Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 573 articles
Browse latest View live

Առողջապահական. Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ. Ի՞նչ Գիտենք Ջուրի Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իմացե՞ր էիք, որ օրական 5 բաժակ ջուր խմելը 45% տոկոսով կը նուազեցնէ յամրաղիի քաղցկեղի հաւանականութիւնը, 75% տոկոսով ստինքի քաղցկեղի եւ 50% տոկոսով` միզամանի քաղցկեղի հաւանականութիւնը:

Արթննալէ անմիջապէս ետք օրական 2 բաժակ ջուր խմելը կը խթանէ ներքին գործարաններու գործունէութիւնը: Կէսօրուան ճաշէն կէս ժամ առաջ բաժակ մը ջուր խմելը կ՛օգնէ մարսողութեան: Լոգանքէն առաջ բաժակ մը ջուր խմելը կը նուազեցնէ արեան գերճնշումը: Վերջապէս, քնանալէ առաջ բաժակ մը ջուր խմելը կը պաշտպանէ սրտի կաթուածէ:

Այսօրուան էջով, եկէք, ծանօթանանք ջուրի հետ կապուած ճիշդ եւ սխալ կարծիքներուն ու քաղենք անհրաժեշտ եզրակացութիւններ:

Պէտք Է Օրական 1,5 Լիթր Ջուր Խմել

ՃԻՇԴ: Լաւ գործելու համար մեր մարմինը օրական 2,5 լիթր ջուրի կարիք ունի փոխհատուցելու համար (քրտինքի, մեզի եւ այլ պատճառներով) ջուրի կորուստը: Բայց անհրաժեշտ չէ 2,5 լիթր խմել, քանի որ օրուան ընթացքին մեր կերած բանջարեղէններն ու պտուղները, ինչպէս նաեւ մեր խմած թէյը, հիւթը, սուրճը եւ այլն… մեծ քանակութեամբ հեղուկ կը հայթայթեն մեր մարմնին:

Ջուր Խմելու Համար Պէտք Չէ Սպասել Ծարաւին

ՃԻՇԴ: Այս ազդանշանը տեղի կ՛ունենայ, երբ մարմինը արդէն ջրազկրուած է: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ջուր խմել կանոնաւոր կերպով` առանց ծարաւի սպասելու, անկողինէն ելլելէ անմիջապէս ետք, ճաշի ժումերու միջեւ, մարզանքի ընթացքին եւ այլն…

Նախընտրելի Է Խմել Փոքր Քանակութեամբ Եւ Ոչ Թէ Մէկ Անգամէն

ՃԻՇԴ: Լաւ գործելու համար մարմինը մնայուն ձեւով ջուրի կարիք ունի, կարելի չէ զայն երկար ժամեր ջուրէ զրկել եւ ապա մէկ անգամէն առատ ջուր խմել. այս խախտումը կը վնասէ գործարաններուն: Մեր բոլոր բջիջները մնայուն ջուրի կարիք ունիք. ծարաւը ջրազրկման միակ ախտանշանը չէ: Գլխացաւը, յոգնածութիւնը, գլխապտոյտը, ականջներուն մէջ զնգոցը, մտային եւ ֆիզիքական ունակութիւններու նուազումը եւս ջրազրկումի լուրջ ախտանշաններ են: Հետեւաբար թելադրելի է ջուր խմել ամբողջ օրուան տեւողութեան` տրամաբանական քանակով:

Շատ Պաղ Ջուր Խմելը Վնասակար Չէ

ՍԽԱԼ: Շատ պաղ ջուրը կը վնասէ ակռաներուն (յատկապէս եթէ գերզգայուն են), կոկորդին եւ մարսողական համակարգին: Տաք եղանակին 8 – 12 ջերմաստիճան ջուրը իտէալական է:

Պէտք Չէ Ջուր Խմել Ճաշի Ժումերու Ընթացքին

ՍԽԱԼ: Սխալ է այն համոզումը, որ կերակուրին հետ ջուր խմելը կը դանդաղեցնէ մարսողութեան գործընթացը: Անշուշտ, թելադրելի չէ սափոր մը ջուր խմելը, բայց բաժակ մը ջուրը կրնայ նոյնիսկ նուազեցնել ախորժակը:

Մանկավարժին Կարծիքով

 Ծնողներ, Այս Արտայայտութիւնները
Դուրս Ձգեցէք Ձեր Բառապաշարին

1.- «Ձեռքէդ բան չի գար, տուր` ես ընեմ»:

Հոգեբաններու կարծիքով, այս արտայայտութիւնը կ՛իջեցնէ փոքրիկին ինքնագնահատանքը եւ կը տրամադրէ անյաջողութեան: Ան ինքզինք ոչ պիտանի կը զգայ, իսկ ապագային կը զգուշանայ որեւէ բան նախաձեռնելէ` մտածելով, որ իր «ձեռքէն բան չի գար»… կը դառնայ անինքնավստահ եւ չնախաձեռնող:

2.- «Լա՛ւ, ա՛ռ, միայն թէ լռէ՛»:

Շատ մը ծնողներ դժուար կը դիմանան իրենց զաւկին «նըւնըւոց»-ին եւ ի վերջոյ զիջելով` կը կատարեն անոր փափաքը: Դժբախտաբար այսպիսով անոնք իրենց փոքրիկին կը սորվեցնեն, որ լալով, նըւնըւալով եւ համոզելով կարելի է հասնել ամէն ինչի:

3.- «Շո՛ւտ, հիմա, արագ պիտի վերջացնես»:

Պէտք չէ այդքան կտրուկ ըլլալ փոքրիկին հետ, չէ՞ որ ան դեռ երեխայ է եւ անփորձ. հետեւաբար անոր պէտք է տրամաբանական ժամանակ տալ որեւէ գործ կատարելու եւ աւարտելու համար, ի հարկին ձեռք մեկնելով անոր:

4.- «Ո՛չ, չեմ գներ, դրամ չկայ, շատ սուղ է»:

Դժուար է երեխային բացատրել, թէ ինչո՛ւ կարելի չէ ամէն բան գնել. կտրուկ պատասխանները չեն համոզեր փոքրիկը: Նախընտրելի է ըսել, որ այդ խաղալիկին նմանը ունի, շատ տուրմ ուտելը վնասակար է, սպասէ մինչեւ տարեդարձիդ  օրը եւ այլն…

5.- «Պիտի հիւանդացնես զիս»:

Շատ մը մայրեր յաճախ այս արտայայտութիւնը կ՛ունենան, մինչեւ իսկ` օրական քանի մը անգամ… բայց կու գայ ժամանակ, երբ երեխան լուրջի չ՛առներ այս սպառնական արտայայտութիւնը եւ շատ լաւ կը հասկնայ, որ մայրը այսպէս կ՛արտայայտուի պարզապէս, որպէսզի ինք չաղմկէ, չցատկռտէ, չխաղայ եւ այլն…

Ոճաբանին Կարծիքով

Ինչպէ՞ս Ոճային Տեսք Ունենալ

Հազիւ քայլ մը իրարմէ կը բաժնէ նորաձեւութիւնը, անճաշակութիւնն ու գռեհկութիւնը, ըսած է «Շանել» նորաձեւութեան տան նախկին ձեւագէտ-ոճաբան Քարլ Լակըրֆիլտը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 6 հնարքներ` նորաձեւութեան ծուղակը չիյնալու եւ ոճային ու վայելուչ տեսք ունենալու համար:

1

Ձեր մարմինը մտածուած ձեւով ցուցադրեցէք: Եթէ որոշած էք ուսերն ու տեքոլթէն ցուցադրել ուրեմն հրաժարեցէք միաժամանակ ոտքերը ցուցադրելէ:

2

Յատկապէս լայն տաբատ կրելու պարագային, անպայման հաշուի առէք ձեր կրունկներուն բարձրութիւնը` թափթփած տեսք չունենալու համար:

3

Եթէ որոշած էք քանի մը շղթայ եւ մանեակ միասին կրել, չափը մի՛ անցընէք ծիծաղելի եւ չտես արտաքին չունենալու համար:

4

Եթէ վագրի մորթի տեսքով գլխարկ, վերարկու կամ տաբատ պիտի կրէք, չափը մի՛ անցընէք, բաւարարուեցէք մէկ հատով խճողուած տեսք չունենալու համար:

5

Շապիկի օձիքի բացուածքի չափը շատ կարեւոր է, փորձեցէք 5-7 սմ սահմանը չանցընել` յատկապէս աշխատանքի վայրը, եկեղեցին կամ գործի հետ կապուած հարցազրոյցներու ընթացքին: Այլուր ազատ էք ձեր որոշումին մէջ:

6

Մի՛ վարանիք տարբեր նաշխեր համադրելու, սակայն ատիկա խելացի եւ մտածուած ըրէք անճաշակութեան ծուղակը չիյնալու համար:

Իրերուն Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Բոլորիս ձեռքի տակ կան անգործածելի իրեր, նախքան զանոնք թափելը կամ ուրիշին տալը` տեսնենք, թէ ստեղծագործ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են պահածոյ թոնի տուփերուն, հին թէյամանի մը, մետաղեայ ժանգոտ ցնցուղի մը:

Իսկական գլուխ գործոցներ:

Խոհագիր

Շոմինով Եւ Չամիչով Եղինձ

Բաղադրիչներ

– 5 պճեղ սխտոր
– Գինձի սերմ` 2 թէյի դգալ
– Ձիթապտուղի ձէթ` 2-3 ապուրի դգալ
– 500 կր. թարմ կամ 300 կր. սառած շոմին
– 1 սուրճի գաւաթ չամիչ
– Ճերմակ քացախ` 3 ապուրի դգալ
– Խաշած երկար հատիկով բրինձ` 2 գաւաթ
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ, սպիտակ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Չամիչները քանի մը վայրկեան պահել եռացած ջուրի մէջ, ապա ամանի մը մէջ փոխադրել եւ վրան քացախ լեցնել:

Կաթսային մէջ տաքցնել ձէթը, աւելցնել ճզմուած սխտորը եւ համեմները:

Աւելցնել շոմինը, կրակը զօրացնել եւ եփել, մինչեւ որ ամբողջ հեղուկը գոլորշիանայ:

Խառնուրդին աւելցնել խաշած բրինձն ու չամիչը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 7-10 վայրկեան:

Մատուցել որպէս կողմնակի ճաշատեսակ` մսեղէնի մը կողքին եւ կամ որպէս ամբողջական ճաշատեսակ:

Բարի՛ ախորժակ:

****

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ընթերցողը

Ես կարող էի լինել շատ անհո՜գ,
Ես կարող էի լինել շատ անփո՜յթ,
Ունենալ միայն մի փոքրի՜կ տան հոգս,
Փոքրի՜կ մի տենչանք` իմ կեանքի ճամբում,
Միայն իմ բախտով ու սիրով գերուել,
Միայն ա՜յդ մասին խորհել ու գրել,
Թէ չտեսնէի՜ դէմքն այն պատանու,
Որ իրենց տան մէջ, թէ դասարանում,
Նստել ու հիմա իմ գի՛րքն է կարդում
Եւ իմ ամէն մի խօսքին… հաւատո՜ւմ…
Դու լսո՞ւմ ես ինձ, անյայտ պատանի,
Կարող ես վստա՛հ լինել մատեանիս,
Ես զգո՜ւմ եմ իմ կոչումն իսկական
Ես քեզ համա՛ր եմ տառապում այսքան…
Ես այնպէս կանեմ, որ դու քա՛ջ լինես,
Բռնութեան առաջ գլուխ չծռե՛ս,
Հեշտ ճամբով երբե՛ք կեանքում չընթանաս
Քո ժողովրդի ի՛ղձը չուրանաս,
Միշտ յիշե՛ս,
որ` դու Մա՛րդ ես ու Աստուա՛ծ,
Եւ «ո՛չ»-ն ու «այո՜»-ն քեզնի՜ց է կախուած…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 


Ինչպէ՞ս Հեքիաթ Պատմել Երեխային` Քունի Պատրաստելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Թելադրելի է, որ ձեր երեխան քնանալէ 1-2 ժամ առաջ շարժուն եւ աղմկոտ խաղերով չզբաղի: Ան պէտք է հանգստանայ, թուլնայ եւ տրամադրուի, որ շուտով պիտի քնանայ: Ասոր կը նպաստէ տաք լոգանքը, որուն կը յաջորդէ հեքիաթ պատմելու ժամը:

Հեքիաթ պատմելը յատուկ արուեստ է, որուն կը տիրապետեն յատկապէս մեծ մայրիկները: Երբ դուրսը արդէն մութ է, եւ փոքրիկը հագած է իր գիշերանոցը, արդէն հեքիաթի ժամն է:

Հեքիաթասացութեան Արարողութիւնը

Նախընտրելի է, որ դուք գոց գիտնաք հեքիաթը եւ ոչ թէ գիրքէն կարդաք զայն:

Կրնաք ամէն իրիկուն նոյն հեքիաթը պատմել ձեր երեխային, բայց` միայն քնանալէ առաջ եւ նոյն ժամուն: Այսպէս, առաջին բառերն իսկ երեխային ազդանշան կ՛ըլլան, որ արդէն քնանալու ժամն է:

Հեքիաթ պատմելու ժամանակ մարեցէք սենեակին լոյսը եւ բաւարարուեցէք տկար լուսաւորութեամբ մը: Սենեակին մէջ թող լռութիւն տիրէ. տնեցիներէն խնդրեցէք չաղմկել եւ հեռատեսիլին ձայնը տկարացնել:

Երեկոյեան հեքիաթը ամբողջովին կը տարբերի ցերեկային պատմութենէն: Հոս պէտք չէ պատմել դերերով, խօսիլ հերոսներու ձայնով: Ձեր ձայնը պէտք է ըլլայ թաւ, կրնաք նոյնիսկ ձայնաւորները երկարել, որպէսզի հեքիաթը նմանի երգի:

Եթէ երեխան աչքերը փակեց մէկ անգամէն, մի՛ ընդհատէք պատմութիւնը, շարունակեցէք պատմել, մինչեւ վրան ծածկէք ու սենեակէն հեռանաք:

Գեղեցկագիտական

 Լոլիկի Հիւթը Փայլուն Եւ
Մաքուր Մորթի Համար

Փայլուն եւ առողջ մորթը կը պահանջէ հետեւողական խնամք, բայց ոչ` պարտադիր մեծ պիւտճէ: Ահա, թէ ինչպէ՛ս սովորական լոլիկը կրնայ փոխարինել ամենասուղ գեղեցկագիտական արտադրութիւնները:

1) Կը բուժէ դէմքի մորթին բաց ծակտիկները:

Կտրեցէք լոլիկը երկու մասի, առէք մէկ կէսը եւ քսեցէք ձեր մաքուր դէմքին` կեդրոնանալով այն հատուածներուն վրայ, ուր ունիք մեծ ծակտիկներ: Այս գործողութիւնը կատարելու համար յատուկ ժամանակ չկայ. պատկերասփիւռ դիտելու կամ գիրք կարդալու ատեն առիթէն օգտուեցէք եւ խնամեցէք ձեր մորթը: 15-20 վայրկեան ետք մաքուր ջուրով լուացէք ձեր դէմքը եւ շատ արագ պիտի հաստատէք, որ ձեր մորթը դարձած է ողորկ, մաքուր եւ փայլուն:

2) Կը մաքրէ մորթը:

Փայլուն եւ մաքուր մորթ ունենալու համար մէկ միջակ լոլիկի հիւթին քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ մաքուր բամպակի մը միջոցով ստացուած հեղուկով մաքրեցէք ձեր դէմքը: Եթէ ձեր մորթին տեսակը չոր է, կիտրոնի հիւթը փոխարինեցէք վարդի ջուրով:

3) Կը կանխարգիլէ վաղահաս մորթի ծերացումը:

Շնորհիւ իր պարունակած կենսանիւթերուն եւ հանքայիններուն` լոլիկը հրաշալի անթիօքսիտան մըն է, անոր պարունակած լիքոփենը կը կանխէ մորթին վաղաժամ ծերացումը եւ կնճիռներու յառաջացումը: Նոյն արդիւնքը ձեռք կը բերէք հետեւողական ձեւով լոլիկ ուտելով:

4) Կը սպիտակեցնէ մորթը:

Լիքոփենը ոչ միայն կը կանխէ մորթին վաղաժամ ծերացումը, այլեւ կը պաշտպանէ արեւին վնասակար ճառագայթներուն հետեւանքներէն: Լոլիկի քսուկները նաեւ ժամանակի ընթացքին կը բանան, կը սպիտակեցնեն մթագնած մորթը:

5) Կը ձերբազատէ մեռած բջիջներէն:

Կիտրոնի հիւթին շաքարաւազ աւելցնելով` դուք կը ստանաք ձեր մորթին մեռած բջիջները մաքրող հիանալի դէմքի «սքրապ» մը: Այսպիսով, ձեր մորթը հանգիստ կը շնչէ ու կը թարմանայ: «Սքրապ»-ը կրնաք կիրարկել շաբաթը 2 անգամ, բայց` ոչ աւելի:

6) Կը խոնաւցնէ մաշկը:

Ձեր դէմքին մաշկը խոնաւեցնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը զայն լոլիկի հիւթով օծելն է եւ կամ` կիսուած լոլիկի կտորով շփելը: Այս ձեւով ձեր մորթը կը պաշտպանէք չորացումէ:

Առողջապահական

 Ինչպէ՞ս Պահպանել Ոտքերու Եւ Եղունգներու
Առողջութիւնը Տունը` Բնական Միջոցներով

Հեւքոտ կեանքը, երկարատեւ ոտքի վրայ աշխատանքը, անհանգստաւէտ կօշիկը եւ այլ ազդակներ պատճառ կ՛ըլլան, որ մեր ոտքերն ու եղունգները յոգնին, ցաւին, բորբոքին: Այո՛, ամբողջ օր մը մեր մարմնին ծանրութիւնը կրող ոտքերը խնամքի կարիք ունին, ստորեւ կը ներկայացնենք տան պայմաններու մէջ իրագործելի բնական միջոցներ` անոնց հանգստութիւնն ու առողջութիւնը ապահովելու համար:

Ոտքերը Չոր Պահեցէք

Ոտքերու առողջութեան ամենահիմնական սկզբունքներէն մէկը զանոնք չոր պահելն է, քանի որ խոնաւութիւնը կը ստեղծէ սունկերու աճին նպաստող միջավայր: Ոտքերը չոր պահելու համար`

ա.- Ընտրեցէք բնական նիւթերէ պատրաստուած կօշիկներ, որոնք շնչելու առիթ կու տան  ոտքերուն:
բ.- Խուսափեցէք քանի մը օր անընդմէջ նոյն կօշիկը  կրելէ:
գ.- Լոգանքէն ետք լաւ ցամքեցուցէք ձեր ոտքերը:

Ճիշդ Ձեւով Կտրեցէք Ձեր Եղունգները

Եղունգներու սխալ կտրուածքը կրնայ յանգեցնել որոշ ներաճած եղունգներու աճին այս անպատեհութենէն խուսափելու համար`

ա.- Ձեր եղունգները ուղիղ կտրեցէք, անկիւնները մի թեքէք:
բ.- Ձեր եղունգները չափէն աւելի կարճ մի՛ կտրէք ներաճող եղունգէ եւ որոշ վարակներէ խուսափելու համար:

Դարմանեցէք Ներաճած Եղունգը

Ներաճած եղունգը շատ ցաւոտ է, եւ պէտք է անմիջապէս դարմանել: Նախ քառորդ ժամ ձեր ոտքերը թրջեցէք գաղջ ջուրի մէջ (մէկ լիթր ջուրին 1 ապուրի դգալ աղ աւելցնելով), ապա ակռայի յատուկ թելը տեղաւորեցէք եղունգի եզրին տակ եւ զգուշութեամբ զայն բարձրացուցէք, յետոյ հականեխեցէք վնասուած բաժինը եւ, վերջապէս, քանի մը օր կրկնեցէք նոյն գործողութիւնը մինչեւ ամբողջական բուժում:

Եթէ բարելաւում չնկատէք, անյապաղ բժիշկին դիմեցէք:

Ոտքերը Թրջեցէք Գաղջ Ջուրի Մէջ

Որպէսզի ձեր ոտքերը թէ՛ հիանալի տեսք ունենան եւ թէ՛ հանգչին ու փափկանան զանոնք շաբաթը անգամ մը քառորդ ժամ թրջեցէք գաղջ ջուրի մէջ, չմոռնաք ջուրին աւելցնելու աղ, բնական իւղեր կամ խոտաբոյսեր:

Մարձեցէք Ձեր Ոտքերը

Լուացուած եւ ցամքեցուած ձեր ոտքերը շաբաթը 2-3 անգամ օծեցէք խոնաւցող սերով մը, ապա մարձեցէք ձեր ոտնաթաթերուն մատները, ներբանն ու կրունկները:

Արեան շրջագայութեան հարցեր ունեցող եւ շաքարախտաւոր անձերը պարտին հրաժարիլ ինքնադարմանումէ եւ դիմել մասնագէտ բժիշկի` լուրջ բարդութիւններէ խուսափելու համար:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

 Բացառուած Է Սառնարանը Պահել
Կարգ Մը Մթերքներ

Եթէ այն տանտիկիններէն էք, որոնք համոզուած են, որ ամէն ինչ կարելի է սառնարանը պահել` անոնց երկարատեւ թարմութիւնը պահպանելու համար, ապա ըսենք, որ չարաչար կը սխալիք… Չին գիտնականներ յայտնաբերած են, որ կարգ մը մթերքներ կարելի չէ սառնարանը պահել, քանի որ կը վնասեն մեր առողջութեան. եւ այսպէս, անոնք խորհուրդ կու տան սառնարանը չպահել`

Ա.- Բոլոր տեսակի համեմունքները, քանի որ ժամանակի ընթացքին անոնք խոնաւնալով կ՛արտադրեն սնկային թունաւոր նիւթեր` շատ վնասակար մեր լեարդին:

Բ.- Կարգ մը պտուղներ, յատկապէս` պանան եւ քիուի, քանի որ անոնք կ՛արագացնեն քայքայման գործընթացը, որ իր կարգին կը նպաստէ մանրէներու բազմացման:

Գ.- Դդմաճի բոլոր տեսակները` դարձեալ առողջապահական մտահոգութիւններէ մեկնելով:

Դ.- Սոխն ու սխտորը սառնարանին մէջ շատ արագ կը փճանան խոնաւութեան պատճառով: Իսկ մասնաւորապէս սոխը կը դառնայ թունաւոր:

Անկախ չին գիտնականնեու այս յայտնաբերումէն` գիտականօրէն փաստուած է, որ կարգ մը բանջարեղէններ, պտուղներ եւ այլ մթերքներ կը կորսնցնեն իրեց սննդական արժէքը, համն ու բոյրը` սառնարանը պահուելու պարագային:

Եկէք` ծանօթանանք բոլոր այն մթերքներուն, զորս պէտք չէ սառնարանը պահենք, նոյնիսկ եթէ առողջական հարցերու դուռ չեն բանար.

– Բուրաւէտ խոտերը` ռեհան, անանուխ, գինձ, խնկունի: Թելադրելի է զանոնք դնել քիչ քանակութեամբ եւ թարմ սպառել:

– Տուրմը եւ տուրմի թանձրուկները (նիւթելլա եւ այլն…) սառնարանէն դուրս ասոնք աւելի համեղ եւ քիմքին հաճելի են: Մինչդեռ սառնարանին մէջ կը կարծրանան ու կը դառնան ոսկորի կտոր:

– Մեղրը:
– Ձիթապտուղի ձէթը:
– Ձմերուկը, սեխը եւ առհասարակ ջուրով հարուստ պտուղները պէտք է հեռու պահել արեւէն եւ զետեղել չոր եւ զով տեղ մը:
– Պանանը:
– Աւոքատոն, լոլիկը:

– Հաւկիթը, այո՛, հակառակ որ սառնարանին դրան վրայ անոնց տեղ վերապահուած է, երկար ժամանակ սառնարանը մնալով` անոնք կը կորսնցնեն իրենց համը եւ կ՛ազդուին ճաշի մնացորդներու, պանիրի հոտերէն:

Վերջապէս, իմանանք, որ սառնարանին մէջ գտնուող բոլոր մթերքները ունին պահպանման ժամկէտ եւ հոսանքազրկումին հետ այդ ժամանակաշրջանը աւելի եւս կը նուազի: Հետեւաբար, եթէ նախորդ գիշերուընէ սառնարանը պահուած ձուկ, միս, հաւ ունինք եւ ամբողջ գիշերը հոսանքազրկում եղած է, ու սառնարանին պաղութիւնը խախտած է, պէտք է առանց վարանելու հրաժարիլ այդ ուտելիքներէն:

Խոհագիր

 Քըպպէ Պաթաթա

Հարաւային Լիբանանի խոհանոցը չափազանց պարզ եւ խնայողական է. անիկա հիմնուած է հողին տուած պարզ եւ սննդարար բաղադրիչներու վրայ` գետնախնձոր, լոլիկ, ձաւար, սոխ, ձիթապտուղի ձէթ եւ այլն…

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք հարաւային Լիբանանի պարզ եւ համեղ գետնախնձորով քիւֆթէի բաղադրատոմսը:

Բաղադրիչներ`

3 հատ միջակ չափի խաշած գետնախնձոր
1/4 գաւաթ մանր ձաւար
1/2 գաւաթ ջուր
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Կէս մանրուած կամ քերոցէ անցած սոխ
Թարմ անանուխ եւ բողկ` զարդարանքի համար
Կէս դգալ քըպպէի համեմունք (չոր ռեհան, չոր անանուխ, սեւ պղպեղ, չոր վարդի բողբոջներ, խնկածաղիկ (մարտաքուշ, քիմիոն)
Աղ

Պատրաստութիւն`

Ձաւարը 20 վայրկեան թրջել 4 ապուրի դգալ ջուրով:

Գետնախնձորները ճզմել, խիւսի վերածել:

Խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել գետնախնձորը, ձաւարը, ձիթապտուղի ձէթը, սոխը, համեմունքները, աղը եւ կէս գաւաթ ջուրը: Բոլորը միատեղ շատ լաւ շաղել, ապա մատուցման ամանին մէջ փոխադրել, երեսը զարդարել թարմ անանուխի տերեւներով, բողկի շերտերով եւ ձիթապտուղի ձէթով:

****

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Աղօթք Նոր Օրերու

Ա՛ստուած, պահէ զիս ըլլալէ մեծամոլիկ…
Թէեւ չեղայ, անշուշտ չունիմ ա՛լ ըլլալիք`
Սակայն նորէն, մինչեւ կեանքիս վերջին րոպէն
Տէ՛ր, պահէ զերծ զիս հոգիի այդ ուռեցքէն…:

Խելք` աւելի պիտի չըտաս քան քիչը այս.
Ուժ` ոչ, գեղ` ոչ. բայց պատահի որ եթէ տաս
Հարստութիւն, Տէ՛ր, մի՛ թողուր որ հաւատամ
Թէ «ինձմէ» է, մի՛ թողուր զայն պահել անգամ…:

Ու եթէ տաս դըրամն այդ շատ` տո՛ւր հետը քիչ
Մ՛ալ աւելի՛ քան ունեցածս հոգի եւ խիղճ,
Ինչպէս քիչ մ՛ալ աւելի միտք` որոնց հիմա՛
Կ՛անդրադառնամ – պէտքն անպատճառ այն ատեն կայ…:

Տէ՛ր, կը խնդրեմ, եթէ ինձ տաս հարստութիւն,
Բառը կրկնէ՛ եւ այս անգամ «համեստութիւն»
Արձագանգէ թո՛ղ հըրեշտակըդ սըխալմամբ,
Ու երեկոն կեանքիս մընայ խաղա՛ղ, անա՛մպ…:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

 

 

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ի՞նչ Գիտենք Ծաղկազարդի Մասին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ծաղկազարդը Զատիկը աւետող եկեղեցական տօն է:

Սխալ: Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ, Մեծ պահքի նախավերջին կիրակին:

***

Ծաղկազարդը ունի նախաքրիստոնէական ծագում:

Ճիշդ: Թէեւ Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով, սակայն տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում, եւ նուիրուած է գարնան զարթօնքէն յարութիւն առնող բնութեան:

***

Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար:

Ճիշդ: Մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով` պահպանուելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն. յետոյ զանոնք կ՛այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին` փորձանքներէ հեռու մնալու հաւատքով:

***

Ծաղկազարդը առաւելաբար մանուկներու տօն է:

Ճիշդ: Ծաղկազարդը մանուկներու եւ երիտասարդներու տօն է: Այդ օրը բոլորը կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրերը զարդարուն մոմերով կ՛ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին:

***

Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի ոտնլուայի արարողութիւնը:

Սխալ: Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի դռնբացէքի արարողութիւնը, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններու վարագոյրները: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը Աստուծմէ կը խնդրէ, որ արքայութիւն մտնել արտօնէ:

***

Ծաղկազարդին յաջորդող երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ տեւող շրջանը կը կոչուի Աւագ շաբաթ:

Ճիշդ: Այդ օրերուն եկեղեցին կը յիշէ Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը:

Ծաղկազարդի Հետ Կապուած
Հետաքրքրական Աւանդոյթներ

– ՋԱՒԱԽՔի մէջ ուռենիի ճիւղերով անասունները թեթեւակի կը հարուածէին` ըսելով` «քամու տեղ, սրտի դեղ», յուսալով, որ հիւանդութիւններէն հեռու կը մնան:

– ՆՈՐ ՊԱՅԱԶԻՏի մէջ օրհնուած ճիւղերը կ՛ամրացնէին խնոցի պարանին, որպէսզի «կաթը իւղոտ ըլլայ, ձձումին աչք չդպչի»:

– ՇԱՐՈՒՐի մէջ աղջիկները գունաւոր կտորներով կը զարդարէին ծառերը` յուսալով, որ իրենց երազանքները իրականան:

– ՏՈՐԹԵՈԼի մէջ եկեղեցիին խորանը կը զարդարէին Ամանոս լերան անտառներէն բերուած մանուշակներով:

– ԶԷՅԹՈՒՆցիները Ծաղկազարդը կ՛անուանէին պըատղինէ կամ ձիթապտղենի:

Ծաղկազարդէն ետք, Աւագ հինգշաբթի օրը բոլոր տանտիկինները սոխով, սխտորով եւ թթու կերակուրներ կը պատրաստէին յիշելու համար Քրիստոսի չարչարանքները: Իսկ ուրբաթ` խաւարման եւ լացի գիշերը, հաւատացեալները եկեղեցի կ՛ուղղուէին աստուածաշնչեան ընթերցումներ լսելու համար:

– ՄԱՐԱՇցիները Ծաղկազարդը կը կոչէին Ճորճարդոր: Անոնք տօնին առիթով կը կազմակերպէին ուխտագնացութիւն, պարտիզագնացութիւն, հանրային տօնախմբութիւններ եւ այլն…

– Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ Ծաղկազարդին սովորութիւն էր «վերվեր» պարել: Այդ օրը միայն տղամարդոց արտօնուած էր պարել:

Ծաղկազարդին սովորութիւն էր հատիկ պատրաստել` ցորենով, սիսեռով, չամիչով: Հատիկը որպէս նուէր կը տանէին այցելութեան երթալու ատեն եւ կամ կը նուիրէին թաղէ թաղ շրջող եւ Ծաղկազարդի երգեր երգող երեխաներուն:

Հետաքրքրական

 Անկելա Մերքելին Բնակարանը

Գերմանիոյ նախկին վարչապետը Անկելա Մերքելը պաշտօնավարած է 16 տարի: Աշխարհի ամենաազդեցիկ կիներէն մէկը համարուած Մերքել թէ՛ պաշտօնավարութեան տարիներոււն եւ թէ՛ այսօր համեստութեան եւ չափաւորութեան ջատագով է:

Մերքելին կեանքը յաւակնոտ չէ. ան չունի վիթխարի դղեակներ, զբօսանաւեր, շքեղ ինքնաշարժներ:

Ժամանակակից պատմութեան ամենաազդեցիկ կիներէն մէկը շքեղութեան մէջ չ՛ապրիր. ան կը բնակի Պերլինի հիւսիսը գտնուող հինգ յարկանի շէնքի մը չորրորդ յարկը: Շէնքին մօտակայքը կան երկաթուղագիծեր, եւ մարդիկ ազատօրէն կ՛երթեւեկեն մուտքին մօտէն:

Նախկին ղեկավարը բաց է իր ժողովուրդին համար, քանի մը ոստիկան կը հսկեն շէնքին մուտքը, իսկ անցորդները կրնան ազատօրէն շրջիլ տան շուրջ, նստիլ մայթին` առանց ոստիկաններու միջամտութեան:

Պերլինէն քանի մը հարիւր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հոհենվալտ գիւղին մէջ Մերքել ունի պապենական հողամաս մը, համեստ գիւղական տունով: Մերքել անձամբ կը զբաղի հողի մշակումով, ուր կ՛աճեցնէ միրգ եւ բանջարեղէն: Ան իր հիւրերը կը պատուէ իր ձեռքով պատրաստած ուտելիքներով եւ թխած համադամ կարկանդակներով:

Այս առիթով կարդանք Անկելա Մերքելի միտքերէն մէկ քանին.

– «Ազատութիւն չի նշանակեր բանէ մը ազատ ըլլալ, այլ` ազատ ըլլալ բան մը ընելու»:
– «Կրնամ կռանալ, բայց երբեք չեմ կոտրիր, քանի որ զօրաւոր կնոջ բնութեան մէջ չկայ նման բան»:
– «Ընկերներու միջեւ լրտեսութիւնը անընդունելի է»:
– «Ընդունելի չէ միջին եզրերու մասին մտածել, երբ հարցը կը վերաբերի մարդկային արժանապատուութեան»:
– «Երախտապարտ եմ այն բոլոր դժուար պահերուս եւ թափած բոլոր արցունքներուս, որոնք զիս մօտեցուցին Աստուծոյ եւ ինձմէ կերտեցին այսօրուան հզօր կինը»:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

Մետաղեայ զարդերը մաքրելու եւ փայլեցնելու համար օգտագործեցէք ակռայի մածուկը եւ միքրոֆիպր լաթ մը: Լաթին միջոցով մածուկով շփեցէք զարդը, ապա ցօղուեցէք հոսող ջուրի տակ եւ չոր լաթով մը ցամքեցուցէք:

***

Մարզանքի կօշիկները հակամէտ են գէշ հոտելու, անոնց մէջ կիտրոնի կեղեւ զետեղեցէք եւ ամբողջ գիշեր մը ձգեցէք: Առաւօտեան արդիւնքը անկասկած պիտի գոհացնէ ձեզ:

***

Որպէսզի կարկանդակի պատրաստութեան ընթացքին հարիչին պատճառով չորս կողմը չաղտոտի, անոր մետաղեայ ձողերուն փլասթիք կամ խաւաքարտէ պնակ մը հաստատեցէք. այդ անպատեհութիւնը կը չքանայ:

***

Որպէսզի լոլիկը դիւրին եւ առանց չարչարուելու կեղուէք, կաթսային մէջ ջուր եռացուցէք, դանակով լոլիկին վրայ խաչաձեւ ճեղք բացէք, ապա զայն 15 երկվայրկեան մխրճեցէք եռացող ջուրին մէջ: Յետոյ ծակերով օժտուած շերեփի մը օգնութեամբ լոլիկը փոխադրեցէք պաղ ջուրով եւ սառոյցով լեցուն ամանի մը մէջ:

***

Որպէսզի խաշած հաւկիթը դիւրին կեղուէք, եփի ջուրին մէջ դգալ մը պէյքինկ սոտա աւելցուցէք:

***

Եթէ միսը կամ որեւէ այլ մթերք կերպընկալ տոպրակի մէջ սառցարանը պիտի պահէք եւ տոպրակին օդը պարպող յատուկ գործիք չունիք, դիմեցէք հետեւեալ քայլերուն եւ կը հասնիք նոյն արդիւնքին.

Ա.- Զիփլոք տոպրակին մէջ տեղաւորեցէք միսը, բանջարեղէնը, ձուկը եւ այլն…

Բ.- Զիփլոքը գրեթէ ամբողջութեամբ փակեցէք` անկիւնը շատ պզտիկ ճեղք մը ձգելով:

Գ.- Խորունկ տաշտի մը մէջ ջուր լեցուցէք, զիփլոք տոպրակը մէջը մխրճեցէք` անշուշտ վերի բացուածքը ջուրէն բարձր պահելով:

Դ.- Ջուրին ճնշումը ինքնաբերաբար կը պարպէ տոպրակին մէջի օդը. ձեզի կը մնայ տոպրակը ամբողջութեամբ փակել եւ զայն սառցարանը տեղաւորել:

***

Որպէսզի պտուղները աւելի երկար ժամանակ պահպանուին, պտղամանին մէջ քանի մը կտոր խցան զետեղեցէք: Անոնք կը ներծծեն խոնաւութիւնը եւ կ՛ապահովեի պտուղներուն թարմութիւնը:

Խոհագիր

 Ճակնդեղով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 1 խաշած եւ խորանարդաձեւ կտրտուած ճակնդեղ
– 1 նարինջ, շերտուած եւ բարակ մաշկը հանուած
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 կիտրոնի հիւթ + կեղեւին տաշուքը
– 2 ապուրի դգալ կարմիր գինի կամ քացախ
– Շերտ մը ֆեթա պանիր
– Ձեռքի տակ գտնուող կանաչեղէններ` կանաչ սոխ, փերփեր, կոտեմ եւ այլն…
– Աղ

Պատրաստութիւն

Ներկայանալի ամանի մը յատակը ծածկել ձեր ձեռքի տակ ունեցած խոտերով: Վրան աւելցնել ճակնդեղի եւ նարինջի կտորները: Երեսը զարդարել փշրուած ֆեթա պանիրով:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` ձէթ, կիտրոնի հիւթ եւ կեղեւի տաշուք, գինի եւ աղ: Լաւ խառնել եւ աղցանը մատուցելէ առաջ զայն թափել ճակնդեղին, նարինջին եւ կանաչեղէններուն վրայ:

****

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օգնիր Ինձ

Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ,-
Եթէ քնած եմ` քնից արթնանալ,
թէ դուռը բաց է` ի զուր չբանալ,
Եղածով երբեք չհանգստանալ
Եւ չասել, թէ իմ արածն արեցի:
Չասել, թէ ամբողջ սրտով սիրեցի,
Չասել, թէ արդէն փառքին տիրեցի,
Դեռ երգը մտքում` չասել գրեցի,
Դեռ քարը հանքում` չասել կրեցի.
Առանց հիմք` չասել, թէ տուն շինեցի
Եւ վայելում եմ տունս բախտաւոր:
Չթուալ արդար` եղած մեղաւոր,
Մեղաւոր պահին` յանցանքը քաւել,
Քաւելու համար չըղձալ հատուցում
Եւ հատուցումով չհպարտանալ…
Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ:

Պ. ՍԵՒԱԿ

Զատկական 5 Զուարճալի Աւանդոյթներ` Տարբեր Երկիրներու Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

ՉԵԽԻՈՅ մէջ Զատկուան օրը տղամարդիկ ուռենիի ճիւղերը կը զարդարեն ժապաւէններով եւ անոնցմով թեթեւակի կը հարուածեն իրենց կիները: Ըստ աւանդոյթին, ուռենին գարնան առաջին ծառն է եւ անոր թեթեւ հարուածը կենսունակութիւն եւ պտղաբերութիւն կը փոխանցէ կիներուն:

ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ մէջ Զատիկին սովորութիւն է ոճրային պատմուածքներ կարդալ: Հեղինակներու կողմէ կը ստեղծուին այնպիսի գիրքեր, որոնք կ՛անուանուին «Զատիկի օրուան թրիլըրներ»: Այս աւանդոյթը ստեղծուած է 1923 թուականին:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ Հօ քաղաքին մէջ  Զատիկին աւանդոյթ է քաղաքին հրապարակին վրայ հսկայ ձուածեղ պատրաստել ու մատուցել: Ձուածեղին պատրաստութեան համար կ՛օգտագործուի 4.500 հաւկիթ, իսկ ձուածեղը կը կերակրէ մինչեւ 1000 մարդ: Կը պատմուի, որ երբ Նափոլէոնը իր բանակով կ՛անցնէր Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներէ, շատ կը հաւնի Հօ քաղաքին ձուածեղը, հետեւաբար քաղաքի բնակիչներուն կը հրամայէ հսկայ ձուածեղ պատրաստել իր բանակին համար:

ԼԵՀԱՍՏԱՆի մէջ Զատիկի օրը կը յիշեցնէ հայկական Վարդավառը: Մարդիկ իրարու վրայ ջուր կը թափեն: Այս աւանդոյթը կը կոչուի Ամինկուս տինկուս: Ըստ աւանդոյթին, այն երիտասարդուհիները, որ կը թրջուին, տարուան ընթացքին կ՛ամուսնանան:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆի Քորֆու կղզիի բնակիչները պատուհաններէն դուրս կը նետեն հին պնակեղէնը, տոպրակներն ու ջուրով լեցուն կաւէ ամանները: Խառնաշփոթ ստեղծող այս աւանդոյթը ենթադրուած է զերծ պահել չար ոգիներէն եւ գարնանամուտը դիմաւորել բարի ու դրական տրամադրութեամբ:

Առողջապահական

 Հրաժարեցէ՛ք Կերպըկալէ Շիշերէն

Կերպընկալէ շիշով ջուր կը վաճառուի աշխարհի չորս ծագերուն: Բոլորս ալ կ՛օգտագործենք զանոնք` համարելով մաքուր, առողջապահական եւ գործնական, մինչդեռ ասիկա սխալ համոզում մըն է:

Ներկայիս գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն «Պիսֆենոլ A» քիմիական նիւթի ազդեցութիւնը մարդոց առողջութեան վրայ:

Մուկերու եւ առնէտներու վրայ փորձեր կատարելէ ետք, անոնք բացայայտած են, որ կերպընկալը հակամէտ է գլխացաւ պատճառելու: «Պիսֆենոլ A»-ը կրնայ նաեւ ճարպակալման, անպտղութեան եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ:

Այսպիսով, գիտնականները գլխացաւով տառապող մարդոց կը թելադրեն խուսափիլ կերպընկալի գործածութենէն: Անոնք պարզած են, որ մարդու կեանքի ընթացքին կերպընկալ շիշերու բացակայութիւնը 66 առ հարիւրով կը նուազեցնէ «պիսֆենոլ»-ի մակարդակը:

Արդէն իսկ հաստատուած է, որ կերպընկալի հետ տեւական շփումը կրնայ զարգացնել կամ խթանել որոշ հիւանդութիւններ, ինչպէս` ալցայմըրը, երկրորդ տիպի շաքարախտը եւ որոշ տեսակի քաղցկեղներ:

Չմոռնանք նաեւ կերպընկալի հանդէպ ձեր վերաբերմունքը, որ նոյնպէս անմիջական ազդեցութիւն ունի մեր մոլորակի վիճակին վրայ: Կերպընկալէ տոպրակներն ու թափօնները, ինչպէս նաեւ արտադրական մնացորդները մեծ քանակութեամբ կը թափուին բնութեան մէջ: Այս աղտոտումը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ օդի, ջուրի եւ հողի որակին վրայ:

Վերջապէս նշենք, որ կերպընկալ շիշերու արտադրման համար շատ մեծ քանակութեամբ ջուր կը պահանջուի: Որքան որ ալ տարօրինակ թուի, իրականութիւնը այն է, որ շիշի պատրաստութեան համար 6-7 անգամ աւելի ջուր կը պահանջուի, քան այն, ինչ որ կը տեղադրուի շիշին մէջ:

Ժամանց

Բացայայտեցէք Ձեր Հոգիի
Երաժշտութիւնը

Ընտրեցէք այն նուագարանը, որուն ձայնը հոգեհարազատ է ձեզի եւ բացայայտեցէք ձեր հոգիին երաժշտութիւնը:

1.- Եթէ ջութակը ընտրեցիք, մանիշակագոյն հոգի ունիք. անիկա շատ զգայուն եւ խոցելի հոգի է: Նման հոգի ունեցող մարդիկ չափազանց բարի եւ անձնուրաց են. պատրաստ են միշտ օգնելու եւ թիկունք կանգնելու: Անոնք անշահախնդիր են եւ ներողամիտ:

2.- Եթէ ընտրեցիք դաշնամուրը, դեղին հոգի ունիք: Ձեր հոգին արեւի գոյն է, նոյնքան ջերմ ու առատաձեռն: Դեղին հոգիի տէր մարդիկ համակ սէր եւ քնքշութիւն են, անոնց մօտ ըլլալը չափազանց յարմարաւէտ է. այս մարդիկը իսկապէս նման են արեւին, անոնք մեծահոգաբար կը ջերմացնեն զիրենք շրջապատող բոլոր մարդիկը: Դեղին հոգի ունեցող մարդիկ հրաշալի առաջնորդներ, ուսուցիչներ եւ բժիշկներ են:

3.- Եթէ սրինգը ընտրեցիք, դուք կանաչ հոգի ունիք: Այս հոգին յաւերժ երիտասարդ ու թարմ տերեւներու գոյնն է: Կանաչ հոգիի տէր մարդիկ անկեղծ ու վստահելի են, աշխարհին հիացումով նայող երեխայի հոգի ունին: Կանաչ հոգիով մարդիկ ստեղծագործ են, անոնք յաճախ տաղանդաւոր դերասաններ, երաժիշտներ, պարողներ կամ գրագէտներ են:

4.- Եթէ սաքսոֆոնը ընտրեցիք, սպիտակ հոգի ունիք: Սպիտակ հոգի ունեցող մարդիկ անկանխատեսելի են եւ հետաքրքրական, անոնք կը միաւորեն տարբեր տեսակի յատկութիւններ: Սպիտակ հոգիի տէր մարդոց հետ կարելի է ամբողջ կեանք մը յարաբերիլ եւ ապրիլ հետաքրքրական արկածախնդրութիւններ: Սպիտակ հոգի ունեցողները թէ՛ կարգապահ են եւ թէ՛ ըմբոստ, թէ՛ անզիջող են եւ թէ՛ համակերպող, թէ՛ չարքաշ են եւ թէ՛ փխրուն…

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

 Ի՞նչը Ինչո՛վ Փոխարինել

Եթէ ձեռքի տակ սոյա սոս չունիք… Խոհարարին կարծիքով, կրնաք զայն պատրաստել հետեւեալ բաղադրիչներով.

– 2 ապուրի դգալ մեղր (նախընտրաբար` սեւ)
– Քառորդ ապուրի դգալ աղ
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– 1ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ քացախ

եւ կամ`

– 2 ապուրի դգալ արմաւի ռուպ
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 թէյի դգալ աղ
– 1 թէյի դգալ շաքար

* * *

Եթէ ձեռքի տակ հաւկիթ չունիք եւ կ՛ուզէք կարկանդակ պատրաստել, կրնաք հաւկիթը փոխարինել հասուն պանանով մը. 1 խոշոր հաւկիթը հաւասար է հասուն պանանի: Պանանը հաճելի համ կու տայ, բայց` ոչ ծաւալ:

Խոհագիր

Կիտրոնով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 5 հաւկիթ
– 1 3/4 գաւաթ շաքար
– 1 1/2 գաւաթ կաթ
– 1/2 գաւաթ կիտրոնի հիւթ
– 2 կիտրոնի տաշուք
– 3 գաւաթ ալիւր
– 1 գաւաթ ձէթ
– 2 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1/2 թէյի դգալ աղ
– 1/2 թէյի դգալ վանիլա
– 1 ապուրի դգալ քացախ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ դնել հաւկիթները, վանիլան, կիտրոնի տաշուքը եւ շաքարը, հարել ելեկտրական գործիքով: Յաջորդաբար աւելցնել` ձէթը, քացախը, աղը, կաթը, կիտրոնի հիւթը եւ շարունակել հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Թանձրուկին աւելցնել մաղէ անցած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ մեղմօրէն խառնել փայտէ դգալով կամ ձեռքի թել հարիչով:

Երբ բաղադրիչները լաւ խառնուին, փոխադրել կարագով եւ ալիւրով պատուած կաղապարի մը մէջ եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ 45 վայրկեան 180 ջերմաստիճանով:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ծովն էր, գիշերն էր, ես էի եւ դու,
Չորս հոգով էինք, էլ ոչ ոք չկար,
Թէ իմանար մեզ ինչից է զրկում,
Առաւօտն ինքն էլ երեւի չգար:

Մենք մեզ իրար մէջ որոնում էինք,
Դաշնութիւնն էինք հիւսում մեր հոգու,
Աստղերից կախուած օրօրւում էինք…
Ծովն էր, գիշերն էր, ես էի եւ դու…

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

Այսօր (14 ապրիլ 1914) Համօ Սահեանի ծննդեան օրն է:

 

 

 

 

 

Տունը Չես Կրնար Մոռնալ

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պուրճ Համուտի մէջ հաւաքուած է հոծ բազմութիւն մը։ Նպատա՞կը։ Քայլարշաւ դէպի Անթիլիասի կաթողիկոսարան՝ ոգեկոչելու հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ յիշատակը։

Բազմութեան մէջ կային բարեկամներ եւ հարազատներ։ Շատ հաճելի էր դարձեալ հաղորդակցիլ բոլորին հետ։ Չուշացաւ բարեկամի մը ակնարկութիւնը. «Հաճելի է քեզ հոս տեսնել»։ «Տունը սիրելի է», ըսի։ «Տունը կարելի չէ մոռնալ»։ Տունը՝ Պէյրութ, Լիբանան։ Հոն ուր ծնայ, մեծցայ եւ ստացայ ուսում եւ դաստիարակութիւն։ Ապրեցայ իր քաղցր օրերը եւ նոյնքան բաժնեցի անոր ցաւը։ Բայց մինչեւ այսօր ինծի համար Պէյրութը տուն է։ Ան սիրելի է եւ կարելի չէ որ մոռնամ։

Այսօր կրկին տեսայ, թէ տունը հաստատ է եւ ամուր, անկախ որ Լիբանան կ’ապրի տնտեսական եւ քաղաքական սուր ճգնաժամ։ Տեսայ, թէ լիբանանահայութիւնը ինչքան հաստատ է եւ վճռական։ Հայորդիներ՝ իրենց առօրեայ մտահոգութիւնը մէկ կողմ դրած, հաւաքուած էին նորոգելու իրենց ուխտը։ Այս քայլարշաւը ցոյց տուաւ, թէ գաղութը կ’ապրի իր ազգային ինքնութեամբ եւ պահանջատիրութեան գիտակցութեամբ։ Տեսայ, թէ անոնք վճռակամ են եւ պիտի շարունակեն իրենց երթը եւ միշտ պիտի յիշեն եւ պահանջեն։ Բոլորս ալ քալեցինք մինչեւ Անթիլիասի կաթողիկոսարան յիշելով մեր նահատակները եւ նոյնքան նաեւ պահանջելով։ Քալեցինք հպարտութեամբ։ Քալեցինք աննկուն կամքով եւ վճռակամութեամբ:

Կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրապետական պատգամը եկաւ ամրացնելու այս բոլորը։ Թէ՝ Տունը, Լիբանանը եւ լիբանանահայութիւնը տոկուն է։ Ան իր հազար ու մէկ մտահոգութիւններուն եւ տագնապներուն մէջէն կը կենայ հաստատ։ Ան չ’ուզէր սակարկել իր ինքնութեան պատկանելիութիւնը եւ պահանջատիրութեան գործընթացքը։

Ազգովին  կ’ապրինք մեր պատմութեան մէկ դժուար եւ բախտորոշ ժամանակահատուածին մէջ։ Բայց պիտի շարունակենք քալել։ Ազգային պահանջատիրութեան ՅՈՅՍԸ տակաւին զօրաւոր է։ Պիտի շարունակենք քալել՝ դուն, ես, եւ իւրաքանչիւր հայ աշխարհով մէկտեղ։

 

Ապրիլ 24, 2022, Պէյրութ։

Ձեր Ընտրութիւնը Կը Պատմէ Ձեր Մասին. Ո՞ր Աթոռը Կ՛ընտրէիք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ուշադիր նայեցէք նկարներուն եւ ընտրեցէք ձեր նախասիրածը, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1.- Եթէ ընտրեցիք գրասենեակի աթոռը, դուք աշխատասէր եւ ուժեղ մարդ էք, կրնաք երկար ժամեր աշխատիլ ծրագիրի մը վրայ եւ յաջողութեամբ պսակել զայն: Յաջողութիւնը ձեր մտասեւեռումն է. դուք աշխատանքէն հաճոյք կ՛առնէք, կատարելապաշտ եւ հաստատամիտ անձ էք:

2.- Եթէ ընտրեցիք պատշգամի եղէգէ հանգստաւէտ բազկաթոռը` օժտուած բազմոցով ու բարձով, դուք վիպապաշտ, երազկոտ եւ արուեստասէր անձ էք: Կրնաք երկար ժամեր նստիլ եւ մտածել կեանքի մասին, վերլուծումներ ընել եւ անջատուիլ ձեր շրջապատէն: Վառ երեւակայութիւն ունիք, եւ ձեր միտքը տեւաբար կը ճամբորդէ:

3.- Եթէ ընտրեցիք հոգեբանի բազկաթոռը, հետաքրքրասէր եւ նախաձեռնող անձ էք, կը սիրէք հարցեր տալ եւ անոնց պատասխանները փնտռել: Համբերութիւն ունիք նստելու եւ լսելու ուրիշներու կեանքի պատմութիւնները` ի հարկին անոնց թիկունք կանգնելու կամ ձեռք երկարելու համար:

4.- Եթէ ընտրեցիք հիւրասենեակի հանգստաւէտ բազկաթոռը, դուք շատ աշխուժ եւ ուրախ մարդ էք: Երբեք չէք ձանձրանար շրջապատի մարդոցմէ: Կեանքը ձեզի համար մեծ արկածախնդրութիւն մըն է: Քիչ մը անսովոր մարդ էք, բայց ձեր բարեկամները մեծ սիրով կը տանին ձեր «տարօրինակութիւնները»: Այս ձեւի աթոռ ընտրողները անընդհատ կ՛աշխատին իրենց վրայ եւ առաջ կ՛երթան:

5.- Եթէ ընտրեցիք ճաշասենեակի խիստ ոճի աթոռը, շատ յամառ բնաւորութիւն ունիք, ուշադիր եւ կեդրոնացում ունեցող անձ էք, յստակօրէն գիտէք, թէ ի՛նչ կ՛ուզէք եւ կրնաք զսպել ձեր յուզումները: Դուք արտաքնապէս պաղարիւն եւ անտարբեր կ՛երեւիք, բայց ներքնապէս փխրուն սիրտով եւ ցաւակցող մարդ էք:

6.- Եթէ ընտրեցիք փափուկ, պարկ-բազկաթոռը, տեւաբար նորի փնտռտուքի մէջ էք: Անհանգիստ եւ անհամբեր բնաւորութիւն ունիք, ամէն բանի մասին կ՛ուզէք շուտ եւ շատ իմանալ: Փափուկ եւ հանգիստ ապրելակերպը կը գերադասէք չարքաշ եւ փոթորկոտ կեանքէն:

Հինը Նորի Վերածենք

Ինչպէ՞ս Դասական Պլուզ Մը
Ոճային Դարձնել

Միագոյն դասական պլուզը շատ լաւ ընտրութիւն է զայն տարբեր գոյնի տաբատներու եւ շրջազգեստներու հետ յարմարցնելու եւ հագուելու համար:

Դասական պլուզ մը դժուար թէ հնաոճ դառնայ, բայց կու գայ ժամանակ մը, երբ մենք կը ձանձրանանք անկէ եւ կ՛ուզենք նորով մը փոխարինել, իսկ մեր օրերուն հագուստէն առաջնահերթ բաներ կան գնելու: Հետեւաբար այսօրուան  սիւնակով կը ներկայացնենք սովորական, դասական պլուզ մը ոճային դարձնելու 4 տարբերակներ. կը բաւէ, որ դիմէք կարէ հասկցող բարեկամուհիի մը կամ դերձակուհիի մը օգնութեան:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Եթէ Կ՛ուզէք…

Եթէ կ՛ուզէք կատուն հեռու պահել տան բոյսերէն, հողին երեսը սեւ համեմի հատիկներ տարածեցէք: Ան հոտէն խրտչելով` կը հեռանայ:

Եթէ կ՛ուզէք ձեր մկրատին շեղբերը սրել, առէք աւազաթուղթի կտոր մը եւ զայն կտրտեցէք, մկրատին բթացած շեղբերը շուտով կը գտնեն իրենց նախկին վիճակը:

Եթէ կ՛ուզէք պնակեղէն լուալու սպունգը մանրէազերծել, զայն քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք: Երբ հոսանքը անջատէք մանրէներուն 90 տոկոսը արդէն չքացած կ՛ըլլայ:

Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր գունատած ճերմակ ասեղնագործը վերագտնէ իր սպիտակ տեսքը, կաթսային մէջ ջուր տաքցուցէք, 2 ապուրի դգալ փոշի կաթ լուծեցէք եւ ասեղնագործը առնուազն մէկ ժամ մէջը թրջեցէք: Ժամ մը ետք զայն չորցուցէք բացօթեայ` սեղանի մը վրայ տարածելով:

Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր խմիչքին սառոյցները փայլուն եւ թափանցիկ տեսք ունենան, նախքան սառցամանին մէջ լեցնելը` ջուրը եռացուցէք, քանի որ այդ ընթացքին ջուրը կը բիւրեղանայ եւ կը մաքրուի մանր-մունր աղտերէն:

Խոհագիր

Բանջարեղէններու Կեղեւներու
«Թեմփուրա»

Խնայասէր եւ տնտեսող կինը կը յարմարի բոլոր կացութիւններուն եւ ոչինչէն բաներ կը հնարէ:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք մեր առօրեայ բանջարեղէններուն կեղեւներով, այո՛, կեղեւներով պատրաստուած նախուտեստ, որ թէ՛ փոքրերը եւ թէ՛ մեծերը պիտի զարմացնէ:

Նախ բացատրենք, թէ ի՛նչ է թեմփուրան: Թեմփուրան ճափոնական խոհանոցի մասնագիտութիւն է: Թեմփուրային խմորին բաղադրիչներն են` ցորենի ալիւրը, պէյքինկ սոտան, հաւկիթը, ձէթը, աղը եւ այլազան համեմունքներ` խառնուած սառ ջուրի հետ: Ստացուած թանձրուկին մէջ ճափոնցիները կը թաթխեն ծովախեցգետին, զանազան ծովային պտուղներ, բայց նաեւ` ստեպղին, սոխ, սունկ եւ ապա կը տապկեն տաք ձէթի մէջ:

Մեր խոհագիրին համար անհրաժեշտ են`

– 1 գաւաթ ալիւր
– 1 հաւկիթ (սառնարանէն ելած, պաղ ըլլալը պայման է)
– 200 միլլիլիթր սառնարանէն ելած պաղ ջուր
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ թել դգալով խառնել ալիւրը, ջուրը եւ հաւկիթը: Ստացուած թանձրուկին մէջ թաթխել ստեպղինի, դդումի, գետնախնձորի, շողգամի կամ այլ բանջարեղէնի մաքուր կեղեւները, ապա տապկել տաք բուսական ձէթի մէջ, փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ, աղել, համեմել եւ մատուցել:

*************

Դրուագներ` Մեր Մեծերու Կեանքէն

 «Ստացել Եմ Մանկութեանս
Աշխատավարձը…»

Բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը կը սիրէր զբօսնել քաղաքի փողոցներուն մէջ: Անգամ մը անոր առջեւ տարեց մարդ մը կը կենայ ու կը հարցնէ.

– Դուն բանաստեղծ Շիրա՞զն ես:

Շիրազն ալ հպարտ-հպարտ, որ տարեց մարդը զինք ճանչցեր է, կը պատասխանէ.

– Հա՜, ես եմ Շիրազը:

Պապիկը թեթեւցած եւ խոր շունչ քաշելով` կ՛ըսէ.

– Քանի դուն Շիրազն ես, իմացի՛ր, որ ես քեզի դրամ պարտք ունիմ, ա՛ռ, վերցո՛ւր այս 10 կոպեկը:

Շիրազ անակնկալի կու գայ` ըսելով, թէ ինք ծանօթ չէ այդ պապիկին, բայց վերջինս կը պատասխանէ.

– Երբ դուն փոքր էիր եւ փողոցները ջուր կը ծախէիր, ես ջահել տղայ էի, ջուրդ կը խմէի, գլխարկդ աչքերուդ կը քաշէի եւ ոչ մէկ կոպեկ կու տայի խմած ջուրիս փոխարէն: Իմացեր եմ, որ մեծ մարդ դարձեր ես, խիղճս կը տանջէ, որ հետդ այդպէս վարուեր եմ: Վերցո՛ւր այս կոպեկը, որպէսզի հոգիս հանգիստ կարենամ տալ Աստուծոյ…

Շիրազը մէկ կոպեկ կը վերցնէ պապիկի ձեռքէն` փոխարէնը 10 ռուբլի դնելով անոր ափին մէջ եւ կ՛ըսէ.

– Ա՛ռ, հայրի՛կ ջան, շիշ մը օղի գնէ ու յաջողութեանս կենացը խմէ:

Յետոյ Շիրազ կը հանդիպի ընկերներուն եւ պարծենալով` կ՛ըսէ.

– Ստացեր եմ մանկութեանս աշխատավարձը…

***

Նշենք, որ Յ. Շիրազ 5 տարեկանին կը կորսնցնէ իր հայրը եւ շրջան մը մանկութիւնը կ՛անցընէ Ամերկոմի որբանոցը: Սակայն չդիմանալով որբանոցի դաժան պայմաններուն` կը փախչի, կը մնայ անապաստան եւ կուլայով (կաւէ կուժ) ջուր կը ծախէ:

Իր մանկութեան օրերուն մասին բանաստեղծը բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ գրած է, ինչպէս` «Մանկութիւն», «Գտայ», «Իմ կուլայով այս պուճուր», «Վեց տարեկան մանուկ էք» եւ այլն…

… Իմ կուլայով այս պուճուր
Ջուր եմ ծախում, սառը ջուր
Ջուր գնեցէք, սառը ջուր,
Որ հաց առնեմ իմ պուճուր…

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ի՞նչ պատահեց, այս ո՞ւր հասար,
Ասա, ես ի՞նչ անեմ:
Բեր ցաւերդ, յոգնած աշխարհ,
Դիր շալակիս, տանեմ:
Աստուած բախտի տունն աւերի…
Հատիկները գարու
Ասում են, թէ աւելի
Սեւ օրեր են գալու:
Խեղճուկրակ իմ երեխայ,
Աչքս աչքիդ յառեմ,
Նստեցնեմ ծնկիս վրայ,
Մատիդ փուշը հանեմ:
Իմ ալեհեր-ալեւորիկ,
Ոտքերն ընկնեմ սրբիդ…
Պահիր, դու իմ միամօրիկ,
Հանեմ փուշը սրտիդ…
Ինչքան էլ որ փշերն անլուր
Տանջեն քեզ չարաչար,
Դու աչքի փուշ չես դառնալու,
Աչքիս լոյսն ես, աշխարհ:
Փշեր, գարի, սեւեր… նրանց
Ո՞վ է շան տեղ դնում:
Սեւի միջով ուղիդ բռնած
Դէպի լոյսն ես գնում:
Ի՞նչ պատահեց, այդ ո՞ւր հասար,
Ասա, ես ի՞նչ անեմ:
Բեր ցաւերդ, յոգնած աշխարհ,
Դիր շալակիս, տանեմ…

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

Կին Դէմքեր. «Տարիքը Կենսափորձ Է»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իտալացի մանըքեն եւ դերասանուհի Մոնիքա Պելլուչի 57 տարեկան է. ան ո՛չ տարիքը գաղտնի կը պահէ, ո՛չ կնճիռները կը ծածկէ, ո՛չ գեղեցկագիտական գործողութիւններու կը դիմէ եւ ո՛չ ալ ֆոթոշոփերէ կ՛օգտուի:

Իտալացի դերասանուհին ամբողջ աշխարհին կ՛ապացուցէ, որ կինը կրնայ գեղեցիկ ըլլալ` անկախ տարիքէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կիներէն մէկը համարուած Պելլուչիի հետաքրքրական միտքերը` տարիքի եւ ծերութեան հետ կապուած:

«Քսան տարեկանին գեղեցիկ ըլլալը բնական է: Բայց երբ դուք գեղեցիկ էք 40, 50 տարեկանին, ատիկա արդէն նուաճում է: Ես ծերանալէ չեմ վախնար, չեմ ընկճուիր. կեանքի մէջ հիմնականը ընդհանրապէս այդ չէ: Հիմնականը սիրելն է, խնդալը եւ օրը օրին ապրիլն ու ուրախանալը: Այն ատեն իւրաքանչիւր արտաքինով ալ հիասքանչ կ՛երեւիք»:

***

«Կրնայ շատ սովորական հնչել, բայց գեղեցիկ ըլլալու համար կարեւոր է լաւ քնանալ, շատ ջուր խմել եւ զբաղիլ ինքնակրթութեամբ, չէ՞ որ գեղեցկութիւնը միայն արտաքինէն չի բխիր, այլ նաեւ` ներքինէն»:

***

«Տարիքը միայն արտաքին փոփոխութիւնները չեն: Հիմա ես շատ աւելի ինքնավստահ եմ, քան` երիտասարդ ժամանակ: Տարիքը նաեւ կենսափորձ է: Կինը 50 տարեկանին կը ծիծաղի այն խնդիրներուն վրայ, որոնք զինք կ՛անհանգստացնէին 20 տարեկանին: Ան տարբեր ձեւով կը նայի շատ մը բաներու: Չի վախնար շրջապատի քննադատութիւններէն, անոր այդքան ալ չ՛անհանգստացներ ուրիշներու կարծիքը. ասիկա մեծապէս կը թեթեւցնէ կնոջ կեանքը:

***

«Ծերացումը բնական գործընթաց է, զոր կարելի չէ կանգնեցնել եւ բնական է, որ արտաքինը կը փոխուի: Անբնական է անընդհատ երիտասարդութեան ետեւէն վազելը` սեփական դէմքը դարձնելով անճանաչելի:

Հիասքանչ է այն, ինչ բնական է: Երբ դուն այլեւս ինքզինքիդ հետ ներդաշնակ չես, դուն կը դառնաս ծաղրանկար:

Պէտք չէ վախնալ տարիքէն: Շատ աւելի դիւրին է ապրիլ, երբ դուք պարզապէս կ՛ընդունիք զայն: Վարեցէք առողջ ապրելակերպ, հանգստացէք եւ դուք ձեզ սիրեցէք»:

***

Դժբախտաբար քիչեր այս վերաբերմունքը ունին տարիքի նկատմամբ: Ծերացումի առաջին իսկ նշաններուն հետ շատեր կը դառնան ընկճախտի զոհ, եւ կամ, ինչպէս Պելլուչի կ՛ըսէ, կը վերածուին ծաղրանկարներու` գեղեցկագիտական գործողութիւններու ենթարկուելով:

Առողջապահական

Դրական Փոփոխութիւններ,
Եթէ Օրական Քալէք

Եթէ դուք ֆիզիքապէս աշխուժ չէք, քալելը ամենադիւրին միջոցներէն մէկն է մարմինը աշխուժացնելու եւ առօրեայ ընկճախտէն ձերբազատելու համար:

Քալելը միայն նիհարնալու համար չէ. ահա` բոլոր միւս առաւելութիւնները, որոնցմէ կարելի է օգտուիլ օրական քալելու պարագային:

– 1 –

Հոգեկան բարեկեցութիւն
Եթէ յաճախ կը ջղայնանաք կամ եթէ ընկճախտին դժուար կը տիրապետէք, քալելը բացասական հոգեվիճակներէն ձերբազատելու լաւագոյն միջոցն է:

– 2 –

Մարսողութիւն
Չափէն աւելի՞ կերեր էք, մարսողական դժուարութի՞ւն ունիք: Քալելը կը խթանէ հաստ աղիքի գործունէութիւնը` կանխելով  փորկապութիւնը եւ արագացնելով կերակուրի մարսողութիւնը:

– 3 –

Տեսողութիւն
Եթէ երկար ժամեր կ՛անցընէք համակարգիչին առջեւ, քալելը հիանալի վարժութիւն է ձեր աչքերուն համար: Քալելու ընթացքին ձեր շուրջը դիտելով` ձեր տեսողութիւնը կը կեդրոնացնէք մօտակայ եւ հեռաւոր առարկաներու վրայ, ինչ որ իտէալական մարզանք մըն է: Բացի այս` քալելը կը նուազեցնէ աչքի ճնշումը, որ շատ բարձր ըլլալու պարագային կլոգոմա կրնայ յառաջացնել:

– 4 –

Ուղեղ
Միտքը աշխուժ պահելու եւ Ալցայմըր հիւանդութիւնը կանխելու համար շատ օգտակար է երկար քալել, գոնէ` օրը մէկ անգամ:

– 5 –

Սիրտ
Զբօսնելով` դուք անմիջապէս կը բարելաւէք ձեր արեան շրջագայութիւնը: Հետեւաբար հետեւողական ձեւով քալելը կը կարգաւորէ արեան ճնշումը եւ կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի մակարդակը:

– 6 –

Թոքեր
Քալելը կը բարձրացնէ շնչառութեան արագութիւնը եւ կը բարձրացնէ թոքերուն մէջ թթուածինի քանակը: Այս իսկ պատճառով թելադրելի է զբօսնել բնութեան գիրկը, թոքերը լեցնել մաքուր օդով եւ թարմացնել շրջանառութեան համակարգը:

– 7 –

Մկաններ
Քալելը շատ կարեւոր է մկաններուն համար: Օրական առնուազն 10 հազար քայլ առնելով` մկանները կը պաշտպանէք թուլացումէ, տկարացումէ:

– 8 –

Ոսկորներ եւ յօդեր
Եթէ դուք կը տառապիք յօդերու կոշտութենէ կամ ցաւէ, փորձեցէք ամէն օր մեղմ քալել եւ անմիջապէս դրական փոփոխութիւններ կը նկատէք: Յետդաշտանադադարի փուլը թեւակոխած կիներուն քալելը կ՛օգնէ կանխել ոսկրային խտութեան կորուստը:

– 9 –

Ենթաստամոքսային գեղձ
Քալելը կը կանխէ շաքարախտը, կամ կը կարգաւորէ անոր տոկոսը արեան մէջ:

– 10 –

Մէջքի ցաւ

Եթէ մէջքի ցաւէ կը տառապիք, լուծումը բազմոցին պառկելու փոխարէն` մեղմ վարժութիւններ կատարելն ու քալելն է:

Ալ ինչի՞ սպասել, ընտրեցէք քալելու յարմարաւէտ կօշիկներ, որոշեցէ՛ք եւ առէք ձեր առաջին քայլերը. շուտով կը համոզուիք, որ ճիշդ որոշում առած էք:

Ոճաբանին Կարծիքով

Պարզ Հնարքներ`
Աւելի Բարձրահասակ Երեւալու Համար

Ոճաբաններու կարծիքով, կան փոքրիկ հնարքներ` աւելի սլացիկ եւ բարձրահասակ երեւալու համար: Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք այդ հնարքներէն ամէնէն գործնականները:

Կարճ Փէշ
Եթէ ձեր մարմնին կազմուածքը կ՛արտօնէ, կարճ փէշ կրեցէք: Այո՛, ծունկէն վեր կիսաշրջազգեստը երկար սրունքներու տպաւորութիւն կը ձգէ: Հետեւաբար խուսափեցէք երկար փէշերէն, որոնք հասակը «կը կտրեն»:

Փոքր Պայուսակ
Մեծ պայուսակները փոքր կազմուածքներուն համար չեն: Անոնք կ՛ընդգծեն լայնութիւնը եւ ոչ թէ` բարձրութիւնը: Նախապատուութիւնը տուէք փոքր պայուսակներուն կամ փոշեթ կոչուած տեսակներուն:

Գծաւոր Տաբատներ
Գաղտնիք մը չէ, որ ուղղահայեաց գիծերը կ՛երկարացնեն մարմնին տեսքը: Նախապատուութիւնը տուէք բարակ գիծերու եւ բարձր մէջքով տաբատներուն:

Վէ Օձիք
Ոճաբանները կը պնդեն, որ գոց օձիքները, ինչպէս նաեւ զարդարուն ու խճողուած օձիքները կը ծանրացնեն կազմուածքը, մինչդեռ սուր բացուածքով վէ օձիքները «կ՛երկարեն» պարանոցը եւ աւելի սլացիկ տեսք կու տան մարմնին:

Ճիշդ Կօշիկի Ընտրութիւն
Հրաժարեցէք հասակը «կտրող» կօշիկներէն (անկրունկ, խաչաձեւ կապերով, խճողուած զարդերով): Փորձեցէք ձեր կրած տաբատին գոյնէն կօշիկ հագնիլ եւ կամ` ընդհանրապէս նախապատուութիւնը տալ պեժ գոյնի կօշիկներուն:

Մեծ Կախազարդեր
Աքսեսուարի ընտրութեան պարագային, ձեր վիզն ու կուրծքը մի՛ խճողէք մեծ կախազարդերով եւ քանի մը անգամ փաթթուած վզկապերով: Ընտրեցէք բարակ շղթաներով նուրբ վզնոցներ, որոնք ազատօրէն կը ցուցադրեն ձեր վիզն ու կուրծքը եւ սլացք կու տան ձեր տեսքին:

Շինիոն Սանտրուածք
Եթէ երկար մազեր ունիք, յաճախ զանոնք ամփոփեցէք շինիոնի տեսքով եւ ցուցադրեցէք ձեր ծոծրակը: Այս սանտրուածքը, ինչպէս նաեւ կարճ մազերը կ՛արժեւորեն վիզն ու ծոծրակը եւ աւելի սլացիկ տեսք կու տան ձեր կազմուածքին:

Խոհագիր

Կրկնեփով Աղանդեր

Բաղադրիչներ

Սերի պատրաստութեան համար` 3 հաւկիթ, 150 կ շաքար, 70 կ եգիպտացորենի ալիւր (corn starch), 700 միլլիլիթր կաթ, 150 կրամ կակուղ պանիր (փիքոն, ֆիլատելֆիա, պելլա…), վանիլլա, շուրջ 18 քառանկիւն կրկնեփ:

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ ձեռքի թել հարիչով հարել հաւկիթները, շաքարը, վանիլլան: Յետոյ աւելցնել եգիպտացորենի ալիւրը, տաք կաթը եւ շարունակել հարել: Կաթսան փոխադրել կրակին վրայ, հարել, մինչեւ որ սերը թանձրանայ:

Սերը փոխադրել ամանի մը մէջ, երեսը կերպընկալով ծածկել եւ ձգել, որ պաղի` սառնարանին մէջ առնուազն ժամ մը:

Ժամ մը ետք պաղած սերը ելեկտրական հարիչով զարնել եւ աւելցնել կակուղ պանիրը եւ շարունակել հարել, մինչեւ որ միատարր սեր մը ստացուի:

Առնել քառանկիւն կաղապար մը, յատակը մոմ թուղթով ծածկել, յետոյ շարել կրկնեփները, վրան տարածել թանձր սերը եւ կրկին ծածկել կրկնեփներով:

Սառցարանը պահել 4 – 5 ժամ, ապա ձեւաւոր կտրել եւ մատուցել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Չյագեցած Վրէժ

Ես համբուրում եմ,
քո վրիժառու ձե՛ռքն իմ ժողովո՛ւրդ.-
Քո՛նը` Թեհլիրեա՜ն,
Քո՛նը` Շիրակեա՜ն,
Քո՛նը` Երկանեա՜ն-
Վրէժներ` մարդու կերպարանք առած…
Ե՜ ւ խոնարհւում եմ,
Ձեր,-
Անհնարի՜ն հնարից ծնուած
Քաջութեան առաջ…
Ես համբուրո՜ւմ եմ
Դահիճների տա՜ք արիւնով օծուած
Ձեր ձեռքե՛րը ալ,
Բայց եւ… մորմոքո՜ւմ,
Ողբո՜ւմ ու լալի՜ս
Հայ բանաստեղծի արցունքով զուլա՜լ…
Ձեր կերած հացն  ու մօր կաթը հալալ…
Բայց… ի՜նչ դեղ անեն անբոյժ իմ վէրքին
Ինչո՞վ սփոփեն վիշտն իմ դառնագին
Մի… թէկուզ սատկա՜ծ Թալէաթ կամ Ճեմալ…
Ի՞նչ վրէժ է դա,
Կամ` ի՜նչ հատուցում,
Տիեզերական այն ոճիրի դէմ
Եւ այն զոհերի` անթի՜ւ, անքանա՜կ,
Որոնց մի չնչին եղունգը չարժեն,
Հազար Թալէաթ ու Էնվերի դիա՜կ…
Հազար դահի՛ճ էլ,
Թէ եօթնապատիկ պատի՛ժ ստանայ-
Գէթ մի հայ մանուկ,
Մորթուա՜ծ մի մանուկ,
Աչքը կը բանա՞յ…
Թէ  փռուի՜ անգամ
Հարիւր հազար լէշ`
Գորշ գայլի ու շան,
Կը ծնուի՞ կրկին
Եւ աշխարհ կը գա՞յ
Մի նոր… Վարուժա՜ն…

Գ. ԷՄԻՆ

 

 

 

Հետաքրքրական. Օծանելիքի Մը Պատմութիւնը «Շանել Թիւ 5»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1921-ին, երբ ան արդէն իր ոճը պարտադրած էր Փարիզի նորաձեւութեան աշխարհին, Կապրիէլ Շանել որոշեց ստեղծել իր սեփական օծանելիքը: Ան դիմեց ռուս ցարերու արքունիքի նախկին բուրագործ Էրնեսթ Պոյի, որուն առաջարկած բազմաթիւ նմուշներէն ոճաբանը ընտրեց թիւ 5 նմուշը: Երբ հարցը հասաւ այս նոր օծանելիքին անուն տալու, Կապրիէլ Շանել որոշեց զայն մկրտել «Շանել թիւ 5», քանի որ մայիս 5-ին (հինգերորդ ամիս, հինգերորդ օր) հրապարակ պիտի իջնէր անուշահոտը, եւ այս թիւին մէջ ան տեսաւ երջանիկ նախանշան:

Շուտով իւրայատուկ բուրմունքով «Շանել թիւ 5»-ը դարձաւ աշխարհի ամէնէն շատ վաճառուող օծանելիքը եւ մինչեւ օրս կը մնայ ամէնէն փնտռուածներէն մէկը:

Համաշխարհային յաջողութեան հասած օծանելիքը նոյնիսկ առասպելի աստիճանի հասաւ, երբ 1954-ին Մարիլին Մոնրոն հարցազրոյցի մը առիթով յայտարարեց, որ քնանալէ առաջ միայն քանի մը կաթիլ «Շանել թիւ 5» կը կրէ…

Ստեղծումէն ի վեր օծանելիքը ներկայացուած է աշխարհի ամենագեղեցիկ կանանց կողմէ, ինչպէս` Քարոլ Պուքէ, Նիքոլ Քիտման, Վանեսա Բարատի…

Ինչ կը վերաբերի օծանելիքի սրուակին, ոճաբանը անձամբ պատկերացուց եւ ձեւաւորեց զայն:

Նշենք, որ այսօր` 5 մայիս 2022-ին «Շանել թիւ 5»-ը դարձաւ 101 տարեկան:

Յղի Մայրերու Վարքագիծեր, Որոնք
Կ՛ազդեն Երեխաներուն Վրայ

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ յղի կիներու մօտ ընկճախտն ու անհանգստութիւնը կրնան աւելցնել վաղաժամ ծննդաբերութեան եւ այլ բարդութիւններու հաւանականութիւնը: Բայց կան այլ ազդակներ, որոնք կրնան բացասաբար ազդել ապագայ երեխային վրայ: Ծանօթանանք վարքագիծի որոշ տեսակներու, որոնցմէ ձեռնպահ պէտք է մնալ յղութեան ընթացքին:

– Կռուիլ, վիճիլ, պոռալ
Կռիւն ու վէճը անհանգստութիւն եւ ընկճախտ կը պատճառեն, ինչ որ կրնայ մեծապէս ազդել երեխային վրայ, յատկապէս անոր դիմադրականութեան համակարգին եւ ուղեղին վրայ: Միւս կողմէ, բղաւելը կրնայ վնասակար ըլլալ մօր համար եւ յանգեցնել գլխացաւի, սրտխառնուքի եւ քունի հետ կապուած հարցերու:

– Շատ շաքար սպառել
Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ յղութեան ընթացքին մեծ քանակութեամբ շաքար օգտագործած մայրերը սորվելու եւ յիշելու դժուարութիւն ունեցող երեխաներ ունեցած են:

– Տրամադրութեան տատանումներ
Յղութեան ընթացքին տրամադրութեան փոփոխութիւնները սովորական երեւոյթ են, ընդհանրապէս` հորմոնային փոփոխութիւններու արդիւնք: Տրամադրութեան յաճախակի տատանումները կ՛ազդեն ուղեղին վրայ ոչ միայն մօր, այլ նաեւ` երեխային:

– Լաց
Յղութեան ընթացքին լալը բնական է, քանի որ կինը աւելի զգացական կը դառնայ: Բայց եթէ լացին կ՛ընկերանան այլ ախտանիշներ` ախորժակի կորուստ, մեղքի զգացում, հետաքրքրութեան բացակայութիւն, պէտք է խօսիլ բժիշկին հետ, քանի որ այս բոլորը բացասաբար կ՛ազդեն կազմաւորուող մանուկին վրայ:

– Քունի դժուարութիւն
Հետազօտողներու կարծիքով` կիներու 78 առ հարիւրը քունի խանգարումներ կ՛ունենան յղութեան ընթացքին: Պատճառը դարձեալ հորմոնային փոփոխութիւններն են:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ այն կիները, որոնք գիշերը 6 ժամէն պակաս կը քնանան, աւելի երկար ու դժուար կը ծննդաբերեն:

– Շարժումի պակաս
Յղութեան ընթացքին աւելորդ ծանրութիւնը, գիրութիւնը եւ շարժումի պակասը կրնան բարդութիւններ յառաջացնել ծննդաբերութեան ընթացքին: Ասկէ բացի, հետագային գիրութեան վտանգ կրնայ սպառնալ նաեւ երեխային:

«Յղի կինը երկու հոգիի համար պէտք է ուտէ» ըսուած խօսքին իմաստը ուտելիքի քանակէն աւելի ուտելիքի որակին ուշադրութիւն դարձնելն է եւ հետեւի բժիշկին խորհուրդներուն:

Առողջապահական

Քունի Պակասը`
Գիրութեան Պատճառ

Աշխատանքային երկար եւ հեւքոտ օրուան աւարտին մեզմէ ո՞վ չ՛երազեր հանգիստ քունի մը մասին: Բոլորս կը սիրենք քնանալ. քունը կենսական անհրաժեշտութիւն է, քանի որ անիկա առիթ կու տայ մարմնին վերականգնելու օրուան ընթացքին սպառած ներուժը:

Քունի պակասը կրնայ բազմաթիւ խանգարումներ պատճառել եւ բացասաբար ազդել մեր կեանքի որակին վրայ, մինչեւ իսկ` գիրութեան պատճառ դառնալ:

Եւ այսպէս` Շիքակոյի համալսարանի քունի եւ նիւթափոխութեան կեդրոնի հետազօտութեան կարծիքով քունի պակասը ախորժակը կը սրէ, անօթութեան զգացումը կը խթանէ, կը մղէ, որ ուտենք եւ բնականաբար` գիրնանք:

«Մենք կ՛ուտենք, որովհետեւ մարմինը պէտք է արթուն մնայ, որպէսզի կարենանք դիմակայել որոշ իրավիճակներ, որոնց կարգին` հանգիստի բացակայութիւնը: Յիշենք, որ անբաւարար քունի պատճառով, «լեփթին»-ը` յագեցուածութեան հորմոնը, կը նուազի եւ անօթութիւն կը պատճառէ ու կը յանգեցնէ շաբաթական միջին հաշիւով 1 քիլօ ծանրութեան յաւելման», կը պնդեն վերոյիշեալ կեդրոնի հետազօտողները:

Գիտականօրէն Փաստուած Է, Որ
Խռմփոցը Կը Վնասէ Առողջութեան

Շատեր ունին խռմփացող ծնողներ, ամուսիններ կամ ընկերներ, որոնք իրենց խռմփոցով զիրենք շրջապատողներուն քունը կը վերածեն իսկական մղձաւանջի: Ասիկա համատարած խնդիր է: Բացի այն, որ խռմփացող մարդիկ կրնան առողջական հարցեր ունենալ, նաեւ պէտք է հաշուի առնել խռմփոցի ազդեցութիւնը ուրիշներու վրայ:

Գիտական հետազօտութիւններ կը հաստատեն, որ շարունակաբար ենթարկուելով ուրիշներու խռմփոցի աղմուկին, երկար ժամանակի վրայ, կրնայ վնասակար ըլլալ առողջութեան: Քունի պակասը կը պատճառէ առողջական խնդիրներ, զորս մենք յաճախ կը թերագնահատենք: Խռմփացողի կողքին պառկելով մենք կը կորսնցնենք քունի թանկարժէք ժամեր, որոնք անհրաժեշտ են մեր մարմնին վերալիցքաւորուելու` ամբողջ օրուան մը յոգնութենէն ետք: Չմոռնանք նաեւ, որ խաղաղ եւ անխափան քունը կը նպաստեն նիւթափոխութեան եւ յիշողութեան ամրապնդման:

Նոյն հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ անոնք, որոնք կ՛ապրին օդակայաններու կամ այլ աղմկոտ վայրերու մօտակայքը, աւելի եւս ենթակայ են լսողական հարցեր, արեան բարձր ճնշում, դիւրագրգռութիւն կամ հոգեկան անհանգստութիւններ ունենալու: Իսկ խռմփոցին ձայնը անհերքելիօրէն կը յայտնուի վնասակար աղմուկներու ցուցակին վրայ:

Եզրակացութիւն. խռմփացող անձեր անյապաղ պէտք է լուծեն առողջական այս հարցը, քանի որ իրենցմէ կախեալ է նաեւ իրենց կողքին քնացողներուն առողջութիւնը:

Խոհագիր

 Ոսպով Եւ Ձաւարով Աղցան

Այս առողջապահական եւ գեղեցիկ աղցանը վառ գոյներ կը հաղորդէ ձեր սեղանին: Պատրաստութիւնը արագ եւ մատչելի է ստորեւ` բաղադրատոմսը:

Բաղադրիչներ

– Ոսպ (100 կր.)
– Խոշոր ձաւար (100 կր.)
– Գունաւոր պղպեղներ (3 հատ)
– Ստեպղին (1 հատ)
– Սոխ (1 հատ, շերտուած)
– Գինձ (կէս կապոց, մանրուած)
– Սխտոր (2 պճեղ)
– Ձիթապտուղի ձէթ (3 ապուրի դգալ)
– Քացախ կամ կիտրոնի հիւթ (ըստ ճաշակի)
– Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ոսպը խաշել եւ քամոցի մէջ փոխադրել: Ձաւարը 1 ժամ թրջել տաք ջուրի մէջ եւ քամոցի մէջ փոխադրել:

Ստեպղինը բարակ, երկար շերտերու վերածել: Պղպեղները երկայնքին բարակ կտրտել:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը (ձէթ, աղ, կիտրոնի հիւթ կամ քացախ, ճզմուած սխտոր, կարմիր փոշի պղպեղ):

Աղցանի ամանին մէջ լեցնել քամոցէ անցած ոսպը, ձաւարը, աւելցնել ստեպղինը, պղպեղները, սոխն ու գինձը, եւ զգուշութեամբ խառնել:

Վերջաւորութեան աւելցնել թացանը, կրկին խառնել: Մատուցելէ ժամ մը առաջ պատրաստել, որպէսզի լաւ թրծուի:

Ոսպ Ուտելու 8 Համոզիչ Պատճառներ

Բնասպիտով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ եւ սննդարար ոսպը նաեւ քիչ ջերմուժ պարունակող ու յագեցնող ընդեղէն մըն է. ստորեւ կը ներկայացնենք շաբթուան ընթացքին առնուազն մէկ անգամ ոսպ ուտելու 8 համոզիչ պատճառներ.

1.- Կը կարգաւորէ քոլեսթերոլի մակարդակը:
2.- Կ՛օգնէ նիհարնալու:
3.- Կը պահպանէ սիրտին առողջութիւնը:
4.- Կը բարելաւէ նիւթափոխականութիւնը:
5.- Կ՛օգնէ վերահսկելու արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
6.- Կը կանխարգիլէ քաղցկեղի որոշ տեսակներ:
7.- Կը կարգաւորէ արեան գերճնշումը:
8.- Կը դանդաղեցնէ ծերութեան հոլովոյթը:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Քարէ Քնքշանք

Լեռ ու անդունդ, ձոր ու կատար,
Ապառաժներ պատառ-պատառ,
Քարէ թռիչք, քարէ անկում…
Կապոյտ մշուշ, կապոյտ եթեր,
Ու կապոյտից պոկուած գետեր,
Որ կապոյտով են յորձանքում…
Լեռներն այստեղ բարձր են այնքան,
Որ շանթակերպ արծիւն անգամ
Թեւ չի բախում նրանց ձիւնին,
Վիհերն այստեղ խորն են այնքան,
Որ ձմեռուան կէսին անգամ
Բո՜ց է հագնում յանկարծ հոնին:
Ժայռերն այստեղ կարծր են այնքան,
Պղնձաջիղ, որձամկան,
Որ բախուելիս շանթ են ցանում,
Բայց եւ քնքուշ, քնքուշ այնքան,
Որ պղնձի միջից անգամ
Ծաղկի հրաշք ծիլն են հանում:
Հողմերն այստեղ այնքան են բիրտ,
Որ լեռներից ժայռ են պոկում
Ու գլորում անդունդն ի վար,
Հովերն այնքան են քնքշասիրտ,
Որ ծաղկի դէմ խոնարհ չոքում,
Աղօթում են մեղմ ու շուար:
Լեռ ու անդունդ, ձոր ու կատար,
Ապառաժներ պատառ-պատառ,
Քարէ թռիչք, քարէ անկում…
Հայոց երկիր, հայոց իմ հող,
Դու իմ քարէ մոլուցք ու ոխ,
Իմ քնքշութիւն, իմ քնքշութիւն…

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 


Երեխաներու Դաստիարակութիւն. Ձեր Երեխային Սմարթֆոն Նուիրելը Համազօր Է Անոր Մէկ Կրամ Քոքային Տալու…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Խելախօսներ

Տարիներ շարունակ փափուկ խաղալիքները, «Լեկօ»¬ն, փազըլը, վէպերն ու հեքիաթները երջանկացուցած են երեխաները, սակայն վերջին տարիներուն շատ բան փոխուած է, որովհետեւ ելեկտրոնային սարքերը դարձած են երեխաները երջանկացնող միակ «խաղալիքները»:

Կախուածութեան մասնագէտ բժիշկ, հոգեբան Մանտի Սալիկարի Լոնտոնի մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին ահազանգած է. «Ես միշտ կ՛ըսեմ ծնողներուն` երբ երեխայի սմարթֆոն կու տաս, ատիկա համազօր է անոր մէկ կրամ քոքային կամ շիշ մը գինի տալու: Կրնա՞ք երեխան իր սենեակին մէջ առանձին ձգել` իր տրամադրութեան տակ գտնուող ալքոլով կամ թմրանիւթով: Երբեք պէտք չէ անտեսել ելեկտրոնային սարքերու ազդեցութիւնը, երբ անոնք նոյնքան վտանգաւոր են, որքան` թմրանիւթերը»:

Սալիկարի իր հետազօտութիւններէն մեկնելով` կը հաստատէ, որ սմարթֆոններու եւ տեսախաղերու չափաւոր օգտագործումը վտանգաւոր չէ, բայց այդ սարքերու չարաշահումն ու կախուածութիւնը կը վտանգեն երեխաներուն հոգեբանական առողջութիւնը եւ ընկերային կեանքը:

Տեսախաղեր (Վիտէօ Խաղեր)

Տեսախաղեր խաղալը երեխաներու կեանքի զուարճալի եւ բնական մասն է: Բայց դժբախտաբար շատեր կը դժուարանան վերահսկել պաստառին առջեւ իրենց անցուցած ժամանակը եւ կը դառնան խաղի մոլին: Իսկ ասիկա կրնայ վնասել անոր ուսման, մարզումներուն եւ ընկերային յարաբերութիւններուն:

Ամերիկեան հաւաստի ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ տեսախաղի մոլի երեխաներուն մօտ ժամանակ հասկացողութիւնը աստիճանաբար կը ջնջուի, ան նոյն պատճառով բաւարար չի քնանար, այլ զբաղումներ (մարզական, մշակութային եւ այլն…) զինք չեն հետաքրքրեր, ընկերային յարաբերութիւնները եւ ուսումնական արդիւնքները կը տուժեն:

Ե՞րբ անհանգստանալ…

Երեխաներուն մօտ տեսախաղերու հանդէպ չափազանցուած կիրարկումը կրնայ անտեսանելի ձեւով դառնալ կախուածութիւն, բան մը, քիչ-քիչ կ՛ազդէ անոնց ուղեղի զարգմացման վրայ` փոխելով անոնց մտաւոր ունակութիւնները: Մտահոգիչ ախտանիշներու օրինակներ.

ա.- Կեդրոնացումի բացակայութիւն
բ.- Ուշադրութեան խնդիրներ
գ.- Դպրոցական գործունէութեան անկում
դ.- Խանգարուած քուն
ե.- Շրջապատէն խզում
զ.- Այլ բաներու հանդէպ հետաքրքրութեան պակաս:

Հետեւաբար կ՛արժէ այս մասին լրջօրէն մտածել, լուծումներ փնտռել, ի հարկին մասնագէտի դիմել, քանի դեռ ուշ չէ:

6 Մթերք, Որոնք
Կը Փճացնեն Ձեր Մորթը

Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնք կ՛ազդեն ձեր մորթի առողջութեան վրայ. այդ գործօններէն մէկը վատ սննդակարգն է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 6 մթերք, որոնք վնասակար են ձեր մորթին եւ կը նպաստեն անոր արագ ծերացումին:

1.- Սուրճը

Առաւօտեան ծէսի անբաժան գաւաթ մը սուրճը ունի իր անպատեհութիւնները` չափազանցելու պարագային: Սուրճը միզամուղ է, անիկա մարմինը կը ձերբազատէ խոնաւութենէ, ներառեալ` մորթը: Սուրճի չափազանցութիւնը կը նպաստէ կնճիռներու գոյացման: Հաւասարակշռեցէք սուրճը մէկ բաԺակ ջուր խմելով, որպէսզի փոխարինէ խոնաւութեան կորսուած բաժինը:

2.- Ալքոլ

Ոգելից ըմպելիները եւս միզամուղ են, անոնք ձեր մորթը ջրազրկելով` անոր կը հաղորդեն թոյլ եւ տժգոյն տեսք:

3.- Ճերմակ Բրինձը

«Անմեղ»  եւ սննդարար բրինձը շաքարի իր պարունակութեամբ յանձնարարելի չէ յաճախակի ուտել: Թելադրելի է զայն փոխարինել շէկ կամ սեւ տարբերակներով եւ կամ սահմանափակել անոր սպառումը:

4.- Աղը

Աղը եւս մորթի ջրազրկման մէկ այլ աղբիւր է եւ բնականաբար անոր ծերացման նպաստող գործօն: Նուազագոյնի իջեցուցէք անոր օգտագործումը, յատկապէս երբ գիտէք, որ անոր չափազանցութիւնը այլ առողջական հարցեր կրնայ ստեղծել:

5.- Վերամշակուած Միսը

Վերամշակուած միսերը (խոզապուխտ, մորթատել, սալամի…) առատ աղ եւ իւղ կը պարունակեն, ինչ որ չափազանց վնասակար է ձեր մորթին: Անոնք ոչ միայն կանխահաս ծերացում կը պատճառեն մորթին, այլեւ

անոր առաձգականութիւնը:

6.- Համեմուած Ուտելիքները

Բոլոր անոնք, որոնք զգայուն մորթ ունին, պէտք է հրաԺարին համեմունքներէն: Եթէ դուք ալ ձեր կարգին կը տառապիք մորթի կարմրութենէ եւ յատկապէս բշտիկներէ, հրաժարեցէք համեմուած ուտելիքներէն: Համեմները կը գրգռեն դէմքին մաշկը եւ թոյլ չեն տար, որ բշտիկները մարին:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Տան Մէջ Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ
Ծխախոտի Անախորժ Հոտէն

Եթէ տան մէջ ծխողներուն թիւը շատ է, կամ կը դժուարանաք ձեր հիւրերէն խնդրելու, որ ելլեն ու պատշգամը ծխեն, ուրեմն անխուսափելի է,  որ ձեր տունը լեցուած ըլլայ ծխախոտի անախորժ հոտով:

Բարեբախտաբար կան դիւրին եւ արագ միջոցներ` ծխախոտին հոտը չէզոքացնելու եւ տան մթնոլորտը թարմացնելու համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք ազդու միջոցներ:

-1-

Օդափոխութիւն: Այո՛, առաջին քայլը օդափոխութիւնն է. յատկապէս եթէ ձմրան եղանակին պատուհանները փակ պահած էք, ծխախոտի հոտը ներծծուած կ՛ըլլայ մինչեւ իսկ յատակի գորգին եւ կահոյքին կողմէ: Հետեւաբար առաջին հերթին բացէ՛ք պատուհանները, նոյնիսկ եթէ օդը ցուրտ է, թարմացնելու համար տան օդը: Իսկ օդափոխութիւնը պէտք է կատարուի օրական:

-2-

Հաճելի Բոյրեր: Երբ նարինջ, կրիֆոն կամ կիտրոն կ՛օգտագործէք, պահեցէք կեղեւները եւ զանոնք ջուրի մէջ եռացուցէք: Տան դռները բաց ձգեցէք, որպէսզի եռացող կեղեւներուն անուշ բոյրը տարածուի ամէնուրեք: Այս գործողութիւնը կրկնեցէք շաբաթը առնուազն 2 անգամ, կամ` հիւրերը ճամբելէ անմիջապէս ետք: Աւելի շեշտուած բոյր մը ստանալու համար կարելի է պտուղները շերտել եւ ջուրին աւելցնել խնկունիի ճիւղ մը, դափնիի տերեւներ, կասիայի փայտիկ մը եւ այլն:

-3-

Հաց Եւ Քացախ: Ֆրանսական հացի ճերմակ միջուկը թրջեցէք սպիտակ քացախի մէջ, դրէք սուրճի պնակներու մէջ եւ զետեղեցէք տան զանազան սենեակներու մէջ: Կարելի է հացը փոխարինել… թերթով:

-4-

Սոտա: Եթէ տունը այնքան մը լեցուած է ծխախոտի անախորժ հոտով եւ կահոյքն ու գորգերը եւս շատ գէշ կը հոտին, մաղով մը սոտա ցանեցէք անոնց վրայ, կէս ժամ ձգեցէք, ապա փոշեկուլով մաքրեցէք: Նոյնը կարելի է ընել ինքնաշարժի նստարաններուն պարագային:

Խոհարարական Գաղտնիքներ

Համեմները պահեցէք զով, չոր եւ մութ դարաններու վրայ, քանի որ տաքը, խոնաւութիւնն ու լոյսը բացասաբար կ՛ազդեն անոնց համին եւ բոյրին վրայ:

***

Աղցանի պատրաստութեան ընթացքին կիտրոնի կամ նարինջի կեղեւի տաշուք աւելցուցէք, իւրայատուկ համ եւ բոյր հաղորդելու համար:

***

Եթէ հաւկիթի դեղնուցին շատ չնչին քանակութեամբ նեսքաֆէ աւելցնէք եւ ապա ծեփէք կրկնեփներն ու խմորեղէնները, փուռէն դուրս բերելէ ետք անոնց գոյն ու փայլքը պիտի զարմացնեն ձեզ:

***

Երբ աղցան կը պատրաստէք, քացախը կամ կիտրոնի հիւթը միայն մատուցելէ անմիջապէս առաջ աւելցուցէք, որպէսզի կանաչեղէնները չթմրին եւ մնան խրթխրթան:

***

Որպէսզի ձեր դանակներուն շեղբերը երկար ժամանակ սուտ մնան, հրաժարեցէք զանոնք  մեքենայի մէջ լուալէ: Նաեւ հրաժարեցէք ապակեայ կամ քարէ աշխատանքի տախտակներէն, նախապատուութիւնը տալով փայտեայ կամ կերպընկալէ տեսակներուն:

***

Սառնարանին մէջ ածուխի կտոր մը զետեղեցէք շեշտուած, անախորժ հոտը կլանելու համար:

***

Սառցարանէն դուրս բերուած հաւի կտորները արագ «հալեցնելու» համար զանոնք պաղ ջուրի մէջ մխրճեցէք` 2 ապուրի դգալ աղ աւելցնելով:

Խոհագիր

Շոմինով Եւ Սիսեռով
Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

4 գաւաթ լուացուած եւ մանրուած շոմին
1 մանրուած սոխ
4 պճեղ ճզմուած սխտոր
1 գաւաթ խաշած սիսեռ
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Քիմիոն` ըստ ճաշակի
Կարմիր փոշի պղպեղ` ըստ ճաշակի
Աղ

Պատրաստութիւն

Տաքցնել ձէթը, աւելցնել սոխն ու սխտորը, ապա` մանրուած շոմինը: Թեթեւ կրակի վրայ 5 վայրկեան խառնելով եփել:

Խառնուրդին աւելցնել խաշած սիսեռը, աղը, քիմիոնը եւ կարմիր փոշի պղպեղը: Թեթեւ կրակի վրայ շարունակել եփել` մերթընդմերթ խառնելով:

Մատուցել տաք կամ պաղ` խորոված հացի հետ:

Եթէ թթուի սիրահար էք, կարելի է նաեւ կիտրոնի հիւթ աւելցնել:

Սիսեռ ուտելու 6 համոզիչ պատճառներ

1.- Ինչպէս բոլոր ընդեղէնները, սիսեռը եւս հարուստ է բուսական փրոթէինով:

2.- Սիսեռը, ինչպէս բոլոր բուսական մթերքները, քիչ քանակութեամբ իւղ կը պարունակէ, հետեւաբար յանձնարարելի է բոլոր անոնց որոնք քոլեսթերոլի հարց ունին:

3.- Սիսեռը հարուստ է հանքայիններով եւ էօ. կենսանիւթով: Ինչպէս գիտենք, կիրը եւ ֆոսֆորը կ՛օգնեն ոսկորներու եւ ակռաներու զօրացման, իսկ մակնեզիոմը կարեւոր դեր կը խաղայ ջիղերու եւ մկաններու գործունէութեան մէջ: Վերջապէս, Էօ. կենսանիւթը ծանօթ է ծերացումը դանդաղեցնելու իր յատկութեամբ:

4.- Սիսեռը յագեցնող է. անիկա հարուստ է բնաթելերով, որոնք կը դիւրացնեն մարսողութիւնը եւ կը նուազեցնեն մարսողական դրութեան խանգարումները: Յագեցնող եւ քիչ իւղ պարունակող սիսեռը յանձնարարելի է նիհարնալու սննդականոնի հետեւողներուն:

5.- Սիսեռը կ՛օգնէ հաւասարակշռելու շաքարի քանակը արեան մէջ:

6.- Սիսեռը կը պաշտպանէ քաղցկեղի որոշ տեսակներէ:

Շաբթուան Մտածումը

«Նաւը Լերան Վրայ»

«…Ես ասում եմ, որ եթէ ուզում ենք
ազատ հայրենիք` պէտք է
նրան ստեղծենք մեր սեփական
ձեռքերով: Աշխարհը մի անողոք
կռուի դաշտ է, փոթորկած մի ծով
եւ պէտք է բոլոր մեր ուժերը
միացնենք, եւ մեր իրաւունքները պաշտպանենք… Ես ծովի մարդ եմ.
երբ ովկիանոսի վրայ քամիները
ոռնում են եւ լերան նման ալիքները
վեր բարձրանում եւ սպառնում,
նաւապետը եւ իր մարդիկ
ուրիշների օգնութեան խոմ չե՞ն
սպասում, այլ ճիգ են անում նաւը
Էնպէս ղեկավարել, որ չընկղմի…
Մեր երկիրը նաւ է.
ուժ պէտք է, խելք եւ կամք պէտք է,
մեր սեփական միջոցներով
նրան տեղ հասցնել…»

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ
(Կոստանդին Եղիազարեան, 1885-1969)

 

 

 

 

 

Ժամանց. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Տեսողական թեսթերը կ՛օգնեն բացայայտելու բնաւորութեան որոշ յատկութիւններ: Արագ աչք մը նետեցէք նկարին եւ առանց երկար կեդրոնանալու` ըսէք, թէ ի՛նչ տեսաք առաջին հերթին: Ձեր պատասխանը շատ բան կը բացայայտէ ձեր մասին:

Կատու

Եթէ առաջին հերթին սեւ կատու տեսաք, դուք շատ խորաթափանց եւ ուժեղ կին էք: Դուք դիմացկուն բնաւորութիւն ունիք, շուտ յանձնուող չէք:

Իմաստուն, զուսպ եւ խորամանկ կին էք: Յստակօրէն գիտէք, թէ ի՛նչ կ՛ուզէք կեանքէն: Նպատակասլաց էք, ինքնավստահ քայլերով կ՛ուղղուիք դէպի ձեր նպատակները` զանոնք իրականացնելու վճռակամութեամբ:

Կօշիկ

Եթէ առաջին հերթին դուք կանացի կօշիկ տեսաք, ձեր հիմնական կանացի ուժը հմայքն ու հաղորդականութիւնն են: Մարդամօտ եւ ինքնաբուխ ձեր նկարագրին շնորհիւ` բարեկամներու ամբողջ բանակ մը ունիք ձեր շուրջ: Ձեր զրուցակիցները հաճոյքով կը լսեն ձեզ եւ անզօր են ձեր հմայքին դիմաց:

Ձեր շրջապատի մարդիկ հակուած են ձեզի վստահելու, հեղինակութիւն վայելող սիրուած ու հմայիչ կին էք:

Օգտակար Գիտելիքներ

 Ալիւմինիոմ Թուղթի
Ճիշդ Օգտագործումը

Ալիւմինիոմէ փայլաթուղթը ամէնուր տարածուած է մեր խոհանոցին մէջ, ինչպէս սննդամթերքները փաթթելու կամ պահելու, այնպէս ալ փուռին մէջ կերակուրներ եփելու համար:

Այսօր կան լուրջ բանավէճեր այն մասին, որ ալիւմինիոմը կը վնասէ մեր առողջութեան եւ կը նպաստէ ալցայմըր եւ փարքինսըն հիւանդութիւններու զարգացման:

Շարժայի ամերիկեան համալսարանը եւ Ապու Տապիի քարիւղի հիմնարկը պարզած են, որ ալիւմինիոմը շատ դիւրին կը թափանցէ թթուային մթերքներուն եւ բանջարեղէններուն մէջ, ինչպէս` լոլիկը, քացախը, կիտրոնը եւ նմանատիպ այլ ուտելիքներ: Իսկ այս վտանգը կը կրկնապատկուի բարձր ջերմաստիճանի պարագային, որքան բարձր է ջերմաստիճանը, այնքան աւելի մեծ է մետաղի կլանումը սննդամթերքին կողմէ:

Մարմնէն ներս թափանցելէն ետք ալիւմինիոմը կը տեղաւորուի մարմնի հիւսուածքներուն, յատկապէս ոսկրային հիւսուածքին մէջ եւ բարդութիւններ կը յառաջացնէ:

Վարկածներ կան, որ ալիւմինիոմի կուտակումը կրնայ բացասաբար ազդել յղի կնոջ ապագայ երեխայի ուղեղին վրայ, բայց նաեւ կրնայ անպտղութեան եւ որոշ տեսակի քաղցկեղներու պատճառ դառնալ:

Նշենք, որ թունաւոր նիւթերու եւ հիւանդութիւններու գրանցման գործակալութիւնը (ATSDR) կը պնդէ, որ մենք բոլորս օրուան ընթացքին երկրի վրայ, օդի, ջուրի եւ սնունդի ճամբով անխուսափելիօրէն կ՛ենթարկուինք ալիւմինիոմի ցած մակարդակի, միայն բարձր ազդեցութիւը կրնայ պատճառ դառնալ վերը յիշուած հիւանդութիւններուն: Ահա, թէ ինչո՛ւ նախազգուշութիւնը հարկաւոր է, հետագային չափսոսալու համար:

Այսուհետեւ կ՛արժէ նուազագոյնի իջեցնել ալիւմինիոմ փայլաթուղթի օգտագործումը եւ փորձել այլ տարբերակներ գտնել:

Սառնարանը պահուող ուտելիքներն ու կերակուրի աւելցուքները կարելի է պահել ապակեայ, կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ եւ կամ համապատասխան փլասթիք տուփերու մէջ:

Եթէ փուռը մսեղէն կամ ձկնեղէն պիտի եփէք եւ կ՛ուզէք ափսէին երեսը ալիւմինիոմ փայլաթուղթով ծածկել, կերակուրին եւ փայլաթուղթին միջեւ կաղամբի տերեւներ զետեղեցէք եւ եփէն ետք թափեցէք զանոնք: Կարելի է կաղամբի տերեւները փոխարինել մոմեապատ թուղթով:

Ինչպէ՞ս Զանազանել Լաւ Ուտելիքը` Վատէն

Յաճախ կը պատահի, որ ուտելիքը` գնէք եւ տուն վերադառնալէ եւ համտեսելէ ետք զարմանաք, որ անոնք թարմ չեն, անոնց համը այդքան ալ լաւ չէ: Նման յուսախաբութիւններ չապրելու համար ձեզի կ՛առաջարկենք օգտակար ուղեցոյց մը` թարմ ուտելիք զանազանելու ոչ թարմէն:

– ՀԱՒ գնելու պարագային պէտք է հաշուի առնէք հետեւեալ 3 կէտերը. ա) մորթին գոյնը պէտք է աւելի բաց ըլլայ` քան` ներքին միսին գոյնը, բ) միսին գոյնը պէտք է ըլլայ սպիտակ, իսկ հիւսուածքը` պինդ, գ) Ծրարին վրայ պէտք է նշուած ըլլայ պիտանելիութեան ժամկէտը եւ ծրարումի թուականը:

– ՁՄԵՐՈՒԿ գնելու ատեն ընտրեցէք շագանակագոյն եւ չոր ցօղունով տեսակը, որ հասուն ըլլալու նշան է: Ստուգեցէք նաեւ կեղեւին վրայի դեղին բիծը. որքան մութ է դեղինը, այնքան աւելի քաղցր է պտուղը: Վերջապէս, եթէ ձմերուկէն յառաջացած ձայնը թաւ է եւ կ՛արձագանգէ, կը նշանակէ, որ պտուղը տակաւին հասունցած չէ:

– ՊՂՊԵՂ գնելու ատեն ընտրեցէք մութ գոյնի, առանց բիծերու եւ համեմատաբար ծանր տեսակը: Մի՛ ընտրէք 3 փոսիկով տեսակը, նախապատուութիւնը տուէք 4 փոսիկով տեսակին, որ աւելի քաղցր կ՛ըլլայ եւ քիչ սերմեր կը պարունակէ: Վերջապէս, ստուգեցէ՛ք ցօղունը, ան պէտք է ըլլայ կանաչ, ամուր եւ հիւթալի:

– ՁՈՒԿ ընտրելու պարագային, առաջին հերթին նայեցէք աչքերուն, թարմ ձուկին աչքերը պէտք է ըլլան փայլուն սեւ, մաշկը` փայլուն մետաքսանման, միսը` ամուր, պիրկ:

– ՀԱԶԱՐ գնելու ատեն ուշադիր եղէք տերեւներուն, անոնք պէտք է ըլլան առողջ, ոչ ծակծկած, առանց բիծերու եւ շագանակագոյն եզրերու:

– ՄԵՂՐԻ ընտրութիւնը դիւրին չէ: Կիսաթափանց մեղրը չի նշանակեր, որ աւելի որակեալ է: Եթէ մեղրը անթափանց է եւ մութ գոյնի, կը նշանակէ, որ անիկա աւելի բնական է եւ աւելի քիչ մշակուած: Որքան ալ զարմանալի թուի, իմացէք, որ թարմ մեղրը աւելի դիւրին կը բիւրեղանայ, երբ ջերմաստիճանը նուազի. ասիկա կը վկայէ, որ մեղրը բարձրորակ է:

– ՊԱՆԱՆ ընտրելու ատեն ստուգեցէ՛ք ցօղունը, կանաչ եւ նոյնիսկ դեղին ցօղունը լաւ է, բայց եթէ ցօղունը շագանակագոյն է եւ սեւ բիծեր կը պարունակէ, յստակ նշան է, որ անիկա շատ հասուն է եւ արագ պէտք է սպառել:

– ԼՈԼԻԿ ընտրելու ատեն ուշադրութիւն դարձուցէք կեղեւին, անիկա պէտք է ըլլայ հարթ, փափուկ, առանց բիծերու եւ վնասուածքներու: Եթէ լոլիկէն զայն բնորոշ հոտ չէք առներ, կը նշանակէ, որ անիկա բաւարար հասուն չէ: Վերջապէս, իմացէք, որ հասուն, համեղ լոլիկը աւելի ծանր կը կշռէ, քան` խակը:

Խոհագիր

 Ծաղկակաղամբով Համեղ Աղցան

Բաղադրիչներ

1 ծաղկակաղամբ
1 նուռ
1 վարունգ
1 թարմ պղպեղ (նախընտրաբար դեղին)
Կէս կապոց ազատքեղ
Կէս կապոց անանուխ
1 սուրճի գաւաթ խաշած սիսեռ
1 կիտրոնի հիւթ
4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Աղ, սեւ փոշի համեմ

Պատրաստութիւն

Ծաղկակաղամբը լուալ, ցամքեցնել եւ ապա քերիչով կամ հարիչով մանրացնել, վարունգը կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրել, պղպեղը նոյնպէս խորանարդաձեւ կտրել, ազատքեղն ու անանուխը մանրել, նուռի հատիկները բաժնել, խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել բոլոր բաղադրիչները եւ զգուշութեամբ խառնել:

Աղցանը մատուցելէ կէս ժամ առաջ աւելցնել` կիտրոնի հիւթը, ձէթը, աղն ու համեմը եւ կրկին խառնել:

Երեսը զարդարել նուռի հատիկներով:

Ծաղկակաղամբ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

85 առ հարիւր ջուրէ բաղկացած ծաղկակաղամբը հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքանիւթերով: Ան մեր մարմնին կ՛ապահովէ`

– Կիր` ոսկորներու առողջութեան համար,
– Մակնեզիոմ` քունի որակի բարելաւման համար,
– Երկաթ` արեան տկարութիւնը դարմանելու համար,
– Սէ. կենսանիւթ` մարմնի դիմադրականութիւնը զօրացնելու համար: Ծաղկակաղամբի յաճախակի օգտագործումը կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն եւ որոշ տեսակի քաղցկեղներէն:

Ծաղկակաղամբը օգտակար է նաեւ մարսողական համակարգին. անիկա թելադրելի է փորկապութենէ տառապողներուն:

Այս բանջարեղէնը հիանալի հակաբորբոքային միջոց է… ան կը նուազեցնէ արթրիտի եւ այլ բորբոքային հիւանդութիւններու ախտանիշները:

Իր 85 առ հարիւր ջուրով ծաղկակաղամբը միզամուղ է, ուստի լաւ միջոց մը` մարմնէն թոյները դուրս քշելու համար:

Վերջապէս քիչ աղ պարունակող այս բանջարեղէնը յանձնարարելի է արեան բարձր ճնշումէ տառապողներուն:

***

Շաբթուան Մտածումը

«Դաշնակցութեան ակումբը օտարութեան մէջ կանգնած հայութեան տունն է, որուն քարերը կարծես շաղախուած ըլլան հայրենի հողին սրբազան կաւով, մեռելներուն աճիւնով եւ հերոսներու արիւնով: Զայն չեն կրնար քանդել կեանքի սովորական փոթորիկներն ու թշնամիի հարուածները»:

Մ. ԻՇԽԱՆ

 

 

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Բջիջայինէն Կախուածութիւն Ունի՞ք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար ձեզի ծանօթ է թեթեւ խուճապի եւ հիասթափութեան զգացումը, երբ բջիջայինը, տունը մոռցած էք:

Իսկ դուք գիտէ՞ք, որ ժամանակակից հասարակութիւնը կը տառապի նոմոֆոպիա կոչուած յատուկ վիճակէն: Այս բառը յառաջացած է անգլերէն «no mobile phobia» արտայայտութենէն  եւ ներմուծուած է մասնագէտներու կողմէ` բջիջայինը կորսնցուցած մարդոց անհանգստութեան երեւոյթը բնութագրելու համար:

Հոգեբաններ պատրաստած են հարցաշար մը` մարդոց մօտ նոմոֆոպիայի աստիճանը ստուգելու համար: Դուք ալ ձեր կարգին «այո» կամ «ոչ» պատասխանեցէք այս 20 հարցումներուն` պարզելու նոմոֆոպիայի ձեր աստիճանը: Թուղթի մը վրայ արձանագրեցէք ձեր «այո» պատասխաններուն թիւը:

1.- Առանց բջիջայինիս ես անհանգիստ եւ կորսուած եմ:
2.- Կը տխրիմ, եթէ վայրկեանը վայրկեանին տեղեկութիւններ չկարենամ ստանալ:
3.- Ջղային կը դառնամ, եթէ որեւէ պատճառով հեռաձայնս դադրի գործելէ:
4.- Կը զայրանամ, եթէ չկարենամ օգտագործել հեռախօսիս հնարաւորութիւնները` ցանկացած պահուս:
5.- Խուճապի կը մատնուիմ, երբ իմ հաշուիս գումարը կը սպառի:
6.- Եթէ կապ չկայ, կամ չեմ կրնար օգտուիլ Wifi-էն, անընդհատ կը ստուգեմ կապի առկայութիւնը:
7.- Եթէ բջիջայինս խանգարուի, բոլորովին տարբեր անձ մը կը դառնամ:
8.- Գործի մէջ եւ ամէնուրեք հեռախօսս միշտ ձեռքս է:
9.- Եթէ մնայուն կապի մէջ չըլլամ բարեկամներուս հետ, անհանգիստ եւ կորսուած կը զգամ:
10.- Եթէ հեռախօսս որեւէ տեղ մոռնամ, կ՛անհանգստանամ, որ հարազատներս պիտի չկարենան կապի մէջ ըլլալ հետս:
11.- Եթէ հեռախօսս որեւէ տեղ մոռնամ, աշխարհէն կտրուած եւ անապահով կը զգամ:
12.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս, շատ տարօրինակ կը զգամ, քանի որ ուրիշ ընելիք չունիմ:
13.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօսս չափազանց կը զայրանամ այն միտքէն, որ բոլոր բարեկամներս կապի մէջ են, իսկ ես` ոչ:
14.- Եթէ կորսնցնեմ հեռախօս, հեռու կը մնամ աշխարհի վերջին իրադարձութիւններէն:
15.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, մինչեւ իսկ կու լամ:
16.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս կը դառնամ յարձակողական եւ կը վիճիմ բոլորին հետ:
17.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, անմիջապէս կը մտածեմ նոր մը գնելու մասին:
18.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, շունչ կը քաշեմ «քանի մը օր հանգիստ» մնալու հեռանկարով:
19.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, կը փորձեմ հաշտուիլ կացութեան հետ:
20.- Եթէ կորսնցնեմ բջիջայինս, ինքզինքս աշխարհի ամէնէն դժբախտ անձը կը զգամ:-

Արդիւնք

– Եթէ «այո»-ներուն թիւը 5-ը չ՛անցնիր, հանգստացէ՛ք, բջիջայինէ կախուածութիւն չի սպառնար ձեզի:
– Եթէ 6-10 «այո» ունիք, դուք թեթեւ կախուածութիւն մը ունիք:
– Եթէ 11-15 «այո» ունիք, անհանգստանալու առիթ ունիք:
– Եթէ 16-էն աւելի են «այո»-ները, դժբախտաբար նոմոֆոպիան ձեզ կուլ տուած է…

Կենցաղային Իրեր, Որոնք
Պիտանելիութեան Ժամկէտ Ունին

Ոչինչ յաւերժ է. հոս խօսքը կը վերաբերի սպառողական ապրանքներուն, զորս կ՛օգտագործենք ամէն օր` առանց մտածելու, որ անոնք պիտանելիութեան ժամկէտ ունին եւ պէտք է փոխարինել նորերով: Ստորեւ` քանի մը օրինակ.

Բարձ` 2-3 Տարի

Ժամանակի ընթացքին բարձերը կը ձեւափոխուին, կը մաշին եւ պարանոցի ցաւեր կը պատճառեն: Միւս կողմէ` քրտինքը, խոնաւութիւնը, լորձունքը պատճառ կը դառնան, որ անոնց մէջ աքարիենները բոյն շինեն եւ առողջական խնդիրներ ստեղծեն:

Բարձերը պարբերաբար լուալը, արեւին պարզելը լաւ լուծումներ են, բայց չեն արգիլեր, որ 2-3 տարին անգամ մը անոնք փոխարինուին նորերով:

***

Հողաթափ` 6 Ամիս

Հողաթափերը յարմարաւէտ տնային ոտնամաններ են, բայց ցաւօք, անոնք նոյնպէս յարմար միջավայր են սնկային վարակներու տարածման: Պէտք է յաճախ լուալ զանոնք եւ 6 ամիսը անգամ մը փոխարինել նորով:

***

Սրբիչ` 1-3 Տարի

Լոգանքէն ետք օգտագործուած գլխու եւ մարմնի սրբիչները բաղնիքը կախուելու պարագային կը մնան խոնաւ եւ կը դառնան յարմար միջավայր` մանրէներու բազմացման: Իւրաքանչիւր լոգանքէ ետք սրբիչները պէտք է արեւին փռել եւ անշուշտ` շաբաթական դրութեամբ լուալ: Ամէնէն որակաւոր սրբիչն անգամ պէտք է 1-3 տարին անգամ մը նորով փոխարինել:

***

Կրծկալ 1-2 Տարի

Կանացի կրծկալները ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց առաձգականութիւնը եւ կը ձեւափոխուին: Իսկ թոյլ ու ձեւափոխուած կրծկալները նպատակի չեն ծառայեր, հետեւաբար պէտք է զանոնք փոխարինել նորերով` 1-2 տարին անգամ մը:

***

Օծանելիք` 1-3 Տարի

Օծանելիքները կրնան լաւ պահպանուիլ եւ երեք տարի ծառայել չբացուած եւ երկու տարի` բացուած վիճակի մէջ: Անշուշտ թելադրելի է այս ժամկէտները նկատի առնել, նաեւ` օծանելիքները պահել զով եւ արեւի ճառագայթներէն հեռու դարաններու վրայ: Ժամկէտը անցած օծանելիքին թէ՛ բաղադրութիւնը եւ թէ՛ բոյրը կը տուժեն:

***

Համեմունք` 1-3 Տարի

Երկար ժամանակի վրայ համեմունքները կը կորսնցնեն իրենց համն ու բոյրը: Յատկապէս աղացած համեմունքները 6 ամիսէն աւելի պէտք չէ պահել: Փակ, ապահով շիշերու կամ ծրարներու մէջ պահուած համեմները կարելի է պահել 1-3 տարի, իսկ բացուելէ ետք` նայած պիտանելիութեան ժամկէտին:

Թելադրելի է համեմները գնել քիչ քանակութեամբ եւ զանոնք պահել զով ու չոր դարաններու վրայ:

***

Ախտահանիչ` 3 Ամիս

3 ամիս օգտագործուելէ ետք ախտահանիչներուն մեծ մասը կը սկսի կորսնցնել իր արդիւնաւէտութիւնը: Թելադրելի է գնել քիչ քանակութեամբ եւ սպառել 3 ամսուան ընթացքին:

***

Մարզական Կօշիկ` 1 Տարի

Մարզական կօշիկները մէկ տարի օգտագործուելէ ետք կը սկսին մաշելու, յատկապէս` ներսէն: Իսկ մաշած մարզական կօշիկը չի կրնար իր նպատակին ծառայել: Թելադրելի է գնել որակաւոր մարզական կօշիկներ, զանոնք բացօթեայ օդափոխել, պարբերաբար լուալ եւ ի հարկին` նորով մը փոխարինել:

Սննդագիտական

Կ՛արժէ Մտածել

Ուշ երեկոյեան պատկերասփիւռին առջեւ նստած` հետաքրքրական ժապաւէն մը կամ ֆութպոլ կը դիտէք եւ հաճելի խորտիկ (snack)  մը կ՛երազէք: Իմացէք, որ 1 գաւաթ (100 կ) արեւածաղիկի կուտը 582 ջերմուժ կը պարունակէ եւ յագեցած է իւղերով, մինչդեռ միջակ չափի կանկառ մը (128 կ) միայն 69 ջերմուժ կը պարունակէ եւ հարուստ է բնաթելերով ու անթիօսքիտաններով: Ինչո՞ւ նախապատուութիւնը չտալ խաշած, կիտրոնով եւ համեմունքներով պատրաստուած կանկառին:

***

Կ՛ըսեն` հացը կը գիրցնէ: Իմացէք, որ պզտիկ չափի արաբական հացի մէկ երեսը 80 ջերմուժ կը պարունակէ, մինչ 1 միջին չափի աւոքատոն` 240 ջերմուժ, բաժակ մը կարմիր գինին` 125, հինգ հատ ընկոյզ` 130 եւ, վերջապէս, 2 քառանկիւն սեւ տուրմը` 107 ջերմուժ: Իսկ դուք ո՞ր մէկը կ՛ընտրէիք…

***

Երբ ձեր մօտ քաղցրի պահանջը կ՛ահազանգէ… իմացէք, որ առանց ընկուզեղէնի 1 գաւաթ կաթնապուրը 326 ջերմուժ կը պարունակէ, 1 գաւաթ քասթըրտը` 220, 1 գաւաթ մըղլին` 210, մէկ գաւաթ ճելոն` 80, իսկ մէկ գաւաթ լայթ ճելոն` 7 ջերմուժ: Ինչի՞ն կու տաք նախապատուութիւնը:

Խոհագիր

 Նամմուրա

Նամմուրան համեղ, դիւրին եւ համեմատաբար մատչելի լիբանանեան աղանդեր մըն է` անուշաբոյր ծորով յագեցան եւ նուշի շերտերով զարդարուած:

Միջին Արեւելքի մէջ շատ տարածուած այս աղանդերը եգիպտացիներուն մօտ կը կոչուի պասպուսա, պաղեստինցիներուն մօտ` հարիսա եւ այլն…

Բաղադրիչներ

Քաղցր ծորին համար`

– 2 գաւաթ շաքարաւազ
– 1 գաւաթ ջուր
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 թէյի դգալ ծաղիկի ջուր

Քաղցրացնող հեղուկը նախապէս պատրաստել եւ ձգել, որ պաղի:

Խմորին համար`

3/4 գաւաթ կարագ
3 գաւաթ սիմիտ
3/4 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ հեղուկ կաթ
– 2 1/2 թէյի դգալ պէյքինկ սոտա
– Կիսուած նուշ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ խառնել կաթը եւ սոտան, ձգել 10 վայրկեան, մինչեւ որ զանգուածը կրկնապատկուի:

Փոքր տաշտի մը մէջ լեցնել սիմիտը, հալած կարագը, եւ շաքարաւազն ու մատներու ծայրերով բաղադրիչները լաւ խառնել: Խառնուրդին աւելցնել կաթը եւ շարունակել խառել (առանց ամուր շաղելու), մինչեւ որ միատարր խմոր մը ստացուի: Ձգել, որ խմորը առնուազն կէս ժամ հանգչի:

Ափսէն ծեփել կարագով (կարելի է նաեւ թահինով ծեփել), խմորը մէջը տարածել` առանց ափերով ամուր ճնշելու: Երեսը տափակ բահիկով մը հարթել, ապա քառանկիւն ձեւաւորել` իւրաքանչիւրին կեդրոնը նուշ մը զետեղելով: Քառանկիւնները մակերեսային ձեւաւորել` առանց դանակը մինչեւ յատակ հասցնելու:

Նամմուրան նախապէս տաքցուած փուռի մը մէջ 25-30 վայրկեան եփել, որ ոսկեգոյն դառնայ:

Փուռէն հանելէ ետք տաք խմորին վրայ թափել նախապէս պատրաստուած եւ պաղած օշարակը եւ ձգել, որ խմորը ամբողջութեամբ ծծէ քաղցր հեղուկը ու պաղի սենեակի ջերմաստիճանով:

Մատուցել, երբ ամբողջովին պաղած է:

***

Շաբթուան Մտածումը

«… Կ՛անցնին բոլոր փոթորիկներն ու բոլոր ահագնադղորդ պատերազմները, կ՛անցնին բոլոր հորդաներն ու բոլոր բարբարոսները, կ՛անցնին բոլոր հերետիկոսներն ու բոլոր պզտիկ պարոնները` իրենց սուտ իմաստութեամբ: Հայո՛ց ազգ, քայլերդ դուրս մի՛ նետեր այս աւանդակներէն, այս ծործորներէն ու այս խոպան հողերէն: Եթէ նոյնիսկ բազուկներդ չկրնան հրացան բռնել, մագիլներովդ ճանկէ արդարութիւնդ, եթէ նոյնիսկ ստիպուած ըլլաս անգամ մը եւս ողնաշարդ ծռել, ողջ հասակովդ ընկիր մեր կարմիր հողերուն վրայ: Աւելի լաւ է սողալ այստեղ, քան թէ գլուխ ցցել ուրիշին սահմաններուն վրայ: Ո՛չ մէկ նոր ելք այլեւս այս հողերէն: Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն»…

Վազգէն Շուշանեան 

Այս օրը (2 յունիս 1941), փարիզեան հիւանդանոցի մը մէջ ծանր թոքատապով մահացաւ Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջ հոգը իր ուսերուն շալկած արձակագիր, բանաստեղծ Վազգէն Շուշանեանը:

 

 

 

 

 

Երեխան Ինչպէ՞ս Նախապատրաստել Քունի

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեկոյեան ծնողները անհամբեր կը սպասեն, թէ ե՛րբ իրենց «չարաճճի» երեխան վերջապէս հանգիստ կը պառկի, աչքերը կը փակէ ու քունի կ՛անցնի: Բայց ցաւօք, կ՛անցնի ժամը մը, երկու, իսկ երեխան տակաւին կայտառ կը թռչկոտէ անկողինին մէջ:

Որպէսզի երեխան քնացնելը տաժանակիր աշխատանքի չվերածուի, նախքան անոր անկողին ղրկելը պէտք է մտածել մէկ-երկու հանգիստ խաղերու մասին, որոնք կ՛օգնեն փոքրիկին քնանալ առանց քմայքի, լացի կամ դժգոհութեան:

Խաղի Հետաքրքրական
Տարբերակներ

– Ջուրով խաղալը կը հանդարտեցնէ: Լոգարանին մէջ ջուր լեցուցէք եւ ձեր երեխային տուէք անվնաս իրեր` դոյլ, սպունգ. թող սպունգին միջոցաւ դոյլը ջուրով լեցնէ:

– Թուղթ պատռելը երեխաներուն մեծագոյն հաճոյքներէն մէկն է: Թուղթ պատռելը կը թեթեւցնէ երեխային լարուածութիւնը: Անոր տուէք հին ամսաթերթերու էջեր, եւ միասին զանոնք պատռեցէք` հանգիստ շարժումներով: Վերջապէս անոր արտօնեցէք ցատկռտել պատռած թուղթերու կոյտին վրայ:

– Երեկոյեան երեխային համար ընտրեցէք զուարճալի խաղեր, ուր մրցակցութիւն չկայ: Օրինակ գետինը շարեցէք անվնաս, փափուկ խաղալիքներ, քիչ մը անդին զետեղեցէք լուացքի տաշտ մը եւ անոր սորվեցուցէք, որ փակ աչքերով մէկիկ-մէկիկ հաւաքէ խաղալիքները եւ զանոնք լեցնէ տաշտին մէջ:

Բացի այս խաղերէն, անհրաժեշտ է կարեւորել հետեւեալ կէտերը.

– Երեկոյեան նախընտրելի է անջատել հեռատեսիլը: Անոր արձակած ելեկտրամագնիսական ալիքները կը գրգռեն փոքրիկին ուղեղը եւ կը խանգարեն քունը: Նոյնպէս ալ` երեխայէն հեռու պահել ելեկտրոնային բոլոր տեսակի սարքերը:

– Եթէ երեկոյեան երեխային գիրք կարդալու լաւ սովորութիւնը ունիք, ընտրեցէք այնպիսի պատմութիւններ, որոնց նիւթերը ըլլան բարի ու լաւ աւարտ ունենան:

– Քնանալու պատրաստուող երեխան ամբողջական մութի մէջ մի՛ ձգէք, տկար լոյս մը ապահովութիւն կը ներշնչէ անոր:

– Հանդարտ եւ ժպտերես մաման կամ պապան աւելի դիւրին կը քնացնէ փոքրիկը, քան զայրացած ու ջղագրգիռ հայրիկը կամ մայրիկը:

Առողջապահական

Ի՞նչ Դիրքով Քնանալ, Եթէ

Մարմնական որոշ ցաւեր աւելի եւս կը շեշտուին, երբ սխալ դիրքով կը պառկիք ու կը փորձէք քունի անցնիլ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք պառկելու հետ կապուած ճիշդ դիրքեր, որոնք ձեզ պիտի ձերբազատեն մարմնական այս կամ այն ցաւէն եւ պիտի օգնեն, որ հանգիստ քնանաք:

1.- Եթէ առտուները կռնակի ցաւով կ՛արթննաք, թելադրելի է, որ կռնակի վրայ պառկիք եւ բարձ մը զետեղէք ձեր ոտքերուն տակ` ձեր մարմնին բնական կորութիւն ձեւաւորելու համար: Եթէ կողմի վրայ պառկող էք, բարձը զետեղեցէք ձեր ոտքերուն միջեւ: Այս դիրքը որդեգրելով` կարճ ժամանակ ետք կ՛ազատիք կռնակի ցաւէն:

2.- Եթէ վիզի ցաւէ կը տառապիք, հրաժարեցէք կողմի վրայ պառկելէ եւ մէկէ աւելի բարձեր գործածելէ: Ջանացէք կռնակի վրայ պառկիլ եւ թեւերուն տակ մէկական բարձ զետեղել:

3.- Եթէ առտուները կ՛արթննաք ուսի ցաւով, դարձեալ կը թելադրուի կռնակին վրայ պառկիլ, որ, ըստ մասնագէտներու, քնանալու ամէնէն առողջ դիրքն է: Փորձեցէք բարձ մը զետեղել ձեր կուրծքին վրայ եւ անոր փաթթուած քնանալ:

4.- Եթէ դժուար քունի կ՛անցնիք կամ գիշերը յաճախ կ՛արթննաք, անջատեցէք ձեր բջիջային հեռախօսն ու համակարգիչը, քնանալէ առնուազն 6 ժամ առաջ հրաժարեցէք քաֆէին պարունակող խմիչքներէն: Նաեւ նուազագոյնի հասցուցէք ալքոլային խմիչքներու օգտագործումը, եւ վերջապէս` ննջասենեակին ջերմաստիճանը 20-ը չանցնի:

Ընթերցելը եւս լաւ տարբերակ է քունի անցնելու համար:

Որակեալ քունի նախապայմաններէն մէկն ալ բարձի ճիշդ ընտրութիւնն է. շատ տափակ կամ շատ թանձր բարձը վիզի, կռնակի եւ ուսի ցաւ կը պատճառէ, քանի որ ողնաշարը կը ձեւափոխուի: Լաւագոյնը միջին լուծումն է. այսինքն ընտրել բարձ մը, որ ողնաշարը հորիզոնական կը պահէ: Մենք անցեալ շաբթուան էջով նաեւ անդրադարձանք բարձի պիտանելիութեան ժամկէտին եւ շեշտեցինք, որ բարձը 2-3 տարին անգամ մը պէտք է փոխարինել նորով մը, քանի որ անիկա ժամանակի ընթացքին կը ձեւափոխուի եւ նպատակի չի ծառայեր:

Կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, փետուրէ բարձերը աւելի յաճախ վիզի ցաւ կը պատճառեն, մինչդեռ «լաթեքս» տեսակները հանգիստ քնանալու լաւագոյն տարբերակներն են:

5 Լուսաւոր Գաղափարներ

1.- Կ՛ուզէ՞ք ձեր քափ քէյքերը փոշի շաքարով զարդարել, օգտագործեցէք «տանթել»-ի կտոր մը եւ տեսէք, թէ որքան գեղեցիկ արդիւնքի կը հասնիք:

2.- Գիրքէ քաղուած խոհագիր մը պիտի պատրաստէք, բայց գիրքը աշխատանքի սեղանին վրայ զետեղելու յարմարութիւն չունի՞ք եւ կ՛ուզէք, որ խոհագիրը ամէն գնով ձեր աչքին առջեւ ըլլայ… Օգտագործեցէք փէշի կամ տաբատի մղլակներով օժտուած կախիչ մը եւ ձեր հարցը դիւրաւ կը լուծուի:

3.- Աչքի շպարի մատիտին ծայրը չորցած ու կարծրացա՞ծ է, զայն հրահանի օգնութեամբ տաքցուցէք եւ ձեր հարցը անմիջապէս լուծուած համարեցէք:

4.- Ձեր ձեռքին տակ պզտիկ չափի «զիբլոք» տոպրակ չունի՞ք: Դանակին շեղբը կրակի վրայ տաքցուցէք եւ ապա տոպրակը ուղղահայեաց երկուքի բաժնեցէք: Ահաւասիկ արագ եւ գործնական լուծում մը:

5.- Ձեր բոյսերուն արմատները կը փտի՞ն առատ ջուրին պատճառով, թաղարներուն յատակին մէկ երկու սպունգ զետեղեցէք եւ հարցը կը լուծուի:

Սննդագիտական

 Կարեւոր Է Իմանալ

Յաճախ կը լսենք, որ երեկոյեան ընթրիքը պէտք է ըլլայ թեթեւ, յատկապէս եթէ անոր յաջորդող ժամերուն մեր մարմինը շարժումի մէջ պիտի չըլլայ, ու կամաց-կամաց պիտի պատրաստուինք քնանալու: Ծանր ընթրիքը կը յոգնեցնէ մարսողական գործարանները եւ ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մեր քունի որակին վրայ:

Իսկ ծանր ընթրիք ըսելով բնականաբար կը հասկնանք տապկոցները, իւղոտ մթերքները, հարուստ թացանները եւ այլն…

Կարեւոր է իմանալ, թէ մեր կերած մթերքներէն իւրաքանչիւրը որքա՛ն ժամանակ կ՛ուզէ մարսուելու համար: Ստորեւ` ցանկը.

– Հում բանջարեղէն       30-40 վայրկեան
– Եփած բանջարեղէն    40 վայրկեան
– Ձուկ                              45-60 վայրկեան
– Հաւ                               1,5 – 2 ժամ
– Կովու միս                    3 ժամ
– Գառնուկի միս             4 ժամ
– Խոզի միս                     5 ժամ
– Ձէթով աղցան            1 ժամ
– Պտուղի կամ բանջարեղէնի հիւթ 15 – 20 վայրկեան
– Ջուր                           անմիջապէս
– Պանրեղէն                 2 ժամ
– Ընդեղէն                    1,5 – 2 ժամ
– Ընկուզեղէն               3 ժամ

Խոհագիր

Դդումով Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

– 3 – 4 դդում
– 6 պճեղ սխտոր
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած սամիթ (կամ գինձ)
– Սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Բուսական ձէթ` տապկելու համար

Պատրաստութիւն

Դդումները 1.5 սմ հաստութեամբ կլոր կտրատել, երկու երեսով աղել եւ 20-30 վայրկեան սպասել, որպէսզի հիւթը դուրս գայ:

Մաքուր լաթի կամ թուղթէ թանձր թաշկինակի օգնութեամբ ցամքեցնել դդումները, երկու երեսով սեւ եւ կարմիր պղպեղ ցանել եւ քիչ մը ձէթի մէջ երկու կողմով տապկել, ապա փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ճզմուած սխտորը եւ մանրուած ազատքեղն ու սամիթը (կամ գինձը) եւ դդումներուն ձէթին մէջ խառնուրդը 5 -10 վայրկեան տապկել: Կրակը անջատել, խառնուրդին 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ աւելցնել ու կրկին խառնել:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել տապկուած դդումները, թեթեւօրէն աղել, վրան թափել թացանը եւ մատուցել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Համեմներ

Այս երկարող, տաք ամրան,
անանուխն ու մանր ծոթրինը քաղեցի –
բուրմունքն անոնց հաճելի
մնաց երկու ափերուս:

Համեմներն այս չորցուելով`
ձմրան ցուրտին, սառերուն`
պիտի համ տան ու բուրմունք
սնունդին մեր կենսական`
յառաջիկայ
կարճ ու մթին օրերուն:

Արդ, ձեռքերուս, մատներուս
պիտի գտնեմ ջերմութիւնը այս ամրան,
դեռ հոտուըտամ
բոյրը թարմ ծոթրինի,
յուշերուն հետ գարուններուն
եւ անշուշտ

ամառներուն երբեմնի,
ապրուած հոն` ծովուն եզրին,
շրջապատուած` անտառներով շոճիի:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

 

 

Այլազան. Կնոջ Կերպարով Արձանները Սակաւաթիւ Են Հայաստանի Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան հեղինակն է բոլորիս սիրելի շատ մը արձաններու, ինչպէս` «Անուշ եւ Սարօ», Մարտիրոս Սարեանի յուշարձան, «Կարաբալա», «Տագնապ» խմբաքանդակ, Վազգէն Սարգսեանի յուշարձան (որ այժմ ոչնչացուած է Շուշիի մէջ) եւ այլն…

Տարիներ առաջ հարցազրոյցի մը առիթով քանդակագործը շեշտած է կնոջ կերպարով քանդակներու բացակայութիւնը, ըսենք սակաւութիւնը` Հայաստանի մէջ: Թոքմաջեանի կարծիքով, այս երեւոյթը պայմանաւորուած է պատուէրներու բացակայութեամբ: Իր օրինակէն մեկնելով` արուեստագէտը խոստովանած է. «Չեմ կարող հսկայական մի քար վերցնել, ամիսներ շարունակ դրա վրայ աշխատել եւ վերջում մտածել` սա ի՞նչ անեմ»:

Կատակելով` Թոքմաջեան եզրափակած է. «Հաւանաբար կնոջ կերպարով արձանները այսօր ո՛չ «վերեւիններին», ո՛չ «ներքեւիններին» չեն հետաքրքրում»:

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք «Արմենուհի» քանդակը, որ ներկայիս կը գտնուի Երեւանի Սիրահարներու զբօսայգիին մէջ:

Քանդակին հեղինակը Հռիփսիմէ Սիմոնեանն է, որ զայն ստեղծած է 1968-ին: Անիկա մէկ անգամ ցուցադրուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան ցուցասրահին մէջ, իսկ 2009 թուականին Սիմոնեանին ընտանիքը քանդակը նուիրած է Երեւան քաղաքին:

1,9 մ բարձրութեամբ կաւէ քանդակը օրին մեծ շուքով տեղադրուեցաւ Սիրահարներու զբօսայգիին մէջ` արուեստագէտին զաւակներուն, թոռնիկին, Երեւանի քաղաքապետին եւ Նկարիչներու միութեան նախագահին ներկայութեամբ:

«Սիրահարուած մարդիկ աւելի լաւ են գեղեցկութիւնը գնահատում: Իսկ Սիրահարների զբօսայգի գալիս են սիրահարուածները: Արուեստը պէտք է շփուի շրջապատի հետ, մարդկանց հետ` արուեստանոցում մնալու փոխարէն: Մօրս բոլոր գործերում նրա հոգեկան աշխարհն եմ զգում, ինձ համար հիմա նա ինձ հետ է», յայտնած է քանդակագործին որդին` ճարտարապետ Արծուին Գրիգորեան:

Հետաքրքրական

 Ուրկէ՞ Ծագում Առած Է Հեմպըրկըրը

19-րդ դարուն Գերմանիայէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն գաղթականներ կը հաւաքուէին Համպուրկ քաղաքը, ուրկէ կը մեկնէին Միացեալ Նահանգներ:

Համպուրկ – Նիւ Եորք նաւային գիծին վրայ կը մատուցուէր յատուկ ուտեստ մը` կովու մանրածոյ, ապխտած միսով, սոխով եւ կսկուծի փոշիով: Միսի այդ «կտորը» այդքան ալ համեղ չէր, բայց երկար ժամանակ պահպանուելու առաւելութիւնը ունէր, իսկ երկու կտոր հացի մէջ` շատ գործնական եւ յարմար էր նաւու վրայ ուտելու համար:

Այսպիսով, 19-րդ դարու դէպի Նոր աշխարհ եւրոպական գաղթի յաջորդած ալիքներուն շնորհիւ է, որ հեմպըրկըրը յաջողութիւն գտաւ ամերիկեան հողին վրայ: Սկիզբը շրջիկ առեւտրականներու կողմէ, Նիւ Եորքի նեղ փողոցներուն մէջ, ձեռքի վրայ վաճառուող հեմպըրկըրը շատ չանցած որդեգրուեցաւ Ուայթ Քասըլ (1921), ՄաքՏոնալտ (1952), Պըրկըր քինկ (1954) արագ սնունդի ցանցերուն կողմէ:

Այնպէս` ինչպէս հաթ-տոկը եւ գերմանական ծագումով այլ ուտեստներ, հեմպըրկըրը եւս բարձր ջերմուժ կը պարունակէ. ան չափազանց յագեցած է իւղերով եւ շաքարով, յատկապէս երբ նկատի առնենք անոր ընկերակցող հացը, պանիրը, թացանները եւ անբաժան տապկուած գետնախնձորը: Ինչ խօսք, եթէ ասոնց միացաւ կազաւորուած, սոտա խմիչքը…

Ամերիկացի երիտասարդութեան սոնքութեան գլխաւոր մեղադրեալներէն հեմպըրկըրը կարելի է «առողջապահական» ուտեստի մը վերածել` հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

Ա.- Չչարաշահել անոր սպառումը:
Բ.- Բաւարարուիլ մէկ երես հացով:
Գ.- Տան պայմաններուն մէջ պատրաստել զայն` ընտրելով կարմիր միս:
Դ.- Միսին շերտերը խորովել չկպչող յատակով տապակի մէջ:
Ե.- Հրաժարիլ միսին երեսը զետեղուած պանիրի շերտէն եւ մայոնեզով ու կաղամբով պատրաստուած աղցանէն եւ նախընտրութիւնը տալ լոլիկի եւ հազարի շերտերուն:
Զ.- Հրաժարիլ կողքին մատուցուող տապկուած գետնախնձորէն (եւ կամ բաւարարուիլ 5 կտորով), ինչպէս նաեւ` կազաւորուած խմիչքներէն:

Այս պարագային միայն կրնաք առանց խղճի խայթ ունենալու եւ առանց յանցաւոր զգալու վայելել ձեր սիրելի հեմպըրկըրը:

Խոհանոցի Գաղտնիքներէն

 Սխալներ, Որոնցմէ Ձերբազատելու Պարագային
Ձեր Կերակուրները Աւելի Յաջող Կ՛ըլլան

Նոյնիսկ եթէ վարպետ խոհարար չէք, պէտք է իմանաք, որ կան խոհարարական պարզ սխալներ, որոնք կրնան շատ դիւրաւ փճացնել բաղադրատոմսը, ձեզ աւելորդ ժամավաճառ ընել եւ քննադատութիւններու թիրախ դարձնել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ճաշ պատրաստելու ամենատարածուած սխալներէն օրինակներ:

1

Շատ ընդհանրացած սխալ է եղինձ եփելու ժամանակ բրինձը խառնելը: Այդպիսով բրինձին հատիկները իրարու կը փակչին, եւ եղինձը կը դառնայ մածուկ: Խառնելու մէկ այլ անպատեհութիւնն ալ այն է, որ բրինձի որոշ տեսակներ դգալի հարուածներու տակ կը կոտրտին:

Ճերմակ բրինձը առանց խառնելու պէտք է եփել 15-25 վայրկեան (նայած տեսակին), իսկ շէկ բրինձը 45 վայրկեան` անշուշտ առանց խառնելու:

2

Ժամանակ եւ ջանք խնայելու համար որոշ տնային տնտեսուհիներ սառցարանէն հանուած միսը անմիջապէս եփելու կը սկսին: Նոյնիսկ եթէ միսի կտորը դուրսէն եփած երեւայ, մէջը հում կը մնայ:

Յանձնարարելի է սառցարանէն դուրս բերուած միսը եփելէ առաջ ամբողջ գիշեր մը սառնարանին վարի դարաններէն մէկուն վրայ փոխադրել, որպէսզի անիկա իր սկզբնական վիճակը գտնէ: Այսպիսով եփը աւելի համաչափ, իսկ միսը աւելի հիւթեղ կ՛ըլլայ:

3

Սոխ կտրատելու ատեն աչքերը սովորաբար կ՛արցունքոտին այն պարզ պատճառով, որ մենք սխալ ուղղութեամբ կը կտրատենք զայն: Սոխը պէտք է կտրատել սուր դանակով` հետեւելով անոր մանրաթելերու ուղղութեան, որոնք այն գիծերն են, որոնք կ՛անցնին արմատէն մինչեւ ցօղուն: Ասիկա լաւագոյն ձեւն է սոխ կտրատելու համար: Այս ձեւը կը կոչուի «ժիւլիեն»:

4

Սխալ է այն համոզումը, որ դդմաճի խաշի ջուրին ձէթ աւելցնելով կ՛արգիլենք, որ դդմաճի կտորները իրարու կպչին: Աղը այս դերը շատ լաւ կը կատարէ, մինչդեռ ձէթը կրնայ վնասել բաղադրատոմսին, քանի որ կը դժուարացնէ թացանին կպչունութիւնը դդմաճին վրայ:

5

Շատեր դդմաճի եփի ջուրը կը թափեն, մինչդեռ այդ ջուրով պատրաստուած թացանը հրաշալի թանձրութիւն եւ համ կը հաղորդէ:

6

Շատեր ինքնավստահութենէ մեկնելով, առանց համտեսելու, կը պատրաստեն իրենց կերակուրները: Նոյնիսկ եթէ բաղադրատոմսը հանրածանօթ խոհարարի մը գիրքէն քաղուած է, պատրաստութեան ընթացքին հարկաւոր է առնուազն մէկ անգամ զայն համտեսել` համեմներուն քանակը, եփի աստիճանը ստուգելու համար: Սեղան բերուելէ ետք, վերջին վայրկեանին աւելցուած համեմները կամ բաւարար չեփած կերակուրը քննադատութեան պիտի արժանանայ:

7

Ձէթի իւրաքանչիւր տեսակ ունի իր կիրարկութիւնը: Օրինակ` ձիթապտուղի ձէթը յանձնարարելի չէ տապկոցի համար, մինչդեռ անիկա շատ լաւ կը յարմարի թացաններու եւ հում ուտեստներու պատրաստութեան մէջ: Արեւածաղիկի ձէթը լաւ կը յարմարի տապկոցներու, ինչպէս նաեւ խմորներու պատրաստութեան մէջ: Գրեթէ նոյն յատկութիւնները ունի նաեւ եգիպտացորենի ձէթը: Վերջին երկուքը բարձր ջերմաստիճանի կը դիմանան եւ յանձնարարուած են մասնագէտներու կողմէ:

Խոհագիր

Փուռը Եփած Գետնախնձոր

Շերտուած եւ փուռը եփած գետնախնձորի այս բաղադրատոմսը շուէտական մասնագիտութիւն է եւ կը կոչուի «հասելպեք»: Համեղ եւ ախորժաբեր տեսքով այս գետնախնձորը կարելի է մատուցել մսեղէնի, ինչպէս նաեւ կանաչ աղցանի մը կողքին:

Բաղադրիչներ (4 անձի համար)

– 4 միջակ չափի պիրկ գետնախնձոր
– 4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 – 3 պճեղ սխտոր
– Աղ (նախընտրաբար աղի փաթիլներ)
– Անուշաբոյր խոտաբոյսեր` ուրց, խնկունի (ռոզմերի), թարխուն (էսթրակոն) եւ այլն…
– Սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Գետնախնձորները շատ լաւ լուալ, ի հարկին խոզանակել, ցամքեցնել եւ լայնքին շերտել 2 – 3 միլլիմեթր հաստութեամբ` առանց մինչեւ յատակ հասնելու: Շերտերը իրարմէ պէտք չէ բաժնուին:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձիթապտուղի ձէթը, խոտաբոյսերը (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք) եւ ճզմուած սխտորը:

Շերտուած գետնախնձորները շարել փուռի ափսէին վրայ, վրձինի մը օգնութեամբ իւրաքանչիւրը առատօրէն ծեփել վերոյիշեալ թացանով, աղել, համեմել եւ շուրջ 40 վայրկեան փուռին մէջ եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Թացանին բաղադրիչներուն քանակը, ինչպէս նաեւ եփի ժամանակը կախեալ են գետնախնձորներուն տեսակէն եւ չափէն:

Փուռէն հանելէ ետք կարելի է կեռասի մեծութեամբ կարագի կտորներ հալեցնել իւրաքանչիւր գետնախնձորի վրայ եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով:

*
* * *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Խաբուածները

 

Մուրացկաններին տուեցինք մեր ձեռքերը եւ
Սրա-նրա առաջ ձեռք մեկնեցինք
Ստրուկներին տուեցինք մեր ոտքերը եւ
Սեփական ոտքով սպանդանոց գնացինք
Անհաւատներին տուեցինք մեր ականջները եւ
Մէկս միւսի ականջին ննջեցեալների աղօթքը մրմնջացինք
Ստորներին տուեցինք մեր աչքերը եւ
Ինչ-որ տեսանք մեր աչքից տեսանք:

ՎԱՀԷ ԱՐՄԷՆ

Ամրան Տաքին Դիմանալու 6 Պարզ Միջոցներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամրան եղանակին արեւին տակ երկար մնալը կրնայ յանգեցնել մորթային այրուածքի, ջրազրկումի եւ նոյնիսկ արեւահարութեան:

Ջրազրկումը ամրան եղանակի ամենատարածուած խնդիրներէն մէկն է: Անիկա կը սպառնայ բոլոր տարիքի մարդոց, բայց աւելի շատ` մանուկներուն եւ տարեցներուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ջրազրկումէ պաշտպանուելու միջոցներ:

-1-

Ջրազրկումը կանխելու լաւագոյն տարբերակը օրուան ընթացքին շատ ջուր խմելն է: Ջուրին կրնաք աւելցնել կիտրոնի շերտ մը, թարմ անանուխի տերեւներ… Հրաժարեցէք քաղցր եւ շատ պաղ ըմպելիքներէն:

-2-

Ամրան եղանակին կրեցէք բաց գոյնի, թեթեւ հագուստներ: Հրաժարեցէք սենթեթիք կտորներէն եւ նախապատուութիւնը տուէք բամպակեայ տարբերակներուն:

-3-

Պաշտպանուեցէք արեւի ուղիղ ճառագայթներէն: Ջանացէք կէսօրուան ժամերուն դուրսերը չթափառիլ, իսկ եթէ այլ տարբերակ չունիք, գլխարկ ու ակնոց կրեցէք եւ արեւապաշտպան սերեր գործածեցէք:

-4-

Խուսափեցէք միջամուղներէն: Միզամուղ դեղերն ու մթերքները կը նպաստեն մարմնի հեղուկի կորուստին: Չափաւորեցէք սուրճը, քոլան եւ այլն…

-5-

Պտուղ եւ բանջարեղէն կերէք: Ձմերուկը, վարունգը, լոլիկը, հազարը, խաղողի հիւթը եւ միքրոտարրեր պարունակող մթերքներ են, առատօրէն սպառեցէք զանոնք, իսկ կծու, իւղոտ եւ առատօրէն համեմուած ուտեստները չափաւորեցէք:

-6-

Հրաժարեցէք երկար եւ ծանր մարզումներէն, որոնք քրտնարտադրութիւն կը պատճառեն, ինչ որ իր կարգին ջրազրկումի պատճառ է: Ձեզի հետ շիշով ջուր ունեցէք, որպէսզի մարզումէն առաջ, ընթացքին եւ յետոյ քիչ քիչ խմէք:

Սննդագիտական

Կ՛արժէ Իմանալ

Առողջապահական ուտելիքները բոլորովին ալ «անմեղ» չեն, անոնց մէկ կարեւոր մասը բարձր ջերմուժ կը պարունակէ, հետեւաբար պէտք չէ չարաշահել անոնց օգտագործումը «առողջպահական» պիտակը շահագործելով: Եւ այսպէս`

– 1 միջակ աւոքատօ` 352 ջերմուժ
– 50 կ սեւ տուրմ` 295 ջերմուժ
– 1 բաժակ (240 մլ) պտուղի հիւթ` 120-200 ջերմուժ
– 100 կ սաղմոն` 209 ջերմուժ
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ` 119 ջերմուժ
– Գաւաթ մը պիստակեղէն` 500-600 ջերմուժ
– 100 կ արեւածաղիկի կուտ` 571 ջերմուժ
– 100 կ խոշոր դդումի կուտ` 600 ջերմուժ

Նոյն քանակութեամբ թարմ պտուղը նուազ ջերմուժ կը պարունակէ, քան` չորցուածը: Եւ այսպէս`

– 100 կ թարմ ծիրան` 49 ջերմուժ
– 100 կ չոր ծիրան` 267 ջերմուժ
– 100 կ թարմ խաղող` 60 ջերմուժ
– 100 կ չամիչ` 299 ջերմուժ
– 100 կ թարմ արմաւ` 145 ջերմուժ
– 100 կ չոր արմաւ` 282 ջերմուժ

Լուսաւոր Գաղափարներ

 Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
5 Հնարքներ

-1-

Եթէ կ՛ուզէք փիցցայի շերտերը արագ եւ համաչափ տաքցնել, կրնաք օգտագործել ձեր թոսթըրի սարքը: Զայն կողմի վրայ շրջեցէք, փիցցայի շերտերը բացուածքներուն մէջ տեղաւորեցէք եւ շուտով կը ստանաք համաչափ տաքցուած փիցցայի խրթխրթան կտորներ:

-2-

Եթէ կ՛ուզէք շատ արագ ձեր խմիչքը պաղեցնել, բայց կը հրաժարիք սառոյցի կտորներէն, քանի որ անոնք հալելով` կը փոխեն խմիչքին համն ու նօսրութիւնը, սառոյցը փոխարինեցէք նախօրօք սառեցուած պտուղի կտորներով:

-3-

Եթէ կ՛ուզէք փոքր մարտկոցներ գործածել աւելի մեծ չափի մարտկոցի փոխարէն, ժամանակաւոր արագ լուծում է պարապ բաժինները լրացնել ալիւմինիոմ փայլաթերթով, քանի որ անիկա լաւ հաղորդիչ է:

-4-

Որպէսզի ձեր լեփթոփը երկար գործածութեան պատճառով չտաքնայ, պարզապէս զայն դրէք հաւկիթի խաւաքարտէ տուփին վրայ, վերջինին փոսիկներուն շնորհիւ դուք կը կանխէք սարքին շատ տաքնալը:

-5-

Եթէ ձեր մարզական կօշիկին կապը հանգուցուած է եւ կը դժուարանաք զայն քակելու, պարզապէս օգտագործեցէք մազի ծամակալներ: Հետեւեցէք նկարին, անիկա բաւարար խօսուն է:

Փարէոն`
Անժամանցելի Աքսեսուար Մը

Արեւի ակնոցին, լայնեզր գլխարկին, մուճակէն եւ անձեռոցին նման` փարէոն անհրաժեշտ աքսեսուար մըն է լողազգեստը արժեւորելու համար:

Փարէոն ոչ միայն կանացի վայելչութիւն մը կու տայ, այլեւ մասամբ կը ծածկէ մարմնի որոշ թերութիւնները: Եթէ արդէն փարէօ ունիք, անվարան կրեցէք զայն, որովհետեւ անիկա անժամանցելի աքսեսուար մըն է, իսկ նոր մը գնելու պարագային, նկատի առէք հետեւեալ կէտերը.

– Թելադրելի է, որ փարէոյին կտորը ըլլայ բամպակեայ եւ փափուկ, որպէսզի դիւրին հանգուցուի:
– Փարէօ գնելու ատեն փորձեցէք զայն համադրել ձեր լողազգեստին գոյնին եւ նախշերուն հետ:
– Հրաժարեցէք սեւ գոյնի փարէոյէն` մտածելով, որ սեւ գոյնը աւելի նիհար ցոյց կու տայ: Ծովափին թելադրելի է բաց գոյնի տարբերակը:

Ինչպէ՞ս հանգուցել փարէոն

Փարէօ կրելու եւ զայն մարմնին շուրջ փաթթելու, տարբերակները շատ են: Շատ բան կախեալ է ձեզմէ, նայած, թէ դուք ձեր մարմնին որ թերութիւնները կ՛ուզէք ծածկել կամ ո՛ր առաւելութինները ցուցադրել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք փարէօ հանգուցելու 5 հետաքրքրական տարբերակներ:

Խոհագիր

 Ձմերուկով Աղցան

Բաղադրիչներ

Ձմերուկ, պանիր, թարմ ռեհան կամ անանուխ, ընկոյզ:
Թացանին համար` ձիթապտուղի ձէթ, կիտրոնի հիւթ, պալսամիք քացախ, աղ:
Բաղադրիչներուն քանակը դուք որոշեցէք` նայած ձմերուկի չափին եւ ձեռքի տակ եղած պանիրին:

Պատրաստութիւն

Ընկոյզը 5 վայրկեան թրջեցէք տաք ջուրի մէջ, ապա ծորակի ջուրին տակ ցօղուեցէք եւ լաթի մը վրայ ցամքեցուցէք:

Ձմերուկը խորանարդաձեւ կտրատեցէք եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրեցէք: Վրան աւելցուցէք խորանարդաձեւ կտրատուած ֆեթա կամ որեւէ ճերմակ պանիր (ֆեթան կարելի է փշրել):

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձիթապտուղի ձէթը, կիտրոնի հիւթը, պալսամիք քացախն ու աղը: Այս թացանը թափել աղցանին վրայ եւ երեսը զարդարել ընկոյզով ու թարմ անանուխի կամ ռեհանի տերեւներով:

Եթէ ձեռքի տակ նիկելլայի սերմեր ունիք, ցանեցէք աղցանի երեսին:

Ձմերուկ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

Ա.- Ձմերուկ հարուստ է լիքոփենով, որպէս անթիօքիստան կը կանխէ քաղցկեղը եւ սրտանօթային հիւանդութիւնները:
Բ.- Ձմերուկին հիւթը կը թեթեւցնէ մկանային ցաւերը:
Գ.- Ձմերուկը ծարաւը կը յագեցնէ, ան միզամուղ է եւ կ՛օգնէ թունաւոր նիւթերը մարմնէն դուրս մղելու:
Դ.- Ձմերուկը բարենպաստ ազդեցութիւն կը գործէ տեսողութեան վրայ, կը կարգաւորէ աչքի ճնշումը, կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
Ե.- Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ ձմերուկի դիմակները թարմ եւ երիտասարդ կը պահեն մորթը:
Զ.- Ձմերուկը կը կարգաւորէ ջղային համակարգի աշխատանքը եւ կը մեղմէ յոգնածութիւնն ու դիւրագրգիռ վիճակը:
Է.- Վերջապէս, ձմերուկը ցուցուած է լեարդի եւ լեղապարկի հիւանդութիւններու պարագային, ինչպէս նաեւ շաքարախտ եւ արթրիտ ունեցողներուն համար, անշուշտ` առանց չարաշահումի:

*
*   *

Շաբթուան Մտածումը

 

… Ազգը պիտի ընթանայ իր պատմութեան միջով եւ ոչ թէ պատմութիւնը քարշ տայ յետեւից:

… Երեխայի մէջ հարկաւոր է ամէն բանից առաջ տիրոջ զգացում սերմանել եւ ասել` այս հողը քոնն է:

Առանց հողի հայրենիքի զգացողութիւն չես կարող ունենալ: Հայրենասիրութեան այբուբենը հայրենի հողի վրայ տուն շինելը եւ էդ տան մէջ ապրելն է:

Ինչ ուզում ես արա, տուն եւ էդ տանն ապրող մարդ: Ուրիշ կերպ հայրենիք չի լինում:

Մեր ժողովրդական էպոսում էլ հայրենիքից յետոյ ժառանգութեան հարցն է. մարդ պիտի լինի, որ տէր կանգնի հայրենիքին:

Տէր կանգնող մարդ է հարկաւոր: Բոլոր տառապանքները քեզ հայրենիք են տալիս: Տառապանքն ինքնին հայրենիք է:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

Գեղեցկագիտական. Դէմքը Մաքրելու Բնական Բաղադրատոմսեր

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հնդկընկոյզի Իւղով

Հնդկընկոյզը կը պարունակէ լինոլիք թթու, որ կ՛օգնէ բշտիկներու բուժման, ինչպէս նաեւ` լորիք թթու, որ կը խոնաւցնէ մորթը եւ հակամանրէ յատկութիւն ունի:

Հետեւաբար հնդկընկոյզի իւղը քսեցէք ձեր դէմքին եւ սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա տաք ջուրի մէջ թրջուած խոնաւ անձեռոցով մը ծածկեցէք ձեր դէմքը, որպէսզի մորթին ծակտիկները բացուին: Քառորդ ժամ ետք դէմքը մաքրեցէք նախ խոնաւ անձեռոցով, յետոյ` մաքուր բամպակով:

***

Մածունով

Սպիտակուցով եւ կաթնաթթուով հարուստ մածունը կը խոնաւցնէ եւ կ՛երտասարդացնէ դէմքին մորթը: Անիկա նաեւ կը մանրէազերծէ մորթը եւ զայն կը ձերբազատէ մեռած բջիջներէն:

Հետեւաբար 2 ապուրի դգալ մածունին խառնեցէք մէկ թէյի դգալ մեղր, ստացուած թանձրուկը քսեցէք ձեր դէմքին, սպասեցէք քառորդ ժամ յետոյ փափուկ, խոնաւ լաթով մը մաքրեցէք ձեր դէմքը:

***

Ձմերուկով

Ա, Սէ եւ Պէ6 կենսանիւթերով հարուստ ձմերուկը դէմքը կը պաշտպանէ կանխահաս ծերացումէ, քանի որ ան կը խթանէ քոլլաժենի արտադրութիւնը: Ձմերուկը դիւրին եւ արագ միջոց մըն է դէմքը մաքրելու եւ խոնաւցնելու, մանաւանդ` ծովափէն վերադարձին:

Հետեւաբար փոս ամանի մը մէջ ձմերուկի կտոր մը ճզմեցէք, ապուրի դգալ մը մածուն աւելցուցէք եւ թանձրուկը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ: Սպասեցէք 20 վայրկեան, ապա լուացէք ձեր երեսը:

Առողջապահական

Քիմիական Բանջարեղէնը
Բնականէն Տարբերելու 5 Միջոցներ

Բոլորս ալ գիտենք, որ միջատասպան դեղերն ու նիթրաթները շատ վնասակար են մեր առողջութեան համար: Երկրագործութեան, գիւղատնտեսութեան մէջ օգտագործուող այս նիւթերու չարաշահումը առողջական շատ լուրջ հարցեր կրնայ ստեղծել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը հնարք` քիմիական բանջարեղէնը համեմատաբար բնականէն զանազանելու համար:

– Գետնախնձորը շատ լաւ կը ներծծէ վնասակար նիւթերը, այդ իսկ պատճառով գնելու ժամանակ աւելի զգօն եղէք: Ընտրեցէք միջին չափի գետնախնձորները, եթէ նոյնիսկ անոնց վրայ հետքեր (ոչ վնասուածքներ) կան: Իսկ այն մեծ եւ արտաքնապէս գեղեցիկ ու հարթ տեսակները շատ հաւանաբար լեցուն են վնասակար նիւթերով:

– Բնական լոլիկին կեղեւը բարակ կ՛ըլլայ, իսկ միջուկը` միագոյն: Լոլիկը նիթրաթներով յագեցած է, եթէ անիկա շատ պինդ է, իսկ ներսի բաժինը սպիտակ բիծեր շատ կան:

– Վարունգ գնելու ատեն կրնաք վստահ ըլլալ, որ անոնք մշակուած են փարաֆինով: Հետեւաբար տուն բերելէ ետք վարունգը պէտք է շատ լաւ լուալ եւ չբաւարարուիլ ջուրին տակ ցօղուելով: Իսկ երբ վարունգը կտրէք եւ մէջը սերմեր չնկատէք, առանց վարանելու թափեցէք, քանի որ անոր մէջ առկայ է վնասակար նիւթերու բարձր կեդրոնացում:

– Խնձորը եւս նիթրաթներով լեցուն պտուղ է: Ընտրեցէք ոչ մեծ, կանաչաւուն եւ թերութիւններով խնձորներ, քանի որ մեծ եւ անթերի խնձորը չի կրնար բնական ձեւով աճեցուած ըլլալ:

– Ելակը շատ պահանջուած պտուղ է տարուան բոլոր եղանակներուն, այդ իսկ պատճառով անոր վերարտադրութիւնը առաւել եւս ենթարկուած է քիմիական ազդեցութեան: Վտանգաւոր գնումէ խուսափելու համար յիշեցէք, որ ելակը հազուադէպօրէն անթերի տեսք կ՛ունենայ, իսկ եթէ անիկա շատ վառ գոյն ունի, ամենայն հաւանականութեամբ ներկուած է: Վերջապէս, եթէ ելակին բոյրը զգալի չէ, հրաժարեցէք գնելէ:

***

Քանի մը ընդհանուր խորհուրդներ.

– Բանջարեղէն եւ պտուղ գնեցէք վստահելի խանութներէ` նախապատուութիւնը տալով եղանակի պտուղներուն:
– Խուսափեցէք չափազանց գեղեցիկ, անթերի եւ համաչափ պտուղներէն եւ բանջարեղէններէն:
– Ձեռքով մօտաւոր կշռեցէք 2 տեսակի ապրանքները եւ նախապատուութիւնը տուէք աւելի ծանրին:

Այլազան

 Հոտառութեան Խանգարում

Գիտնականներ պարզած են, որ երբ ոմանց մօտ ուտելիքը արդէն ախորժաբեր չի բուրեր եւ իրենց սիրելի օծանելիքին հոտը զզուելի է, այս ազդանշանները կը վկայեն լուրջ հիւանդութեան մը զարգացման մասին, ինչպէս` «Քորոնա» ժահրի կամ ծանր ընկճախտի տեսակներ:

Գիտնականներու կարծիքով, հոտերը ճանչնալու ունակութիւնը կորսնցուցած մարդիկ յաջորդ 5 տարիներուն 6 տոկոսով աւելի մահացած են, քան ուրիշներ:

Հոտառութեան խանգարումը ինքնին մահուան սպառնալիք չէ, սակայն անիկա կը վկայէ լուրջ հիւանդութիւններու մասին: Երբ մարդ չի ճանչնար վարդին, ձուկին, մանանեխին, նարինջին հոտերը, մտահոգուելու լուրջ պատճառ ունի:

Ընկերութեան Կարեւորութիւնը

Ամերիկացի գիտնականներ կը հաստատեն, որ ընկերները մեծ դեր կը խաղան մեր կեանքին մէջ: Ընկերութիւնը կը բարելաւէ մարդոց ոչ միայն հոգեբանական այլեւ ֆիզիքական առողջութիւնը:

Գիտնականներուն կարծիքով, այն մարդիկը, որոնք յաճախ ընկերական յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց շրջապատին հետ, աւելի երջանիկ են եւ հոգեպէս` աւելի հանգիստ, քան անոնք, որոնք ընկերներ չունին կամ քիչ ունին:

Վերոյիշեալ գիտնականներուն հետազօտութիւնները հաստատած են, որ ընկերութիւնը կը կարգաւորէ սրտին զարկերը, արեան ճնշումը եւ մարսողութիւնը: Անիկա նաեւ կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը խթանէ ուրախութիւն պատճառող հորմոններու արտադրութիւնը:

Գիտէի՞ք, որ 2011-ին ՄԱԿ-ը յուլիս 30-ը հռչակեց Ընկերութեան միջազգային օր:

Կամք Եւ Յամառութիւն

Հանրայայտ ամերիկացի հոգեբան Էնճըլա Տաքուորթ համոզուած է, որ յաջողութեան հասնելու համար ամենակարեւոր բաներէն են կիրքն ու յամառութիւնը` դէպի երկարաժամկէտ նպատակներ: «The power of passion and perseverance» գիրքին հեղինակը իր հետազօտական խումբին հետ քանի մը տարի դիտարկելով Զինուորական ակադեմիայի ուսանողներ, ուղղագրութեան մրցոյթի մասնակիցներ, ուսուցիչներ եւ վաճառքի պատասխանատուներ, յանգած է այն եզրակացութեան, որ տարբեր ոլորտներու այս մարդիկը ընդհանուր մէկ բան ունէին. եւ ատիկա գեղեցկութիւն, հզօրութիւն կամ բարձր IQ չէր, այլ պարզապէս` ԿԱՄՔ:

Հոգեբանին խօսքով, բնածին կարողութիւններն ու տաղանդները գրեթէ չեն ազդեր չափահաս տարիքի ձեռքբերումներուն վրայ: Վճռականութիւնն ու հաստատակամութիւնն են, որ մարդիկը յաջողակ կը դարձնեն: Վճռական միջին մարդը շատ աւելի յաջողակ կը դառնայ, քան` ծոյլ եւ անկազմակերպը, որ կրնար հանճար ըլլալ:

***

Հինը Նորի Վերածենք

Եթէ ունիք միագոյն թի շըրթ մը եւ ձանձրացած էք զայն կրելէ, կրնաք անոր երկրորդ կեանք մը տալ` սովորական ֆուլարի մը շնորհիւ:

Եթէ անձնապէս կարի հմտութիւն չունիք, դիմեցէք կարէ հասկցող բարեկամուհիի մը եւ կամ դերձակուհիի մը օգնութեան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք միագոյն, սովորական թի շըրթի մը երկրորդ կեանք մը տալու 3 հետաքրքրական տարբերակներ:

Խոհագիր

Կիտրոնով Եւ Անանուխով
Խմիչք

Ծարաւը յագեցնող, համեղ եւ Սէ. կենսանիւթով հարուստ այս խմիչքը արագ կը պատրաստուի եւ շատ բաղադրիչներու չի կարօտիր:

Բաղադրիչներ

– 1 բաժակ անանուխի տերեւներ
– Կէս բաժակ կիտրոնի հիւթ (թարմ)
– 1 լիթր շատ պաղ ջուր
– 1 բաժակ սառոյց
– 3/4 բաժակ շաքար (կարելի է աւելցնել կամ պակսեցնել)

Պատրաստութիւն

Հարիչին (պլենտըր) մէջ լեցնել անանուխը, կիտրոնի հիւթը, պաղ ջուրը, սառոյցի կտորներն ու շաքարը եւ լաւ հարել, մինչեւ որ անանուխը լաւ մանրուի, իսկ շաքարը լուծուի:

Բաժակներուն յատակը քանի մը կտոր սառոյց լեցնել, աւելցնել խմիչքը:

Բաժակները զարդարել կիտրոնի շերտով եւ անանուխի տերեւներով:

*
*     *

Շաբթուան Մտածումը

Բառը քարի նման է. եթէ իր տեղը չի դրւում, դիմադրում է: Բառը քարից աւելի յամառ է: Քարը կարելի է տաշել-տաշտշել, յարմարեցնել, բառը միայն իր տեղն է ուզում:

Եւ ինչ բառեր են մեռնում, երբ դրւում են ոչ իրենց տեղում…

Բառը քարի նման է. բառերից էլ կարելի է տաճար կառուցել, տաճար, որտեղ կը մաքրուի ու կը վեհանայ մարդու հոգին, նաեւ կարելի է բառը դնել պարսատիկի մէջ եւ, դիպուկ լինելու դէպքում, բառով մարդ սպաննել:

Չմոռանաք, որ բառը քարի նման է, մանաւանդ, մեր քարաստան-Հայաստանում…

ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

 

 


Մեծ Հայրիկի Եւ Մեծ Մայրիկի Ներկայութեան Առաւելութիւնները` Թոռնիկներուն Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հոգեբաններու կարծիքով, թոռները, որոնք հնարաւորութիւն ունին մեծնալու իրենց մեծ մամաներուն եւ մեծ հայրիկներուն հետ, աւելի հաւասարակշռուած կեանք կը կառուցեն շնորհիւ այն բոլոր բաներուն, զորս կը սորվին անոնցմէ:

Քեպէքի Շերպրուք համալսարանի դասախօս Ֆանի Փելըթիէ երկարաշունչ ուսումնասիրութեան մը աւարտին յանգած է այն հաստատ համոզումին, որ մեծ հօր եւ մեծ մօր կողքին մեծցող երեխաները մեծ առաւելութիւններ կը վայելեն:

«Current Botug» ամսագրին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը Փելըթիէ կը հիմնաւորէ այս տեսակէտը:

Կը Պակսեցնէ Ընկճախտի Հաւանականութիւնը

Մեծ հայրիկներու, մեծ մայրիկներու եւ թոռնիկներու միջեւ ստեղծուած մտերմութիւնը զգալիօրէն կը նուազեցնէ երեխաներուն մօտ ընկճախտի յառաջացումը: Թոռնիկները աւելի հանգիստ կը զգան մեծ հօր եւ մեծ մօր կողքին, մինչեւ իսկ գաղտնիքներ կը վստահին անոնց, քանի որ անոնք նուազ խստապահանջ եւ աւելի ներողմիտ կ՛ըլլան, քան ծնողները:

Կը Բարձրացնէ Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Զգացողութիւնը

Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը թոռնիկներուն կու տան կայունութեան եւ ապահովութեան զգացողութիւն, իսկ դժուար կացութիւններու եւ ընտանեկան խնդիրներու ժամանակ անոնք յաճախ թոռնիկներուն համար աջակցութեան եւ պաշտպանութեան փրկիչներ են:

Ասկէ բացի, երեխաներուն մօտ աւելի զարգացած կ՛ըլլայ ինքնագիտակցութեան զգացումը, ինչ որ կը դիւրացնէ յաղթահարել դժուարութիւն մը:

Կը Թեթեւցնէ Ծնողներուն Բեռը

Ծնողները (յատկապէս աշխատողները) յաճախ բաւարար ժամանակ չեն գտներ իրենց զաւակներուն հետ յարաբերելու, զրուցելու կամ խաղալու համար: Մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը մասամբ կը փոխարինեն ծնողները, երբ պէտք է խաղալ, զուարճանալ, հեքիաթներ պատմել… Բացի ասկէ` անոնք նուազ կը բարկանան ու կը յանդիմանեն եւ աւելի հանդուրժող են, այս պատճառով ալ թոռնիկները պատրաստ են անոնց հետ բաժնելու իրենց դժուարութիւնները, գաղտնիքները եւ այլն…

Այս բոլորը կը բարելաւեն ընտանիքին մթնոլորտը, քանի որ ծնողները հոգեպէս հանգիստ  կը զգան, որ իրենց զաւակները չեն տառապիր եւ դժբախտ չեն զգար իրենց բացակայութեան:

Սերունդներու Միջեւ Կամուրջ

Սերունդներու միջեւ անջրպետը կամրջելու հիանալի միջոց է նաեւ մեծ հօր եւ մեծ մօր ներկայութիւնը` թոռնիկներու կեանքին մէջ: Երեխան, որուն բախտ վիճակուած է յարաբերիլ տարեցներու հետ, ամենայն հաւանականութեամբ, շատ աւելի մեծ յարգանք կ՛ունենայ հասարակութեան երէցներուն նկատմամբ:

Ֆուլարի Գործածութեան
Տարբերակները

Ֆուլարները շատ ոճային եւ գործնական աքսեսուարներ են: Ի զուր տեղը չէ, որ նորաձեւութեան տուները (Տիոր, Շանել, Հերմէս…) ունին իրենց անունը կրող ֆուլարներ, որոնք երբեմն նոյնքան սուղ են, որքան հագուստ մը:

Ֆուլարները կ՛արժեւորեն հագուստը` վայելչութիւն եւ ոճ հաղորդելով անոր: Մեծ չափի ֆուլարները կարելի է նաեւ վերածել գեղեցիկ փարէոներու` ծովափը կրելու համար, եւ վերջապէս` որպէս գլխակապ, գեղեցիկ փաթթուած ու հանգուցուած ֆուլար մը ամրան եղանակին մազի յարդարանքի անփոխարինելի աքսեսուարի մը կարելի է վերածել:

Որպէս գլխակապ` ֆուլարը երկու առաւելութիւն ունի. ան թէ՛ աւելի ոճային կը դարձնէ մազի յարդարանքը եւ թէ՛ մասամբ կը ծածկէ արեւէն եւ քլորէն վնասուած մազերուն թերութիւնները, յատկապէս եթէ առիթը չունինք վարսայարդարին երթալու կամ տունը մազերը յարդարելու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ֆուլարը որպէս գլխակապ գործածելու 4 հետաքրքրական տարբերակները:

Փորձուած Թելադրանքներ

Եթէ մրջիւնները նուաճած են ձեր տունը, դիմեցէք կասիայի փոշիին, զայն ցանեցէք մրջիւններու ճամբու երկայնքին, ինչպէս նաեւ` մրջնանոցին շուրջը:

* * *

Մժեղները հեռու քշելու համար ամանի մը մէջ ջուր եւ հեղուկ օճառ խառնեցէք եւ ամանը զետեղեցէք մօտակայ սեղանին վրայ: Մժեղները հեռու պահելու այլ միջոց մըն է նարդոսի (լաւանտ) կամ ռեհանի տունկը: Մժեղները զարմանալիօրէն չեն ախորժիր այս բոյսերուն բոյրէն:

* * *

Անբաղձալի մլուկներէն ձերբազատելու համար վառած ածուխին վրայ խնկունիի ցօղուններ այրեցէք:

* * *

Ձեր պահարանները եւ յատկապէս ձմեռնային հագուստներն ու բրդեղէնները ցեցերէն պաշտպանելու համար օգտագործեցէք խնկունին, անանուխը, մեխակի գամերը, ինչպէս նաեւ կիտրոնի կեղեւները: Կտորէ ծրարիկներու մէջ զետեղեցէք վերը յիշուածներէն քանի մը հատը, ապա զանոնք զետեղեցէք պահարանին դարաններուն վրայ կամ գզրոցներուն մէջ:

* * *

Բնակարանը պիծակներէն պաշտպանելու համար առէք առողջ կիտրոն մը կիսեցէք, եւ վրան հաստատեցէք մեխակի գամեր, ապա զետեղեցէք պատուհանի եզրին: Այս հնարքը նաեւ կ՛օգնէ մժեղները փախցնելու:

Սննդագէտին Կարծիքով

Ճի՞շդ, Թէ Սխալ

– Աւոքատոն իւղոտ պտուղ է:

ՃԻՇԴ. Անիկա գրեթէ նոյնքան իւղոտ է, որքան անթրըքոթ միսը, այսուհանդերձ, զայն պէտք չէ զեղչել ճաշացուցակէն, քանի որ հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքայիններով, որոնք կը պաշտպանեն սիրտը, կը կանխարգիլեն քաղցկեղի որոշ տեսակներ, կը նուազեցնեն ընկճախտը, կը խթանեն ուղեղին աշխատանքն ու յիշողութիւնը եւ այլն…

* * *

– Հնդկընկոյզը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ:

ՍԽԱԼ. Իւրաքանչիւր 100 կրամը համազօր է 350 ջերմուժի, այսինքն նոյնքան, որքան` տապկուած գետնախնձորը:

* * *

– Սեւ ձիթապտուղը աւելի իւղոտ է, քան կանաչը:

ՃԻՇԴ: Անիկա կրկնակի իւղոտ է, քան կանաչը, այն իմաստով, որ կանաչը տակաւին հասած չ՛ըլլար, եւ բնականաբար նուազ յագեցած կ՛ըլլայ իւղերով:

* * *

– Թարմ պտուղի հիւթը նուազ ջերուժ կը պարունակէ` քան շիշով վաճառուողը:

ՍԽԱԼ. Երկուքն ալ նոյնքան ջերմուժ կը պարունակեն, սակայն թարմը աւելի բնաթել եւ կենսանիւթ կը պարունակէ անմիջապէս խմուելու պարագային:

* * *

– Սառած բանջարեղէնները նուազ կենսանիւթ կը պարունակեն, քան թարմերը:

ՍԽԱԼ. Յաճախ քաղուած, լուացուած, կտրատուած եւ արագ սառեցուած բանջարեղէնները աւելի՛ պահած կ՛ըլլան իրենց սննդական արժէքը, քան` օրերով շուկայի դարաններուն վրայ կամ սառնարանին գզրոցներուն մէջ զետեղուածները:

* * *

– Դդումի սերմերը կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը:

ՃԻՇԴ. Դդումի սերմերը կը պարունակեն այնպիսի նիւթեր, որոնք կ՛օգնեն մարմինին սերոթոնին արտադրելու: Այսպիսիով, որպէս նախուտեստ լաւ տրամադրութեան համար` կարելի է յաճախ դդումի սերմ օգտագործել, նախընտրաբար` չմշակուած, առանց աւելորդ համեմներու եւ բաղադրիչներու եւ միշտ չափաւոր քանակութեամբ:

Խոհագիր

Գետնախնձորով Եւ Խաշած Հաւկիթով
Աղցան

4 անձի համար անհրաժեշտ են`

– 1 քիլօ խաշած եւ խորանարդաձեւ կտրատուած գետնախնձոր
– 1 տուփ պահածոյ թոն
– 2-3 հատ խաշած հաւկիթ
– 1 միջակ խորանարդաձեւ կտրատուած լոլիկ
– 6-8 հատ կորիզը հանուած սեւ ձիթապտուղ
– Ձեռքի տակ գտնուող որեւէ կանաչեղէն` ռոքա, հազար, ռեհան
– 1 կիտրոնի հիւթ
– Աղ
– 1.5 ապուրի դգալ մայոնեզ

Պատրաստութիւն

Աղցանի ներկայանալի ամանի մը մէջ լեցնել գետնախնձորը, փշրուած թոնը, լոլիկը, ձիթապտուղը, կտրատուած հազարը (կամ ռեհանի տերեւները, ռոքքան…) եւ զգուշութեամբ խառնել:

Փոքրիկ փոս ամանի մը մէջ խառնել մայոնեզը, կիտրոնի հիւթն ու աղը: Ստացուած թացանը աւելցնել աղցանին վրայ, կրկին զգուշութեամբ խառնել, ապա երեսը զարդարել հաւկիթի շերտերով:

*
*      *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ջա՜ն, Գինի՛ Լցրէք

Ով վշտին յաղթեց – ուրա՛խ կը լինի,
Նրա՛ն է վայել խնճոյք ու գինի,
Ջա՜ն, գինի լցրէք – մեզ անո՜ւշ լինի.
Վիշտը յո՛ւշ լինի,
Բախտն անուշ լինի:
Ջա՜ն, խաղողի պէս մեր կեանքը քամե՜նք,
Սիրոյ եւ բախտի թունդ գինի հանե՛նք,
Թաս-թասի զարկենք, ուրախ քէ՜ֆ անենք.
Վի՜շտն անգամ քամենք, –
Խնդութի՛ւն հանենք:
Եկէք խնդութեամբ գինու պէս հարբե՛նք,
Վիշտը, շշի պէս, քարին տանք, ջարդե՛նք,
Մեր կեանքի գինին մինչեւ վե՛րջ պարպենք.
Վիշտը փառատե՛նք,
Խնդութեա՜մբ հարբենք:
Այնպէս ապրենք, որ մահը մօտ չգա՛յ,
Իսկ քէֆի ժամին, թէ մտնի՛ յանկարծ,
Քէ՛ֆ անի մեզ հետ` ոխը մոռացած
Ու գնա՜յ հարբած
Մոլորա՜ծ ճամբան…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

Մեր Առողջութեան Վնասող Չորս Զգացումները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հոգեբաններու կարծիքով, կան մարդկային 4 զգացումներ, որոնք բացասական ազդեցութիւն կը գործեն մեր առողջութեան վրայ եւ կը խանգարեն մեր հոգեկան անդորրութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը:

Ուսումնասիրելով 2000 կամաւորներու 5 տարուան վրայ երկարող վարքն ու առողջական վիճակը` աւստրալիական հետազօտութիւն մը առանձնացուցած է մարդկային չորս զգացումներ, որոնք կը վնասեն մեր առողջութեան:

Նախանձը

Հոգեբաններու եզրակացութիւնները կը վկայեն, որ հարազատներու կամ անծանօթներու մշտապէս նախանձողները աւելի ենթակայ են սրտային հիւանդութիւններու: Անոնց մօտ հիւանդանալու հաւանականութիւնը 2,5 անգամ աւելի է` համեմատած անոնց, որոնք շրջապատին նկատմամբ ունին չէզոք կամ աւելի բարեացակամ վերաբերմունք:

Ագահութիւնը

Մարսողական դրութեան խանգարումները աւելի յաճախակի են այն անձերուն մօտ, որոնք անընդհատ նիւթական եկամուտ ստանալու մղումով կ՛առաջնորդուին: Ագահ մարդիկ յաճախ կը տառապին պուլիմիայէ կամ անորեքսիայէ:

Ինքնաքննադատութիւնը

Հետազօտութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ երբ մարդ յաճախ ինքզինք կը մեղադրէ ու կ՛այպանէ, ակամայ կ՛աւելցնէ քաղցկեղով հիւանդանալու եւ հոգեկան խանգարումներէ տառապելու վտանգը:

Խղճահարութիւնը

Սեփական անձի նկատմամբ տեւական խղճահարութիւնը վնասակար է լեարդին: Երբ մարդիկ անընդհատ իրենք զիրենք զոհի կարգավիճակին մէջ կը զգան, անոնց մարմնին մէջ կը բարձրանայ ասեթիլքոլին կոչուած նիւթին քանակը. այս նիւթը ծանօթ է որպէս թուլութեան հորմոն, իսկ անոր բարձրացումը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկում կը պատճառէ:

Կաթի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Կաթը երկրագունդի ամենաշատ օգտագործուող եւ առողջարար մթերքներէն մէկն է: Կիրի բարձր պարունակութեան պատճառով անիկա յանձնարարելի է բոլորին: Բացի կիրէն` կաթը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ կենսանիւթեր, հանքայիններ, ճարպաթթուներ եւ այլն… Այս իսկ պատճառով կաթը կը պահպանէ մեր ոսկորները եւ կը նուազեցնէ օսթէոփորոզի վտանգը, կը վերականգնէ մկանները, կ՛ապահովէ հանգիստ քուն եւ տոկուն ակռաներ, կ՛ամրապնդէ դիմադրողականութեան համակարգը եւ այլն…

Կաթի օգտագործումը բոլորիս ծանօթ է խոհանոցին մէջ` կերակուրներու եւ աղանդերներու պատրաստութեան համար, բայց քիչեր ծանօթ են կաթի օգտագործման այլ տարբերակներուն. եկէ՛ք ծանօթանանք…

1.- Կաթը օգտագործեցէք մելանի եւ պտուղի արատները մաքրելու համար:

Գաղջ կաթի մէջ 1-2 ժամ թրջեցէք արատը, ապա ջուրով ցօղուեցէք եւ լուացքի մեքենայով լուացէք: Թէ՛ մելանի եւ թէ՛ պտուղի արատները պիտի չքանան:

2.- Կաթը օգտագործեցէք ձեր դէմքին շպարը եւ ընդհանրապէս մորթը մաքրելու համար:

Կենսանիւթերով, զինկով եւ փանթոթենիք թթուով հարուստ կաթը հիմնովին կը մաքրէ եւ կը թարմացնէ դէմքին մորթը:

3.- Կաթը օգտագործեցէք ձեր կօշիկներուն կաշիին երկրորդ կեանք մը տալու համար:

Փայլուն կաշին ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ իր փայլքը եւ նոյնիսկ կը ճաքճաքի. փափուկ լաթի կտոր մը թաթխեցէք գաղջ կաթի մէջ եւ շփեցէք վնասուած բաժինները: Չորնալէ ետք կաշին փայլեցուցէք փափուկ, չոր կտորով մը:

4.- Կաթը օգտագործեցէք բոյսերը թարմացնելու համար:

Ամրան եղանակի չոր օդն ու բարձր ջերմաստիճանը կը թմրեցնեն բոյսերը: Կիրով, փրոթէինով եւ Պէ. կենսանիւթով հարուստ կաթը կը լուծէ հարցը: Սփռիչ շիշի մէջ հաւասար քանակութեամբ ջուր եւ հեղուկ կաթ լեցուցէք եւ ապա ցօղեցէք ձեր բոյսերը:

5.- Կաթը օգտագործեցէք տան անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար:

Փոքրիկ փոս ամաններու մէջ հեղուկ կաթ լեցուցէք եւ տան տարբեր անկիւնները զետեղեցէք: Անշուշտ ասիկա ժամանակաւոր լուծում է, պէտք է փնտռել ու գտնել գէշ հոտին աղբիւրն ու պատճառը եւ մտածել արմատական լուծումներու մասին:

6.- Կաթը օգտագործեցէք յախճապակեայ սպասները մաքրելու համար:

Ժամանակի ընթացքին յախճապակեայ սպասները գոյն կը փոխեն, անոնց վրայ մակերեսային ճաքեր եւ արատներ կը գոյանան: Այս անպատեհութիւնը դարմանելու համար:

Կաթսայի մը մէջ կաթ եռացուցէք, վնասուած գաւաթը, պնակը կամ սափորը մէջը մխրճեցէք, թեթեւ կրակի վրայ կէս ժամ ձգեցէք եւ ապա ցօղուեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:

Ձեռային Աշխատանք

Ոչինչով Բան Մը Ստեղծենք

Ձեռային աշխատանքը ոչ միայն կը լեցնէ մեր ժամանակը, այլեւ կը զարգացնէ մեր երեւակայութիւնն ու ստեղծագործ միտքը եւ հոգեկան բաւարարութիւն ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ մեզի:

Այսօրուան էջով կը ներկայացնենք մոմով պատրաստուած 2 զարդեր, որոնց իրագործման համար ծախսալից գնումներ ընելու կարիքը չունիք: Ձեզի անհրաժեշտ են`

– Տափակ, կլոր մոմ մը,
– Սուրճի հատիկներ,
– Ընդեղէնի տեսականի (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք),
– Սիրուն պնակ մը, խմիչքի բաժակ մը (ոտքով), կամ պարզապէս` պահածոյի ապակեայ շիշ մը:

Նկարները բաւարար խօսուն են, ձեզի կը մնայ գործի լծուիլ: Յաջողութիւն…

Հետաքրքրական

Պատկերաւոր Խօսքի Մը Պատմութիւնը`
«Աքիլլէսեան Կրունկ»

Դիցաբանութենէն, Աստուածաշունչէն եւ այլ աղբիւրներէ մեզի հասած են բազմաթիւ թեւաւոր խօսքեր, պատկերաւոր արտայայտութիւններ, ասացուածքներ, զորս գրաւոր կամ բանաւոր մեր արտայայտութիւններուն մէջ կ՛օգտագործենք` առանց միշտ ալ իմանալու, թէ անոնք ուրկէ՛ ծագում առած են:

Այսօրուան սիւնակով ծանօթանանք «Աքիլլէսեան կրունկ» (գարշապար) պատկերաւոր արտայայտութեան ծագումին:

Այս արտայայտութիւնը, որ փոխաբերական առումով թոյլ, տկար, խոցելի տեղ կը նշանակէ, ծագած է յունական դիցաբանութենէն: Հոմերոսի «Իլիական»-ի գլխաւոր հերոս Աքիլլէսի մարմնին վրայ մէկ խոցելի կէտ կար` կրունկը:

Կը պատմուի, թէ Աքիլլէսի մայրը` թեթիսը, որդին ձախ կրունկէն բռնելով սուզած է Սթիքս գետին մէջ` զայն անխոցելի եւ անմահ դարձնելու նպատակով: Սակայն անխոցելի Աքիլլէսը կռիւի ժամանակ կրունկէն վիրաւորուելով` կը մեռնի… Հետեւաբար ամէնէն ուժեղ ու անխոցելի մարդն անգամ ունի իր թոյլ, տկար կէսը` աքիլլէսեան կրունկը:

Խոհագիր

 Պանանա Պրետ

Պանանա պրետը (պանանի հաց) ամերիկեան աղանդեր է: Ըստ պատմաբաններու, անիկա ամերիկեան խոհանոց մուտք գործած է 1930-ին, Մեծ անկումի օրերուն, երբ մսխումը թոյլատրելի չէր, եւ մարդիկ իրենց ունեցածը չթափելու, ընդհակառակը, օգտագործելու եւ նոր բան մը մէջտեղ բերելու ճիգի մէջ էին:

Համեղ եւ խնայողական ըլլալէ բացի` պանանա պրետ պատրաստելու համար նոյնիսկ ելեկտրական հարիչի կարիք չկայ:

Տարիներու ընթացքին այս աղանդերը տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ, մինչեւ իսկ փետրուար 23-ը հռչակուեցաւ պանանա պրետի ազգային օր:

Բաղադրիչներ

– 4-5  հասուն պանան
– 2 հաւկիթ
– 3 գաւաթ ալիւր
– 1.5 գաւաթ շաքար
– 2/3 գաւաթ հալած կարագ
– Պտղունց մը աղ
– Վանիլլա
– 1 թէյի դգալ սոտա

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 175 ջերմաստիճանով:

Կարագով ծեփել կարկանդակին կաղապարը:

Խորունկ ամանի մը մէջ պատառաքաղով ճզմել պանանները, մինչեւ որ միատարր եւ սահուն խիւսի մը վերածուին, ապա աւելցնել` կարագը, սոտան, աղը, շաքարը 2 զարնուած հաւկիթները, վանիլլան եւ վերջապէս` ալիւրը:

Բոլորը միասին խառնել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի: Զայն պարպել կարագով ծեփուած կաղապարին մէջ եւ եփել 50-60 վայրկեան:

Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ պաղի, ապա կաղապարէն հանել, շերտել եւ մատուցել:

Պանանա պրետի տարբերակները շատ են: Կարելի է բաղադրատոմսին աւելցնել չամիչ, ընկոյզ, տուրմի կտորներ եւ այլն…

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայերուս Թուքը

Դուն խելօք հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ՛ասեն, շատ ունես.
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վըրան:

Քաջ ես, լսել ենք, ինքդ մեծաւոր,
Անուն յաղթողի ունիս փառաւոր.
Բայց թէ թըրէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, թըրիդ ալ վըրան:

Ի վերուստ քանքար քեզի տուած է,
Հեղինակ անունդ աշխարհ փըռուած է.
Բայց թէ գըրչէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, գըրչիդ ալ վըրան:

Հեռատես մըտքով դուն զարդարեցար,
Հըզօր իշխանին սիրելի դարձար.
Բայց թէ մըտքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, մըտքիդ ալ վըրան:

Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ.
Բայց թէ ձեռքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վըրան:

Երկինք շնորհեցին քեզ լեզու ճարտար,
Քարոզչի ստացար հըռչակ ու հանճար.
Բայց թէ լեզուէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, լեզուիդ ալ վըրան:

Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովըդ լըցուած է մարդոց բերան.
Թէ ուսումէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վըրան:

Կու տամ քեզ պատիւ, կ՛ունենաս դու յարգ,
Ու կը դընեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրրանէդ մինչ ի գերեզման
Միակ ձըգտումըդ լինի Հայաստան:

ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ
                            (ԳԱՄԱՐ ԳԱԹԻՊԱ)   

1878

 

 

Զբաղումներ, Որոնք Թոյլ Չեն Տար, Որ Մեր Ուղեղը «Ժանգոտի»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Օրուան ընթացքին որքան ալ զբաղած ու ծանրաբեռնուած ըլլանք, պէտք է ժամանակ տրամադրենք մեր սրտին խօսող զբաղումներու, որոնք ոչ միայն մեզ կ՛անջատեն միօրինակ առօրեայէն, այլեւ կը խթանեն մեր ուղեղին աշխատանքը եւ թոյլ չեն տար, որ վերջինս «ժանգոտի»: Եւ այսպէս`

ԽՈԿՈՒՄը կը նուազեցնէ ընկճախտի մակարդակը եւ արեան ճնշումը, կ՛ամրապնդէ դիմադրողականութեան համակարգը, կ՛աւելցնէ կեդրոնանալու ունակութիւնը: Ընդամէնը տասը վայրկեան լիարժէք խոկալով թէ՛ մեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ եւ թէ՛ մեր ուղեղին աշխատանքը կը բարելաւուի:

ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔը զարմանալիօրէն օգտակար զբաղում է ուղեղին համար: Պտուղ կամ բանջարեղէն աճեցնելը, ինչպէս նաեւ տան բոյսերը խնամելը կը նուազեցնեն քորթիզոլի` ընկճախտի հորմոնի մակարդակը, դրական զգացումներ կը հաղորդեն եւ ձեռքբերումներուն շնորհիւ մեր մէջ հպարտութեան եւ գոհունակութեան զգացողութիւն կը յառաջացնեն:

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄը կը սորվեցնէ կեդրոնանալ, ան կ՛ընդլայնէ մեր բառապաշարը, կը զարգացնէ երեւակայութիւնը եւ վերլուծելու ունակութիւնը: Ընթերցումը նաեւ ընկճախտի դէմ պայքարելու լաւ միջոց է, ան 70 տոկոսով կը նուազեցնէ ընկճախտը: Քնանալէ առաջ կարդալը նաեւ կ՛օգնէ, որ մենք խոր եւ առողջ քուն ունենանք:

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՆՈՒԱԳԵԼը կը նպաստէ մտաւոր ունակութեան զարգացման, կը զարգացնէ ճաշակը եւ կը բարձրացնէ թէ՛ երեխաներուն եւ թէ՛ մեծերուն (IQ) մակարդակը:

ՃԱՏՐԱԿը անկասկած լաւագոյն զբաղումներէն մէկն է ուղեղին համար խաղի ժամանակ մենք կը զարգացնենք ուղեղին երկու կիսագունդերը, կը բարելաւենք կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ` ռազմավարական մտածողութիւնը:

ՊԱՐը ոչ միայն հրաշալի մարզանք է, այլեւ կը նուազեցնէ ընկճախտը եւ կը բարձրացնէ սերոթոնինի մակարդակը` հաւասարակշռելով մեր տրամադրութիւնը: Պարը նաեւ կը նպաստէ աւելի խելացի դառնալու, քանի որ շարժումները յիշելու եւ վերարտադրելու համար մենք ուղեղի տարբեր հատուածները կ՛օգտագործենք:

ԽՄԲԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱՁԵՒԵՐը ոչ միայն հաճելի մարզաձեւեր են, այլեւ կ՛օգնեն նոր ընկերային շրջանակ կառուցելու, լիցքաթափուելու եւ այլն… հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ շփման բացակայութիւնը բացասաբար կ՛ազդէ մեր ուղեղին եւ ընդհանրապէս առողջութեան վրայ: Ահա թէ ինչո՛ւ պասքեթպոլը, ֆութպոլը եւ այլ խմբային մարզաձեւեր ժամանակը օգտաւէտ անցընելու հրաշալի միջոցներ են:

ՀԻՒՍԵԼը, մասնագէտներու կարծիքով, տագնապի, անհանգստութեան, հոգեկան անկումի եւ քրոնիք ցաւերու դէմ պայքարելու հրաշալի միջոց է: Հիւսելը նաեւ կը զարգացնէ կեդրոնացումը, յիշողութիւնը եւ յարատեւ ջանքի կամքը:

Մթերքներ, Որոնք Բնական
Օծանելիքներ Են Մեր Մարմնին Համար

Մարմնի տհաճ հոտով մարդոց հետ յարաբերիլը շատ անյարմար վիճակ կը ստեղծէ: Շատ մը գործօններ կ՛ազդեն մարմնի հոտին. այսպէս, բացի ժառանգական գործօնէն, ապրելակերպի եւ սննդակարգի որոշ սովորութիւններ կը նպաստեն մարմնի տհաճ հոտերու զարգացման:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք քանի մը ուտելիք, որոնք բնական օծանելիքներ են մեր մարմնին համար:

– Ջուր / գարեջուր

Գարեջուրի փոխարէն` աւելի յաճախակի ջուր խմելը մարմինը աւելի բուրաւէտ կը դարձնէ: Ջուրը կը հեռացնէ մեր մարմնի թունաւոր նիւթերը, որոնք անախորժ հոտեր կը յառաջացնեն: Գիտենք, որ օրուան աշխատանքէն ետք պաղ գարեջուր խմելը կը հանգստացնէ եւ յոգնութիւնը կը վերացնէ: Սակայն ոգելից ըմպելիները մեր մարմինը գարշահոտ կը դարձնեն:

– Մածուն / կաթ

Մարմնին անախորժ հոտը կանխարգիլելու համար յաճախ կաթը փոխարինեցէք մածունով: Մածունը ոչ միայն կը վերացնէ մարմնի գէշ հոտը, այլեւ կը պայքարի բերանի մանրէներուն դէմ, մինչդեռ կաթը կը պարունակէ այնպիսի տարրեր, որոնք անախորժ հոտ կը յառաջացնեն թէ՛ մարմնէն եւ թէ՛ բերնէն:

– Կիտրոնի հիւթ / գինի

Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ գինին շատ հաճելի խմիչք է խնճոյքներ կազմակերպելու համար, բայց ինչպէս վերը յիշեցինք, ալքոլ պարունակող խմիչքները չափազանցելու պարագային, անախորժ հոտեր կը յառաջացնեն: Եթէ խնճոյքը պիտի երկարի, 1 – 2 բաժակ գինի խմելէ ետք նախապատուութիւնը տուէք կիտրոնի հիւթով պատրաստուած ոչ ալքոլային խմիչքներուն: Կիտրոնի հիւթը կը հեռացնէ մարմնին թունաւոր նիւթերը` իր անթիօքսիտաններուն շնորհիւ, եւ հաճելի բոյր կու տայ մարմնին:

Հիլ եւ կասիա / սխտոր սոխ

Հիլը (շուշմիր) եւ կասիան սնունդի ամենահամեղ բաղադրիչներն են, անոնք երկարատեւ եւ անուշ բոյր կը հաղորդեն մեր մարմնին, մինչդեռ սխտորն ու սոխը տհաճ հոտ կը յառաջացնեն` հակառակ իրենց սննդական-առողջապահական մեծ առաւելութիւններուն:

Խնձոր / ծաղկակաղամբ

Անշուշտ անհնար է խնձորը ծաղկակաղամբով փոխարինել: Իրականութիւնը այն է, որ պէտք չէ չափազանցել ծաղկակաղամբի օգտագործումը, եթէ մարմինը հակամէտ է անախորժ հոգտեր յառաջացնելու: Իսկ ինչ կը վերաբերի խնձորին, առատօրէն սպառեցէք զայն, անիկա բնական, անուշաբոյր օծանելիք մըն է…

Բուսական թէյ / սուրճ

Բուսական թէյերը կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ անթիօքսիտաններ, որոնք մարմնէն կը հեռացնէն թունաւոր նիւթերը եւ անոնց պատճառած անախորժ հոտերը: Մինչդեռ սուրճին պարունակած մեծ քանակութեամբ քաֆէինը մարմնին անախորժ հոտեր կը պատճառէ:

Ձմերուկ Մատուցելու Երկու Հետաքրքրական
Տարբերակներ

Ճաշկերոյթ, տարեդարձ, ընտանեկան հաւաքոյթ… Ի՛նչ ալ պատրաստած ըլլաք, անպայման անոնք պիտի աւարտին պտուղով եւ աղանդերներով:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք, թէ ինչպէս կարելի է մատուցել եղանակի թագուհի պտուղը` ձմերուկը եւ տպաւորել հրաւիրեալները:

Ձեզի անհրաժեշտ են` ձմերուկ, քիուի, խաղող, ելակ, սեխ եւ այլն…

Նկարները բաւարար խօսուն են, ձեզի կը մնայ գործի լծուիլ` օգտագործելով փայտեայ, բարակ շամփուրներ, կրկնեփի կաղապարներ, ինչպէս նաեւ` պտուղները գնդաձեւ ձեւաւորող սարք:

Խոհագիր

Թանապուր

Թանապուրը հայկական խոհանոցի կերակուրներէն է: Մածունով եւ ծեծած ցորենով պատրաստուուղ այս ապուրը ունի իր տարբերակները. Հայաստանի տարածքին թանապուրը ծանօթ է նաեւ սպաս, թանասպաս, թանահատ եւ այլ անուններով:

Թանապուրը կը պատրաստուի մածունով կամ չորթանով, լաւ եփած ծեծած ցորենով կամ խոշոր ձաւարով: Ըստ նախասիրութեան, կ՛ուտուի տաք կամ պաղ վիճակի մէջ:

Ըստ աւանդութեան, թանապուրը մաս կը կազմէր Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող խթման ընթրիքին: Թանապուրը եղած է Արեւմտահայաստանի գաւառներու գիւղական շրջաններու աշխատանքային կերակուրը, որ հողէ ամաններու կամ կուժերու մէջ լեցուած կը տարուէր դաշտ:

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք ձաւարով թանապուրի բաղադրատոմսը: Համեղ եւ յագեցնող այս ապուրը կերէք պաղ, նոյիսկ` մէջը քանի մը կտոր սառոյց աւելցնելով:

Բաղադրիչներ`

1 լիթր մածուն
1,5 գաւաթ խոշոր ձաւար
1 հաւկիթ
50 կ. կարագ
քանի մը ճիւղ թարմ անանուխ
քանի մը ճիւղ թարմ գինձ
1 լիթր ջուր
Աղ

Պատրաստութիւն

Խաշել ձաւարը, մինչեւ որ փափկանայ:

Կաթսային մէջ լեցնել մածունը, աւելցնել հաւկիթը, աղը եւ լաւ խառնել: Կաթսան դնել կրակին վրայ եւ մածունը անընդհատ խառնելով հասցնել եռման աստիճանի:

Երբ մածունը եռալու սկսի, աւելցնել ձաւարը եւ շարունակել խառնել. այնուհետեւ քիչ-քիչ աւելցնել եռացած ջուրը` նայած թէ դուք ինչ թանձրութեամբ կը սիրէք ապուրը:

Եփել մօտ կէս ժամ` տեւաբար խառնելով:

Երբ թանապուրը արդէն պատրաստ է, աւելցնել կարագը, մանրուած գինձն ու անանուխը:

Կրակին վրայէն վերցնել կաթսան, սպասել, որ պաղի եւ ապա մատուցել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նամակները     

Ամէն մէկն, իր փորած դիրքում,
Մի նամակ էր կարդում սիրով,
Եւ, թւում էր, Հայրենիքում
Թափառո՜ւմ է երազներով,
Թւում էր` իր մօ՜րն է փարուել,
Խաղա՜ղ է իր տանն ու բակում,
Եւ կարող է խնդալ, սիրել,
Մանո՜ւկ դառնալ իր մօր գրկում…

Միայն փոքրի՜կ, խե՜ղճ մի նամակ,
Քամու թեւին ընկած անուժ,
Իր տիրո՜ջն էր փնտռում յամառ
Դիակների մէջ անանուն,
Իսկ միւսը, սեւ ճայի պէս,
Թեւածելով ծովում անափ,
Ինչ-որ բա՜ն էր ճչում ասես,
Որ սուզուած տէրն իմանայ…

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

Խնկունիի Օգտագործման Հետաքրքրական Տարբերակներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Խնկունիին (հազրեվարդ) մշտադալար եւ անուշաբոյր խոտաբոյս մըն է, որ ծագում առած է Միջերկրական ծովու ափերէն եւ կ՛ախորժի տաք վայրերէն: Խնկունի կարելի է աճեցնել թէ՛ պարտէզը եւ թէ՛ թաղարի մէջ, ան քիչ խնամք պահանջող, բայց իր իւրայատուկ բոյրով եւ համով տարբերուող բոյս է:

Այսօրուան սիւնակով, եկէք, ծանօթանանք տան մէջ խնկունիի օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներու:

– Ձիթապտուղի ձէթը համեմելու համար

Փոքրիկ  կաթսայի մը մէջ մէկ բաժակ ձիթապտուղի ձէթ լեցուցէք եւ կրակին վրայ տաքցուցէք այնքան մը, որ հազիւ գաղջ  ըլլայ: Խնկունիի լուացուած եւ լաւ ցամքեցուած մէկ-երկու ճիւղ եւ քանի մը պճեղ սխտոր աւելցուցէք ձէթին վրայ եւ առնուազն 20 վայրկեան ձգեցէք, որպէսզի գաղջ ձէթը լաւ ներծծէ խնկունիին ու սխտորին համն ու բոյրը: Պաղելէն ետք ձէթը եւ մէջինները փոխադրեցէք ապակեայ շիշի մը մէջ եւ զայն օգտագործեցէք աղցաններու, մսեղէններու ու ձկնեղէններու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական պակեթ հացի շերտերը համեմելու` նախքան փուռի մէջ խորովելը: Կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշին մէջ այս ձէթը կը դիմանայ 2-3 ամիս, իսկ սառնարանին մէջ` 6 ամիս:

– Ծովու աղը համեմելու համար

Մեր օրերուն շատ ընդհանրացած է մեծ հատիկներով ծովու աղի գործածութիւնը: Այս աղը կարելի է խառնել խնկունիի ասեղնաձեւ տերեւներուն հետ եւ ստանալ անուշաբոյր համեմ մը: Պատրաստութեան համար 3 գաւաթ աղին խառնեցէք մէկ գաւաթ խնկունիի ասեղնաձեւ տերեւները (առանց ցօղուններուն): Խառնուրդը փոխադրեցէք չոր, ապակեայ, լայն բերանով շիշի մը մէջ, կափարիչը փակեցէք եւ առնուազն 2 շաբաթ սպասեցէք նախքան օգտագործելը:

– Կարագը համեմելու համար

Կա՞յ աւելի համեղ բան, քան սխտորով եւ խնկունիով համեմուած կարագը` խորոված հացի շերտերու կամ գետնախնձորի վրայ: Պատրաստելու համար 4 ապուրի դգալ կարագին (սենեակի ջերմաստիճանով) 1 ապուրի դգալ մանրուած թարմ խնկունի, 1 պճեղ ճզմուած սխտոր եւ քիչ մը սեւ համեմ աւելցուցէք, հարիչով կամ պատառաքաղով լաւ ճզմեցէք, մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստանաք: Զայն տարածեցէք կերպընկալէ թուղթի վրայ եւ քիչ-քիչ ոլորելով` գլանի ձեւ տուէք եւ սառցարանը փոխադրեցէք: Կարծրանալէ ետք հանեցէք կերպընկալ թուղթը եւ օգտագործեցէք:

– Խմիչքները համեմելու համար

Ամառնային զովացնող խմիչքներուն` ալքոլային թէ պարզ, խնկունին իւրայատուկ բոյր եւ համ կը հաղորդէ: Մենք հակուած ենք անանուխի տերեւներ օգտագործելու, մինչդեռ կարելի է երբեմն զանոնք փոխարինել խնկունիի ճիւղերով:

– Մժեղները հեռու պահելու համար

Գաղտնիք չէ, որ  մժեղները չեն ախորժիր խնկունիի հոտէն: Հետեւաբար ապակեայ շիշերու մէջ 3/4 ջուր լեցուցէք, ապա աւելցուցէք կիտրոնի 1-2 շերտ եւ թարմ խնկունիի ճիւղեր: Այս շիշերը աւելի եւս կը գեղեցկանան, եթէ անոնց մէջ մէկական ծփացող մոմ աւելցնէք:

Կենցաղավարական 10 Կանոններ

Կենցաղավարութիւնը պարզ ձեւականութիւն չէ, անիկա բաւական երկար ցանկ մըն է չափանիշներու, որոնք ստեղծուեր են, որպէսզի տարբեր մարդիկ իրենք զիրենք յարմարաւէտ զգան մեր ներկայութեան:

«Կենցաղավարութիւն» բառը թերեւս հնաոճ թուի ոմանց համար. ճիշդ է, որ  շատ մը կենցաղավարական կանոններ այսօր ժամանակավրէպ դարձած են, բայց եւ այնպէս ժամանակին հետ այդ կանոններն ալ փոխուած ու զարգացած են:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կենցաղավարական 10 կանոններ.

1

Սելֆիներ ընելէ առաջ հարցուցէք ձեր ընկերներուն` արդեօք կ՛ուզե՞ն նկարին մէջ յայտնուիլ. հաւանութիւն տալու պարագային, առիթ տուէք, որպէսզի անոնք պատրաստուին, չէ՞ որ բոլորս ալ կ՛ուզենք լաւ տեսք ունենալ նկարին մէջ:

2

Միշտ անջատեցէք ձեր բջիջայինին ձայնը, երբ կը գտնուիք թատրոնի, շարժապատկերի սրահի, գրադարանի, դասախօսութեան սրահի եւ այլ հաւաքական վայրերու մէջ:

3

Եթէ 5-րդ զանգէն ետք տուեալ անձը չի պատասխաներ ձեր զանգերուն, դուք պէտք է անջատէք ձեր բջիջայինը:

4

Երբ ձեր տունը հիւրեր ունիք, 2-3 վայրկեանէն աւելի մի՛ խօսիք ձեր բջիջայինով: Նաեւ անջատեցէք պատկերասփիւռը եւ հեռու մնացէք ձեր համակարգիչէն:

5

Ձեր տան մէջ երկու անձեր իրարու ծանօթացնելու ատեն, իւրաքանչիւրը ներկայացնելու պահուն պզտիկ տեղեկութիւն մը տուէք անոր մասին. «Ընկերուհիս` Շողերն է, ան անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի է»: Այսպիսով, անծանօթներէն իւրաքանչիւրը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ մասնագիտութեամբ անձի հետ գործ ունի եւ զրոյցի համապատասխան նիւթեր կ՛արծարծէ:

6

Ձեր «ինսթակրամ»-ին մէջ «ֆէյսպուք»-ին վրայ օրական 3 նկարէն աւելի մի՛ տեղադրէք: 5 նկար կարելի է, եթէ արձակուրդի էք:

Ձեր յաճախած ճաշարաններուն եւ ճաշակած ուտելիքներուն նկարները համացանցի վրայ տեւաբար ցուցադրելը յաճախ անճաշակութիւն եւ անփափկանկատութիւն կը համարուի:

7

Հասարակական զուգարանէն ելլելէ առաջ բարեկիրթ մարդիկ անպայմանօրէն կը լուան իրենց ձեռքերը: Այսուհանդերձ, զուգարանի մուտքին մի՛ ձեռնուիք հանդիպած ծանօթին:

8

Եթէ շրթներկ կը գործածէք, վստահ եղէք, որ անիկա ձեր բաժակին վրայ անախորժ հետքեր պիտի չձգէ. ի հարկին, նախքան խմելը, ձեր շուրթերը մաքրեցէք թուղթէ թաշկինակով:

9

Տունը աշխատանքի վայրը, թէ այլուր կարելի չէ առանց դուռը զարնելու բանալ ու մտնել:

10

Ճաշարանը ըլլաք, թէ տունը, եթէ ձեր կերակուրի պատառը շա՛տ տաք էր, զայն մի՛ թքէք պնակին կամ անձեռոցին մէջ, պարզապէս ջուր կամ այլ պաղ խմիչք մը խմեցէք: Նոյնքան տգեղ է նաեւ փչելով ուտելը: Պարզապէս սպասեցէք, որ կերակուրը քիչ մը պաղի:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 Ինչպէ՞ս Մաքրել Արիւնի Արատները

 Թաց Արիւնի Հետքերը Մաքրելու Համար

Երբե՛ք տաք ջուրով չփորձէք մաքրել թաց արիւնի արատները: Տաք ջուրին հետ շփուելով` արիւնը աւելի եւս կը խրուի կտորին հիւսուածքին մէջ, եւ անկարելի կ՛ըլլայ զայն վերացնելը:

Թաց արիւնի բիծը միշտ մաքրեցէք պաղ ջուրով, ի հարկին` հագուստը կամ սաւանը ամբողջ գիշեր մը պաղ ջուրի մէջ թրջելով: Կրնաք նաեւ դիմել հետեւեալ հնարքներուն:

Ա.- Թաց արիւնին վրայ եգիպտացորենի ալիւր ցանեցէք, կրնաք նաեւ սովորական ալիւր կամ երեխաներուն համար օգտագործուող փուտր գործածել: Սպասեցէք, որ ալիւրը ամբողջութեամբ ծծէ արիւնը, ապա խոզանակեցէք:

Բ.- Թաց արիւնը կարելի է մաքրել աղի եւ պաղ ջուրի խառնուրդով: Լաւ թրջեցէք բիծը, սպասեցէք 10 վայրկեան, ապա պաղ ջուրով ցօղուեցէք:

Արիւնի Չոր Հետքերը Մաքրելու Համար

Ա.- Արիւնի չոր բիծը մաքրելու համար օգտագործեցէք ասփիրինը: Ջուրով եւ ասփիրինով թանձրուկ մը պատրաստեցէք եւ զայն տարածեցէք արատին վրայ: Սպասեցէք առնուազն քառորդ ժամ, ապա պաղ ջուրով ցօղուեցէք:

Բ.- Կիտրոնի հիւթ թափեցէք արիւնի արատին վրայ, 5-6 վայրկեան սպասեցէք, ապա ջուրով ցօղուեցէք:

Գ.- Ճերմակ քացախ թափեցէք արիւնի արատին վրայ, 5-10 վայրկեան սպասեցէք, ապա ջուրով ցօղուեցէք:

Ի՞նչ միջոցի ալ դիմէք, միշտ վերջաւորութեան լուացքի մեքենայով լուացէք ձեր հագուստը կամ սաւանը:

Խոհագիր

Ձիթապտուղով Հաց

Բաղադրիչներ

– 1 գաւաթ կորիզը հանուած ձիթապտուղ (նախընտրաբար` սեւ եւ կանաչ)
– 1 ապուրի դգալ պղպեղի մածուկ (կէս կծու)
– 2 կանաչ սոխ` մանր կտրատուած
– 1/3 գաւաթ ընկոյզ մեծ կտրատուած
– Թարմ կամ փոշի վայրի ծոթրին, օրեկանօ, սուսամբար (ինչ որ ձեռքի տակ ունիք)
– Կարմիր փոշի պղպեղ
– 1 գաւաթ ալիւր
– 3/4 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1/4 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1/4 գաւաթ նարինջի հիւթ
– Աղ
– 1 հաւկիթի դեղնուց
– Շուշմայ

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ խառնել պէյքինկ փաուտըրը  եւ աղը: Աւելցնել ձիթապտուղի ձէթը եւ մատներով խառնել, մինչեւ որ փխրուն խմոր մը ստացուի, ապա աւելցնել նարինջի հիւթը եւ շաղել: Ստացուած խմորը գունդի մը վերածել, երեսը ծածկել եւ ձգել, որ հանգչի 30 վայրկեան:

Երկրորդ ամանի մը մէջ պատրաստել միջուկը` խառնելով ձիթապտուղը, սոխը, պղպեղի մածուկը, ընկոյզը, կարմիր փոշի պղպեղը եւ ձեռքի տակ ունեցած թարմ կամ չոր խոտերը:

Խմորը գրտնակել, երեսը տարածել միջուկը, ապա ոլորել` ծայրամասերը լաւ սեղմելով: Խմորին երեսը հաւկիթի դեղնուցով ծեփել, շուշմայ ցանել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել  35 վայրկեան: Փուռէն հանելէ ետք սպասել, որ պաղի, ապա շերտել ու մատուցել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Չտեսնէի, մեր երդի ծո՛ւխ,
Քեզ կտրուած չտեսնէի:
Ա՜խ, մեր սիւնի ծունկը ծալուած,
Վիզը ծռուած չտեսնէի:
Չտեսնէի բակն` ամայի
Ու դռները` կրնկահան
Եւ գերանը` հասակով մէկ
Գետնին փռուած չտեսնէի:
Ա՜խ, եօթ գոյնի մամուռ հագած
Մեր երկանքի քարի վրայ
Քարմաղի խեմքն ունջը կերած
Ու խարխլուած չտեսնէի:
Խաչիպապի որդու, թոռան,
Թոռն-թոռան օրօրոցի
Փշրանքները նշխար-նշխար`
Փոշում ցրուած չտեսնէի:
Տան երդկալը` ցանկապատի
Ջարդ ու փշուր կողերի մէջ
Եւ բահն անտէր` խոպան մարգի
Հողում խրուած չտեսնէի:
Գայի, ճաքած շրթունքներով
Համբուրէի արցունքդ պաղ,
Ա՜խ, պապերիս ձեռքի սափոր,
Քեզ փշրուած չտեսնէի:
Իմ տնաւեր լաւից լաւեր,
Աչքս փակուէր մի բուռ հողով,
Ձեր այդքան թանկ անունները
Քարին գրուած չտեսնէի:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

 

Առողջապահական. Մաշկաբանին Կարծիքով

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Journal of Clinical Microbiology»-ի կողմէ հրատարակուած հետազօտութիւն մը կը հաստատէ, որ լոգանքի համար նախատեսուած սովորական, ցանցաձեւ սպունգը մանրէներու բազմացման լաւագոյն վայրն է:

Մաշկաբան Մեթիու Նայթը դէմ է նման սպունգի օգտագործման եւ կը պնդէ, որ նմանատիպ սպունգները աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն մարմնին, քան` օգուտ:

Մաշկաբանին կարծիքով, մարդիկ լոգանքէն ետք սպունգը կը ձգեն բաղնիքը` խոնաւ եւ տաք միջավայրի մէջ, ուր իսկական վայր է մանրէներու բազմացման: Իսկ մենք ամէն անգամ, որ լոգանքի կը մտնենք եւ կ՛օգտագործենք այդ ցանցաձեւ  սպունգները շփելով մեր մարմնի զանազան մասերը, այդ մանրէները կը թափանցեն մեր մարմնի ացքերուն մէջ` պատճառ դառնալով զանազան վարակներու եւ մորթային բորբոքումներու:

Եզրափակելով` Մեթիու Նայթ եւ անոր գործընկերները կը յորդորեն հրաժարիլ նման սպունգներէն, իսկ անոնց փոխարէն օգտագործուող սովորական սպունգն ալ օգտագործել առաւելագոյնը 1 ամիս:

Իսկ եթէ չէք հրաժարիր մեր ցանցաձեւ սպունգէն ապա լոգանքէն ետք մանրակրկիտ լուացէք եւ ցամքեցուցէք զայն ոչ թէ բաղնիքը, այլ բացօթեայ` արեւին տակ:

Բնական Պարարտանիւթեր
Տան Բոյսերուն Համար

Ինչո՞ւ մեծ գումարներ ծախսել շուկան վաճառուող թանկարժէք եւ քիմիական պարարտանիւթերու վրայ, երբ տունը, մեր ձեռքին տակ ունինք բնական եւ աժան պարարտանիւթեր` մեր բոյսերուն աճը եւ արագ ծաղկումը ապահովելու համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սենեկային բոյսերու բնական պարարտանիւթեր:

– ՓԱՅՏԻ ՄՈԽԻՐ-ը շատ յարմար է բոյսերու սնուցման եւ հիւանդութիւններու  կանխարգիլման համար: 1 ապուրի դգալի վրայ 1 լիթր տաք ջուր աւելցուցէք եւ լեցուցէք կափարիչով օժտուած շիշի մը մէջ: Սպասեցէք 1 շաբաթ: Շիշը պարբերաբար ցնցեցէք: Այս թուրմով բոյսերը ջրեցէք 10 օրը անգամ մը:

– ՍՈՒՐՃԻ ՄՐՈՒՐ-ը եւս սքանչելի պարարտացուցիչ է, պարբերաբար ապուրի 1-2 դգալ լեցուցէք բոյսի գլխաւոր ցօղունի շուրջ եւ ջրեցէք: Սուրճի մրուրին հոտը նաեւ կը հեռացնէ որոշ թռչող միջատներ եւ որդեր:

– ՀԱՒԿԻԹԻՆ ԿԵՂԵՒ-ը կիրով հարուստ է, իսկ կիրը անհրաժեշտ հանքային մըն է բոյսերուն համար: Հաւկիթին կեղեւը փշրել, ապա փշուրները տարածել բոյսի գլխաւոր ցօղունին շուրջ եւ հողին հետ խառնել:

– ՊԱՆԱՆԻՆ ԿԵՂԵՒ-ը շատ հարուստ է փոթասիոմով, ֆոսֆորով եւ կիրով: Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր բոյսերը առողջ աճին ու ծաղկին, պանանի կեղեւը մանր կտրատեցէք եւ թաղեցէք բոյսին գլխաւոր ցօղունին հողին մէջ: Կարելի է նաեւ ջուրի մէջ թրջել պանանի կեղեւները եւ 3 օր վերջ ջուրը օգտագործել բոյսերը ջրելու համար:

ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆՆԵՐՈՒ ԵՓԻ ՋՈՒՐԵՐ-ը երբեք չթափէք, ձգեցէք, որ պաղին, ապա ջրեցէք ձեր բոյսերը: Այսպէս, գետնախնձորի, լուբիայի, ստեպղինի, բայց նաեւ դդմաճներու եւ բրինձի եփի ջուրերը չափազանց հարուստ են կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Զանոնք օգտագործելու պարագային վստահ եղէք, որ չափազանց աղի չըլլան:

ԷՓՍՈՄ ԱՂ-ը չափազանց հարուստ է մակնեզիոմով եւ ծծումբով: Բաւարար է, որ 4 լիթր ջուրի մէջ 1 ապուրի դգալ էփսոմ աղ լուծէք եւ պարբերաբար ձեր բոյսերը ջրէք այդ լծոյթով:

Ձեռային Աշխատանք

Սեղանի Զարդեր

Ամառնային բացօթեայ երեկոյեան ընթրիքներն ու հաւաքոյթները չեն ամբողջանար առանց գեղեցիկ ու նրբաճաշակ մոմակալներու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 հետաքրքրական սեղանի մոմակալ¬զարդեր, որոնց պատրաստութիւնը ձեզմէ երկար ժամանակ չի խլեր, իսկ բաղադրիչները առհասարակ ձեռքի տակ գտնուող իրեր են` տափակ, կլոր մոմեր, կիտրոնի շերտեր, ներկայանալի բաժակներ, կասիա, աստղանիսոն, խնձոր, խճաքարեր եւ այլն…

Ներկայացուած չորս նկարներն ալ բաւարար խօսուն են, եւ բացատրութեան չեն կարօտիր: Ընտրեցէք ձեր սրտին խօսողը եւ գործի անցէք` զարմացնելու համար ձեր հիւրերը:

Հետաքրքրական

Պատկերաւոր Խօսքի Մը Պատմութիւնը`
«Սիզիփոսեան Աշխատանք»

Դիցաբանութենէն, Աստուածաշունչէն եւ այլ աղբիւրներէ մեզի հասած են բազմաթիւ թեւաւոր խօսքեր, պատկերաւոր արտայայտութիւններ, ասացուածքներ, զորս գրաւոր կամ բանաւոր մեր արտայայտութիւններուն մէջ կ՛օգտագործենք` առանց միշտ ալ իմանալու, թէ անոնք ուրկէ՛ ծագում առած են:

Այսօրուան սիւնակով ծանօթանանք «Սիզիփոսեան աշխատանք» պատկերաւոր արտայայտութեան ծագումին:

Այս արտայայտութիւնը փոխաբերական առումով տաժանակիր, յոգնեցուցիչ, անվերջ, ապարդիւն աշխատանք կը նշանակէ, ծագած է յունական դիցաբանութենէն:

Կը պատմուի, որ Կորնթոսի թագաւոր Սիզիփոսին իր վայրագութեան եւ դաժանութեան պատճառով աստուածները դատապարտեր էին դժոխքին մէջ հսկայ, ծանր քար մը գլորելով լերան գագաթը բարձրացնել, սակայն քարը տեւաբար դէպի վար կը գլորէր: Այդ ապարդիւն աշխատանքը անդադար կը կրկնուէր:

Խոհագիր

 Սեխի Մրգանուշ (Քոմփոթ)

Բաղադրիչներ (4-5 անձի համար)

– 2 սեխ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 100 կ. փոշի շաքար
– Կասիայի փայտիկ մը
– 2 մեխակի գամ
– 1 աստղանիսոն

Պատրաստութիւն

Սեխերը փոքր, խորանարդաձեւ կտրատել, աւելցնել` կիտրոնի հիւթը, կասիան, շաքարը, մեխակի գամերն ու աստղանիսոնը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 10-15 վայրկեան` պարբերաբար խառնելով:

Խառնուրդը կրակին վրայէն վերցնել, հանել կասիան, մեխակի գամերն ու աստղանիսոնը, իսկ մրգանուշը լեցնել ապակեայ բաժակներու մէջ եւ մատուցել գաղջ կամ պաղ:

Սեխ Ուտելու
6
Համոզիչ Պատճառներ

1.- 90 առ հարիւր ջուրով յագեցած սեխը զովանալու եւ ջրազրկումէ պաշտպանուելու յարմարագոյն պտուղն է: Այլ պտուղներու համեմատած` անիկա քիչ շաքար եւ ջերմուժ կը պարունակէ:

2.- Սեխին նարնջագոյն գոյնը անմիջապէս կը յուշէ, որ անիկա քարոթենոիտներով հարուստ պտուղ է եւ հետեւաբար քաղցկեղէ պաշտպանելու յատկութիւն ունի:

3.- Կիրի բաւական բարձր տոկոսով սեխը նաեւ կ՛ամրապնդէ մեր ոսկորները, ակռաներն ու եղունգները` ապահովելով անոնց առողջ աճը:

4.- Ինչպէս քաղցր բանջարեղէններու մեծ մասը (ստեպղին, քաղցր գետնախնձոր…) սեխը եւս հարուստ է պեթա¬քարոթենով` գունանիւթ, որ առանձնայատկութիւն ունի պաշտպանելու մեր յօդերը բորբոքային հիւանդութիւններէ եւ արթրիտէ:

5.- Սեխը օգտակար է մեր տեսողութեան. ան կը պաշտպանէ մեր աչքերուն ցանցաթաղանթը:

6.- Սեխը հարուստ է մանրաթելերով, որոնք կը կանոնաւորեն աղիքներուն աշխատանքը եւ կը բուժեն փորկապութիւնը:

***

Շաբթուան Մտածումը

Ա՛զգ,
Կռուէ՛ ամբողջութեամբը քու միսերուդ:
Եթէ միսերդ ինկան պատառ¬պատառ,
Կռուէ դնդերներո՛վդ, ջիղերո՛վդ, երակներո՛վդ:
Եթէ Պայքարը զանոնք լափեց`
կռուէ ոսկորներո՛վդ:
Եթէ ոսկորներդ փշրուեցան, կռուէ ծուծո՛վդ:
Եթէ ծուծ չմնաց, կռուէ աճիւններո՛վդ:
Եթէ ասոնք ալ տարտղնուեցան, կորսուեցան,
չքացան, այն ատեն կռուէ՛, ազգ,
Հերոսո՛վդ:

ՇԱՀՆՈՒՐ

Երէկ (3 օգոստոս 1903) գրագէտ Շահան Շահնուրի ծննդեան օրն էր:

 

 

Viewing all 573 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>