տպաւորիչ: Անտառային բարձունքէն նայելով Վանաձորին` կարծէք կ՛ուզէ յիշեցնել իր երբեմնի ուրախ եւ աշխուժ կեանքը:

 

Խոհագիր

Դդումով Եւ Մածունով Խիւս

Բաղադրիչներ

– 2 – 3 միջակ չափի դդում
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 պճեղ սխտոր
– Կէս գաւաթ մածուն
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած թարմ անանուխ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ տաքցնել ձէթը, աւելցնել  խորանարդաձեւ, մանր կտրատուած դդումներն ու ճզմուած սխտորը եւ թեթեւ կրակի վրայ 5 վայրկեան եփել` տեւաբար խառնելով:

Ստացուած խառնուրդը հարիչէ անցընել, սպասել, որ պաղի:

Ներկայանալի կէս փոս ամանի մը մէջ լեցնել խառնուրդը, աւելցնել մածունը, կիտրոնի հիւթը, մանրուած անանուխը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ խառնել միատարր խիւս մը ստանալու համար:

Պաղեստինեան խոհանոցին պատկանող այս խիւսին կողքին հրամցնել թարմ կամ խորոված հացի կտորներ, ձիթապտուղ, ինչպէս նաեւ բողկ, լոլիկ, վարունգի կամ ստեպղինի ցպիկներ կամ չիփս:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայ Հոգին

Հրաշագործ, հրաշալի՛ հայ հոգին,
Յաւերժական լոյսի մը պէս շողշողուն,
Օր մը իջաւ Արարատի բարձունքին
Եւ նուաճեց խաւարն անթիւ դարերուն:

Հայոց աշխարհն իրմով դարձաւ բուրաստան
Փոքրիկ ածու, բայց գերազանց բոլօրէն
Ուր ծաղկեցան վսեմ գործեր արութեան
Եւ ուր փառքի նոր ընձիւղներ կը ժայթքեն:

Երկնապարգեւ շնորհք ու շունչ հայ հոգին,
Մեզ սկիզբէն վառեց բոցովն աստղերուն
Եւ նուիրեց ազատութեան տաճարին՝
Հայկէն մինչեւ վերջին ժառանգն հայկազուն:

Ամէնուրեք, ապառաժէն իսկ դաժան
Բխեցուց ջուրն անմահական գորովի,
Տառապանքէն քամեց գինին խնդութեան,
Վէրքերը մեր փոխեց անուշ սրինգի:

Անչափելի, մեծախորհուրդ հայ հոգին,
Ինքն էր, որ մերթ իբրեւ Վահագն ու Աստղիկ
Փառակերտեց վէպն հեթանոս մեր կեանքին
Եւ մերթ դարձաւ դիւցազնական փոթորիկ:

Հայ վանքերու խուցերուն մէջ մթամած
Ի՛նքն էր հեղեղ աղօթքներուն Նարեկեան,
Կանթեղը վառ, որ դարէ դար պլպլաց էջին վրայ
Մեր ոսկեղէն դպրութեան:

Սիրագորով, գանձերու ծո՛վ հայ հոգին
Երգ ու տաղով բարբառեցաւ ամէնուն
Եւ իր անյայտ, աստղանուագ մեղեդին
Դարձաւ համերգ Կոմիտասի շրթներուն:

Բաշխուեցաւ հանճարներուն մեր բոլոր,
Քնարակիր գուսաններուն վաղեմի,
Շեփորահար քերթողներուն թեւաւոր
Եւ արդ մեր մէջ եւ մեր վերեւ կը ծագի:

Բազմաչարչար, անյիշաչար հայ հոգին
Քանի սուրո՜վ զինք խոցեցին
Քանի՜ շղթայ զարկին իր սէգ թռիչքին
Բայց ինք մնաց կենսանորոգ ու դալար:

Իր հարազատ պատկերն է սուրբ մեր լեզուն
Որ կը հնչէ զանգերուն պէս Յարութեան
Իր տեսիլքէն կը կրէ կեանք եւ արիւն
Ամէ՛ն տաճար, ամէ՛ն գմբէթ հայկական:

Հայ հոգին անմահ, հայ հոգին հզօր,
Ճառագայթ բոսոր
Պիտի սփռէ դեռ անհատնում դարեր
Օրհնութիւն եւ սէր:

Պիտի գան անվերջ սերունդներ նորէն
Եւ պիտի կրեն,
Իբրեւ վառ դրօշ եւ լուսապսակ
Զայն ծագէ ի ծագ

Հայ հոգին կախարդ՝ երկինքի ճամբան
Անմար ծիածան
Հազա՜ր փառք իրեն, բիւ՜ր աղօթք ու խունկ
Հազա՜ր պաշտամունք…

Մ. ԻՇԽԱՆ

 

 

 

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ. «Պէյքինկ Սոտա»-ի Անհամար Բարիքները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Սկսելով տան մաքրութենէն, անցնելով կարկանդակներու պատրաստութենէն եւ հասնելով բոյսերու խնամքին, «պէյքինկ սոտա»-ին բարիքները անհամար են: Ստորեւ կը ներկայացնենք աժան, մատչելի եւ անվնաս այս նիւթին օգտագործման տարբերակները:

– Սառնարանին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար դարաններէն մէկ-երկուքին վրայ սոտայով լեցուն սուրճի պնակներ զետեղեցէք:

Շաբաթական դրութեամբ նորոգեցէ՛ք զանոնք:

***

– Խոհանոցի աղբամանը հոտազերծելու համար, անոր յատակին սոտա ցանեցէ՛ք:

– Պտուղներն ու բանջարեղէնները հականեխելու եւ միջատասպան նիւթերէն մաքրելու համար, զանոնք 10 – 15 վայրկեան թրջեցէ՛ք սոտայով ջուրի մէջ, ապա ցօղուեցէ՛ք ու ցամքեցուցէ՛ք զանոնք:

– Ոտքերուն անախորժ հոտը չքացնելու համար զանոնք մխրճեցէ՛ք գաղջ ջուրի մէջ, որուն մէջ 2 – 3 թէյի դգալ «պէյքինկ սոտա» լուծած ըլլաք:

– Կաթսային կամ տապակին այրած յատակը մաքրելու համար, յատակին առատ «պէյքինկ սոտա» ցանեցէ՛ք, տաք ջուր աւելցուցէ՛ք եւ ամբողջ գիշեր մը ձգեցէ՛ք: Յաջորդ օրը սպունգին կարծր երեսով շփեցէ՛ք ու մաքրեցէ՛ք այրած յատակը:

***

– Դեղնած ակռաները սպիտակեցնելու համար, սովորական ակռայի դեղին վրայ պտղունց մը սոտա աւելցուցէ՛ք եւ խոզանակեցէ՛ք ձեր ակռաները: Կրնաք նոյնիսկ խոզանակը թրջել, սոտայի մէջ թաթխել եւ խոզանակել ակռաները: Ուշադրութի՛ւն, այս հնարքը օրական գործածութեան համար չէ:

***

– Միջատի խայթոցը դարմանելու համար մէկ թէյի դգալ սոտային քանի մը կաթիլ ջուր աւելցուցէ՛ք եւ ստացուած թանձրուկը տարածեցէ՛ք խայթուածքին վրայ:

***

– Շպարի վրձինները, մազի խոզանակները մաքրելու համար զանոնք քանի մը ժամ մխրճեցէ՛ք սոտայով լուծուած տաք ջուրի մէջ, ապա ցօղուեցէ՛ք ու ցամքեցուցէ՛ք:

***

– Սալայատակը մաքրելու համար, թոյլ մը գաղջ ջուրի մէջ մէկ սուրճի գաւաթ սոտա լուծեցէ՛ք ու գործի անցէ՛ք:

***

– Փուռը մաքրելու համար «պէյքինկ սոտա» ցանեցէ՛ք, սփռիչով ջուր սփռեցէ՛ք խոնաւցնելու համար, ամբողջ գիշեր մը սպասեցէ՛ք, յաջորդ օրը սպունգին կարծր բաժինով շփեցէ՛ք ու մաքրեցէ՛ք:

***

– Լուացարանին կամ լոգարանին խցուած խողովակները մաքրելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ խառնուրդը. 1 սուրճի գաւաթ «պէյքինկ սոտա» 1,5 սուրճի գաւաթ քացախ, 1 սուրճի գաւաթ տաք ջուր: Նախ լեցուցէ՛ք փոշի սոտան, յետոյ աւելցուցէ՛ք քացախը, եւ վերջապէս` տաք ջուրը: Առնուազն մէկ-երկու ժամ սպասեցէ՛ք:

***

– Ձուկի, սոխի կամ սխտորի անախորժ հոտը ձեր ձեռքերէն չքացնելու համար զանոնք շփեցէ՛ք սոտայով, որուն քանի մը կաթիլ ջուր աւելցուցած ըլլաք:

***

– Ձեր ծաղիկներուն կեանքը երկարաձգելու համար, ծաղկամանին ջուրին մէջ մէկ թէյի դգալ սոտա լուծեցէ՛ք:

– Նախօրօք թրջուած ճերմակ լուբիայի կամ սիսեռի ջուրին մէջ կէս թէյի դգալ սոտա լուծեցէ՛ք, որպէսզի անոնք աւելի լաւ փափկին ու եփին:

«Պէյքինկ սոտա» օգտագործելով դուք թէ՛ գումար կը խնայէք եւ թէ՛ կը սահմանափակէք քիմիական նիւթեր պարունակող դեղերու սպառումը:

 

Հետաքրքրական

 Ռոմանոս Մելիքեանի Կեանքը
Պատմող 10 Իրերը

10 անշունչ իրեր, որոնք շատ բան կը պատմեն երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեանի մասին:

Մելիքեանը Հայաստանի մէջ հիմնած է երաժշտանոց, նոյնպէս ալ` Ստեփանակերտի մէջ: Ան նաեւ մասնակցած է «Ալմաստ» օփերայի բեմադրութեան աշխատանքներուն եւ Երեւանի Օփերայի թատրոնի հիմնադրման:

Երգահանը ապրած է ընդամէնը 52 տարի, մահացած է Թիֆլիս, մարմինը ամփոփուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

Կնոջ Լուսանկարը

Ռ. Մելիքեան կինը շատ կը սիրէր: Երբ Թիֆլիսէն Երեւան կու գար, կնոջ նկարը հետը կը բերէր: Սիրելի կնոջ հայեացքը անհրաժեշտութիւն էր իրեն համար:

Ձկնորսական Իրերը

Երգահանը ձկնորսութիւն շատ կը սիրէր: Զինք յաճախ կը տեսնէին Սեւանի ափին հանգիստ նստած, կարթը` ձեռքին…

Գլխարկը

Երգահանը մեծ կարեւորութիւն կու տար իր արտաքին տեսքին, կը սիրէր գլխարկ կրել:

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է անոր սեւ լայնեզր գլխարկը:

Թէյի Դգալը

Ռոմանոս Մելիքեան կը սիրէր թէյի շուրջ քննարկումներ ու բանավէճեր ունենալ: Այդ քննարկումներուն մասնակիցը յաճախ Կոմիտասն էր:

Նկարին վրայ կը տեսնենք թէյի (քամոց) դգալը, որ տաք վէճերէն մնացած միակ վկան է:

Մատիտակալը

Իր աշխատանքներուն հանդէպ երգահանը շատ խստապահանջ էր. ան յաճախ կը գրէր ու կը ջնջէր խազերը: Թանգարանը ցուցադրուած է այն մատիտակալը, որ երգահանին սեղանին վրայ յատուկ տեղ կը գրաւէր:

Ծխախոտ Փաթթելու Թուղթերը

Թէյի շուրջ քննարկումներուն կը միանային նաեւ ծխախոտ փաթթելու արարողութիւնները: Ռոմանոսը շատ կը ծխէր. ամբողջ գիշեր մը ստեղծագործելէ ետք, առաւօտեան անոր դաշնակին ստեղները մոխիրի հաստ խաւով մը ծածկուած կ՛ըլլային:

Գրիչներն ու Թանաքամանը

Երգահանը ունէր մեծ հաւաքածու մը գրիչներու, որոնցմէ մէկ քանին պահպանուած են: Գրիչներուն հետ մեզի հասած է նաեւ թանաքամանը:

Ակնոցը

Ռոմանոս Մելիքեանի ակնոցը տուփով պահպանուած է: Կարմիր եւ սեւ տուփը պատրաստուած է թուղթի հաստ շերտերէ:

«Քամերթոն»-ը

Մեզի հասած է նաեւ Ռոմանոս Մելիքեանի «քամերթոն»-ը: Այս գործիքը կ՛օգտագործէր ձայնի բարձրութեան չափման ժամանակ` երաժշտական գործիքները լարելու կամ երգեցողութեան համար:

Հրացանն ու Փամփշտակալը

Ռ. Մելիքեանը որսորդութեան սիրահար էր. աշնան եւ ամրան շաբաթը քանի մը անգամ որսի կ՛երթար: Նեմրութ անունով շան հետ կ՛երթար Գառնի կամ Արարատեան դաշտ` թռչուններ եւ այլ կենդանիներ որսալու համար:

Նշենք, որ Ռ. Մելիքեանի անձնական իրերը կը պահպանուին Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:

Խոհագիր

Սմբուկով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 2 միջակ չափի կլոր սմբուկ
– 2 սոխ
– 3 – 4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 սուրճի գաւաթ մանրուած ազատքեղ
– 1 սուրճի գաւաթ նուռի հատիկ
– Կէս սուրճի գաւաթ մանրուած անանուխ
– Կարմիր փոշի պղպեղ
– Փոշի սխտոր
– Աղ
– Սնոպար (ըստ փափաքի)

Պատրաստութիւն

Փուռը նախապէս տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Սմբուկները համաչափ, կլոր շերտել, շարել ափսէի վրայ, նոյնպէս ալ` սոխերը:

Խոհանոցի վրձինով մը ձիթապտուղի ձէթով ծեփել սմբուկներն ու սոխերը, համեմել աղով, փոշի սխտորով եւ կարմիր, փոշի պղպեղով ու 30 – 35 վայրկեան եփել, մինչեւ որ սմբուկները ոսկեգոյն դառնան:

Մինչ այդ պատրաստել բոլորիս ծանօթ շիրիկով թացան մը:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել խորոված սմբուկներն ու սոխերը: Երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով, անանուխով եւ նուռի հատիկներով:

Վերջին վայրկեանին աւելցնել շիրիկով թացանը եւ հրամցնել:

Անժամանցելի Խօսքեր 

Մէջբերումներ՝
Զոհուած Ազատամարտիկներու
մայրերու խօսքերէն
 

–  «Հայ մօր կոչումն է ազգին նուիրեալ զինուորներ ծնիլ ու դաստիարակել»:

–  «Եթէ պատերազմ սկսի, մենք անպայմա՛ն կը յաղթենք: Պէտք ըլլայ` մայրերով պատրաստ ենք երթալ հայրենիքին աջակցելու: Պատրաստ ենք ծառայելու, կռուելու, զոհուելու»:

–  «Լա՛ւ ըրաւ տղաս. ան արգիլեց թշնամիին յառաջխաղացքը. զոհուեցաւ յանուն գաղափարի, յանուն այն հայրենիքին, որուն մէջքը ամուր պահելու համար այստեղ չէ ան…»:

–  «Ես կ՛ուզեմ, որ խաղաղութիւն ըլլայ, ոչ մէկ մայր արցունք թափէ, ուրախ-ուրախ ճանապարհեն, ուրախ-ուրախ դիմաւորեն…»:

–  «Որպէս ազատամարտիկի մայր, կը կարծեմ, որ մեր տղաքը զոհուեցան մէկ նպատակի` հայրենիքի համար: Իմ տղաս ամէն ինչ ունէր, բայց հայրենիք չունէր…»:

–  «Ես սգաւոր մայր չեմ, ես ԴուշմանՎարդանի՛մայրն եմ, ես հերոսի՛մայր եմ…»:

–  «Վարդանը իմս չէ, մօրը չէ, մեր ընտանիքինը չէ, այս ժողովուրդինն է: Ամէն մարդ իր հոգիին խորքը , ի՛ր Վարդանը ունի»:

–  «Իսկ եթէ Ալիեւ ցարը կը փորձէ պատերազմ սկսիլ, այնպիսի զարկ կու տանք անոր գահին, որ անիկա հիմնովին խորտակուի»:

 

Ժենգեալով Հացի Պատմութիւն…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Արցախ այցելող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ անպայման կ՛այցելէր Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկան` համտեսելու համար տեղական հանրայայտ ժենգեալով հացը:

Ստեփանակերտցիներու մեծ մասը միաբերան կը հաստատէ, որ «շուկայի ամենահամով ժենգեալով հացը տիկին Տոնարան կը պատրաստէ…»:

60-ամեայ Տոնարա Գասպարեանը անուանի «պիզնես վումըն» է, որ արդէն 30 տարիէ կը թխէ ու կը վաճառէ արցախեան խոհանոցի խորհրդանիշ դարձած ժենգեալով հացը: Տոնարային խօսքով, ղարաբաղեան ժենգեալով հացին բաղադրատոմսը շատ պարզ է. խմորին համար` ալիւր, աղ, ջուր, միջուկին համար` 17-25 տեսակ կանաչեղէն, որոնց քանակը կախեալ է տարուան եղանակէն, ինչպէս նաեւ` շրջանէն:

Ժենգեալով հաց թխելու ամենաբարենպաստ ամիսները ապրիլն ու մայիսն են, երբ բանջարանոցները կը յորդին այս բուսատեսակներով` ճռճռոկ, թրթնջուկ, շոմին, խազազ, սիմսիմոկ, գինձ, կրմձուկ եւ այլն…

«Պակաս-Պռատ Տարիներ Էին…»

Տոնարան ժենգեալով հաց թխելու սկսած է 1990-ականներու սկիզբը, երբ տղամարդոց մեծ մասը պատերազմի գացած էր, իսկ ընտանիքը կերակրելու ամբողջ բեռը մնացած էր կիներու ուսերուն:

«Պակաս-պռատ տարիներ էին, գործ չկար, ուտելու բան չկար: Ամուսինս ճակատ գացած էր, երկու անչափահաս երեխաներուս եւ կեսրոջս հետ «եոլա» կ՛երթայինք: Օր մըն ալ առի տղաքս, գացինք բանջարանոցներէն, դաշտերէն ժենգեալ հաւաքեցինք եւ սկսայ ժենգեալով հաց թխել կեսրոջս հետ», կը պատմէ Տոնարան:

Տոնարան կը յիշէ, թէ յաջորդ առտու ինչպէս ժենգեալով հացը շուկայ տարին, հատը 150 դրամի ծախեցին գումար շահելու եւ ապրելու համար:

1991-ին, երբ Ստեփանակերտը կը ռմբակոծուէր, շուկան ժենգեալով հաց ծախելը վտանգաւոր էր: 1994-ին զինադադար հաստատուելէն ետք Տոնարան առաջիններէն էր, որ Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկայէն փոքրիկ տաղաւար մը վարձեց. ան գործը ընդարձակեց, պատուէրներու քանակը քառապատկուեցաւ:

27 սեպտեմբեր 2020…

Պատմութիւնը ինքզի՛նք կը կրկնէ…

Այժմ չենք գիտեր, ո՛ւր է Տոնարան, բայց վստահ ենք, որ շուտով ան կը վերադառնայ իր տաղաւարը:

Յաղթելո՛ւ ենք:

 

Փորձառուներու Կարծիքով

 Բաներ, Զորս Կ՛արժէ Ընել
Կեանքի Ընթացքին

«20 տարի ետք դուք անկասկած պիտի զղջաք բոլոր այն բաներուն համար, զորս չըրիք ձեր կեանքի ողջ ընթացքին…» :
                                                                                                                                              Մարք Թուէյն

Ամէն օր մենք կը զբաղինք տարբեր բաներով, կը տարուինք տարբեր հոգերով եւ չենք անդրադառնար, որ կեանքը որքան արագ կը սահի ու կ՛անցնի: Մենք յատկապէս այս դժուար օրերուն մոռցած ենք մեր տխուր առօրեայէն մեզ շեղող եւ մեր միտքն ու հոգին սփոփող բոլոր այն բաները, զորս կարելի չէ գնել այլ կարելի է միայն ստեղծել:

Ահա թէ ի՛նչ խորհուրդներ կու տան փորձառու մարդիկ.

1) Կեա՛նք Փրկեցէք

Ձեր քանի մը կաթիլ արիւնը կամ համեստ գումարը մի՛ զլանաք վիրահատուող ծանօթ թէ անծանօթ անձին: Ձեր այս արարքով կրնաք կեանք մը փրկել:

***

2) Օգնեցէք Կարիքաւորներուն

Շատ յաճախ մենք կը թափենք մեր ոչ պիտանի իրերը, յատկապէս` հագուստեղէնը: Լուացէ՛ք, ծալեցէք զանոնք եւ ներկայանալի ծրարումով յանձնեցէք բարեսիրական հաստատութիւններու, միութիւններու, որպէսզի կարիքաւորներու հասնին:

***

3) Ծառ Տնկեցէք

Եթէ դուք պարտէզ կամ բակ չունիք, ծառ տնկեցէք անտառը, բնութեան մէջ, մօտակայ տարածքին մէջ… եւ կարեւոր չէ, որ ձեր այս արարքը ոչ ոք պիտի տեսնէ կամ գնահատէ: Ծառ տնկելու այս բարի գործը կատարեցէք գէթ մոլորակին համար, ապագային համար:

***

4) Սրբավայր Մը Այցելեցէք

Նման այցելութիւն մը կատարեցէք` անկախ ձեր դաւանանքէն եւ հաւատքի հետ կապուած ձեր համոզումներէն: Սրբավայրի մը այցելութիւնը ձեզի հնարաւորութիւն կու տայ սեփական կեանքի մասին մտածել. թերեւս յետոյ դուք որեւէ բան փոխէք ձեր կեանքին մէջ, թերեւս հոգեկան խաղաղութիւն եւ բաւարարութիւն զգաք…

***

5) Կամաւորագրուեցէք

Հայրենիքին եւ առհասարակ մարդոց օգնելէ լաւ բան չկայ: Օգնեցէք անպատսպարներուն, կերակրեցէք անօթիները, ձեռք  երկարեցէք անօգնական տարեցներուն: Այլ խօսքով` դրսեւորեցէք ձեր մարդկային որակները:

***

6) Գտէ՛Ք Ձեր Հին Ընկերները

Գտէք ընկերներու հետ հին խմբանկար մը, կապուեցէք իւրաքանչիւրին հետ ու ժամադրուեցէք նոյն վայրը: Ասիկա շատ լաւ առիթ կ՛ըլլայ կրկին հաւաքուելու եւ հին ընկերական կապերը վերահաստատելու:

***

7) Ուրախացուցէք Ձեզի Հարազատ Անձ Մը

Կարեւոր չէ, թէ որքա՛ն դրամ ունիք… Ընդամէնը քանի մը փուչիկ, տունը պատրաստուած կարկանդակ մը եւ սրտէ բխող երգ մը… Կարեւոր տօնին արժէքը չէ, այլ` զգացումի ուժը, որ դուք ներդրեցիք եւ երջանկացուցիք սիրելի անձ մը:

***

8) Դրամ Խնայեցէք

Օրական չնչին գումար մը մէկ կողմ դրէք, իսկ ամիսներ ետք դուք արդէն կրնաք գնել այն, ինչ որ դուք միշտ փափաքեր էք եւ գումարը չէք ունեցած: Ասիկա ձեր մէջ յարատեւութիւն եւ նպատակամղուածութիւն կը դաստիարակէ:

***

9) Որբանոց Այցելեցէք

Որբանոց այցելեցէք եւ ձեր երեխաներուն իրերէն ու խաղալիքներէն բաժին հանեցէք որբ մանուկներուն, կրնաք նաեւ դրամական օգնութիւն ցուցաբերել կամ պարզապէս երեխաներուն հետ քանի մը ժամ անցընել, զրուցել… Աշխարհի երեսին այնքան լքուած ու անտեսուած երեխաներ կան, որոնք ուշադրութեան, սիրոյ եւ ջերմութեան կարիք ունին: Անոնց նկատմամբ անտարբեր մի՛ մնաք:

***

10) Ամբողջ Օր Մը Հրաժարեցէք…

Լրիւ 24 ժամ հրաժարեցէք համացանցէն, հեռատեսիլէն, հեռախօսէն ու համակարգիչէն: Նման որոշում մը հերոսութիւն է, չէ՞… Օրուան աւարտին դուք աւելի խաղաղած ու ձեզ բոլորովին տարբեր անձ մը պիտի զգաք:

 

Բոյսեր, Որոնք Կը Բարելաւեն
Մեր Քունին Որակը

Չկայ աւելի գէշ բան, քան` ամբողջ գիշեր մը հոլի պէս մահճակալին մէջ դառնալը եւ զարթուցիչին անտանելի ձայնով օրը սկսիլը:

Անքնութիւնը կ՛ազդէ մեր տրամադրութեան, գործի արդիւնաւէտութեան, կեդրոնացումին եւ առողջութեան:

Ընկճախտն ու անձկութիւնը անքնութեան գլխաւոր պատճառները կարելի է համարել: Միւս կողմէ, ապականած օդը եւ տան մէջ տարածուած որոշ հոտեր (կերակուրի, քիմիական դեղերու…) իրենց կարգին կ՛ազդեն մեր շնչառութեան եւ քունին վրայ:

Լաւ լուրն այն է, որ կան տնային բոյսեր, որոնք օդը կը զտեն, կը մաքրեն եւ կ՛օգնեն, որ մենք հանգիստ քնանանք:

ՆԱՍԱ լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է այս գծով եւ թուած է 12 բոյսեր, որոնք կը բարելաւեն մեր քունին որակը: Թուե՛նք մէկ քանին:

Յասմիկը

Թաղարի մէջ աճող տարբերակը կ՛արժէ զետեղել ննջասենեակը: Հաստատուած է, որ այս բոյրը կը նուազեցնէ անձկութեան եւ ընկճախտի մակարդակը եւ կը նպաստէ քունին:

Լաւանտրը

Այս բուրաւէտ բոյսը կը կանոնաւորէ սիրտի բաբախումները եւ արեան գերճնշումը: Հանգստացնող այս բոյսը կ՛արժէ զետեղել ննջասենեակին մէկ անկիւնը:

 

Սկեսրոջ Լեզուն

Այս հրաշք բոյսը գիշերը թթուածին արձակելու եւ ածխաթթու կլանելու յատկութեամբ օժտուած է ննջասենեակին ապականած օդը մաքրելով` տնային այս բոյսը մեծապէս կ՛օգնէ մեր քունի որակի բարելաւման:

Ալոէ Վերա

Այս բոյսը ցուցակագրուած է` որպէս ՆԱՍԱ-ի օդը բարելաւող լաւագոյն բոյսերէն մէկը, ունի սկեսրոջ լեզուի յատկանիշները: Ան բոյսը նաեւ մեծ խնամքի չի կարօտիր:

Եգիպտացիներուն կողմէ «անմահութեան բոյս» համարուած ալոէն շատ դիւրին եւ արագ կը բազմանայ. այնպէս որ, եթէ գնէք հատ մը, շուտով կ՛ունենաք ալոէի բոյսեր ձեր տան բոլոր սենեակներուն մէջ:

Խաղաղութեան Շուշանը

Ոչ միայն աչքին հաճելի` խաղաղութեան շուշանը ՆԱՍԱ-ի գերաստղային բոյսերէն մէկն է, որ կ՛օգնէ օդը զտելու տեսակաւոր թունաւոր նիւթերէ: Ան ունի նաեւ օդը խոնաւցնելու յատկութիւն, ինչ որ կ՛արգիլէ «չոր քիթի» եւ կոկորդի գրգռումները:

Թելադրելի է, որ այս բոյսը երեխաներու եւ ընտանի անասուններու հասանելիութենէն հեռու մնան:

 

Սննդագիտական

10 Համոզիզ Պատճառներ`
Սմբուկ Ուտելու Համար

Սմբուկը ամէնէն օգտակար բանջարեղէններէն մէկը կը համարուի: Առհասարակ մանիշակագոյն կեղեւ ունեցող միրգերն ու բանջարեղէնները շատ օգտակար են, քանի որ հարուստ են «Էնթոսայնին»-ներով: Սննդամթերքի այս տեսակները օժտուած են շաքարախտի, քաղցկեղի եւ զանազան բորբոքումներու դէմ պայքարելու յատկութեամբ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք համոզիչ պատճառներ` սմբուկ ուտելու համար:

1.- Կը բարելաւէ ուղեղին գործունէութիւնը,
2.- Կը պաշտպանէ սրտանօթային դրութիւնը,
3.- Կը պաշտպանէ բջիջները եւ կը դանդաղեցնէ անոնց ծերացումը,
4.- Կը նպաստէ նիհարնալու,
5.- Կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ քաթարաքթէն,
6.- Կ՛ապահովէ ոսկորներուն առողջութիւնը եւ կը պաշտպանէ օսթէոփորոզէն,
7.- Կը զօրացնէ մազերը,
8.- Կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը,
9.- Կը պաշտպանէ քաղցկեղէն,
10.- Կը կարգաւորէ շաքարի տոկոսը արեան մէջ:

 

Խոհագիր

Սմբուկով Համեղ Աղցան

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.-

– 2 հատ միջակ չափի խորոված սմբուկ
– 1 վարունգ
– 2 լոլիկ
– 1 կանաչ պղպեղ
– Կանաչ սոխ (2-5 ցօղուն)
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1 ապուրի դգալ մանրուած անանուխ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 կիտրոնի հիւթ
– Կէս սուրճի գաւաթ ձէթ
– Աղ
– Աղտոր

Պատրաստութիւն.

Խորոված սմբուկները կեղուել եւ միջուկը քամոցի մէջ փոխադրել, որպէսզի ջուրը սուզուի, ապա փոխադրել եւ աւելցնել մանրուած վարունգը, լոլիկը, սոխը, սխտորը եւ միատեղ խառնել:

Թացանի պատրաստութեան համար խառնել կիտրոնի հիւթը, աղն ու աղտորը եւ աւելցնել խառնուրդին:

Փոխադրել ներկայանալի բաց ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով, անանուխի թարմ տերեւներով եւ ձէթով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լեռների Լեգենդը

Այս լեռները լեգենդներ են պատմում ինձ-
Ղարաբաղցու կամքի մասին աննկուն,
Հին լեգենդներ, որ եկել են դարերից,
Հասել են մեզ ու երգ դառել մեր հոգում:

Այս լեռները եղել են վէմ ու ամրոց,
Ամէն մի ժայռ թշնամու դէմ մի բանակ,
Ծառս են եղել նժոյգները սանձակոծ,
Հառաչել է հողը նրանց ոտքի տակ:

Այստեղ ահա` Քառասուն կոյս սարի մօտ
Հետքն է մնում քաջակորով առիւծի,
Այս լեռներով, կիրճերով այս քարքարոտ,
Արշաւել է Դաւիթ Բեկի այրուձին:

Ու շաչել են թրերը կեռ, լայնաշեղբ,
Շառաչել են այս լեռները անառիկ,
Ինչպէս հողմի բերանն ընկած մի տաշեղ`
Նենգ Կաջարը գլորուել է այս ժայռից:

Այս լեռները լեգենդներ են պատմում ինձ-
Ղարաբաղցու կամքի մասին աննկուն,
Հին լեգենդներ, որ եկել են դարերից,
Հասել են մեզ ու երգ դառել մեր հոգում:

ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ

1962 թ.           

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխաներու Հարցումները Պատերազմի Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հոգեբաններու կարծիքով, երեխաներուն հետ պատերազմի մասին խօսելու ատեն պէտք չէ վախցնել զանոնք: Յատկապէս այս օրերուն շատ մը երեխաներ հարցումներ կ՛ուղղեն պատերազմի մասին: Բնականաբար յստակ եւ վերջնական պատասխաններ գոյութիւն չունին: Պատասխանը պէտք է համապատասխանեցնել երեխայի տարիքին, իրավիճակին եւ տուած հարցի բնոյթին:

Ամէն պարագայի քանի մը բան յստակ է.

– Պէտք չէ երեխային ըսել այն, ինչին դուք անձնապէս չէք հաւատար ու համոզուած չէք:

– Պէտք չէ երեխան վախցնող, սարսափ ներշնչող բառեր եւ արտայայտութիւններ գործածել:

– Հարցումին պատասխանելու ատեն պէտք չէ ձեր սեփական քաղաքական համոզումներն ու պատկերացումները ներկայացնել, ատոնք երեխան չեն հետաքրքրեր եւ աւելորդ կը ծանրաբեռնեն միտքը:

– Երեխային մի՛ ըսէք բաներ, զորս կրնան սխալ մեկնաբանուիլ անոր կողմէ, օրինակ` «կարելի է սպաննել» կամ` «պատերազմը սուրբ գործ է»:

Հոս կը ներկայացնենք քանի մը հարց-պատասխանի օրինակ.

Ի՞նչ Է Պատերազմը

– Դուն գիտես, որ մարդիկ երբեմն կը կռուին: Երեխաները եւ նոյնիսկ մեծերը կը վիճին, երբ չեն համաձայնիր հարցի մը շուրջ: Պատերազմի ժամանակ ալ կը կռուին ոչ թէ առանձին մարդիկ, այլ` պետութիւններ: Երբ ի վերջոյ երկիրները համաձայնութեան կու գան եւ կը հաշտուին, խաղաղութիւն կը տիրէ:

Ինչո՞ւ Զինուորները Զիրար Կը Սպաննեն

– Երբ պատերազմի ժամանակ հակառակորդը կը յարձակի, զինուորները ստիպուած են պաշտպանելու իրենց ընտանիքները, տուները, հողը: Լաւ, ազնիւ զինուորները կ՛ուզեն, որ պատերազմը շուտ աւարտի եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի:

Երբ Մեծնամ, Ե՞ս Ալ Պիտի Կռուիմ

– Պատերազմը շատ վատ բան է, բայց կու գայ օր, երբ ան կ՛աւարտի: Կը յուսամ, որ երբ դուն մեծնաս, ա՛լ պատերազմ տեղի չ՛ունենար:

Անշուշտ այս պատասխանները կը վերաբերին շատ փոքր եւ կամ հոգեպէս «փխրուն» երեխաներուն: Ինչպէս վերը ըսինք, պատասխանները կախեալ են երեխային տարիքէն, պայմաններէն եւ հոգեվիճակէն:

 

Հետաքրքրական

 Մեր Շատ Սիրելի Յուշարձան-Կոթողը
Արդէն 53 Տարեկան Է

Այո՛, օրեր առաջ «Մենք ենք մեր սարերը» կոթողը դարձաւ 53 տարեկան: Այս առիթով կ՛արժէ տալ կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնք թերեւս բոլորին ծանօթ չեն:

– Յուշարձանին իսկական անուանումը «Մենք ենք մեր սարերը»-ն է, անիկա ծանօթ է նաեւ որպէս «Պապիկ Տատիկ»-ի արձան:

– Ազգային հաւաքական խորհրդանիշ դարձած տուֆակերտ յուշարձանի հեղինակն է քանդակագործ Սարգիս Բաղդասարեանը, ճարտարապետը` Եուրի Յակոբեանը:

– Կոթողը տեղադրուած է 1 նոյեմբեր 1967-ին, Ստեփանակերտի մէջ:

– Յուշարձանը միտումնաւոր ստեղծուած է առանց պատուանդանի, կարծես միաձուլուած բնութեան ան վեր կը խոյանայ հայրենի հողէն` ի պաշտպանութիւն ազգային եւ հայրենասիրական գաղափարներու, եւ կը խորհրդանշէ արցախեան հողի եւ ժողովուրդի կապը:

– Յուշարձանը կը ներկայացնէ աւանդական տարազով տարեց ղարաբաղցի ամուսիններ` ուս-ուսի, հպարտ ու խրոխտ կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով:

– Օրին կոթողին շինարարութեան եւ տեղադրման դէմ արտայայտուած են Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը. այնուամենայնիւ, ան տեղադրուեցաւ եւ օրեր առաջ դարձաւ 53 տարեկան:

– Առ ի գիտութիւն` յուշակոթողը նաեւ վէճի առիթ հանդիսացած է Եւրատեսիլ-2009 մրցոյթ-փառատօնին ժամանակ, քանի որ Հայաստանի ներկայացուցիչին տեսահոլովակին մէջ անիկա պատկերուած էր:

 

Սխալ Սովորութիւններ, Որոնք Անդառնալի
Վնասներ Կրնան Պատճառել Մեր Տեսողութեան

Տեսողութիւնը շատ թանկ բան է, իսկ անոր կորուստը` անդարձ…

Տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կը թելադրեն ակնաբուժները մեր աչքերն ու տեսողութիւնը առողջ պահելու համար: Պիտի նկատէք, որ թելադրուածները աժան եւ դիւրին միջոցներ են, որոնցմէ հրաժարիլը` ուղղակի անփութութիւն:

1.- Քնանալէ առաջ աչքի լենսերը պարտադիր հանեցէք:

Ակնաբուժները կը պնդեն, որ եղջերաթաղանդի խոցի յառաջացման հաւանականութիւնը 10-15 անգամ աւելի մեծ է այն անձերուն մօտ, որոնք աչքի լենսերով կը քնանան, քան` միայն օրուան մէջ կրողներուն պարագային:

2.- Ձեր աչքերուն մի՛ դպչիք եւ մի՛ շփէք:

Զգուշութեամբ շփեցէք աչքերը` կոպերը փակելով եւ աչքին միայն արտաքին մասին հպելով: Մի՛ դպչիք լորձնաթաղանթին` անոր վրայ մանրէներու կուտակումէ խուսափելու համար:

3.- Տեսողութիւնը տարին առնուազն մէկ անգամ ստուգեցէք:

30 տարեկանէն սկսեալ թելադրելի է տարին անգամ մը ակնաբուժին այցելել, որմէ ետք ակնաբուժը ի՛նք կը ճշդէ այցելութեան յաճախականութիւնը:

4.- Ելեկտրոնային գործիքներէն կարելի եղածին չափ հեռու մնալ:

Ստիպողութեան պարագային` կէս ժամը անգամ մը քառորդ ժամով ձեր աչքերը հեռացուցէք պաստառէն եւ հանգստացուցէք զանոնք:

5.- Շպարուելու ընթացքին մատիտը կոպի ներսի մասին մի՛ քսէք:

Նախընտրելի է փափուկ ծայրամասով վրձին օգտագործել, բայց այդ մէկն ալ յանձնարարելի չէ, մանաւանդ եթէ ձեր օգտագործած շպարի ներկերը բարձրորակ չեն:

6.- Քնանալէ առաջ անպայմա՛ն մաքրեցէք ձեր աչքերուն եւ դէմքին շպարը:

Շպարի մնացորդները կրնան խցանել արցունքագեղձերը եւ բորբոքումներ պատճառել:

7.- Ժամկէտը անցած դեղերէ եւ կաթիլներէ զգուշացէք.
անոնք ոչ միայն նպատակի չեն ծառայեր, աւելի՛ն, կրնան լուրջ բարդութիւններ յառաջացնել:

8.- Մի՛ չարաշահէք աչքերու կարմրութեան եւ յոգնածութեան վերացման կաթիլները:

Անոնք նախատեսուած են ժամանակաւոր հարցեր լուծելու: Անոնք կը պարունակեն պահպանիչ եւ քիմիական նիւթեր, որոնց չարաշահումը կը վտանգէ մեր տեսողութիւնը:

9.- Արեւի ակնոց կրեցէք:

Արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն չպաշտպանուելու պարագային լուրջ խնդիրներու կրնաք բախիլ:

 

Խոհանոցային Սխալներ, Որոնք Կրնան
Վտանգել Մեր Առողջութիւնը

Տանտիկնոջ համար խոհանոցը այն վայրն է, ուր ան կը դրսեւորէ իր խոհանոցային տաղանդները: Խոհանոցը ի՛ր թագաւորութիւնն է, ուր միայն իր օրէնքները կը գործեն…

Բայց յաճախ ամենալաւ տանտիկինն անգամ սխալներ կը գործէ, որոնք կրնան լրջօրէն վտանգել առողջութիւնը:

Պարզենք այդ սխալներէն մէկ քանին.

Մէկ Կտրատելու Տախտակ Ամէն Ինչի Համար

Թելադրելի է առնուազն երկու տախտակ օգտագործելը: Մէկը բանջարեղէնի եւ պտուղի համար, միւսը` մսեղէնի: Թելադրելի է ոչ փայտեայ տեսակներու օգտագործումը. կերպընկալէ կամ ապակեայ տարբերակները աւելի դիւրին կը մաքրուին եւ իրենց մէջ չեն պահեր մթերքներուն հոտն ու հիւթը:

***

Համտեսել Հում Ուտեստը

Ասիկա բացարձակապէս արգիլուած է, քանի որ հում մթերքները կրնան վարակներ պարունակել եւ սննդային թունաւորումներ պատճառել:

***

Ստուգել, Թէ Արդեօք Փճացա՞ծ Է…

Եթէ թէկուզ չնչին կասկածներ կան, որ մթերքը փճացած է, նախընտրելի է զայն թափել եւ ստամոքսին առողջութեան հաշուոյն փորձարկումներ չընել:

***

Անտեսել Ձեռքերու Մաքրութիւնը

Տարբեր մթերքներու (միս, ձուկ, հաւ, բանջարեղէն, պտուղ…) հետ աշխատելու ընթացքին, մէկէն միւսը ձեռնելէ առաջ ձեռքերը պէտք է լուալ տաք ջուրով եւ օճառով: Յատկապէս` հում միսի կամ ձուկի հետ գործ ունենալէ ետք:

***

Կերակուրը Երկար Ատեն Դուրս Ձգելը

Յաճախ կը պատահի, որ տաք կերակուրը դուրսը պահուի, մինչեւ պաղիլը, որպէսզի յետոյ սառնարանը դրուի: Տաք կերակուրը սառնարանէն դուրս կարելի է պահել առաւելագոյնը 3 ժամ, բայց ոչ աւելի, այլապէս ան կը դառնայ թունաւոր ու վտանգաւոր:

***

Յաճախակի Չփոխել Աման Լուալու Սպունգը

Սպունգները խոհանոցի ամէնէն կեղտոտ իրերէն են: Անոնց վրայ մանրէները կուտակուած կ՛ըլլան: Զանոնք պէտք է հականեխել Օ տը Ժաւելով եւ փոխել` երկու շաբաթը անգամ մը:

 

Խոհագիր

Ֆեթա Պանիրով Եւ Ազատքեղով Խմորեղէն

Բաղադրիչներ.-

– Կէս ծրար մարկարին (125 կ)
– 1 թէյի գաւաթ մածուն (110 մլ)
– 1 թէյի գաւաթ բուսական ձէթ
– 2 հաւկիթ (դեղնուցներէն մէկը խմորներուն երեսը ծեփելու համար)
– 1 ապուրի դգալ քացախ
– Կէս կապոց մանրուած ազատքեղ
– 1 Թէյի գաւաթ Ֆեթա պանիր
– 2 թէյի դգալ Պէյքինկ փաուտըր
– 3,5 գաւաթ (100 մլ) ալիւր
– Աղ

Պատրաստութիւն.-

Բոլոր նիւթերը (բացի մանրուած ազատքեղէն եւ ֆեթայէն) խառնել եւ շաղել, մինչեւ որ ոչ կպչուն խմոր մը ստացուի:

Աւելցնել ազատքեղն ու ֆեթան եւ կրկին շաղել:

Հաւկիթի մեծութեամբ խմորներ առնել եւ ափերուն մէջ ձուաձեւ ձեւաւորել: Մէկ կողմ դրուած հաւկիթի դեղնուցով ծեփել իւրաքանչիւրը եւ պատառաքաղով երկայնքին գիծեր ձեւաւորել:

Նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 180 ջերմաստիճանով, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

 

 Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ո՞ւր Էք Գնում

Ո՞ւր էք գնում,
Տղե՛րք.
երկինքն այնքան մեծ է
ու այնքան հեռու,
հասցէ թողէք, Տղե՛րք,
հասցէ թողէք…
Կիսատ զրոյցներս
դրել եմ ծրարի մէջ.
նամակներս մնացել են ճամբին,
ի՞նչ հասցէ գրեմ,
երկնքում հասցէներ կա՞ն միթէ…
Ո՞ւմ ասեմ, որ կարողանայ
ձեր կենացը խմել այնպէս,
որ  կուլ գնայ
յաղթանակի հացը…
Ճերմակ թղթի վրայ
ծառեր են նկարել ձեր բալիկները,
ծառը ծաղկել է թղթի վրայ,
ծառը ծաղկել է,
նրանք չեն ժպտում…
Ժպիտները աստղեր են դարձել,
երկնքում աստղերը շատ են,
էլ տեղ չկայ,
հիմա երկրին են աստղեր հարկաւոր,
Աստղեր վերցրէք եկէք,
ո՞ւր էք գնում, Տղե՛րք…

ՀԵՐՄԻՆԷ

 

 

 

Viewing all 573 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>