Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 573 articles
Browse latest View live

Այգիի Մը Պատմութիւնը…«Բացօթեայ Պատկերասրահ Երեւանի Հենց Սրտում»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Մեծ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի անուան պուրակը կը գտնուի Ֆրանսայի հրապարակին կից: Պուրակի կեդրոնը կանգնած է Մարտիրոս Սարեանի մարմարեայ արձանը, որուն հեղինակներն են քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանը եւ ճարտարապետ Արթուր Թարխանեանը:

Գիտէ՞ք արդեօք, թէ ինչո՛ւ պէտք է այցելել այս այգին: «Գոյների մեծ վարպետ» Սարեանի պուրակը կը տարբերի Երեւանի բոլոր այգիներէն. անիկա բացօթեայ պատկերասրահ մըն է, զոր հնարաւոր չէ կտրել-անցնիլ մի քանի վայրկեանէն, քանի որ ամէնուրեք ցուցադրուած են ժամանակակից հայ նկարիչներու աշխատանքները: Ամէն օր քաղաքի նկարիչները կը հաւաքուին այս գողտրիկ պուրակին մէջ, որուն նմանը կարելի չէ տեսնել այլուր:

Պուրակին մէջ տեղադրուած են բազմաթիւ յարմարաւէտ նստարաններ` այցելուներուն, որպէսզի դիտեն նկարները եւ վայելեն մթնոլորտը: Այգիին մէջ տեղադրուած է նաեւ «Տղամարդիկ»արձանախումբը, որ նուիրուած է «ռեժիսէօր» Էդմոնտ Քէօսայեանի 75-ամեակին: Արձանախումբի տեղադրման վայրը պատահական չէ. հոն է, ուր նկարահանուած է  «Տղամարդիկ» ժապաւէնը:

Նշենք, որ պուրակին մէջ հանգստեան օրերուն, ժամանակակից նկարիչնեերու աշխատանքներու բացօթեայ ցուցահանդէս վաճառքը կը կազմակերպուի, որուն պատճառով ալ ժողովուրդը պուրակը կոչած է նաեւ «Սարեանի վերնիսաժ»:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեխան Հանրախանութ
Տանի՞ն, Թէ՞ Ոչ

 

Յաճախ մայրերը կը խուսափին իրենց փոքրիկը հանրախանութ տանելէ, այն մտավախութեամբ, որ հոն փոքրիկը զիրենք պիտի խայտառակէ իր չարութիւններով կամ նեղ կացութեան մատնէ` իր պահանջներով:

Բայց ե՞րբ պիտի սորվի մանուկը հանրախանութ երթալ, ապրանքներուն եւ անուններուն ծանօթանալ եւ առանց անկարելի պահանջներ դնելու` մօրը հետ շրջիլ եւ ուրախ տուն վերադառնալ:

Ընդհանրապէս առաջին անգամ կարելի չէ նախատեսել, որ խանութին մէջ փոքրիկը կամակորութիւն պիտի ընէ՞, ձեզմէ տուրմ, պաղպաղակ կամ խաղալիկ պիտի պահանջէ՞, թէ՞ ոչ… Ի՛նչ պատկեր ալ պարզուի, թելադրելի չէ, որ դուք փորձէք հարցը լուծել խանութին մէջ, քանի որ ձեր փոքրիկը պիտի չլսէ ձեզ եւ պիտի շարունակէ պնդել: Ո՛չ ապտակը, ո՛չ ալ սպառնալիքները պիտի լուծեն հարցը. ընդհակառա՛կը, մնացեալ յաճախորդներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք եւ անել կացութեան պիտի մատնուիք:

Որպէսզի նման իրավիճակ չստեղծուի, պէտք է երեխային հետ նստիլ ու խօսիլ նախքան խանութ մեկնիլը: Օրինակ, եթէ մթերքներու համար խանութ պիտի երթաք եւ յաւելեալ գնումներու գումար եւ ժամանակ չունիք, ասիկա երեխային պէտք է բացատրէք տունէն չմեկնած, անշուշտ` համոզիչ եւ մատչելի ձեւով, առանց սպառնալիքներու կամ խոստումներու:

Եթէ հակառակ ձեր զգուշացումներուն երեխան փոխեց իր ընթացքը, դարձեալ հոն յարմար վայրը չէ իր խոստումները յիշեցնելու կամ զինք դաստիարակելու:

Տուն վերադարձին երկուքով հանդարտելէ ետք եւ առանց կիրքի անոր յիշեցուցէք գործած յանցանքը եւ ձեր հայեցողութեամբ` պատիժ մը սահմանեցէք: Խուսափեցէք ծանր պատիժէ, վիրաւորական խօսքերէ, սպառնալիքներէ: Իսկ ձեր յաջորդ հանրախանութ այցելութեան, եթէ ձեր երեխան փոխած է իր ընթացքը, չմոռնաք փոքրիկ վարձատրութեամբ մը հատուցելու զինք:

Առողջապահական

5 Զգալի Փոփոխութիւն, Եթէ
Հրաժարիք Քաղցրեղէնէն

Ճարպակալման եւ գիրութեան հիմնական պատճառը նստակեաց կեանքն է եւ վերամշակուող սնունդի օգտագործումը, որոնց մեծ մասը հարուստ է շաքարով: Եւ ճիշդ այս սնունդներն են, որ ժամանակի ընթացքին կախուածութիւն կը ստեղծեն:

Սակայն, եթէ նոյնիսկ աւելորդ ծանրութեան հարց չունիք, լաւ կ՛ըլլայ, որ վերանայիք ձեր սննդակարգին եւ նուազեցնէք շաքարի օգտագործումը:

Փոփոխութիւններ, Զորս Շատ Արագ
Կը Զգաք, Եթէ Հրաժարիք Շաքարէն

1.- Աւելի ճիշդ ձեւով կը գնահատէք ուտելիքներու համը: Նոյն ելակը կամ թէյը դուք բոլորովին նոր ձեւով կը բացայայտէք:
2.- Կը կարգաւորուի ձեր աղիքներու գործունէութիւնը:
3.- Կը ձերբազատիք աւելորդ քիլոներէն:
4.- Կը յաղթահարէք շաքարային կախուածութիւնը:
5.- Կը դառնաք աւելի աշխուժ:

Հետաքրքրական

Խնդուքի Ձեւը Մարդը
Բնորոշելու Միջոց Է

Հոգեբաններու կարծիքով, մարմնի լեզուն (ժեսթերը) երբեմն շատ աւելի բան կ՛ըսեն, քան` բառերը: Այս իսկ համոզումէն մեկնելով` անոնք կը պնդեն, որ մտադրութիւններու եւ զգացումներու իսկական «տեղեկատու» մըն է նաեւ խնդուքը: Այսպէս`

– Խնդալու ժամանակ բերանը ձեռքերով փակելը ամօթխածութեան եւ անինքնավստահութեան նշան է: Խնդրոյ առարկայ անձը կը փորձէ թաքցնել սեփական բարդոյթներն ու թերութիւնները: Ան չ՛ուզեր ինքզինք բացայայտել մարդոց առջեւ, յաճախ կ՛ամչնայ ու կը կարմրի` փորձելով աննկատ մնալ:

– Եթէ զրուցակիցը բաւական բարձր կը խնդայ, բերանը բաց, ամենայն հաւանականութեամբ ան աշխուժ եւ գործունեայ մարդ է: Անոր գլխաւոր թերութիւնը ուրիշները չլսելն է. ան նաեւ որոշ չափով եսակեդրոն մարդ է:

– Եթէ անձը խնդալու ժամանակ գլուխը դէպի ետ կը թեքէ ան մեծ, բարի սիրտ ունի: Ան չափազանց դիւրահաւատ է եւ վստահող:

– Եթէ անձը խնդալու ժամանակ քիթը կը կնճռոտէ, ան պահպանողական մարդ է. անոր զգացական աշխարհը անկայուն է եւ փոփոխական:

– Այն մարդը, որ խնդալու ժամանակ տեւաբար կոպերը կը բանայ ու կը գոցէ, հանգիստ եւ ինքնավստահ անձ է: Ան աշխուժ եւ գործնական մարդ է, իսկ վէճերու ժամանակ` համոզիչ եւ յաղթական:

– Եթէ ձեր զրուցակիցը կարճ, բայց սրտանց կը ծիծաղի, ան հաւասարակշռուած եւ մեծ անհատականութեան տէր մարդ է:

– Վերջապէս, «ձեռքով-ոտքով» խնդացող մարդը զուարթախոհ եւ կեանքով լեցուն անձ է. ան նոյնիսկ դժուար պահերուն կը փորձէ երեւոյթները պահել, թէկուզ` թաքուն լալով:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

– Որպէսզի հազարը երկար ժամանակ թարմ մնայ, զայն մաքրեցէք, լուացէք, ցամքեցուցէք եւ ապա երկայնքին երկուքի կիսեցէք: Իւրաքանչիւր կէս փաթթեցէք մաքուր լաթի մը մէջ եւ զետեղեցէք կերպընկալ տոպրակի մը մէջ ու սառնարանը պահեցէք:

– Որպէսզի պտուղներ երկար դիմանան, անոնց միջեւ գինիի շիշի քանի մը խցան զետեղեցէք:

– Որպէսզի նախօրօք պատրաստուած պտուղի աղցանին խնձորը, պանանը կամ տանձը իրենց գոյնը պահպանեն, անոնց վրայ կիտրոնի հիւթ կամ մեղր աւելցուցէք:

– Որպէսզի խոզապուխտը, նրբերշիկը կամ սալամին երկար դիմանան, զանոնք զետեղեցէք կափարիչով օժտուած ապահով տուփերու մէջ եւ նախքան փակելը` քանի մը դդմաճ դրէք տուփերուն մէջ: Դդմաճը կը ներծծէ խոնաւութիւնը եւ աւելի երկար ժամանակով թարմ կը պահէ մսեղէնները:

– Եթէ մեծաքանակ սխտոր պիտի կեղուէք, պճեղները քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք. երբ հանէք, կեղեւները ինքնաբերաբար պիտի բաժնուին:

– Որպէսզի թառամած ռեհանը ինքզինք գտնէ, զայն մխրճեցէք շաքարաջուրով լեցուն ամանի մը մէջ. շատ արագ անիկա կը վերագտնէ իր թարմութիւնը:

Խոհագիր

 Գինձով Ծաղկակաղամբ

Բաղադրիչներ

– 1 պզտիկ ծաղկակաղամբ
– 5-6 պճեղ սխտոր
– Կէս կապոց մանրուած, թարմ գինձ
– Քառորդ թէյի դգալ քիմիոն
– Քառորդ թէյի դգալ կարմիր, փոշի պղպեղ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Աղ, սեղ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ծաղկակաղամբը փոքրիկ մասերու բաժնել եւ 3 վայրկեան եռացած ջուրի մէջ պահել: Քամոցէ անցած ծաղկակաղամբը տարածել ափսէին մէջ. համեմել` աղով, սեւ պղպեղով, քիմիոնով եւ կարմիր փոշի պղպեղով:

Համեմուած ծաղկակաղամբներուն աւելցնել ճզմուած սխտորը, մանրուած գինձը եւ ձէթը: Բոլորը միատեղ խառնել եւ ափսէն փուռը փոխադրել: Եփել շուրջ 20 վայրկեան, 180 ջերմաստիճանով:

Ծաղկակաղամբները փոխադրել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ, աւելցնել կիտրոնը հիւթը եւ մատուցել:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անպատասխան Հարց

Ամէն հարց կեանքում
Պատասխա՛ն ունի
Բացի… մի՛ հարցից-
Անիծեա՜լ հարցից`
Միա՜կ, եզակի՜ եւ անզուգակա՜ն.-
Ո՞վ չգիտէ,
Որ դարերից ի վեր
«Հայոց հարցը» կա՛յ,
Բայց լսե՞լ էք,
Որ երբեւէ լինէր… «Հայոց պատասխա՜ն»
Պատասխան չկա՜յ
Պատասխան չկա՜յ…
Հարցը` զրկուա՜ծը
Ազնի՜ւ-արդա՛րն է միայն ունենում.
Չար-անարդարը
Հարցն ի՜նչ է անում.-
Նա լոկ արդարի
Հո՛ղն ու երկի՛րն է
Հարցականի՛ ու հարցի տակ դնո՛ւմ.
Նա հարցեր չունի՜-
Նա ունի միայն
Հարց տուողների բերանը փակող
Եաթաղաննե՛ր ու զէնքե՛ր մարդասպան –
Իբրեւ արդարի հարցին պատասխա՛ն…
… Կա՞յ մէկն աշխարհում,
Որը չիմանայ «Հարցը Հայկական»
Բայց լսե՞լ էք,
Որ երբեւէ լինէր… «Հայոց պատասխա՜ն»
Ոչ պարսկակա՛ն, ոչ թուրքակա՛ն,-
Հայի հայկակա՛նն եմ ուզում,
Ոչ տարագի՛ր, ոչ գաղթակա՛ն,-
Հայ ազգը` իր տա՛նն եմ ուզում.
Իմ վաղեմի՜, ազնի՛ւ հայցին
Արդար դատաստա՛ն եմ ուզում,
Յոգնե՜լ եմ ես «Հայոց հարցի՛ց»
«Հայոց… պատասխա՛ն» եմ ուզում:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 


Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 3 Հարց Եւ Պատասխան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1) Ե՞րբ Երեխան Կրնայ Առանձին Լոգնալ

5-6 տարեկան երեխայ մը արդէն ինքնաբաւ կը համարուի եւ բնականաբար կրնայ առանձին լոգնալ եւ հագուիլ:

Մայր մը պէտք է նախօրօք որոշ ցուցմունքներ կատարէ, իսկ լոգանքի ատեն երեխան պէտք է ձեռքի տակ ունենայ անհրաժեշտ բոլոր իրերը` սպունգ, օճառ, շամփուէն…

Միւս կողմէ` լոգարանը պէտք է ըլլայ ապահով, օժտուած` յատուկ «գորգով», որպէսզի երեխան չսահի, իսկ ջուրին ջերմաստիճանը պէտք է սկիզբէն ճշդել:

Պէտք է յարգել երեխային անձնականութիւնը, բայց երբեք չկղպել դուռը:

Լոգարանին առջեւ երեխան պէտք է մարմինը ցամքեցնէ փոքրիկ գորգին վրայ կանգնած, կողքին` մուճակները եւ հագուստները:

2) Ե՞րբ Երեխան Կրնայ Առանձին Խանութ Երթալ

7 տարեկան երեխան կարելի է առանձին խանութ կամ փուռ ղրկել, եթէ ճամբայ անցնելիք չէ:

Երեխան կարելի է ղրկել մօտակայ խանութը` հաց կամ որեւէ իր գնելու, եթէ խանութպանը վստահելի անձ է:

Երեխային ձեռքը մեծ գումարներ տալու չէ, որպէսզի ան դիւրաւ հաշուակցի:

Այսպիսով, երեխան հպարտ ու պատասխանատու կը զգայ, եւ քիչ-քիչ անոր ինքնավստահութիւնը կը զարգանայ:

3) Ե՞րբ Կարելի Է Երեխային Գրպանի Դրամ Տալ

7-8 տարեկան երեխաները արդէն կը սկսին դրամ ուզել իրենց ծնողներէն:

Շաբաթական դրութեամբ երեխային դրամ տալով` կարելի է անոր վարժեցնել, որ ինքզինք «կազմակերպէ», ծախսերը դասաւորէ, խնայել սորվի եւ այլն…

Ոմանք քանի մը օրէն կը ծախսեն տրուած գումարը, ուրիշներ, ընդհակառակը, կը պահեն:

Պէտք չէ, որ գրպանի դրամը կապուի պատիժի կամ վարձատրութեան հետ:

Ինչ կը վերաբերի գրպանի դրամի չափին, ատիկա ծնողին որոշումն է եւ անոր հայեցողութեան ձգուած է:

Փորձառուներու Կարծիքով

 Լուա՞լ, Թէ Չլուալ

Մանկութենէն մեզի սորվեցուցած են, թէ ուտելէ առաջ պէտք է շատ լաւ լուալ ձեռքերը, որ ինչպէս  նաեւ բոլոր մթերքները, որոնք շուկայէն տուն կը բերուին:

Մինչեւ օրս ալ մեզմէ շատեր, այս սկզբունքէն մեկնելով, կը լուան բոլոր մթերքները` պատրաստելէ եւ ուտելէ առաջ:

Սակայն պարզուած է, որ կարգ մը մթերքներ պէտք չէ լուալ. ահա թէ ինչո՛ւ

Հաւը

Շատեր շուկայէն բերուած հաւը անպայման կը լուան` նախքան պատրաստելն ու եփելը: Միսը, ձուկը, բայց մանաւա՛նդ հաւը երբեք պէտք չէ լուալ:

Հոսող ջուրի տակ հաւը լուալով, դուք պաքթերիաներէն ոչ միայն չէք ձերբազատիր, այլ ընդհակառակը, կը վարակէք նաեւ լուացարանը, սպասքը եւ այլն…

Սալմոնելլա կոչուած պաքթերիան շատ վտանգաւոր եւ նոյնիսկ մահացու է:

Հաւկիթը

Շատ շատերու կարծիքով, հաւկիթը եւս պէտք չէ լուալ, նոյնիսկ եթէ անոր վրայ փոքր աղտեր կամ բիծեր կան: Կը թելադրուի պարզապէս խոնաւ լաթով մը մաքրել զանոնք: Հաւկիթին ծակոտկէն կեղեւը չափազանց նուրբ եւ զգայուն է, եւ բնականաբար անկէ ներս կրնան ներթափանցել ջուրն ու օճառը եւ վնասել դեղնուցին եւ սպիտակուցին:

Սունկը

Հոսող ջուրին տակ լուացուած սունկը սպունգի նման կը ներծծէ ջուրը եւ կը դառնայ չափազանց անհամ:

Սունկին վրայի հողն ու կեղտը մաքրելու համար եւրոպացիք կը գործածեն փոքրիկ խոզանակ մը: Այսպէս, անոնք նախ կը կտրեն սունկին ոտքէն պզտիկ բաժին մը, ապա խոզանակի կամ խոնաւ լաթի միջոցով կը մաքրեն գլուխը:

Պանանը

Պանանը, սեխը, ձմերուկը մնացեալ պտուղներուն նման պէտք է  լուալ, նոյնիսկ եթէ անոնց կեղեւները անօգտագործելի են: Ձեռքէ ձեռք անցած եւ տեղէ տեղ փոխադրուած այս պտուղները մանրէներու բոյն են, եւ թելադրելի է տուն բերելէ ետք անպայման լուալ եւ ցամքեցնել զանոնք:

Բանջարեղէններ Եւ Պտուղներ

Բոլոր բանջարեղէններն ու պտուղները պէտք է անպայման լուալ օճառով կամ յատուկ հականեխիչներով: Հրաժարեցէք թանկարժէք քիմիական նիւթերէն եւ նախապատուութիւնը տուէք ճերմակ քացախին ու աղին:

Պահածոյի Տուփերը

Շուկայէն տուն բերուած պահածոյի բոլոր տուփերն ու ապակեայ շիշերը անպայմանօրէն լուացէք: Անոնց կափարիչներուն վրայ կուտակուած  մանրէներն ու փոշին կրնան սնունդին մէջ թափանցել, եթէ նախօրոք չմաքրենք զանոնք:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

Գիտէի՞ք, Թէ…

  • Միսը շատ երկար տապկելու պարագային, անիկա կը կորսնցնէ իր համը, տեսքը եւ սննդական արժէքը:
  • Խաշած միսը հիւթալի կ՛ըլլայ, եթէ կտորները եռացած ջուրի մէջ, թեթեւ կրակի վրայ երկար եփուին:
  • Որպէսզի միսը լաւ կարմրի, նախքան տապկելը` զայն ծծուն թուղթի վրայ ցամքեցնել:
  • Մէկ քիլօ միսը խաշելէ ետք կը մնայ 600 կրամ: Իսկ տապկելէ ետք` 620-650 կրամ:
  • Յօշած միսը պէտք է արագ գործածել, որովհետեւ շուտ կը քայքայուի, նոյնիսկ` սառնարանը պահելու պարագային:
  • Ուշ եփող միսը կը փափկանայ, եթէ կտորները ծեծուին փայտեայ մուրճով:
  • Թարմ միսը պէտք է ըլլայ վարդագոյն, իւրայատուկ հաճելի հոտով:
  • Միսերէն ամէնէն դիւրամարսը նապաստակինն է, ապա` հաւու, կովու եւ խոզի: Ամէնէն դժուարամարսը ոչխարինն է.
  • Միսի 100 կրամը կը պարունակէ 3 անգամ աւելի երկաթ, քան` կարգ մը ընդեղէններու եւ սոյային մէջ գտնուողը: Միսին պարունակած երկաթը  մարմնին կողմէ աւելի դիւրին ներծծուելու առաւելութիւնը ունի:

Ձեր Ընտրութիւնը Կը Պատմէ Ձեր Մասին…

Ի՞նչ Կ՛ընէք Առաջին Հերթին

Իւրաքանչիւր իրավիճակ կրնայ բացայայտել անձի մը բնորոշ բոլոր յատկանիշները, որոնց մասին թերեւս ինք ալ չի գիտեր:

Հոգեբաններու կարծիքով, մարդու մը ընտրութիւնը շատ բան կը բացայայտէ անոր նկարագրին մասին: Ընտրութիւն կատարելով` տուեալ անձը կը պարզէ իր անհատականութիւնը եւ առաջնահերթ սկզբունքները:

Ուշադի՛ր դիտեցէ՛ք նկարը եւ պատասխանեցէ՛ք, թէ նախ ի՞նչ կ՛ընէիք, եթէ սենեակ մտնէիք եւ նման իրավիճակ տեսնէիք…

Եթէ Առաջին Հերթին Ելեկտրական Թէյամանը Կ՛անջատէիք

Դուք անհանգիստ եւ մտահոգ անձ էք, յաճախ ամէն ինչ կրկնակի կը ստուգէք: Ձեզի բնորոշ են զգուշաւորութիւնն ու ճշգրտութիւնը: Դուք նաեւ շատ ճշդապահ էք եւ կատարելապաշտ:

Եթէ Առաջին Հերթին Շտապեցիք Դէպի Հեռախօսը

Դուք հանգիստ բնաւորութեամբ անձ էք, կը խուսափիք եռուզեռէն եւ քաոսէն: Չփոխուած ապրելակերպն ու հանգստութիւնը առաջնահերթ են ձեզի համար: Դուք կրնաք յետաձգել ձեր տնային գործերը` քիչ մը աւելի երկար քնանալու կամ բաժակ մը սուրճ կամ թէյ ըմբոշխնելու համար:

Եթէ Առաջին Հերթին Վազեցիք Երեխային Մօտ

Դուք շատ պատասխանատու մարդ էք: Դուք  կը զատորոշուիք ձեր անկախութեամբ, ինչպէս  նաեւ` արագ եւ տրամաբանական որոշումներ կայացնելու ունակութեամբ:

Եթէ Առաջին Հերթին Շտապեցիք Շունը Նախատելու

Դուք պոռթկացող եւ քիչ մըն ալ դիւրագրգիռ անձ էք: Դուք շատ արագ կը կորսնցնէք ձեր ինքնատիրապետումը եւ կը դառնաք ծայր աստիճան ջղային:

Կարգապահ անձ էք եւ ամէնուրեք կարգ ու կանոն կը փնտռէք: Մեծապէս կը գնահատէք լռութիւնը, քանի որ ձեր պարագային միայն արտաքին խաղաղութիւնը կ՛օգնէ` հասնելու ներքին ներդաշնակութեան:

Խոհագիր

Կոլոլակներ`
«Փչակներու» Մէջ

Բաղադրիչներ

3 գետնախնձոր
Կէս քիլօ աղացած միս
1 պճեղ սխտոր
1 սոխ
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Աղ, սեւ պղպեղ
Քերած պանիր` երեսը ծածկելու համար (պայման չէ)
Ճերմակ թացան (սոս պլանշ) կամ թարմ լոլիկով թացան

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները 5-7 վայրկեան խաշել, կեղուել եւ կլոր շերտել:

Միսին աւելցնել համեմները, ճզմուած սխտորը, մանրուած սոխը եւ ազատքեղը: Շաղել խճողակը եւ ընկոյզի մեծութեամբ կամ քիչ մը աւելի մեծ գնդակներ պատրաստել:

Քիչ մը բարձր եզերքով ափսէին յատակն ու կողմերը կարագով ծեփել, ապա շարել գետնախնձորի շերտերը:

Միսի գնդակները շարել գետնախնձորներուն վրայ եւ միսերուն միջեւ դարձեալ գետնախնձորի շերտեր զետեղել:

Ըստ ճաշակի, պատրաստել ճերմակ թացան կամ թարմ լոլիկով կարմիր թացան եւ աւելցնել միսին ու գետնախնձորներուն վրայ:

Եթէ ձեռքի տակ պանիր ունիք երեսը ծածկեցէք տաշուած պանիրով եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփեցէք շուրջ 20 վայրկեան` 180 ջերմաստիճանով:

Շաբթուան Մտածումը`

Սա Հայաստանի` Կովկասում մնալ-չմնալու հարցն է: Եթէ մենք ուզում ենք լինել Կովկասի իրաւահաւասար ազգերից մէկը, մենք պարտաւոր ենք չպարտուել, պարտուելու իրաւունք չունենք եւ պիտի չպարտուենք:

Ինչ-որ մի ժամանակ մենք խաբուեցինք, թէ թուրքերի ախորժակը բաւարարուած կը լինի Արեւմտեան Հայաստանը կլլելով, բայց չէ… Էնքան խաբուած մնացինք, մինչեւ որ էնտեղի դեմոկրատները, մտաւորականներն իրենց խօսքն ասացին, թէ Ղարաբաղն Ազրպէյճանինն է…

… Նրանք արդեօ՞ք կարող են համոզել, որ Ղարաբաղն իմ ու քո հողը չէ, որ Ղարաբաղն իմ կէսը չէ: Ղարաբաղն իմ  հողն է, Ղարաբաղից չի կարելի հրաժարուել, եթէ նոյնիսկ թուրքի ետեւում ով ասես կանգնած լինի…

… Փողոցում ողբերգութիւն է ծաւալւում, պատմական վէպ է ծաւալւում, երանի նրանց, ովքեր առողջ աչքեր ունեն եւ կարողանում են կարդալ…

ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Ծածկամի՞տ, Թէ՞ Թափանցիկ Անձ Մըն Էք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ծածկամի՞տ էք, թէ՞ թափանցիկ… այս հարցին պատասխանը իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

– 1 –

Երբ դուք ընկճուած էք, դէմքի արտայայտութիւններէն ձեր այդ հոգեվիճակը «կը կարդայ»`

ա.- Ամէն ոք:
բ.- Միայն մտերիմները:
գ.- Ոչ ոք:

– 2 –

Ձեր բարեկամուհիները գիտե՞ն, թէ որքան աշխատավարձ կը ստանաք:

ա.- Գրեթէ բոլորը գիտեն:
բ.- Ոմանք գիտեն:
գ.- Ոչ ոք գիտէ:

– 3 –

Անծանօթ մը կրնա՞յ գաղափար կազմել մեր մասին` ուսումնասիրելով ձեր աշխատավայրը:

ա.- Շատ հաւանաբար:
բ.- Քիչ թէ շատ:
գ.- Անշուշտ ոչ:

– 4 –

Եթէ դուք վարագոյր ըլլայիք, անպայման կ՛ըլլայիք`

ա.- Թեթեւ ու թափանցիկ:
բ.- Վառ եւ երփներանգ:
գ.- Թանձր ու մութ գոյնի:

– 5 –

Երբ բարեկամուհիի մը գաղտնիք մը պիտի վստահիք, անկէ երդում կը պահանջէ՞ք գաղտնապահութեան իբրեւ երաշխիք:

ա.- Երբեք:
բ.- Երբեմն:
գ.- Միշտ:

– 6 –

Ձեր ամուսինը կամ ընկերը ի՞նչ գիտէ ձեր նախկին արկածախնդրութիւններուն մասին:

ա.- Ամէն ինչ:
բ.- Մէկ-երկու զուարճալի դրուագ:
գ.- Ոչինչ:

– 7 –

Ձեր բջիջային հեռախօսին գաղտնագիրը գիտէ`

ա.- Գաղտնագիր չէք գործածեր:
բ.- Միայն ձեր ամուսինը:
գ.- Ոչ ոք:

Արդիւնք

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, դուք բաց գիրքի նման էք: Մարդիկ սիրով կը բարեկամանան եւ կը մտերմանան ձեզի պէս սրտբաց ու անմիջական անձի մը հետ: Այսուհանդերձ, կ՛արժէ զգուշանալ ամէն նիւթի մասին անվերապահօրէն բոլորին առջեւ խօսելէ: Ատիկա վերապահեցէք շատ մտերիմներուն:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, բաւական ճկուն եւ զուսպ անձ էք. կրնաք ձեր սիրտը բանալ ուրիշին առջեւ, բայց նաեւ գիտէք լռել, երբ հարցը նուրբ եւ զգայուն նիւթերու կը վերաբերի:

Անշուշտ վստահութիւն ունիք ձեր շրջապատին վրայ եւ կարեւոր կը նկատէք ոչ միայն դիմացինին գաղտնապահ ըլլալու ունակութիւնը, այլեւ` ձեզ լսելու անոր պատրաստակամութիւնը:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, դուք շատ հաւանաբար կրեր էք ձեր անկեղծութեան ծանր հետեւանքը եւ անկէ դասեր քաղեր էք: Սակայն հիմա ալ ինկած էք միւս ծայրայեղութեան մէջ եւ կամ ունիք այն համոզումը, որ ձեր գաղտնիքները չեն հետաքրքրեր մարդիկը… Թերեւս ծածկամտութեան ճամբով կը փորձէք ծածկել ձեր թերութիւնները, սակայն ատիկա ինքնամեկուսացման ամէնէն կարճ ճամբան է:

Մանկավարժի Խորհուրդով…

5 Բան, Որոնցմէ Պէտք Է Հրաժարին Ծնողները`
Երջանիկ Երեխայ Մեծցնելու Համար

Ծնողները մեծ ազդեցութիւն ունին երեխային հետագայ կեանքին եւ վարքին վրայ:

Ցաւօք ամենահոգատար ծնողներն անգամ սխալներ կը գործեն իրենց զաւկին դաստիարակութեան հարցով:

Հոգեբան-մանկավարժի կարծիքով, երջանիկ երեխայ մեծցնելու համար ծնողները պէտք է հրաժարին`

1.- Սպասումներէ

Եթէ ծնողներէն մէկը երազեր է մանկութեան տարիներուն դաշնակահար դառնալ, այդ չի նշանակեր, որ երեխան, հակառակ իր կամքին, դաշնակի դասընթացքներու պիտի հետեւի: Իրագործել երեխային միջոցով այն, ինչ որ ծնողը չէ կրցած իրագործել, շատ մեծ սխալ է: Պէտք է հաշուի առնել երեխային կարծիքն ու ցանկութիւնները:

2.- Քննադատելէ

Մշտապէս կատարուող դիտողութիւնները բացասաբար կ՛անդրադառնան հասուն մարդու ինքնագնահատականի վրայ, իսկ երեխայի պարագային` առաւել եւս:

Պէտք է գովել, խրախուսել եւ աջակցիլ երեխային` նոյնիսկ անյաջողութիւններու պարագային:

3.- Գեր Խնամելէ

Չափազանց շատ հսկողութիւնն ու գերխնամքը պատճառ կ՛ըլլան, որ երեխան մանկունակ եւ անինքնավստահ մեծնայ:

Երեխաներու նկատմամբ պահուող առողջ հեռաւորութիւնը շատ աւելի մեծ օգուտ կու տայ երեխային:

4.- Պոռալէ

Ձայնը բարձրացնելով եւ պոռալով ծնողները կ՛ապացուցեն, որ իրենք չունին ծանրակշիռ հիմնաւորումներ: Երեխային հետ պէտք է խօսիլ հանգիստ եւ անպայման լսել ու յարգել անոր տեսակէտը:

5.- Զոհողութիւններէ

Յանուն երեխայի երջանկութեան ծնողները պէտք չէ որ անհիմն զիջումներ եւ զոհողութիւններ կատարեն: Լաւ զաւակ դաստիարակել եւ մեծցնել` չի նշանակեր ամբողջովին մոռնալ «ես»-ը եւ հրաժարիլ ամէնէն տարրական հաճոյքներէն: Նման ծնողներ հակուած են ապագային մեծ յուսախաբութիւններ ապրելու` «փոխհատուցում» չստանալու պատճառով:

Հագուստ Կրելու
6
Չափորոշիչներ

Երբ բարեկամներու հետ հանդիպումի ենք, մենք ազատ ենք մեր ուզած հագուստը ուզած ձեւով կրելու: Բայց երբ հարցը կը վերաբերի աշխատավայրի կամ պաշտօնական առիթներու, ստիպուած ենք հետեւելու որոշ կանոններու` շրջապատը յարգելու, վայելուչ տեսք ունենալու եւ մանաւանդ գռեհկութեան ծուղակը չիյնալու համար:

Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն ոճաբանները.

1.- Շապիկ կրելու պարագային, կարելի է արձակել առաւելագոյնը 2 վերեւի կոճակները եւ ոչ աւելի…

2.- Կարելի չէ միաժամանակ թէ՛ մինի (կարճ) եւ թէ տեքոլթէ (մեծ փորուածքով օձիք) կրել. պէտք է ընտրել մէկէն մէկը:

3.- Գրասենեկային շապիկի օձիքին կտրուածքը պէտք չէ որ 10 սմ աւելի խոր ըլլայ:

4.- Եթէ առանց բաճկոնի շապիկ պիտի կրէ տղամարդը, փողկապ կրելը անիմաստ է:

5.- Շապիկը տաբատին մէջ դնելու պարագային, գօտի կրելը պարտադիր է:

6.- Գուլպաները պէտք է բաւականաչափ երկար ըլլան, որպէսզի նստելու ատեն մերկ ոտքերը չերեւան:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

 Ձուկը

Ընտրութիւն

Նախքան գնելը` լաւ զննեցէք ձուկին արտաքին տեսքը եւ շօշափեցէք զայն:

– Ձուկին աչքերը պէտք է ըլլան ցցուն եւ թափանցիկ:
– Փորը պիրկ պէտք է ըլլայ. եթէ մատով դէպի ներս ճնշէք, պէտք չէ որ փոսիկ մը գոյանայ ու մնայ:
– Ձուկին խռիկները պէտք է վառ կարմիր ըլլան:
– Հոտոտացէք զայն, պէտք է որ քիչ թէ շատ ծով բուրէ:
– Տան մէջ ձուկին թարմութիւնը ստուգելու համար զայն մխրճեցէք ջուրով լեցուն խորունկ ամանի մը մէջ, եթէ սուզուի, կը նշանակէ, որ թարմ է:

Գիտէի՞ք, Թէ

– Նախապէս քացախով թրջած ձուկը աւելի դիւրին կը մաքրուի թեփերէն:
– Ձուկը կարելի չէ սառցարանը պահել առանց մաքրելու:
– Տապկելու ժամանակ ձուկը չի փշրուիր, եթէ նախապէս աղուի եւ 15 վայրկեան այդպէս թրծուի:
– Տապկելու ժամանակ ձուկը ձեւաւոր կը մնայ, եթէ զայն ալիւրի մէջ թաթխէք:
– Կոկորդը փուշ մնալու պարագային, անմիջպաէս կիտրոնի հիւթ խմել կամ պատառ մը հաց ծամել ու կլլել:
– Թարմ ձուկը կարելի է քանի մը ժամ սառնարանէն դուրս պահել, եթէ լաւ մաքրուի, լուացուի, կիտրոնով եւ աղով շփուի:
– Ձուկին հոտը չէզոքացնելու համար լուացարանը, ինչպէս նաեւ ձեռքերը շփել կիտրոնի կտորներով եւ քարաղով:
– Ստուգելու համար, թէ փուռը դրուած ձուկը եփա՞ծ է, թէ՞ ոչ, անոր մէջքի լողակը թեթեւօրէն քաշել. եթէ անմիջապէս բաժնուի, ուրեմն եփած է:

Խոհագիր

Ծոթրինով Մաֆիններ

9 մաֆինի համար անհրաժեշտ է.

– 1 եւ քառորդ գաւաթ ալիւր
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– Կէս գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 ապուրի դգալ շէկ շաքար
– 2 թէյի դգալ ծոթրին
– 2 հաւկիթ
– Կէս գաւաթ մածուն

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել չոր բաղադրիչները: Ուրիշ ամանի մը մէջ խառնել թացերը եւ աւելցնել չորերուն ու կրկին խառնել:

Քիչ մը կպչուն խմորը լեցնել մաֆինի կաղապարներուն մէջ եւ եփել 10-15 վայրկեան:

Մատուցել գաղջ կամ պաղ:

Շաբթուան Մտածումը

Մարդ պէտք է ապրի ծառի օրէնքով` արմատով հողի խորքը ձգուի, սաղարթով` տարածուի դէպի արեւը: Արմատը մեր յիշողութիւնն է, որ գնում է դէպի սկիզբը, դէպի պատմութեան խորքը, գնում է զօրանալու: Սաղարթը ներկան է, որ բարձրանում է դէպի արեւը` ապագան:

Եթէ մէկը անցեալդ է ուզում գողանալ, վերագրել իրեն, ինչ ասել կ՛ուզէ, պատրաստուում է զրկել քեզ ապագայից: Յետ նայելը յետ մնալու նշան չէ. ո՞վ է ասել, թէ յետ նայելը եւ առաջ նայելը տարբեր բաներ են: Նոյնն են: Որ կողմիդ վրայ էլ որ նայես, առաջ ես նայում: Դա քո առջեւն է: Եթէ նայում ես քո պատմութեանը, քո առջեւն ես նայում, առաջ ես նայում, քո ապագային ես նայում: Մեղուն բոլոր կողմերից աչքեր ունի:

Մեղուի համար յետեւ եւ առջեւ չկայ: Ազգն ազգ է իր անցեալով, ներկայով, ապագայով: Որքան միւս ազգերն ապրեն, մենք էլ կ՛ապրենք: Մեզ, ասել եմ, կը պահի մեր ազգային ոգին…

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Նայեցէ՛ք ստորեւ տրուած նկարին եւ ըսէ՛ք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը կը պատմէ ձեր մասին:

Գիշերային Քաղաք

Եթէ առաջին հերթին գիշերային քաղաք տեսաք, դուք հարուստ ներաշխարհով վիպապաշտ եւ խորհրդաւոր անձ մըն էք: Կը սիրէք արկածախնդրութիւնը , փոփոխութիւնը եւ նորութիւնները: Ձեր ոչ դասական արտաքին տեսքով եւ հանգուստի իւրայատուկ ոճով կը գրաւէք շրջապատի մարդոց ուշադրութիւնը: Անձնական կեանքի մէջ դուք յաճախ կը փոխէք ձեր զուգընկերները, բայց երբ կը հանդիպիք իսկական սիրոյ, պատրաստ էք հաստատուելու, կայուն կեանք ապրելու եւ ամբողջովին նուիրուելու ձեր ընտանիքին ու զաւակներուն:

Գիծեր

Եթէ առաջին հերթին ուղղահայեաց գիծեր տեսաք, դուք հոգեպէս ընկճուած էք, իսկ ձեր յուզական աշխարհը` տակնուվրայ: Ձեր մօտ յաճախակի են տրամադրութեան փոփոխութիւնները, նաեւ փոփոխամիտ էք ու դուք ձեզ հակասող:

Լամբեր

Եթէ առաջին հերթին լամբեր տեսաք, դուք նոր գիտելիքներու ծարաւ ունիք: Դուք չէք բաւարարուիր ձեր ձեռքբերումներով եւ միշտ կը ձգտիք աւելիին ու կատարեալին: Օժտուած էք գերազանց յիշողութեամբ եւ հաստատակամութեամբ: Յաջողութիւն կը գտնէք գիտական եւ հետազօտական գործունէութեան մէջ:

Քանի Մը Տողով

Առանձին Խօսիլը
Կ՛աշխուժացնէ Յիշողութիւնը

Վիսքոնսընի գիտնականներուն կարծիքով, առանձին խօսիլը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:

Այսպէս, երբ բան մը կորսնցուցած էք եւ կը փնտռէք, առարկային անունը տալով եւ բարձրաձայն ինքնիրեն խօսելով` աւելի դիւրին կը գտնէք կորսուածը, քան` լուռ ու մունջ փնտռելով:

Գիտնականներուն կարծիքով, լեզուն, խօսակցութիւնը կ՛օգնեն ուղեղին, որպէսզի աւելի լաւ «տեսնէ» ու ճանչնայ զինք շրջապատող իրերը:

Խումբով Երգելը Կ՛երջանկացնէ

Բրիտանական ուսումնասիրութիւն մը ապացուցած է, որ խումբով երգելը կ՛օգնէ անձկութենէ եւ ընկճախտէ տառապող անձերուն:

Բրիտանացի գիտնականներուն կարծիքով, խումբով երգելը, երգչախումբի մը մաս կազմելը, քարաօքէները կ՛երջանկացնեն խնդրոյ առարկայ անձերը, յատկապէս` հոգեբանական հարցեր ունեցողները:

Գիտնականները այս եզրակացութեան յանգած են` ի միջի այլոց գործակցելով «Սինկ եուր հարթ աութ» ծրագիրի կազմակերպիչներուն հետ, որոնք շաբաթական դրութեամբ խմբերգներ կը կազմակերպեն: Խմբերգներուն կրնան մասնակցիլ բոլորը` առանց նկատի առնելու անոնց ձայնային կարողութիւնները կամ հոգեվիճակները:

Ծուլութիւնը Վարակիչ Է

Աւստրալիական ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ ծուլութիւնը վարակիչ է, եւ որ` երբ աշխատանքի վայրը մէկ ծոյլ պաշտօնեայ կայ, ատիկա բաւարար է, որ վարակէ մնացեալները, եւ այսպիսով գործը կը տուժէ:

Սիտնիի համալսարանի հետազօտողներ փորձեր կատարած են 158 համալսարանականներու վրայ` զանոնք խումբերու բաժնելով եւ իւրաքանչիւր խումբին որոշ ձեւի աշխատանք մը վստահելով: Փորձերը ցոյց տուած են, որ այն խումբերը, որոնց մէջ ծոյլ կամ անձնասէր ուսանող մը գտնուած է, անոր ընթացքը ազդած է մնացեալներուն աշխատաձեւին վրայ, եւ արդիւնքը յստակօրէն տուժած է:

Ասկէ մեկնելով` գործատէրերուն կը թելադրուի աջալուրջ հետեւիլ , որպէսզի պաշտօնեայ մը չտկարացնէ կամ ձախողութեան չմատնէ ամբողջ խումբի մը աշխատանքը: Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ ամէն անգամ որ խմբական աշխատանք մը իր նպատակին չհասնի, քաւութեան նոխազ մը պիտի փնտռենք:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Տունը Մշտապէս Պէյքինկ Սոտա Ունենալու
Համոզիչ Պատճառներ

Կանաչ Բանջարեղէններուն Գոյնը Պահպանելու Համար

Երբեմն կանաչ բանջարեղէնները եփի պատճառով կը կորսնցնեն իրենց գեղեցիկ գոյնը: Եփի ջուրին մէջ պտղունց մը պէյքինկ սոտա աւելցնելով` առաւելագոյնս կը պահպանէք կանաչ լուբիային, ոլոռնին կամ պրոքոլիին վառ կանաչ գոյնը:

***

Հաւկիթը Արագ Եւ Դիւրին Կեղուելու Համար

Խաշած հաւկիթի եփի ջուրին ապուրի դգալ մը պէյքինկ սոտա աւելցնելու պարագային, հաւկիթները առանց ճիգի եւ դժուարութեան կը կեղուըւին:

***

Քերուըտուքը Մեղմելու Համար

Միջատներու խայթոցին պատճառած քերուըտուքը մեղմելու ազդու միջոց է խայթոցը ծեփել պէյքինկ սոտայի եւ ջուրի թանձրուկով: Սպասել 10 վայրկեան, ապա ցօղուել առատ ջուրով:

***

Յոգնած Ոտքերը Հանգստացնելու Համար

Ջուրով լեցուն տաշտին մէջ աւելցնել 3-4 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա: Սոտան լաւ լուծուելէ ետք ոտքերը ջուրին մէջ պահել շուրջ կէս ժամ: Այս հանգստացնող լոգանքը, բացի ոտքերուն ցաւը թեթեւցնելէ, կը չէզոքացնէ ոտքերուն անախորժ հոտը, կը թեթեւցնէ քրտինքի արտադրութիւնը եւ կը կանխէ սունկերը:

***

Խցուած Խողովակները Բանալու Համար

Լուացարանին խցուած խողովակը բանալու ազդու միջոց է պէյքինկ սոտան: Բաւարար է ծակին մէջ պէյքինկ սոտա եւ քացախ աւելցնել, սպասել քառորդ ժամ, ապա եռացած ջուր աւելցնել, եւ հարցը կը լուծուի:

***

Ծաղիկներուն Կեանքը Երկարաձգելու Համար

Քաղուած ծաղկեփունջին կեանքը երկարելու համար ծաղկամանին ջուրին դգալ մը պէյքինկ սոտա աւելցնելով` ծաղիկներու կեանքը առնուազն շաբաթով մը կ՛երկարի:

Ինչպէս Նաեւ`

– Թէյամանը մաքրելու համար,
– Փափուկ եւ համեղ ձուածեղ պատրաստելու համար,
– Մրջիւնները հեռացնելու համար,
– Բոյսերուն տերեւները մաքրելու եւ պաշտպանելու համար,
– Մարզանքի կօշիկներուն անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար,
– Կարմիր միսը փափկացնելու համար,
– Արծաթեայ զարդերը մաքրելու համար,
– Ակռաները սպիտակացնելու համար,
– Գորգին բիծերը մաքրելու համար:

Հինը Նորի Վերածենք
Ինչպէ՞ս Սովորական Թիշըրթ Մը
Ոճային Դարձնել

Եթէ տակաւին մօտիկ անցեալին դիւրաւ կը ձերբազատէինք մեր «հին» թիշըրթէն, այսօր կացութիւնը նոյն չէ, քանի որ զայն նորով մը փոխարինելու համար անոր արժէքին քառապատիկը պէտք է վճարենք…

Այս սիւնակով կը ներկայացնենք սովորական թիշըրթ մը ոճային դարձնելու եւ անոր նոր տեսք տալու դիւրին եւ արագ միջոց մը:

Բացատրութիւն

1.- Նախ մկրատով մէկական ճեղք բանալ թեւերուն վերի բաժինին վրայ (տեսնել նկարը):
2.- Ապա, դարձեալ մկրատով, 2 սմ լայնքով երկար երիզ մը կտրել թիշըրթին հասակէն:
3.- Յետոյ երիզը երկու հաւասար մասերու բաժնել եւ իւրաքանչիւրով ամփոփել թեւին կախուած բաժինը` թիթեռնիկի ձեւ տալու համար:
4.- Վերջապէս, ասեղ դերձանով երիզին ծայրամասերը վրայ վրայի բերելով կարել:

Եւ այսպէս, թեւի պզտիկ փոփոխութեամբ մը սովորական թիշըրթը աւելի ոճային դարձաւ:

Խոհագիր

 Խրթխրթան Սոխի Օղակներ

Բաղադրիչներ

– 3 խոշոր սոխ` օղակաձեւ կտրատուած
– Քառորդ թէյի դգալ սեւ փոշի պղպեղ
– 2 հաւկիթ զարնուած
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– 1 գաւաթ ալիւր
– Կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր

Պատրաստութիւն

Խորունկ տապակի մը մէջ բուսական ձէթ տաքցնել:

Ընտրել օղակաձեւ կտրատուած սոխի խոշոր օղակները (փոքրերը կերպընկալ տոպրակի մը մէջ դնել, այլ կերակուրի մը կամ աղցանի մը պատրաստութեան օգտագործելու համար), թաթխել զարնուած հաւկիթին, ապա համեմուած ալիւրին մէջ եւ տապկել շուրջ 4 վայրկեան, մինչեւ որ օղակները ոսկեգոյն դառնան:

Խրթխրթան սոխի օղակներու տարբերակները շատ են, այս բաղադրատոմսը ամէնէն պարզ եւ դիւրինն է: Կարգ մը բաղադրատոմսերու մէջ կ՛առաջարկուի նաեւ կսկուծ, հեղուկ կաթ, պանիր եւ այլն…

Մատուցել տաք քեչափի կամ այլ թանձրուկի մը կողքին:

Դրուագներ Մեր Մեծերու Կեանքէն

Չարենցի Անսպասելի Պատասխանը

Անգամ մը բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց համալսարանի իր ուսանողներուն կը պատմէր Եւրոպա կատարած ճամբորդութիւններու հետ կապուած իր տպաւորութիւններուն մասին:

Ուսանողները բազմաթիւ հարցեր կու տային անոր, եւ ան ոգեւորուած` կը պատասխանէր անոնց հարցումներուն: Դահլիճի վերջաւորութեան նստած նիհար, գունատ տղայ մը ոտքի ելաւ ու դիմեց Չարենցին:

– Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞ր փողոցը ամենալաւն էր ձեր տեսած բոլոր փողոցներէն եւ ո՞ր քաղաքին մէջ կը գտնուէր:

Չարենց ուշի ուշով նայեցաւ ուսանողին աչքերուն, պահ մը լռեց, յետոյ շշուկով ըսաւ.

– Ամենալաւ փողոցը Երեւանի Նայիբի քուչան է…

Դահլիճին մէջ լռութիւն տիրեց. բանաստեղծը անհաւատալի բան ըսաւ: Նայիբի քուչան նեղ փողոց մըն էր` ծուռումուռ, անլոյս, անգոյն ու ամայի:

– Որովհետեւ հոն կ՛ապրի իմ սիրելի կինը,- շարունակեց բանաստեղծը:

Դահլիճը թնդաց ծափերէն…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անյայտ Կորածը

Ինչ անյայտ կորած, անյայտս ո՞րն է,
Անյայտ կորածի շիրիմը ծովն է`
Ձուլուած անհունին- ծովն անուն ունի:
Անյայտ կորածի շիրիմը լեռն է-
Լեռն անուն ունի, սիրահարուել է
Նա կեանքում մէկին- սէրն անուն ունի:
Նա մարդ էր հողի ու հողապաշտ էր,
Անյայտ կորածի շիրիմը դաշտն է,
Հողը հայրենի- հողն անուն ունի:
Անյայտ կորածը ճամբէք է անցել
Մահ ու արիւնի, իր ճամբան պահող
Մայր է ունեցել- մայրն անուն ունի:
Հարազատներին ուղարկել է գիր-
Գիրն անուն ունի, ունեցել է նա
Հաւատարիմ կին- կինն անուն ունի:
Շառաչել է նա յորդ գետի նման,
Ելել իր հունից, եւ մարտի դաշտում
Ընկել է փառքով- փառքն անուն ունի:
Երբ նա ձուլուել է հող ու ջրին մեր,
Ու սրտում պայծառ երազներ ունէր-
Ի՞նչ անյայտ կորած, անյայտս ո՞րն է:

ՎԱԶԳԷՆ ՕՎԵԱՆ

 

 

Ձեր Ընտրութիւնը Կը Պատմէ Ձեր Մասին. Ո՞ր Աթոռը Կ՛ընտրէիք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուշադիր նայեցէք նկարներուն եւ ընտրեցէք ձեր նախասիրածը, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1.- Եթէ ընտրեցիք գրասենեակի աթոռը, դուք աշխատասէր եւ ուժեղ մարդ էք, կրնաք երկար ժամեր աշխատիլ ծրագիրի մը վրայ եւ յաջողութեամբ պսակել զայն: Յաջողութիւնը ձեր մտասեւեռումն է. դուք աշխատանքէն հաճոյք կ՛առնէք, կատարելապաշտ եւ հաստատամիտ անձ էք:

2.- Եթէ ընտրեցիք պատշգամի եղէգէ հանգստաւէտ բազկաթոռը` օժտուած բազմոցով ու բարձով, դուք վիպապաշտ, երազկոտ եւ արուեստասէր անձ էք: Կրնաք երկար ժամեր նստիլ եւ մտածել կեանքի մասին, վերլուծումներ ընել եւ անջատուիլ ձեր շրջապատէն: Վառ երեւակայութիւն ունիք, եւ ձեր միտքը տեւաբար կը ճամբորդէ:

3.- Եթէ ընտրեցիք հոգեբանի բազկաթոռը, հետաքրքրասէր եւ նախաձեռնող անձ էք, կը սիրէք հարցեր տալ եւ անոնց պատասխանները փնտռել: Համբերութիւն ունիք նստելու եւ լսելու ուրիշներու կեանքի պատմութիւնները` ի հարկին անոնց թիկունք կանգնելու կամ ձեռք երկարելու համար:

4.- Եթէ ընտրեցիք հիւրասենեակի հանգստաւէտ բազկաթոռը, դուք շատ աշխուժ եւ ուրախ մարդ էք: Երբեք չէք ձանձրանար շրջապատի մարդոցմէ: Կեանքը ձեզի համար մեծ արկածախնդրութիւն մըն է: Քիչ մը անսովոր մարդ էք, բայց ձեր բարեկամները մեծ սիրով կը տանին ձեր «տարօրինակութիւնները»: Այս ձեւի աթոռ ընտրողները անընդհատ կ՛աշխատին իրենց վրայ եւ առաջ կ՛երթան:

5.- Եթէ ընտրեցիք ճաշասենեակի խիստ ոճի աթոռը, շատ յամառ բնաւորութիւն ունիք, ուշադիր եւ կեդրոնացում ունեցող անձ էք, յստակօրէն գիտէք, թէ ի՛նչ կ՛ուզէք եւ կրնաք զսպել ձեր յուզումները: Դուք արտաքնապէս պաղարիւն եւ անտարբեր կ՛երեւիք, բայց ներքնապէս փխրուն սիրտով եւ ցաւակցող մարդ էք:

6.- Եթէ ընտրեցիք փափուկ, պարկ-բազկաթոռը, տեւաբար նորի փնտռտուքի մէջ էք: Անհանգիստ եւ անհամբեր բնաւորութիւն ունիք, ամէն բանի մասին կ՛ուզէք շուտ եւ շատ իմանալ: Փափուկ եւ հանգիստ ապրելակերպը կը գերադասէք չարքաշ եւ փոթորկոտ կեանքէն:

Հինը Նորի Վերածենք

Ինչպէ՞ս Դասական Պլուզ Մը
Ոճային Դարձնել

Միագոյն դասական պլուզը շատ լաւ ընտրութիւն է զայն տարբեր գոյնի տաբատներու եւ շրջազգեստներու հետ յարմարցնելու եւ հագուելու համար:

Դասական պլուզ մը դժուար թէ հնաոճ դառնայ, բայց կու գայ ժամանակ մը, երբ մենք կը ձանձրանանք անկէ եւ կ՛ուզենք նորով մը փոխարինել, իսկ մեր օրերուն հագուստէն առաջնահերթ բաներ կան գնելու: Հետեւաբար այսօրուան  սիւնակով կը ներկայացնենք սովորական, դասական պլուզ մը ոճային դարձնելու 4 տարբերակներ. կը բաւէ, որ դիմէք կարէ հասկցող բարեկամուհիի մը կամ դերձակուհիի մը օգնութեան:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Եթէ Կ՛ուզէք…

Եթէ կ՛ուզէք կատուն հեռու պահել տան բոյսերէն, հողին երեսը սեւ համեմի հատիկներ տարածեցէք: Ան հոտէն խրտչելով` կը հեռանայ:

Եթէ կ՛ուզէք ձեր մկրատին շեղբերը սրել, առէք աւազաթուղթի կտոր մը եւ զայն կտրտեցէք, մկրատին բթացած շեղբերը շուտով կը գտնեն իրենց նախկին վիճակը:

Եթէ կ՛ուզէք պնակեղէն լուալու սպունգը մանրէազերծել, զայն քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք: Երբ հոսանքը անջատէք մանրէներուն 90 տոկոսը արդէն չքացած կ՛ըլլայ:

Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր գունատած ճերմակ ասեղնագործը վերագտնէ իր սպիտակ տեսքը, կաթսային մէջ ջուր տաքցուցէք, 2 ապուրի դգալ փոշի կաթ լուծեցէք եւ ասեղնագործը առնուազն մէկ ժամ մէջը թրջեցէք: Ժամ մը ետք զայն չորցուցէք բացօթեայ` սեղանի մը վրայ տարածելով:

Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր խմիչքին սառոյցները փայլուն եւ թափանցիկ տեսք ունենան, նախքան սառցամանին մէջ լեցնելը` ջուրը եռացուցէք, քանի որ այդ ընթացքին ջուրը կը բիւրեղանայ եւ կը մաքրուի մանր-մունր աղտերէն:

Խոհագիր

Բանջարեղէններու Կեղեւներու
«Թեմփուրա»

Խնայասէր եւ տնտեսող կինը կը յարմարի բոլոր կացութիւններուն եւ ոչինչէն բաներ կը հնարէ:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք մեր առօրեայ բանջարեղէններուն կեղեւներով, այո՛, կեղեւներով պատրաստուած նախուտեստ, որ թէ՛ փոքրերը եւ թէ՛ մեծերը պիտի զարմացնէ:

Նախ բացատրենք, թէ ի՛նչ է թեմփուրան: Թեմփուրան ճափոնական խոհանոցի մասնագիտութիւն է: Թեմփուրային խմորին բաղադրիչներն են` ցորենի ալիւրը, պէյքինկ սոտան, հաւկիթը, ձէթը, աղը եւ այլազան համեմունքներ` խառնուած սառ ջուրի հետ: Ստացուած թանձրուկին մէջ ճափոնցիները կը թաթխեն ծովախեցգետին, զանազան ծովային պտուղներ, բայց նաեւ` ստեպղին, սոխ, սունկ եւ ապա կը տապկեն տաք ձէթի մէջ:

Մեր խոհագիրին համար անհրաժեշտ են`

– 1 գաւաթ ալիւր
– 1 հաւկիթ (սառնարանէն ելած, պաղ ըլլալը պայման է)
– 200 միլլիլիթր սառնարանէն ելած պաղ ջուր
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ թել դգալով խառնել ալիւրը, ջուրը եւ հաւկիթը: Ստացուած թանձրուկին մէջ թաթխել ստեպղինի, դդումի, գետնախնձորի, շողգամի կամ այլ բանջարեղէնի մաքուր կեղեւները, ապա տապկել տաք բուսական ձէթի մէջ, փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ, աղել, համեմել եւ մատուցել:

*************

Դրուագներ` Մեր Մեծերու Կեանքէն

 «Ստացել Եմ Մանկութեանս
Աշխատավարձը…»

Բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը կը սիրէր զբօսնել քաղաքի փողոցներուն մէջ: Անգամ մը անոր առջեւ տարեց մարդ մը կը կենայ ու կը հարցնէ.

– Դուն բանաստեղծ Շիրա՞զն ես:

Շիրազն ալ հպարտ-հպարտ, որ տարեց մարդը զինք ճանչցեր է, կը պատասխանէ.

– Հա՜, ես եմ Շիրազը:

Պապիկը թեթեւցած եւ խոր շունչ քաշելով` կ՛ըսէ.

– Քանի դուն Շիրազն ես, իմացի՛ր, որ ես քեզի դրամ պարտք ունիմ, ա՛ռ, վերցո՛ւր այս 10 կոպեկը:

Շիրազ անակնկալի կու գայ` ըսելով, թէ ինք ծանօթ չէ այդ պապիկին, բայց վերջինս կը պատասխանէ.

– Երբ դուն փոքր էիր եւ փողոցները ջուր կը ծախէիր, ես ջահել տղայ էի, ջուրդ կը խմէի, գլխարկդ աչքերուդ կը քաշէի եւ ոչ մէկ կոպեկ կու տայի խմած ջուրիս փոխարէն: Իմացեր եմ, որ մեծ մարդ դարձեր ես, խիղճս կը տանջէ, որ հետդ այդպէս վարուեր եմ: Վերցո՛ւր այս կոպեկը, որպէսզի հոգիս հանգիստ կարենամ տալ Աստուծոյ…

Շիրազը մէկ կոպեկ կը վերցնէ պապիկի ձեռքէն` փոխարէնը 10 ռուբլի դնելով անոր ափին մէջ եւ կ՛ըսէ.

– Ա՛ռ, հայրի՛կ ջան, շիշ մը օղի գնէ ու յաջողութեանս կենացը խմէ:

Յետոյ Շիրազ կը հանդիպի ընկերներուն եւ պարծենալով` կ՛ըսէ.

– Ստացեր եմ մանկութեանս աշխատավարձը…

***

Նշենք, որ Յ. Շիրազ 5 տարեկանին կը կորսնցնէ իր հայրը եւ շրջան մը մանկութիւնը կ՛անցընէ Ամերկոմի որբանոցը: Սակայն չդիմանալով որբանոցի դաժան պայմաններուն` կը փախչի, կը մնայ անապաստան եւ կուլայով (կաւէ կուժ) ջուր կը ծախէ:

Իր մանկութեան օրերուն մասին բանաստեղծը բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ գրած է, ինչպէս` «Մանկութիւն», «Գտայ», «Իմ կուլայով այս պուճուր», «Վեց տարեկան մանուկ էք» եւ այլն…

… Իմ կուլայով այս պուճուր
Ջուր եմ ծախում, սառը ջուր
Ջուր գնեցէք, սառը ջուր,
Որ հաց առնեմ իմ պուճուր…

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ի՞նչ պատահեց, այս ո՞ւր հասար,
Ասա, ես ի՞նչ անեմ:
Բեր ցաւերդ, յոգնած աշխարհ,
Դիր շալակիս, տանեմ:
Աստուած բախտի տունն աւերի…
Հատիկները գարու
Ասում են, թէ աւելի
Սեւ օրեր են գալու:
Խեղճուկրակ իմ երեխայ,
Աչքս աչքիդ յառեմ,
Նստեցնեմ ծնկիս վրայ,
Մատիդ փուշը հանեմ:
Իմ ալեհեր-ալեւորիկ,
Ոտքերն ընկնեմ սրբիդ…
Պահիր, դու իմ միամօրիկ,
Հանեմ փուշը սրտիդ…
Ինչքան էլ որ փշերն անլուր
Տանջեն քեզ չարաչար,
Դու աչքի փուշ չես դառնալու,
Աչքիս լոյսն ես, աշխարհ:
Փշեր, գարի, սեւեր… նրանց
Ո՞վ է շան տեղ դնում:
Սեւի միջով ուղիդ բռնած
Դէպի լոյսն ես գնում:
Ի՞նչ պատահեց, այդ ո՞ւր հասար,
Ասա, ես ի՞նչ անեմ:
Բեր ցաւերդ, յոգնած աշխարհ,
Դիր շալակիս, տանեմ…

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովել Երեխան Տեղին Եւ Չափաւոր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Ինչպէ՞ս ճիշդ գովել, խրախուսել երեխային ձեռքբերումները: Այս հարցը շատ կարեւոր է, քանի որ խրախուսանքը, գովասանքը կրնան ունենալ որքան դրական, այնքան ալ բացասական ազդեցութիւն:

Հոգեբաններու կարծիքով` ԳՈՎԱՍԱՆՔԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ Է, ԵԹԷ

ա.- Երեխան կը գովաբանեն բանի մը համար, որ անոր շնորհուած է ի ծնէ, կամ երբ տուեալ բանը ընելու համար իրմէ ջանք չի պահանջուիր:

Առանց հիմքի գովասանքը թմրադեղի կը նմանի. երեխան կը վարժուի անոր եւ առանց իսկական առիթի` ծնողներէն գովասանք կ՛ակնկալէ:

Անոր գիտակցութեան մէջ կը ձեւաւորուի այն միտքը, որ ինք առաւելութիւն ունի ուրիշներուն բաղդատած: Իսկ եթէ ան չի սորվիր իր ունակութիւնները ի գործ դնել եւ զարգացնել, որ չի կրնար ապագային կայացած անձ դառնալ: Եսակեդրոնացութիւնը երեխան կը կեդրոնացնէ միայն ինքն իր վրայ, եւ ան անընդհատ կը սպասէ հիացմունքի եւ գովասանքի խօսքեր` իր անձին նկատմամբ:

բ.- Վնասակար է, երբ երեխան կը գովեն շատ յաճախ, առանց անհրաժեշտութեան: Ասիկա կ՛արժեզրկէ գովասանքը եւ երեխային կը վարժեցնէ աժան յաղթանակներու:

Ինչպէս Ճիշդ Գովաբանել Երեխան

Երեխան պէտք է գովաբանել տեղին, անկեղծ, լուրջ ու համոզիչ ձեւով:

Գովասանքը անհրաժեշտ է երեխային ինքնավստահութիւն, եռանդ հաղորդելու համար, ինչպէս նաեւ երեխային` կեանքի հանդէպ ունեցած լաւատեսութիւնը լրացնելու համար: Իւրաքանչիւր գովասանք որոշակի նպատակաուղղուածութիւն պէտք է ունենայ եւ երբեք պէտք չէ հնչէ պատահական ձեւով:

Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Երեխան Խրախուսել

Տեղին խրախուսանքն ու գովասանքը կ՛օգնեն, որ ան դառնայ ինքնավստահ եւ անոր մօտ զարգանայ ինքնագնահատականը:

Հետեւաբար երեխան գնահատել` կը նշանակէ օգնել անոր` բացայայտելու իր ներուժը:

Առողջապահական

 Ո՞ր Ուտելիքները Կը Վնասեն
Մեր Ոսկորներուն

Ոսկորներուն առողջութիւնը միայն տարիքի հետ կապուած չէ, կարգ մը ուտելիքներ, չափազանցելու պարագային, բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան անոնց վրայ: Ստորեւ` 5 ուտելիք, որոնց չարաշահումը կը վնասէ մեր ոսկորներու առողջութեան:

-1-

Ոգելից Ըմպելիքները

Եթէ ալքոլի սպառումը օրական 150 կրամը անձի կասկածէ վեր է, որ ենթական տկար եւ ապագային փխրուն ոսկորներ պիտի ունենայ: Հետեւաբար ամէն բան իր չափին մէջ լաւ է:

-2-

Սուրճը

Սուրճը կը նուազեցնէ կիրի իւրացման գործընթացը այն պարզ պատճառով, որ օրական 3-4 գաւաթ սուրճ խմողներուն ոսկորները ժամանակի ընթացքին կը դառնան աւելի փխրուն: Գիտնականներ կը պնդեն, որ սուրճը ծաղկային թէյերով փոխարինուի, ինչ որ կը նուազեցնէ ազդրերու կոտրուածքի վտանգը:

-3-

Կազաւորուած Ըմպելիքները

Մանկութեան տարիներուն, երբ կ՛ամրապնդուին ոսկորները, մեծ քանակութեամբ քաղցր կազաւորուած խմիչքներու օգտագործումը չափազանց վնասակար է: Անոնց մէջ առկայ ֆոսֆորը կը սահմանափակէ կիրի իւրացումը եւ կը նուազեցնէ մակնեզիոմի մակարդակը, իսկ կիրն ու մակնեզիոմը շատ անհրաժեշտ են ոսկորներու առողջ աճին:

-4-

Աղը

Մեր ուտելիքներուն մէջի աղի բարձր տոկոսը պատճառ կը դառնայ, որ կիրի պաշարը մէզին հետ արագօրէն դուրս գայ մեր մարմնէն: Արդէն բոլորիս ծանօթ է կիրին կարեւորութիւնը մեր ոսկորներուն առողջութեան համար:

-5-

Տուրմը

Հակառակ անոր, որ տուրմը ֆլաւոնոյիտներ եւ կիր կը պարունակէ, այսինքն` ոսկորներու ամրութեան օգնող նիւթեր, բայց անդին` օքսալատները կը սահմանափակեն մարմնին մէջ կիրի կլանման գործընթացը: Չմոռնանք նաեւ, որ տուրմը շաքար կը պարունակէ, իսկ շաքարը մարմնէն դուրս կը հանէ կիրը, բան մը, որ կ՛աւելցնէ օսթէոփորոզի հաւանականութիւնը:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն.

Փուռին Վանդակաճաղը Օգտագործելու
3 Հետաքրքրական Տարբերակ

Փուռին մէջի վանդակաճաղը շատերուս համար երկրորդ դարան մըն է յաւելեալ ափսէ մը տեղաւորելու համար: Սակայն հնարամիտ մարդիկ գտած են զայն օգտագործելու 3 հետաքրքրական տարբերակներ:

ա.- Ֆրանսական «Փեն տը մի» հացի շերտերը խորովելու դիւրին եւ արագ միջոց:

բ.- Հաւի պուտերը եփելու համար,

գ.- Լաւաշ հացը մեքսիքական թորթիլայի տեսքով ձեւաւորելու համար:

Առաջին տարբերակին պարագային, վանդակաճաղին տակը տեղադրել երկրորդ մետաղեայ ափսէն եւ զայն ծածկել մոմէ թուղթով:

Երկրորդ տարբերակին պարագային հաւի պուտերուն տակ դարձեալ երկրորդ մետաղեայ ափսէն տեղադրել, վրան կտրատուած եւ համեմուած գետնախնձորներ տարածել, որպէսզի պուտերէն հոսող հիւթը աւելի համեղ եւ հիւթալի դարձնէ զանոնք:

Խոհագիր

Ինչպէ՞ս Մածուն Մակարդել

 

1 լիթր մածուն ստանալու համար անհրաժեշտ է.
– 1 լիթր կաթ (ամբողջական իւղով)
– 1 սուրճի գաւաթ մածուն

Պատրաստութիւն

Կաթը 4-5 վայրկեան եռացնել եւ ձգել, որ գոլանայ. ժողովրդական լեզուով` «մատնագոլ» դառնայ: Գոլանալու չափը կ՛որոշենք ճկոյթի միջոցով. եթէ ճկոյթին ծայրը կաթին մէջ չ՛այրիր,  ուրեմն կաթը պատրաստ է, եւ կարելի է աւելցնել մածունը: Մածունը պէտք է ըլլայ սենեակին ջերմաստիճանով: Մածունին դգալ մը գաղջ կաթ աւելցնել, խառնել եւ աւելցնել կաթին: Դգալով 2 թեթեւ շարժումով մեղմ խառնել եւ կափարիչով ծածկել:

Մածուն կարելի է մակարդել մետաղեայ կաթսայի, հողէ խորունկ ամանի եւ կամ ապակեայ լայն բերանով շիշի մէջ:

Մաքուր սրբիչով եւ տաքուկ ծածկոցով լաւ փաթթել ամանը եւ ձգել 6 ժամ, կամ ամբողջ գիշեր մը: Բանալէ ետք ամանը, քառորդ ժամ մը սենեակի ջերմութեամբ ձգել, ապա անմիջապէս սառնարան փոխադրել եւ սպասել, որ լաւ պաղի:

Կաթն ու մածունը որքան իւղալի ըլլան, անոնցմով պատրաստուած մածունը այնքան իւղալի եւ համեղ կ՛ըլլայ:

*****

Կտաւի Մը Պատմութիւնը

Կոմիտասի Նկարը

Հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Փանոս Թերլեմեզեանի այս կտաւին վրայ Կոմիտաս վարդապետը նստած է մօր գորգին վրայ, կողքին` սափորը:

Այս աշխատանքը կատարուած է 1913-ին: Երկու ընկերներ` Կոմիտասն ու Թերլեմեզեանը Կոմիտասի ծննդավայրին մէջ` Քիոթահիա գիւղն էին եւ կը մնային վարձուած վրանի մը մէջ: Հոս երաժիշտը թրքական երգեր կը նոթագրէր: Կարծիք կայ, որ ասիկա միակ նկարն է, որուն համար Կոմիտասը անձամբ բնորդ եղած է:

Գորգը գոյութիւն ունեցած է Կոմիտասի ծնունդէն շատ առաջ. անոր մայրը` Թագուհին, զայն բերած է հայրական տունէն` որպէս օժիտ: Կոմիտաս մայրը կորսնցուցած է, երբ ընդամէնը 6 ամսական էր:

Սափորը կը խորհրդանշէ Կոմիտասին ծննդավայրը` Քիոթահիան: Յախճապակեայ սափորի պատրաստման եղանակը Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղէն իրենց հետ բերած են Կոմիտասի նախնիները:

Ինչ կը վերաբերի յախճապակեայ սափորին, կը պատմուի, որ 1881-ին պատանի Սողոմոնը Գէորգ վարդապետ Դերձակեանի հետ ուղեւորութեան ճամբուն վրայ կանգ կ՛առնէ Էսքիշեհիրի մէջ, Թորոս Աւտալեանի տունը: Աւտալեան կը խնդրէ արտօնել, որպէսզի ինք հոգայ Սողոմոնի ճանապարհածախսը: 1913-ին Կոմիտաս կրկին Էսքիշեհիր էր. կ՛այցելէ Աւտալեանին եւ որպէս երախտիքի նշան` անոր կը նուիրէ սափորը: Աւտալեանն ալ Կոմիտասէն կը խնդրէ, որ զայն փոխանցէ Փարիզ ապրող իր տղուն` Յովնաթանին: Սափորը տարիներ անց կը հասնի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, այնտեղ ալ` Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկ:

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ

Այս հողը ոչ միայն արիւնով է
ձեռք բերուել, այլեւ 25 տարի է
արիւնով էլ պահուում է:
Մեր հողը` մեր պատիւն է: Եթէ
ոեւէ մէկը հնարաւոր է
համարում պատուի մի մասը
թշնամուն յանձնել, ապա դա
ընդամէնը վկայում է տուեալ
անձի պիղծ տեսակի
մասին…

ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Լիբանանի Մէջ Սուրբ Ծնունդի Համեստ Աւանդոյթները` 100 Տարի Առաջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Լիբանանցի ազգագրագէտներու եւ մտաւորականներու վկայութեամբ, անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծնունդը նուէրներու մրցավազք չէր, ոչ ալ ինքնաշարժի խցանումներ կամ արհեստակար ծառեր` ճոխացուած բազմազան պսպղուն գնդակներով կամ խաղալիքներով: Սուրբ Ծնունդը ո՛չ հնդկահաւն էր, ո՛չ «Կաղանդի կոճղը» (bûche de Noël) եւ հաստատ` ո՛չ ալ Կաղանդ պապան…

Անցեալին Լիբանանի մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնը առաջին հերթին պարզութիւն էր, խոկալու առիթ, աւանդական համեղ հիւրասիրութիւն, բայց ամէնէն առաջ` խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն:

Լիբանանցի գրագէտ Անիս Ֆրէյհայի` «Լիբանանեան գիւղը` մոռցուած մշակոյթ» հատորէն կը քաղենք հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները.

– Շուրջ հարիւր տարի առաջ Ս. Ծնունդը գլխաւոր տօն չէր քրիստոնեաներուն համար, Զատիկը համարուած էր կարեւորագոյն տօնը, որ ծանօթ էր նաեւ «Մեծ տօն» անունով:

– Տօնածառը մօտակայ անտառէն կտրուած սոճիի ճիւղ մըն էր, զոր կը զարդարէին մանտարինով, ընկոյզներով եւ ժապաւէններով, իսկ լուսաւորելու համար կ՛օգտագործէին իսկական մոմը:

– Իւրաքանչիւր դեկտեմբերի սկիզբը երեխաները կը ցանէին ցորենի հատիկներ, որոնք շուտով կը ծլէին: Ցորենի ընձիւղները` որպէս կեանքի խորհրդանիշ, կը զետեղուէին մսուրին մօտ:

– Գիւղերուն մէջ մեծ ու փոքր անհամբեր կը սպասէին համեղ ճաշին: Համեստ եկամուտ ունեցող գիւղացիները պարբերաբար միս կ՛ուտէին, անոնց ամէնօրեայ սնունդը բաղկացած էր բոյսերէ եւ ընդեղէններէ: Սուրբ Ծննդեան օրը տանտիկինները, նայած` իրենց հնարաւորութիւններուն, կը պատրաստէին լեցուած հաւ կամ աքաղաղ, «քըպպէ», «ֆուէրիխ»` բրինձով կամ ձաւարով եղինձի հետ մատուցելու համար: Ընթրիքի սեղանին շուրջ ընտանիքի անդամները կը հաւաքուէին կէսգիշերային պատարագէն ետք:

– Յիսուսի գալուստը կը նշուէր «մըղլի» աղանդերի մատուցումով: Մինչեւ օրս ալ ընտանիքներու մէջ նոր երեխայի ծնունդը կը նշուի «մըղլի»-ի հիւրասիրութեամբ:

– Որպէս նուէր` երեխաները ծնողներէն կը ստանային քաղցրաւենիք, ընկոյզ եւ նարինջ: Գիւղերուն մէջ նուիրելու, նուէր փոխանակելու սովորութիւն չկար: Արեւմուտքէն եկած այս աւանդոյթը տարածուած էր քաղաքներուն մէջ միայն:

– Ծնունդի նախօրէին բարեկեցիկ ընտանիքները տոպրակները կը լեցնէին քաղցրաւենիքով, չոր միրգերով եւ ընկոյզներով, երեխաները այդ տոպրակները կը զետեղէին ծերերու, այրիներու կամ չքաւորներու դռներուն առջեւ. «Մենք ձեր մասին կը մտածենք» ըսելու ազնիւ արարք մը:

– Անցեալին Սուրբ Ծնունդը հիմնականին մէջ կէս գիշերային պատարագն էր: Երիտասարդները եկեղեցի կը շտապէին զանգը ղօղանջելու եւ հաւատացեալները պատարագի կանչելու համար:

– Գիւղերուն մէջ մարդիկ կը հաւաքուէին եկեղեցւոյ բակը վառած խարոյկին շուրջ, զայն երկար ձողով մը կը խառնէին կայծեր յառաջացնելու համար: Մութ երկինք բարձրացող կայծերը կը խորհրդանշէին Քրիստոսի ծննդեան օրը փայլող աստղը:

– Սուրբ Ծննդեան տօնը առաջին հերթին առիթ էր գիւղացիներուն համար` խաղաղութիւն կնքելու, ներելու, ներուելու եւ հաշտուելու: Իսկ եկեղեցւոյ բակը, հսկայ խարոյկին շուրջ յարմարագոյն վայրն էր հոգիները մաքրելու, չարը վանելու եւ նոր երազանքներ պահելու համար:

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

 Ինչպիսի՞ Հեքիաթ Պատմել
3
Տարեկան Երեխային

Բոլոր երեխաներն ալ հեքիաթ կը սիրեն: Հեքիաթը երեխային կեանքին մէջ նոյնքան կարեւորութիւն ունի, որքան` խաղը:

Հեքիաթին միջոցով երեխան կը ծանօթանայ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն, աշխարհի կառուցուածքին, կը ծանօթանայ այնպիսի հասկացողութիւններու, ինչպիսիք են` լաւ ու վատ, չար ու բարի, քաջութիւն, արդարութիւն, յաղթանակ եւ այլն…

Հեքիաթներ լսելով` երեխան ինքզինք կը նոյնացնէ պատմութեան քաջ ու անվախ հերոսին հետ, կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները, կ՛անցնի փորձութիւններու մէջէն եւ անոր հետ կը վայելէ յաղթանակի բերկրանքը:

Հոգեբանին Կարծիքով

Երեխային հեքիաթ պատմելու լաւագոյն տարիքը 3 տարեկանն է: Ասիկա չի նշանակեր, որ աւելի առաջ կարելի չէ երեխային հեքիաթ պատմել: Պարզապէս պէտք է ընտրել համեմատաբար պարզ նիւթեր ունեցող հեքիաթներ, ուր գոյութիւն չունին վախազդու տեսարաններ:

Հեքիաթը պէտք է պատմել զուարճալի ձեւով եւ բարձր տրամադրութեամբ:

Հոգեբանին կարծիքով, 3-4 տարեկան երեխաներուն կարելի է պատմել դասական նիւթով ժողովրդական հեքիաթներ, որոնք պէտք չէ որ երկար ըլլան, այլապէս երեխան կը ձանձրանայ եւ չ՛ուզեր լսել մինչեւ վերջ:

Երեխաները շատ կը սիրեն այն հեքիաթները, որոնք առնուած են իրենց կեանքէն: Հետեւաբար նախընտրելի է հեքիաթ յօրինել, ուր գլխաւոր հերոսը ի՛նքը` երեխան է: Պէտք է զուարճալի ձեւով պատմել հեքիաթը եւ զանց ընել անախորժ կամ վախազդու մանրամասնութիւնները, որպէսզի ան գիշերը մղձաւանջներ չունենայ:

Հեքիաթի միջոցով երեխան կը սորվի այդ երեւակայական աշխարհին մէջ մտածել, գործել: Ան կը սորվի, որ պէտք է ինքնուրոյն յաղթահարել դժուարութիւնները, որ` ուժը ի՛ր մէջ է, եւ կողմնակի օգնութեան դիմելու կարիք չկայ:

Հետեւաբար ամէն երեկոյ հայրիկը կամ մայրիկը պէտք է վերցնեն երեխային հեքիաթ պատմելու պատասխանատու, բայց միաժամանակ հաճելի պարտականութիւնը եւ երեխան չզրկեն այս դաստիարակիչ հաճոյքէն:

Գեղեցկագիտական

Բրինձով Դէմքի Ծեփուկ

Նկատա՞ծ էք, որ ճափոնցի կիները միշտ խնամուած, փայլուն ու ողորկ մորթ ունին: Պարզապէս անոնք կ՛օգտագործեն բրինձով պատրաստուած ծեփուկներ:

Ծեփուկի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են.

– 3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր

Պատրաստութիւն.

Բրինձը 3-5 վայրկեան եփել, քամոցէ անցընել, բայց եփի ջուրը չթափել:

Եփած բրինձը ցօղուել պաղ ջուրով, աւելցնել կաթը եւ խառնել` մինչեւ որ միատարր  խիւս մը ստացուի: Աւելցնել մեղրը եւ դարձեալ խառնել:

Թանձրուկը քսել մաքուր դէմքին վրայ, ձգել 15-20  վայրկեան, ապա ցօղուել բրնձաջուրով:

Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին

 Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Դժուարութիւններու դիմաց մեզմէ իւրաքանչիւրը կը հակազդէ` նայած իրավիճակին, բնաւորութեան կամ իր անձնական յատկութիւններուն:

Նայեցէ՛ք նկարին եւ ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին. ձեր պատասխանը կ՛օգնէ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կը վարուիք, երբ դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուիք:

Եթէ Առաջին Հերթին Հովանոց Տեսաք

Անմիջապէս կը պաշտպանուիք: Դժուար իրավիճակներու դիմաց ամէն ինչ կ՛ընէք, որպէսզի կորուստները նուազագոյնի իջնեն: Կը տագնապիք, կը տխրիք եւ կը փորձէք ժամ առաջ դուրս գալ տհաճ իրավիճակէն: Ոչ մէկ անգամ կը մտածէք ուրիշին օգնութեան դիմելու կամ կարծիք առնելու մասին: Խոչընդոտները կ՛ընկալէք` որպէս ձեր անձին վրայ յարձակում, որուն դուք արժանի չէք:

Եթէ Առաջին Հերթին Քաղաք Տեսաք

Իւրաքանչիւր դժուարութեան պարագային կը դիմէք ուրիշներու օգնութեան: Կ՛աշխուժացնէք ձեր բոլոր կապերը, կը հեռաձայնէք ծանօթներու, ընկերներու, հարազատներու, որոնք կրնան օգնել ձեզի` դուրս գալու դժուար իրավիճակէն: Ձեր դիմագրաւած դժուարութիւնը վերջնականապէս հարթելու համար նաեւ կը դիմէք խորհուրդին բոլոր անոնց, որոնք նմանատիպ հարցեր ունեցած են:

Եթէ Առաջին Հերթին Լուսին Տեսաք

Դժուարութիւններու դիմաց առաջին հերթին կը գործէ ձեր տրամաբանութիւնը: Կը վերլուծէք կատարուածը, կը փորձէք կարելի եղածին չափ շատ տեղեկութիւն հաւաքել եւ քայլ առ քայլ հարթել դժուարութիւնը: Անել դժուարութիւններու դիմաց, որպէս կանոն, մէկ կողմ կը դնէք ձեր զգացումները եւ կ՛առաջնորդուիք միայն տրամաբանութեամբ:

Կարելի է ըսել` խնդիրներ լուծելու մասնագէտ էք:

Խոհագիր

Ստեպղինով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 2 ստեպղին (քերոցէ անցընել)
– 1 գաւաթ ալիւր
– 1,5 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Կէս թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– Քառորդ թէյի դգալ աղ
– 2 հաւկիթ
– 1 գաւաթ շաքար
– Քառորդ թէյի դգալ վանիլլա
– 1 կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Կէս գաւաթ բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, սոտան եւ աղը մաղէ անցընել եւ փոս ամանի մը մէջ մէկ կողմ դնել:

Երկրորդ փոս ամանի մը մէջ ելեկտրական գործիքով զարնել հաւկիթները, աւելցնել շաքարը, կիտրոնի տաշուքը, վանիլլան եւ ձէթը` տեւաբար զարնելով: Շատ լաւ զարնուելէ եւ փրփրելէ ետք քիչ-քիչ աւելցնել մաղուած ալիւրը եւ այնուհետեւ խառնել փայտեայ դգալով (կամ սփաչիւլով):

Խառնուրդին աւելցնել քերոցէ անցած ստեպղինը եւ դարձեալ խառնել: Կարկանդակին կաղապարը ծեփել կարագով, քիչ մը ալիւր ցանել եւ խմորը մէջը պարպել:

Եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ` 45-55 վայրկեան, 180 ջերմաստիճանով:

Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ լաւ պաղի, ապա երեսը փոշի շաքար ցանել ու մատուցել:

Յիշենք Որ…

Ստեպղինը հարուստ է Ա. կենսանիւթով, կը պարունակէ նաեւ Պէ.6, Սէ. կենսանիւթեր, ֆոլաթթու, երկաթ, մանկանեզ, փոթասիոմ, պղինձ եւ այլն…

Այս բանջարեղէնը կը կանխարգիլէ քաղցկեղի յառաջացումը, եւ անոր յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ թոքերու եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը:

Ստեպղինը կը պահպանէ եւ կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ անոր պարունակած պեթա քարոթենը կը կանխարգիլէ բջիջներու ծերացումը:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Անհետ Կորածը

 Ես ինչպէ՜ս ասեմ, թէ ապրո՛ւմ ես դու.
Եւ ինչպէ՜ս ասեմ, թէ դու էլ… չկա՛ս,
Երբ ոչ մէկը,-
ոչ կեա՜նքդ է հաւաստում,
Ոչ էլ եղել է քո մահուան վկա՛ն…
Ո՛չ, երազ չէ սա մի անիրական…
Կարծես երէ՜կ էր օրն այն վշտակիր,
Երբ դու, մեր վիշտը տալով կատակի,
Գնացք նստեցիր` տասնութ տարեկան:
Կռի՜ւ գնացիր ու… էլ ետ չեկա՜ր…
Եւ… (ո՞ւմ հարցնեմ` քեզանից բացի…)
Դարձա՞ր դու արդեօք քսան տարեկան,
Թէ՞… ինչքան կայի՛ր… այնքան մնացի՛ր…
Մահից չէ՛, որ ես գո՜ւթ եմ ակնարկում.
Սակայն ես`
վկա՜ն քո կիսատ կեանքի,
Ե՛ս, վկայ չեղա՛ծ մահիդ ահարկու,
Ի՜նչ հասկանամ այս դաժան կատակից,
Երբ դո՛ւ, քեզ ծնող մօ՛ր համար իսկ ծեր,
Զրո՜յց ես թւում մի անիրական…
Եւ ոչ մահի՛ն է յայտնի քո հասցէն,
Ոչ կեա՛նքը գիտէ շաւիղը քո տան…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

 

 

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Հօր Հետ Յարաբերութեան Պակասը Երեխային Մօտ Լուրջ Հարցեր Կրնայ Յառաջացնել

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Առհասարակ երեխայի դաստիարակութեան հարցով թէ՛ հօր, թէ՛ մօր դերը շատ կարեւոր է: Այն երեխաները, որոնք հայերուն հետ յարաբերութեան պակաս ունին, հետագային կը բախին շատ լուրջ հարցերու:

Հոգեբաններու կարծիքով, այն երեխաները, որոնք քիչ կը յարաբերին իրենց հայրերուն հետ, աւելի կամակոր, աւելի անինքնավստահ, թուլակամ եւ յաճախ աւելի յարձակողական կը դառնան:

Երեխան հօր բացակայութեան պարագային ինքզինք պաշտպանուած չի զգար: Այդ է պատճառը, որ այն ընտանիքները, ուր հայրը բացակայ է (մահ, ամուսնալուծում կամ այլ պատճառներ), կը փորձեն փոխարինող կերպար մը գտնել, օրինակ` քեռի կամ մեծ հայրիկ: Երեխային համար մայրը դուռն է դէպի յուզական դաշտ, իսկ հայրը` դէպի աշխարհ: Յատկապէս մանչերու պարագային, եթէ դէպի աշխարհ այդ դուռը փակուի, անոնք իրենց կեանքի ընթացքին լուրջ հարցերու կրնան բախիլ:

Նոյն հոգեբաններուն կարծիքով, հայրերուն հետ քիչ յարաբերող երեխաներուն մօտ հնարաւոր է` վախ յառաջանայ հօր նկատմամբ: Եթէ հայրը միշտ յոգնած, խոժոռ դէմքով տուն կը մտնէ, կ՛ընթրէ ու կ՛երթայ քնանալու` առանց երեխային հետ ժամանակ անցնելու, այս երեւոյթը ժամանակի ընթացքին պատճառ կը դառնայ, որ երեխան վախնայ հօրմէն:

Նման հարցերէ խուսափելու համար հոգեբանները հայրերուն խորհուրդ կու տան օրուան մէջ թէկուզ 10 վայրկեան յարաբերիլ, ժամանակ անցընել, մտերմանալ իրենց երեխաներուն հետ: Յարաբերութեան տեւողութիւնը կարեւոր չէ, կարեւորը այն է, որ անիկա ըլլայ որակեալ:

Հայր-զաւակ յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան ջերմ, անկեղծ ու շինիչ: Պէտք է միշտ յիշել, որ երեխային կեանքին մէջ, յատկապէս դեռահասութեան շրջանին, շատ կարեւոր է, որ հայրը ուղղորդող կերպար ըլլայ:

Գեղեցկագիտական

 4 Խորհուրդներ` Մազերու
Խնամքին Համար

Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 արդիւնաւէտ եւ աժան միջոցներ` փայլուն, առողջ եւ ծաւալուն մազեր ունենալու համար:

-1-

Կանաչ թէյը` փայլուն մազերու համար.- Անթիօքսիտաններով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ կանաչ թէյը իտէալական եւ մազերու ամրացման համար: Անիկա նաեւ կը կարգաւորէ խճճուած մազերը եւ կը կանխարգիլէ հերաթափութիւնը: Որպէսզի մազերը փայլին, պէտք է զանոնք լուալ կանաչ թէյով, եւ քանի մը կաթիլ կիտրոնի խառնուրդով:

-2-

Գարեջուրը մազերուն ծաւալ տալու համար.- Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ գարեջուրը ոչ միայն կը սնուցանէ եւ կ՛ամրացնէ մազերը, այլեւ ծաւալ կու տայ անոնց: Վերջին շափուէնէն ետք մազերը ցօղուել գարեջուրով, որուն նախընտրելի է քանի մը կաթիլ կանաչ կիտրոնի հիւթ աւելցնել:

-3-

Կարմիր սոխը` մազերու ամրացման համար.- Կարմիր սոխին հիւթը ծանօթ է հերաթափութեան դէմ իր արդիւնաւէտութեամբ, քանի որ ան զգալիօրէն կը նպաստէ արեան շրջագայութեան եւ կը սնուցանէ մազերուն արմատները:

Աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար պէտք է կարմիր սոխին հիւթով մարձել գլխամաշկը, յետոյ սպասել 20 վայրկեան եւ ապա լաւ լուալ: Այս միջոցը կիրարկել շաբաթը անգամ մը:

Գիտէի՞ք, Թէ

Առողջ մազերու գրաւականներէն մէկը առողջ եւ այլազան սննդառութիւնն է: Ճաշացուցակէն անպակաս պէտք է ըլլան` միսը, ձուկը, հաւկիթը, կանաչ բանջարեղէնները, կարմիր պտուղները եւ ընկուզեղէնը:

Լաւ շնչառութիւն… Զարմանալի՞ է, ո՛չ այնքան, երբ գիտենք, որ լաւ շնչառութիւնը առողջական բազմաթիւ հարցեր կը հարթէ, որոնց կարգին` ընկճախտը: Ընկճախտը քիչ աւեր չի գործեր մեր մարմնին եւ յատկապէս մեր մազերուն, որոնք շատ արագ կը կորսնցնեն իրենց փայլքը, կը դառնան չոր, դժուար կառավարելի ու կը սկսին թափելու: Ճիշդ եւ առողջ շնչառութիւնը կը սկսի քիթէն խորունկ ներշնչումով, որուն կը հետեւի արտաշնչումը` բերանէն:

Մետաքսի վրայ քնանալ… Հետազօտութիւններ հաստատած են, որ մետաքսեայ երեսով բարձի վրայ քնանալը մազերուն համար աւելի առողջապահական է, քանի որ մետաքսը` բաղդատած բամպակին, մեղմօրէն կը շփուի մազերուն հետ եւ վերջինները նուազ կը կոտրտին ու կը թափին:

Ձեռային Աշխատանք

 ՆարինջՄոմակալ

Ի՛նչ Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ` առանց տօնական բոյրի… Որպէսզի ձեր տունը Կաղանդ բուրէ, կարիք չկայ շուկան վաճառուող թանկարժէք, արհեստական բոյրեր գնելու, քանի որ անոնցմէ ոչ մէկը կը հաւասարի տունը պատրաստուածին:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք նարինջով պատրաստուած անուշաբոյր մոմակալի պատրաստման եղանակը:

Ձեզի հարկաւոր է

– Նարինջ
– Մեխակի գամեր
– Տափակ, կլոր մոմ մը

Պատրաստութիւն`

Նարինջը գլխատեցէք դանակով. բացուածքը թող համապատասխանէ ձեր կլոր մոմի չափին: Դանակի կամ դգալի օգնութեամբ պտուղէն բաժին մը փորեցէք ու հանեցէք: Փոսիկին մէջ տեղաւորեցէք մոմը եւ ապա մեխակի գամերով եւ ըստ ճաշակի զարդարեցէք նարինջը:

Այս տօնական գեղօրը ոչ միայն պիտի լուսաւորէ ձեր տունը, այլեւ իր տօնական բոյրով պիտի լեցնէ տունը: Հետեւաբար թելադրելի է քանի մը հատ պատրաստել եւ զետեղել տան տարբեր անկիւնները:

Խոհագիր

 Ամանորի Կարկանդակ

Երկրին տնտեսական անբարենպաստ վիճակը մեզի կը ստիպէ հրաժարիլ որոշ պերճանքներէ եւ զանոնք փոխարինող տարբերակներու մասին մտածել:

Մեր հայկական աւանդոյթներուն չհամընկնող, բայց եւ այնպէս Ամանոր տօնական սեղանի անհերքելի զարդը համարուող Կաղանդի կոճղը (bûche de Noël) այսօր շատերուն համար անմատչելի պերճանք մըն է, բայց կան զայն փոխարինելու հետաքրքրական տարբերակներ, ինչպէս` հայկական աւանդական գաթան կամ սովորական տօնական կարկանդակները:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք տօնական կարկանդակի ոչ միայն համեղ, այլեւ դիւրին եւ արագ պատրաստուող բաղադրատոմս մը:

Անհրաժեշտ բաղադրիչներ

– 2 գաւաթ ալիւր
– 2 գաւաթ շաքար
– 1/4 գաւաթ քաքաօ
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 թէյի դգալ աղ
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– 1 գաւաթ թանձր կաթ
– 1 գաւաթ հալած կարագ
– Վանիլլա
– 3 հաւկիթ
– Փոշի շաքար (զարդարանքի համար)

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել մաղէ անցած 2 գաւաթ ալիւրը, ապա յաջորդաբար աւելցնել շաքարը, մաղէ անցած քաքաոն, աղը, պէյքինկ փաուտըրը, պէյքինկ սոտան, վանիլիան եւ թել դգալով խառնել բոլոր չոր բաղադրիչները:

Միատարր խառնուրդին աւելցնել հեղուկ կաթը, տաք ջուրը եւ դարձեալ խառնել: Ստացուած թանձրուկին աւելցնելով հալած կարագն ու 3 հաւկիթները եւ նոյն դգալով շարունակել խառնել, մինչեւ որ խմորը դառնայ միատարր ու փայլուն:

Կարկանդակի կաղապարը ծեփել կարագով, քիչ մը ալիւր ցանել եւ խմորը մէջը պարպել ու եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ, շուրջ 45 վայրկեան, 200 ջերմաստիճանով:

Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ կարկանդակը լաւ պաղի, ապա երեսը ծածկել թուղթով մը, որուն կեդրոնը պատկերուած ըլլայ տօնածառի կամ ձիւնի փաթիլի կաղապար մը, փոշի շաքար ցանել, թուղթը զգուշութեամբ հանել, եւ ահա կը ստանաք տօնական գեղեցիկ կարկանդակ մը, որ թէ՛ համով եւ թէ՛ տեսքով չի զիջիր շուկան վաճառուող սուղ տարբերակներուն:

*****

Մտածումներ Մեր Մեծերու Կեանքէն

 «Կ՛ամչնամ Հացէն»

Անգամ մը գրականագէտ Հայկ Գիւլիքեւխեանը ասուլիսի մը ընթացքին կծու խօսքեր կ՛ըսէ Եղիշէ Չարենցի մասին: Երբ լուրը կը հասնի բանաստեղծին, ան կ՛որոշէ հանդիպիլ եւ պախարակել Գիւլիքեւխեանը: Չարենց գիտէր, որ Աբովեան փողոցը գրականագէտին ամէնօրեայ ճամբան է. կ՛երթայ, կը կանգնի հոն եւ անցորդներուն կը պատմէ եղելութիւնը. «Թող գայ, ըսելիքս կ՛ըսեմ, ամբողջ Երեւանը թող իմանայ»:

Վերջապէս կը յայտնուի Գիւլիքեւխեանը` ձեռքին մատնաքաշ տեսակի հաց մը: Չարենցը երբ կը տեսնէ մատնաքաշը, կարծէք լեզուն կը կապուի, իսկ գրականագէտը սովորականին պէս կը բարեւէ Չարենցին ու կ՛անցնի: Երբ շուրջինները բանաստեղծին կ՛ըսեն` «Խօսքիդ տէրը չեղար», ան կը պատասխանէ. «Հացը խանգարեց զիս: Ես չեմ կրնար թէկուզ մէկ չոր խօսք ըսել այն մարդուն, որուն ձեռքը հաց կայ: Կ՛ամչնամ հացէն»:

Շաբթուան Խօսքը

Մարտիրոս Սարեանի Անժամանցելի
Ամանորեայ  Մաղթանքը

Հայ մարդը միշտ Նոր տարին դիմաւորելէ գինու բաժակը առել է ձեռքը, շշնջացել է` խաղաղութիւն աշխարհին: Աշխարհում խաղաղութիւնը երեւի ամէնից շատ հայ ժողովուրդին է պէտք եկել: Դարեր շարունակ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բախման քառուղիներում ընկած Հայաստանը ասպատակուել է, աւերուել, բաժանուել հզօրների միջեւ, բայց երբ հայ ժողովուրդը խաղաղութեան կարճատեւ պահեր է ունեցել, ստեղծագործել է, կերտել արուեստի հրաշքներ, մարդկային մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը հարստացրել իւր հոգու գեղեցկութիւններով:

… Խաղաղութիւն աշխարհի եւ աշխարհի հետ` Հայաստանին, որ հայ ժողովուրդի ընդերքում եղած ստեղծագործական յորդառատ ուժերը նոր հրաշքներ գործեն, որ առաւել ծաղկի Հայաստանը, իր գրկում հաւաքի աշխարհով մէկ ցրուած իր տարագիր զաւակներին, որ յաւէտ հնչի քաղցր ու սրտաբուխ հայոց լեզուն:

 


Տան Յարդարանք. Տօնածառի Հետաքրքրական Տարբերակներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հեքիաթային լոյսեր, պսպղուն աստղեր, ոսկեզօծ ժանեակներ… Անհնար է Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը պատկերացնել առանց տօնածառի:

Ոմանք, սակայն, զանազան պատճառներով` տեղի, տրամադրութեան կամ ժամանակի անբաւարարութեան, որոշած են հրաժարիլ տօնածառ զարդարելէ: Այս անձերուն ըսենք, որ թէեւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդը մարդուս հոգիին մէջ է եւ ոչ` ձեւականութիւններուն, բայց եւ այնպէս յառաջիկայ տօներուն ուրախութիւնն ու կախարդանքը մեծ չափով կախեալ են տան մէջ ստեղծուած մթնոլորտէն: Հետեւաբար, եթէ տակաւին չէք զարդարած ձեր տօնածառը, զայն փոխարինեցէք այլընտրանքով մը. տեսէք, թէ ստեղծագործ միտքեր ինչե՜ր կ՛առաջարկեն ձեզի:

– Գիրքերով պատրաստուած տօնածառը թէ՛ տեղ չի գրաւեր եւ թէ՛ ծախսալից չէ: Կը մնայ, որ ձեր գրադարանէն ընտրէք քանի մը հանրագիտարան եւ աւելի փոքր չափի մէկ-երկու գիրք, եւ ահա տօնածառին կմախքը արդէն պատրաստ է: Զայն զարդարեցէք ձեր ճաշակով, առանց աւելորդ ծանրաբեռնելու:

***

– Պատին վրայ յարդարուած այս տօնածառը եւս շատ գործնական է, քանի որ երբեք տեղ չի գրաւեր: Ձեզի կը մնայ ընտրել գեղեցիկ, երկար դրասանգ մը (guirlande) զայն հաստատել պատին վրայ եւ ճոխացնել քանի մը կարմիր կամ ոսկեգոյն գնդակներով եւ անշուշտ աստղով մը:

***

– Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք, եթէ ձեր այս տարուան տօնածառը բոլորովին տարբերի մնացեալներէն եւ զայն պատրաստէք ընտանեկան լուսանկարներով…

Այս տարբերակը եւս արագ իրագործելի, ոչ ծախսալից եւ մանաւանդ իւրայատուկ է ու վստահաբար անտարբեր պիտի չձգէ այցելուները:

Տան Յարդարանք

 5 Սխալներ, Որոնց Պատճառով Ձեր
Բնակարանը Հնաոճ Եւ Ճնշող Կը Դառնայ

Նախքան յօդուածը կարդալը` ընդունինք, որ «ճաշակներն ու գոյները քննարկելի չեն»: Բայց եւ այնպէս, տան ներքին յարդարանքի ոճաբաններու կարծիքով, մեր բնակարանը աւելի հաճելի, նորաոճ եւ շնչելի կը դառնայ, եթէ խուսափինք կարգ մը սխալներէ: Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 սխալները:

– 1 –

Պատէ Պատ Գրադարաններ

Ներքին յարդարանքի ոճաբաններուն կարծիքով, տան մէջ պատէ պատ գրադարանները մթնոլորտը ճնշիչ կը դարձնեն, յատկապէս, եթէ ցուցադրուած գիրքերուն շարքին կան մեծ թիւով լաթակազմ, հին գիրքեր:

Հետեւաբար ոճաբանները կ՛առաջարկեն այլ տարբերակ մը` հրաժարիլ պատէ պատ գրադարաններէն, նախապատուութիւնը տալ աւելի փոքր տեսակներուն, ցուցադրել գիրքերէն բաժին մը միայն, իսկ դարաններուն վրայ տեղ-տեղ զետեղել գեղօրներ, բոյսի փոքրիկ թաղարներ կամ լուսանկարներու շրջանակներ:

– 2 –

Խճողուած Կօշիկի Դարակաշարեր

Շատերու համար տան մուտքին զետեղուած կօշիկի դարակաշարէ յարմար տեղ է քիչ մը ամէն բան տեղաւորելու համար: Ոճաբաններու կարծիքով, բնակարանի մը մուտքը պէտք է ըլլայ հաճելի եւ հիւրընկալ:

Հետեւաբար անոնք կը թելադրեն հրաժարիլ մեծ դարակաշարերէ, որոնք ժամանակի ընթացքին աղբակոյտի տպաւորութիւն պիտի ձգեն, ի հարկին ընտրել գոց փեղկերով տեսակները եւ կամ բաւարարուիլ փոքր չափի դարակաշարով, ուր շարուած ըլլան ամէնէն գործածական կօշիկները: Չմոռնալ, որ տան մուտքը ամբողջ բնակարանին հայելին է:

– 3 –

Բարձեր Ու Բարձեր

Ճաշակով ընտրուած եւ կահոյքին համապատասխանող բարձերը կրնան ոճային աքսեսուարներ դառնալ, պայմանաւ որ անոնց թիւը 3-ը չանցնի:

Բազկաթոռները բարձերով խճողելու պարագային, հիւրասենեակը կը դառնայ ճնշիչ եւ աչքին ոչ հաճելի: Հետեւաբար ոճաբանները կը թելադրեն բաւարարուիլ երկու, առաւելագոյնը 3 բարձով, համադրելով կահոյքին ոճին եւ գոյնին հետ:

– 4 –

Ծաւալային, Խճողուած Վարագոյրներ

Ոճաբաններու կարծիքով, պատուհանները ամբողջութեամբ ծածկող ծաւալային թանձր վարագոյրները ճնշող եւ անշնչելի կը դարձնեն բնակարանը, մանաւանդ եթէ հիւրասենեակը այդքան ալ մեծ չէ, իսկ կահոյքն ու վարագոյրները թաւշեայ կամ այլ թանձր կերպասով պատրաստուած են:

Ոճաբաններու կարծիքով, ժամանակն է հրաժարելու լոյսը խափանող, զարդարուն եւ հնաոճ վարագոյրներէն` նախապատուութիւնը տալով թեթեւ շղարշ տեսակներուն, որոնցմէ դուրսի լոյսը հանգիստ ներս կը թափանցէ ու հիւրասենեակը կը դարձնէ աւելի հիւրընկալ ու հաճելի:

– 5 –

Մութ Եւ Նախշաւոր Տարրեր

Թեթեւ փասթել գոյները միշտ աւելի հաճելի ու գեղեցիկ կը դարձնեն սենեակը: Մութ գոյնի պատերը, կամ փափիէ փենով ծածկուած տարբերակները, աւելնալով մռայլ կահոյքի վրայ, ջղագրգիռ կը դարձնեն:

Ոճաբաններու կարծիքով, եթէ միջոցը չունիք պատերը ներկելու, առնուազն առաստաղները ճերմակ ներկեցէք, ընտրեցէք փոքր չափի միագոյն, նորաոճ գորգեր ու կարպետներ եւ կամ ամբողջութեամբ փոխեցէք ձեր կահոյքին կերպասը կամ վարագոյրները` միշտ նախապատուութիւնը տալով փասթել մեղմ գոյներուն:

Ձեռային Աշխատանք
Կոճակներով Պատրաստուած
Տօնածառի Կախազարդեր

Եթէ ձանձրացած էք ձեր տօնածառին կախազարդերէն եւ տրամադիր էք անոնց մէկ մասը փոխարինել նորերով, ձեզի կ՛առաջարկենք սովորական կոճակներով պատրաստուող կախազարդեր, որոնց պատրաստութեան համար ձեզի հարկաւոր են`

– Տարբեր գոյնի եւ չափի կոճակներ,

– Հաստ թել, նախընտրաբար` ոսկեգոյն կամ արծաթագոյն,

– Ժապաւէն,

– Խաւաքարտէ փոքրիկ աստղեր:

Ստորեւ տրուած նկարները բաւարար խօսուն են, ուշադիր նայեցէք եւ ապա գործի անցէք: Եթէ տունը երեխաներ կան, առաջարկեցէք, որ մասնակցին աշխատանքին` կոճակները խմբելով ըստ գոյնի եւ չափի:

Խոհագիր

Պանրախաշ

Պանրախաշը հայկական հնագոյն աւանդական կերակրատեսակներէն է. անիկա ոչ մէկ կապ ունի մեզի ծանօթ խաշին հետ: Շատ համեղ է եւ օգտակար, իսկ ամենակարեւորը` շատ արագ կը պատրաստուի, քիչ բաղադրիչներ կը պահանջէ:

Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ պատրաստուող ձմեռնային այս կերակուրը գիւմրեցիներու մասնագիտութիւնն է. երբ առիթը ներկայանայ, կ՛արժէ զայն ըմբոշխնել Գիւմրիի մէջ:

Պանրախաշը կարելի չէ մէկ ամանի մէջ պատրաստել եւ ապա բաժնել: Իւրաքանչիւր անձ իր ամանին մէջ պէտք է պատրաստէ զայն:

Անհրաժեշտ բաղադրիչներ

– Լաւաշ
– Թել պանիր
– Սոխ
– Կարագ կամ բուսական ձէթ

Բաղադրիչներուն քանակը կախեալ է անձերու թիւէն:

Պատրաստութիւն

Նախապէս չորցուած լաւաշը (լիբանանեանը նոյն դերը կը կատարէ) կտրատել եւ լեցնել ամանին մէջ` որպէս առաջին շերտ: Վրան աւելցնել համաչափօրէն նախապէս թելերու վերածուած պանիրը, ապա կրկին կտրատած լաւաշ, յետոյ` պանիր: Ըստ ցանկութեան, այս հերթականութիւնը քանի մը անգամ կրկնել այնպէս, որ երեսի շերտը լաւաշ ըլլայ: Վերջաւորութեան երեսին աւելցնել նախապէս պատրաստուած սոխարածը, յետոյ այնքան մը եռացած ջուր, որ հացը քիչ մը փափկանայ, բայց ջուրը պէտք չէ որ ծածկէ հացը:

*****

Մեր Մեծերու Ամանորը

Սերգէյ Փարաջանով

Սերգէյ Փարաջանով կը սիրէր Ամանորը դիմաւորել տան մէջ, ընտանիքին անդամներուն հետ: Ան շատ կը սիրէր ու կը գնահատէր գեղեցիկ զարդարուած տօնածառերը: Կը պատմուի, որ նոյնիսկ կալանավայրին մէջ ան կտորէ պարկեր ճարած էր եւ տօնածառ սարքած էր:

Մեծ արուեստագէտին դժբախտաբար վիճակուեր է մէկէ աւելի անգամներ Ամանորը դիմաւորել բանտի ճաղերուն ետեւ…

Խորէն Լեւոնեան

Տաղանդաւոր դերասան Խորէն Լեւոնեանը եւս սիրած է Ամանորը դիմաւորել ընտանիքին հետ: Ան անպայման երեխաներուն հետ կը մասնակցէր տօնածառի յարդարանքի արարողութեան: Դերասանը շատ կը սիրէր նուէրներ գնել ընտանիքին անդամներուն: Անոր թոռը` Արսէն Լեւոնեան, կը պատմէ, որ պապը նուէրները կը դնէր երեխաներու բարձին տակ, եւ չէ պատահած, որ պապիկը այդ սովորութենէն հրաժարի: Դերասանը նաեւ թոռնիկներուն հետ կը մասնակցէր քաղաքին մէջ կազմակերպուող բոլոր տօնական հանդիսութիւններուն:

Աւետիք Իսահակեան

Բանաստեղծը Ամանորը կը համարէր զուտ ընտանեկան տօն եւ զայն կը դիմաւորէր կնոջ եւ երեխաներուն հետ:

Իսկ յունուար 1-ին Վարպետին կ՛այցելէին վեհափառը, Մարտիրոս Սարեանը, Սերօ Խանզադեանը եւ Սիլվա Կապուտիկեանը եւ մեծ խնճոյք կը կազմակերպէին:

Յունուար 2-ին Իսահակեան կ՛այցելէր Յովհաննէս Թումանեանին: Ան շատ կը սիրէր Թումանեաններու տան պատրաստուած վրացական սացիւին:

Բանաստեղծը Ամանորը երբեք տունէն դուրս չէր անցըներ. իսկ Սուրբ Ծնունդի գիշերը կ՛երթար Էջմիածին` ժողովուրդին հանդիպելու եւ շնորհաւորութիւններ փոխանակելու համար:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նոր Տարուան Գիշեր

Թէ աշխարհում փակ դռներ կան,
թող որ բացուեն այս գիշեր,
Ու Նոր տարին նոր խնդութեամբ
թող ներս մտնի այս գիշեր,
Թէ կան դատարկ, համր տներ`
մանկան ճիչով թող լցուեն,
Ով փնտռում է սրտանց մէկին`
յանկարծ գտնի այս գիշեր:
Թէ կան լացող, տխուր աչքեր,
թող ծիծաղեն այս գիշեր,
Կանչող ձեռքերն իրար հասնեն,
հրաշք ապրեն այս գիշեր:
Թէ կան սրտեր` չար նախանձով,
դառնան բարի ու ներող,
Եւ ուրիշի ուրախ կեանքով
խանդավառուեն այս գիշեր:
Թէ մոլորուած անցորդներ կան,
դարձի թող գան այս գիշեր,
Սրբագործուած սիրով մտնեն
իրենց օճախն այս գիշեր,
Թէ կան բախտի փշոտ ճամբէք,
թող ծաղկունքով կանաչեն
Ու երջանիկ սպասումով
բոլորն արբեն այս գիշեր®
Թէ աշխարհում պանդուխտներ կան,
թող տուն դառնան այս գիշեր,
Հայրենական յաւերժութեամբ
ողջագուրուեն այս գիշեր:

ՄԵՏԱՔՍԷ

Այսօր (23 դեկտեմբեր 1923) բանաստեղծուհի Մետաքսէի ծննդեան օրն է:յ

 

 

 

 

 

 

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Ձեր Ընտրած Նուէրը Կը Պատմէ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը ուրախ առիթներ են` նուէրներ փոխանակելու, հաճոյք պատճառելու եւ ինչու չէ նուէրի մը ճամբով պատգամ մը փոխանցելու:

Իսկ դուք ի՞նչ կը նուիրէք ձեր սիրելիներուն, նուէրը ի՞նչ կը խորհրդանշէ ձեզի համար եւ, հետեւաբար, ձեր մատուցած նուէրը ի՞նչ կը պատմէ ձեր մասին:

Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն եւ ապա կարդացէք արդիւնքը:

– 1 –

Ձեր Կարծիքով Նուէրը`

ա – Կ՛արտացոլացնէ նուիրողին բնաւորութիւնն ու զգացումները:
բ – Ազնիւ արարք մըն է:
գ – Հաճելի պարտականութիւն մըն է:

– 2 –

Ձեր Մտերիմ Ընկերուհիին Կաղանդի Առիթով Կը Նուիրէք`

ա – Անուշահոտ մը, զոր շատ կը սիրէ:
բ – Վերջին «պեսթ սելլըր» գիրքը:
գ – Տուփ մը տուրմ:

– 3 –

Ձեր Մեծ Մայրիկին Կաղանդի Առիթով Կը Նուիրէք`

ա – Տաքուկ շալ մը:
բ – Ձեր երախտագիտութիւնը եւ սէրը արտայայտող բացիկ մը:
գ – Ս. Ծնունդը խորհրդանշող փոքրիկ գեղօր մը:

– 4 –

Ձեր Նուէրին Ծրարումը Կը Բացայայտէ`

ա – Ձեր սէրն ու գուրգուրանքը:
բ – Ձեր ստեղծագործ ճաշակը:
գ – Ծրարումը երկրորդական է, կարեւորը մէջինն է:

– 5 –

Նուէր Մը Ընտրելու Համար`

ա – Կրնաք օրերով շուկաները թափառիլ:
բ – Կը լսէք ձեր սրտին:
գ – Գինն ու արժէքը կշիռքի վրայ կը դնէք:

– 6 –

Ի՞Նչ Հակազդեցութիւն Կ՛Ակնկալէք Նուէր Ստացող Անձէն

ա – «Սքանչելի է, ուղղակի յուզուած եմ…»:
բ – «Շատ գործնական է»:
գ – «Շնորհակալ եմ»:

Արդիւնք

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ձեր նուիրած նուէրները կը բացայայտեն ձեր երախտագիտութիւնը` տուեալ անձին նկատմամբ: Հաճոյք պատճառելու համար ոչինչ կը կասեցնէ ձեզ` ո՛չ նուէրին գինը, ո՛չ ալ զայն գտնելու յոգնութիւնը:

***

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ է» է, ձեր ընտրած նուէրները կը խօսին ձեր սիրոյ, գուրգուրանքին եւ համակրանքին մասին, զորս կը փոխանցէք զայն ստացողին: Լաւ դիտող եւ դատող էք, հետեւաբար ձեր նուէրները անտարբեր չեն ձգեր ստացողները:

***

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, կը մեկնիք այն սկզբունքէն, թէ` ինչ որ ձեզի հաճոյք կը պատճառէ, պէտք է ուրախացնէ նաեւ դիմացինը: Հետեւաբար ձեր նուէրներուն ճամբով կը փորձէք փոխանցել այն, ինչ որ ձեզ կը յուզէ, կը հետաքրքրէ կամ կը զարմացնէ: Բայց ուշադի՛ր, ձեր նուէրները միշտ ալ ձեր ակնկալութիւններուն չեն համապատասխաներ:

Առողջապահական

Տօնական Օրերէն Ետք Յաւելեալ
Ծանրութիւն Չկուտակելու Համար

Ամանոր, Խթում, Ս. Ծնունդ… Տօնական օրերէն ետք շատ շատեր ցաւով կը հաստատեն, որ արդէն 2-3 քիլօ գիրցած են. պատճառը պարզ եւ հասկնալի է, բայց ինչպէ՞ս փորձութեան չմատնուիլ տօնական օրերու համադամ ճաշերուն եւ աղանդերներուն դիմաց:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սննդագէտներու օգտակար եւ գործնական խորհուրդներ` վերոյիշեալ անպատեհութեան առաջքը առնելու համար:

– Մարզանք ըրէ՛ք. պայման չէ մարզասրահ երթալ, պարզապէս քալեցէք: Խանութ երթալու կամ բարեկամուհիի մը այցելելու համար հրաժարեցէ՛ք ինքնաշարժէն եւ նախապատուութիւնը տուէք քալելուն:

– Հրաժարեցէ՛ք վերելակէն: Եթէ ապրանքներով բեռնաւորուած չէք, վերելակ մի՛ գործածէք, պարզապէս ոտքով բարձրացէք:

– Ջուր խմեցէ՛ք: Շատ պարզ է` որքան ջուր խմէք, այնքան ձեր մարմնէն դուրս կը քշէք թունաւոր նիւթերը: Իսկ տօնական ճոխ կերակուրներէն ետք այս գործընթացը կրկնակիօրէն կարեւոր է:

– Խուսափեցէ՛ք աղի կամ քաղցր կրկնեփուկներէն, որոնք որպէս ախորժաբերներ կը մատուցուին խմիչքներու կողքին: Անոնց փոխարէն` նախապատուութիւնը տուէք կտրատուած թարմ բանջարեղէններուն (վարունգ, ծաղկակաղամբ, թարմ պղպեղ, ստեպղին եւ այլն..):

– Որքան հնարաւորին է` հրաժարեցէք ոգելից ըմպելիներէն, փորձեցէք ուիսքին եւ վոտքան փոխարինել գինիով եւ մանաւանդ` բաւարարուիլ 2 բաժակով:

– Թեթեւ բան մը կերէք: Եթէ ընթրիքի ուշ պիտի նստիք, նախընտրելի է, որ ձեր ստամոքսը պարապ չձգէք եւ թեթեւ բան մը` խնձոր մը, խաշած հաւկիթ մը կամ գաւաթ մը մածուն ուտէք:

– Մէ՛կ անգամ լեցուցէք ձեր պնակը եւ մի՛ նորոգէք զայն: Յաճախ աչքն է, որ չի կշտանար, մինչդեռ ստամոքսը արդէն բաւարարուած է:=

– Դանդա՛ղ կերէք եւ երկար ծամեցէք: Ձեր ուղեղին ժամանակ տուէք, որպէսզի արձանագրէ, որ ստամոքսը լեցուն եւ կուշտ է:

– Որքան հնարաւորին է չափաւորեցէք քաղցրաւենիները: Եթէ աղը մարմնին մէջ ջուրի կուտակում կը պատճառէ, շաքարը, իր կարգին, ճարպային բջիջներու կուտակում կը պատճառէ: Քաղցրաւենիները փոխարինեցէք պտուղի աղցաններով կամ պարզապէս սովորական պտուղներով:

– Ճաշի սեղանէն բաժնուելէ ետք կրկին չվերադառնա՛ք, որքան ալ քաշողական թուին աւելցած կերակուրներն ու աղանդերները:

– Ճաշի ժում չջնջէ՛ք: Շատեր յանցանքի զգացումէն մղուած` յաջորդ օրը ծոմ կը պահեն: Սխա՛լ որոշում, քանի որ ճաշի ժում ցատկելով` աւելի կ՛անօթենաք եւ կրկնապատիկ կ՛ուտէք:

Հինը Նորի Վերածենք

Ինչպէ՞ս Երկրորդ Կեանք Տալ
Բրդեայ Հին Քազակի Մը

Երբ ձեր բրդեայ քազակը ժամանակի ընթացքին ձեւափոխուեր, ծակեր կամ տժգուներ է, զայն մի՛ թափէք, իսկ ուրիշին տալէ առաջ եկէ՛ք տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս հին քազակի մը երկրորդ կեանք տուեր են` զայն վերածելով բարձի երեսի, այփետի պայուսակի, ձեռնոցի…

Ինչպէս նկարները կը հաստատեն, զանոնք իրագործելը այդքան ալ դժուար չեն. քիչ մը համբերութիւն, քիչ մը ժամանակ, եւ ձեր բրդեայ քազակը երկրորդ կեանք մը կ՛ապրի ձեզի հետ, ձեր տան մէջ…

Խոհագիր

 Տօնական Նախուտեստ

Աստղաձեւ տօնական այս նախուտեստը դիւրին եւ արագ պատրաստուող, բայց նաեւ համեղ ու տօնական սեղանին վայել նախուտեստ է:

Աղի տեսակը կարելի է մատուցել խմիչքի կողքին, իսկ քաղցրը` սուրճի կամ թէյի հետ:

Բաղադրիչներ

– 1/3 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 թէյի դգալ թարմ կամ չոր խնկունի (ռոզմերի)
– 1 թէյի դգալ թարմ կամ չոր օրեկանօ
– 1/2 թէյի դգալ աղ
– 1 ծրար ֆրանսական փեն տը մի (քառակուսի հաց)

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճանով:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձէթը, աղը, օրեկանոն եւ խնկունին:

Ֆրանսական հացի շերտերը դնել խոհանոցի աշխատանքի տախտակին վրայ եւ աստղաձեւ (կամ տօնածառի ձեւով) կաղապարով մը իւրաքանչիւր շերտէն 2 աստղ ձեւաւորել:

Աստղերը շարել փուռի ափսէին մէջ` անոնց յատակին մոմ-թուղթ տարածելէ ետք: Ապա վրձինի մը միջոցով աստղերը երկու երեսով ծեփել ձէթի խառնուրդով:

Նախապէս տաքցուած փուռին մէջ աստղերը եփել 10-12 վայրկեան, մինչեւ որ անոնք ոսկեգոյն դառնան: Եփելու ընթացքին աստղերը մէկ անգամ շրջել, որպէսզի երկու երեսով կարմրին: Մատուցել լաւ պաղելէն ետք:

Փորձառուներու կարծիքով, եթէ ֆրանսական հացը քանի մը օրուան ըլլայ, աւելի դիւրին կը ձեւաւորուի, մինչդեռ շատ թարմ ըլլալու պարագային, կրնայ որոշ դժուարութիւններ յառաջացնել ձեւաւորման ժամանակ:

Եթէ հետաքրքրուած էք նոյն բաղադրատոմսին քաղցր տարբերակով, ձեզի կը մնայ ձէթը փոխարինել հալած կարագով, իսկ խնկունին ու օրեկանոն կասիայով եւ շաքարով:

Ըստ տօնին կամ առիթին, աստղաձեւ կաղապարը կարելի է Վալընթայնին փոխարինել սրտի ձեւով, Զատիկին` հաւկիթի ձեւով եւ այլն…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Սեղանին Շուրջ Կաղանդի

Այս տարի,
Սեղանին շուրջ Կաղանդի
Բոլորուեցանք ութ հոգի`
Ես ու կինս լռակեաց,
Երկու բաժակ կիսով լի
Եւ չորս պատեր մերկացած
Ութը անձ…
Սպասեցինք ընդերկար,
Որ շնչաւոր մէկը գար,
Զարնէր մեր դուռը ամուր
Եւ սրտալի բարեւ տար:
Սպասեցինք մենք ի զուր
Մեր հիւրերուն, մեր զաւկին,
Ու երբ որ ձայնը զանգին
Մնաց երկար քարացած,
Կինս ըսաւ. «Խմենք, մա՛րդ,
Խմենք կենացը անգին
Մեր սիրելեաց բացակայ»:
Լռութեան մէջ անձկագին
Բաժակը լոկ զրնգաց,
Շրթները լուռ մնացին,
Պատերը` մերկ մեր դիմաց
Եւ չտուին արձագանգ:
Տօնածառը գլխահակ,
Իր լոյսերով ամօթխած,
Նայեցաւ մեզ ու գթաց…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 

 

 

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Միեւնոյն նկարը կրնայ շատ տարբեր մեկնաբանութիւններ ունենալ եւ տարբեր աչքով դիտուիլ իւրաքանչիւրիս կողմէ. իսկ առաջին հերթին տեսածը շատ բան կը բացայայտէ մեր մասին:

Ներարկիչ

Առաջին հերթին ներարկիչ կը տեսնեն այն մարդիկ, որոնք իրադարձութիւնները ողբերգութեան վերածելու, չափազանցելու հակուած են: Դուք ձեր ուշադրութիւնը շատ կը կեդրոնացնէք մանրուքներու վրայ, իրավիճակը իր ամբողջութեան մէջ տեսնելու դժուարութիւն ունիք: Հաւանաբար չափազանց շատ կը վախնաք հիւանդութիւններէն եւ անյաջողութիւններէն:

Հեծիկ

Առաջին հերթին հեծիկ կը տեսնեն հետաքրքրասէր մարդիկ, որոնք հակուած են արկածախնդրութիւններու: Կը սիրէք արկածախնդրութիւններն ու ճամբորդութիւնները: Ստեղծագործ եւ պրպտող միտք ունիք, նորութիւնները` երկիրներ, մշակոյթներ, գիւտեր կը հարստացնեն ձեր մտահորիզոնը:

Կաթիլ

Առաջին հերթին կաթիլ կամ արեան կաթիլ կը տեսնեն ֆոպիաներ եւ բարդութիւններ ունեցող անձերը: Ինքնուրոյն կամ մասնագէտի օգնութեամբ ջանացէք ձերբազատիլ անոնցմէ` ձեր կեանքը աւելի տանելի դարձնելու համար:

Շրջանակ

Առաջին հերթին շրջանակ կը տեսնեն մտածկոտ եւ երազկոտ մարդիկ: Թէեւ ցրուած էք եւ ոչ ուշադիր ձեր շրջապատին, բայց կ՛առանձնանաք ձեր ստեղծագործ մտածողութեամբ, իւրօրինակութեամբ:

Գործնական Խորհուրդներ, Որոնք
Կ՛օգնեն Տնտեսել Հանրախանութէն Ներս

Հանրախանութները ծանօթ են յաճախորդներու սովորութիւններուն, ցանկութիւններուն, մտադրութիւններուն, զորս անոնք հմտօրէն կ՛օգտագործեն իրենց նպատակներուն համար` մարդոց ստիպելով աւելի շատ գնում կատարել ու ծախսել:

Անոնց ծուղակը չիյնալու եւ չխաբուելու համար պէտք է իմանանք` ինչպէ՛ս ճիշդ տնտեսել:

-1-

Նախքան հանրախանութ մեկնիլը` ստուգեցէք, թէ ի՛նչ կայ սառնարանին մէջ, որպէսզի աւելորդ ապրանք չգնէք:

-2-

Որքան գնումներու սայլակը մեծ է, այնքան շատ մթերք գնելու հակամէտ էք: Սայլակ օգտագործեցէք այն պարագային, երբ ամբողջ շաբթուան մը գնում պիտի կատարէք:

-3-

Որոշ յատուկ առաջարկներ կրնան հետաքրքրական թուիլ, բայց մի՛ մոռնաք գնապիտակին վրայի սպառման ժամկէտը ստուգելու: Շատ յաճախ զեղչ կ՛ընեն պիտանելիութեան ժամկէտը աւարտելու մօտ ապրանքներուն վրայ:

-4-

Սուղ, արագ փճացող եւ նուազ գտնուող ապրանքներէն ձերբազատելու համար հանրախանութները զանոնք կը դնեն աչքերու մակարդակով: Հետեւաբար գնումի ժամանակ, նախքան ապրանք ընտրելը պարտադիր նայեցէք անհասանելի դարաններու (շատ ցած կամ բարձր) վրայ ցուցադրուածներուն: Սովորաբար հոն ցուցադրուած կ՛ըլլան թարմ եւ ոչ թանկարժէք մթերքները:

-5-

Ապրանքներու գինին մէջ միշտ ներառուած են ծրարումի եւ գովազդի ծախսերը: Կան շատ մթերքներ, որոնք նուազ գրաւիչ ծրարաւորուած են, բայց որակի իմաստով ոչինչով կը զիջին միւսներուն:

-6-

Խուսափեցէք երեխաներով հանրախանութ երթալէ: Ծնողներուն համար դժուար է զանոնք մերժել… Իսկ աւելորդ ծամոնները, տուրմերը վնասակար քաղցրաւենիքները անիմաստ ծախսի դուռ կը բանան:

-7-

Որքան հազուադէպ հանրախանութ երթաք, այնքան քիչ ապրանք կը գնէք. թելադրելի է շաբաթը մէկ անգամ գնումներ ընել: Այդպէս թէ՛ դրամ կը խնայէք, թէ՛ ժամանակ, մանաւանդ եթէ նախապէս ցանկագրած ըլլաք ձեզի անհրաժեշտ մթերքները:

-8-

Դրամատնային քարտով վճարումը որքան ալ յարմար թուի, մեծ է հաւանականութիւնը, որ մեծ ծախսեր ընէք: Հանրախանութ մեկնելու ատեն որոշ գումար մը վերցուցէք ձեր նախատեսած գնումները կատարելու համար:

-9-

Երբեք անօթի փորով հանրախանութ չուղղուիք: Անօթի վիճակով հակուած էք աւելորդ գնումներ կատարելու:

Հինը Նորի Վերածենք

Խոհանոցի Ոչ Պիտանի Իրեր

Յաճախ, երբ մեծ մաքրութեան կը ձեռնարկենք,  հակամէտ ենք շատ մը ոչ պիտանի իրերէ ձերբազատելու կամ զանոնք թափելու:

Հին գրտնակ մը, մետաղեայ գունատած ձագար մը, հին կաթսայէն մնացած կափարիչ մը, մինակ մնացած գինիի բաժակ մը, եւ տակաւին ինչե՜ր կարելի է գտնել խոհանոցին պահարաններուն մէջ:

Բայց եկէք ու տեսէք, թէ վառ երեւակայութեամբ մարդիկ ի՛նչ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են, եւ թէ` վերոյիշեալ խոհանոցային ոչ պիտանի իրերը վերածած են փոքրիկ գեղօրներու:

Այսպէս, կաթսաներուն կափարիչներն ու գրտնակը կարելի է վերածել կախիչներու, մետաղեայ ձագարները` մոմակալներու, իսկ անտէր մնացած գինիի բաժակը գեղեցիկ բաց ամանի մը փակցնելով` ստանալ պտղաման մը, կամ կարկանդակի ներկայանալի աման մը:

Հետաքրքրական

Դափնիի Տերեւի Թաքուն
Յատկութիւնները

 

Ամէն տուն իր բոյրը ունի: Կարգ մը տուներ օծանելիք կամ սուրճ կը բուրեն, ուրիշներ` կերակուր… Սակայն կան տուներ, ուր տիրական է թարմութեան եւ մաքրութեան բոյրը: Հնարաւոր է, որ այդ տուներու մարդիկը տեղեակ են այն միջոցի մասին, զոր օգտագործած են հին յոյներն ու հռոմէացիները: Անոնք օգտագործած են դափնիի տերեւը ոչ միայն խոհարարութեան մէջ, այլ նաեւ որպէս միջոց` մաքրելու տարածքը տհաճ հոտերէն եւ խոնաւութենէն: Այսպիսի արդիւնքի հասնելու համար անոնք պարզապէս կ՛այրէին դափնիի տերեւները:

Մինչեւ օրս ալ կայ այն համոզումը, որ դափնիի տերեւ այրելով` կարելի է ձերբազատիլ ոչ միայն անախորժ հոտերէն, այլ նաեւ` կանխարգիլել որոշ հիւանդութիւններ ու բարելաւել ինքնազգացողութիւնը: Ապացուցուած է, որ դափնիի տերեւի հոտը հանգստացնող եւ ցաւազերծող յատկութիւն ունի: Ան կրնայ կանխարգիլել` լուսնոտութեան տագնապները, յաղթահարել ընկճախտը, յոգնածութիւնն ու անքնութիւնը: Պատճառը հետեւեալն է. դափնիի տերեւին պարունակած եթերային իւղերը կը բանան շնչառական խողովակները եւ կը թուլցնեն ամբողջ մարմինը:

Զգալու համար թուլացնող ազդեցութիւնը` պէտք է ամանի մը մէջ վառել դափնիի երկու չոր տերեւ, եւ արդէն 10 վայրկեան ետք անուշ բոյրը կը տարածուի սենեակին մէջ:

Ի դէպ, դափնիի տերեւը կը համարուի մաքրութեան, յաջողութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ:

Դափնիի Տերեւին Մոգական
Յատկութիւնները

Դափնիի տերեւի մոգական յատկութիւններուն հաւատացեր են յատկապէս հռոմէացիներն ու յոյները:

Անոնք տարբեր ծիսակատարութիւններ կը կիրարկէին իրենց ցանկութիւններուն իրագործման համար: Մինչեւ օրս ալ`

– Որոշ մարդիկ տան մուտքին դափնիի տերեւ կը պահեն` որպէս պահապան:

– Ոմանք իրենց ցանկութիւնը կը գրեն տերեւին վրայ եւ ապա կը վառեն:
– Անքնութենէ տառապողներ դափնիի տերեւ կը դնեն իրենց բարձին տակ` հանգիստ քուն եւ հաճելի երազ ապահովելու համար:
– Ոմանք երեխայի մահճակալին տակ դափնիի տերեւ կը դնեն մանուկը չար աչքերէ եւ չար փորձանքներէ պաշտպանելու համար:
– Շատեր իրենց դրամապանակին մէջ դափնիի տերեւ կը դնեն դրամական յաջողութիւն ապահովելու հաւատքով:
– Ոմանք տան մուտքին փռուած գորգին տակ դափնիի տերեւ կը պահեն` որպէս չարխափան:

Խոհագիր

Քաքաոյով Աղանդեր

Բաղադրիչներ

250 կ փոշի կաթ
300 կ շաքարաւազ
100 կ կարագ
100 մլ ջուր
2-3 ճաշի դգալ քաքաօ
1 պտղունց հիլ (կամ կասիա, կամ վանիլա)

Պատրաստութիւն

Կրակին վրայ ջուրը եւ շաքարը լուծել եւ օշարակի վերածել (եռալէն ետք` 5 վայրկեան):

Տաք օշարակին մէջ աւելցնել կարագը, խառնել,  մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել փոշի կաթն ու քաքաոն, ապա աւելցնել օշարակը եւ լաւ խառնել: Աւելցնել հիլը (կամ փոշի կասիան, կամ վանիլան), շարունակել խառնել: Ստացուած միատարր նիւթը սառնարան փոխադրել եւ ձգել 30-40 վայրկեան:

Պաղած խառնուրդէն գնդակներ ձեւաւորել եւ քաքաոյի մէջ թաթխել:

Ձեւաւորուած գնդակները, քաքաոյի փոխարէն,  կարելի է թաթխել հնդկընկոյզի տաշուքի կամ մանրուած ընկոյզի մէջ: Տարբերակները շատ են, նայած` թէ դուք ի՛նչ ունիք ձեռքի տակ:

Ձեւաւորուած եւ զարդարուած գնդակները սառնարանը պահել: Մինչեւ 5 օր անոնք թարմ կը մնան:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գալիքին

Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ,
Եթէ քնած եմ` քնից արթնանալ,
Թէ դուռը բաց է` ի զուր չբանալ,
Եղածով երբեք չհանգստանալ
Եւ չասել, թէ իմ արածն արեցի:
Չասել, թէ ամբողջ սրտով սիրեցի,
Չասել, թէ արդէն փառքին տիրեցի,
Դեռ երգը մտքում` չասել գրեցի,
Դեռ քարը հանքում` չասել կրեցի.
Առանց հիմք` չասել, թէ տուն շինեցի
Եւ վայելում եմ տունս բախտաւոր:
Չթուալ արդար` եղած մեղաւոր,
Մեղաւոր պահին` յանցանքը քաւել,
Քաւելու համար չըղձալ հատուցում
Եւ հատուցումով չհպարտանալ…
Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ…

 ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

Մանկավարժներու Կարծիքով. Հրաժարեցէ՛ք Հետեւեալ 5 Սխալներէն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ծնողներու բարկութեան, կարճատեւ բռնկումներուն կամ սխալ պահուածքի դրսեւորումները անջնջելի հետք կը ձգեն երեխաներու հոգեկերտուածքին վրայ, սակայն մանկավարժները կը պնդեն, որ ամենաթողութիւնը եւ զիջումը նոյնպէս սարսափելի հետեւանքներ կրնան ունենալ` մեծցնելով կամակոր, անինքնավստահ, անպատասխանատու եւ եսակեդրոն զաւակներ:

Որո՞նք են մանկավարժներու կարծիքով ոչ դաստիարակչական 5 սխալները:

– 1 –

Դուք «Կը Յանձնուիք» Ձեր Զաւկին Կամակորութիւններուն

Օրինակ` եթէ ձեր երեխան կը պնդէ, որ ուրիշ գաւաթով կ՛ուզէ խմել կաթը եւ ոչ` ձեր տուածով, դուք անմիջապէս կը կատարէք անոր պահանջը` մերժելու եւ բացատրելու փոխարէն: Դուք կը վախնաք, որ ան լալու սկսի եւ կամ մերժէ կաթը խմել:

– 2 –

Դուք Տեւաբար Կ՛արդարացնէք »Չէ Որ Ան Երեխայ Է»

Եթէ դուք այս խօսքերով հրապարակաւ կ՛արդարացնէք ձեր երեխան, այսպիսով կը քաջալերէք, որ ան շարունակէ եւ կրկնէ իր սխալ արարքները եւ երբեք պատասխանատու չզգայ կատարուածներուն համար:

– 3 –

Դուք Չէք Արտօներ, Որ Ուրիշներ Քննադատեն Ձեր Երեխան

Մեր օրերուն գրեթէ անհնար է, որ ուսուցիչները քննադատեն ձեր երեխաներուն իրենց ոչ պատշաճ վարքի համար, որովհետեւ ծնողները անձնական վիրաւորանքի կ՛առնեն, եւ նոյնիսկ չեն փորձեր պարզաբանել կամ հասկնալ իրավիճակը:

Նման վերաբերմունքով ծնողները կը քաջալերեն իրենց զաւակներուն անպատասխանատու պահուածքը:

– 4 –

Դուք Չափազանց Հոգատարութիւն Կը Ցուցաբերէք

Դուք հակուած էք չափէն աւելի գուրգուրալու ձեր երեխային` ստորադասելով ձեր սեփական կեանքն ու հաճոյքները երեխաներու պահանջներուն եւ քմահաճոյքներուն: Դուք չէք կրնար տալ այն, ինչ որ կ՛ուզեն, երբ որ կ՛ուզեն. այսպիսով կը խաթարէք ձեր կեանքը եւ միւս կողմէ կը մղէք, որ ձեր երեխան կախեալ ըլլայ ձեզմէ:

– 5 –

Դուք Կը Բաւարարէք Ձեր Զաւկին Բոլոր Պահանջները

Այո՛, մէկէ աւելի նուէրներ, յաճախակի պտոյտներ. ելեկտրոնային խաղերու անսահմանափակ ժամեր…

Ամէն բան չափի մէջ լաւ է. դուք եթէ առանց առիթի շռայլօրէն բաւարարէք ձեր զաւկին պահանջները, անոնք կը վարժուին կարճ ճամբով, դիւրին միջոցներով ամէն ինչի հասնելու գաղափարին: Մինչդեռ կեանքի մէջ կայ անկանխատեսելին, կեանքը հարթ ճանապարհ չէ, պէտք է երեխային սորվեցնել համբերութիւն, համակերպում, զիջում, պայքար…

Հոգեբանական Փորձ

 Տղամարդը Կը Գտնուի
Տան Նե՞րսը Թէ՞ Դուրսը

Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ ըսէք, թէ տղամարդը ուր կը գտնուի: Ձեր պատասխանը կ՛օգնէ, որ աւելին իմանաք ձեր մասին:

Ներսը

Եթէ, ձեր կարծիքով, տղամարդը կը գտնուի տան ներսը, դուք խառնուածքով հանգիստ մարդ էք եւ տեւաբար կը խուսափիք վէճերէ ու բախումներէ: Բաւական բարդ բնաւորութիւն ունիք, եւ ոչ բոլորը կը հասկնան ձեզ. այդ պատճառով ալ յաճախ մարդոց ներկայութեան դուք ձեզ վատ կը զգաք: Մարդոց հետ յարաբերելու դժուարութիւն ունիք. կը նախընտրէք առանձնանալ` ձեզ հեռու պահելով հակամարտութիւններէ: Կը գնահատէք բնութիւնը եւ կեանքի տարրական, պարզ հաճոյքները:

***

Դուրսը

Եթէ կը կարծէք, որ տղամարդը կը գտնուի տունէն դուրս, դուք ազնուութիւնն ու անկեղծութիւնը գնահատող անձ էք: Ընդհանրապէս ականջ չէք կախեր, թէ ուրիշներ ի՛նչ կը մտածեն ձեր մասին: Նաեւ չէք սիրեր ուրիշներէն կախեալ ըլլալ, կը սիրէք ամէն ինչ ինքնուրոյն ընել եւ մարդու պարտական չըլլալ: Թէեւ կը գնահատէք բնութիւնը, բայց ձեր տեղը քաղաքն է իր եռուզեռով եւ հեւքոտ կեանքով:

***

Երկու Տարբերակները

Եթէ համոզուած էք, որ տղամարդը տան մէջ է, բայց ոչ բոլորովին տունէն դուրս, դուք իւրայատուկ ստեղծագործ անձ էք: Ձեր առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ սրամտութիւնն է: Մանրամասնութիւններուն շատ ուշադիր էք, կարեկից էք եւ պատրաստ ձեռք երկարելու:

Առողջապահական

 Ներքնակիւ Մաքրութեան
Անհրաժեշտութիւնը

Մեր մահճակալներուն ներքնակները տարին առնուազն անգամ մը պէտք է մաքրել քրտինքի հետքերէն, մեռած բջիջներէն եւ պարզ աչքով անտեսանելի «աքարեն»-ներէն ձերբազատելու համար:

Ոչ մաքուր ներքնակ մը կ՛ազդէ թէ՛ մեր առողջութեան եւ թէ՛ քունի որակին վրայ:

Ինչպէ՞ս մաքրել:

աՓոշազերծել

Մաղի մը միջոցով պէյքինկ սոտա տարածել ներքնակին ամբողջ մակերեսին: Մէկ-երկու ժամ սպասել, ապա փոշեկուլով մաքրել:

բԼուալ

Փոշեզերծուած ներքնակը մաքրել ջուրով լուծուած ճերմակ քացախով կամ տեթոլով: Օգտագործել փափուկ լաթի կտոր մը կամ մաքուր սպունգ մը, որ լաւ քամուած ըլլայ:

գՄանրէազերծել
Ներքնակը լաւ չորնալէ ետք անոր վրայ մանրէազերծող սփրէյ մը սփռել:

Տեղին է յիշեցնել, որ այս գործին ձեռնարկելու համար պէտք է ընտրել արեւոտ, պայծառ օր մը եւ աշխատանքի լծուիլ առաւօտ կանուխ, որպէսզի ներքնակը լաւ չորնայ եւ խոնաւ չմնայ: Խոնաւութիւնը աքարեններու բազմացման յարմար միջավայր է:

Լուսաւոր Գաղափարներ

Այսուհետեւ Հաւկիթներու
Տուփերը Մի՛ Թափէք

Տարուան որոշ եղանակներուն կանաչեղէնները թէ՛ առատ եւ թէ՛ աժան կ՛ըլլան: Ահա թէ ի՛նչ կարելի է պատրաստել եւ ինչպէս օգտագործել հաւկիթներու տուփերը` ձմրան եղանակին ձեռքի տակ համեղ, պատրաստ կանաչեղէն ունենալու համար:

Կաղապար մը կարագին աւելցուցէք մանրուած ազատքեղ կամ անանուխ, կամ սամիթ (կամ` ձեր նախասիրած որեւէ խոտը) պատառաքաղով լաւ ճզմեցէք, ապա աւելցուցէք 3 պճեղ ճզմուած սխտոր ու քիչ մը աղ կրկին ճզմելով խառնեցէք, մինչեւ որ միատարր մածուկ մը ստացուի:

Հաւկիթներու տուփը լաւ լուալէ եւ ցամքեցնելէ ետք մածուկը լեցուցէք տուփին փոսիկներուն մէջ, կափարիչը փակեցէք եւ սառցարան փոխադրեցէք:

Այս համեղ պատրաստութիւնը կրնաք օգտագործել դդմաճի, խաշած գետնախնձորի եւ այլ կերակուրներու պատրաստութեան մէջ:

Խոհագիր

Շոմինով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 1 տուփ շոմին (կամ` համապատասխան թարմ կամ սառած շոմին)
– 1 մեծ խաշած գետնախնձոր
– Կէսէն մէկ սուրճի գաւաթ (ըստ ճաշակի) կիտրոնի հիւթ
-1 խորանարդ խտացած մսաջուր
-1 պզտիկ տուփ թարմ սեր կամ սուրճի գաւաթ մը մածուն
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Բոլոր բաղադրիչները ձեռքի հարիչով խառնել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել:

Եռալէն ետք, ապուրը 5 վայրկեան եւս եփել, կափարիչը փակել եւ ձգել, որ 5 վայրկեան հանգչի:

Մատուցել խրթխրթան հացի հետ:

***

Շոմինին Անհամար
Յատկութիւններէն

– Նիհարնալ փափաքողներու լաւագոյն բարեկամն է: Քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, ճարպերը կ՛այրէ եւ յագեցնող է:
– Շնորհիւ հակաօքսիտաններուն` ան կը դանդաղեցնէ մորթին ծերացումը:
– Ա, Սէ եւ Էօ կենսանիւթերուն շնորհիւ կը պայքարի քաղցկեղ փոխադրող բջիջներուն դէմ:
– Կը պահպանէ տեսողութիւնը:
– Կը զօրացնէ ոսկորները:
– Կը դարմանէ արեան տկարութիւնը:
– Կը կանոնաւորէ մարսողական դրութիւնը:

 

 

 

 

Փողոցի Մը Պատմութիւնը. Աբովեան Փողոց

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բոլորիս ծանօթ եւ սիրելի Աբովեան փողոցը Երեւանի առաջին փողոցը եղած է: Անիկա կառուցուած է 19-րդ դարու կիսուն եւ օրին կոչուած է Աստաֆեան` Երեւանի նահանգապետ Աստաֆեւի պատուին: Փողոցը կառուցուած էր Belle époque (գեղեցիկ դարաշրջան) ոճի առանձնատուներով:

1889 թուականին փողոցը վերանուանուեցաւ Ալեքսանդրովսկայա` Ալեքսանդր Երրորդի պատուին: Իսկ 1883-ին փողոցը կոչուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի անունով եւ մինչեւ օրս այդ անունը կը կրէ:

Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն առաջ Աբովեան փողոցին վրայ կառուցուած էին երկու մեծ եկեղեցիներ` Պօղոս-Պետրոսը եւ Կաթողիկէն: Խորհրդային տարիներուն երկու եկեղեցիները գետնին հաւասարուեցան: Կաթողիկէ եկեղեցիէն մինչեւ օրս մնացած է փոքրիկ մատուռ մը, իսկ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին տեղը կառուցուեցաւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի շէնքը:

Երեւանցիներուն շատ սիրելի այս փողոցին վրայ կան` պատմական շէնքեր, թատերասրահ, համերգասրահ, պանդոկներ, ճաշարաններ, գրախանութներ եւ յուշանուէրի խանութներ:

«Մեզ սփոփում է նրա մայթերի կենդանութիւնը, աշխուժը խռով:
Ասես երակն է աշխարհի հայոց, որ բաբախում է յաւերժ կենդանի:
Մի պայծառ ճամբայ, մի զուարթ փողոց
Շուրթին` անունը մեր Աբովեանի…»:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Եղանակի Պտուղներէն` Քլեմանթինը

Ծագումը

Քլեմանթինին հայրենիքը Ալճերիան է, անիկա մանտարինի եւ նարինջի խառնուրդ է, զայն յայտնաբերած է հայր Քլեմանը եւ իր իսկ անունով կոչուած է քլեմանթին:

20-րդ դարուն յայտնաբերուած այս համեղ եւ սննդարար պտուղը անմիջապէս մշակուեցաւ Քորսիքայի մէջ եւ ապա տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այսօր Սպանիան եւ Մարոքը ամբողջ Եւրոպային քլեմանթին մատակարարողներն են:

Օգտակարութիւնները

Մարմնի դիմադրողականութեան համար

Սէ. կենսանիւթով հարուստ այս համեղ պտուղը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը: Յատկապէս ձմրան, երբ մենք աւելի խոցելի ենք, անիկա մեզ կը պաշտպանէ վարակներէ:

Աչքերու առողջութեան համար

Պեթա-քարոթենով հարուստ քլեմանթինը մեր աչքերուն թիւ մէկ պաշտպանն է, երբ յատկապէս խօսքը կը վերաբերի տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններուն եւ մասնաւորապէս` մաքիւլըր տեճեներէյշընին:

Ոսկորներու ամրութեան համար

Քլեմանթինին պարունակած քարոթենոիտները կը զօրացնեն եւ կը պաշտպանեն ոսկորները: Քարոթենոիտի անբաւարարութիւնը կրնայ օսթէոփորոզ պատճառել: Հետեւաբար քլեմանթինը յանձնարարելի է յատկապէս դաշտանադադարի սեմին գտնուող կիներուն:

Սրտի առողջութեան համար

Քլեմանթինին պարունակած ֆլաւոնոիտները (բուսական նիւթեր) կը պակսեցնեն գէշ քոլեսթերոլի տոկոսը եւ բնականաբար ենթական կը պաշտպանեն սրտանօթային հիւանդութիւններէն:

Մորթի կանխահաս ծերացումէ պաշտպանուելու համար

Քլեմանթինը հարուստ է անթիօքսիտաններով: Սէ. եւ Էօ. կենսանիւթերը մորթը կը պաշտպանեն ծերացումէ նաեւ կ՛արգիլեն քաղցկեղային բջիջներու արագ բազմացումը:

Մարմինին անհրաժեշտ հանքայինները ապահովելու համար

Քլեմանթինը հանքայիններու եւ օլիկօ էլէմաններու հանք է: Անիկա կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ փոթասիոմ, նաեւ` կիր, մակնեզիոմ, երկաթ, ֆոսֆոր…

Աղիքներու լաւ գործունէութեան համար

Քլեմանթինը յանձնարարելի է փորկապութիւն, մարսողական դժուարութիւններ ունեցողներուն:

Սառնարանին մէջ քլեմանթինը կարելի է պահել շուրջ 10 օր, իսկ սենեակի ջերմաստիճանով` 6 օր:

Հինը Նորի Վերածենք

Ինչպէ՞ս Երկրորդ Կեանք Մը Տալ
Ճինզերուն

Բոլորս ալ մեր պահարաններուն մէջ ունինք հին, մաշած, անգործածելի ճինզեր, որոնցմէ կը դժուարանանք ձերբազատելու: Եկէք` տեսնենք, թէ ստեղծագործ միտքով եւ վառ երեւակայութեամբ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են այս տաբատներուն` օգտագործելով անոնց զանազան մասերը եւ յատկապէս գրպանները:

Եւ այսպէս`

– Ճինզին ոտքի բաժինէն մաս մը եւ գրպան մը օգտագործելով` կարելի է պատրաստել խմիչք նուիրելու գեղեցիկ ծրար մը:

– Դարձեալ ճինզի ոտքի բաժիններէն կարելի է պատրաստել թաղարի ծածկոյթներ:

– Ճինզին ոտքի բաժինն ու գրպանները օգտագործելով` կարելի է պատրաստել բազկաթոռէ թեւին վրայ դրուող ծածկոց մը, ուր կարելի է տեղաւորել բջիջայինը, ռիմոթ քոնթրոլները կամ այլ իրեր:

– Վերջապէս, ճինզ տաբատին ոտքի բաժինը օգտագործելով` կարելի է պատրաստել կերպընկալ տոպրակները խմբելու եւ տեղադրելու շատ յարմար պարկ մը:

Մանկաբուժին Կարծիքով

Ինչպէ՞ս Ճիշդ Գրկել
Երեխան

Նկատուած է, որ նոյնիսկ փորձառու ծնողներ յաճախ սխալ ձեւով կը գրկեն իրենց երեխան, երբ վերջինս տակաւին ի վիճակի չէ գլուխն ու ողնայարը ինքնուրոյն պաշտպանելու սխալ շարժումներէ: Մինչդեռ չափազանց կարեւոր է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել նորածինը ճիշդ ձեւով գրկելու ցուցմունքներուն` ողնայարի արկածներէ եւ բարդութիւններէ խուսափելու համար:

Ահա, թէ ինչպէ՛ս ճիշդ գրկել երեխան.

ա.- Մինչեւ 4 – 5 ամսական երեխան չի կրնար ինքնուրոյն պահել իր գլուխը, քանի որ վիզի մկանները տակաւին զարգացած չեն ըլլար: Հետեւաբար պէտք չէ երեխան գրկել թեւին տակէն` վիզը բոլորովին անպաշտպան ձգելով: Ճիշդ ձեւը այն է, որ մօր ձեռքերէն մէկը անպայման որպէս յենարան ծառայէ երեխային գլխուն:

բ.- Երեխան յատուկ պարկով շալկելու պարագային, պէտք է ընտրել որակաւոր տեսակը: Պարկը պէտք է ճիշդ ձեւով գրկէ մանուկին մարմինը. անոր ոտքերը երբեք կախ պէտք չէ մնան, քանի որ հետագային ան կրնայ ազդրերու լուրջ բարդութիւն ունենալ:

գ.- Մօր գիրկին մէջ երեխային դէմքն ու գլուխը պէտք է հանգչի մօր ուսին եւ ոչ թէ կուրծքին, որպէսզի ան հանգիստ շնչէ:

դ.- Շատ մը մայրեր երեխան գրկելու ատեն ձեռքերը կը դնեն անոր յետոյքին եւ վիզին տակ, մինչդեռ ճիշդ ձեւը այն է, որ ձեռքերէն մէկը յենարան ծառայէ ոչ թէ յետոյքին, այլ մէջքին, կռնակին:

ե.- Յատկապէս տունէն դուրս գտնուելու պարագային, պէտք չէ երեխան գրկել դէմքը դէպի դուրս, վերահսկելու համար անոր իւրաքանչիւր շարժումը: Ճիշդ ձեւը այն է, որ երեխային դէմքը դարձած ըլլայ դէպի մայրը, գլուխը` մօր ուսերուն եւ մանաւանդ ձեռքերէն մէկը յենարան ծառայէ մանուկին գլխուն:

զ.- Այս վերջին թելադրանքը կը վերաբերի ոչ թէ նորածիններուն, այլ` մինչեւ 5 տարեկան փոքրիկներուն: Յաճախ զանազան պատճառներով երեխան կը մերժէ անկողինէն դուրս գալ, ճամբան քալել եւ այլն, իսկ ծնողները անոր ձեռքը ամուր բռնած` ուժ կը գործադրեն, կը քաշեն ստիպելու համար, որ ան վերջ տայ իր կամակորութեան:

Ասիկա շատ մեծ սխալ է եւ յաճախ կրկնուելու պարագային, արմուկի ու դաստակի յօդային եւ մկանային լուրջ բարդութիւններ կը պատահին:

Խոհագիր

 Սմբուկով Փիցցա

Բաղադրիչներ

– Մեծ չափի սմբուկ
– Թարմ լոլիկ (զարդարանքի համար)
– Ռեհանի թարմ տերեւներ (զարդարանքի համար)
– Պանիր (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք)
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, խնկածաղիկ (օրեկանօ), սեւ համեմ
– Խոզապուխտի որեւէ տեսակ (պայման չէ)
– Լոլիկով թացան

Պատրաստութիւն

Սմբուկները երկայնքին շերտել 2 սմ հաստութեամբ: Շերտերուն վրայ դանակով թեթեւ ճեղքեր բանալ, ապա զանոնք ծեփել ձիթապտուղի ձէթով, աղել ու համեմել:

Սմբուկի շերտերը ափսէի մէջ շարել եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել 5 – 6 վայրկեան:

Մինչ այդ պատրաստել լոլիկով թացան մը (թարմ լոլիկ, սոխ, սխտոր, աղ, սեւ պղպեղ եւ այլն…):

Փուռէն հանուած սմբուկները ծածկել լոլիկի թացանով, աւելցնել պանիրի շերտեր, լոլիկի կտորներ, երեսը խնկածաղիկ ցանել եւ դարձեալ փուռին մէջ եփել 10 – 12 վայրկեան:

Այս առողջապահական փիցցան կարելի է ճոխացնել ձիթապտուղով, սունկով, խոզապուխտով եւ այլն…

Սմբուկ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

– Սմբուկը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ. 32,5 ջերմուժ` 100 կր եփած սմբուկի մէջ:
– Սմբուկը հարուստ է Ա., Պէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով:
– Սմբուկը հարուստ է հանքայիններով, ինչպէս` փոթասիոմ, պղինձ, մանկանեզ եւ այլն…
– Սմբուկին հիւթը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլը եւ կը դարմանէ յօդացաւը ու կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Քիչ ջերմուժ եւ առատ բնաթել պարունակող սմբուկը յանձնարարելի է շաքարախտաւորներուն:
– Սմբուկը կը կանխարգիլէ սրտանօթային հիւանդութիւնները:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

***

Հայրենիքը
դուրս է հոսում մեր ներսից,
յորդում է դէպի
փողոցները,
ֆէյսպուքները,
կենացները,
սիրուն շապիկները,
գլխարկները…
Մեր ներսում
Հայրենիք չի մնում,
նա հեռանում է դանդաղ,
առանց յետ նայելու,
որովհետեւ նա սէր էր ուզում,
իսկ մենք նրան գցեցինք
փողոցները,
ֆէյսպուքները,
շապիկները,
գլխարկները…
Նա հագաւ այդ հագուստները սիրուն,
հարբեց կենացներով,
ֆէյսպուքներից հաւաքեց
բոլոր լայքերն ու սրտիկները,
բայց մնաց մերկ,
չտաքացաւ,
չժպտաց,
որովհետեւ
Հայրենիքները
միշտ հեռանում են լուռ,
կենացների թէժ պահերին,
երբ սեղանի շուրջ
ոչ ոք չի մնում,
բացի հարբած թամատայից:

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

14.01.2022

 

 

Հոգեբանական Ժամանց. Ձեր Գծագրութիւնը Կը Պարզէ Ձեր Անձնասիրութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ձեր նկարագրին մասին շատ բան կրնայ բացայայտել ոչ միայն ձեր ձեռագիրը, այլեւ` գծագրութիւնը: Ահա ձեզի` պարզ առաջադրանք մը. թուղթ ու մատիտ առէք եւ ծառ մը գծեցէք, ապա կարդացէք ձեր գծագրութեան արդիւնքը:

– Եթէ ձեր ծառը տերեւաթափ ու մերկ է, հաւանաբար յուզական կեանքի մէջ ունիք հարցեր, դժուարութիւններ, զորս պէտք է դրսեւորէք եւ ապա լուծումներ փնտռէք ու գտնէք անոնց:

* * *

– Եթէ նոր տարուան եղեւին գծեցիք, հոգեկան անկումի եւ յոռետեսութեան նշան է: Ձեզի անհրաժեշտ է դուրս գալ ձեր մեկուսացումէն եւ աւելի աշխուժ կեանք վարել:

* * *

– Եթէ բունին վրայ բիծեր ունեցող ծառ գծեցիք, ձեր դժուարութիւններուն եւ անհանգստութեան պատճառը անցեալի բիծերն են, քանի որ կը դժուարանաք զանոնք ձեր միտքէն հանել:

* * *

– Եթէ ձեր ծառը ունի մեծ, փափուկ գնդակի նման սաղարթ, դուք հասուն անձնաւորութիւն էք. ձեր բանականութեան եւ յոյզերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն կայ: Դուք հաճելի եւ սիրուած անձնաւորութիւն էք:

* * *

– Եթէ կախուած պտուղներով ծառ գծեցիք, դուք զօրաւոր անհատականութեան տէր, խելացի, կարեկից եւ նպատակասլաց անձ էք:

* * *

– Եթէ հաստ բունով եւ կլոր սաղարթով ծառ գծեցիք, դուք շատ ինքնավստահ եւ առողջ դատողութեամբ անձ էք: Միւս կողմէ, սակայն, քիչ մը եսակեդրոն էք, կը սիրէք արտասովոր արարքներ կատարել եւ ատոնցմով յոխորտալ:

Հետաքրքրական

Այս 5 Իրերը Հեռու Պահեցէք
Ձեր Ննջասենեակէն

Չին գիտնականներ վերջերս հրապարակած են այն 5 իրերը, որոնցմէ պէտք է ձերբազատիք, եթէ անոնք կը գտնուին ձեր ննջասենեակին մէջ: Երկար հետազօտութեան մը աւարտին գիտնականները եկած են այն եզրակացութեան, որ ննջասենեակը գտնուող որոշ իրեր թէ՛ կը խանգարեն քունը եւ թէ՛ կը նպաստեն արագ ծերութեան: Եւ այսպէս`

1

Տնային Բոյսերը

Յաճախ կը լսենք, որ սենեկային բոյսերը կը նպաստեն մեր առողջութեան եւ կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը. սակայն, ըստ գիտնականներուն, ասիկա այդքան ալ ճիշդ չէ, քանի որ բոյսերուն մեծամասնութիւնը ֆոթոսենթեզի գործողութիւնը կը կատարէ միայն լոյսի առկայութեան` տարածքը թթուածինով ապահովելով, իսկ գիշերը անոնք ամբողջովին հակառակը կ՛ընեն` կուլ տալով ննջասենեակին ամբողջ թթուածինը: Հետեւաբար ննջասենեակը բոյսեր պահելով` կը վնասէք ձեր առողջութեան եւ քունի որակին:

2

Հեռատեսիլը

Դուք որքան երկար կը նայիք հեռատեսիլին քառանկիւն, լուսաւոր պաստառին, այնքան կը բարձրանայ ձեր քունը խափանելու հաւանականութիւնը: Գիտնականները կը վստահեցնեն, որ բացասաբար կ՛ազդէ քունի հորմոնին` մելանթոնինին վրայ:

3

Բուրաւէտ Մոմերը

Կայ այն սխալ համոզումը, որ ննջասենեակը բուրաւէտ մոմեր եւ նմանատիպ իրեր պահելով կը բարձրանայ տրամադրութիւնը, եւ քունի անցնելու ընթացքը աւելի հեզասահ եւ հաճելի կը դառնայ:

Չինացի գիտնականները կը վստահեցնեն, որ առողջ քուն ունենալու համար անհրաժեշտ է, որքան հնարաւոր է, սենեակին օդը թարմ, մաքուր եւ բնական պահել:

4

Աղմկարար Ժամացոյցը

Ժամացոյցի սլաքներու աշխատանքը, որքան որ ալ մենք չզգանք, կը խանգարէ խոր քունի փուլ անցնելու ընթացքը: Սլաքներուն ձայնը քունի հորմոնի արտադրութեան վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ: Հետեւաբար պէտք է շատ արագ հրաժարիք ննջասենեակը ժամացոյց պահելէ:

5

Գիրքերը Եւ Ամսագրերը

Չին գիտնականները իրենց հետազօտութեան աւարտին կը պնդեն, որ ննջասենեակին մէջ մէկ-երկու գիրքէ եւ ամսաթերթէ աւելի կարելի չէ պահել: Անոնց կարծիքով, գիշերը գիրքերն ու թիզուած ամսաթերթերը կը կլանեն սենեակին փոշին ու մանրէները, եւ ձեր մարմինը քունը վայելելու փոխարէն` կը փորձէ պայքարիլ անոնց դէմ:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Տան մէջ մեր ձեռքին տակ ունինք իրեր, որոնց կրնանք երկրորդ կեանք մը տալ եւ դիւրացնել մեր առօրեան: Ստորեւ` քանի մը օրինակ.

Անզոյգ կամ ծակած թանձր գուլպայ մը կարելի է վերածել գետնի սրբիչի:

Բաղնիքի վարագոյրի մը հին օղակները կարելի է անցընել պահարանին ձողին եւ դասաւորել քիչ մը ամէն տեղ թափառող գօտիները:

Ժանգոտած, մետաղէ հին քերոցը կարելի է ներկել եւ մէջտեղ մնացած օղերը զոյգել ու կախել:

Հանքային ջուրի կամ պտուղի հիւթի շիշերուն կափարիչները կլու կանի միջոցով կարելի է վերածել թաղարի ծածկոյթի:

Պահածոյի մետաղեայ տուփը կարելի է լուալ, ներկել կամ փափիէ փէնով ծածկել եւ կափարիչէն կախել մժեղները հեռացնող քաթոլը:

Խոհագիր

 Գետնախնձորով Ձուածեղ

Բաղադրիչներ

3 գետնախնձոր
2 սոխ
40 սլ կաթ
2 հաւկիթ
4 ապուրի դգալ ալիւր
1 ապուրի դգալ թթխմոր
բուսական ձէթ
կանաչ սոխ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Գետնախնձորները կեղուել եւ քերոցէ անցընել, վրան աւելցնել մանրուած սոխը, ալիւրը, թթխմորը եւ լաւ խառնել:

Հաւկիթներուն ճերմկուցները ելեկտրական գործիքով զարնել, մինչեւ որ պնդանան: Ամանի մը մէջ խառնել դեղնուցները, կաթը, աղն ու սեւ պղպեղը. քիչ-քիչ աւելցնել ճերմկուցները եւ փայտեայ դգալով զգուշութեամբ խառնել, ապա խառնուրդը աւելցնել քերած գետնախնձորի, սոխի եւ ալիւրի խառնուրդին:

Ստացուած միատարր թանձրուկէն փոքրիկ շերեփով մը բաժիններ առնել եւ երկու երեսով` 2-3 վայրկեան տապկել տաք ձէթին մէջ:

Մատուցել գաղջ կամ պաղ, երեսը մանրուած կանաչ սոխով զարդարելով:

Հաւկիթ Ուտելու
3 Համոզիչ Պատճառներ

1).- Հաւկիթը հարուստ է Պէ2, Պէ12, Ա եւ Էօ. կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ` զինկ, ֆոսֆոր, երկաթ եւ այլ հանքայիններով: Ասոնց շնորհիւ հաւկիթը կը նպաստէ կարմիր գնդիկներու արտադրութեան, կը պաշտպանէ աչքերը եւ մարմնին առողջ բջիջները, կ՛օգնէ երեխաներու առողջ աճին: Հաւկիթը նաեւ կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը, ոսկորներն ու ակռաները եւ, վերջապէս, կը կանխարգիլէ քաղցկեղի որոշ տեսակներ:

2) Հաւկիթը կը վայելէ քոլեսթերոլ պարունակելու գէշ համբաւը: Best Health Magի կարծիքով, առաւօտեան խաշած հաւկիթ մը ուտելը յագեցնող է, հետեւաբար նիհարնալու սննդականոնի հետեւողներուն համար յարմար ուտելիք մը` փորձութեան չենթարկուելու եւ չգիրնալու համար:

3) Բժշկական լուրջ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ պատանութեան եւ չափահաս տարիքին հետեւողականօրէն հաւկիթ կերած պարմանուհիներն ու երիտասարդուհիները որոշ տոկոսով պաշտպանուած են ստինքի քաղցկեղէ, դեղնուցին պարունակած choline նիւթին շնորհիւ:

******

Ջրվէժի Մը Պատմութիւնը

Ջրահարսի Վարսերը

Ջերմուկ քաղաքը Հայաստանի ամենագեղատեսիլ հանգստավայրերէն մէկն է. ան հարուստ է ոչ միայն հանքային աղբիւրներով, այլեւ` տեսարժան վայրերով եւ աւանդազրոյցներով:

Ջերմուկի Ջրվէժի Աւանդազրոյցը

Կը պատմուի, որ ջրվէժի վերի հատուածին, ուղղաձիգ ժայռերու վրայ կը գտնուէր իշխանի մը ամրոցը: Իշխանը ունէր շատ գեղեցիկ աղջիկ մը, որուն ձեռքը խնդրելու կու գային գեղեցիկ երիտասարդներ աշխարհի տարբեր կողմերէն: Գեղեցկուհին կը մերժէր բոլորը, քանի որ սիրահարած էր քաջարի ու գեղեցիկ երիտասարդի մը` հովիւի տղու մը:

Աղջիկը ամէն օր, կէս գիշերէն ետք, իր ննջարանի պատուհանէն երկար պարան մը ձոր կը նետէր, որպէսզի հովիւի տղան վեր բարձրանար: Օր մըն ալ իշխանը կը գտնէ պարանը, եւ գաղտնիքը կը պարզուի: Զայրոյթի պահուն հայրը կ՛անիծէ աղջիկը` ըսելով. «Եթէ անգամ մըն ալ հանդիպիս հովիւի տղուն, ջրահարս դառնաս եւ ջուրէն երբեք դուրս չգաս»:

Աղջիկը սիրեցեալին օգնելու համար, որպէսզի դղեակ բարձրանայ, պարանի փոխարէն, բարձունքէն վար կը կախէ իր երկար վարսերը: Նոյն պահուն կ՛իրականանայ հօր անէծքը, եւ գեղեցկուհին կը դառնայ ջրահարս, իսկ կիրճ թափող անոր գեղեցիկ վարսերը կը վերածուին ջրվէժի, զոր ժողովուրդը կ՛անուանէ «Ջրահարսի վարսեր»:

Հոն ջուրը շատ պաղ է. նոյնիսկ երբ օդի ջերմաստիճանը 30 աստիճանէն բարձր է: Ջրվէժին բարձրութիւնը շուրջ 70 մեթր է, իսկ ջուրը օժտուած է բուժիչ յատկութիւններով:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ծնուել Եմ

Ես ծնուել եմ նրա համար,
Որ մօր սրտում կարօտ դառնամ
Եւ սպասուող որդու նման
Հեռուներից վերադառնամ.
Ես ծնուել եմ նրա համար,
Որ ցաւածին մխիթարեմ.
Ջահելների հարսանիքին
Ձեռքիս գինի` զուարթ պարեմ.
Նորածնի բերնով ճչամ
Ու մօր բերնով ասեմ «նանիկ».
Տուն երազող զոյգի համար
Դառնամ սիրոյ համեստ տանիք.
Եթէ շուրջս խաւար լինի`
Մարդկանց համար փայլատակեմ,
Հասակով մէկ փռուեմ գետին`
Վհատութեան ճամբան փակեմ…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Օրեր առաջ (24 յունուար 1924 ) Պարոյր Սեւակի ծննդեան օրն էր: Բոլորիս սիրելի բանաստեղծը պիտի դառնար 98 տարեկան:

 

 

 

Գիրք Կարդալու 10 Համոզիչ Պատճառներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Շատեր չեն յիշեր, թէ վերջին անգամ ե՛րբ հետաքրքրական վէպ մը կարդացեր են… Դժբախտաբար գիրք կարդալու գեղեցիկ սովորութիւնը օրէ օր կը նահանջէ, մինչ Ինսթակրամն ու Ֆէյսպուքը կը նուաճեն բոլորին սրտերը… Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 համոզիչ պատճառներ` գիրք կարդալու.

1 – Ընթերցումը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
2 – Ընթերցումը կը հարստացնէ բառապաշարը:
3 – Ընթերցումը կը զարգացնէ եւ կը բարելաւէ գիտելիքները:
4 – Ընթերցումը կը բարելաւէ շարադրելու ունակութիւնը:
5 – Ընթերցումը կը բարելաւէ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը:
6 – Ընթերցումը հոգեկան բաւարարութիւն կը պարգեւէ:
7 – Ընթերցումը ձրի հաճոյք է:
8 – Ընթերցումը կը նուազեցնէ ընկճախտը:
9 –  Ընթերցումը կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
10 – Ընթերցումը կը զարգացնէ քննական միտքը:

Յովհաննէս Թումանեան ըսած է. «Պէտք է կարդալ, ամէն մի կարդալը մի բան է տալիս ու աննկատելի կերպով ամբարւում, բան դառնում»: Բանաստեղծը մեծ ուսում չէր ստացած, բայց խոր գիտելիքներ ստացեր էր ինքնակրթութեամբ: Իր կարճատեւ ու դժուար կեանքին ընթացքին ան 10.000 գիրք հաւաքած էր: Մեծ բանաստեղծին 10 հազար գիրքերէն 8150-ը պահպանուած են: 2000 գիրք փոխ առեր են ու չեն վերադարձուցեր:

Ոճաբանին Կարծիքով

10 Խորհուրդ` Կազմուածքով
Լեցուն Կիներուն Համար

Բրիտանացի ձեւագէտ Ալեքսանտր Մըքուին 10 գործնական խորհուրդներ կու տայ կազմուածքով լեցուն կիներուն, որպէսզի անոնք աւելի սլացիք եւ վայելուչ տեսք ունենան:

– 1 –

Ընտրեցէք թեթեւ ու թոյլ կտորներ, որոնք չեն շեշտեր ձեր փորը, կոնքը, կուրծքերը եւ այլն…

– 2 –

Հրաժարեցէ՛ք կոնքէն սկսող ճինզերէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն փորի հատուածը: Նախապատուութիւնը տուէք բարձր մէջքով տարբերակներուն: Նոյնպէս ա հրաժարեցէք շատ նեղ ու մարմնին ձեւը առնող տաբատներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք քուփ սիկարեթ կտրուածքին եւ ոչ` փաթ տ՛էլեֆանին:

– 3 –

Առհասարակ հրաժարեցէ՛ք գծաւոր (յատկապէս` հորիզոնական), ծաղկաւոր եւ ֆոսֆորային գոյներով հագուստներէն: Նախապատուութիւնը տուէք չէզոք, միագոյն տեսակներուն` զանոնք համադրելով գեղեցիկ աքսեսուարներու հետ:

– 4 –

Հրաժարեցէ՛ք փոթով, վոլաններով փէշերէն, որոնք աւելի ծաւալ կու տան եւ կը շեշտեն ձեր կոնքերը:

– 5 –

Խուսափեցէ՛ք բոլորովին անթեւ հագուստներէն` ընտրելով քիչ մը լայն եւ առնուազն մինչեւ արմուկ երկարող տեսակները:

– 6 –

Հրաժարեցէ՛ք մեծ եւ ցցուն գրպաններով օժտուած բաճկոններէն եւ տաբատներէն:

– 7 –

Եթէ մեծ կուրծքեր ունիք, ընտրեցէք կլոր կամ քառակուսի կտրուածքով օձիքները:

– 8 –

Հրաժարեցէ՛ք կարճ մոյկերէն, որոնք կը շեշտեն ձեր հաստ սրունքները: Նաեւ յիշեցէ՛ք, որ մարզական, ինչպէս նաեւ տափակ, անկրունկ կօշիկները կանացի չեն եւ չեն նպաստեր ձեր իգական տեսքին:

– 9 –

Ունեցէ՛ք միագոյն, ուղիղ կտրուածքով բաճկոն եւ զայն կրեցէք առանց կոճկելու: Այս ձեւի բաճկոն մը կը ծածկէ ձեր փոքրիկ թերութիւնները եւ որոշ վայելչութիւն մը կու տայ:

– 10 –

Վերջապէս, խուսափեցէ՛ք փաթ տ՛էլեֆան տաբատներէն եւ պլուզոն կոչուած կարճ բաճկոններէն, որոնք սլացիք երեւալու ձեր բոլոր ճիգերը կը չքացնեն:

Տան Յարդարանք

 Ծառերու Ճիւղերուն Երկրորդ Կեանք Մը Տալ

Եթէ բնութեան մէջ արշաւի կամ պտոյտի ժամանակ գտնէք ծառի հաստ կամ բարակ լքուած ճիւղեր, տեսէք, թէ ինչերո՛ւ կրնաք վերածել զանոնք` ի հարկին դիմելով ճարտար բարեկամի մը օգնութեան.

ա – Լուսամփոփի ոտքի մը,

բ – Պատի լուսաւոր զարդի մը,

գ – Հագուստի, պայուսակի, վզկապի կախիչի մը,

դ – Կախազարդերը դասաւորելու հետաքրքրական կախիչի մը:

Ինչպէս նկարները կը հաստատեն, ճիւղերը օգտագործուած են իրենց բնական վիճակով, ինչ որ աւելի ոճային եւ գեղեցիկ կը դարձնեն զանոնք:

Խոհագիր

Ոսպով Ապուր`
Լոլիկով Եւ Ստեպղինով

 Բաղադրիչներ

– 4,5 գաւաթ մսաջուր
– 3 ստեպղին` կլոր կտրատուած
– 1 մանրուած սոխ
– 2/3 գաւաթ սեւ ոսպ` խաշած եւ քամոցէ անցած
– 2 գաւաթ կեղւըուած եւ խիւսի վերածուած լոլիկ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1,5 թէյի դգալ փոշի սխտոր (կարելի է թարմը գործածել)
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Մսաջուրը կաթսային մէջ լեցնել եւ թեթեւ կրակի վրայ աւելցնել ոսպը, սոխն ու ստեպղինը: Երբ եռալու սկսի, կրակը թեթեւցնել, կաթսան կափարիչով փակել ու եփել շուրջ 25 վայրկեան, մինչեւ որ բաղադրիչները փափկանան:

Աւելցնել` լոլիկը, սխտորը, ազատքեղը, աղն ու սեւ պղպեղը, խառնել եւ 10 վայրկեան եւս եփել:

Ապուրը մատուցել տաք, երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով եւ լոլիկի շերտերով: Կարելի է օգտագործել նաեւ չոր լոլիկի շերտեր:

Ոսպ Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

– Ոսպը հարուստ է բուսական փրոթէինով:
– Ոսպը հարուստ է երկաթով:
– Ոսպը օգտակար է մարսողական դրութեան:
– Ոսպը օգտակար է սրտին:
– Ոսպը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլը:
– Ոսպը կը պաշտպանէ կարգ մը հիւանդութիւններէ, յատկապէս` փրոսթաթի քաղցկեղէ:
– Ոսպը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, հետեւաբար կ՛օգնէ նիհարնալու:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձի՛ւն, Մի՛ Իջիր

Ձի՛ւն, մի՛ իջիր իմ վարսերին,
Ա՜խ, ես այնքան ջահել եմ դեռ,
Մինչեւ հիմա կեանքի վերից
Երազներով սահել եմ դեռ:
Երէկ էր լոկ, որ ես ճերմակ
Զոյգ ժապաւէն էի կապում.
Իսկ դու այսօր պաղ ու ճերմակ
Սառոյցներ ես դէմս կապում:
Եւ ինչո՞ւ ես դու շտապում,
Փաթիլներըդ վրաս թափում,
Մի տես որքան կայծ ու կրակ,
Կանաչ, կարմիր երազանքներ,
Մի տես որքան կարօտ ու սէր,
Հոգուս խորքում պահել եմ դեռ:

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 

 

 


Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ` Անքնութեան Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

– Միջին հաշուով գիշերը 8 ժամ պէտք է քնանալ:

Սխալ: Չափահասի մը քունի տեւողութիւնը միջին հաշուով 8 ժամ է, սակայն ոմանց մօտ 6 ժամը արդէն բաւարար է կազդուրուած արթննալու համար: Վերջնական եւ կտրուկ չափանիշներ չկան, կարեւորը օրուան ընթացքին հանգիստ եւ առոյգ զգալն է:

***

– Լոյսը կը խանգարէ քունը:

Ճիշդ: Լոյսը կը դանդաղեցնէ մելաթոնին կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ՛աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:

***

– Տարիքի հետ մարդու մօտ քունի պահանջը կը պակսի:

Սխալ: Տարիքի հետ քունի ընդհանուր տեւողութիւնն ու պահանջը չեն նուազիր (կամ` շատ քիչ). սակայն քունը կը դառնայ աւելի թեթեւ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

***

– Լաւ քնանալու նախապայմանը տաք լոգանքն է:

Սխալ: Նախքան քնանալը` թելադրելի է գաղջ լոգանք առնել, քանի որ տաք լոգանքը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, որ իր կարգին կը խանգարէ քունը:

***

– Անքնութիւնը ընկճախտի եւ ծանր մտահոգութեան հետեւանք է:

Ճիշդ: Սակայն ընկճախտն ու ծանր անձկութիւնը միակ պատճառները չեն. հոգեկան ցնցում մը, աղմուկը, որոշ դեղահատեր եւ հիւանդութիւններ եւս քունը խանգարող ազդակներ են:

***

– Ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քունին:

Սխալ: Թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի եւ քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ անորակ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

***

– Սմարթֆոնները կը վնասեն քունին:

Ճիշդ: Օրուան ընթացքին, բայց մանաւանդ գիշերը լուսաւոր պաստառներու դիմաց երկար ժամեր անցընելը ոչ միայն կախուածութիւն կը ստեղծեն, այլեւ աւեր կը գործեն մեր ուղեղին ու աչքերուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք արդէն անքնութենէ կը տառապին:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Գիշերը քունի ընթացքին կ՛ընենք տարօրինակ բաներ` առանց անդրադառնալու: Ահա` քանի մը օրինակ.

– Ակռաները կը կճրտենք:
– Կը խօսինք:
– Լորձունք կ՛արտաբերենք:
– Կը խռկանք:
– Փակ կոպերով աչքերը կը շարժենք:
– Կը քալենք:
– Կը ցնցուինք:

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Միեւնոյն նկարը կրնայ շատ տարբեր մեկնաբանութիւններ ունենալ եւ տարբեր աչքով դիտուիլ իւրաքանչիւրիս կողմէ. իսկ առաջին հերթին տեսածը շատ բան կը բացայայտէ մեր մասին:

Ոտքեր

Եթէ առաջին հերթին ոտքեր տեսաք, դուք մշտական շարժման մէջ էք: Յաջողութեան հասնելու լուրջ հեռանկարներ ունիք: Առաջնորդ էք, որ իր ետեւէն կը տանի համակիրներու եւ համախոհներու ամբողջ խումբ մը:

Ազատութեան Արձան

Եթէ առաջին հերթին Ազատութեան արձանը տեսաք, խելացի եւ իմաստուն անձ էք: Ձեր խօսքին մէջ ճշգրտութիւնը տիրական է: Կ՛առաջնորդուիք փաստերով, կը խուսափիք մանրուքներու մէջ մտնելէ: Ձեր նշանաբանն է` «Խօսիլ միայն այն մասին, որուն կարիքը իսկապէս կայ»:

Տաբատ

Եթէ առաջին հերթին տաբատ տեսաք, դուք կ՛ապրիք երկու կեանքով: Այլ խօսքով, կը սիրէք տարբեր դերեր խաղալ: Այս յատկութիւնը ձեզի կ՛օգնէ ձեր կեանքին մէջ, քանի որ այսպիսով երկրպագուներու ամբողջ բանակ մը կ՛ապահովէք: Սակայն զգո՛ւշ, այս «լարախաղացութիւնը» ոտնակոխ չընէ ձեր սկզբունքները:

Ոճաբանին Կարծիքով

 Գոյներու Համադրում

Ֆրանսացի ոճաբան Սոնիա Ռիքիելի կարծիքով, հագուստներուն գոյները համադրելը այնքան ալ դիւրին գործ չէ: Գոյներու սխալ համադրումը կրնայ տանիլ անճաշակութեան, բայց նաեւ` շեշտել մեր մարմնին այս կամ այն թերութիւնը:

Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրէ Ռիքիել` վայելուչ եւ ոճային տեսք ունենալու համար:

Երբե՛ք 3 գոյնէն աւելի չկրել: Երկուքը արդէն բաւարար է, իսկ երրորդը` այո՛, եթէ իսկապէս կարիքը կայ:

Ընտրեցէ՛ք մութ գոյներ` որոշ թերութիւններ ծածկելու համար եւ բաց կամ վառ գոյներ` որոշ առաւելութիւններ շեշտելու համար: Օրինակ` եթէ շեշտուած կոնք ունիք, հագէք մութ լազուարթ ճինզ կամ սեւ տաբատ, իսկ վերնաշապիկի համար ընտրեցէք բաց գոյնի տարբերակ մը:

Ստորեւ` գոյներու համադրումի հետաքրքրական տարբերակներ.

– Վարդագոյնին հետ շատ լաւ կը համադրուին` սրճագոյնը, մոխրագոյնը եւ ձիթապտուղի կանաչը:
– Կարմիրին հետ` կապոյտը, մոխրագոյնը, կանաչը:
– Սրճագոյնին հետ` դեղինը, բաց կապոյտը, կանաչը:
– Նարնջագոյնին հետ` մոխրագոյնը, մութ կանաչը, սրճագոյնը:
– Դեղինին հետ` կարմիրը, սրճագոյնը, կապոյտը, մոխրագոյնը:
– Կանաչին հետ` նարնջագոյնը, սրճագոյնը, պէժը:
– Մանիշակագոյնին հետ` պէժը, բաց դեղինը, մոխրագոյնը:
– Թիւրքուազին հետ` ֆուշիան, կարմիրը, պէժը, սրճագոյնը:
– Լազուարթին հետ` պէժը, բաց դեղինը, մոխրագոյնը:
– Սեւին հետ` ճերմակը, ոսկեգոյնը, եւ վառ գոյները:

5 Իրեր, Զորս Կարելի Չէ Օգտագործել
Գնելէ Անմիջապէս Ետք

Շատ հաճելի է նոր գնուած հագուստին պիտակը հանելը եւ անմիջապէս զայն հագնիլը, կամ` նոր գնուած փափուկ անձեռոցը ծրարէն հանելն ու լոգանքի մտնելը: Սակայն հաճելին պէտք է մէկ կողմ ձգել եւ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ կարգ մը իրեր կարելի չէ օգտագործել գնելէ անմիջապէս ետք:

1.- Հագուստ

Երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ ձեր գնած հագուստը ձեզմէ առաջ քանինե՜ր փորձած են` հագուստին վրայ ձգելով տեսակաւոր մանրէներ: Նաեւ տեղեա՞կ էք, որ հագուստին կտորին գործուածքին համար օգտագործուած ներկերը կրնան մորթային հիւանդութիւններ յառաջացնել: Հետեւաբար շուկայէն վերադարձին կ՛արժէ արագ լոգանք մը առնել, իսկ նոր հագուստը լուալէ ետք կրել միայն…

2.- Կօշիկ

Հագուստին նման` կօշիկն ալ շա՜տ շատեր փորձած են ձեզմէ առաջ: Հետեւաբար տուն գալէ ետք անպայման լուացէք ձեր ոտքերը, իսկ կօշիկին ներսի բաժինը մաքրեցէք հականեխող թաց թաշկինակով: Եթէ նախօրօք որոշած էք կօշիկ գնել, ձեզի հետ զոյգ մը գուլպայ վերցուցէք ձեր ոտքերը մասամբ պաշտպանելու համար:

3.- Անձեռոց

Գիտէի՞ք, թէ որպէսզի անձեռոցները փափուկ մնան, զանոնք կը մշակեն յատուկ միջոցներով: Օգտագործուած նիւթերը կը պարունակեն քիմիական տարրեր, որոնք կրնան վնասակար ըլլալ ձեր մաշկին. այնպէս որ, խիստ պարտադիր է նոր գնուած լոգանքի անձեռոցներն ու երեսի սրբիչները լուալ` նախքան գործածելը:

4.- Սառնարան

Անկասկած որ նոր գնուած սառնարանը պէտք է մաքրել` նախքան օգտագործելը. բայց ասիկա միակ պատճառը չէ, որ կարելի չէ զայն անմիջապէս գործածելը: Որեւէ նոր սառնարան շուրջ 8 ժամ կը պահանջէ, որպէսզի անոր մէջի յատուկ հեղուկը համակարգին մէջ հաւասարաչափ բաշխուի:

5.- Թէյաման

Վստահաբար շատեր նկատած են, որ նոր գնուած ելեկտրական թէյամանը որոշ անախորժ հոտ մը կ՛ունենայ, որովհետեւ քիմիական նիւթերով մշակուած կ՛ըլլայ: Կարելի չէ նոր գնուած թէյամանը անմիջապէս օգտագործել: Եթէ նոր թէյաման պիտի գնէք, պայման է, որ նախքան օգտագործելը` մէջը ջուր եռացնէք` 30 կրամ սոտա եւ կէս կիտրոնի հիւթ աւելցնելով:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Հաւկիթի Տուփերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տուէք

Այսուհետեւ հաւկիթի խաւաքարտէ պարապ տուփերը մի՛ թափէք, կրնաք անոնց երկրորդ կեանք մը տալ պարզապէս`

– Սառնարանին դրան վրայ մայոնեզի եւ քեչափի շիշերը դասաւորելու համար,

– Գրենական պիտոյքներ դասաւորելու համար,

– «Լէփ թոփ»¬ին տակ դնելու համար, որպէսզի վերջինը օդ առնէ եւ չտաքնայ:

Ահաւասիկ դիւրին եւ ձրի միջոցներ` ձեր առօրեան դիւրացնելու եւ արագ լուծումներ գտնելու համար:

Խոհագիր

 Քուլուրաքիա
(Յունական Կրկնեփներ)

Բաղադրիչներ (շուրջ 25 կրկնեփի համար)

– 1 գաւաթ առանց աղի կարագ (սենեակի ջերմութեամբ)
– 3/4 գաւաթ շաքար
– 2 հաւկիթ առաւել 1 հաւկիթ կրկնեփները ծեփելու համար
– 2 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
– 1 ապուրի դգալ քոնեաք կամ ուզօ, ուիսքի…
– Վանիլլա
– 1 նարինջի կեղեւի տաշուք
– 4 գաւաթ ալիւր
– 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Ելեկտրական գործիքով զարնել կարագն ու շաքարը, ապա յաջորդաբար աւելցնել` 2 հաւկիթները, նարինջի հիւթը, քոնեաքը, վանիլլան եւ նարինջի կեղեւի տաշուքը:

Միատարր թանձրուկ մը ստանալէ ետք քիչ¬քիչ աւելցուցէք մաղէ անցած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ շարունակել զարնելը:

Ստացուած խմորը աշխատանքի սեղանին վրայ փոխադրել եւ ձեւաւորել` ըստ ճաշակի եւ ցանկութեան, ապա երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել եւ 25-30 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռի մէջ, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան: Մատուցել սուրճի կամ թէյի հետ:

 

****

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Մոլորուած Երազը

Երազում տեսայ, ջահել մի զինուոր,
Վերադառնում էր ռազմի ճակատից.
Խոնաւ աչքերում` կարօտը իր մօր
Եւ սպիները` գունատ ճակատին:
Եկաւ ու բախեց իմ դուռը կամաց.
(Անծանօթ էր ինձ, անյա՛յտ ու օտա՜ր…)
– Մեր տո՜ւնն եմ փնտռում,- ասաց կարկամած,-
Չգիտե՞ս ո՛րն է ճանապարհն իմ տան…
– Ցո՜ւրտ է, նե՛րս արի,- ասացի նրան,-
Նստիր իմ կողքին, կրակը վառեմ,
Աչքերիդ նայեմ, լացից կարմրած,
Իմ կորած եղբօր կարօտը առնեմ:
Բայց նա շուռ եկաւ, կենակին կռթնեց.
– Շնորհակա՜լ եմ, բարի՜ մարդ,- ասաց,-
Ես պիտի գնամ` ծեր մօրս գտնեմ,
Գուցէ մեռնի՜ նա` դարձիս կարօտած…

Ասաաց ու գնա՜ց.

Եւ ես զարթնեցի.
Անձրեւ էր գալիս ձանձրալի՜, բարա՜կ.
Իջել էր մութը մայթին, փողոցին,
Մշուշում սուզել երկինք ու քաղաք:
Մո՜ւթն էր.

եւ մի խե՜ղճ պառաւ մօր երազ,
Ճամբան շփոթած… իմ տո՜ւնն էր մտել…
Իսկ մայրն երեւի փնտռո՜ւմ էր նրան,
Անկարող` քնել ու նրան գտնել…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

Հետաքրքրական. Օփերայի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քիչեր գիտեն, թէ ինչպէ՛ս ծնած է «Ալմաստ» օփերան: Անիկա ստեղծուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յաճախակի հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին: Կարդա՛նք, թէ ի՛նչ կը պատմէ Թումանեանին աղջիկը` Նուարդ Թումանեանը այդ նշանաւոր հանդիպման մասին:

«Ալեքսանդր Սպենդիարեանը յաճախ մեր տունը կու գար, երբեմն ճաշի կը մնար, յետոյ երեկոն հայրիկիս հետ կ՛անցընէր:

Սպենդիարեանը հետաքրքրուեցաւ «Անուշ» պոէմով. կ՛ուզէր ձայնագրել: Բայց ծանօթանալէ ետք նիւթը միանգամայն անծանօթ գտաւ: Որոշեցին ամրան միասին Լոռի երթալ: Յետոյ հայրիկը կարդաց «փարվանա»-ն. երաժիշտը հաւնեցաւ եւ աւելի յարմար գտաւ օփերայի համար, բայց նկատեց, որ նիւթը փոքր էր: Հայրիկէս խնդրեց, որ որոշ հատուածներ ընդարձակէ, երգեր աւելցնէ եւ այդպէս իրեն հնարաւորութիւն տայ օփերա գրելու: Հայրիկս կարծես հասկցաւ երաժիշտին ցանկութիւնը եւ կարդաց «թմկաբերդի առումը»:

Սպենդիարեան ուրախացած` տեղէն վեր թռաւ եւ ոգեւորուած սկսաւ սենեակին մէջ ման գալ: Առանձնապէս հաւներ էր նախերգանքը: Ոգեւորուած կը քալէր ու կ՛արտասանէր:

«Հէ՜յ, պարոններ, ականջ առէք թափառական աշուղին…»:

Երկուքով նստած` մինչեւ ուշ գիշեր պոէմը արարներու բաժնեցին, պատկերներ գծեցին:

Հայրիկին ցանկութեամբ օփերան «Գոհար» պիտի կոչուէր` իշխանուհիին անունով, բայց, ինչպէս հետագային Ալեքսանդր Սպենդիարեանը բացատրեր է, երկու ձայնաւորներու` օ-ի եւ ա-ի հարեւանութիւնը խանգարեր էր երաժշտութիւնը գրելու ժամանակ, ուստի «Գոհար»-ը փոխարիներ է այդ անուան հոմանիշ «Ալմաստ» անունով:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ…

Մեզ շրջապատող շատ մը իրեր` մուճակ, անուշահոտ, բարձ եւ այլն… ունին պահպանման ժամկէտ եւ անհրաժեշտ է որոշ ժամանակ մը ետք զանոնք փոխարինել նորով մը: Իսկ դուք գիտէ՞ք կարգ մը իրերու պահպանման ժամկէտի տեւողութիւնը. եկէ՛ք` ստուգենք:

– Սանտրը կարելի է յաւիտեան գործածել:
Սխալ: Սանտրը եւ մազի խոզանակը պէտք է տարին անգամ մը նորով փոխարինել, իսկ շաբաթը անգամ մը հիմնական մաքրել տաք օճառ-ջուրով:

– Ակռայի խոզանակը կարելի է օգտագործել, մինչեւ որ մաշի:
Սխալ: Ակռայի խոզանակը մանրէներու իսկական պահեստարան է, զայն նորով մը պէտք է փոխարինել 3 ամիսը անգամ մը:

– Օծանելիքը կարելի է օգտագործել, մինչեւ սրուակին պարպուիլը:
Սխալ: Անուշահոտի մը կեանքը 1-էն 3 տարի է: Եթէ սրուակը բացուած է, նախընտրելի է 2 տարուան ընթացքին գործածել եւ սպառել զայն:

– Անձեռոցները կարելի է օգտագործել, մինչեւ որ մաշին:
Սխալ: Լոգանքի անձեռոցներն ու երեսի սրբիչները մանրէներու բազմացման յարմար միջավայրեր են: Զանոնք պէտք է փոխարինել նորերով` 3 տարին անգամ մը: Նաեւ չմոռնալ, որ ժամանակի ընթացքին անոնք կը կորսնցնեն իրենց որակը:

– Բարձերը պէտք է փոխել 2-3 տարին անգամ մը:
Ճիշդ: Ժամանակի ընթացքին բարձերը կը փոխեն իրենց ձեւը եւ որակը. հետեւաբար զանոնք նորերով պէտք է փոխարինել 2-3 տարին անգամ մը: Չմոռնալ նաեւ, որ անոնք մանրէներու յառաջացման իսկական բոյն են:

– Հողաթափերը անհրաժեշտ է փոխել 6 ամիսը անգամ մը:
Ճիշդ: Հողաթափերը յարմար միջավայր են սնկային վարակներու յառաջացման համար: Զանոնք պէտք է փոխել 6 ամիսը անգամ մը եւ ամիսը անգամ մը լուալ, եթէ հնարաւոր է: Եւ իբրեւ ոսկի կանոն` կարելի չէ ուրիշին հողաթափ հագնիլը կամ անձնական հողաթափերը ուրիշին փոխ տալը:

– Կանացի կրծկալները պէտք է փոխել ամէն տարի:
Սխալ: Կանացի կրծկալը կարելի է գործածել 1-էն 2 տարի, յատկապէս եթէ որակաւոր տեսակի է: Մէկ-երկու տարի ետք կանացի կրծկալը ոչ միայն կը ձեւափոխուի, այլեւ կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Կիտրոնի Օգտագործումը
Տան Մաքրութեան Մէջ

Եթէ մինչեւ հիմա շուկայէն քիմիական սուղ արժող դեղեր կը գնէիք տան մաքրութեան համար, այսուհետեւ ձեր սառնարանին մէջ ունեցէք մէկ-երկու կիտրոն` մաքրելու, ախտահանելու, հոտերը հեռացնելու համար: Ահա` թէ ինչպէ՛ս…

– 1 –

Հայելին մաքրելու համար հեղուկ փչող-սփռող շիշին մէջ 50 սլ. ջուր եւ 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ լեցուցէք, ցնցեցէք եւ օգտագործեցէք: Լաթի փոխարէն` օգտագործեցէք սովորական թերթը:

– 2 –

Ապակիները մաքրելու համար փչող-սփռող շիշին մէջ լեցուցէք կէս բաժակ ճերմակ քացախ, 1 լիթր ջուր եւ ապուրի 2 դգալ կիտրոնի հիւթ: Բնական միջոց մը` կատարեալ արդիւնքի համար:

– 3 –

Լոգանքի ցնցուղին ծակտիկները կիրի կամ օճառի պատճառով խցուա՞ծ են, փչող-սփռող շիշին մէջ կիտրոնի հիւթ լեցուցէք եւ սրսկեցէք ցնցուղին ծակտիկներուն վրայ. 5 վայրկեան սպասեցէք, ապա բացէք ջուրը եւ պիտի զգաք տարբերութիւնը: Կիտրոնի հիւթը ոչ միայն կը քայքայէ գոյացած կիրը այլեւ կը հականեխէ ցնցուղը:

– 4 –

Խոհանոցի աշխատանքի տախտակը մաքրելու, հոտերը հեռացնելու լաւագոյն եւ ամենաժան միջոցը դարձեալ կիտրոնն է: Կիսուած կիտրոնին վրայ աղ ցանեցէք եւ ամուր շփեցէ՛ք տախտակը: Սպասեցէք առնուազն 10-15 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք: Հականեխուած եւ հոտերէ զերծ տախտակը պատրաստ է օգտագործման:

– 5 –

Հինցած ապունգին երկրորդ կեանք մը տալու եւ թարմացնելու համար զայն ամբողջ գիշեր մը թրջեցէք տաք ջուրով եւ կիտրոնի հիւթով լեցուն ամանի մը մէջ: Յաջորդ օրը ճզմեցէ՛ք սպունգը եւ ձգեցէ՛ք, որ չորնայ, անիկա նորի տեսք պիտի ստանայ:

– 6 –

Սպիտակ շապիկի թեւատակերուն գոյացած դեղին բիծերը մաքրելու համար յաճախ կը դիմէք Օ տը Ժաւելին: Այսուհետեւ թեւատակերու դեղնած բաժինները մաքրելու համար զանոնք շփեցէք 50% ջուր, 50% կիտրոնի հիւթ եւ պտղունց մը սոտայի լուծոյթով:

– 7 –

Ձեր մանրալիքը մաքրելու համար խորունկ ամանի մը մէջ ջուր լեցուցէք, կիտրոնի հիւթ եւ քանի մը կտոր կեղեւ աւելցուցէք եւ աշխատցուցէք: Գոլորշին  «կը քակէ» աղտերը, կ՛ախտահանէ եւ հաճելի բոյր կը ձգէ իր ետին:

– 8 –

Խոհանոցի կամ բաղնիքի լուացարանը մաքրելու լաւագոյն միջոցը դարձեալ կիտրոնն է: Կիսուած կիտրոնով մը շփեցէք լուացարանին պատերն ու ծորակները: Այսպիսով, թէ՛ մաքրած, թէ՛ ախտահանած եւ թէ՛ հոտերը հեռացուցած կ՛ըլլաք:

– 9 –

Արդուկին խցուած ծակտիկները մաքրելու եւ գոյացած կիրը քայքայելու համար յատակը շփեցէք կիսուած կիտրոնի կտորով մը, որուն վրայ կերակուրի աղ ցանած ըլլաք, ապա անմիջապէս ցօղուեցէք խոնաւ սպունգով մը եւ չորցուցէք փափուկ լաթով մը:

Ժամանց

Ի՞նչ Դիրքով Կը Բռնէք
Ձեր Բաժակը

Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ընտրեցէք բաժակ բռնելու ձեր տարբերակը, ապա կարդացէք մեկնաբանութիւնը:

Տարբերակ թիւ 1

Սրամիտ, ընկերական, ճկուն եւ անկեղծ մարդ էք: Ձեր շրջապատը անտարբեր չէ այս բոլոր դրական յատկութիւններու դիմաց: Փնտռուած եւ գնահատուած էք շատերու կողմէ:

Միւս կողմէ` յամառ էք եւ վճռական, ժամանակէն առաջ կ՛աւարտէք ձեզի վստահուած գործերը: Դժուար խնդիրներուն լուծում գտնելու ձիրք ունիք, այս պատճառով ալ ձեզի յաճախ ղեկավարի պաշտօններ կը վստահին:

Տարբերակ թիւ 2

Նպատակասլաց ղեկավար էք: Անկախ եւ վճռական նկարագրի տէր անձնաւորութիւն: Մինչեւ ծայր կը պաշտպանէք ձեր տեսակէտները, երբեք չէք նահանջեր դժուարութիւններուն դիմաց:

Շատեր կ՛ուզեն ձեզի նմանիլ:

Տարբերակ թիւ 3

Մարդիկ կը գնահատեն ձեր բարի եւ ջերմ բնաւորութիւնը: Ուրախութիւն կը բերէք հոն, ուր կը գտնուիք: Ընկերասէր էք եւ շուտ կը մտերմանաք:

Հետաքրքրասէր էք, ստեղծագործ միտք եւ առողջ դատողութիւն ունիք:

Տարբերակ թիւ 4

Ձեր քայլերը միշտ մտածուած եւ տրամաբանական են:

Առիթ չէք տար, որ ձեր զգացումները ղեկավարեն ձեզ: Ձեր խօսքերը կշռուած եւ իմաստալից են: Սակաւախօսութիւնը ձեր բնաւորութեան գլխաւոր կէտն է:

Խոհագիր

Իտալական Կարկանդակ

Ահաւասիկ` դիւրին եւ արագ պատրաստուող, տաք կաթով իտալական կարկանդակի բաղադրատոմս մը:

Բաղադրիչներ`

– 200 կ. ալիւր
– 200 կ. շաքար
– 4 հաւկիթ
– 160 մլ կաթ
– 1 թէյի դգալ թթխմոր
– 80 կ. կարագ
– 1 թէյի դգալ սոտա
– Վանիլլա

Պատրաստութիւն

Հաւկիթն ու շաքարը լաւ զարնել, մինչեւ փրփրին:

Կաթը եւ կարագը կրակին վրայ տաքցնել:

Հաւկիթին եւ շաքարին վրայ յաջորդաբար աւելցնել` ալիւրը, վանիլլան, սոտան եւ թթխմորը` տեւաբար խառնելով, որպէսզի միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Տաք կաթը քիչ-քիչ աւելցնել վերոյիշեալ թանձրուկին եւ շարունակել թել դգալով զարնել, ապա, ստացուած խմորը փոխադրել նախապէս կարագով ծեփուած կաղապարին մէջ եւ շուրջ 35 վայրկեան եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ` 180 ջերմաստիճանով:

Փուռէն հանելէ ետք տաք կարկանդակին երեսը փոշի շաքար ցանել եւ պաղելէն ետք մատուցել:

****

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նախանձում Եմ

Ես նախանձում եմ նրանց բոլորին,
Ովքեր ապրում են հաւատով խորին,
Ովքեր լաւ գիտեն, թէ ուր են քայլում,
Ում դէմ են ելնում, ում համար փայլում,
Թէ տրտնջում են` ինչ բանի վրայ,
Թէ քրքջում են` ինչ բանի վրայ,
Ինչո՛ւ են նետւում, ի՛նչ թոհուբոհում,
Յանուն ի՛նչ բանի կեանքերն են զոհում…

Բարի նախանձով նրան եմ յիշում,
Ով չի մոլորւում անթափանց մուժում,
Ով չի վհատւում երկար վերելքից,
Չի յուսահատւում վայրի տարերքից,
Ով ստի հանդէպ բերան չի փակում,
Ով հոտած ջրում ուռկան չի ձգում,
Չի նայում կեանքին իբրեւ բոստանի,
Որտեղից պիտի չաղ բաժին տանի…

Ես նախանձում եմ նրան, վերջապէս,
Անհուն նախանձով նրան եմ յիշում,
Ով հոգում չունի նախանձի նշոյլ.
Ով աչք չի տնկում սուտ փառք ու պատուին
(Ինչպէ՞ս նախանձես այն ճարպիկ կատուին,
Որ մի չաղ պատառ միս է թռցըրել)…
Իսկ ով հատիկն իր հասկ է դարձըրել,
Ով սերմ է ցանել ու բերք է հնձում,
Անբանն է միայն նրան նախանձում…

Բանից պարզուում է,- ես ու իմ հոգին,-
Որ չեմ նախանձում կեանքում ո՜չ ոքի…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Մանկավարժին Կարծիքով. 9 Համոզիչ Պատճառներ, Թէ Ինչո՛ւ Երեխաները Փոքր Տարիքէն Ճատրակ Պէտք Է Սորվին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ճատրակը հիանալի խաղ է` երեխաներուն սորվեցնելու համար: Տասնեակ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ փոքր տարիքէն ճատրակ խաղացող երեխաները, թէ՛ դպրոցը, եւ թէ կեանքի մէջ աւելի յաջողակ կ՛ըլլան, քան մնացեալները:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ այն ուսանողները, որոնք ճատրակ կը խաղան, աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերեն գիտութեան, ուսողութեան մէջ, անոնք նաեւ կ՛ըլլան աւելի վերլուծող, կարգապահ եւ համբերատար:

Ահա 9 համոզիչ պատճառներ` փոքր տարիքէն ձեր երեխային խաղալ սորվեցնելու:

1.- Ճատրակը կ՛օգնէ խնդիրներ լուծելու: Ճատրակը խնդիրներու ամբողջ շարք մըն է. անիկա երեխաները կը մղէ վերլուծելու իւրաքանչիւր խնդիր եւ աշխատելու անոր լուծման ուղղութեամբ:

2.- Ճատրակը կը սորվեցնէ կեդրոնացում եւ համբերութիւն:

3.- Ճատրակը կ՛օգնէ յաջողակ աշակերտ դառնալու:

4.- Ճատրակը կը զարգացնէ երեխային ինքնավստահութիւնը:

5.- Ճատրակը կ՛օգնէ երեխային ուղեղի աճին եւ զարգացման:

6.- Ճատրակը կը բարձրացնէ երեխային ստեղծագործական ունակութիւնները:

7.- Ճատրակը կը սորվեցնէ ծրագրաւորում եւ հեռատեսութիւն:

8.- Ճատրակը կը բարելաւէ երեխային յիշողութիւնը:

9.- Ճատրակը կը հաւասարակշռէ երեխային յուզական աշխարհը:

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

 Աւելի Նիհար Եւ Սլացիկ Տեսք
Ունենալու 5 Հնարքներ

Նախկին «մանըքէն» եւ ներկայիս` նորաձեւութեան խորհրդատու Քրիսթինա Քորտիւլա մեզի կը ներկայացնէ աւելի նիհար եւ սլացիկ տեսք ունենալու 5 օգտակար հնարքներ, որոնցմէ մի քանիին վստահաբար ծանօթ էք:

1.- Բարձր Մէջքով Տաբատներ Կրեցէք

Այո՛, բարձր մէջքով տաբատը կ՛երկարէ ձեր մարմնին վարի բաժինը եւ աւելի սլացիկ տեսք կու տայ. անիկա նաեւ կ՛ամփոփէ ձեր կոնքն ու փորը եւ կը ծածկէ որոշ թերութիւններ:

2.- Ուշադիր Եղէք Նախշերուն Եւ Գոյներուն

Խուսափեցէք մէկէ աւելի վառ գոյներ կրելէ: Նոյնպէս ալ կարելի եղածին չափ չափաւորեցէք փոթերով, «փայէթ»-ներով, ցցուն ձեռագործներով վերնաշապիկները` ի հարկին զանոնք համադրելով միագոյն, մութ գոյնի տաբատներու կամ փէշերու հետ:

3.- Ճիշդ Կօշիկ Ընտրեցէք

Սլացիկ տեսք ունենալու պայմաններէն մէկն ալ ճիշդ կօշիկի ընտրութիւնն է: Մի՛ վարանիք բարձրակրունկ կամ միջին բարձրութեամբ կօշիկներ կրելէ: Որքան ձեր կօշիկը «սանտալ»-ի տեսք ունենայ եւ որքան մորթի գոյնին մօտ ըլլայ, այնքան սլացիկ տեսք կ՛ապահովէք: «Պալըրին»-ները, թանձր ներբանով կոպիտ մոյկերը աւեր կը գործեն. կը տուժէ թէ՛ ձեր քալուածքը, եւ թէ իգականութիւնը:

4.- Միջին Չափի Պայուսակ Ընտրեցէք

Շատ փոքր պայուսակը կրնայ շեղել ձեր լեցուն կազմուածքը, նոյնպէս ալ խոշոր չափի պայուսակը կրնայ որոշ անհամաչափութիւն ստեղծել: Ահա թէ ինչու լաւագոյնը միջակ չափի պայուսակն է, ինչու չէ իւրայատուկ գոյնով կամ ոճով, որպէսզի ուշադրութիւնը ձեր պայուսակին եւ ոչ թէ ձեր կազմուածքին կեդրոնանայ:

5.- Կտորի Եւ Հիւսուածքի Ճիշդ Ընտրութիւն Կատարեցէք

Հրաժարեցէք թանձր հիւսուածքով հագուստներէն: Յատկապէս թաւիշն ու «թուիտ»-ը կը գիրցնեն եւ կը շեշտեն որոշ թերութիւններ: Նախապատուութիւնը տուէք «ժըրսէ»-ին, մետաքին, բամպակին, որոնք ձեր մարմնին ձեւը կ՛առնեն` նիհար ու սլացիկ տեսք տալով անոր:

Ձեռային Աշխատանք

 Գունաւոր Մատիտներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Դպրոցական զաւակներ ունեցողները վստահաբար ձեռքի տակ ունին մաշած, պզտիկցած գունաւոր մատիտներու կտորներ: Գրչատուփին, պայուսակին կամ դարակին մէջ թափառող մոռցուած մատիտի այդ կտորները վստահաբար օրին մէկը աղբաման պիտի երթան:

Եկէ՛ք չթափենք մատիտի այդ կտորները եւ ճարտար բարեկամի մը օգնութեամբ զանոնք վերածենք գեղեցիկ զարդերու, ինչպէս` ականջօղեր, բանալեկալներ կամ ծամակալներ:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

 Ո՞րն Է Միսը Սառցարանը
Պահելու Ճիշդ Ժամկէտը

Շատ մը տնտեսուհիներ, յատկապէս դուրսը աշխատողները կը նախընտրեն սառցարանը միս եւ բանջարեղէն պահել անհրաժեշտութեան պարագային տարբեր տեսակի ուտեստներ պատրաստելու համար: Սակայն անհրաժեշտ է իմանալ, որ միսի իւրաքանչիւր տեսակ ունի սառեցման յատուկ ժամկէտ, զոր թելադրելի է չշրջանցել:

Մասնագէտներու կարծիքով, սառեցման ժամանակը կը տարբերի ըստ միսի տեսակին: Կարմիր միսը աւելի կարճ ժամանակով կը պահուի, քան թռչնամիսը:

Գիտնականները եզրակացուցած են, որ յօշուած միսը սառցարանը կարելի է պահել մինչեւ 3 ամիս, երշիկները` առաւելագոյնը 3 ամիս, մինչդեռ հորթի, կովու միսը, ինչպէս` ֆիլէն կարելի է պահել 6-էն 7 ամիս:

Ինչ կը վերաբերի հաւի միսին, կարելի է զայն սառցարանը պահել 6-էն 9 ամիս:

Մասնագէտները խորհուրդ կու տան կարելի եղածին չափ կրճատել միսի սառեցման ժամկէտը, որովհետեւ անոր երկարաձգումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ան կորսնցնէ իր սննդային արժէքը:

Միսը սառեցնելու լաւագոյն ձեւը նախ զայն գնման ծրարէն հանելն ու սննդամթերքի պահպանման համար նախատեսուած կերպընկալ տոպրակի մէջ դնելն է: Կարեւոր է նաեւ միսին վրայի ճարպը հանել, քանի որ երկար ժամանակի վրայ կրնայ տհաճ համ տալ:

Խոհագիր

 Ստեպղինով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 1 քիլօ ստեպղին
– 1 սոխ
– 2 խորանարդ խտացած մսաջուր
– 4 ճիւղ թարմ գինձ
– 1 լիթր ջուր
– Աղ, սեւ փոշի համեմ, քիմիոն

Պատրաստութիւն

Ստեպղինները լուալ եւ կլոր կտրատել:

Սոխը մանրել:

Կաթսային մէջ փոխադրել ստեպղիններն ու սոխը, աւելցնել ջուրը, խտացուած մսաջուրը եւ եփել շուրջ 30 վայրկեան:

Ելեկտրական գործիքով ապուրը թանձրուկի վերածել, համեմել աղով քիմիոնով եւ սեւ պղպեղով: Մատուցման ժամանակ ապուրին երեսը զարդարել մանրուած թարմ գինձով:

Ստեպղին Ուտելու
6
Համոզիչ Պատճառներ

1.- «Պէթա քարոթէն»-ով հարուստ ստեպղինը կը դանդաղեցնէ ծերութեան հոլովոյթը, կը բարելաւէ մորթին վիճակը եւ կ՛արագացնէ վէրքերուն սպիացումը:

2.- Կենսանիւթերով եւ «անթի-օքսիտան»-ներով հարուստ ստեպղինը կը պակսեցնէ գէշ քոլեսթերոլը, կը պաշտպանէ թոքերն ու սիրտը սրտանօթային հիւանդութիւններէ եւ քաղցկեղի որոշ տեսակներէ:

3.- Կենսանիւթերով հարուստ եւ քիչ ջերմուժ պարունակող ստեպղինը յարմար ուտելիք է բոլոր անոնց, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին: Հում թէ եփած` զայն կարելի է օգտագործել աղցաններու, ապուրներու եւ նոյնիսկ կարկանդակներու պատրաստութեան մէջ:

4.- Ա. կենսանիւթով հարուստ ստեպղինը կը պաշտպանէ տեսողութիւնը եւ կը նուազեցնէ «քաթարաքթ»-ի եւ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:

5.- Փոթասիոմով հարուստ ստեպղինը բնական միզեցնող է, այս պատճառով ալ անիկա իտէալական ուտելիք է երիկամներուն եւ լեարդին առողջութեան համար:

6.- Սէ. կենսանիւթով հարուստ ստեպղինը կ՛աշխուժացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը, մանրէասպան է, նաեւ կ՛օգնէ արագ ապաքինման:

****

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ռումբեր Են Կախուել Աշխարհի Գլխին,
Նստած Է Աշխարհն Ռումբերի Վրայ…
Աշխարհը Մօր Պէս Դողում Է Կրկին
Իր Ձեռով Ցանած Հունդերի Վրայ:
Հոգուս Մէջ Առել Տագնապն Աշխարհի
Ու Միտք Եմ Անում Իմ Դերի Վրայ.
Ամենաահեղ Ռումբը Դառնայի,
Պայթէի Բոլոր Ռումբերի Վրայ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

Ժամանց. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ձեր ենթագիտակցութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի ձեր տեսածին վրայ: Բացայայտեցէք ձեր բնաւորութեան գիծերը` պատասխանելով այս միակ հարցումին. «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին»:

Կէտ

Եթէ առաջին հերթին կէտ տեսաք, հաստատակամութիւնն ու աշխատասիրութիւնը ձեր գլխաւոր յատկանիշներն են:

Դուք չափազանց նպատակասլաց մարդ էք, վարժ` միշտ հասնելու ձեր նպատակին: Նաեւ դուք օժտուած էք զօրաւոր անհատականութեամբ եւ առաջնորդական յատկանիշներով:

Աչք

Եթէ առաջին հերթին աչք տեսաք, խորաթափանցութիւնը ձեր գլխաւոր յատկանիշն է: Ձեզ կարելի է անուանել հոգեկան եւ մարդու հոգիի փորձագէտ: Դուք լաւ կը տիրապետէք  մարդոց եւ կրնաք դիւրաւ լեզու գտնել ոեւէ մէկուն հետ: Կազմակերպչական ձեր արժանիքը կրնայ ձեզի հասցնել պատասխանատու պաշտօններու: Ձեր կարծիքը շատեր կը լսեն ու կը գնահատեն:

Սեւ Կերպարանք

Եթէ առաջին հերթին սեւ կերպարանք տեսաք, ցաւօք հոգեպէս յոգնած եւ խոցելի անձ էք: Արդէն ժամանակն է, որ դուք ձեզի հոգ տանիք, հանգստանաք եւ ձեր միտքերը հաւաքէք, այլապէս ջղային խանգարումի թիրախ կրնաք դառնալ:

Հոգեբանին Կարծիքով

Հնարքներ` Աւելի Քիչ Ուտելու Համար

 

Բրիտանացի յայտնի հոգեբան, դասախօս եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Ռիչըրտ Ուայզման մեզի կ՛առաջարկէ աւելի քիչ ուտելու հետաքրքրական հնարքներ. ստորեւ` 5 օրինակներ.

1.- Կերէք փոքր պնակի մէջէն: Տարբեր չափի երկու պնակներու մէջ նոյն քանակութեամբ կերակուրը փոքր պնակին մէջ աւելի շատ կը թուի եւ աւելի աչք կը կշտացնէ, նուազ կը մատնուիք երկրորդ անգամ մը նորոգելու փորձութեան:

2.- Եթէ աջլիկ էք, կերէք ձախով եւ հակառակը: Ըստ բրիտանացի հոգեբանին, ձեր ուտելիքին չափաքանակը 20 տոկոսով կը նուազի:

3.- Գործածեցէք նեղ, երկարավիզ բաժակներ: Առաջին նայուածքով կարճ, լայն բաժակը աւելի քիչ հեղուկ կը պարունակէ, քան` երկար բաժակը: Անշուշտ ատիկա պատրանք է, բայց եւ այնպէս…

4.- Խոհանոցը հայելի զետեղեցէք: Պարզուած է, որ հայելիին առջեւ մարդիկ աւելի գիտակցաբար կը մօտենան ուտելիքին եւ կ՛ընտրեն աւելի առողջապահականը: Պարզուած է նաեւ, որ հայելիին դիմաց մարդիկ կը քաշուին եւ նուազ կ՛ուտեն:

5.- Բրիտանացի հոգեբանը կը թելադրէ ծամոն ծամել ամէն անգամ որ անօթութիւնը կը յայտնուի: Նախընտրութիւնը տալ մրգային յաւելումներով եւ շաքարէ զերծ տեսակներուն:

Դափնիի Տերեւի
Անհամար Բարիքները

Ամերիկայի բնիկ հնդիկները դափնին կը համարէին սուրբ բոյս: Յոյներն ու հռոմէացիները դափնիի տերեւներով պատրաստուած պսակներով կը պատուէին իրենց հերոսներն ու ախոյեանները:

Այսօր արդէն այս բոյսը յաճախ կ՛օգտագործուի դեղերու պատրաստութեան մէջ` իբրեւ ցաւազերծիչ, հակաբորբոքային եւ մանրէասպան միջոց:

Շատերուս տան մէջ դափնիի տերեւները կ՛օգտագործուին կերակուրներու պատրաստութեան մէջ, յատկապէս` մսեղէնները թրծելու եւ եփելու ընթացքին:

Շատեր դափնիի տերեւներ կը զետեղեն ընդեղէններու պարկերուն մէջ` իբրեւ ճճիները հեռու պահող միջոց: Բայց ամենակարեւորը այն է, որ դափնիի տերեւը մաքրող միջոց է` ակնառու արդիւնաւէտութեամբ: Այսինքն` դափնիի տերեւի օգտագործումը դիւրին եւ աժան միջոց է տան մաքրութեան համար:

Պարզուած է, որ այս բոյսը հիանալի ախտահանիչ եւ միջատները վանող զէնք է` յատկապէս ցեցերէ, ուտիճներէ եւ այլ միջատներէ պաշտպանուելու համար:

Դափնիի Տերեւները` Որպէս Հանգստացնող Միջոց

Մեր օրերուն դափնիի տերեւները կ՛օգտագործուին եոկայի սրահներուն, մարձումի սրահներուն եւ առողջարաններուն մէջ: Քիչեր տան մէջ դափնիի տերեւ կը վառեն. անոր հանգստացնող յատկութիւնները ցարդ բոլորին ծանօթ չեն: Եկէ՛ք իմանանք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, եթէ տան մէջ դափնիի տերեւ վառենք: Այսպէս, խնկամանին կամ մետաղեայ ամանի մը մէջ քանի մը դափնիի տերեւ վառելու պարագային`

– Սենեակը կը լեցուի անուշ բոյրով:
– Սենեակին մէջ կը տիրէ հանգիստ, խաղաղ մթնոլորտ` շնորհիւ վառող տերեւներու բոյրին:
– Սենեակը կը մաքրուի ժխտական ալիքներէն:
– Կը նուազի ընկճախտը, լարուածութիւնը, անձկութիւնը:
– Կ՛ախտահանուի սենեակը եւ կը կորչին անբաղձալի միջատները:

Բժիշկներու կարծիքով, վառած դափնիի հոտը թելադրելի չէ յղի կիներուն, 7 տարեկանէն վար երեխաներուն եւ շնչառական որոշ հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն:

Նախապաշարումներ

– Ոմանք իրենց դրամապանակին մէջ դափնիի տերեւ մը կը պահեն` այն հաստատ համոզումով, որ իրենց դրամապանակը միշտ լեցուն պիտի մնայ…
– Նոր գործի դիմողներ կամ ամսականի յաւելում ակնկալողները դափնիի տերեւ կը պահեն իրենց գրպանին կամ պայուսակին մէջ` դրական արդիւնքի ակնկալիքով:
– Ոմանք դափնիի տերեւ կը դնեն իրենց բարձին տակ, եթէ յաջորդ օրը կարեւոր գործի մը պիտի ձեռնարկեն, ճակատագրական որոշում մը պիտի տան կամ դժուար հարց մը պիտի լուծեն…

Պահքի Խոհագիր

 Պասուց Տոլմա

Պասուց տոլման հայկական տօնական սեղաններու զարդն է, ինչպէս նաեւ շատ յարմար եւ առողջապահական ուտելիք մը՝ պահքի շրջանին:

Բաղադրիչներ

Կէս գաւաթ կիսաեփ եւ կեղեւազերծուած սիսեռ
Կէս գաւաթ կիսաեփ կարմիր լուբիա
Կէս գաւաթ կիսաեփ ոսպ
Կէս գաւաթ կիսաեփ բրինձ
Կէս գաւաթ կիսաեփ խոշոր ձաւար
Խոշոր կաղամբ մը
2 հատ մանրուած սոխ
1-2 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս (նայած թանձրութեան)
Կէս գաւաթ մանրուած ազատքեղ
Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
Կէս գաւաթ բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Ձէթին մէջ տապկել սոխը, մինչեւ թափանցիկ դառնայ:

Աւելցնել լոլիկէ խիւսը եւ բոլոր կիսաեփ ընդեղէնները: Շարունակել տապկել 2-3 վայրկեան:

Վերջապէս աւելցնել մանրուած ազատքեղը, աղն ու պղպեղը: Խառնել, ահա լցոնը պատրաստ է:

Կաղամբի տերեւները մէկիկ-մէկիկ բաժնել եւ եռացող ջուրի մէջ խաշել ու քամոցի մէջ փոխադրել:

Տերեւներուն մէջ միջուկ լեցնել, փաթթել եւ կաթսային մէջ քով-քովի խիտ շարել, ապա երեսը պնակ մը զետեղել:

Աղ-ջուր պատրաստել, լեցնել տոլմաներուն վրայ եւ միջին կրակի վրայ 25-30 վայրկեան եփել:

Մատուցել գաղջ կամ պաղ:

Պասուց տոլմա, ա՛խ թանկ տոլմա,
Լաւ ուտեստ է ամանորեայ,
Որ յատուկ է սոսկ հայերին,
Ու կիսով չափ եւ յոյներին:
Խառնիր իրար հաճար, սիսեռ,
Ոսպ ու լոբի, նաեւ հաճար,
Մի օր եփիր, տասն օր հա կեր:
Շատ համեղ է եւ օգտակար,
Ուրիշ աւել ինչ կայ յարմար:

******

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաթիլներ

Երդիկներէն
Անհամար երդիկներէն մէկ հատին
Եզրին վրայ կամ ծայրին
Ջուրի կաթիլ մը կը սահի կը հանդիպի ուրիշի մը ու
կ՛ըսէ –
Գիտե՞ս ինչ բան
Քու մէջդ ինչ բան ամէնէն շատ
Ամէնէն շատ կը սիրեմ –
Դուն ոչ մէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս…
Տանիքներէն
Բիւրաւոր տանիքներէն
Մէկուն ծայրին կամ եզրին
Ջուրի երկու կաթիլներ – կաթիլներուն պէս բոլոր
Արեւուն նոյն ճառագայթէն նետահար
Ու նորաբաց ծիածանովն արբեցած
Կը միանան իբրեւ պտուկ մը լոյսի
Կը միանան իբրեւ պտուղ երկնածին
Ու միաձոյլ – ծանրացած
Կ՛իյնան հողին երջանկութեան արտասուքի պէս վճիտ
Ու մին կ՛ըսէ միւս կէսին –
Գիտե՞ս ինչ բան ամէնէն շատ
Պիտի ուզեմ յաջորդ անգամ
երբ աշխարհ գամ ու կաթիմ –
Յար եւ նման քեզի նման կաթիլի մը հանդիպիլ…

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը «Քաջարանի Բանալին»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երբեւէ մտածե՞ր էք, թէ ինչո՛ւ Կապան-Քաջարան մայրուղիին վրայ գտնուող արջը բանալի կը կրէ իր բերնին մէջ, կամ` ինչո՞ւ Գանձասարի լեռներուն արջի արձան տեղադրուած է…

«Քաջարանի բանալին» յուշարձանը կը գտնուի Սիւնիքի մարզին մէջ, Կապան-Քաջարան մայրուղիի ձախ կողմը, Ողջի գետին աջ ափին: 1976-ին կառուցուած այս հրաշալի ստեղծագործութեան հեղինակն է կապանցի քանդակագործ Մարատ Նուրիջանեանը:

Արջը, որ իր բերնին մէջ բանալի բռնած է, կը խորհրդանշէ Սիւնիքի ժողովուրդը եւ բարեբեր հողը, որուն համար պայքարեր են սիւնեցիները:

Աւանդազրոյցի մը համաձայն, հայոց Արտաւազդ թագաւորը թշնամիներէն պաշտպանուելու համար իր գանձերը կը պահէ լերան մը մէջ եւ այդ վայրը կը կոչէ Գանձասար: Ան գանձերու բանալին կը յանձնէ լեռներու տիրակալ արջին, որ բանալին պիտի փոխանցէր միայն անոնց, որոնք այդ գանձերը պիտի օգտագործէին ի նպաստ ժողովուրդին:

Արջի բերնին մէջ բանալիի մտայղացումը քանդակագործ Մարատ Նուրիջանեանինն է: Անոր խօսքով, «Դա կը լինի մեր երկրամասի գանձերի բանալին: Բանալին արջի բերանից պիտի կախել, որպէսզի ոչ ոք, մեր ժողովուրդից բացի, ոչ մի օտար չհամարձակի խլել մեզնից մեր գանձերի բանալին»:

Երեխայի Դաստիարակութիւն

 Նիստուկացի 11 Տարրական Կանոններ

Մանկավարժներու կարծիքով, կան նիստուկացի հետ կապուած 11 տարրական կանոններ, զորս երեխաները պէտք է իմանան եւ գործադրեն:

1.- Բարեւել.- Ամչկոտ երեխաները կը մերժեն բարեւել. նման պարագաներու դիտողութիւնն ու յանդիմանութիւնը նպատակի չեն ծառայեր, նախընտրելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ պէտք է բարեւել, նոյնիսկ եթէ հազիւ 3 տարեկան է ան:

2.- Ընդունիլ Հաճոյախօսութիւնը.- Երբ երեխան դրուատուի իր մէկ լաւ արարքին համար, պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ խօսակիցին` փոխանակ «գիտեմ» ըսելու կամ մօրը փէշերուն ետին պահուըտելու:

3.- Շնորհակալութիւն Յայտնել.- Երեխան շատ կանուխէն պէտք է սորվի շնորհակալութիւն յայտնել. բան մը, որ յաճախ կը մոռնայ, իսկ ծնողքին կը մնայ տեւաբար յիշեցնել եւ պահանջել` անմիջապէս որ երեխան լեզու ելլէ:

4.- Կարգին Սպասել.- Բոլոր կացութիւններուն մէջ երեխան պէտք է վարժուի իր կարգին սպասելու: Տունը, դպրոցը, թէ այլուր ան պէտք է կանուխէն համբերատարութեան վարժուի:

5.- «Խնդրեմ» Ըսել.- Կանուխէն երեխան պէտք է սորվի «խնդրեմ», «հաճիս» ըսել: «Կ՛ուզեմ» անքաղաքավար եւ կոպիտ բառ է, որմէ պէտք է հրաժարի:

6.- Մարզական Ոգի Ունենալ.- Երեխան պէտք է սորվի լաւ խաղալ, շահիլ, բայց նաեւ ընդունիլ պարտութիւնը: Ան պէտք է իմանայ, որ ինք աշխարհի կեդրոնը չէ, ենթադրուած չէ մնայուն ձեւով յաղթելու, հետեւաբար պարտութիւնը ողբերգութեան վերածելը, կռուիլը կամ լալը սխալ հակազդեցութիւններ են:

7.- Դուռը Բռնել.- Երբ երեխան որեւէ տեղ կը մտնէ` տուն, վերելակ, խանութ, պէտք է սորվի դուռը բանալէ ետք զայն բռնել, որպէսզի ետեւէն եկողները եւս մտնեն:

8.- Տարբերութիւնները Ընդունիլ.- Երեխան պէտք է կանուխէն սորվի իրմէ տարբերները ընդունիլ եւ յարգել: Այսպէս, անոնց պէտք է բացատրել, թէ ինչո՛ւ ոմանք սպիտակամորթ են, ուրիշներ` սեւամորթ, ինչո՛ւ ոմանք հաշմանդամ են, ինչո՛ւ ոմանք տարբեր ոճի հագուստներ կը կրեն, կամ տարբեր ձեւով կ՛աղօթեն:

9.- Կիսուիլ Ուրիշին Հետ.- Երեխան պէտք է վարժուի կարգ մը բաներ ուրիշին հետ բաժնեկցելու, օրինակ, խաղալիքները: Եսակեդրոն, անձնասէր երեխան ապագային ընկերային լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ:

10.- Իմանալ Սեղանի Կանոնները.- Երեխան կանուխէն պէտք է սորվի բերանը գոց ուտել, ուտելու պահուն չխօսիլ, արմուկները սեղանին վրայ չդնել եւ այլն…

11.- Մեծերը Յարգել.- Երեխան պէտք է սորվի իրմէ մեծերը յարգել` իր տեղը անոնց զիջելով, օգնելով, անոնց հետ «դուք»-ով խօսելով եւ այլն…

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ նորաձեւութեան տարրերով համեմուած շատ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը, որուն հեղինակն էր «Kivera Naynomist» ապրանքանիշի ոճաբան Արեւիկ Սիմոնեանը:

Ոճաբանին խօսքով, ցուցադրութեան գաղափարին հիմքը ոչ թէ հագուստի ցուցադրութիւնն էր, այլ` հայկական մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը:

«Մենք կորցրել ենք մեր մշակութային կոթողները, եկեղեցիները, արցախեան եդեմական հողերը: Մտածում էի` ինչպէ՛ս կարող եմ աշխարհին ցոյց տալ մեր բազմադարեայ մշակոյթը: Գուցէ զարմանալի լինի, թէ ինչպէ՛ս կարող ենք նորաձեւութեան միջոցով մեր ձայնը լսելի դարձնել: Բայց ես հաւատում եմ դրան, որ եթէ ամէն մէկս մեր գործով պայքարենք, ինչ¬որ բան կարող ենք փոխել: Ես կարող էի միայն մշակոյթով ու իմ գործով պայքարել», կ՛ըսէ ոճաբանը:

Ցուցահանդէսը կայացաւ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, ուր դահլիճը բաժնուած էր 8 սրահներու` «Երկինք», «Ծնունդ», «Մկրտութիւն», «Օրհնութիւն», «Մեղսագործութիւն», «Ցաւ», «Կորուստ» եւ «Դատարկութիւն»… Սրահէ սրահ շրջող հանդիսատեսը ոչ միայն ծանօթացաւ Սիմոնեանի վերջին ստեղծագործութիւններուն, որոնք ցուցադրուած էին մանըքեններու վրայ, այլ ցուցահանդէսի ամբողջ տեւողութեան հնչող հոգեւոր երաժշտութիւնը եւ խորհրդաւոր լուսաւորութիւնը աւելի եւս օգնեցին հանդիսատեսին` ներթափանցելու Արեւիկ Սիմոնեանի հոգեվիճակին մէջ:

«Նպատակս հաւաքածոյի հանրայնացումը կամ նոր գաղափարների տարածումը չէր: Իմ նպատակի հիմքում մեր հաւատքն էր: Ուզում էի ցոյց տալ, որ մենք առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, ու դա պատահական չէ: Ուզում եմ, որ այս ցուցադրութիւնից հանդիսատեսը դուրս գալիս ոչ թէ ասի` «Հետաքրքիր ցուցադրութիւն էր», այլ իրեն հետ տանի ինքն իրեն վերանայելու, արժեւորելու ու մեր ունեցածը գնահատելու գաղափարը», կ՛ըսէ Սիմոնեան:

**

«Kivera» ապրանքանիշի հիմնադիրը 4 տղաներու մայր է եւ շատ լաւ գիտէ խաղաղութեան գինը: Եւ քանի որ հաւաքածոյին գաղափարը ծագեր էր յետպատերազմեան շրջանին, ապա պատերազմի թեման կարելի չէր չընդգրկել այս ցուցահանդէսին մէջ:

«Ես ցանկացել եմ ցոյց տալ ոչ թէ պատերազմը, այլ` մարդու անցնելիք ճանապարհը: Իւրաքանչիւր ցաւ, որ կապուած է կորստի հետ, տանում է քեզանից ինչ-որ մի բան: Ու մենք պէտք է ընտրենք բարին, լինենք մեր եկեղեցու, հաւատքի կողքին եւ կարող ենք շատ մեծ ու լուսաւոր ճանապարհ ունենալ», կ՛եզրափակէ Արեւիկ Սիմոնեան:

Նշենք, որ այս ցուցադրութիւնը պիտի ներկայացուի 7 տարբեր երկիրներու մէջ:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող 5 Հնարքներ

– 1 –

Եթէ տրամադիր չէք թացանի յատուկ պնակներ գնելու, պարզապէս ձեր թացանները մատուցեցէք քափ քէյքի յատուկ ափսէի մը մէջ:

– 2 –

Որպէսզի լուալու ընթացքին ձեր գլխարկը չձեւափոխուի, նախքան մաքրութեան ձեռնարկելը` անոր մէջ ուռած փուչիկ մը տեղաւորեցէք:

– 3 –

Կծու պղպեղին դպչելէ ետք ձեր ձեռքերուն հնդկընկոյզի իւղ քսեցէք, որպէսզի ձեր աչքերը չայրին զանոնք սխալմամբ շփելու պարագային:

– 4 –

Երբ նոր գնուած բոյս մը տուն բերէք, զայն դրէք լուսաւոր տեղ մը եւ առնուազն մէկ շաբաթ չտեղափոխէք զայն:

– 5 –

Առաւօտեան 2 զարթուցիչ լարեցէք, սկիզբը թրթռացողը, յետոյ` լսելին: Թրթռացող զարթուցիչը կ՛օգնէ ձեզի մեղմօրէն արթննալու, իսկ երկրորդ ձայնային ազդանշանը կը հաստատէ, որ դուք լիովին արթուն էք:

Պահքի Խոհագիր

 Դդումով Թաթխան

Թաթխան կը նշանակէ հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացան-թանձրուկ, ինչպէս` հըմմոսը,  մութապպալը եւ այլն…

Այսօր կը ներկայացնենք դդումով պատրաստուած համեղ թաթխանի բաղադրատոմս մը:

Բաղադրիչներ

– Կէս քիլօ դդում (լուացուած, կեղուըւած եւ խորանարդներու կտրատուած)
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Կէս գաւաթ թահին
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Դդումը խաշել, քամոցէ անցընել եւ խիւսի վերածել:

Աւելցնել` թահինը, աղը, սխտորը, կիտրոնի հիւթը, քանի մը կաթիլ ջուր եւ ձէթը: Բոլորը միատեղ լաւ խառնել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Մատուցել խրթխրթան հացի կողքին:

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ազատութիւնը

Եւ ա՛յն հասկացայ,
Ո՜վ Ազատութիւն,
Որ կարծեմ շատ ես դու նման աղի.
Երբ քեզ պեղում են`
Հանում ընդերքից,
Իրենց ձեռքերն են մարդիկ կտրատում,
Ինչպէս ապակուց…
Ու երբ լուծւում ես`
Ճիշդ աղի նման
Դու չես երեւում,
Դու համ ես դառնում…
Իսկ եթէ չկաս`
Անհամութիւն է,
Որ եւ կարող է կոչուել բռնութիւն…
Իսկ եթէ չկաս`
Կարող է հոտել
Ե՛ւ թանկ սնունդը,
Որ հոգեւոր է…
Իսկապէս որ դու նման ես աղի:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Թիֆլիս
1959

 

Viewing all 573 articles
Browse latest View live