Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 573 articles
Browse latest View live

Ինքնուրոյն Երեխայ Դաստիարակելու 7 Կանոններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեխայի դաստիարակութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը, եթէ ոչ` գլխաւորը, երեխային ինքնուրոյնութիւն սորվեցնելն է: Ծնողներուն կողմէ ցուցաբերուած չափազանցուած հոգատարութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ երեխան մեծնայ անհոգ ու անպատասխանատու, բայց նաեւ` անինքնավստահ եւ չկողմնորոշուող:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ինքնուրոյն երեխայ դաստիարակելու քանի մը հիմնական կանոններ.

– Ձգեցէք, որ երեխան առանձինը ուտէ, նոյնիսկ եթէ առաջին փորձերուն կերակուրը կամ կաթը պիտի թափթփէ: Նոյնպէս ալ ձգեցէք, որ ան առանձինը հագուի եւ կոճկէ շապիկը, կապէ կօշիկին կապերը: Այս բոլորը պէտք է սկսին շատ կանուխէն, որպէսզի մանկապարտէզի տարիքին կախեալ չըլլայ ուրիշներէն:

– Երեխային օգնելու կամ ժամանակ շահելու համար ձեր երեխային դասերը դուք մի՛ կատարէք: Ի հարկին որոշ ուղղութիւն տուէք եւ ձգեցէք, որ առանձին մտածէ, յիշէ ուսուցչուհիին բացատրութիւնները եւ կատարէ պարտականութիւնը` հոգ չէ թէ սխալելու գնով:

– Մի՛ յանդիմանէք, երբ ձեր երեխան սխալներ գործէ, ան սխալելով պիտի սորվի: Հանգիստ լսեցէք անոր բացատրութիւնը եւ ձեր խորհուրդներով ճիշդ ճամբու վրայ դրէք զայն:

– Երեխային ընտրութեան առիթ տուէք: Փոքր տարիքէն անոր կարծիքին դիմեցէք հագուածքի, կերակուրի, խաղալիքի եւ տան վերաբերող շատ մը բաներու մասին: Պայման չէ, որ իր բոլոր կարծիքները գործադրուին, բայց ան պէտք է զգայ, որ երբեմն նկատի կ՛առնեն իր ընտրութիւնները: Եւ այսպէս, երբ միասին գրախանութ կը յաճախէք, ձեր երեխային փոխարէն դուք գիրք մի՛ ընտրէք, ձգեցէք, որ ան իր ժամանակը առնէ: Դուք պարզապէս ձեր կարծիքը տուէք անոր ընտրած գիրքին մասին, բայց  երբեք արգելք մի՛ հանդիսանաք:

– Ձեր զաւակը տեւաբար երեխայի տեղ մի՛ դնէք: Անոր վստահեցէք տնային պարտականութիւններ` սենեակը կոկել, ծաղիկները ջրել, սեղանը հաւաքել, գուլպաները զոյգել եւ այլն…

– Ձգեցէ՛ք, որ երեխան ինքնուրոյն զբաղում գտնէ: Առաջարկեցէ՛ք, բայց մի՛ ստիպէք, որ ձեր երեխան այս կամ այն խաղալիքով խաղայ: Երեխաները իրենց բնոյթով ստեղծարար են եւ հարուստ երեւակայութիւն ունին, հետեւաբար մի՛ միջամտէք անոնց խաղերուն:

– Ձեր երեխան ընդունեցէք այնպէս, ինչպէս որ է, եւ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս դուք կը պատկերացնէք: Ծնողները արդէն իսկ ունին ձեւաւորուած եւ ընդունուած արժէքներ, կարծրատիպեր, եւ կ՛ուզեն այդ բոլորը փոխանցել իրենց զաւակներուն: Այսպիսով, անոնք կը կաղապարեն թէ՛ երեխային անհատականութիւնը եւ թէ՛ միտքի սլացքը:

Լուսաւոր Գաղափարներ

 Մատուցելու Արուեստը

Կը պատահի, որ բարեկամներ այցելեն ձեր տունը, եւ բաժակ մը խմիչքի կողքին բոլորուիք: Եթէ խմիչքին հետ պիստակեղէնի եւ չիփսի փոխարէն կ՛ուզէք առողջապահական պատառիկներ մատուցել, տարբերակները շատ են: Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք առողջապահական պատառիկներու տարբերակներ, որոնք ստեղծագործ անձերու լուսաւոր գաղափարներուն շնորհիւ` վերածուած են արուեստի գործերու: Անոնց իրագործման համար անհրաժեշտ են` պանիր, լոլիկ, ձիթապտուղ, խաղողի հատիկներ, ընկոյզ, թուզ եւ այլն…

– Ընտրել առողջ, մութ գոյնի թուզեր, զանոնք խաչաձեւ կտրել, կեդրոնը կտոր մը ֆեթա պանիր եւ պտղունց մը խոշոր կտրատուած ընկոյզ լեցնել: Մատուցել բաց ամանի մը մէջ, ի հարկին անանուխի փոքրիկ տերեւներով զարդարել:

***

– Ամանի մը մէջ մոցարելլա (կամ ձեռքի տակ գտնուող որեւէ ճերմակ պանիր) պանիրի կլոր շերտեր շարել, վրան թարմ ռեհանի տերեւներ աւելցնել, տերեւներուն վրայ կիսուած թոմաթ սըրիզի (շատ փոքր լոլիկ) կտորներ զետեղել, լոլիկին մէկ ծայրը դանակով ճեղքել ու բացուածք մը ձեւաւորել, միւս ծայրը սեւ ձիթապտուղի կտոր մը փակցնել եւ, վերջապէս, զատկաճճի տեսք տալու համար թանձր պալսամիք քացախով կէտեր ձեւաւորել:

***

– Ձեռքի տակ գտնուող պանիրը (աքքաուի, պլէօ, կրիւյեր, քաշքաւալ եւ այլն…) քառակուսի ձեւաւորել, իւրաքանչիւրին վրայ ընկոյզ մը եւ խաղողի հատիկ մը հաստատել` փայտեայ ցպիկի մը միջոցով:

***

– Մեծ վարունգ մը, առանց կեղուելու, կլոր շերտել եւ դարձեալ փայտեայ ցպիկի մը օգնութեամբ վրան հաստատել ձեռքի տակ գտնուող որեւէ պանիրի կտոր, լոլիկ մը եւ ձիթապտուղի հատիկ մը:

***

– Իսկ եթէ ձեր ժամանակը չ՛արտօներ նման պատառիկներ պատրաստել, վերցուցէք քափ քէյք կարկանդակի ափսէ մը իւրաքանչիւր բաժանմունքի մէջ լեցուցէք ձեռքի տակ գտնուող բանջարեղէններ (վարունգ, լոլիկ, ստեպղին, ծաղկակաղամբ…), հատիկաւոր պտուղներ, առողջապահական թացան մը եւ քիչ քանակութեամբ պիստակեղէն:

Հետաքրքրական

 Սուրճի Եւ Գարեջուրի Համադրումը

Աշխարհի մէջ բազմաթիւ մեծ ընկերութիւններ իրենց պաշտօնեաները կը խրախուսեն աշխատանքային օրուան ընթացքին սուրճ խմել, իսկ որոշ ընկերութիւններ մինչեւ իսկ անվճար սուրճ կը մատակարարեն` զանոնք աշխուժ եւ կայտառ պահելու միտումով:

Զարմանալին այն է սակայն, որ նոյնքան մեծ է թիւը այն ընկերութիւններուն, որոնք ոչ միայն դէմ չեն, որ իրենց աշխատողները աշխատանքային ժամերուն (անշուշտ` սահմանափակ քանակութեամբ) գարեջուր օգտագործեն, այլեւ կը քաջալերեն այնպէս, ինչպէս` սուրճի պարագային:

Ճափոնցի գիտնականներ պարզած են, որ գարեջուրը կը նուազեցնէ լարուածութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ աւելի ստեղծագործ կը դարձնէ մարդը, սակայն ան նաեւ կը վնասէ յիշողութեան եւ կեդրոնացումին: Միւս կողմէ` սուրճը կը խթանէ աշխուժութիւնը եւ կ՛օգնէ կեդրոնացումին… Այլ խօսքով, գարեջուրի եւ սուրճի խելամիտ քանակութիւններու համադրումը կարելի է որակել որպէս ստեղծագործութեան եւ արդիւնաւէտութեան համադրութիւն:

Եւ այսպէս, թէ՛ գարեջուրը եւ թէ՛ սուրճը մեծ ազդեցութիւն ունին մարդու ուղեղին վրայ: Եթէ առաջինը մարդուս մէջ կ՛արթնցնէ ստեղծարար մտածողութիւնը, սուրճը մարդը կը դարձնէ աւելի կայտառ: Սուրճը պէտք է խմել այն ժամանակ երբ արդէն գաղափարը կայ եւ պէտք է գործի անցնիլ զայն իրագործելու համար:

Եզրափակելով` պէտք է յիշել, որ աշխատանքի ժամանակ ինչպէս գարեջուրի, այնպէս ալ սուրճի չարաշահումը վնասակար է եւ նպատակի չի ծառայեր: Բայց յիշենք` գարեջուրը կ՛օգնէ գաղափարներ ծնելու, իսկ սուրճը` այդ գաղափարները իրագործելու:

Խոհագիր

Ստեպղինով Աղցան

Բաղադրիչներ

Կէս քիլօ ստեպղին
1 թէյի դգալ փոշի քիմիոն
1 թէյի դգալ փոշի սխտոր (կամ 3 պճեղ թարմ սխտոր)
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
3 ապուրի դգալ մանրուած թարմ գինձ
1 կիտրոնի հիւթ
1 թէյի դգալ մեղր (կամ շաքար)
Շուշմայ` զարդարանքի համար
Աղ

Պատրաստութիւն

Ստեպղինները կեղուել եւ կլոր կտրատել: Խորունկ տապակի մը մէջ լեցնել ձէթը, աւելցնել ստեպղինները, համեմել աղով եւ քիմիոնով:

Թեթեւ կրակի վրայ եփել` մերթ ընդ մերթ խառնելով: Յետոյ աւելցնել սխտորը, մեղրը եւ շարունակել եփել, մինչեւ որ ստեպղինները քիչ մը փափկանան, բայց ակռայի տակ զգացուին («ալ տանթէ»):

Վերջաւորութեան կրակը անջատել, աւելցնել կիտրոնի հիւթն ու մանրուած գինձը եւ լաւ խառնել:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել ստեպղինները եւ երեսը զարդարել շուշմայով:

Ստեպղին Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

Ստեպղինը հարուստ է Ա. Պէ.9, Պէ.6 ե Սէ. կենսանիւթերով, անիկա նաեւ փոթասիոմի եւ մանկանեզի աղբիւր է: Չմոռնանք, որ հում ստեպղինը աւելի կենսանիւթ կը պարունակէ, քան` եփածը:

1.- Ա.- կենսանիւթով եւ պեթա քարոթենով հարուստ ստեպղինը կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:

2.- 100 կրամի մէջ ընդամէնը 40 ջերմուժ պարունակող ստեպղինը յագեցնող, յարմար ուտեստ է նիհարնալ փափաքողներուն:

3.- Ստեպղինին պարունակած քարոթենոիտները կը պաշտպանեն ստամոքսի, յամրաղիի եւ ստինքի քաղցկեղէն, անոնք նաեւ կ՛արգիլեն քաղցկեղային բջիջներու զարգացումն ու բազմացումը:

4.- Բնաթելերով հարուստ ստեպղինը կը խթանէ մարսողութիւնը եւ կը կանոնաւորէ աղիքներուն աշխատանքը:

5.- Ստեպղինին պարունակած Սէ. կենսանիւթն ու անթիօքսիտանները կը հարթեն մորթային շատ մը հարցեր` միաժամանակ թարմ ու առողջ տեսք ապահովելով մաշկին:

6.- Ա., Էօ. եւ Պէ. կենսանիւթերով հարուստ ստեպղինը կը խթանէ մազերուն աճը, կ՛ապահովէ գլխու մաշկին առողջ արեան շրջագայութիւնը եւ, վերջապէս, փայլուն եւ առողջ տեսք կու տայ մազերուն:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Հայրերի Հող

Ես այս երգը երգում եմ կանգնած,
որովհետեւ դու նա ես,
ում խաղաղութեան համար զոհւում են առանց կասկածելու,
որովհետեւ դու նա ես.
ում համար կռուի են ելնում առանց հրամանի,
որին ասում են` միակ, կարօտում են հեռուից,
եւ կարօտից արտասւում են օտար սրճարաններում
եւ չգիտես թէ ուր լողացող նաւերի վրայ:
Ես այս երգը երգում եմ սկզբից,
որովհետեւ դու նա ես, որին կորցնելուց յետոյ
էլ ոչինչ չենք ունենայ կորցնելու,
որովհետեւ առանց քեզ անձրեւը ջուր է սովորական,
լեռները` քարերի կուտակում,
սէրը` շքեղութիւն աւելորդ
եւ որդի ծնելը` յանցագործութիւն:
Ես այս երգը երգում եմ գլխաբաց,
որովհետեւ դու նա ես,
ում ձեռքը պէտք է իջնի մեր գլխին օրհնութեան նման,
երբ մենք ճանապարհ ենք ընկնում,
երբ մենք սկսում ենք օրը,
երբ մենք ծնունդ ենք տալիս տողին ու մտքին…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 


Գերարդիւնաւէտ Խորհուրդներ` Ամրան Տօթին Տունը Զովացնելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

– 1 –

Նախքան տունը զովացնելու մասին մտածելը` յիշեցէք, որ ամրան տօթին պէտք է փակէք պատուհաններուն եւ դուռերուն փեղկերը կամ շերտաւոր վարագոյրները, որպէսզի արեւը ներս չթափանցէ, եւ սենեակը զով մնայ:

– 2 –

Գիշերը օդափոխել սենեակները եւ թոյլ տալ, որ թարմ ու զով օդը տուն մտնէ:

– 3 –

Անջատել ելեկտրական բոլոր սարքերը, որոնք կը նպաստեն ջերմաստիճանի բարձրացման: Այդ սարքերն են` խոհանոցի ելեկտրական գործիքները, բայց նաեւ` հեռատեսիլը, համակարգիչը եւ այլն…

– 4 –

Տան մէջ կարելի եղածին չափ շատ բոյս պահել: Բոյսերը կը գործեն որպէս բնական օդորակիչներ: Անոնք կը զովացնեն տան միջավայրը եւ կը զտեն արեւուն ճառագայթները: Այսպէս, բացի հաճելի տեսք հաղորդելէ, բոյսերը կ՛օգնեն աւելի լաւ դիմակայելու տաքը:

– 5 –

Սառոյցի կտորներ զետեղեցէք ձեր օդափոխիչ հովահարին առջեւ, եւ անմիջապէս պիտի զգաք տարբերութիւնը:

– 6 –

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս սառոյցի կտորները օդափոխիչին դիմաց, խոնաւ սաւանը նոյնպէս թարմութիւն կրնայ հաղորդել ձեր տանը:

– 7 –

Երեկոյեան, քնանալէ առաջ փոխեցէք ձեր սաւանեղէնը` նախապատուութիւնը տալով բամպակեայ տեսակներուն: Նոր եւ համեմատաբար զով սաւանեղէնին մէջ դուք աւելի դիւրին քունի կ՛անցնիք:

Ռողջապահական

Ծամոնին Օգուտներն
Ու Վնասները

Օրական ծամոն ծամո՞ղ էք, արդէն իսկ որոշ կախուածութիւն ունի՞ք, ժամանակն է, որ իմանաք ծամո՞ն ծամելու օգուտներն ու վնասները եւ ի հարկին հրաժարիք անկէ, քանի տակաւին ուշ չէ:

Թուենք ծամոն ծամելու առաւելութիւնները.

– Ծամոն ծամելը կը պակսեցնէ ընկճախտը: Ինչո՞ւ. քանի որ բան մը ծամելու գործողութիւնը կ՛ազդէ քորթիզոլ կոչուող հորմոնին վրայ, որ կը գտնուի լորձունքին մէջ: Իսկ այս հորմոնին բարձրացումը առնուազն 20 տոկոսով կը մեղմացնէ ընկճախտը թէկուզ մէկ ծամոն ծամելով:

Իսկ ինչ կը պատահի, երբ ընկճախտը կը նուազի բնականաբար միտքը կը խաղաղի, եւ տուեալ անձը կը դառնայ աւելի կեդրոնացած ու ստեղծագործ:

– Բերնի խոռոչի առողջութեան ֆրանսական միութիւնը` UFSBO, կը թելադրէ ուտելէն 20 վայրկեան ետք առանց շաքարի ծամոն ծամել` դիւրացնելու համար լորձունքի արտադրութիւնը ու չէզոքացնելու բերնի խոռոչի մանրէները եւ պաշտպանելու ակռաները:

– Ծամոն ծամելը կ՛օգնէ սանձելու ճաշի ժամերէն դուրս ուտելու փորձութիւնը: Ինչպէս նաեւ` շաքարեղէն ուտելու փափաքը:

– Վերջին առաւելութիւն. ծամոն ծամելը կը վերացնէ ստամոքսի այրուցքը: Այսպէս, ճաշի ժամէն ետք ծամոն մը ծամելը բարենպաստ դեր կը կատարէ ստամոքսի այրուցքի պարագային, կը թելադրուի նախապատուութիւնը տալ անանուխով եւ առանց շաքարի տարբերակներուն:

Այժմ անցնինք ծամոն ծամելու վնասներուն

– Ինչպէս ծանօթ է, ծամոնը շաքար կը պարունակէ, իսկ շաքարը բնականաբար կը գիրցնէ: Հետեւաբար եթէ ծամոնը ձեր բերնէն անպակաս է, ժամանակն է, որ հրաժարիք անկէ:

– Առանց շաքարի ծամոնը սորպիթոլ կը պարունակէ, իսկ այս վերջինը լուծողական է եւ կրնայ ենթական անյարմար կացութիւններու մէջ դնել:

– Երկարատեւ եւ ուժեղ ծամոն ծամելը կրնայ ծնօտի ցաւ պատճառել:

– Բացի ծնօտի ցաւէն` յաճախակի ծամոն ծամելը կը վնասէ ակռաներուն: Եթէ չէք կրնար հրաժարիլ ծամոնէն, առնուազն ծամելէ անմիջապէս ետք ցօղուեցէք ձեր բերանը, մաքրեցէք ակռաները:

Հինը Նորի Վերածենք

Թի-Շըրթներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Կնոջականի նախորդ էջերով արդէն անդրադարձած ենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հին, բայց ոչ մաշած թի-շըրթի մը երկրորդ կեանք մը տալ եւ զայն նորի պէս կրել առանց մեծ գումարներ վատնելու:

Այսօրուան էջով եւս պիտի ներկայացնենք 3 նոր գաղափարներ, որոնք դիւրին իրագործելի են եւ մեծ ծախսի չեն կարօտիր:

Նկարները բաւարար խօսուն են. ի հարկին դիմեցէք ճարտար բարեկամուհիի մը կամ դերձակուհիի մը օգնութեան:

Խոհագիր

 Ռեհանով Հըմմոս

Բաղադրիչներ`

– 2 գաւաթ խաշած սիսեռ
– 5 ապուրի դգալ թահին
– 2 ապուրի դգալ ջուր
– 2 ապուրի դգալ մածուն
– Քառորդ գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 2 պճեղ սխտոր
– Կէս թէյի դգալ փոշի քիմիոն
– Կէս գաւաթ թարմ ռեհանի տերեւներ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն`

Փոս ամանի մը մէջ խառնել` թահինը, ձիթապտուղի ձէթը, մածունն ու կիտրոնի հիւթը:

Հարիչով հարել ռեհանի տերեւները, սխտորը եւ սիսեռը, մինեչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Թանձրուկին աւելցնել ջուրը եւ թահինով խառնուրդը, ինչպէս նաեւ աղը, սեւ համեմն ու քիմիոնը: Հարիչով 2 վայրկեան եւս հարել, ապա թանձրուկը փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ զարդարել ռեհանի տերեւներով:

Յաճախակի Ռեհան Օգտագործելու
Համոզիչ Պատճառներ

ՔԱ. Սէ., Ա. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթերով ու այլազան հանքայիններով հարուստ ռեհանը ունի բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններ, հետեւաբար պէտք է զայն յաճախակի օգտագործել կերակուրներու, թացաններու եւ աղցաններու մէջ:

Ռեհանը կը խթանէ մարմնին դիմադրողականութեան համակարգը: Անոր մէջ առկայ անթիօքսիտանները կը կանխեն սրտանօթային հիւանդութիւնները, քաղցկեղի որոշ տեսակներ եւ վաղաժամ ծերութիւնը:

Այս բուրումնաւէտ խոտաբոյսը կը դիւրացնէ մարսողութիւնը, կը պակսեցնէ ջերմն ու արեան գերճնշումը եւ կը պաշտպանէ լեարդը:

Ռեհանը նաեւ լաւ ցաւազերծող է. ան կը թեթեւցնէ գլխու եւ կոկորդի ցաւերը: Ընկճախտի պարագային, բաւարար է օրուան ընթացքին մէկ կամ երկու անգամ ռեհանի թարմ տերեւներ ծամել:

Յաճախակի, բայց չափաւոր քանակութեամբ ռեհանի օգտագործումը դրական ազդեցութիւն կը գործէ մեր աչքերուն, դէմքի մաշկին եւ թոքերուն վրայ:

Հոս կարեւորութեամբ շեշտենք, որ կարելի չէ չարաշահել այս խոտաբոյսին օգտագործումը եւ կամ որպէս դեղամիջոց գործածել հիւանդութիւններ բուժելու համար: Իմանանք, որ ռեհանին չարաշահումը բազմազան գերզգայնութիւններ կը պատճառէ, անիկա նաեւ հակացուցուած է 5 տարեկանէն վեր երեխաներուն:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւն

…Ես ամուր էի լեռներդ գրկել,
Քո հողի մէջ էր ուժն իմ առնացի…
Չկարողացան ինձ քեզնից պոկել,
Բայց քեզ ինձանից ինչպէ՜ս պոկեցին:
Այդպէս պոկում են սիրտը մարմնից,
Այդպէս հոգին են հաւատից վանում,
Այդպէս խլում են լոյսը աչքերից,
Այդպէս հաւատն են միայն սպաննում:
Եւ կա՞յ աւելի պատիժ մի դաժան,
Քան այս զրկանքը բիրտ ու ահաւոր,
Երբ հողիդ վրայ տէրդ չես քո տան,
Քո տնկած ծառը ո՞ւմ է հարկաւոր:

ՎԱԶԳէՆ ՕՎԵԱՆ

 

Առողջապահական. 5 Բան, Որ Պէտք Է Ընել Սննդային Թունաւորումէ Պաշտանուելու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Փորհարութիւն, սիրտխառնուք, փսխում, փորի ցաւ, ջերմութիւն ահաւասիկ սննդային թունաւորումի գլխաւոր ախտանշանները: Առողջ մարդուն մօտ սննդային թունաւորումը յաճախ թեթեւ է եւ կ՛անցնի երկու-երեք օրուան ընթացքին: Բայց արիւնոտ կղկղանքի կամ ջերմութեան պարագային պէտք է դիմել բժիշկին:

Ի՞նչ ընել սննդային թունաւորումի վտանգը սահմանափակելու համար

1) Ձեռքերը յաճախ լուացէք:

Բաղնիքէն դուրս գալէ ետք եւ շուկայէն վերադարձին անպայման լուացէք ձեր ձեռքերը, քանի որ մանրէները առաջին հերթին կը փոխանցուին եւ կը բազմանան ձեռքերուն միջոցով:

Ճաշի պատրաստութենէն առաջ եւ ընթացքին պարտադիր է ձեռքերը օճառով լուալ, յատկապէս երբ գործ ունիք հաւի, ձուկի կամ կանաչեղէններու հետ: Մի՛շտ ի մտի ունեցէք, որ ձեր ընտանիքին անդամներուն առողջութիւնը կախեալ է ձեզմէ:

***

2) Շուկայէն վերադարձին ձեր ապրանքները սառնարան փոխադրեցէք: Մսեղէնները ձկնեղէնը, կաթնեղէնը անմիջապէս սառնարան կամ սառցարան փոխադրեցէք կափարիչով օժտուած ամաններու կամ կերպընկալ տոպրակներու մէջ զետեղելէ ետք:

Ինչ կը վերաբերի պտուղներուն, բանջարեղէններուն եւ կանաչեղէններուն, զանոնք առանց լուալու սառնարան չդնէք սառնարանն ու անոր պարունակութիւնը մանրէներով չվարակելու համար:

***

3) Հրաժարեցէք հում կամ կիսահում մթերքներէն:

Ամրան եղանակին հրաժարեցէք հում մսեղէնէն եւ ձկնեղէնէն, զանոնք երբեք հում կամ կիսահում չսպառէք: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ յօշուած միսին եւ երշիկեղէններուն: Այս մթերքներէն թունաւորումը շատ լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

***

4) Կրկնակի հսկեցէք խոհանոցի մաքրութեան:

Խոհանոցը յարմարագոյն վայրն է մանրէներու բազմացման:

Աշխատանքի տախտակները, սեղանն ու լուացարանը, ինչպէս նաեւ սպունգներն ու սրբիչները պէտք է յաճախակի մաքրել եւ ախտահանել ճերմակ քացախով, աղով, կիտրոնով եւ այլն…

Երբեք նոյն աշխատանքի տախտակն ու դանակը չօգտագործէք հում մսեղէն եւ բանջարեղէն կտրելու համար:

Օրական դրութեամբ փոխեցէք ձեռքի սրբիչները եւ շաբաթական դրութեամբ` սպունգները:

***

5) Հսկեցէ՛ք սառնարանի մաքրութեան:

Ուտելիքներուն միջեւ վարակներէ խուսափելու համար պայման է, որ կերակուրներու մնացորդները տեղաւորէք կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ եւ զանոնք սպառէք յառաջիկայ 48 ժամերու ընթացքին:

Նաեւ մի՛ մոռնաք ձեր սառնարանը ճերմակ քացախով մաքրելու եւ մանրէազերծելու` ամսական դրութեամբ:

Առօրեայ Հինգ Սովորութիւններ,
Որոնք Կ՛արագացնեն Ծերութիւնը

Ծերութենէն ոչ ոք ապահովագրուած է: Անկէ փախչիլը անկարելի է: Սակայն կան այնպիսի առօրեայ սովորութիւններ, որոնք կ՛արագացնեն ծերանալու հոլովոյթը եւ այսպէս`

-1-

Երբ դուք չէք օգտագործեր արեւապաշտպան քսուքներ:

Նոյնիսկ եթէ դուք արեւի լոգանքներ չէք առներ, ձեր մորթը օրական կ՛ենթարկուի արեւի ճառագայթներու ներազդեցութեան, իսկ արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթները բացասաբար կ՛ազդեն մորթին վրայ եւ կը նպաստեն վաղաժամ ծերութեան: Հետեւաբար պայման է արեւապաշտպան քսուքներ օգտագործել:

-2-

Երբ դուք չափէն աւելի կը շպարուիք:

Շպարի պարագաներու (յատկապէս` անորակ տարբերակներու) չարաշահումը նոյնպէս բացասաբար կ՛ազդէ ձեր մաշկին վրայ եւ կը խթանէ անոր կանխահաս ծերութեան:

-3-

Երբ դուք բաւարար չէք քնանար:

Եթէ մէկ գիշեր դուք լաւ չքնանաք, յաջորդ առտու անմիջապէս կ՛անդրադառնաք, թէ ձեր դէմքը որքա՛ն յոգնած տեսք ունի, ալ ո՛ւր մնաց, երբ դուք յաճախ կը խախտէք ձեր քունի ժամերը… Անբաւարար քունը կը խլէ ձեր մորթին առողջ տեսքը եւ ժամանակի ընթացքին կը յանգեցնէ վաղաժամ ծերութեան: Վերահսկեցէք ձեր քունի ժամերը, հրաժարեցէք բջիջայինէն կամ բարեկամներու հետ (յաճախակի կրկնուող) մինչեւ առաւօտեան ուշ ժամերու հաւաքոյթներէն: 6-8 ժամ քունը պարտադիր է:

-4-

Երբ դուք մնայուն ընկճախտի մէջ էք:

Ոչինչ այնքան չի նպաստեր մորթի վաղաժամ ծերացման, որքան ընկճախտն ու անձկութիւնը: Հետեւաբար փորձեցէք հանգստացնող մարձումներու կամ խոկումի (meditation) միջոցով մեղմել սթրեսը եւ անոր անբաղձալի հետեւանքները:

-5-

Երբ դուք սխալ ձեւով կը սնանիք:

Անառողջ սնունդը, ինչպիսիք են ֆասթ ֆուտը, կազաւորուած խմիչքները, շաքարի չարաշահումը, կը վնասեն ձեր առողջութեան, ձեր դէմքին մորթը եւս պաշտպանուած չէ անառողջ սննդականոնի չարիքներէն:

Հոս կարեւորութեամբ շեշտենք, որ ծխախոտի չարաշահումը նոյնպէս կը նպաստէ կնճիռներու գոյացման եւ դէմքի մաշկի վաղաժամ ծերացման:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ

-1-

Որպէսզի ամրան տաք օրերուն ձեր ելեկտրական հովահարը աւելի ազդու գործէ, անոր դիմաց զետեղեցէք սառած ջուրի շիշեր: Այս հնարքին շնորհիւ` սենեակը 2-4 ժամ աւելի զով պիտի ըլլայ, իսկ օդը` շատ աւելի թարմ:

-2-

Երբեւէ մտածե՞ր էք պնակ լուալու հեղուկ օճառը սառեցնելու մասին… Այս պարզ հնարքին շնորհիւ դուք երբեք դժուարութեան չէք մատնուիր, երբ յանկարծ նկատէք, որ ձեր հեղուկ օճառը սպառած է: Սառցարանէն հանեցէք կտոր մը եւ օգտագործեցէք:

-3-

Եթէ ձեր լուացքի մեքենայէն բորբոսի տհաճ հոտ կու գայ, շատ հաւանաբար թմբուկը հիմնական մաքրութեան կարիք ունի: Նաեւ լուացքը աւարտելէ ետք անմիջապէս մի՛ փակէք թմբուկին կափարիչը: Իսկ բորբոսի հոտը չքացնելու դիւրին եւ աժան միջոց մըն է կիտրոնաթթուն:

Ձեր մեքենան լարեցէք 90 ջերմաստիճանով, աւելցուցէք 8 թէյի դգալ կիտրոնաթթու եւ աշխատցուցէք: Կիտրոնաթթուն ոչ միայն կը չէզոքացէ բորբոսի հոտը, այլեւ կը վերացնէ կուտակուած կրաքարը:

-4-

Եթէ տունը շուն կամ կատու կը պահէք, բնականաբար ձեր հագուստներուն եւ ծածկոցներուն վրայ անոնց ստեւները տեղաւորուած են: Անոնցմէ ձերբազատիլը բաւական դժուար է: Ահաւասիկ` զարմանալի թուացող աժան եւ դիւրին միջոց մը: Լուացքին կերպընկալ տոպրակ մը աւելցուցէք ձեր մեքենային մէջ եւ լուացքի աւարտին պիտի նկատէք, որ անասուններուն ստեւները 70 տոկոսով անհետացած են: Կերպընկալ տոպրակը նաեւ կ՛օգնէ, որ լուացքի դեղը հաւասարապէս տարածուի հագուստներուն միջեւ, լաւ լուծուի եւ օճառի բիծեր չձգէ հագուստներուն վրայ:

Խոհագիր

 Ձմերուկի Անուշ

Բաղադրիչներ`

1,5 քիլօ ձմերուկի կեղեւ
2 ապուրի դգալ սոտա
800 կրամ շաքար
5 մեխակի գամ
1 կիտրոնի հիւթ
Ջուր

Պատրաստութիւն`

Ձմերուկին կանաչ կեղեւը հեռացնել, ճերմակ մասերը խորանարդաձեւ կտրատել եւ փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ, ջուրով ծածկել, աւելցնել սոտան, լաւ խառնել, ամանին երեսը ծածկել եւ ամբողջ գիշեր մը ձգել:

Յաջորդ օրը ջուրը քամել, կաթսայի մը մէջ ջուր լեցնել, աւելցնել ձմերուկի կեղեւները եւ եռման աստիճանի հասցնել, ապա վերցնել կրակին վրայէն:

Երկրորդ կաթսայի մը մէջ 1 լիթր ջուր լեցնել, աւելցնել շաքարը, մեխակի գամերը, եփել 10 վայրկեան, ապա աւելցնել քամոցէ անցած ձմերուկի կտորները, կափարիչով ծածկել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել շուրջ մէկ ուկէս ժամ:

Վերջին վայրկեանին աւելցնել կիտրոնի հիւթը, խառնել, եւ ահա անուշը արդէն պատրաստ է:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ձեռքերը

Երբ ես տեսնում եմ

Մանր հոգսերից շուտ ընկճուողի,

Իսկոյն յիշում եմ

Իմ ընկերոջը, որ ձեռքեր չունի:
Դեռ կարելի է`
Առանց ոտքերի, առանց աչքերի:

Բայց մտածե՞լ էք,

Որ անհնար է առանց ձեռքերի:

Նոյնիսկ երբ մէկին բռնում են, զսպում,

Ամէնից առաջ ձեռքե՛րն են կապում:

Եթէ ուզում են գերի վերցնել,

Հրամայում են. շուտ ձեռքերդ վեր:
Իսկ իմ ընկերը
Քանի՜ տարի է, որ ձեռքեր չունի:

Բայց չէ որ նա էլ

Պէտք է լուացուի՛, սանրուի՛, թէյի՛,

Ծխի՛, կամ գրի՛,

Մէկին գուրգուրի՛…

Դուք մտածե՞լ էք,

Որ նա չի կարող երբեք նուագել,

Իր տան դռները բացել ու փակել,
Չի կարող լողալ,
Վոլեյբոլ խաղալ,

Մեքենայ վարել

Կամ թիավարել,
Ձեզ նման պարել
Կամ ծափահարել:

Իսկ եթէ փորձեն նրա դէմ ելնել,

Երբեք չի կարող հրացան բռնել:

Եւ, այնուհանդերձ,

Կարողանում է ծիծաղե՜լ անկեղծ:
Իսկ ինչպէ՞ս է, որ

Շատերը ունեն բազուկներ հզօր,

Որոշ կանայք էլ`
Աննման ձեռքեր,
Բայց մի աննշան հոգսից աշխարհում

Յուսահատուում են, տխրում, դժգոհում:
Նման դէպքերում

Ես շատ եմ խնդրում`

Ամէն մարդ նայի իր զոյգ ձեռքերին,

Ձեռքերը դնի սեփական խղճին,

Եւ յիշի, ինչպէս վէրքը թռչունի,

Իմ ընկերոջը, որ ձեռքեր չունի:

ԱՐՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Հետաքրքրական Դրուագ Մը. Պօղոս Նուպար Փաշային Կինը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Գործարար, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ Պօղոս Նուպար փաշա նախնական ուսումը ստացած է տունը հրաւիրուած ուսուցիչներու միջոցով, այնուհետեւ ուսանած է Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի համալսարանները եւ 1879-ին մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, ուր ամուսնացած է թրքական արքունիքի յանձնակատար Յովհաննէս Տատեան պէյի աղջկան` Մարիի հետ: Զոյգը ունեցած է հինգ զաւակ` չորս որդի եւ մէկ դուստր:

Օրին մէկը Պօղոս Նուպար փաշա կը նկատէ, որ իր կինը միշտ նոյն հագուստով տունէն դուրս կ՛ելլէ: Երբ զարմանքով կը հարցնէ պատճառը, կինը կը պատասխանէ.

– Փաշա՛, քանի դեռ հազարաւոր գաղթական հայրենակիցներ եւ որբ մանուկներ ունինք, ամօթ է, որ ունենամ երկրորդ շրջազգեստ:

Մարի Նուպարը անշուշտ ամէն ինչ ունէր, բայց կ՛ապրէր իր ժողովուրդին ցաւերով: Մեր օրերուն դժուար է գտնել նման մարդիկ, որոնք դիմացինը կը գերադասեն իրենց սեփական եսէն:

Յիշողութեան Հետ Կապուած
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ

  •  Որոշ դեղեր կը վնասեն յիշողութեան:

Ճիշդ. յատկապէս` անթիտեփրեսէօր կոչուած տեսակները, որոնք հոգեկան անկումները դարմանելու կը ծառայեն. ասոնք կրնան տկարացնել յիշողութիւնը, բայց անգամ մը որ դարմանումը դադրեցուի, ամէն բան ընթացքի մէջ կը մտնէ:

  • Յիշողութիւնը կը նուազի 20 տարեկանէն սկսեալ:

Ճիշդ. ամերիկեան ուսումնասիրութեան մը համաձայն, յիշողութիւնը նուազելու կը սկսի պատանեկութեան տարիներէն սկսեալ, միւս կողմէ` բառապաշարը եւ պերճախօսութիւնը կը զարգանան 70 տոկոսով:

  • Օդանաւով յաճախակի ճամբորդութիւնները կը վնասեն յիշողութեան:

Ճիշդ. կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, օդանաւային ընկերութիւններու անձնակազմերը աւելի ենթակայ են յիշողութեան տկարութեան, քան ուրիշներ, սակայն կը կարծուի, որ ասիկա կրնայ պարզապէս անքնութեան հետեւանք ըլլալ:

  • Ձուկ ուտելը կ՛օգնէ յիշողութեան:

Սխալ. այս շատ ընդհանրացած համոզումը գիտականօրէն փաստուած չէ: Միւս կողմէ, սակայն, ինչ որ օգտակար է մեր մարմնին, օգտակար է նաեւ մեր ուղեղին: Հետեւաբար երբեք պէտք չէ դադրիլ ձուկ ուտելէ:

  • Առաւօտեան ժամերուն աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք եւ կը յիշենք:

Ճիշդ. առտու լաւագոյն ժամանակն է սորվելու, մինչդեռ յետմիջօրէին մեր ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը կը նուազին:

  • Սոյայի կաթը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:

Սխալ. հրաշք դեղ գոյութիւն չունի ուղեղին համար: Ուղեղը պէտք ունի 13 տեսակ կենսանիւթի, 15 հանքայինի եւ օլիկօ էլեմանի, 8 ասիտ ամինէի եւ 4 ճարպաթթուի: Այլ խօսքով, միայն այլազան եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւն մը կրնայ ապահովել ուղեղին կատարեալ գործունէութիւնը:

  • Խաչբառ լուծելը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:

Սխալ. գիտնականները փաստած են, որ խաչբառ լուծելը կամ ոտանաւորներ գոց սորվիլը ոչ մէկ ձեւով յիշողութիւնը կը զօրացնեն. բայց եւ այնպէս, ընթերցումը ու մտաւորական որոշ աշխատանքներ թոյլ չան տար, որ ուղեղը ծուլանայ:

  • Ոգելից ըմպելիները կը վնասեն յիշողութեան:

Ճիշդ. ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը տարիներու վրայ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ յիշողութեան վրայ:

  • Հանգիստ, խոր քունը անհրաժեշտ է յիշողութիւնը պահպանելու համար:

Ճիշդ. քունի ընթացքին է, որ ուղեղը կը զտէ օրուան դէպքերը: Անկանոն եւ ընդհատուած քունը կ՛արգիլէ, որ յուշերը ամրապնդուին:

  • Ընկճախտը մոռացութիւն կը պատճառէ:

Ճիշդ. ծանր ընկճախտը կը վնասէ յիշողութեան: Կարճատեւ, թեթեւ ընկճախտը յիշողութիւնը կը տկարացնէ կարճ ժամանակի վրայ, հետեւաբար անցողիկ կ՛ըլլայ:

  • Հաւկիթը կը բարելաւէ յիշողութիւնը:

Ճիշդ. ամերիկացի գիտնականներ կը պնդեն, որ հաւկիթի պարբերաբար օգտագործումը կրնայ կանխել յիշողութեան կորուստի գործընթացը: Գիտնականները այս երեւոյթը կը բացատրեն անով, որ հաւկիթը կը պարունակէ 2 տեսակի անթիօքսիտաններ, որոնք դրական անդրադարձ կ՛ունենան մարդու մտաւոր կարողութիւններուն վրայ:

Հանգստացնող Եւ Թուլցնող
Մարզանք

Այս վարժութիւնը կարելի է կատարել օրուան որեւէ ժամու, բայց նախընտրաբար` երեկոյեան, եթէ կ՛ուզէք հանգստանալ, թուլնալ եւ արագ քունի անցնիլ:

Ոտքերը Դէպի Վեր Դիրք

Զայն իրականացնելու համար հարկաւոր է հնարաւորինս մօտ կռթնիլ պատին` գտնուելով յատակին դրուած մահճակալի կամ գորգի հարթ մակերեսի վրայ, որպէսզի յարմարաւէտ զգաք:

Բարձրացուցէք ձեր ոտքերը եւ տեղադրեցէք փակցուցէք պատին` 90 աստիճան անկիւն կազմելով:

Ուսերն ու կոնքերը նոյն մակարդակին վրայ` թոյլ պահեցէք ձեր ուսերը, իսկ ձեռքերը ազատօրէն դրէք յատակին` ափերը դէպի վերեւ կամ վար:

Եթէ ձեր վիզին բաժինը անհանգիստ է, գլանաձեւ ծալուած անձեռոց կամ բարձ մը զետեղեցէք: Ոմանք փոքրիկ բարձ մը կամ գլան մը կը զետեղեն մէջքի ստորին հատուածին կամ յետոյքին տակ: Գտէ՛ք ձեզի ամենայարմար դիրքը:

Ձեր հայեցողութեամբ, այս դիրքով մնացէք 5-20 վայրկեան:

Վարժութեան աւարտին ծունկերը ծալեցէք դէպի կրծքավանդակ, գլորուեցէք աջ կողմի վրայ եւ քանի մը խոր շունչ քաշելով` պառկեցէք: Ապա քիչ-քիչ ձեռքերն ու ոտքերը հրելով` ոտքի ելէք:

Այս վարժութիւնը կատարելու 6 համոզիչ պատճառներ

1) Կը բարելաւէ մարսողութիւնը:
2) Կը դարմանէ ոտքերու այտուցը:
3) Կը խթանէ արեան շրջանառութիւնը:
4) Կը հանգստացնէ ջղային համակարգը:
5) Կը դարմանէ մէջքի ցաւը:
6) Կը պակսեցնէ ընկճախտը:

Սննդագէտին Կարծիքով

 Պատրաստ Թացանները

Ո՞վ կ՛երեւակայէ տապկուած գետնախնձորը առանց քեչափի, սուշին` առանց սոյա սոսին, կաղամբի աղցանը` առանց մայոնեզի, եւ այսպէս շարքը շատ երկար է…

Շուկան շիշերով վաճառուող թացանները մեր օրերուն նոյնքան փնտռուած են, որքան` աղն ու սեւ համեմը: Մեր ուտելիքներուն համ եւ բոյր հաղորդող այս թացաններէն կարելի չէ հրաժարիլ, սակայն, եկէ՛ք, ծանօթանանք անոնցմէ իւրաքանչիւրին ջերմուժի արժէքէն եւ չչարաշահենք անոնց սպառումը: Եւ այսպէս, իւրաքանչիւր մէկ ապուրի դգալը համարժէք է`

  • Քեչափ` 23 ջերմուժի
  • Պալսամիք քացախ` 13 ջերմուժի
  • Մանանեխ (մութարտ` 5 ջերմուժի
  • Հանի մասթըրտ` 50 ջերմուժի
  • Մայոնեզ` 103 ջերմուժի
  • Հաթ սոս` 4 ջերմուժի
  • Պարպըքյու սոս` 10 ջերմուժի
  • Սոյա սօս` 8 ջերմուժի
  • Կարլիք սօս` 80 ջերմուժի

Խոհագիր

Կաղամբով Լազանիա

Իտալական խոհանոցի ամէնէն յայտնի ուտեստներէն մէկն է լազանիան: Այս ուտեստին մէջ կ՛օգտագործուին խմորաշերտեր, որոնք կարելի է փոխարինել կաղամբի տերեւներով, ինչ որ աւելի թեթեւ եւ առողջապահական կը դարձնէ զայն:

Բաղադրութիւն

– Միջակ չափի կաղամբ մը
– 1 բաժակ լոլիկի թացան
– 2 գլուխ սոխ
–  3 պճեղ սխտոր
– 300 կ. կովու յօշած միս
– Կէս փունջ ազատքեղ
– 2 հաւկիթ
– 200 մլ կաթ
– 50 կ հալող պանիր
– Աղ, սեւ պղպեղ, մշկընկոյզ
– Բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Կաղամբին կոթը կտրել, հանել եւ զայն մխրճել եռացող ջուրով լեցուն կաթսայի մէջ: Փափկած տերեւները անջատել եւ փոխադրել քամոցի մէջ:

Սոխը մանրել եւ բուսական ձէթի մէջ տապկել, աւելցնել յօշած միսը եւ շարունակել տապկել: Լոլիկի թացանը աւելցնել խառնուրդին վրայ, ապա` ճզմուած սխտորն ու մանրուած ազատքեղը: 5 վայրկեան եւս եփել:

Փուռ գացող ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփել. կաղամբի շերտերով ծածկել, աւելցնել միսի խառնուրդը եւ գործողութիւնը կրկնել քանի մը անգամ ու աւարտել կաղամբի շերտերով:

Փոս ամանի մը մէջ հաւկիթներն ու կաթը հարել, համեմել աղով, պղպեղով եւ մշկընկոյզով. ստացուած թանձրուկը թափել լազանիային վրայ, երեսը ծածկել տաշուած պանիրով եւ 25-30 վայրկեան եփել 180 ջերմաստիճանով:

*
*    *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

***

Արեւն արթնացաւ, արեւը մեզ ի՜նչ,
Նա մեզ չի բերում իր շողերը ջինջ,
Մեր վրայ մռայլ կամարն է հեգնում,
Անսիրտ մեքենան ելնում ու ընկնում:
Գիշերն է իջնում հեզ ու հանդարտիկ,
Գազանն է ննջում, ննջում են մարդիկ,
Անվերջ կարիքն է մեր դուռը բախում,
Սովից մեր յոգնած սիրտը նուաղում:
Անվերջ աշխատիր, տանջուիր անդադար
Ու աշխատանքդ ուրիշի համար,
Բաւական է, վե՛րջ. մենք էլ չենք ուզում
Սիրոյ երգ, անրջանք, վայելք ու յուզում,
Վեր կաց, իմ ընկեր, վեր կաց, մուրճդ ա՛ռ,
Նոր կեանք, նոր վայելք կռենք մեզ համար…

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

Հետաքրքրական. Սիլվա Կապուտիկեանի Կարի Մեքենան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Բանաստեղծուհիին տուն-թանգարանը բացուած է 20 յունուար 2009-ին, անոր ծննդեան 90-րդ տարեդարձին օրը:

Կապուտիկեանի կեանքը պատմող բազմաթիւ իրերու շարքին ցուցադրուած է նաեւ կարի մեքենայ մը, զոր բանաստեղծուհիին մայրը` Լիա Կապուտիկեանը, գներ էր Երեւանի հրուշակեղէնի գործարանին մէջ, որպէս գլխաւոր հաշուապահ աշխատած տարիներուն:

Գաղթական ընտանիքը այդ տարիներուն աւելորդ ծախսեր ընելու հնարաւորութիւն չունէր, բանաստեղծուհիին մօր աշխատանքին շնորհիւ էր, որ անոնք այդ «շռայլ» քայլին գացին ու կարի մեքենան գնեցին:

Քիչերու ծանօթ է տաղանդաւոր բանաստեղծուհիին կարի հանդէպ ունեցած յատուկ սէրը եւ կարելու թաքուն ձիրքը: Մօր գնած կարի մեքենայով Սիլվա Կապուտիկեան բազմաթիւ հագուստներ կարած է թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր մօրը: Մօր համար կարած հագուստներէն մէկը մինչեւ իսկ ասեղնագործութեամբ զարդարած է:

Մեծ Մայրիկի Թելադրանքներ

Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ
Բողոճներէն

Մութ եւ խոնաւ վայրերը սիրող եւ հոն ալ բազմացող բողոճները (կամ խաւարասէրները …) բոլորիս նողկանք պատճառող գարշելի միջատներ են: Գոյութիւն ունի բնական եւ աժան միջոց մը` անոնցմէ ձերբազատելու համար: Եւ այսպէս,

Մէկ լիթր ջուրի մէջ աւելցուցէք 3 պճեղ մանրուած սխտոր, մէկ միջակ չափի կտրատուած սոխ, քառորդ թէյի դգալ սեւ պղպեղ եւ քանի մը կաթիլ հեղուկ օճառ: Քանի մը ժամ ձգեցէք, ապա հեղուկը փոխադրեցէք սփռիչ շիշի մէջ եւ սփռեցէք լուացարաններուն տակ, սառնարանին, փուռին եւ լուացքի մեքենային տակ, պատշգամին չորս կողմերը, այլ խօսքով, բոլոր հաւանական մութ եւ խոնաւ վայրերը, ուր բողոճներ կրնան յայտնուիլ:

Սխտորին եւ պղպեղին սուր հոտը վանող է բողոճներուն համար: Սոխը թթու եւ անախորժ է, իսկ օճառն ու ջուրը` խեղդող:

Այս ազդու եւ բնական դեղամիջոցին դիմելը բաւարար չէ, բողոճները ձեր տուներէն վանելու համար պէտք է հետեւիք որոշ կանոններու.՛

Խուսափեք հաւաքուած ջուրէն բաղնիք, լուացարաններուն մէջ կամ տակը եւ այլն…

  • Մէջտեղերը ուտելիք մի՛ ձգէք:
  • Մաքուր պահեցէք աղբամանը:
  • Խուսափեցէք լուացարանին մէջ աղտոտ պնակներ դիզելէ:
  • Խոհանոցին աշխատանքի սեղանը, պահարանները, յատակը օրական մաքրեցէք եւ հականեխեցէք ճերմակ քացախով:

Ինչո՞ւ պէտք չէ ճզմել ուտիճը:

Մասնագէտներու կարծիքով, սատկեցնելու նպատակով երբեք պէտք չէ ճզմել բողոճը երկու հիմնական պատճառներով:

Առաջին` ճզմուած բողոճը նիւթ մը կ՛արտադրէ, որ իրեն կը քաշէ այլ բողոճներ:

Երկրորդ` ճզմուած բողոճին հաւկիթները մեռած չեն ըլլար, ասդին-անդին կը տարածուին ու կը բազմանան:

Առողջապահական

 Ի՞նչ Բարձրութեամբ Կրունկներ Կրել
Ոտքերը Չվնասելու Համար

Քալել, վազել, կոխկռտել… Ամէն օր մենք շատ բան կը պահանջենք մեր ոտքերէն` յաճախ անտեսելով անոնց յարմարաւէտութիւնն ու առողջութիւնը:

Պոսթընի համալսարանի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, իւրաքանչիւր չորրորդ մարդ կը տառապի ոտնաթաթի քրոնիք ցաւէ` սխալ կօշիկներ կրելու պատճառով:

Բարձրակրունկները` ոտքերու մնայուն թշնամիները, յաճախ կը ձեւափոխեն ոտքերը եւ տեւական ցաւերու պատճառ կը դառնան: Այս անպատեհութիւնները կանխելու համար Պոսթընի համալսարանի գիտնականները կը թելադրեն բարձրակրունկ կօշիկներ կրել միայն յատուկ առիթներով, իսկ առօրեայ կեանքի ընթացքին իտէալական կրունկի բարձրութիւնը 3-4 սմ է, լայնութիւնը` աւելի քան 2 սմ:

Ռիւմաթոլոկներու (յօդային մասնագէտներու) կարծիքով, պալըրին կօշիկները, որոնք տաբակ ներբաններով օժտուած են, ինչպէս նաեւ անորակ մարզական կօշիկները բաւարար պաշտպանութիւն չեն ապահովեր քալելու ժամանակ յառաջացող ցնցումներէն եւ ժամանակի ընթացքին ոտքի ներբանի բորբոքումի պատճառ կը դառնան:

Պոսթընի համալսարանի գիտնականները նաեւ կը յանձնարարեն`

Ա.- Մարզական կօշիկները երկու յաջորդական օրէ աւելի չկրել. պէտք չէ խաբուիլ անոնց յարմարաւէտութենէն: Տեւական կրելու պարագային, անոնք կը նպաստեն ոտքի կամարի թուլացմանը, միւս կողմէ` մարզական կօշիկներու սենթեթիք նիւթերը կը պահպանեն խոնաւութիւնը, պատճառ կը դառնան ոտնաթաթի հիւանդութիւններու եւ անախորժ հոտի: Որքան որ ալ որակաւոր ու թանկարժէք ըլլան մարզական կօշիկները, պէտք է զանոնք միշտ կրել բամպակեայ գուլպաներով` եւ վնասը սահմանափակելու համար կարելի է անոնց ներբաններուն վրայ թալք ցանել, եւ եթէ շարժական ներբաններով օժտուած են զանոնք պարբերաբար օդափոխել:

Բ.- Խուսափիլ չափազանց բաց սանտալներէն, անոնք բաւականաչափ չեն պաշտպաներ ոտքերը, որոնք ապահով յենարան չունենալով` յաճախ սայթաքելու վտանգին ենթարկուած կ՛ըլլան:

ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՏԱԼ
ՀԻՆ ՁԱՅՆԱՊՆԱԿՆԵՐՈՒՆ

Եթէ ձեռքի տակ ունիք հին, վնասուած ու անգործածելի ձայնապնակներ, մի՛ թափէք զանոնք, տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են եւ երկրորդ կեանք տուած են անոնց:

Յիշեցնենք, որ ձայնապնակները պատրաստուած են թերմոփլասթիք նիւթէ մը, որ շատ զգայուն է տաքութեան, ինչ որ կը դիւրացնէ զանոնք ձեւաւորելու աշխատանքը: Կան տաքցնելու երկու հաւանական միջոցներ` եռացած կամ շատ տաք ջուրը եւ փուռը. երկու պարագային ալ ձեռնոցի գործածութիւնը պարտադիր է: Եւ այսպէս, անգործածելի ձայնապնակ մը կարելի է վերածել

Խոհագիր

 Գետնախնձորով Աղցան

Բաղադրիչներ

1 քիլօ գետնախնձոր (խաշած եւ խորանարդաձեւ կտրատուած)
3 հաւկիթ (խաշած)
1-2 ապուրի դգալ մանանեխ
2 ապուրի դգալ ճերմակ քացախ
6-8 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
1 ապուրի դգալ մանրուած սամիթ կամ ազատքեղ

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` խառնելով ձէթը, մանանեխը, քացախը: Միատարր թանձրուկ մը ստանալէ ետք համեմել աղով եւ սեւ պղպեղով:

Աղցանի ամանին մէջ լեցնել խորանարդաձեւ կտրատուած խաշած գետնախնձորը, աւելցնել մանրուած սամիթը (ազատքեղը), վրան թափել մանանեխով թացանը եւ զգուշութեամբ խառնել:

Խաշած հաւկիթները կարելի է կտրատել եւ գետնախնձորին ու թացանին հետ խառնել եւ կամ շերտել ու թացանին երեսը զարդարել:

Եթէ տունը ձեռքի տակ կարմիր սոխ ունիք, կրնաք օղակաձեւ կտրել եւ աւելցնել ձեր աղցանին: Ձիթապտուղի հատիկներ եւս իւրայատուկ համ կը հաղորդեն ձեր աղցանին:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հրանդ Տինքին

Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ
չեն կրակեր. Հրանդ հաւատաց: Թէպէտ երկչոտ`
հաւատաց թէ աղաւնի մըն է:
Բայց կրակեցին:
Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.
«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ` կանգնած, ոչ թէ պառկած`
անկողինի մէջ»:

Թող պառկի լոյսերու մէջ:
Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի`
անաղարտ արձանի մը պէս:

ԶԱՀՐԱՏ

 

 

Հետաքրքրական. Եղնիկը` Ջերմուկի Խորհրդանիշ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հասնիլ Ջերմուկ եւ չբարձրանալ Ջերմուկի խորհրդանիշ եղնիկին մօտ` ջերմուկցին երբեք չի ներեր… հոն գեղատեսիլ վայրերը ամէնուրեք են:

Իսկ թէ ինչո՛ւ եղնիկը Ջերմուկի խորհրդանիշ դարձած է, առասպելը կը պատմէ:

Աւանդապատումի մը համաձայն, շատ հին ժամանակներուն, երբ մարդոց ապրուստի հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր, Ջերմուկի կուսական անտառները լեցուն էին այլազան որսատեսակներով. օրին մէկը փորձառու որսորդ մը կը նետահարէ երիտասարդ եղնիկ մը: Վիրաւոր եղնիկը մեծ ճիգերով, վերջին ուժերը հաւաքած` կը սկսի փախչիլ: Որսորդը կը հետապնդէ եղնիկը, իսկ վերջինս հազիւ ոտքերը քարշ տալով` կը հասնի Ջերմուկի հանքային աղբիւրներուն ու կը նետուի ջուրը եւ… հրաշքով ան ջուրէն դուրս կու գայ բոլորովին առողջացած ու անմիջապէս կ՛անհետանայ անտառին խորքը:

Փորձառու որսորդը կ՛ապշի սովորական ջուրին կատարած հրաշքէն, եւ այդ օրէն կը տարածուի «Ջերմուկ» ջուրի համբաւը, իսկ հրաշք ջուրին գաղտնիքը բացայայտած եղնիկը կը դառնայ ժողովուրդին սիրելին ու Ջերմուկի խորհրդանիշը:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

 6 Հնարք` Ձեր Անձեռոցները
Փափուկ Պահելու Համար

Ժամանակի ընթացքին լոգանքի, ձեռքի եւ դէմքի սրբիչները կը կորսնցնեն իրենց փափկութիւնը եւ կը կոշտանան, ինչ որ այդքան ալ հաճելի չէ մորթին համար: Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք 6 դիւրին եւ արդիւնաւէտ հնարքներ` ձեր անձեռոցներուն փափկութիւնը ապահովելու համար:

– 1 –

Աւելի քիչ փոշի կամ հեղուկ դեղ օգտագործեցէք:

Եթէ անձեռոցները կոշտ ու կարծր են, շատ հաւանաբար լուացքի դեղի մնացորդներու պատճառով է, որոնք կուտակուած են գործուածքի մանրաթելերուն մէջ:

Առաջարկուած քանակէն քիչ մը պակաս դեղի օգտագործումը կը լուծէ հարցը:

– 2 –

Տաք ջուրով լուացէք ձեր անձեռոցները:

Եթէ լուացքի ջուրը տաք է, ան կը փափկացնէ մանրաթելերը եւ աւելի լաւ կը կլանէ լուացող միջոցը:

– 3 –

Լուացքը փափկացնող միջոցները փոխարինեցէք քացախով:

Որքան ալ տարօրինակ թուի, փափկացնող միջոցները երկար ժամանակի վրայ հակառակ ազդեցութիւն կը գործեն: Հետեւաբար այդ  թանկարժէք դեղերը փոխարինեցէք ճերմակ քացախով, որ թէ՛ կը հեռացնէ կեղտերը եւ քարացած օճառի արատները եւ թէ՛ կը փափկացնէ հիւսուածքը:

– 4 –

Սոտա օգտագործեցէք:

Խմորի սոտան կը թուլացնէ մանրաթելերը եւ կը հեռացնէ լուացող միջոցի մնացորդները:

Ձեր լուացքի փոշի դեղին աւելցուցէք 100 կ. սոտա. անիկա ոչ միայն կը փափկացնէ անձեռոցները, այլեւ կը վերացնէ բորբոսի հոտերը թաց սրբիչներէն, որոնք մնացեր էին մարզանքի պայուսակի յատակին:

– 5 –

Խուսափեցէք լուացքի մեքենան ծանրաբեռնելէ:

Ծանրաբեռնուած լուացքի մեքենան, ուր սրբիչներուն միջեւ բաւարար միջոց չկայ, որպէսզի մաքրող դեղն ու ջուրը հանգիստ ողողեն անձեռոցները, արդիւնքը բնականաբար պիտի չգոհացնէ ձեզ:

Հետեւաբար թելադրելի է անձեռոցներու պարագային լուացքի մեքենային թմբուկը լեցնել կիսով կամ երեք քառորդով` գոհացուցիչ արդիւնք ստանալու համար:

– 6 –

Թենիսի գնդակներ օգտագործեցէք:

Լուացքի աւարտին փափուկ սրբիչներ ստանալու համար մէկ-երկու թենիսի գնդակ նետեցէք թմբուկին մէջ, անոնք հիանալի փափկացնողներ են:

Կենցաղավարութիւն

 Ճաշի Սեղանին Շուրջ

Յաճախ կը կրկնենք, որ կենցաղավարութիւնը պարզ ձեւականութիւն չէ, անիկա երկար ցանկ մըն է չափանիշներու, որոնք ստեղծուեր են, որպէսզի տարբեր մարդիկ իրենք զիրենք յարմարաւէտ զգան մեր ներկայութեան: Եւ այսպէս`

– Երբեք մի՛ ուտէք, այնքան ատեն որ սեղանին շուրջ բոլորը չեն մատուցուած, եւ տանտիկինը չէ նստած:

– Ճաշի սեղանին վրայ պէտք չէ ըլլան իրեր, որոնք կերակուրին հետ կապ չունին, ինչպէս` բջիջային, արեւի ակնոցներ, բանալեկալ եւ այլն…

– Անձեռոցիկը բաց վիճակով տեղաւորեցէք եւ ոչ ծալուած:

– Սեղանին շուրջ խուսափեցէք կրօնական կամ քաղաքական բնոյթի նիւթեր արծարծելէ:

–  Ձեր արմուկը սեղանին մի՛ դնէք, քանի որ կը խանգարէք ձեր կողքին նստող անձը:

– Աղամանը առանձին մի՛ փոխանցէք, այլ` աղի եւ սեւ պղպեղի զոյգը:

– Ձեր կերակուրը մի՛ աղէք համտեսելէ առաջ:

– Աթոռին վրայ ուղիղ նստէք եւ պատառաքաղը մօտեցուցէք ձեր բերնին եւ ոչ թէ դուք ծռիք դէպի պատառաքաղը:

– Նախքան հացի կողովէն հաց առնելը` նախ կողովը երկարեցէք ձեր կողքին նստողներուն:

– Ճաշարանը հաշիւը կը փակէ ան, որ հրաւէր ուղղած էր եւ կամ առաջարկած էր:

– Երբեք դանակը դէպի ձեր բերանը չտանիք, օգտագործեցէք ձեր պատառաքաղը:

– Երբ ձեր ձուկի վրայ կիտրոն պիտի քամէք, միւս ձեռքը այնպէս մը տեղաւորեցէք, որ հիւթը ձեր կողքին նստողները չխանգարէ:

Խոհագիր

Ճակնդեղով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 3 խաշած ճակնդեղ
– Քառորդ փունջ մանրուած գինձ
– Ֆեթա պանիր (քանակը` ըստ ճաշակի)
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 ապուրի դգալ քացախ
– Աղ
– Զարդարանքի համար` կտրատուած ընկոյզ

Պատրաստութիւն

Խաշած ճակնդեղները լուալ եւ խորանարդաձեւ կտրատել:

Գինձը նոյնպէս կտրատել` ոչ շատ մանր:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել ճակնդեղը, աւելցնել ֆեթա պանիրի կտորները եւ մանրուած գինձը:

Ձէթով, քացախով եւ աղով պատրաստուած թացանը թափել աղցանին վրայ, զգուշութեամբ խառնել եւ զարդարել մանրուած ընկոյզով եւ կամ շուշմայով:

***

Յաճախ ճակնդեղ ուտելու
համոզիչ պատճառներ

– Ճակնդեղը համարուած է չափազանց առողջապահական բանջարեղէն մը. ան հարուստ է Ա. եւ Սէ. կենսանիւթերով, պեթա-քարոթենով, մակնեզիոմով, երկաթով, պղինձով եւ բազմաթիւ այլ հանքայիններով:

– Ճակնդեղը հարուստ է հզօր անթիօքսիտաններով, որոնց շնորհիւ կը պաշտպանուինք քաղցկեղի որոշ տեսակներէ, ինչպէս նաեւ` լեարդի, թոքերու եւ փրոսթաթի հետ կապուած հիւանդութիւններէն:

– Շնորհիւ կենսանիւթերուն եւ հանքայիններուն` յաճախակի ճակնդեղ ուտելը կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը:

– Ճակնդեղը կը նուազեցնէ բարձր արեան ճնշումը:

– Վերջին հետազօտութիւններու համաձայն, ճակնդեղը կը պահպանէ յիշողութիւնը եւ կը կանխարգիլէ Ալզայմըր հիւանդութիւնը:

– Ճակնդեղի տերեւներուն յաճախակի օգտագործումը աղցաններու կամ կերակուրներու մէջ (այնպէս` ինչպէս շոմինը) կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:

*
*     *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Իմ Ժողովրդին

Զարմանքով եմ ես միշտ նայում քո անցեալին,
Քո անցեալին ե՛ւ տանջալից, ե՛ւ պանծալի:
Ինչպէ՞ս ես դու կտրել այդքան երկար ճամբայ,
Երբ նա` խճոտ, ու երկինքդ է եղել ամպած:
Ինչպէ՞ս ես դու, մեղուի նման, անգամ թոյնից
Նեկտար քաղել, մեղր քամել դառնութիւնից`
Պանդխտութեան քո կսկիծը դարձրել «Կռունկ»
Եւ «Հորովել» դարձրել վէրքդ, ցաւդ խորունկ:
Երբ հեղեղներն անց են կացել հոխորտալով,
Ինչպէ՞ս ես դու քո աղբիւրի մի բահ ջրով
Միշտ շէն պահել ջրաղացը ձորի խորքում,
Նոր կեանք տուել ծեծուած արտին, ջարդուած այգուն:
Հազար անգամ դու ընկնելով` ինչպէ՞ս ելար,
Ո՞նց ապրեցիր` հազար անգամ երբ դու մեռար:
Ի՞նչ հրաշքով չմարեցիր, ինչպէս նրանք,
Որ մե՜ծ էին, հրդե՜հ էին, իսկ դու` կրա՛կ:
Բայց գիշերուայ մթութեան մէջ ահազարհուր
Դու այնպիսի կրակ էիր, այնպիսի հուր,
Որ վառւում էր պաղած քարին գրակալի,
Շինականի ցուրտ հիւղակին կրակ տալիս.
Որ վառւում էր քո դուստրերի մութ աչքերում,
Արիւն դառնում որդիներիդ երակներում.
Որ օճախ էր, խաղաղ կեանքում խաղաղ օճախ`
Թոնրի կրակ, ծխանի ծուխ, կերոն ու ջահ,
Բայց վրէժի ահեղ բոց էր ահեղ մարտում
Եւ հրախաղ, որ յաղթանակ էր աւետում…
Եւ չի մարել նա դարերում մահամնայ,
Մնացել է, որովհետեւ մի հուր էր նա,
Որ չի մարում օտար հողմից, այլ արծարծւում,
Եւ աւերիչ հրդեհի պէս չի տարածւում…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 

«Կը Խնդրենք Կանգնիլ Հայաստանի Կողքին»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Վերջերս Միլանի մէջ կայացած Emerging Talents Milan նորաձեւութեան ներկայացման ընթացքին հայ ոճաբանները աշխարհին կոչ ուղղեցին Հայաստանի կողքին կանգնիլ` դատապարտելով ազրպէյճանական վերջին յարձակումը:

Նախքան հագուստներու ցուցադրութիւնը` մեծ պաստառին վրայ յայտնուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Մինչեւ ցուցադրութեան սկսիլը հայ ոճաբանները իրենց ձայնը կը բարձրացնեն եւ կը խնդրեն կանգնիլ Հայաստանի կողքին` դատապարտելով ազրպէյճանական յարձակումը»:

Հաղորդագրութեան աւարտին հայ ոճաբանները Stand with Armenia գրութեամբ շապիկներով հանդիսատեսներուն մէջէն անցնելով` բեմ բարձրացած են: Այս քայլը ներկաներուն կողմէ ծափահարութիւններու արժանացեր է:

Ցուցադրութեան մասնակցած են` Վահան Խաչատրեանը, Ֆաինան, Արիգա Թորոսեանը եւ Նելլի Սերոբեանը, ինչպէս նաեւ` LOOM Weaving, Kivera, RUZANE, SONCESS  եւ Just Black ապրանքանիշերը ներկայացնող ոճաբանները:

Ոճաբան Վահան Խաչատրեանի խօսքով, իրենց համար շատ կարեւոր էր, որ բացի հիւրերէն` ներկայ էին նաեւ միջազգային յայտնի լրատուականները, որոնցմէ Harper’s Bazaar, ELLE, Marie Claire եւ Fashion ամսագիրները ցուցադրութենէն անմիջապէս ետք հրապարակած են հայկական ցուցադրութեան եւ հայ ոճաբաններուն մասին նիւթեր:

Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ` հայ ոճաբաններու յղացումներէն:

Հետաքրքրական

 «Կրենտ Քենտի» Չիրերով Տուրմերու
Նոր Ծրարումը Արժանացաւ Ոսկեայ Մրցանակի

Վերջերս Լոնտոնի մէջ կայացաւ միջազգային հեղինակութիւն վայելող Pentawards ծրարաւորման եւ տիզայնի մրցոյթը, որուն ընթացքին «Կրենտ քենտի» ընկերութեան չիրերով տուրմերու նոր ծրարումն ու տիզայնը արժանացաւ ոսկեայ մրցանակի:

Նշենք, որ այս մրցոյթը հիմնուած է 2007¬ին, իսկ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ տարբեր քաղաքի մը մէջ: 2020¬ին եւ 2021¬ին արարողութիւնները կատարուեցան առցանց:

Ոսկեայ մրցանակի նուաճումին իրենց ներդրումը ունեցան` Ստեփան Ազարեան, Մարիեթթա Արզումանեան, Աշոտ Հայրապետեան, Լիլիթ Յարութիւնեան եւ Լիաննա Մազմանեան:

Սննդագէտին Կարծիքով

Ո՞րն Է Նախասիրած Քրուասանը

Առաւօտեան սուրճին կամ թէյին հետ մատուցուող քրուասանը իր անզուգական համով եւ մանաւանդ բոյրով ամենասիրելի խմորեղէններէն մէկն է յատկապէս եւրոպացիներուն համար:

Եթէ քրուասանի առաջին օրինակները պարզ, միայն կարագով պատրաստուած են, ապա ներկայիս արդէն կան քրուասանի հետաքրքրական ու նոր տարբերակներ` պանիրով, տուրմով, ծոթրինով եւ այլն…

Իսկ ո՞րն է ձեր նախասիրած տեսակը եւ արդեօք տեղեա՞կ էք, թէ որքան ջերմուժ կը պարունակէ ան: Եւ այսպէս` միջակ չափի

  • Կարագով քրուասանը` 256 ջերմուժ
  • Տուրմով քրուասանը` 285 ջերմուժ
  • Ծոթրինով քրուասանը` 246 ջերմուժ
  • Պանիրով քրուասանը` 275 ջերմուժ
  • Նուշով քրուասանը` 312 ջերմուժ
  • Չամիչով քրուասանը` 316

Գիտէ՞ք, Թէ

– Բրինձին եփի ջուրը թափելը մեծ սխալ է. պաղելէ, ետք զայն օգտագործեցէք բոյսերուն աճը խթանելու, մազերուն փայլք եւ առողջ տեսք տալու եւ, վերջապէս, աղիքներուն առողջ գործունէութիւնը խթանելու համար:

Հանքայիններով (զինկ, երկաթ, մակնեզիոմ), բնաթելերով, Պէ. կենսանիւթով հարուստ բրինձի եփի ջուրը հրաշքներ կը գործէ:

* * *

– Հաւկիթ խաշելու ատեն, եթէ եփի ջուրին մէջ քառորդ կիտրոն մը աւելցնէք, կամ կիտրոնի հիւթ աւելցնէք, աւելի ուշ հաւկիթները կեղուելու ոչ մէկ դժուարութիւն կ՛ունենաք: Կեղեւը շատ դիւրին կը բաժնուի ճերմկուցէն:

* * *

– Ձեր բրդեղէններուն թիւ մէկ թշնամին` ցեցը, երբեք չ՛ախորժիր անանուխի, մեխակի, գամի, լաւանտի, ծոթրինի, դափնիի տերեւի եւ մայրիի փայտի հոտերէն:

Հետեւաբար եթէ ծրարիկներու մէջ վերը նշուածներէն մէկ¬երկու տեսակ դնէք, ապա զետեղեցէք ձեր պահարանին դարաններուն վրայ, վստահաբար ցեցի ոչ մէկ հետք պիտի մնայ:

* * *

– Գիտէ՞ք, թէ խնձորի քացախը ինչ ազդեցութիւն ունի ձեր ոտքերուն վրայ: Եթէ օրական 5 լիթր ջուրի մէջ 2 ապուրի դգալ խնձորի քացախ լուծէք եւ լրիւ մէկ շաբաթ օրական ձեր ոտքերը 10 վայրկեան մխրճէք այդ ջուրին մէջ, ձեր ոտքերը կը պաշտպանուին սնկային հիւանդութիւններէ, ձեր ճեղքուած կրունկները կը փափկանան, ձեր ոտքերուն տհաճ     հոտը կը չքանայ եւ, վերջապէս, ձեր ուռած ոտքերը կը գտնեն իրենց նախկին վիճակն ու կը հանգստանան:

Զաւակներու ԽնամքԴաստիարակութիւն

Ինչպէ՞ս Վարուիլ
Առաջնեկ Երեխային Հետ

Նոր երեխայի մը գալուստը յաճախ դժուարութիւններ կը ստեղծէ թէ՛ առաջնեկ երեխային եւ թէ՛ մայրիկին համար: Ինչպէ՞ս վարուիլ, որպէսզի առաջնեկ երեխան լքուած, անտեսուած չզգայ, եւ մայր ու զաւակ յարաբերութիւնները չտուժեն: Բոլորս ալ կը սորվինք մեր սխալներէն, սակայն հնարաւորինս պէտք է խուսափինք անոնցմէ, իսկ խուսափելու համար պէտք է նախօրօք իմանանք, թէ ի՛նչ հաւանական դժուարութիւններու եւ իրավիճակներու առջեւ կրնանք գտնուիլ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք փորձառուներու կողմէ առաջարկուած օգտակար թելադրանքներ:

– Երբեք յանցաւոր մի՛ զգաք առաջնեկին հանդէպ, երբ նորածին երեխան ձեր խնամքին ու ուշադրութեան կարիքը ունի: Դուք երկու երեխայ ունիք եւ վստահաբար հաւասարապէս կը սիրէք զանոնք, այդ մասին երկուքին ալ արտայայտուեցէք, գրկեցէք, գուրգուրացէք, գորովալի խօսքեր ըսէք անոնց:

***

– Նորածին երեխան խնամելու համար առաջնեկը ուրիշին խնամքին մի՛ յանձնէք, նոյնիսկ եթէ ան ձեր մայրը-քոյրը կամ մէկ հարազատն է: Առաջնեկը ձեր ներկայութեան եւ ձեր ուշադրութեան կարիքը ունի:

***

– Ձեր երեխաները իրարու հետ մի՛ համեմատէք: Ամէն երեխայ անհատականութիւն է եւ տարբեր մօտեցում կը պահանջէ:

***

– Յաճախ առաջնեկը կ՛ուզէ հոգ տանիլ կամ գրկել նորածինը, մի՛ արգիլէք: Պարզապէս բացատրեցէք, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ նորածինին հետ: Առաջնեկը դարձուցէք ձեր վստահելի օգնականը:

***

– Եթէ կրտսեր երեխան արդէն նորածին չէ եւ անոնք տարբեր սեռերու կը պատկանին, անոնց միջեւ տարբերութիւն մի՛ դնէք: Անկասկած որ երկուքն ալ հաւասարաչափ կը սիրէք, հետեւաբար նոյնանման վերաբերում ցուցաբերեցէք եւ առաջնեկին ի վնաս հարցերը մի՛ լուծէք:

***

– Սխալելու պարագային ձեր հակազդեցութիւններուն մէջ եղէք զուսպ եւ երեխաներէն մէկը մի՛ յանդիմանէք, մանաւանդ մի՛ վիրաւորէք միւսին ներկայութեան:

***

– Յաճախ ծնողները չեն կողմնորոշուիր` միջամտե՞լ երեխաներու վէճերուն եւ կռիւներուն… ասիկա կախեալ է տուեալ պահու իրավիճակէն:

Միջամտելու պարագային, երկուքին ալ առիթ տուէք արտայայտուելու եւ համբերութեամբ բացատրեցէք իւրաքանչիւրին սխալը:

Ջանացէք, որ վէճը կամ կռիւը չերկարի, անոնք համոզուած հաշտուին, եւ դուք պահէք ձեր արդարադատ մամայի պատկերը:

Խոհագիր

Շուշմայով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

  • 1 գաւաթ շաքար
  • 3 հաւկիթ
  • 1 թէյի դգալ վանիլա
  • 1 գաւաթ մածուն
  • Կէս գաւաթ բուսական ձէթ
  • Մէկուկէս գաւաթ ալիւր
  • 1 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըր
  • Քառորդ թէյի դգալ աղ
  • Շուշմայ

Պատրաստութիւն

Շաքարը, վանիլան եւ հաւկիթները ելեկտրական հարիչով հարել մինչեւ որ խառնուրդը սպիտակ դառնայ:

Խառնուրդին աւելցնել մածունը եւ ձէթը եւ կրկին հարել: Քիչ¬քիչ աւելցնել մաղէ անցուած ալիւրն ու պէյքինկ փաուտըրը եւ շարունակել հարել ձեռքով` թել դգալի օգնութեամբ, մինչեւ որ ալիւրը անհետանայ ու միատարր խառնուրդ մը ստացուի:

Կարկանդակի կաղապարը կարագով ծեփել եւ ալիւրի փոխարէն` առատ շուշմայ ցանել յատակին եւ եզերքներուն: Խմորը լեցնել կաղապարին մէջ, փոխադրել նախապէս տաքցուած փուռը եւ եփել 180 ջերմաստիճանով , շուրջ 35 վայրկեան:

Պաղելէն ետք կարկանդակը շրջել բաց ամանի մը վրայ եւ մատուցել:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Պառկել ու անթարթ նայում եմ հողին.-
Այս հողում հնուց խո՜տ է կանաչել,
Մարդիկ այգի՛ են տնկել խաղողի,
Մագաղա՛թ յղկել, որձաքա՛ր տաշել.
Յետոյ կռիւ ու եղե՛ռն է եղել
Եւ մարդիկ իրար արի՛ւն են հեղել.
Հողը ծածկուել է թարմ դիակներով,
Արեան գետերով, ժանգոտ զէնքերով.
Յետոյ ամէն ինչ… փոշի՜ է դառել,
Քամին ամէն հետք քշե՜լ է, տարե՜լ,
Ամայի հողում ջո՛ւր է կարկաչել…
…………………………………………….

Քանի՜ անգամ է այսպէս խո՛տ աճել,
Որ նորի՛ց այրուի,
Նորի՛ց կանաչի…
Ե՞րբ պիտի, տեսնես, մարդիկ ամաչեն,
Երբ քիչ է մնում… հո՜ղը ամաչի:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

Մեր Երեխաները. Ձեռագիր Գրելու Կարեւորութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մասնագէտներու կարծիքով, ձեռագիր գրելու վարժութիւնը չափազանց կարեւոր է եւ օգտակար երեխաներուն համար:

Մանկավարժ-հոգեբան Ելենա Մակարովայի կարծիքով, գրելու ժամանակ երեխային ուղեղը կը գործէ շատ համադրուած կերպով: Գրելուն մէջ ներգրաւուած են ուշադրութեան, յիշողութեան եւ մտածողութեան գործընթացները:

Մակարովա կ՛ընդգծէ, որ գրելը նաեւ կը նպաստէ խօսքի ձեւաւորման վրայ: Փաստօրէն ձեռագիր գրելը մեղմ խթան կը հանդիսանայ բոլոր մտաւոր գործողութիւններու զարգացման համար:

Եզրափակելով` Մակարովա կը պնդէ, որ գրելու գործընթացքին մէջ կայ ամբողջական ներգրաւածութիւն. ներգրաւուած են ուղեղի բոլոր հատուածները` ձեւաւորելով ամբողջ համակարգ մը:

ԲնութիւնԵրեխայ Կապը

«European Respiratory Journal» ամսագրին կողմէ հրապարակուած հետազօտութեան մը համաձայն, մեծնալու ընթացքին երեխաները կանաչ տարածքներու մօտ պահելը կրնայ բարելաւել անոնց թոքերու առողջութիւնը:

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ աւելի առողջ թոքեր ունին այն երեխաները, որոնք իրենց կեանքի առաջին տարիները անցուցած են բնութեան մօտ:

Դժբախտաբար մեր քաղաքային ապրելակերպը հետզհետէ մեզ աւելի ու աւելի կը հեռացնէ բնութենէն, մինչդեռ անոր հետ շփումը բարենպաստ ազդեցութիւն ունի երեխաներու ֆիզիքական, մտաւոր եւ յուզական բարեկեցութեան վրայ: Բնութեան հետ շփումը կը խթանէ երեխային ստեղծագործական ունակութիւնները, կը ձերբազատէ լարուածութենէ եւ կը զարգացնէ ընկերային հմտութիւնները:

Հետեւաբար շատ կարեւոր է երեխայ-բնութիւն կապի ամրապնդումը, ջանանք ամէն գնով պահպանել զայն:

Առողջապահական

 Լռութեան Կարեւորութիւնը
Մեր Առողջութեան Համար

Մենք կ՛ապրինք աղմուկով լեցուն աշխարհի մը մէջ, ուր դժուար է գտնել լռութեան պահեր:

Առողջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը իր հրապարակած մէկ զեկոյցին մէջ աղմուկը անուանած է «ժամանակակից ժանտախտ»: Զեկոյցին մէջ նշուած են անհերքելի ապացոյցներ աղմուկի վնասակար ազդեցութեան մասին` մարդու առողջութեան վրայ: Աղմուկը ոչ միայն կը խաթարէ քունը, կեդրոնացումը եւ արտադրողականութիւնը, այլեւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը եւ սիրտի հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը:

Լռութեան Առաւելութիւնները

– Լռութիւնը կը նուազեցնէ ընկճախտը: «Heart» ամսագիրին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, լռութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ ուղեղի բջիջներու վերականգնմանը, այլեւ կը ձերբազատէ ընկճախտէ եւ լարուածութենէ: Նոյն ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւմը կը հաստատէ, որ 2 վայրկեան լռութիւնը աւելի կ՛օգնէ թուլանալու եւ հանգստանալու, քան` «հանգստացնող» երաժշտութիւնը լսելը:

– Լռութիւնը օգտակար է ուղեղի քիմիային համար: «Brain Structure and Functions» ամսագիրին համաձայն, երկու ժամ լռութիւնը կրնայ նոր բջիջներ ստեղծել ուղեղի այն հատուածին մէջ, որ կապուած է ուսման, յիշողութեան եւ զգացումներու հետ:

– Քնանալէ առաջ աղմկոտ միջավայրէ հեռու մնալը մեծապէս կը բարելաւէ քունի որակը:

– Լռութիւնը կը բարձրացնէ ստեղծագործելու եւ սորվելու ունակութիւնները:

Այնպէս որ, փորձեցէք օրական թէկուզ կէս ժամ ժամանակ անցընել լռութեան մէջ: Ատիկա կ՛օգնէ ձեր թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեկան առողջութեան:

Գիտէ՞ք Թէ

Եթէ օրական ձեր դէմքը մարձէք բրինձի խաշի ջուրով, ձեր դէմքին մորթին գոյնը կը բացուի, կը ձերբազատիք սրճագոյն արատներէն եւ կանխահաս կնճիռներէն:

***

Եթէ տան մէջ դափնիի տերեւ այրէք`

Կը բարելաւէք կեդրոնացման ունակութիւնը,
Կը բարելաւէք շնչառութիւնը,
Կը զօրացնէք մարմնին դիմադրականութիւնը,
Կը ձերբազատիք անձկութենէ եւ ընկճախտէ,
Կը պաշտպանուիք բորբոքային վարակներէ,

***

Եթէ շաբաթական 75 վայրկեան քալէք, ձեր կեանքը 2 տարիով կ՛երկարաձգէք:
Եթէ շաբաթը 3 անգամ 40 վայրկեան քալէք, կը պահպանէք ձեր ուղեղին յիշողութիւնը:
Եթէ օրական 30 վայրկեան քալէք 36 առ հարիւր տոկոսով կը նուազեցնէք ընկճախտը:

***

Եթէ քնանալէ առաջ պանան ուտէք, մակնեզիոմով եւ կիրով հարուստ պանանը կ՛օգնէ, որ հանգիստ քնանաք, իսկ եթէ սեւ տուրմ ուտէք, անքնութենէ կրնաք տառապիլ, քանի որ տուրմը քաֆէին եւ թէոպրոմին կը պարունակէ, երկուքն ալ կ՛աշխուժացնեն ջղային դրութիւնը եւ կ՛արագացնեն սրտի զարկերու կշռոյթը:

***

Եթէ գիշերը քունի ընթացքին ձեր բերնէն ակամայ լորձունք կը հոսի, ատիկա պարզապէս կը նշանակէ, որ դուք շատ հանգիստ եւ խոր քունի անցած էք:

***

Եթէ առաւօտեան անօթի փորով քանի մը ընկոյզ ուտէք, յառաջիկայ ժամերուն ձեր ուղեղը աւելի արդիւնաւէտ կ՛աշխատի, նոյնպէս ալ` յիշողութիւնը, իսկ ժամանակի ընթացքին ձեր մորթին կ՛ապահովէք առողջ տեսք եւ փայլք:

***

Եթէ կ՛ուզէք նիհարնալ, բշտիկներէ եւ աղիքային կազերէ ձերբազատիլ, կանաչ թէյ պէտք է խմէք:
Եթէ գլխացաւէ, անձկութենէ եւ փորհարութենէ կը տառապիք, ապա սեւ թէյը կը հասնի օգնութեան:

Խոհագիր

 Բովուած Եգիպտացորեն

Բաղադրիչներ

Մէկուկէս ճաշի դգալ կարագ
Երկուքուկէս գաւաթ եգիպտացորեն
Պտղունց մը աղ
Պտղունց մը սեւ պղպեղ
Մէկ ճաշի դգալ իտալական համեմունք

Պատրաստութիւն

Եգիպտացորենը թրջել առնուազն 4 ժամ ապա եռացած ջուրի մէջ կէս խաշ ընել ու քամոցէ անցնել:

Այս արարողութիւնը կարելի է զանց ընել, եթէ չոր եգիպտացորենը փոխարինէք թարմ կորեկով:

Տապակին մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել կէս խաշ եգիպտացորենը եւ միջակ կրակի վրայ տապկել` տեւաբար խառնելով, որպէսզի հատիկները չայրին, այլ համաչափ ոսկեգոյն ըլլան:

Գոյն ստանալէ ետք եգիպտացորենը աղել, համեմել, 5 վայրկեան եւս տապկել:

Մատուցել, երբ արդէն բաւարար պաղած է:

Եգիպտացորեն ուտելու համոզիչ պատճառներ.

Ա.- Հանքայիններով (կիր, ֆոսֆոր, մակնեզիոմ…) հարուստ եգիպտացորենը կ՛ամրացնէ եւ կը պահպանէ ոսկորներն ու ակռաները:
Բ.- Կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը:
Գ.- Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէ:
Դ.- Կը կանոնաւորէ արեան ճնշումը:
Ե.- Կը պահպանէ տեսողութիւնը:
Զ.- Կը պակսեցնէ արեան մէջ քոլեսթերոլի քանակը:
Է.- Որպէս միզեցնող` կ՛օգնէ թունաւոր նիւթերու արտաքսման:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Աշխարհի Ցաւով

Սիրտս կ՛արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուա՛ծ իմ, չորս դիս,
Կեանքի դաշտերէն փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:

Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն,
Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց,
Եւ նոր ոճիրներ, իմ շուրջն ու հեռուն
Կը ծնին մարդիկ` արիւնով հարբած:

Գլուխս ի՞նչպէս ես դնեմ բարձիս
Եւ ննջեմ խաղաղ, աներազ քունով,
Երբ անդին անքուն մօտիկ դրացիս
Կը հսկէ զաւկին հոգեվարքին քով:

Սուրի ու սովի կը դառնան աւար,
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն,
Եւ ոտքի կոխան` հասկեր անհամար,
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:

Ես ինչպէ՞ս նստիմ խնճոյքի սեղան
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան,
Որբի մը բերնէն պատառը հացի:

Աստուա՜ծ իմ, որքան անարդար վճիռ.
— Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
— Աշխարհի ցաւով հիւա՜նդ է հոգիս:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 

 

 


Հետաքրքրական. Գոգնոցի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Արամ Խաչատուրեանի մօտիկ բարեկամներէն եւ երկրպագուներէն մէկը` Երջանիկ Կարախանեանը, իր տան մէջ խնճոյք կը կազմակերպէր, ամէն անգամ որ երաժիշտը Երեւան կ՛այցելէր:

Խաչատուրեանը խորոված կը սիրէր: Անգամ մը ան Կարախանեանին կը զգուշացնէ, որ խորովածը նախօրօք չպատրաստէ:

– Այս անգամ կ՛ուզեմ Նորքի ձեր պարտէզին մէջ իմ ձեռքովս խորոված պատրաստել, եւ դուք կը տեսնէք, թէ ի՛նչ լաւն է իմ պատրաստածը:

Կարախանեանի տունը այդ օրը շատ արուեստագէտներ հաւաքած էին. մեծ երաժիշտը կը ժամանէ, կը կապէ Կարախանեանի կնոջ գոգնոցը եւ կ՛անցնի գործի: Բոլորը կը շրջապատեն Խաչատուրեանը եւ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին անոր:

Այդ օրը Խաչատուրեանի պատրաստած խորովածը կը ճաշակեն` Լուսինէ Զաքարեանը, Խորէն Պալեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Վերա Յակոբեանը, Գէորգ Աճեմեանը եւ այլ անուանի մտաւորականներ:

Կարախանեանի ընտանիքը գոգնոցը պահեր էր այն վիճակով, որ Խաչատուրեանը ձգեր էր խորովածի պատրաստութենէն ետք: Մինչեւ օրս գոգնոցին վրայ խորովածէն մնացած հետքեր կան:

Այս գոգնոցը, ինչպէս նաեւ երաժիշտին անձնական իրերուն մէկ մասը ցուցադրուած են երեւանեան տուն-թանգարանին մէջ, որ կը գտնուի Զարոբեան 3 հասցէի վրայ:

Աշխարհի Ամէնէն Գեղեցիկ Կինը

«Քիլինկ  Էւա» ժապաւէնի աստղ Ճուտի Քոմերը ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կինը:

Գեղագիտութեան վիրաբուժ Ճուլիըն տը Սիլվան, որ իր ասպարէզին ճամբով միջազգային ճանաչում կը վայելէ, չափած է յայտնի աստղերու դէմքերու համամասնութիւնները` օգտագործելով Phi ոսկեայ յարաբերակցութիւնը, գնահատած է անոնց գեղեցկութիւնը եւ կազմած է ցանկ:

Վերլուծութեան ժամանակ պարզուած է, որ Ճուտի Քոմերի դիմագիծները 94,25 առ հարիւրով կը համապատասխանեն իտէալական չափանիշներուն:

Ցանկին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ ամերիկացի դերասանուհի Զենտայան, երրորդը` դարձեալ ամերիկացի դերասանուհի Պելլա Հատիտը:

Ճուլիըն տը Սիլվայի կազմած ցանկին վրայ է նաեւ Քիմ Քարտաշեանը:

Նորաձեւութիւն

 «Պալանսիակա»-ի Վերջին Նորաձեւ Պայուսակը

«Պալանսիակա» նորաձեւութեան տունը վաճառքի հանած է սահմանափակ քանակով կանացի ձեռքի պայուսակներու հաւաքածոյ մը:

Ձեռքի փոքրիկ պայուսակը, որ կը կոչուի «Hourglass small Handbag in Box with tape in yellow» ձեռքի գործ է` պատրաստուած Իտալիա: Անիկա պատրաստուած է հորթի մորթէ եւ կպչուն դեղին խէժերիզէ` վրան, արծաթեայ «B» տարբերանշանով: Պայուսակին արժէքը 3100 տոլար է:

Ստորեւ նկարին վրայ կը տեսնենք Քիմ Քարտաշեանը, ան յաճախ առաջին ներկայացնողը կ՛ըլլայ յայտնի վաճառանիշի պայուսակներուն եւ հագուստներուն: Այս տարի եւս Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան ընթացքին ան ներկայ գտնուեցաւ «Պալանսիակա»-ի աշնանային հաւաքածոյին ցուցադրութեան` փաթթուած դեղին եւ սեւ գոյներու համադրութեամբ կպչուն ժապաւէններով:

Գիտէ՞ք, Թէ

10 վայրկեան տեւողութեամբ պարզ մարձում մը կը նուազեցնէ բարձր արեան ճնշումը եւ ընկճախտը, կը բարելաւէ քունը եւ մտքի պայծառութիւնը:

***

Խոհանոցը մեր ձեռքին տակ ունինք բնական ցաւազերծիչներ: Մեխակի գամը ակռայի ցաւի համար մեղրը` բերնի բորբոքումներու, սխտորը` ականջի ցաւի, սովորական աղը` ոտքի ցաւի եւ, վերջապէս, սուրճը` գլխու ցաւի համար: Անշուշտ ասոնք արագ եւ ժամանակաւոր լուծումներ են. պէտք է միշտ դիմել բժիշկի խորհուրդին:

***

Երբ հոգեպէս ընկճուած էք, տան մաքրութեամբ զբաղեցէք: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ ձեր ապրած տարածքի մաքրութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը խաղաղութիւն, հանգստութիւն եւ գոհունակութիւն կը պատճառեն:

***

Երբ գիշերը արթուն կը մնաք, ձեր մարմնին դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ, ձեր ուղեղին արտադրողականութիւնը կը նուազի, եւ աւելի արագ կը ծերանաք:

***

Եթէ ձեր ննջասենեակին մէջ «կեսուրի լեզու» կոչուած բոյս պահէք, անիկա կը զտէ եւ կը բարելաւէ օդին որակը եւ կը բարելաւէ ձեր քունին որակը:

Խոհագիր

 Տապկուած Սոխի Օղակներ

Բաղադրիչներ

– 2 մեծ սոխ
– Քառորդ գաւաթ ալիւր
– 2 հաւկիթ
– Քառորդ գաւաթ փոշի կսկուծ
– Բուսական ձէթ` տապկելու համար
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

3 տարբեր ամաններու մէջ լեցնել ալիւրը, փոշի կսկուծը եւ զարնուած հաւկիթը: Հաւկիթը համեմել աղով եւ սեւ պղպեղով:

Սոխերը օղակաձեւ շերտել եւ շատ քիչ համեմել աղով եւ պղպեղով: Օղակները նախ թաթխել ալիւրին մէջ, ապա հաւկիթին եւ, վերջապէս, փոշի կսկուծին մէջ այնպէս ոը, որ օղակները բոլոր կողմերով ծածկուած ըլլան առատ կսկուծով:

Բուսական ձէթը տաքցնել եւ սոխի օղակները տապկել երկու երեսով, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան: Կողքին մատուցել քեչափ, մայոնեզ կամ ձեր ճաշակին թացան մը:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Լուսնահար Կարօտ

Սկսւում է գիշերն արդէն:

Եւ աստղերը,
Որ ողջ ցերեկ խոր քուն մտան,
Հիմա իրենց ճառագայթէ
Սուր փշերն են ոզնու նման նորից ցցում`
Ընդդէմ մթան:

Եւ անպաշտպան իմ կարօտը,
Որ անցել է խոր ընդյատակ
Ու չի ուզում նորից տրուել շղթաների ու կապանքի,
Իմ կարօտը մատնւում է քո անունից.
Լրտեսի՛ պէս նա մատնում է տառապանքին:

Մեծ քաղաքը լեթարգիական քուն է մտնում,
Իսկ ես`
լուսնո՛տ,
Ես`
լուսնահա՜ր,
Շեղ-սայթաքուն կտուրներով
Ու քիւերով ատամնաբաց,
Մինչեւ անգամ շանթարգելով,
Ահա նորից քեզ եմ գալիս`
Կեանքս կրկին վտանգելով:

Եթէ յանկարծ դու քո հեռուից նկատէիր
Ու ձայն տայիր`
Ճչալու պէս «ա՜խ» անելով`
Իմ վտանգուած կեանքի համար վախենալով,
Գիտե՜ս` ինչո՛վ կը վերջանար,
Իմ ցանկալի՜ս:

Գիտե՛ս.
Մահո՜վ է վերջանում,
Երբ լուսնոտին ձայն են տալիս:

Բայց ես բնա՜ւ երկիւղ չունեմ,
Թէ կ՛ընկնեմ ցած
Եւ իմ արեամբ հալեցնելով ձիւնը մայթում`
Դռնապանին գէթ կ՛ազատեմ ձիւն քերելուց:
Այդ չի՛ լինի,
Որովհետեւ ձայն չե՜ս տա դու,
Եւ դա-
ո՛չ թէ բարութիւնից,
Այլ… պարզապէս չսիրելո՜ւց…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

Հետաքրքրական. Դիմանկարի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Ստալինեան բռնապետութեան տարիներուն Մարտիրոս Սարեանի գործերէն 12 դիմանկար այրուեցան պատկերասրահի բակին մէջ: Դիմանկարները կը ներկայացնէին հայ ազգանուէր գործիչներ եւ մտաւորականներ, որոնք այդ տարիներուն Խորհրդային Միութեան կողմէ ճանչցուած էին որպէս «ժողովուրդի թշնամի»: Անոնցմէ ոմանք գնդակահարուեցան, ոմանք ալ Սիպերիա աքսորուեցան:

Դիմանկարներու շարքին պէտք էր ըլլար նաեւ Եղիշէ Չարենցի դիմանկարը: Բարեբախտաբար կտաւը ոչ թէ պատկերասրահին մէջ էր, այլ` Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, որուն աշխատակից Նշան Մուրատեանը, իր կեանքը վտանգելով, յաջողեր էր կտաւը նկուղին մէջ պահել: 26 տարի ետք միայն յայտնի դարձաւ, որ Սարեանի այս գլուխ գործոցը փրկուած է:

Այլ անձնական իրերու կողքին, Մարտիրոս Սարեանի թանգարանին մէջ պահպանուած է նաեւ Չարենցի բանաստեղծութիւններու հատընտիրը, որ բանաստեղծը նուիրեր էր նկարիչին: Ընծայագրին մէջ բանաստեղծը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սարեանին` զինք անմահացնելուն համար: Գիրքին սկիզբը զետեղուած է Սարեանի վրձինին պատկանող Չարենցի դիմանկարը:

Նեարդաբանին Կարծիքով

Երջանիկ, Առողջ Եւ Երկար
Ապրելու Գրաւականները

Երջանիկ եւ առողջ կեանքի գրաւականը ճիշդ սննդակարգն է եւ ֆիզիքական աշխուժութիւնը, բայց ասոնք միակը չեն: Լիարժէք հանգիստն ու դրական տրամադրութիւնը նոյնպէս մեծ դեր կը խաղան:

Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրէ նեարդաբանը` երջանիկ, առողջ եւ երկար ապրելու համար:

– Կանուխ արթնցէք: Առտու անհրաժեշտ է արթննալ ամենաուշը ժամը 9:00¬ին, այլապէս ամբողջ օրը կորսուած համարեցէք, քանի որ յոգնութիւն եւ կորովի պակաս պիտի զգաք:

– Օդափոխեցէք ձեր տարածքը: Անհրաժեշտ է կա՛մ յաճախակի օդափոխել տարածքը, կա՛մ յաճախակի դուրս գալ` մաքուր օդին շնչելու: Առիթ տուէք ուղեղին, որ թթուածինով սնանի:

– Շարժումը կեանք է: Առիթ գտէք մարզանք ընելու, իսկ աշխատանքի ժամանակ կարճ դադարներ առէք, քալեցէք, ձեռքերու եւ ոտքերու թեթեւ մարզանքներ ըրէք:

– Առտուները լոգցէք: Լոգանքը ձեզի կ՛օգնէ թարմանալու եւ արթննալու, անիկա նաեւ կը բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնը:

– Նախաճաշեցէք լռութեան մէջ: Մի՛ շեղիք թերթով, հեռախօսով կամ խօսակցութեամբ: Կեդրոնացէք ձեր ուտելիքին վրայ, ինչ որ լաւ ազդեցութիւն կը գործէ ձեր ստամոքսին եւ մարսողութեան վրայ:

– Առանց շտապելու թէյ կամ սուրճ խմեցէք: Ձեր իւրաքանչիւր պահը վայելեցէք: Ըմբոշխնելով գաւաթ մը սուրճի կամ թէյի վայելքը` դուք աւելի ուրախ կը զգաք, բան մը, որ կ՛ազդէ ձեր կեանքի որակին վրայ:

– Յաճախ ժպտեցէք: Ձեր ուղեղը ժպիտը կ՛ընդունի որպէս ազդանշան, որ ամէն ինչ կարգին է, ինչ որ կը նուազեցնէ ընկճախտի մակարդակը մարմնին մէջ:

– Ընթրիքը` թշնամիին: Երեկոյեան սնունդը պէտք է ըլլայ հնարաւորինս քիչ: Առիթ տուէք ձեր մարմինին, որ հանգստանայ, ուտելիքով մի՛ ծանրաբեռնէք զայն: Նաեւ երեկոյեան հրաժարեցէք ալքոլ խմելէ:

– Լաւ քնացէք: Քունը շատ կարեւոր է ձեր կեանքին համար: Անիկա նոյնքան կարեւոր է, որքան` սնունդը եւ օդը: Բաւարար քունը կը կազդուրէ թէ՛ ձեր մարմինը եւ թէ՛ ձեր ուղեղը եւ կ՛աւելցնէ անոր արտադրողականութիւնը:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Ամէն տարի աշխարհի մէջ սնունդի արտադրութեան մէկ երրորդը աղբամաններու մէջ կը յայտնուի… Անընդունելի երեւոյթ մը, երբ նոյն մոլորակին վրայ մէկ միլիառ մարդ սնունդի պակասէ կը տառապի: Մեր ուտելու սովորութիւնները եւ կազմակերպուածութեան պակասը մեզ եւս մեղսակից կը դարձնեն այս տխուր երեւոյթին:

Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը աւելի ուշադիր ըլլայ ուտելիքներու պահպանման եւ սպառման ձեւին, հաւանաբար դրական փոփոխութիւն մը կարելի կ՛ըլլայ արձանագրել վերը յիշուած թիւերու պարագային: Եւ այսպէս`
– Սառած ուտելիք մը հալեցնելու լաւագոյն ձեւը զայն սառցարանէն սառնարանին վարի բաժինը փոխադրելն է: Հալելու գործընթացը կրնայ տեւել քանի մը ժամ կամ ամբողջ գիշեր մը` նայած ուտելիքին ծաւալին եւ տեսակին: Այլ միջոց մը` մանրալիքը, եթէ կ՛աճապարէք, կրնաք ուտելիքը շատ արագ հալեցնել մանրալիքի միջոցով:

Ի մտի ունեցէք, որ 5 աստիճանէն սկսեալ  մանրէներ կը բազմանան ուտելիքներուն մէջ, հետեւաբար սառած ուտելիք մը սենեակի ջերմաստիճանով դուրս մի՛ ձգէք: Չմոռնաք նաեւ, որ սառած ու հալած ուտելիք մը կարելի չէ կրկին սառցարանը դնել` ուրիշ օր ուտելու համար:

– Միջազգային առողջապահութեան չափանիշներով, պտուղներն ու բանջարեղէնները կարելի է 1 տարի սառցարանը պահել: Միսերը, նայած տեսակին, 1-10ամիս: Ձկնեղէններն ու ծովային պտուղները առաւելագոյնը 6 ամիս կարելի է պահել, իսկ լազանիան, թարթերը, կոլոլակներն ու եփուած ուտելիքները` 1-10 ամիս:
– Ուտելիքներու մնացորդները կարելի է սառնարանը ապահով պահել առաւելագոյնը 3 օր: Զանոնք պէտք է տեղաւորել կափարիչով օժտուած ամաններու մէջ եւ զետեղել աչքի առաջ` սառնարանէն վերի դարաններուն վրայ:
– Կաթնեղէնները եւս կարելի է սառեցնել:

Կաթը, կարագը, սերը, պանիրն ու մածունը մինչեւ 6 ամիս կարելի է սառցարանը պահել: Ասոնցմէ մածունը, սերը հալելէ ետք կրնան կորսնցնել իրենց ողորկ կազմուածքը` առանց սակայն վնասակար դառնալու:
– Պտուղներն ու բանջարեղէնները կարելի է օրերով եւ ամիսներով սառնարանը պահել, նայած տեսակին:

Կեռասը, ծնեբեկը, սունկն ու խաղողը կարելի է պահել 3-5 օր: Սալորը, լոլիկը, հազարը, վարունգը եւ կանաչ սոխը` մէկ շաբաթ: Ճակնդեղն ու կաղամբը` 2-3 շաբաթ: Խնձորը ամէնէն երկար դիմացող պտուղն է. անիկա սառնարանին մէջ իր թարմութիւնը կը պահէ մինչեւ 6 ամիս:

Խոհագիր

Փուռը Խորովուած
Ծաղկակաղամբ

Բաղադրիչներ

Պզտիկ ծաղկակաղամբ մը
2 ապուրի դգալ հալած կարագ
4 պճեղ ճզմուած սխտոր
Կէս թէյի դգալ տաշուած կոճապղպեղ
Կէս թէյի դգալ քրքում
Կէս թէյլի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
Աղ, սեւ պղպեղ
Մանրուած ազատքեղ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Ծաղկակաղամբը լուալ, ապա մեծ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աղ եւ մէկ թէյի դգալ քացախ աւելցնել ու ծաղկակաղամբը գլխիվայր կաթսային մէջ եփել 6-7 վայրկեան: Յետոյ քամոցի մէջ փոխադրել:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել հալած կարագն ու սխտորը, աւելցնել կոճապղպեղն ու մնացեալ համեմները եւ ստացուած թանձրուկով շատ լաւ ծեփել ծաղկակաղամբը, ծածկել ալիւմինիոմ փայլաթուղթով եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ 45 վայրկեան:

Փայլաթուղթը հանել եւ 5 վայրեան եւս եփել, որպէսզի ոսկեգոյն դառնայ: Փուռէն հանելէ ետք զարդարել մանրուած ազատքեղով:

Ծաղկակաղամբ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

Ծաղկակաղամբը կը պարունակէ ՊԷ. խումբի, ինչպէս նաեւ ՍԷ. ՔԱ. եւ ԷՕ կենանիւթերը: Անիկա հարուստ է հանքայիններով, ներառեալ` կիր, մակնեզիոմ, ֆոսֆոր, փոթասիոմ, մանկանեզ… վերջապէս, այս բանջարեղէնը հարուստ է բուսական բնասպիտով, բնաթելով եւ ճարպաթթուներով: Հետեւաբար յաճախ ծաղկակաղամբ ուտելով դուք`

Ա.- Կը պաշտպանուիք սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
Բ.- Կը պաշտպանուիք միզամանի, թոքի, ձուարաններու, կուրծքի եւ փրոսթաթի քաղցկեղէ:
Գ.- Կը պաշտպանուիք տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
Դ.- Կ՛ապահովէք ձեր ուղեղին առողջութիւնը:
Ե.- Կը հաւասարակշռէք արեան բարձր ճնշումը:
Զ.- Կը հաւասարակշռէք շաքարի մակարդակը արեան մէջ:

*
*    *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հազար ու մի վէրք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես,
Հազար խալխի ձեռք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Աշնան քաղած արտի նման` հազար զոհերի
Չհաւաքուած բերք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Գլուխդ չոր քամուն տուած պանդուխտի նման,
Հազար տարուան հէք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Յովնաթան,
Ինչքա՜ն հանճար, խելք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Քո Չարենցին լեզու տուող երկիր Հայաստան,
Հազար ու մի երգ ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչո՞ւ Երեխան Իր Խաղալիքները Կը Կոտրէ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երբ երեխան խաղալիքը կը կոտրէ, մենք արարքը չարութեան կը վերագրենք ու անմիջապէս կը յանդիմանենք եւ նոյնիսկ կը պատժենք: Մինչդեռ, հոգեբանին կարծիքով, խաղալիք կոտրելը կրնայ տարբեր նշանակութիւններ ունենալ… եւ այսպէս`

Երեխան Կ՛ուսումնասիրէ

Իմացական գործընթացներու զարգացումը կ՛ենթադրէ երեխային կողմէ առարկաներու, խաղալիքներու ուսումնասիրութիւն: Երբ երեխան խաղալիքին մասերը կ՛առանձնացնէ, զայն կը կոտրէ, որպէսզի տեսնէ, թէ ներսը ի՛նչ կայ եւ կը փորձէ ճանչնալ, հասկնալ…

Երեխան Ուշադրութիւն Կը Պահանջէ

Խաղալիքը կոտրելով` երեխան կը ցանկայ ծնողքին ուշադրութիւնը գրաւել եւ կը հասնի իր նպատակին: Պէտք է լուռ եւ առանց խօսքերու անոր ուշադրութիւնը շեղել այլ ուղղութեամբ: Ասիկա ազդանշան է, որ ծնողները բաւարար չեն զբաղիր եւ ժամանակ չեն տրամադրեր իրենց փոքրիկին, հետեւաբար ժամանակն է, որ անոնք զգաստանան:

Խաղալիքներու Քանակը Շատ Է

Փոքրիկին առջեւ դրուած են շատ խաղալիքներ: Անոր տեսադաշտին մէջ պէտք է ձգել մէկ-երկու խաղալիք. կոտրելու պարագային, պէտք չէ ուրիշով մը փոխարինել, որպէսզի ան տեսնէ, որ կոտրելէ ետք կրնայ այլեւս խաղալիք չունենալ:

Խաղալիքը Տարիքին Համապատասխան Չէ

Ծնողները խաղալիք ընտրելու ատեն պէտք է հաշուի առնեն երեխային տարիքը: Անոնք հակամէտ են գնելու գունագեղ, գեղեցիկ տեսքով, սուղ, սակայն երեխային տուեալ տարիքին զարգացման համար ոչ պիտանի խաղալիքներ: Ծնողները պէտք է ընտրութիւն կատարեն ոչ թէ «սուղ է, ուրեմն լաւ է» սկզբունքով, այլ` ըստ օգտակարութեան: Խաղալիքը պէտք է զարգացնէ փոքրիկին տեսողական, լսողական եւ շօշափելիքի զգայարանները:

Երեխան Իր Յոյզերը Կ՛արտայայտէ

Երբեմն երեխան կը կոտրէ խաղալիքը` դրսեւորելով յարձակողական վարք: Յաճախ կրկնուելու պարագային, թերեւս փոքրիկը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, եւ կ՛արժէ հոգեբանի մը կարծիքին դիմել:

Անժելինա Ժոլին Պիտի Մարմնաւորէ
Մարիա Քալլասը

Սիրուած դերասանուհի Անժելինա Ժոլին չիլիցի  բեմադրիչ Փապլօ Լարենի նոր ժապաւէնին մէջ պիտի մարմնաւորէ 20-րդ դարու օփերայի մեծագոյն երգչուհիներէն Մարիա Քալլասը` պատմելով անոր փոթորկոտ կեանքը:

Փապլօ Լարեն արդէն քանի մը կենսագրական ժապաւէնի հեղինակ է` «Սփենսըր»-ը` արքայադուստր Տիանայի մասին եւ «Ճեքի»-ն` Ժագլին Քենետիի մասին:

Ծագումով յոյն օփերայի երգչուհին բաւական փոթորկոտ կեանք մը ապրած է` դիմագրաւելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ունեցած է տեսողութեան հետ կապուած լուրջ հարցեր, սիրային արկածախնդրութիւններ, գիրութեան հետ կապուած բարդութիւններ: Իսկ իր փայլուն ասպարէզի միջին շրջանին ան գէր կնոջմէ վերածուած է բարեձեւ, նրբակազմ ու վայելուչ էակի մը: Ասիկա դժբախտաբար ունեցած է իր բացասական անդրադարձը երգչուհիին ձայնի որակին վրայ` վերջ դնելով անոր երգչուհիի փայլուն ասպարէզին:

Քալլաս կը մահանայ Փարիզի իր բնակարանին մէջ, 1977-ին, 53 տարեկանին, սրտի կաթուածի պատճառով:

Անժելինա Ժոլի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Ես կու տամ ամէն ինչ` մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար»:

Այլազան

 Ահա, Թէ Ի՛նչ Կը Բացայայտէ Ձեր Սիրելի
Հագուստին Գոյնը Ձեր Բնաւորութեան Մասին

Գոյնը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր կեանքին մէջ` ազդելով մեր տրամադրութեան եւ յոյզերուն վրայ: Թերեւս չէք մտածած, որ գոյն մը կրնայ ձեզ հանգստացնել կամ, ընդհակառակը, անտրամադիր դարձնել: Երբ դուք գոյն մը կ՛ընտրէք եւ կամ կը խուսափիք անկէ, ընտրելու կամ մերժելու արարքը շատ բան կը բացայայտէ ձեր անհատականութեան մասին:

Նոյնիսկ եթէ դուք չէք գիտեր գոյներու խորհրդանշական նշանակութիւնը, ձեր ենթագիտակցութիւնը գիտէ: Ահաւասիկ` հետաքրքրական ուղեցոյց մը, թէ ի՛նչ կը բացայայտէ ձեր սիրելի հագուստին գոյնը ձեր անհատականութեան մասին:

– ԿԱՐՄԻՐ կը սիրեն համարձակ եւ նպատակասլաց մարդիկ: Անոնք շատ զգացական, կրքոտ, բայց նաեւ բռնկուն եւ անկանխատեսելի կ՛ըլլան:

– ԴԵՂԻՆ կը սիրեն ազատութեան ձգտող եւ երազանքներ ունեցող մարդիկ: Անոնք սրամիտ, մարդամօտ եւ ընկերասէր կ՛ըլլան:

– ԿԱՆԱՉ կը սիրեն հաստատակամ եւ նպատակասլաց մարդիկ: Անոնք կարիքը ունին ինքնադրսեւորման, մեծ նուաճումներ կատարելու եւ գնահատական խօսքեր լսելու:

– ՄՈԽՐԱԳՈՅՆ կը սիրեն հաւասարակշռուած եւ իրենց անձին հետ հաշտ մարդիկ: Անոնք անձնազոհ, նուիրուած, ծառայասէր եւ սիրուած կ՛ըլլան:

– ՃԵՐՄԱԿ կը սիրեն հաւասարակշռուած, ներդաշնակ եւ բարի մարդիկ: Անոնք ազատատենչ եւ կատարելապաշտ կ՛ըլլան:

– ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ կը սիրեն զգայուն, նուրբ եւ խաղաղասէր մարդիկ: Անոնք յաճախ յենարանի եւ պաշտպանութեան կարիք ունին:

– ՍԵՒ կը սիրեն ստեղծագործ, ինքնամփոփ եւ զգայուն մարդիկ: Անոնք վայելուչ, զօրաւոր կամքի տէր եւ ծայրայեղ կ՛ըլլան:

– ՍՐՃԱԳՈՅՆ կը սիրեն խելացի, կայուն եւ վստահելի մարդիկ: Անոնք արդարադատ եւ շրջապատէն սիրուած անձեր կ՛ըլլան:

– ԿԱՊՈՅՏ կը սիրեն հաճելի, վստահելի եւ հաւասարակշռուած մարդիկ: Անոնք խաղաղասէր, դրական եւ նուիրուած ընկերներ կ՛ըլլան:

– ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ կը սիրեն ինքնաբուխ, խանդավառ եւ ստեղծագործ մարդիկ: Անոնք կեանքը սիրող, կեանքին կառչած եւ խնճոյքի սիրահար կ՛ըլլան:

– ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ կը սիրեն արուեստասէր մարդիկ: Անոնք յատուկ սէր կ՛ունենան գրականութեան, գեղանկարչութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ: Յաճախ անոնք երազկոտ ու խոկացող կ՛ըլլան:

Գիտէ՞ք, Թէ

Սթենֆորտ համալսարանի գիտնականները 19 երկիրներէ ժամանած շուրջ 4 հազար մարդու մասնակցութեամբ հետազօտութեան մը աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան, որ նոյնիսկ առանց պատճառի, հարկադրուած ժպիտը կը բարելաւէ տրամադրութիւնը, մարդ կը սկսի աւելի երջանիկ զգալ, երբ դէմքի համապատասխան մկանները կ՛աշխուժանան:

Հետեւաբար ջանացէք ժպտելու առիթներ ստեղծել ու բարձրացնել ձեր տրամադրութիւնը:

***

Մազի թեփերէն ձերբազատուելու համար կարելի է օգտագործել ասփիրինի դեղահատեր:

Սովորական շամփուէնին աւելցնել 2 ասփիրինի փոշի, մազերը ծեփել այս թանձրուկով, սպասել մէկ-երկու վայրկեան, ապա առատօրէն ցօղուել:

***

Կուտն ու պիստակեղէնը համեղ եւ հաճելի են բաժակ մը խմիչքի կողքին, պատկերասփիւռին դիմաց նստած կամ բարեկամական հանդիպումներու ընթացքին, բայց արդեօք գիտէ՞ք, թէ իւրաքանչիւր 100 կրամ`

  • Մանր կուտը 557 ջերմուժ կը պարունակէ,
  • Դդումի կուտը` 600 ջերմուժ,
  • Սուտանի պիստակը` 599 ջերմուժ,
  • Արեւածաղիկի կուտը` 571 ջերմուժ,
  • Խառն պիստակեղէն` 607 ջերմուժ,
  • Խրթխրթան եգիպտացորեն` 443 ջերմուժ:

***

Եթէ շունչը գէշ կը հոտի ալքոլի, ծխախոտի, սխտորի կամ այլ պատճառով, անախորժ հոտը ժամանակաւոր չէզոքացնելու լաւագոյն միջոցները հետեւեալներն են`

  • Ակռաները խոզանակել,
  • Սուրճի հատիկներ ծամել,
  • Մեխակի գամեր ծամել,
  • Թարմ շոմին, անանուխ կամ ազատքեղ ծամել:

***

Քանատայի Հանրային առողջութեան հետազօտական հիմնարկի գիտնականները 26 հազար մարդու վրայ կատարած հետազօտութեան մը աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան, որ գարեջուրը ուղեղի առողջութեան համար ամէնէն վտանգաւոր խմիչքն է, անոր չափազանցուած օգտագործումը ուղեղի կաթուած կը պատճառէ:

Նոյն գիտնականներուն կարծիքով, գինին չ՛ազդեր ուղեղի առողջութեան վրայ, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ զայն կարելի է խմել անսահմանափակ քանակութեամբ:

Խոհագիր

ՍմբուկՓիցցաներ

Բաղադրիչներ

– 1 կամ երկու երկար սմբուկ
– 2 լոլիկ
– Ձիթապտուղի ձէթ (շուրջ մէկ սուրճի գաւաթ)
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 թէյի դգալ օրեկանօ
– 1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Ձեռքի տակ գտնուող որեւէ հալող պանիր

Պատրաստութիւն

Սմբուկները կլոր շերտել, փուռի ափսէին վրայ շարել:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` ձէթով եւ բոլոր համեմներով ու սխտորով:

Սմբուկները ծեփել թացանով եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել 5 – 7 վայրկեան, յետոյ սմբուկներուն վրայ աւելցնել մէկական լոլիկի շերտ, դարձեալ ծեփել թացանով ու կրկին եփել 5 վայրկեան: Վերջապէս լոլիկներուն երեսը ծածկել տաշուած պանիրով ու մանրուած ազատքեղով եւ փուռ փոխադրել:

Երբ պանիրը հալի, անմիջապէս մատուցել:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Անդաստան

Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոչ արիւններ, քրտինք հոսին

Լայն երակին մէջ ակօսին

Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի`

Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ:

Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի,
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին`
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:

Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդի.
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի`
Բերկըրութի՜ւն թող ըլլայ:

Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերութիւն թող ըլլայ…
Ծաղկի` մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի`
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

 

Հետաքրքրական. Ժամացոյցի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երեւանի կառավարութեան շէնքը նախագծելու ժամանակ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը նախատեսեր էր շէնքին աշտարակը զարդարել հսկայ ժամացոյցով մը: 1938-ին շէնքին կառուցումը գրեթէ աւարտեր էր, բայց աշտարակին վրայ դեռ մնացեր էր մեծ տրամագիծով խոռոչ մը: Սակայն ուրկէ՞ ճարել այդ չափով ժամացոյց մը…

Ժամացոյցը պատրաստելու պատուէրը կը ստանայ Մոսկուայի Չայքովսկիի անուան երաժշտանոցի ճարտարապետ Մակնուշեւսքին: 1941-ին ժամացոյցը արդէն պատրաստ էր: Զայն անմիջապէս Մոսկուայէն Երեւան կը փոխադրեն, սակայն նկատի ունենալով որ 1941-ի յունիսին հայրենական պատերազմը սկսած էր, ուստի Մակուշեւսքին չէր կրնար Հայաստան գալ: Հետեւաբար որո՞ւ վստահիլ ժամացոյցին տեղադրումը:

Երկար փնտռտուքներէ ետք ի վերջոյ գործը կը վստահուի այդ օրերու Կապի նախարարութեան ճարտարապետ Արծրուն Եաւուրեանին: Կարճ ժամանակի ընթացքին վերջինս մայրաքաղաք Երեւանի գլխաւոր հրապարակը կ՛օժտէ բոլորիս ծանօթ հնչող ժամացոյցով:

Մազերու Կապուած Սխալ Սովորութիւններ,
Որոնցմէ Պէտք Է Հրաժարիլ

Եթէ կ՛ուզէք առողջ եւ գեղեցիկ մազեր ունենալ, ապա պէտք է անմիջապէս հրաժարիք կարգ մը սխալ սովորութիւններէ, որոնք անդարձ վնասներ կը պատճառեն, թէ՛ գլխու մաշկին, եւ թէ մազերու հիւսուածքին:

– Ձեր մազերը մի՛ սանտրէք, երբ անոնք տակաւին թաց են: Թաց մազերը շատ թոյլ եւ դիւրաբեկ կ՛ըլլան. հետեւաբար զանոնք ուժ տալով սանտրելը կը քայքայէ անոնց հիւսուածքը:

– Ձեր մազերը չորցնելու, սահունցնելու կամ ալեաձեւ ձեւաւորելու համար, մի՛ դիմէք ամենաբարձր ջերմաստիճանին: Այդ գործիքները նոյն գործը կը կատարեն նուազ ջերմաստիճանով ալ: Այլապէս դուք կ՛այրէք թէ՛ ձեր գլխուն մաշկը, եւ թէ մազերը:

– Անհամապատասխան շամփուէններ մի՛ օգտագործէք ձեր մազերուն համար: Նախ ճշդեցէք ձեր մազին տեսակը (իւղոտ, չոր, սովորական, ներկուած), ապա գնեցէք շամփուէնը: Ընտրեցէք որակեալը, ոչ թէ աժանը:

– Եթէ ձեր մազերը ձեւաւորելու համար մուս կամ ժել կը գործածէք զանոնք քսեցէք մազերու միջին մասին եւ ծայրամասերուն: Այլ խօսքով, գլխամաշկն ու մազարմատները հեռու պահեցէք այդ նիւթերէն:

– Թաց մազերով մի՛ քնանաք, այդ վիճակով մազերը կը դառնան գանգուր եւ հակուած կոտրելու: Նախքան քնանալը, զանոնք ցամքեցուցէք անձեռոցով կամ սեշուարով, ապա` թեթեւակի սանտրեցէք:

Գիտէ՞ք, Թէ

Ձեր մազերուն խնամքին համար թանկարժէք սերեր, մազի ծեփուկներ գնելու կարիքը չունիք: Ձեր խոհանոցին մէջ կան բազմաթիւ մթերքներ, որոնք կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ իսկական գանձեր են: Կը բաւէ, որ զանոնք պարբերաբար օգտագործէք լոգանքէն առաջ կամ վերջ: Ձեր մազերը սնանելու, զօրացնելու, փափկացնելու, այլ խօսքով` անոնց տեսքն ու առողջութիւնը երաշխաւորելու համար: Այդ մթերքներէն կը  թուենք

ա.- Մայոնէզը
բ.- Պանանը
գ.- Կաթը
դ.- Ձիթապտուղի ձէթը
ե.- Մեղրը
զ.- Հաւկիթին դեղնուցը
է.- Գարեջուրը
ը.- Խնձորի քացախը
թ.- Թէյը
ժ.- Կոճապղպեղը
ժա.- Աւոքատոն

Ցերեկուան Քունին
Առաւելութիւնները

Դուք ալ անդրադարձած էք, որ օրուան ընթացքին 5-10 վայրկեաննոց մրափը երբեմն աւելի կազդուրիչ է, քան երկարատեւ գիշերային քունը` յարմարաւէտ, տաք մահճակալին մէջ…

Եթէ հնարաւորութիւնը ունիք օրուան ընթացքին առնուազն կէս ժամ քնանալու, առիթը մի՛ փախցնէք: Ստորեւ կը ներկայացնենք ցեղեկուան քունի զարմանազան առաւելութիւնները:

ա.- Մարմնին մէջ կ՛արտադրուի երջանկութեան հորմոնը` սերոթոնինը: Այդ պատճառով ալ մեր տրամադրութիւնը հետզհետէ զգալիօրէն կը բարելաւուի ցերեկուան հանգիստէն ետք:

բ.- Կը բարելաւուի կեդրոնացումի ունակութիւնը: Գիտնականներու հաստատումով, ցերեկային ժամերու քունը համարժէք է 200 մլկ քաֆէինի: Ասոր համար անհրաժեշտ է քնանալ ընդամէնը 1 ժամ:

գ.- Կ՛աճի ստեղծագործական կարողութիւնը: Պարզուած է, որ մեծ գիտնականները, փիլիսոփաները, արուեստագէտները յաճախ ցերեկները կը քնանան: Օրինակ, Լէոնարտօ տա Վինչին շատ յաճախ քնացած է, այն պահերուն, երբ նկարեր է իր գլուխ գործոցները:

դ.- Կը բարելաւուի յիշողութիւնը: Օրինակ բանաստեղծութիւններ, զորս շատ դժուար կ՛ըլլայ գոց սորվիլ, արագ կը վերյիշուին օրուան ընթացքին կարճ մրափ մը առնելէ ետք:

ե.- Հինգ զգայարանները կը դառնան աւելի սուր: Ուտելիքը կը թուի աւելի համեղ, երաժշտութիւնը` աւելի լսելի, գոյները` պայծառ:

զ.- Մարմինին մէջ կը նուազի քորթիզոլի մակարդակը, որուն մեծ քանակութիւնը ընկճախտը, հոգեկան անկում եւ ոչինչով պայմանաւորուած բարկութիւն կը պատճառէ:

Գիտէ՞ք, Թէ

5 ժամէն պակաս քունը կը բարձրացնէ բազմաթիւ հիւանդութիւններու վտանգը: Այսպէս, Լոնտոնի համալսարանական քոլէճի գիտնականներու աշխատանքը հրապարակուեցաւ PLOS բժշկական ամսագիրին մէջ: Գիտնականներու հետազօտութեան մասնակցած են 50-70 տարեկան 8 հազար կամաւորներ: Մասնակիցներու առողջութեան հետեւած են ամբողջ 25 տարիներ:

Գիտնականները պարզած են, որ այն մարդիկ, որոնք օրական 5 ժամէն պակաս կը քնանան, 20 տոկոսով աւելի շատ կը տառապին սրտի հիւանդութիւններէ, քաղցկեղէ եւ շաքարախտէ, քան անոնք, որոնք գիշերը 7 ժամէն աւելի կը քնանան:

Հետազօտողներուն կարծիքով` իրենց բացայայտումները կ՛ընդգծեն մարդու առողջութեան համար բաւարար քունի կարեւորութիւնը:

Սննդագէտին Կարծիքով

Թարմ Պտուղները
Աւելի Առողջապահական Են

Սննդագէտին կարծիքով, նախընտրելի է դպրոց յաճախող երեխաներուն ճաշամանին մէջ թարմ պտուղ դնել, չոր միրգերուն փոխարէն, քանի որ վերջինները շատ շաքար կը պարունակեն եւ կպչուն են, ու երեխաներուն ակռաներուն վրայ շաքարը շատ աւելի երկար ժամանակ կը մնայ: Եւ այսպէս`

– 100 կր թարմ անանասը 10 կր շաքար կը պարունակէ, մինչդեռ չորը 100 կր:
– 100 կր խաղողը 15 կր շաքար կը պարունակէ, չամիչը 73 կր:
– 100 կր խնձորը 12 կր շաքար կը պարունակէ, չորը` 57 կր:
– Եւ տակաւին շարքը շատ երկար է: Հետեւաբար կ՛արժէ մտածել այս մասին:

Խոհագիր.

Սմբուկով Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

– 2 հատ միջակ չափի կլոր սմբուկ խորոված
– 1 հատ լոլիկ` մանր կտրատուած
– Կէս հատ կանաչ պղպեղ` մանր կտրատուած
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 2 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 2 ցօղուն մանրուած կանաչ սոխ
– 2-3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Աղ
– Նուռի ռուպ
– Նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Ամանի մը մէջ լեցնել մանրուած լոլիկը, պղպեղը, ազատքեղը, սոխն ու սխտորը, աւելցնել երկու ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթը, աղել եւ ձգել:

Մինչ այդ կեղուել խորոված սմբուկները եւ շատ մանր կտրատել` ինչպէս լոլիկն ու պղպեղը:

Սմբուկը աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ, խառնել, ստուգել աղն ու կիտրոնի հիւթը` ի հարկին երրորդ դգալ մը աւելցնելով:

Խառնուրդը փոխադրել առանց յատակի, կլոր կաղապարի մէջ` ձեւաւորելու համար:

Մատուցելու պահուն երեսը զարդարել նուռի հատիկներով եւ նուռի ռուպով:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Աշուն

Ինչ-որ մէկն անտես
Անտարբեր ու լուռ
Մազերիս եղեամ է նետում,
ինչ-որ, հէնց այնպէս,
Անսէր ու անհուր
Աշունը հոգիս է թերթում:
Ես մոլոր կրակ եմ փնտռում,
Գարունն եմ փնտռում իմ կորած,
Արեւի շողն իմ չեմ գտնում
Եւ իմ աչքերից
Աշուն է կաթում…
Ուր որ է, ահա,
Ինչ-որ մէկն անտես,
Անտարբեր ու լուռ
Մազերս ճերմակ կը ներկի,
Ինչ-որ մէկին ես կը գրկեմ ամուր,
Բայց գարուններս չեմ գտնի:

ԱՆԱՀԻՏ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

 

 

 

 

Հետաքրքրական. Փողոցի Մը Պատմութիւնը «Տաուտ Փաշա» Փողոց

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1860-ին Լիբանանի տարածքին ծայր կ՛առնեն ներքին խռովութիւններ, որոնք կը սկսին աննշան թուացող դէպքով մը, որ տեղի կ՛ունենայ Պէյթ Մերի գիւղին մէջ: Կարճ ժամանակի մը ընթացքին եղբայրասպան կռիւ մը կը ծագի մարոնի եւ տիւրզի համայնքներուն միջեւ` պատճառ դառնալով մեծաթիւ զոհերու եւ աւերներու:

Այս խռովութիւնները մեծ յուզում կը յառաջացնեն Եւրոպայի մէջ եւ առիթ կը դառնան եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան: Այս վերջինները, Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ կը յաջողին Լիբանանը կիսանկախ հռչակել` Բարձր դրան պարտադրելով որոշ զիջումներ, որոնց կարգին` հոն նշանակել օսմանեան պետութեան քաղաքացի քրիստոնեայ կառավարիչ մը:

Այսպէս, Լեռնալիբանանի առաջին կառավարիչ կը նշանակուի ծագումով հայ կաթողիկէ Տաուտ փաշան, որ կը կառավարէ 1861-1868: Լիբանանի եօթը կառավարիչներէն երկուքը հայեր կ՛ըլլան, վերջինը` Յովհաննէս Գույումճեան փաշան (1912-1915):

Տաուտ փաշայի առաջին գործը կ՛ըլլայ կիրքերը հանդարտեցնել եւ կեանքի ու ինչքի ապահովութիւն հաստատել երկրին մէջ, ապա ան կ՛անցնի շինարարութեան ու ժողովուրդին վիճակը բարեկարգելու աշխատանքներուն:

Տաուտ փաշան մեծ կարեւորութիւն կու տայ երկրագործութեան, կը նուազեցնէ տուրքերը, կը բարեկարգէ ճամբաները, շինել կու տայ Տամուրի կամուրջը, զարկ կու տայ կրթութեան եւ կը յաջողի հիմնել բազմաթիւ նախակրթարաններ:

Յաւերժացնելու համար կառավարիչին յիշատակը` Պէյրութի փողոցներէն մէկը կը կոչուի Տաուտ Փաշա անունով. անիկա կը գտնուի Սերայի շրջանի, Զոքաք Պլաթ թաղամասին մէջ: Այս փողոցին վրայ կը գտնուին Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբը: Հոս ապրած է նաեւ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանը:

ԼՈՌԻ ԹԱՇՃԵԱՆ
Աղբիւր` «Պէյրութի հայանուն փողոցները»

Առողջապահական

 Ձմեռը Գուլպայով Քնանալու
Առաւելութիւնները

Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ որակեալ եւ խոր քունը կարեւոր է թէ՛ մեր առողջութեան եւ թէ՛ մեր ասպարէզին համար, յատկապէս` ցուրտ եղանակին, երբ մեր մարմինը ընկճախտի կ՛ենթարկուի ցած ջերմաստիճանի պատճառով:

Որակեալ քունը անհրաժեշտ է, քանի որ քունի ընթացքին մարմինը կ՛աշխուժացնէ վերականգնողական հոլովոյթները, որոնք անհրաժեշտ են առողջութեան պահպանման համար: Մենք շատ լաւ կը հասկնանք քունին կարեւորութիւնը եւ թոյլ ու հիւանդ կը զգանք, երբ լիարժէք չենք քնանար:

Ինչո՞ւ գուլպայով քնանալ ձմրան ցուրտ օրերուն

Եթէ գուլպայ հագնինք, աւելի արագ քունի կ՛անցնինք, քանի որ մեր ոտքերը կը տաքնան, արիւնատար անօթները կ՛ընդլայնին, իսկ ուղեղը ազդանշան կը ստանայ, որ քնանալու ժամանակն է:

Գուլպաներով քնանալը ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ ունի: Գուլպաները կը փափկացնեն չոր մաշկը. շատեր արթննալէ ետք կը նկատեն, որ կրունկները ճաքճքած են, եւ ասիկա կը պատահի յատկապէս ձմրան եղանակին:

Մենք այս անպատեհութեան առաջքը կ՛առնենք, եթէ քնանալէ առաջ մեր մաքուր ոտքերուն օգտագործենք խոնաւցնող քսուք մը եւ հագնինք բամպակեայ մաքուր գուլպաներ:

Գուլպաներով քնանալը կը կանխարգիլէ քրտնարտադրութիւնը, քանի որ կը կարգաւորէ մարմնին ջերմաստիճանը, ի՞նչի շնորհիւ կը բարելաւուի քունը:

Տեսողութիւնը Պահպանելու
7
Հնարքներ

Տեսողութեան հետ կապուած խնդիրները անխուսափելի՞ են: Ոչ այնքան: Ճիշդ է, որ կայ ժառանգականութեան ազդակը, որմէ պաշտպանուիլը թերեւս անհնարին է, բայց կան դիւրին գործադրելի հնարքներ, որոնք կ՛ապահովեն մեր աչքերուն առողջութիւնը եւ կը պահպանեն մեր տեսողութիւնը: Եւ այսպէս, ակնաբուժին կարծիքով`

1.- Ձեր աչքերը պաշտպանեցէք արեւի ճառագայթներէն` պարզապէս արեւի ակնոցներ կրելով:
2.- Դադրեցուցէք ծխախոտը:
3.- Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք` ստեպղինը, լոլիկը, շոմինը, պրոքոլին, հաւկիթը, նուշը, ընկոյզը, իւղոտ ձուկերը, Սէ. կենսանիւթով հարուստ մթերքները եւ այլն…
4.- Վերահսկեցէք արեան ճնշումը:
5.- Վերահսկեցէք շաքարի տոկոսը:
6.- Մարզանք ըրէք:
7.- Եթէ երկար ժամանակ համակարգիչի դիմաց կ՛անցընէք, 20 վայրկեանը անգամ մը դադար տուէք ձեր աչքերուն` զանոնք թարթելով կամ 20 երկվայրկեան զանոնք յառելով կանաչ տարածութեան մը վրայ:

Կախուածութիւն`
Յառաջացնող 5 Մթերքներ

Միչիկընի համալսարանի գիտնականները նշած են մեծ կախուածութիւն առաջացնող հինգ մթերքներ: Հետազօտութեան արդիւնքը հրապարակած են Addiction ամսաթերթին մէջ: Եւ այսպէս, բարձր մշակուած մթերքները (խոզապուխտը, երշիկը եւ այլ տարբերակներ) նոյնքան կախուածութիւն կը յառաջացնեն, որքան` ծխախոտը:

Կախուածութիւն պատճառող մնացեալ մթերքներն են` չիփսերը, պաղպաղակը, հաւի նակեթները, կրկնեփի տեսակները եւ տապկուած գետնախնձորը:

Անառողջ վերամշակուած մթերքներու կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ յանգեցնել ստիպողական գերսնման, քանի որ անոնք, ինչպէս նիքոթինը, կ՛ազդեն տրամադրութեան ու ինքնազգացողութեան վրայ եւ կախուածութիւն կը յառաջացնեն:

Տան Յարդարանք

Տոհմածառ

Կասկած չկայ, որ տոհմածառ պատրաստելը յարգանքի տուրք է բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք նախորդեր են մեզի եւ իրենց կեանքով նպաստեր են մեր ընտանիքի պատմութեան: Տոհմածառը կ՛օգնէ հասկնալ, թէ որոնք եղած են մեր նախնիները եւ, ուրկէ՞ եկած են. այլ խօսքով, կ՛օգնէ մեզի ծանօթանալու մեր արմատներուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք տոհմածառի 3 հետաքրքրական նմուշներ:

Խոհագիր

Չոր Թուզով Անուշ

Բաղադրիչներ

– 1 քիլօ չոր թուզ
– 1 լիթր ջուր
– Կէս քիլօ շաքար
– Ընկուզեղէն` ըստ ճաշակի (ընկոյզ, նուշ, հալէպի պիստակ)
– Մէկ թէյի դգալ կիտրոնի աղ
– 3-4 ապուրի դգալ բովուած շուշմայ

Պատրաստութիւն

Չոր թուզերը հոսող ջուրի տակ ցօղուել` փոշին մաքրելու համար, կոթերը հանել եւ ձեռքով երկուքի կիսել` առանց ամբողջովին բաժնելու:

Կաթսային մէջ լեցնել ջուրն ու շաքարը եւ եփել` ծորի վերածելու համար: Ծորին աւելցնել կտրատուած թուզերը եւ եփել` մինչեւ որ փափկանան (շուրջ 1 ժամ), մերթընդմերթ երեսը հաւաքուած փրփուրը մաքրելով:

Եփելէն ետք խառնուրդին աւելցնել կիտրոնի աղը եւ ապա շուշման:

Եթէ ձեռքի տակ ընկուզեղէն ունիք, նախապէս բովեցէք եւ պաղելէն ետք անուշին աւելցուցէք ու խառնեցէք:

Այս շատ համեղ եւ սննդարար անուշը սառնարանը պահելու կարիք չկայ, կափարիչով օժտուած ապակեայ շիշերու մէջ լեցուցէք ու վայելեցէք երկա՜ր ժամանակ:

Թուզ Ուտելու 6 Համոզիչ Պատճառներ

Բնաթելերով, երկաթով, Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով, անթիօքսիտաններով, կիրով, ֆոսֆորով, մակնեզիումով եւ փոթասիոմով հարուստ թուզը ունի բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններ, ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է զայն յաճախ օգտագործենք թարմ կամ չոր վիճակով` նայած տարուան եղանակին:

1.- Կը պաշտպանէ կուրծքի քաղցկեղէ:
2.- Կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ, կը կարգաւորէ քոլեսթերոլի մակարդակը:
3.- Կը բուժէ կոկորդի ցաւն ու բորբոքումները:
4.- Կը կանխարգիլէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւնները:
5.- Կը կարգաւորէ շաքարի մակարդակը:
6.- Կը կարգաւորէ մարսողական դրութիւնը եւ կը պաշտպանէ յամրաղիքի քաղցկեղէն:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Այս մի մոմն էլ ես վառում եմ…
Աստուա՛ծ, ինձնից դու լաւ գիտես,
Հազար անգամ աղօթում եմ…
Աղօթքներս անգիր գիտես:
Չեմ թուարկում, չեմ քննարկում,
Ես` ներքեւում, դու` վերեւում,
Կորուստներն եմ մեր խնկարկում,
Որ ունեցանք վերջին տարում…
Այս մի մոմն էլ ես վառում եմ…
Աստուա՛ծ, գուցէ խանգարո՞ւմ եմ…

ՀԱՅՔ

 

 

Հետաքրքրական. Հայ Շինարար Թագուհիներ Եւ Իշխանուհիներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Հայ մատենագրութեան, ինչպէս նաեւ բանաւոր աւանդազրոյցներու մէջ շատ յիշատակութիւններ կան հայրենասէր, անձնազոհ, բարեգործ կիներու մասին: Շատ են յատկապէս թագուհիներն ու իշխանուհիները, որոնք բարեգործական, մշակութային, շինարարական գործունէութիւն ծաւալած են իրենց փառքի օրերուն: Անոնց նախաձեռնութեամբ ու միջոցներով միջնադարեան Հայաստանի մէջ կառուցուած են հիասքանչ տաճարներ, որոնցմէ շատերը մինչեւ օրս հիացում կը պատճառեն իրենց ճարտարապետութեամբ, վեհութեամբ ու գեղեցկութեամբ:

Իշխանուհիները գնած եւ վանքերուն նուիրած են գիւղեր ու կալուածներ, հոգ տարած են եկեղեցիներու գործունէութեան, մշտական նիւթական օժանդակութիւն ցոյց տուած են վանական կեդրոններուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք 3 շինարար իշխանուհիներ:

Տիկին Վարազդուխտ

Սիւնեցի այս տիկնոջ մասին կը պատմէ պատմաբան Ստեփանոս Օրբէլեանը: Վարազդուխտ 6-րդ դարու առաջին կէսին կառուցել տուած է նշանաւոր եկեղեցի մը, որ իր կարեւորութեամբ երրորդն էր Տաթեւէն եւ Թանահատէն ետք:

Վարազդուխտ իշխանուհին Սիւնիքի գահերէց իշխան Յովհան Սիւնիի կինն էր: Անոր հիմնադրած Սիւնեաց վանքը կամ Ս. Գրիգոր եկեղեցին հետագային վերանուանուած է Սուրբ Յովհաննէս:

Իշխանուհի Մարիամ Բագրատունի

Դարձեալ Ստեփանոս Օրբէլեանի վկայութեամբ, հայոց Աշոտ Բագրատունի թագաւորին դուստրը` Սիւնեաց Վասակ Գաբուռ իշխանին կինը` իշխանուհի Մարիամը, 874 թուականին Սեւանայ կղզիին վրայ կառուցել տուած է Ս. Առաքելոց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները:

Ամուսինին մահէն ետք, անոր յիշատակը յաւերժացնելու համար Մարիամ իշխանուհին Սոթք գաւառին մէջ կառուցել կու տայ Ս. Պետրոս եկեղեցին:

Խոսրովանուշ Թագուհի

Աշոտ Գ. թագաւորին կինը` Խոսրովանուշը, պատմագիր Սամուէլ Անեցիի վկայութեամբ, 10-րդ դարու 60-70-ական թուականներուն Գուգարք նահանգի Տաշիրք գաւառին մէջ կը նախաձեռնէ Սանահինի եւ Հաղբատի վանքերու շինարարութեան: Հետագային, 979 թուականին Աշոտի եւ Խոսրովանուշի որդին` Սմբատ թագաւորը, ուխտի կու գայ Սանահին եւ հետեւեալ արձանագրութիւնը կը ձգէ. «Ես` Սմբատ Բագրատունի թագաւոր, ուխտի եկած եմ Սանահին, որ կառուցած են հայրս` Աշոտ թագաւորը եւ մայրս` Խոսրովանուշ թագուհին…»:

Սննդագէտին Կարծիքով

– Ապուրները կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ, համեղ եւ ջերմացնող ուտեստներ են: Արդեօք ծանօ՞թ էք, թէ իւրաքանչիւր չափաբաժին որքա՛ն ջերմուժ կը պարունակէ…

Լոլիկի ապուրը` 74 ջերմուժ
Պրոքոլիի ապուրը` 140 ջերմուժ
Սունկի ապուրը` 97 ջերմուժ
Սոխի ապուրը` 107 ջերմուժ
Հաւի ապուրը` 77 ջերմուժ
Բանջարեղէններու ապուրը` 67 ջերմուժ
Նարնջագոյն ոսպով ապուրը` 139 ջերմուժ
Կարմիր ոսպով ապուրը (ատաս պի համոտ)` 200 ջերմուժ
Քըշըքով ապուրը` 182 ջերմուժ

***

– Անօթի փորով բաժակ մը գաղջ ջուրը կը պահպանէ մորթին որակն ու առաձգականութիւնը, կը հաւասարակշռէ արեան գերճնշումը, կը պահպանէ թոքերու եւ սիրտի առողջ գործունէութիւնը, կը խթանէ մարսողութիւնը, կը պաշտպանէ գլխացաւէ, կ՛ամրացնէ ոսկորներն ու ակռաները եւ, վերջապէս, կը նուազեցնէ մկանային ցաւերը:

***

– Կ՛ըսեն, որ հացը կը գիրցնէ: Սննդագէտը կը պարզէ, որ պզտիկ չափի արաբական հացին մէկ երեսը 80 ջերմուժ կը պարունակէ, մինչդեռ երկու կտոր սեւ տուրմը 107 ջերմուժ կը պարունակէ, 5 ընկոյզը` 130, բաժակ մը գինին` 125, միջակ չափի աւոքատօ մը` 240… կ՛արժէ մտածել:

***

Մե՞ղր, Նիւթելլա՞, թէ՞ գետնանուշի կարագ: Ստորեւ` իւրաքանչիւրին սննդական արժէքը:

Մէկ ապուրի դգալ մեղրը 48 ջերմուժ կը պարունակէ, 12 կ շաքար, 0 բնասպիտ, 0 ճարպ:
Մէկ ապուրի դգալ Նիւթելլան 81 ջերմուժ կը պարունակէ, 8 կ շաքար, 1 կ բնասպիտ, 5 կ ճարպ:
Մէկ ապուրի դգալ գետնանուշի կարագը 94 ջերմուժ կը պարունակէ, 1 կ շաքար, 4 կ բնասպիտ, 8 կ ճարպ:

Իսկ դուք ո՞ր մէկը կը նախընտրէք…

***

– Տուրմի սիրահարներու ուշադրութեան…

Մէկ Ֆէրրէրօ Ռոշէ տուրմը համազօր է 12 հատ ելակի: Տուրմը թէ՛ շաքար կը պարունակէ եւ թէ՛ ճարպեր, մինչդեռ ելակը բնական շաքար կը պարունակէ, աւելի՛ կենսանիւթեր եւ հանքայիններ, աւելի՛ բնաթել եւ մանաւանդ զերծ է ճարպէ: Կը մնայ, որ ճիշդ ընտրութիւն կատարէք:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Ակռայի դեղը` մածուկը, լաւագոյն միջոցն է ձեր ձեռքերը մաքրելու փշատերեւ ծառերու խէժէն:

***

Եթէ մրջիւնները խայթեր են ձեր ձեռքերը, լաւագոյն միջոցը ձեռքերը ցօղուելն է ապակի մաքրող հեղուկով: Ամոնեաքը կը չէզոքացնէ քերուըտուքի զգացողութիւնը:

***

Տաք աղաջուրով կոկորդի ողողումը հրաշալի դեղ է կոկորդի ցաւի ժամանակ:

***

Կիտրոնի փոքրիկ կտոր մը ծամելով կ՛ազատիք գլխացաւէ, թէկուզ` ժամանակաւոր ձեւով:

***

Եթէ քննութիւններու կը պատրաստուիք, կամ ընկճախտէ կը տառապիք, թարմ անանուխ հոտուըտացէք: Անանուխին բոյրը հանգստացնելու յատկութիւն ունի:

***

Եթէ կը ձգռտակ եւ ոչ մէկ հնար չ՛օգներ, ապուրի դգալ մը գետնանուշի կարագ կերէք, այս միջոցը շատերու կ՛օգնէ:

***

Մժեղի խայթոցներու քորն ու վէրքը մեղմացնելու համար վնասուած բաժինը մաքրեցէք ճերմակ քացախով:

***

Ձեր պտուղները աւելի երկար ժամանակ թարմ պահելու համար զամբիւղին մէջ մէկ-երկու գինիի շիշի խցան կիսեցէք ու զետեղէցէք: Խցանի կտորները կը կլանեն խոնաւութիւնը եւ թոյլ չեն տար, որ պտուղները վաղաժամ փտին:

Ինչո՞ւ Մամաները Պէտք Է
Յաճախ Գրկեն Երեխաները

Երեխայի կեանքի առաջին օրերն ու տարիները շատ կարեւոր են եւ որոշիչ` անոր հետագայ զարգացման համար:

Մանկաբուժներն ու հոգեբանները կը պնդեն, որ երեխային բնականոն զարգացման համար շատ կարեւոր է մօր սէրը, ուշադրութիւնը եւ գրկախառնութիւնները մամային հետ: Երեխաները լոյս աշխարհ գալով` անպաշտպան են եւ ոեւէ մէկը չունին` բացի մամայէն:

Կեանքի առաջին օրերուն, ամիսներուն տակաւին լաւ զարգացած չեն մանուկին տեսողութիւնն ու լսողութիւնը, ան արտաքին աշխարհը կ՛ընկալէ զգայարաններու միջոցով` հոտառութիւն, շօշափելիք: Մօր արգանդին մէջ երեխան պաշտպանուած էր, հոն տաք էր եւ յարմարաւէտ: Ծնելէ ետք երեխային կեանքը 180 աստիճանով կը փոխուի, եւ միայն մօր գիրկին մէջ ան ինքզինք ապահով կը զգայ: Մօր հպումները, գրկախառնութիւնները երեխային կը յուզեն, որ ինք պաշտպանուած է, իսկ այդպիսի ապահով եւ վստահելի միջավայրի մէջ ան կրնայ բացայայտել շրջակայ աշխարհը եւ մարդիկ:

Մասնագէտներու կարծիքով, մօր հետ գիրկխառնութիւնը երեխային մարմնին մէջ կը բարձրացնէ անտորֆին հորմոնի մակարդակը` «լաւ զգացողութիւն» փոխանցելով անոր:

Խոհագիր

Դդումով Ապուր

Բաղադրիչներ

Կէս քիլօ դդում
1 գաւաթ կաթ
1 լիթր մսաջուր
1 թէյի դգալ փոշի սոխ (կամ 1 միջակ մանրուած սոխ)
Աղ, սեւ պղպեղ
2 ապուրի դգալ բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Դդումները լուալ, ցամքեցնել եւ խորանարդաձեւ (փոքրիկ) կտրատել:

Տապակին մէջ ձէթը տաքցնել եւ դդումները ձէթին մէջ դարձնել ու 5 վայրկեան եփել: Աւելցնել փոշի սոխը, աղը, սեւ պղպեղը եւ 2 վայրկեան եւս եփել:

Կաթսային մէջ լեցնել մսաջուրը, աւելցնել դդումը. երբ եռալու սկսի, աւելցնել կաթը եւ եփել, մինչեւ որ դդումները լաւ փափկանան:

Ապուրը ելեկտրական գործիքով հարել միատարր խիւս մը ստանալու համար:

Մատուցել ապուրի փոս ամաններու մէջ եւ երեսը զարդարել խրթխրթան հացով, դդումի սերմերով կամ տաշուած պանիրով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ամէն Ինչ Չափի Մէ՞ջ Է Գեղեցիկ

Ամէն ինչ չափի մէջ է գեղեցիկ…
Իսկ ո՞րն է չափը, ո՞վ է սահմանել,
Ո՞վ է այդ չափը չափել ու կտրել…
Ամէն ինչ չափի մէջ է գեղեցիկ…
Իսկ ես ուզում եմ նուիրուել անչա՜փ,
Ուզում եմ տարուել ու սիրուել անչափ,
Եթէ ուրախ եմ, ճչալ եմ ուզում,
Տխուր եմ` անզուսպ լացել եմ ուզում…
Չեմ ուզում տրուել չափին գեղեցիկ,
Չափի մէջ ձեւուած կեղծաւոր մարդիկ
Ամէնուրեք են…
Չափով են խօսում, չեն անկեղծանում,
Չափով են ժպտում կամ ուրախանում,
Ու մտածում են,
– Չէ, շատ ժպտացի, դէ երես կը տամ,
Աւելի լաւ է չափաւոր խնդամ,
Չափաւոր սիրեմ, չափաւոր ներեմ,
Յոգնել եմ այդ կեղծ չափից ու ձեւից,
Այդ չափաւոր ու անվերջ չափչփող
Չափուած ու ձեւուած արարածներից…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Հետաքրքրական. Օծանելիքի Մը Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ձեւագէտ, ոճաբան Հիւպըրթ Ժիւանշիի «Լ՛էնթերտի» (արգիլուածը) օծանելիքը ստեղծուած է 1954-ին, բրիտանացի դերասանուհի Օտրի Հեփպըրնի համար:

1953-ին 27 տարեկան ֆրանսացի ոճաբանը կը հանդիպի երիտասարդ դերասանուհիին, վերջինս Ժիւանշիէն կը խնդրէ, որ իրեն համար քանի մը հագուստ ձեւաւորէ իր յաջորդ ժապաւէնին` «Սապրինա»-ի համար: Թէեւ ձեւագէտը կը պատրաստուէր մերժել առաջարկը, բայց չդիմանալով երիտասարդ դերասանուհիին անդիմադրելի հմայքին` տեղի կու տայ եւ այնուհետեւ երկար բարեկամութեան եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան սկիզբ մը ծայր կ՛առնէ: Եւ այսպիսով, Օտրի Հեփպըրնը կը դառնայ Ժիւանշի նորաձեւութեան տան մուսան եւ դեսպանը:

1954-ին Ժիւանշին կը փափաքի Հեփպըրնին անսովոր նուէր մը մատուցել եւ իւրայատուկ օծանելիք մը ստեղծել անոր համար: Օծանելիքը պատրաստ էր, եւ դերասանուհին անմիջապէս կ՛ընդունի եւ զայն կը կրէ ամէնուրեք:

Երբ տարի մը ետք ոճաբանը դերասանուհիէն թոյլտուութիւն կը խնդրէ օծանելիքը շուկայ իջեցնելու, Հեփպըրն կը բացագանչէ. «Բայց ասիկա իմ օծանելիքս է, ես քեզ կ՛արգիլեմ»: Եւ այսպէս, կը ծնի օծանելիքին անունը` Լ՛էնթերտի:

Որոշ ժամանակ մը ետք, Հեփպըրն հանեց արգելքը եւ նոյնիսկ սիրալիր կերպով իր կերպարով նպաստեց անուշահոտին գովազդային արշաւին:

Գեղեցկագիտական

Լոլիկով Դիմակներ

Մաշկին ընդլայնած ծակտիկները պրկելու համար, 1 ապուրի դգալ լոլիկի հիւթին 2 կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք, բամպակի միջոցով խառնուրդը շրջանաձեւ շարժումներով դէմքին վրայ տարածեցէք, սպասեցէք 10 վայրկեան, ապա ծորակի ջուրով ցօղուեցէք:

* * *

Մաշկին փայլք եւ առողջ տեսք տալու համար, միջակ չափի հասուն լոլիկ մը կեղուեցէք, պատառաքաղով ճզմեցէք թէյի դգալ մը մեղր աւելցուցէք, խառնեցէք: Ստացուած թանձրուկը տարածեցէք դէմքին եւ պարանոցին վրայ, սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա մաքրեցէք գաղջ ջուրով:

* * *

Բշտիկները դարմանելու համար, հասուն լոլիկ մը կիսեցէք եւ միջուկի բաժինով շփեցէք բշտիկները: Սպասեցէք, որ լոլիկին հիւթը թափանցէ մորթի ծակտիկներէն ներս: 20 վայրկեան ետք ձեր դէմքը ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

* * *

Մաշկին մութ գոյնի բիծերը չէզոքացնելու համար 2 ապուրի դգալ լոլիկի միջուկին 1 թէյի դգալ մեղր եւ 1 թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք: Ստացուած թանձրուկը տարածեցէք մութ գոյնի արատներուն վրայ (դէմքի կամ ձեռքերու), սպասեցէք 15  վայրկեան, ապա ցօղուեցէք պաղ ջուրով:

* * *

Կնճիռներուն դէմ պայքարելու համար 1 թէյի դգալ լոլիկի հիւթին աւելցուցէք 1 ապուրի դգալ հնդկընկոյզի իւղ եւ 1 թէյի դգալ կաթ: Այս խառնուրդով մեղմօրէն մարձեցէք ձեր դէմքը, ապա սպասեցէք 10 վայրկեան ու ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

Գիտէ՞ք, Թէ

– Մեր ուղեղին մէջ կան քիմիական նիւթեր, որոնք մեզի երջանկութիւն եւ լաւ զգացողութիւն կը հաղորդեն, նոյնիսկ երբ մեր շուրջը առանձնայատուկ ոչինչ չի կատարուիր:

Տոփամինը կը պատկանի «երջանկութեան հորմոններ»-ու խումբին, վերջին ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, այս նիւթը կը ստեղծէ ուրախութեան սպասման անսովոր հաճելի զգացողութիւն: Տոփամինը կ՛արտադրուի դրական զգացողութիւններու ժամանակ, երբ համեղ բան մը կ՛ուտենք, երբ կը համբուրուինք, երբ հաճելի միջադէպ մը կը վայելենք, երբ երաժշտութիւն կ՛ունկնդրենք եւ այլն…

Բայց տոփամինի մակարդակի նուազումը ճիշդ հակառակ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ. մենք կ՛ընկճուինք եւ ամէն ինչ կ՛ընկալենք սեւ գոյնով, տխուր ու ձանձրալի:

Բնականաբար հիանալի կ՛ըլլար, եթէ այս կախարդական տոփամինի դեղահատեր գոյութիւն ունենային, եւ մենք ուրախ ու անհոգ ապրէինք. բայց բարեբախտաբար կան տոփամինի մակարդակը բարձրացնելու բնական եւ պարզ եղանակներ, որոնք թէ՛ անվճար են եւ թէ՛ դեղորայք չեն պահանջեր: Եւ այսպէս, օրական մարզանք ընենք, ծխախոտը եւ ոգելից ըմպելիները պակսեցնենք, շատ նուշ, պանան եւ սեւ տուրմ ուտենք, կանաչ թէյ խմենք, հաճելի երաժշտութիւն լսենք, հաճելի մարդոց հետ սուրճ խմենք ու զրուցենք, երգենք, ստեղծագործենք, հետաքրքրական ժապաւէն մը դիտենք… Ցանկը կարելի է երկարել, եւ անիրագործելի բան չկայ:

***

Օդանաւերուն մեծ մասը իւրաքանչիւր ուղեւորութեան ընթացքին կը տեղափոխեն 150-350 ուղեւոր եւ օրական բազմաթիւ ուղեւորութիւններ կը կատարեն: Հետեւաբար հաւաքարարները երբեք բաւարար ժամանակ չեն ունենար օդանաւի ներսի բոլոր անկիւնները մաքրելու համար: Այսպիսով, օդանաւին մէջ կան քանի մը առարկաներ, որոնք կրնան աղտոտ եւ վարակուած ըլլալ:

Հետազօտութիւններու համաձայն, օդանաւին ամէնէն աղտոտ տեղը ուղեւորին դիմաց բացուող շարժական փոքրիկ սեղանն է: Անիկա ամէնէն աղտոտ իրն է ամբողջ օդանաւին մէջ: Հետազօտութիւններէ բխած արդիւնքներու համաձայն, շարժական փոքրիկ սեղանը 1890 միաւոր աւելի մանրէի միաւոր կը պարունակէ, քան` բաղնիքի աթոռը…

Հետեւաբար խորհուրդ կը տրուի այսուհետեւ ախտահանող թաց անձեռոցիկներով մաքրել սեղանը` նախքան օգտագործելը:

Ժամանց

Կաղանդի Բացիկներ

Արդէն ժամանակն է, որ պատրաստենք Կաղանդի շնորհաւորական բացիկներ եւ ջերմացնենք զանոնք գնահատողներուն սիրտերը:

Զանոնք պատրաստելու համար շատ բան հարկաւոր չէ. անշուշտ` ժամանակ, համբերութիւն եւ սէր, նաեւ` ձեռքի տակ գտնուող մէկ-երկու իր:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Կաղանդի բացիկի քանի մը տարբերակ: Նկարները բաւարար խօսուն են, իսկ զանոնք իրականացնելու համար անհրաժեշտ են` խաւաքարտ, օրաթերթ, խազի (նոթա) մը լուսապատճէնը, թիթեռնիկի տեսքով դդմաճ, ուլունքներ, մատիտի տաշոց…

Ընտրեցէ՛ք ձեր սրտին խօսող տարբերակը եւ գործի լծուեցէք:

Խոհագիր

Կորեկով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 5 գաւաթ կորեկ
– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ցօղուն նեխուր (սելըրի, մանրուած)
– 1 սոխ (մանրուած)
– 1 թէյի դգալ ճզմուած սխտոր
– 4 գաւաթ մսաջուր
– Աղ, սեւ համեմ
– Կէս գաւաթ կորեկ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ տաքցնել ձէթն ու կարագը, աւելցնել մանրուած սոխն ու նեխուրի ցօղունները եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 5-7 վայրկեան:

Աւելցնել կորեկը, սխտորն ու մսաջուրը, աղել, համեմել եւ քառորդ ժամ եփել: Կաթսան կրակին վրայէն հանել, ձգել, որ ապուրը քիչ մը պաղի, ապա ելեկտրական գործիքով հարել, որպէսզի թանձրուկ մը ստացուի:

Ապուրը կրկին տաքցնել, փոս ամաններու մէջ մատուցել` երեսը կորեկի հատիկներով զարդարելով:

***

Կորեկ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

Ա., Պէ.1, Պէ.2 կենսանիւթերով, մակնեզիոմով, մանկանեզով, ֆոսֆորով, երկաթով եւ զինկով հարուստ կորեկը`

1.- Կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:
2.- Կը պայքարի յօդացաւի եւ արթրոզի դէմ:
3.- Կը նուազեցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը:
4.- Կը խթանէ դիմադրողականութիւնը:
5.- Կը նպաստէ թունաւոր նիւթերու արտաքսման:
6.- Կը նուազեցնէ արեան մէջ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը:
7.- Կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնն ու տեսողութիւնը:
8.- Կը նպաստէ մկաններու եւ ոսկորներու աճին:
9.- Կը կանոնաւորէ արեան գերճնշումը:
10.- Կը կանխարգիլէ արեան տկարութիւնը:

***

Շաբթուան Մտածումը

Սիրելի՛ ազգակիցներ,

Երկրագնդի բոլոր միջօրէականներն ու հորիզոնականները անհայրենիք հայի ոտքերով հատած հեռաւոր հարազատներ:

Գալիս է Նոր տարին, Կաղանդը, Ամանորը:

Գալիս է ու մեզ համար, որ ժողովուրդ ենք, բայց ժողովուած չենք: Ուրեմն թող նա գայ նախ եւ առաջ իբրեւ մէջքապնդող գօտի բոլորիդ համար` աշխարհագրական որ գօտիներում էլ լինենք:

Եթէ համբերութիւնը թել է, մերը պիտի պարան կոչուի եւ հիւսուած լինի ոչ թէ թելերից, այլ ջղերից մեր սեփական, մեր մկաններից ու նեարդերից:

Թող Նոր տարին նորոգի ձեր ջղերը, ամրապնդի ձեր մկանները, երիտասարդացնի ձեր նեարդերը: Աչքերը տեսնելու համար են եւ ոչ թէ միայն ճանապարհ պահելու: Բոլորիս աչքերն էլ ճանապարհ են պահում. մենք` ձեր ճանապարհը, դուք` մեր ու ձեր հայրենիքի:

Թող բոլորիս աչքերն էլ պայծառանան Նոր տարում, եւ ճանապարհները կրճատուեն, եւ սպասելիքները մօտենան:

Բարին է առաջնորդել մեզ հազարամեակներ շարունակ: Մեր տուածի գէթ մի մասը պիտի որ մեզ վերադարձնի բախտ կոչուածը, որքան էլ հուլաբար ու ծուլաբար քայլի:

Թող գալիք տարին արագացնի այդ քայլքը, ու բարին հասնի բոլորիդ ու բոլորիս: Թող հայ մանուկներ շատ ծնուեն Նոր տարում եւ ծնուեն ճակատի այլ գրով. կնունքը` որտեղ կ՛ուզի, բայց նրանց հարսանեաց հանդէսը կատարուի մեր Մայր Հայրենիքում, ստորոտներում այն լեռների, ափունքներում այն լճերի ու գետերի, որոնց անունն արտասանելիս դողում են մեր շուրթերը եւ փշաքաղւում է մեր մաշկը…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

1963 դեկտեմբեր 31

 


Հետաքրքրական. Նոր Տարուան Կրակը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քսաներորդ դարու սկիզբը հայերուս մէջ օճախն էր, որ կը տաքցնէր տունը, օճախին վրայ էր, որ կ՛եփուէր կերակուրը: Օճախը առհասարակ տան սրբազան անկիւններէն մէկն էր, եւ անոր հետ կապուած բազմաթիւ աւանդական սովորութիւններ կ՛ապահովէին օճախին բարոյական եւ առարկայական անձեռնմխելիութիւնը:

Հայերուս Նոր տարուան օճախը առանձնայատուկ էր: Շատ մը շրջաններու մէջ մեծ կոճղ մը կը դնէին օճախին մէջ` աստիճանաբար առաջ մղելու պայմանով, այնպէս, որ մինչեւ Ս. Ծնունդ կրակը անմար մնար: Ս. Ծննդի երեկոյեան կոճղէն մնացած ածուխն ու մոխիրը կը տանէին ու կը թաղէին հանդերը, որպէսզի, բերքը առատ ըլլայ եւ կարկուտը չզարնէ բերքը: Տնեցիներէն ան, որ տուն մտնէր, անպայման հետը փայտի կտոր մը կը բերէր եւ օճախին մէջ կը նետէր` տօնը շնորհաւորելով:

Միայն տան երէցին բերած փայտի կտորը կիսով վառելէ ետք կը մարէին եւ մոխիրին մէջ կը թաղէին մինչեւ ջրօրհնէք, ապա կը տանէին ու թաղին արտին ծայրը, որպէսզի հունձքը առատ ըլլայ:

Այդ օրերուն օճախի կրակին պայծառութիւնը կ՛ապահովէր ընտանեկան կեանքի պայծառութիւնն ու ջերմութիւնը ամբողջ տարուան ընթացքին:

Ամանորեայ Սեղանի
Պատառիկներ

Թէեւ ամանորեայ սեղանի պատառիկները համբերութիւն եւ ժամանակ ենթադրող ուտեստներ են, սակայն անոնց տեսքն ու համը անտարբեր չեն ձգեր թէ՛ մեծերը եւ թէ՛ փոքրերը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք տօնական պատառիկի հետաքրքրական տարբերակներ, որոնց պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են` պանիր, վարունգ, լոլիկ, հոթ տոկ… Իսկ դուք ձեր երեւակայութեան զարկ տալով` կրնաք կարգ մը բաղադրիչներ փոխարինել ուրիշներով` ձիթապտուղ, սալամի, սոմոն եւ այլն…

Հոգատար Ծնողներու
4 Սխալներ

Ծնողները միշտ կը ցանկան լաւագոյնը ապահովել իրենց երեխաներուն, անոնք պատրաստ են ամէն ինչի, որպէսզի երեխան ուրախանայ, ժպտի, հանգիստ ու ապահով զգայ:

Լաւագոյնը ապահովելու ցանկութիւնը երբեմն ծնողները կը մղէ չափազանցելու եւ ի վնաս երեխային սխալներ գործելու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոյիշեալ 4 սխալները:

-1-

Սխալ խաղալիք

Խաղալիքները սովորաբար առաջին դարպասն են երեխաներուն համար` ուսումնասիրելու զիրենք շրջապատող աշխարհը, յատկապէս` նախադպրոցական տարիքին. իսկ երբ մենք երեխային կ՛առաջարկենք խաղալիքներ անբնական գոյներով եւ ելեկտրոնային հնչիւններով, անոնք երեխաներուն իրականութեան այլ պատկերացում կու տան: Աղմկարար, փայփլուն եւ այլանդակ խաղալիքները քանի մը վայրկեան կրնան հմայել եւ ուրախացնել երեխաները սակայն ստեղծագործական մտածողութեան, ինչպէս նաեւ բնաւորութեան ձեւաւորման վրայ անոնք ժխտական անդրադարձ կ՛ունենան:

Հետեւաբար խորհուրդ կը տրուի ընտրել բնական գոյներով եւ նիւթերով խաղալիքներ, ինչպիսիք են` փայտը, կտորը, ընտրել ուսուցողական եւ ոչ թէ ժամանակաւոր զուարճանք պատճառող խաղալիքներ:

-2-

Մանկական քայլակ

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ մանկական քայլակները եւ բարձրէն կախուած օրօրոցները աւելի վնաս կը պատճառեն, քան` օգուտ: Քանատայի մէջ արդէն այս երկուքն ալ արգիլուած են:

Քայլակներու անպատեհութիւնները շատ են` մկաններու անհաւասարաչափ ամրացում, ինքնուրոյն շարժողական հմտութիւններու զարգացման ուշացում, ողնաշարի կորութիւն եւ այլն…

Այս սխալը սահմանափակելու համար խորհուրդ կը տրուի օգտագործել այս գործիքները ծնողներու հսկողութեան տակ` օրական ոչ աւելի քան քառորդ ժամ: Երեխաներուն առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան` անոնց ժամանակաւոր զուարճանքը:

-3-

Պահածոյացուած հիւթեր

Երեխաները ուրախացանելու կամ վարձատրելու միտումով ծնողները յաճախ պահածոյացուած մրգահիւթեր կը գնեն` մոռնալով, որ անոնք նուազ կենսանիւթ եւ շատ շաքար կը պարունակեն, որուն պատճառով թէ՛ երեխային ակռաները կը վնասուին եւ թէ՛ գիրութեան դուռ կը բացուի:

Այս խնդիրներէն խուսափելու համար խորհուրդ կը տրուի պահածոյացուած հիւթերէն ամբողջովին հրաժարիլ եւ զանոնք փոխարինել թարմ մրգահիւթերով: Իսկ լաւագոյնը պիտի ըլլայ երեխան վարժեցնել թարմ պտուղներ ուտելու:

-4-

Տաք եւ մեծաքանակ հագուստ

Որոշ մայրեր կը կարծեն, որ երեխային բազմաշերտ հագուստներ կրելը զայն կը պաշտպանէ հիւանդութիւններէ եւ մրսածութենէ, բայց խորքին մէջ հակառակը տեղի կ՛ունենայ, պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր մարմնի մէջ ջերմակարգաւորում կոչուող գործընթաց գոյութիւն ունի, եւ այդ գործընթացը ունակ է յարմարելու շրջակայ միջավայրի տարբեր ջերմաստիճաններուն: Որքան փոքր է երեխան, այնքան տկար է անոր ջերմակարգաւորումը եւ հագուստով ծանրաբեռնուածութիւնը թոյլ չի տար մարմին պաշտպանական հակազդեցութիւններ զարգացնել` եղանակային փոփոխութիւններուն, ինչը կրնայ յանգեցնել մրսածութեան հետ կապուած հիւանդութիւններու եւ դիմադրողականութեան նուազումին:

Ընդհանուր առմամբ, խորհուրդ կը տրուի ընտրել բնական նիւթերէ պատրաստուած հագուստ, քանակը` չափաւոր, որպէսզի երեխան ազատ շարժի ու շնչէ:

Խոհագիր

Ընկոյզով Եւ Մեղրով
Պէօրեկ

Միայն 4 բաղադրիչներէ բաղկացած այս քաղցրեղէնը շատ տարածուած էր Զէյթունի մէջ: Համեղ, սննդարար եւ արագ պատրաստուող այս բաղադրատոմսը քիչերու ծանօթ է. կ՛արժէ զայն փորձել:

Բաղադրիչներ

– Մանրուած ընկոյզ
– Մեղր
– Լաւաշ (կամ լիբանանեան մարքուք հաց)
– Ընկոյզի մեծութեամբ կտոր մը կարագ

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ընկոյզն ու մեղրը (կարելի է փոշի կասիա ալ օգտագործել) եւ խառնուրդը տարածել հացին վրայ:

Հացին երկու ծայրերը փակելով, զայն ոլորել, տափակցել եւ երկու երեսով տապկել:

Մեր օրերուն նախընտրելի է օգտագործել ոչ կպչուն յատակով տապակ, բաւարարուիլ փոքրիկ կտոր մը կարագով եւ մատուցել, երբ հացին երկու երեսները ոսկեգոյն դառնան:

Հետաքրքրական

Հինէն ի վեր աւանդական խոհանոցի ճաշերուն «համ ու հոտ» եւ սննդառութիւն տուող իւղը կը փոխարինեն տարբեր տեսակի ձէթերը (ձիթապտուղի, արեւածաղիկի, կորեկի…), հունտերը կամ սերմերը (շուշմայ, կանեփ, արեւածաղիկի կամ դդումի կուտ…), ընկուզեղէնը (ընկոյզ, պիստակ, նուշ, կաղին…):

Որպէս հարուստ իւղատու բնամթերք` ընկոյզը իր իւրայատուկ տեղը ունի մեր առօրեային մէջ. հայերէնի բառապաշարին մէջ ընկոյզ բառի տարբեր անուանումներն ու արտայայտման նրբերանգները ենթադրել կու տան, որ տակաւին վաղնջական ժամանակներէն ընկոյզը տարածուած մթերք է մեր կենցաղին`, բժշկութեան ու սնունդին մէջ: Ի դէպ, անիկա կ՛օգտագործուի ե՛ւ կանաչ վիճակով ե՛ւ միջնապատերը ե՛ւ բուն միջուկը:

Ընկոյզի առկայութիւնը մեր ուտեստներուն մէջ այլազան է: Մարդիկ անտառներէն ու լեռներէն հաւաքելով ընկոյզը` մառանին մէջ ամբարած են ամբողջ տարուան օգտագործման համար:  Առօրեայ եւ պահքային ուտեստին մէջ օգտագործուած է որպէս իւղայնութիւն տուող մթերք, տօնական օրերու ճաշերուն ու քաղցրեղէններուն մէջ ընկոյզի առատութիւնը տան բերք ու բարիքի մասին կը վկայէ: Բազմաթիւ ու այլազան են հայկական խոհանոցի ընկոյզով պատրաստուող ուտեստները:

Ակնի մէջ նշանաւոր էր ընկոյզի հացը, Զէյթունի մէջ` մեղրով եւ ընկոյզով պէօրէկը, Տիգրանակերտի մէջ խարփուխաշը, Արցախի մէջ` ընկոյզով ծնեբեկը եւ այլն… Ինչ կը վերաբերի քաղցրեղէններուն, ինչպէ՞ս չյիշել` ընկոյզի եւ սմբուկի անուշները, թերթերուկները, գաթան, ակռահատիկը, շարոցը, որոնց հիմնական բաղադրիչը ընկոյզն է:

Աղբիւր`
ՏԱՏԻԿԻ ԽՈՀԱՆՈՑ

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ոչինչ չե՜մ ուզում այս տարեմուտից,
Ո՛չ գանձ, ո՛չ անուն, ո՛չ նոր բախտ ու սէր.
Հանէ՜ր այս տանջող խռովքն իմ սրտից,
Ինձ նորից կեանքի հիացքո՜վ լցնէր.
Դանդաղ նորոգուող իմ հին հաւատից
Երկու բեկո՜ր էլ իրար կպցնէր…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Նոր Տարուան Սեմին. Գէորգ Էմինի Մտորումները Նոր Տարուան Առիթով

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեզանից է կախուած, որ այս եկող տարին իսկապէս նոր լինի` նա նոր է լինում մեր նոր գործերով ու խոհերով, ծրագրերով ու երազներով: Մեզանից է կախուած, որ նա լաւ լինի, նա լաւ է լինում մեր լաւ ձգտումներով ու արարքներով:

Շնորհաւոր ձեր Նոր տարին, թէեւ, աւա՜ղ, այն նոյնպէս պանդխտութեան տարի է լինելու ձեզանից շատերու համար:

Ցանկանք, որ այս տարի իրար գտնեն հին եղեռնով ու երէկուան պատերազմով իրարից զատուած հարազատները, որոնց «փնտռում եմ հօրս, մօրս, քրոջս, եղբօրս…» համր ճիչերը լսւում են հայոց լրագրերի էջերից:

Որ, ինչքան կարելի է, պակասեն իրենց կոչման սկզբում օտար որոշիչ ունեցող հայերը` թրքահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ, արաբահայ, եւ ինչքան կարելի է, շատանան պարզապէս հայերը, իրենց հայրենիքում ապրող հայերը:

Որ հայերը ո՛չ միայն նայեն նոյն աստղերին եւ Վահագն աստծոյ նո՛յն Յարդագողի ճանապարհին, այլեւ կանգնած լինեն նո՛յն լեռների վրայ, նո՛յն դաշտերում, իրենց քրտինքը թափեն նո՛յն հողի վրայ…

Որ այսքան դարերի ու այսքան արհաւիրքների միջով անցած մեր պահպանիչը` մեր մայրենի լեզուն, տափաստանի վտակի պէս չկորչի ուծացման ամուլ աւազներում, այլ բոլոր գաղութներից գետերի պէս հոսելով ու կարկաչելով գայ, լցուի մեր մայրենի լեզուի Սեւանը:

Որ … բայց շատ չէ՞ այսքան գործ մի տարուայ համար, որն ընդամէնը 365 օր ունի…

Ուրեմն նորի՛ց լցնենք գաւաթները եւ հեռուից հեռու, մեր ձեռքերն իրար մեկնած, խփենք գաւաթի եւ հայկական քոնեաքով ու վիսքիով, ճինով ու սուլթան արաղով խմենք մեր բոլորի կենացը, այս Նո՛ր տարուայ կենացը…

Ցանկանք, որ այս տարի ով բաժան է` միանայ, ով անսէր է` սիրահարուի, ով հիւանդ է` առողջանայ, առողջները երջանի՜կ լինեն, եւ ով նուիրական իղձ ունի` կատարուի՜…

***

Թող մեր սիրելի բանաստեղծին բարեմաղթութիւնները ձեր տուներէն ներս մտնեն եւ հաւատքով ու բարութեամբ պարուրեն ձեր սիրտերը:

Այլազան

 Ֆրանսական Պակեթ Հացը ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ոչ Նիւթական
Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին Վրայ

Վերջերս ֆրանսական պակեթ հացը ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ: Պակեթը կարելի է անուանել Ֆրանսայի ոչ պաշտօնական խորհրդանիշը: Հացթուխներու եւ հրուշակագործներու տուեալներով, ֆրանսացիք օրական շուրջ 12 միլիոն պակեթ հաց կը գնեն:

Հետաքրքրական է, որ ամէն տարի Ֆրանսայի մէջ կը կազմակերպուի «Լաւագոյն պակեթ»-ի մրցոյթ, եւ յաղթող հացթուխը մէկ տարիով կը դառնայ Ֆրանսայի նախագահի նստավայրի` Էլիզէի պալատի մատակարարը:

***

Սելին Տիոնը Ջնջեր Է Համերգները

Քանատացի երգչուհի Սելին Տիոնը ջնջեր է Եւրոպայի իր փետրուարեան շրջագայութիւնը` առողջական խնդիրներու պատճառով:

Երգչուհին յայտարարած է, որ կը տառապի SPS կոչուած հազուադէպ նեարդային խանգարումէ: 54 տարեկան Տիոն աւելցուցած է, որ ունի ամէնօրեայ ցաւեր եւ պրկումներ, որոնց պատճառով կը դժուարանայ քալել կամ օգտագործել ձայնալարերը իրենց ամբողջ ներուժով:

SPS-ը անյայտ ծագումով հիւանդութիւն է, որ կ՛ազդէ նեարդային համակարգին վրայ, յատկապէս` ողնածուծին եւ ուղեղին վրայ: Հիւանդութիւնը վերջնական դարմանում չունի, սակայն Տիոն կը յուսայ, որ օր մը դարձեալ բեմ կը բարձրանայ` շնորհիւ զինք շրջապատող մասնագէտ բժիշկներու ջանքերուն:

Գիտէ՞ք, Թէ…

– Եթէ օրական մէկ վայրկեան ձեր դէմքը մարձէք բրինձի ջուրով, ձեր մաշկին գոյնը կը բացուի, որոշ արատներ կ՛անհետանան, եւ կնճիռները կը նուազին:

***

– Ալոէ վերայի մէկ տունկ առանձինը նոյն գործը կը կատարէ, որքան` 9 օդը զտող գործիք:

***

– Եթէ օրական 4 հատ նուշ ուտէք, կը նուազի գէշ քոլեսթերոլը, կը բարելաւուի մորթին եւ մազերուն որակը, եւ կը խթանուի ուղեղին աշխատանքը:

***

– Ննջարանին մէջ զետեղուած յասմիկի տունկ մը կը նուազեցնէ ընկճախտը, անձկութիւնը, անքնութիւնը: Յասմիկին բոյրը կը բարելաւէ տրամադրութիւնը եւ կը բարձրացնէ ուղեղին արդիւնաւէտութիւնը:

***

– Երբ գիշերը չէք քնանար, մարմնին դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ, ուղեղին աշխատանքը կը դանդաղի, եւ աւելի արագ կը ծերանաք:

***

– Եթէ օրական 10 վայրկեան չուան ցատկէք, ոչ միայն ճարպ եւ ջերմուժ կ՛այրէք, այլեւ կը բարելաւէք ուղեղին ու սրտին աշխատանքը, կը զօրացնէք կոնքին եւ սրունքին մկանները եւ ամենակարեւորը` կը բարձրացնէք ձեր տրամադրութիւնը:

Ձեռային Աշխատանք

Ինչպէ՞ս Ծրարել Ամանորեայ Նուէրները

Նուէրին իսկական նպատակը պէտք է ըլլայ զայն ստացողը ուրախացնել, զարմացնել… Նուէրը ինքնին անակնկալ է, բայց երբ անիկա գեղեցիկ ու հետաքրքրական ձեւով ծրարուած է, ստացողին յուզումները կը քառապատկուին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամանորեայ նուէրներու ծրարման հետաքրքրական տարբերակներ, որոնցմէ կարելի է ներշնչուիլ: Առաջարկուած ծրարումները ծախսալից կամ անիրագործելի չեն: Եթէ արագ աչք մը նետենք, կը նկատենք, որ օգտագործուած իրերուն մէկ կարեւոր մասը տունը ձեռքի տակ ունինք:

Խոհագիր

Տարեհաց

Տարեհացը հայկական ազգային հաց է, աւանդաբար կը թխուի Նոր տարուան կամ Սուրբ Ծնունդի նախօրէին: Անիկա ցորենի ալիւրով, կաթով եւ իւղով պատրաստուած կլոր կամ ձուաձեւ հաց է: Աւանդութեան համաձայն, զայն կը թխեն տան տարեց կիները: Տարեհացի թխումը մեծ արարողութիւն է, անոր մէջ կը դրուի «միջինք»` լուբիա, սիսեռ, փոքրիկ կորիզ կամ մետաղադրամ: Տարեհացի երեսը կը զարդարուի սերմերով եւ չիրերով, որոնք կը խորհրդանշեն ընթացիկ տարուան բերքին առատութիւնը:

Կաղանդի գիշերը տարեհացը կը կտրուի տան անդամներուն (երբեմն նոյնիսկ` անասուններուն) թիւով, որու որ բաժին կ՛իյնայ «միջինք»-ը, ապա տարին անոր կը բերէ երջանկութիւն, յաջողութիւն եւ հարստութիւն:

Բաղադրիչներ

– 1 գաւաթ գաղջ ջուր
– 1 գաւաթ ձէթ
– 1 գաւաթ շաքար
– 5 գաւաթ ալիւր
– 1/2 գաւաթ մանրուած չիրեր
– 1/2 գաւաթ ընկուզեղէն
– 1 թէյի դգալ սոտա
– 1 ապուրի դգալ քացախ
– Սեւգնդիկ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Ալիւրին խառնել շաքարն ու սոտան, վրան լեցնել քացախն ու ջուրը եւ շաղել:

Խմորին աւելցնել մանրուած չիրերն ու ընկուզեղէնը, ապա խմորը փոխադրել ալիւրոտուած կլոր ափսէի մը մէջ, մէջը խրել «միջինք»-ը, խմորին երեսը ափով ջուր քսել եւ ցանել սեւագնդիկը:

Թխել միջին ջերմաստիճանով` 35-40 վայրկեան:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գիտես ինչ, Հայաստան,
քեզ հետ մենք այնքան
երկար ենք ապրել,
որ մեր ծիծաղն ու լացը
դարձել է մօր-մանկան փոխյարաբերութիւն,
դարձել է զրոյց մի աւանդական,
աւելին.
մտերիմ մի խօսակցութիւն:
Գիտես ինչ, Հայաստան,
էլ ախ ու վախ չանենք,
մենք քո մէջ,
դու մեր մէջ
այնքան ենք փորփրել,
եւ մենք քո,
դու մեր
եղածն այնքան ենք
լոյս աշխարհ հանել,
որ արդէն գիտենք,
թէ որքան արժենք
եւ միմիանց գովելու
կամ հաճոյախօսութեան բնաւ հարկ չունենք:
Յետոյ, գիտես ինչ, Հայաստան,
դու մեր,
մենք քո համար
այնքան ենք տառապել,
որ հիւանդացել ենք միմիանց սիրուց
ու վաղուց, դեռ մանկուց
դարձել ենք հանրայայտ
ողջ աշխարհի մէջ:
Ի վերջոյ, գիտես ինչ, Հայաստան,
քո կլոր ու մեծ արեւով,
քո բիբլիական սարով
ու քո խորութեամբ
մեր աչքերի մէջ
այնպէս ես նկարուել,
որ աշխարհի ուզածդ անկիւնում անգամ
մեր ով լինելը,
թէ ուզենանք էլ`
չենք կարող ծրարել:

ՍԼԱՒԻԿ ՉԻԼՈՅԵԱՆ

 

 

 

Նոր Տարուան Սեմին. Աւետիք Իսահակեանի Ամանորի Բարեմաղթութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Նոր տարուան առիթով ցանկանում եմ, որ մեր զոհուած մարտիկների եւ կենդանի մնացածների արդար փափաքները` թշնամու ոչնչացումը արագ կատարուի:

Ցանկանում եմ մեր քաջարի զինուորներին աննկուն հաւատ եւ համոզմունք` վերջնական յաղթանակի հանդէպ:

Բարեմաղթում եմ աւելի տոկունութիւն, կորով եւ խիզախութիւն: Համոզուած ենք, որ շուտով մեր հերոսական եղբայրների արիւնով ազատագրուած հողերի վրայ նորից կը ծաւալուի ընդհատուած խաղաղ եւ ստեղծագործ աշխատանքը»:

1942, յունուար 1, Երեւան

Նշենք, որ մեծ բանաստեղծը Ամանորը կը համարէր զուտ ընտանեկան տօն, զոր կը դիմաւորէր կնոջն ու զաւակներուն հետ: Իսկ յունուար 1-ին Վարպետին կ՛այցելէին` վեհափառը, Մարտիրոս Սարեանը, Սերօ Խանզադեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը…

Տրուած ըլլալով, որ բանաստեղծը ուշ կ՛արթննար, հիւրերը յետմիջօրէն կ՛այցելէին իրեն: Իսկ յունուար 2-ին անպայման կ՛այցելէր Յովհաննէս Թումանեանին. շատ կը սիրէր անոնց տանը պատրաստուած վրացական սացիւին:

Իսահակեանի համար յատկապէս նշանակալից էր 1955-ի ամանորը, այդ տարի իրեն այցելութեան եկան աքսորէն նոր վերադարձած Ալազանը, Գ. Մահարին, Վ. Նովենցը եւ Մ. Կարունցը:

Ամանորը իսկական ու մեծ տօն էր բանաստեղծին համար: Ան երբեք ամանորեայ գիշերը տունէն դուրս չէր գար: Իսկ Սուրբ Ծնունդի գիշերը կ՛այցելէր Էջմիածին ու կը հանդիպէր ժողովուրդին:

Առողջապահական

5 Խորհուրդ`
Կրիփէն Պաշտպանուելու Համար

 

Կրիփի ախտանիշներն են` բարձր ջերմութիւնը, դողը, չոր հազը, մկանային ցաւերը, գլխացաւը, յոգնածութիւնը, կոկորդի ցաւը եւ քթահոսութիւնը: Եթէ դուք այս աշխանշանները ունիք, պէտք է կապուիք ձեր բժիշկին հետ` պատշաճ բուժման համար: Կարեւոր է նաեւ տունը մնալ ու հանգստանալ` հիւանդութիւնը ուրիշներուն չփոխանցելու համար կ՛ըսէ «Լաւագոյն դեղամիջոցը դուն ես» գիրքի հեղինակ տոքթ. Սալտման:

Սալտմանի կարծիքով, կրիփի տեւողութիւնը անձէ անձ կը տարբերի, սակայն ընդհանուր առմամբ ախտանշանները կը տեւեն մօտ մէկէն երկու շաբաթ: Ջերմութիւնը եւ այլ ախտանիշներ հակուած են անհետանալու քանի մը օրէն, բայց յոգնածութիւնն ու հազը կրնան աւելի երկար տեւել:

Տոքթ. Սալտմանի 5 խորհուրդները` կրիփէն պաշտպանուելու համար

1.- Լուացէ՛ք ձեր ձեռքերը:

«Մանրէները 24 ժամ ներկայ են հիւանդ մարդոցմով վարակուած մակերեսներուն վրայ» կ՛ըսէ տոքթ. Սալտման` օրինակ բերելով դրան բռնակը, բազրիքը, հեռախօսի ընկալուչը, վերելակի կոճակները եւ այլն… Մէկ օրուան ընթացքին մենք հազար առիթ ունինք դիպչելու այս առարկաներուն, եւ քանի որ մէկ ժամուան ընթացքին առնուազն երկու անգամ ձեր ձեռքերը բերան կը տանիք, երկար ժամանակի կարիք չկայ, որ կրիփէ վարակուիք: Հետեւաբար անհրաժեշտ է յաճախ ձեռքերը լուալ օճառով:

2.- Շրջեցէ՛ք ձեր գլուխը:

Մարդաշատ, խճողուած վայրերուն մէջ ձեր գլուխը շրջելու ռեֆլեքս ունեցէք, որպէսզի դէմ առ դէմ շփումները նուազագոյնի իջնեն` եթէ ձեր մօտ կը հազան կամ կը փռնգտան եւ դուք դէմ առ դէմ կեցած էք, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ անմիջապէս կրիփէ վարակուիք:

3.- Խուսափեցէ՛ք ձեռք սեղմելէ:

Հիւանդութեան սկիզբը մարդիկ տակաւին չեն դրսեւորեր ախտանշաններ, բայց արդէն վարակակիր են: Հետեւաբար նախընտրելի է ամէն գնով խուսափիլ ձեռք սեղմելէ, համբուրուելէ եւ բաւարարուիլ ձեռքի շարժումով մը:

4.- Ձեր անձնական իրերը փոխ մի՛ տաք:

Մի՛ խմէք ուրիշին բաժակէն, մի՛ օգտագործէք ուրիշին պատառաքաղը: Ձեր անձեռոցը, մազի խոզանակը, ձեռնոցը, վզկապը եւ այլ իրեր ուրիշին փոխ մի՛ տաք: Նոյնն է պարագան շպարի իրերուն, յատկապէս` շրթներկին:

5.- Տէ. կենսանիւթ օգտագործեցէք:

Տէ. կենսանիւթը դիմադրողականութեան համակարգի լաւագոյն պահպանիչն է, իսկ ձմրան եղանակին մարդոց երկու երրորդը այս կարեւոր կենսանիւթին պակասը ունի: Ձեր բժիշկին հաւանութեամբ Տէ. կենսանիւթ օգտագործեցէք:

Գործնական Գիտելիքներ

Եթէ ձեր սփռոցին վրայ գինի թափեցաւ, անմիջապէս արատին վրայ առատ աղ ցանեցէք, սպասեցէք, որ բիծը ներծծուի, այնուհետեւ լուացէք սովորական ձեւով:

***

Եթէ կոկորդի ցաւէ կը տառապիք, բաժակ մը գաղջ ջուրի մէջ 1 թէյի դգալ աղ լուծեցէք, ապա ողողեցէք ձեր բերանն ու կոկորդը:

***

Եթէ ձեր արդուկին ներբանը այս կամ այն պատճառով աղտոտած է, կտորի մը վրայ աղ ցանեցէք եւ արդուկեցէք կտորը: Աղտերը բնականաբար կը կպչին աղին: Յաւելեալ արդիւնաւէտութեան համար օգտագործեցէք խոշոր հատիկներով աղը:

***

Եթէ ձեր վարագոյրներուն, տաբատներուն կամ բրդեղէններուն գոյնը խամրած է, աղը կը վերականգնէ անոնց գոյնն ու փայլքը:

Հետեւաբար գունաթափուած կտորը մէկ ժամ թրջեցէք աղի ջուրի խառնուրդի մէջ նախքան զայն ձեռքով կամ մեքենայով լուալը:

***

Եթէ կ՛ուզէք ձեր ծաղկամանի ծաղիկներուն կեանքը երկարել, անոնց ցօղուններէն պզտիկ բաժին մը կտրեցէք, ապա զանոնք փոխադրեցէք ծաղկամանին մէջ, ջուրին մէջ ապուրի դգալ մը քարաղ լուծելէ ետք:

***

Եթէ կ՛ուզէք ձեր տան գորգերը մաքրել ու հականեխել նախ փոշեկուլով մաքրեցէք զանոնք, ապա երեսին հաւասար չափաբաժիններով աղ եւ սոտա ցանեցէք, սպասեցէք կէս ժամ ու փոշեկուլով կրկին մաքրեցէք:

***

Եթէ ձեր արծաթեայ, պրոնզեայ կամ պղնձեայ իրերը կորսնցուցած են իրենց փայլքը, զանոնք շփեցէք հաւասար չափաբաժիններով պատրաստուած աղի, ալիւրի եւ քացախի խառնուրդով: Նոյնքան արդիւնաւէտ է նաեւ կիտրոնի եւ աղի համադրումը:

***

Եթէ կը փափաքիք սպիտակ ակռաներ ունենալ, զանոնք շաբաթը 2-3 անգամ խոզանակեցէք աղով: Ընտրեցէք որակաւոր աղ, ձեր խոնաւ ակռայի խոզանակը թաթխեցէք աղին մէջ ու խոզանակեցէք: Յիշեցէք, որ աղը նաեւ ունի հականեխիչ յատկութիւններ:

Ձեռային Աշխատանք

 Երբեք Ուշ Չէ

 Եթէ ձեռային աշխատանքի սիրահար էք, ունիք համբերութիւն եւ արուեստագէտի խառնուածք, ապա երբեք ուշ չէ, որ ձեր տան մէկ անկիւնը զարդարէք սովորական թաղարներով պատրաստուած գեղեցիկ ամանորեայ յարդարանքներով:

Ստորեւ ներկայացուած նմուշներուն մեծ մասը արագ պատրաստուող, ոչ ծախսալից, բայց միեւնոյն ատեն շատ սիրուն ու գրաւիչ են: Ընտրեցէք ձեր սրտին խօսող տարբերակը եւ, ինչո՞ւ չէ, դիմեցէք ձեր երեխաներուն օգնութեան` միասնաբար իրականացնելու համար զայն:

Չմոռնաք, որ ձեռային աշխատանքը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կ՛աշխուժացնէ ստեղծագործական միտքը, կը խթանէ ինքնավստահութիւնը, կը զարգացնէ համբերութիւնը, կը բարձրացնէ ինքնագնահատականը ու մեզ կը շեղէ սեւ միտքերէն եւ առհասարակ` մտահոգութիւններէն, որոնք անպակաս են այս օրերուն…

Խոհագիր

Գարեջուրով Հաւ

Թէեւ ոչ հայկական, սակայն սովորութիւն է ամանորին հնդկահաւ պատրաստել ու մատուցել` իբրեւ գլխաւոր ուտեստ:

Բայց ինչո՞ւ հնդկահաւը չփոխարինել հաւով… Վերջինս ոչ միայն աւելի խնայողական է, այլ նաեւ աւելի դիւրին եւ արագ պատրաստուող, իսկ միսը` աւելի հիւթալի եւ փափուկ: Կ՛արժէ փորձել:

Բաղադրիչներ

– Շուրջ 2,5 քիլօ կշռող հաւ մը
– Կէս լիթր գարեջուր
– 3-4 հատ թթու խնձոր
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Հաւը մէջէն եւ դուրսէն համեմել աղով եւ սեւ պղպեղով:

Մաքրուած եւ չորսի կիսուած խնձորները տեղաւորել հաւուն փորին մէջ:

Լեցուած հաւը փորով դէպի վեր դնել փուռ գացող խորունկ ափսէի մը մէջ, աւելցնել գարեջուրը եւ 180 ջերմաստիճանով 1 ժամ եփել: Յետոյ հաւուն դիրքը փոխել եւ կէս ժամ եւս եփել, մինչեւ որ հաւը ամէն կողմէ հաւասարաչափ կարմրի:

Գարեջուրը հաւուն ոչ միայն հիանալի համ պիտի տայ, այլ նաեւ զայն շատ փափուկ պիտի պահէ ներսէն եւ լաւ կարմրած ու խրթխրթան` դուրսէն:

*
* * *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Արցախ

Թէ ցաւիդ հասու չլինեմ,
Բալասան չդառնամ վէրքիդ,
Ինչքան էլ անունդ հոլովեմ,
Չեմ դառնայ կարօտը երգիդ:
Թէ կանչիդ հասու չլինեմ,
Զինուորդ չդառնամ արժանի,
Ասել է` մենակ եմ թողել քեզ,
Մենակ եմ թողել` սահմանիդ:
Թէ ջանքիդ հասու չլինեմ,
Չդառնամ հնձուորը արտիդ,
Ինչքան էլ ցորենդ երգեմ,
Չեմ դառնայ ցորենը փառքիդ:
Թէ ձմրանդ հասու չլինեմ,
Ծխանիդ ծուխը չդառնամ,
Ո՛չ գարնան բուրմունքդ կը լինեմ,
Ո՛չ շոգը` բարեբեր ամրան:
Առանց ինձ աշունդ կը ծփայ,
Մառանդ կը լցուի առանց ինձ,
Պատմութեան էջերդ կը լցուեն,
Անունդ կը հնչի առանց ինձ
Բայց հոգուս մի խոր ցաւ կը չոքի,
Որ կեանքում չդարձայ քո որդին:

ՍՈԿՐԱՏ ԽԱՆԵԱՆ

Գեղեցկագիտական. Ճափոնական Ծեփուկ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ճափոնական այս բաղադրատոմսը կը դանդաղեցնէ կնճիռներու յայտնութիւնը, թարմութիւն եւ երիտասարդ տեսք կու տայ մորթին:

Պատահական չէ, որ բրինձը ճափոնական սննդակարգի անբաժան մէկ մասնիկն է: Անիկա հարուստ է Պէ. կենսանիւթով, որ կը նպաստէ արեան շրջագայութեան, բջիջներու վերականգնման եւ աճին` կանխարգիլելով վաղաժամ ծերութիւնը:

Ճափոնական այս ծեփուկի օգտագործումէն ետք դէմքիդ մորթը կը դառնայ աւելի բաց գոյնի, փափուկ եւ թաւշեայ:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են`

– 2 – 3 ապուրի դգալ բրինձ
– 1 ապուրի դգալ տաք կաթ
– 1 ապուրի դգալ մեղր

Առաջին հերթին եփել բրինձը մինչեւ փափկանալը, ապա պաղ ջուրի տակ բռնել եւ քամոցի մէջ փոխադրել: Ցամքած բրինձին աւելցնել կաթն ու մեղրը եւ լաւ խառնել:

Ծեփուկը քսելէ առաջ դէմքը լուալ, ցամքեցնել, տարածել խիւսը, սպասել քառորդ ժամ, ապա դէմքը լուալ բրինձին եփի ջուրով. վերջինս իր կարգին հարուստ է սնուցիչ նիւթերով եւ անթիօքսիտաններով:

Գիտէ՞ք, Թէ

Կանաչ սոխը կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը, կը նուազեցնէ արեան գերճնշումն ու գէշ քոլեսթերոլը, կը դադրեցնէ փորհարութիւնը եւ կ՛արգիլէ յամրաղիի մէջ քաղցկեղային բջիջներու աճը:

***

Առողջ եւ փարթամ մազեր ունենալու համար պէտք է, որ ճաշացուցակէն անպակաս ըլլան` իւղոտ ձուկերը, հաւկիթը, շոմինը, ընկուզեղէնը, աւոքատոն, քաղցր պղպեղները, մսեղէնն ու հաւեղէնը եւ քաղցր գետնախնձորը:

***

Մնայուն յոգնածութիւնը կը յուշէ Տէ. կենսանիւթի պակասը, մկանային պրկումները` կիրի եւ մակնեզիոմի պակասը, մորթին կարծրացումը` զինկի եւ Ա. կենսանիւթի պակասը, եղունգներուն վրայ սպիտակ բիծերը` զինկի եւ այլ հանքայիններու պակասը եւ, վերջապէս, մորթին վրայ կապտուկները` Սէ. կենսանիւթի պակասը: Անշուշտ ասոնք թէեւ գիտականօրէն փաստուած են, սակայն միակ պատճառները չեն:

***

Օրական 1 հաւկիթ ուտելը կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը, կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը, կ՛ամրացնէ ոսկորները, կը պաշտպանէ աչքերը, կը նուազեցնէ որոշ քաղցկեղներու (յատկապէս ստինքի) հաւանականութիւնը:

***

Օրական մէկ-երկու հատ մեխակի գամ ծամելով կամ ծծելով` կը ձերբազատիք բերնի գարշահոտութենէն, լինտերու բորբոքումէ եւ ակռաներու փտածութենէ: Մեխակի գամը նաեւ կը սպաննէ բերնին մէջի մանրէները:

***

Պաղ ջուրով լոգանքը կը զօրացնէ դիմադրականութիւնը, կը պրկէ մորթը, կը խթանէ ուշադրութիւնը, կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը եւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը: Իսկ տաք ջուրով լոգանքը կը թուլացնէ մկանները, կը թեթեւցնէ գլխացաւն ու յոգնածութիւնը եւ կը ձերբազատէ լարուածութենէ:

***

Կանաչ սնունդը (շոմին, պրոքոլի, քուի, կաղամբ…) կը զօրացնէ տեսողութիւնը, աչքերը կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած հիւանդութիւններէ եւ կ՛ամրացնէ ոսկորները:

Կարմիր սնունդը (լոլիկ, ելակ, նուռ, պղպեղ, կեռաս…) կը պաշտպանէ սիրտը եւ կը նուազեցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը:

Նարնջագոյն ուտեստը (ստեպղին, նարինջ, ծիրան…) կը զօրացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը եւ կ՛ապահովէ աչքերուն առողջութիւնը:

5 Հարց, Որ Պէտք Է Մենք Մեզի Տանք,
Նախքան Որեւէ Բան Թափելը

Բոլորս ալ կը փափաքինք տան մէջ յաւելեալ սենեակ մը ունենալ ու չձերբազատիլ մեզ շրջապատող կարգ մը իրերէն, որոնք, գործնականէն աւելի, զգացական արժէք ունին:

Մեզ շրջապատող առարկաները մեր կեանքի մէկ մասնիկն են, զանոնք թափելը կամ ուրիշին տալը կը նշանակէ բաժնուիլ մեր մէկ մասնիկէն, հրաժարիլ այդ իրերուն հետ կապուած յիշատակներէն…

Հարցը այն է, որ մենք շատ յաճախ սխալ հարցեր կու տանք մենք մեզի, եւ երբ կ՛ուզենք ձերբազատիլ կարգ մը ոչ պիտանի իրերէ, կ՛անճրկինք եւ եզրակացութեան մը չենք յանգիր:

Եւ այսպէս, ահա 5 լաւ հարցեր, որոնք պէտք է ուղղենք մենք մեզի, որպէսզի դիւրացնենք մեր աշխատանքը եւ կարենանք առանց ափսոսանքի ուրիշին տալ կամ թափել աւելորդ իրերը:

1.- Արդեօք ես այսօր կը գնէի՞ այս բանը, եթէ անիկա սուղ արժէր: Եթէ պատասխանս ոչ է, ապա ուրեմն այս բանը այդքան ալ կարեւոր չէ եւ ժամանակն է, որ ձերբազատիմ անկէ:

***

2.- Այս բանի բացակայութիւնը կ՛ազդէ իմ կեանքիս վրայ: Ասիկա կը վերաբերի ընտանիքէն ժառանգած իրերու կամ խոհանոցային պարագաներու: Եթէ պատասխանս ոչ է, ապա ուրեմն կարելի է հրաժարիլ անկէ:

***

3.- Արդեօք այս իրը կ՛արդարացնէ՞ այն տարածքը, որ կը զբաղեցնէ տանս մէջ: Եթէ պատասխանս ոչ է, ուրեմն ժամանակն է, որ բաժնուիմ անկէ:

***

4.- Արդեօք ես կարիքը ունի՞մ նոյն այս բանէն քանի մը հատ ունենալու, թէ՞ կրնամ մէկ հատով բաւարարուիլ: Եթէ պատասխանս ոչ է, եւ մէկ կամ երկու հատը բաւարար չէ, ուրեմն պէտք է պահեմ զանոնք:

***

5.- Արդեօ՞ք այս բանը ուրիշին աւելի օգտակար կ՛ըլլայ, քան ինծի… Եթէ պատասխանս այո է, ուրեմն կրնամ հրաժարիլ անկէ եւ տալ ուրիշին:

Տունը մաքրելու, կոկելու ատեն յիշենք այս 5 հարցերը, անոնք կ՛օգնեն մեզի` կազմակերպուելու եւ եզրակացութիւններ տալու:

Նորաձեւութիւն

 2023-Ի Նորաձեւ Զարդերը

Նորաձեւութեան մէջ աքսեսուարները կարեւոր տարրեր են վերջնական եւ անհատականացուած տեսք մը տալու համար: Կօշիկները, պայուսակները, գօտիները, գլխարկներն ու զարդերը ոչ միայն շունչ կը հաղորդեն ձեր հագուստներուն, այլեւ կ՛արտացոլացնեն ձեր անհատականութիւնը: Ինչպէս հագուստները, նոյնպէս ալ աքսեսուարները քանի մը եղանակի կեանք ունին հազիւ, բայց երբեք չձերբազատիք անոնցմէ, քանի որ կու գայ օրը, երբ անոնք կրկին նորաձեւ կը դառնան:

Ինչ կը վերաբերի 2023-ի նորաձեւ զարդեղէններուն, նկատի առէք հետեւեալ կէտերը.

– Մարգարտեայ զարդերու վերադարձ

Ատենէ մը ի վեր մարգարտեայ զարդերը նորաձեւ չեն համարուիր: Գօգօ Շանել մեծ կարեւորութիւն կու տար այս ծովային զարդին: Այս եղանակին Ճիորճիօ Արմանի եւ Ժիվանշի նորաձեւութեան տուները փառատօներու ժամանակ իրենց մանըքեններուն ականջները զարդարած էին մեծ չափի մարգարտեայ ականջաօղերով, իսկ ձեռքերը` հսկայական մատանիներով:

– Մեծ մատանիներ

Նորաձեւ են նաեւ մեծ, վառ գոյնի քարերով մատանիները, որոնք սովորաբար պէտք է կրել աջ ձեռքի ցուցամատին կամ մատնեմատին: Այնուամենայնիւ, պայման չէ, որ քարերը թանկարժէք ըլլան, կարեւորը մեծ չափի ըլլալն է:

– Ծաղկային մոթիֆներ

2023-ի զարդերը կը յատկանշուին ծաղկային մոթիֆներով: Վզնոցները, ականջօղերը, ապարանջանները` բոլորն ալ զարդարուած պիտի ըլլան մեծ ու փոքր ծաղիկներով:

– Շատ երկար ականջօղեր

Մեծ մարգարիտներուն զուգահեռ, ի յայտ եկած են նաեւ երկար ականջօղերը. այնքան երկար, որ մինչեւ ուսերը կը հասնին: Նենսի Տոժաքա եւ Լուի Վուիթոն կ՛առաջարկեն թէ՛ շատ բարակ շղթայ-ականջօղեր, թէ) բազմագոյն, մեծ քարերով տարբերակներ:

– Վիզին չափով կարճ մանեակներ

Այս ձեւի մանեակները արդէն վերջին տարիներուն բաւական նորաձեւ էին, անոնք այս տարի եւս պիտի գոյատեւեն: Նորաձեւութեան փառատօներուն այս ոճի մանեակները յաճախ զարդարեցին ծանօթ ոճաբաններու մանըքեններուն վիզերը:

Խոհագիր

Անուշապուր

Զուտ հայկական քաղցրաւենի անուշապուրը կը համարուի Ամանորի սեղանի եօթը պարտադիր ուտեստներէն մէկը: Անցեալին անիկա կը զարդարէր ամանորեայ եւ Սուրբ Ծնունդի սեղանները` խորհրդանշելով Նոր տարուան բարի սկիզբը:

Բաղադրիչներ

– Կէս քիլօ կորկոտ կամ ցորեն
– Կէս գաւաթ զանազան չիրեր (չամիչ, սալոր, ծիրան…)
– Մէկ գաւաթ ընկուզեղէն (ընկոյզ, կաղին, նուշ…)
– Կէս գաւաթ մեղր
– Մէկ թէյի դգալ փոշի կասիա
– Ջուր` եփելու համար
– Նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Ցորենը խաշել մինչեւ փափկանալը: Աւելցնել չիրերն ու ընկուզեղէնը եւ եփել թեթեւ կրակի վրայ:

Կրակը անջատելէ ետք գաղջ խառնուրդին աւելցնել մեղրն ու կասիան:

Մատուցելու ժամանակ երեսը զարդարել չիրերով, ընկուզեղէնով եւ նուռի հատիկներով:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Տաղ Ծննդեան

 Այսօր տօն է սուրբ ծնընդեան, աւետիս.
Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս:
Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս.
Երեւցաւ` ի մէջ մարդկան, աւետիս:
Այսօր սուրբ կոյսն անապական, աւետիս.
Ծնաւ եբեր զանմահ արքայն, աւետիս:
Այսօր հրեշտակք յերկնից իջան, աւետիս.
Ընդ մեզ օրհնեն զանմահ արքայն, աւետիս:
Այսօր դժոխքըն սարսեցան- աւետիս:
Գունդք դիւաց յոյժ տրտմեցան, աւետիս:
Այսօր չարքն կարկեցան, աւետիս.
Եւ ադամեանքն ուրախացան, աւետիս:
Զաստղն տեսին եւ զարմացան, աւետիս.
Աստղ մի պայծառ եւ պատուական, աւետիս.
Ապա սիրով արձակեցան, աւետիս.
Ի Բեթղեհէմ ելեալ գնացին, աւետիս:
Մեծ թագաւորք ժողովեցան, աւետիս.
Յոյլով դպիրք եւ շատ իշխանք, աւետիս:
Ահա՛ երեք արքայ եկին, աւետիս.
Որ երեքեանըս անուանին՛ աւետիս:
Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար, աւետիս.
Որք ի Սաբայ եւ յԱրաբայ, աւետիս:
Ոսկի` կնդրուկ զըմուռս նմա, աւետիս.
Ունին երեք ազնիւ ընծայ, աւետիս:

Սուրբ Ծննդեան այս գեղեցիկ տաղը յօրինուած է 18-րդ դարուն: Բազմաձայն մշակումը կատարած է Կոմիտաս վարդապետը եւ կ՛երգուի Ս. Ծնունդի տօնին:

Հետաքրքրական. Ժողովրդային 4 Նախապաշարումներ Եւ Անոնց Ծագումը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երկրագունդի բնակչութեան մէկ քառորդը սնահաւատ է: Շատեր սնահաւատութիւնը կը վերագրեն տգիտութեան. այս վարկածը այդքան ալ ճիշդ չէ, քանի որ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ նախապաշարուած կրնան ըլլալ հարուստ թէ աղքատ, տգէտ թէ զարգացած, հաւատացեալ թէ անհաւատ մարդիկ:

Նախապաշարումներու շարքը շատ երկար է, ծանօթանանք անոնցմէ մէկ քանիին եւ իմանանք, թէ անոնք ինչպէ՞ս ծագում առած են:

Տախտակին դպչիլ

Նախապաշարուած անձերու մէկ կարեւոր տոկոսը տախտակին կը դիպչի կամ «կը զարնէ» չարը վանելու համար:

Ոմանց կարծիքով, այս սովորութիւնը մեզի հասած է եգիպտացիներէն, համոզուած ըլլալով, որ փայտը օգտակար մագնիսականութիւն կը տարածէ իր շուրջ: Ուրիշներ կը կարծեն, թէ այս սովորութիւնը եկած է պարսիկներէն. անոնք փայտին կը դիպչէին, որպէսզի իրենք զիրենք կրակի աստուծոյ` Աթարի պաշտպանութեան ներքոյ դնեն:

Միջնադարուն քրիստոնեաները եւս փայտին կը դիպչէին` ուղղակիօրէն յիշատակելով Քրիստոսը, որ ինքզինք զոհաբերեց փայտէ խաչի վրայ:

Հայելի կոտրելու վախը

Յոյները եւ հրոմէացիները համոզուած էին, որ հայելի կոտրելը 7 տարուան վատ բախտի ցուցիչ է: Հետեւաբար կը զգուշանային կոտրած հայելիներէն:

Այս համոզումը մեծ տարածում գտաւ 16-րդ դարուն, երբ յայտնուեցան առաջին իրական հայելիները` պատրաստուած ապակիէ եւ ծածկուած թիթեղի կամ սնդիկի շերտով. անոնք շատ սուղ կ՛արժէին: Եօթ տարի անիծուելու սպառնալիքն ու սարսափը ծառաներուն կը ստիպէր առաւելագոյն խնամքով վարուիլ այդ թանկարժէք հայելիներուն հետ:

Բաց հովանոցը տան մէջ

Շատեր կը զգուշանան տան մէջ հովանոց բանալէ: Անոնց կարծիքով, տան մէջ հովանոց բանալը դժբախտութիւն կը բերէ:

Բայց ուրկէ՞ եկած է այս սնահաւատութիւնը… Դար մը առաջ հարուստներուն վերապահուած այս աքսեսուարը ունէր պողպատեայ շրջանակ մը, որ յաճախ դժուար կը բացուէր. հետեւաբար տան երեխաները կրնային ցաւցնել իրենց մատները, կամ վիրաւորել աչքը: Արկածները կանխելու այս մտահոգութենէն մեկնելով` շատեր հովանոցը կը բանային տունէն դուրս:

13 թուանշանէն խուսափում

13 թուանշանէն վախը գրեթէ համընդհանուր է: Այս վախը ծնունդ առած է Սկանտինաւիայէն` նախաքրիստոնէական դարաշրջանին, երբ դիցաբանութիւնը այս թիւը նոյնացուցած էր պատերազմի եւ չարիքի աստուծոյ Լոդիի հետ: Աւելի ուշ, երբ Յիսուս իր վերջին ընթրիքը ըրաւ իր առաքեալներուն հետ, սեղանին շուրջ 13 հոգի էին. իսկ թէ ինչպէ՛ս աւարտեցաւ պատմութիւնը, մենք շատ լաւ գիտենք:

Իսկ նախապաշարուած անձերուն մօտ 13 թուանշանին եւ ուրբաթ օրուան «սարսափելի կապը» կը բացատրուի անով, որ միջնադարուն հրապարակային մահապատիժները կը գործադրուէին ուրբաթ օրերուն: Հաւանաբար իմացած էք, որ շատ մը քաղաքներու մէջ 13 թիւով փողոցներ չկան, նմանապէս 13-րդ շարքը գոյութիւն չունի կարգ մը ընկերութիւններու օդանաւերուն մէջ, ներառեալ` «Էր Ֆրանս»-ի:

Սուրճին Չորս Ամենաօգտակար
Յատկութիւնները

Սուրճին օգուտներուն եւ վնասներուն մասին վէճերը կը շարունակուին, սակայն տարբեր երկիրներու գիտնականներու բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ սուրճը այնուամենայնիւ օգտակար ըմպելիք է:

Գիտնականները կը հաւաստեն, որ օգտակար ըլլալու համար սուրճը պէտք է ըլլայ միայն բնական եւ երբեք չչարաշահուի:

Գիտնականներու խօսքով, քաֆէինի օրական թոյլատրելի չափաբաժինը 300-500 մկ է, մինչդեռ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ մէկ գաւաթ սուրճը շուրջ 100 մկ կը պարունակէ: Հետեւաբար սուրճի օրական թոյլատրելի քանակը, որ մարմնին չի վնասեր, 3 գաւաթն է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սուրճին 4 ամենակարեւոր յատկութիւնները.

1.- Սուրճը կը նպաստէ լեարդի վերականգնման` ազդելով որպէս հակաօքսիտան ու լեղամուղ միջոց: Քաֆէինը նաեւ կը նուազեցնէ լեարդաբորբի եւ լեարդի այլ հիւանդութիւններու յառաջացման նպաստող ամինաթթուներու քանակը:

2.- Գիտափորձերը ցոյց տուած են, որ սուրճը դրական ազդեցութիւն ունի յիշողութեան իւրայատուկ մէկ տեսակին վրայ, որ կ՛օգնէ աւելի յստակ մտաբերել տեղեկութիւնները:

Գիտնականները պարզած են նաեւ, որ օրական 3 գաւաթ սուրճը 65 տոկոսով կը նուազեցնէ Ալցայմըր հիւանդութեան յառաջացման հաւանականութիւնը:

3.- Որոշ գիտնականներ կը պնդեն, որ օրական 2-3 գաւաթ բնական սուրճը հիանալի կանխարգելիչ միջոց է 2-րդ տիպի շաքարախտին դէմ:

4.- Քաֆէինի չափաւոր քանակը կը խթանէ նիւթափոխանակութիւնը` նպաստելով աւելորդ քիլոներու նուազեցման: Քաֆէինը նաեւ կը կարգաւորէ  լեփթինի` ճարպաշերտերու պատասխանատու հորմոնի մակարդակը:

Այս հորմոնի մակարդակին բարձրացումը կը պակսեցնէ ուտելու ցանկութիւնը:

Գիտէի՞ք, թէ…

– Առաջին սուրճ յայտնաբերողները եղած են այծերը: Այո՛, Եթովպիոյ մէջ հովիւ մը նկատած է սուրճին կազդուրիչ ազդեցութիւնը իր այծերու հօտին վրայ: Եթովպիան կը համարուի սուրճի ծննդավայրը:

– Սուրճի համաշխարհային արտադրութեան աւելի քան 40 առ հարիւրը Պրազիլը կ՛արտադրէ, որուն կը յաջորդեն` Վիեթնամը, Ինտոնեզիան, Քոլոմպիան եւ Եթովպիան:

– Հակառակ իր առաւելութիւններուն` սուրճը կրնայ մահացու ըլլալ, եթէ տուեալ անձը 80-100 գաւաթ անընդհատ սուրճ խմէ:

– Սուրճը առաջին անգամ յայտնուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ` Եթովպիայէն ճամբայ ելլելով դէպի Եմէն, Արաբական թերակղզի, յետոյ նաեւ` Պարսկաստան, Եգիպտոս, Սուրիա եւ Թուրքիա:

Նորաձեւութիւն

 2023 Տարուան Նորաձեւութենէն
Պատառիկներ

2022 թուականի աշնան աշխարհի նորաձեւութեան մայրաքաղաքներուն` Փարիզի, Միլանոյի, Նիւ Եորքի եւ Լոնտոնի մէջ կայացան յայտնի ոճաբաններու նորաձեւութեան փառատօները, որոնց ընթացքին աշխարհին ներկայացուեցան 2023 թուականի նորաձեւութեան գլխաւոր կէտերը: Ծանօթանանք մէկ քանիին:

Կաշի

Լուի Վուիթոն նորաձեւութեան տունը իր հաւաքածոներուն մէջ լայն տեղ տուած է կաշի կիսաշրջազգեստներուն, տաբատներուն եւ վերարկուներուն: Կաշին առկայ է նաեւ այլ յայտնի ոճաբաններու հաւաքածոներուն մէջ:

Կիսաթափանց Կտորներ

Կիսաթափանց կտորները կրկին նորաձեւ են, անոնք յայտնուեցան Միու-Միու, Փրատա եւ այլ յայտնի ապրանքանիշներու հաւաքածոներուն մէջ: Յատկապէս գրաւիչ են կիսաթափանց գործուածքով զգեստներն ու կիսաշրջազգեստները:

Ժանեակ

Տոլչէ է Կապանայի եւ Քրիսթիան Տիորի հաւաքածոները կը հաստատեն ժանեակի վերադարձը թէ՛ ցերեկային եւ թէ՛ գիշերային առիթներու պարագային:

Ճինզ

Գրեթէ բոլոր նորաձեւութեան փառատօներուն մէջ ճինզը ներկայ էր. ան, ըստ երեւոյթին, միշտ նորաձեւ պիտի մնայ: Ճինզէ տաբատի եւ ճինզէ բաճկոնի համադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ճինզէ աքսեսուարները` պայուսակ, գլխարկ, գօտի եւ այլն… պիտի որդեգրուին շա՜տ շատերու կողմէ:

Լուսաւոր Գաղափարներ

– Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր գունատած    ճերմակ ասեղնագործները կրկին դառնան կատարեալ սպիտակ, կաթսային մէջ ջուր լեցուցէք, աւելցուցէք 2 ապուրի դգալ փոշի կաթ, խառնեցէք եւ գաղջ կաթին մէջ առնուազն մէկ ժամ թրջեցէք ձեր ասեղնագործը: Ժամ մը ետք զայն չորցուցէք բացօթեայ սեղանի մը վրայ տարածելով:

* * *

– Մկրատը սրելու համար առէք աւազաթուղթի կտոր մը եւ զայն կտրտեցէք, մկրատին բթացած շեղբերը շուտով կը գտնեն իրենց նախկին վիճակը:

* * *

– Որպէսզի սխտորին պճեղները դիւրին կեղուըւին, զանոնք 15 վայրկեան մանրալիքին մէջ դրէք:

* * *

Մանանեխին շիշը բանալէ եւ գործածելէ ետք կիտրոնի շերտ մը դրէք մանանեխին երեսը: Այսպիսով անիկա ո՛չ կը չորնայ, ոչ ալ գոյնը կը փոխէ:

* * *

Սառցարանէն ելած սառած պտուղներուն վրայ տաք շաքար ջուր թափեցէք, այսպիսով պտուղները կը պահեն իրենց գեղեցիկ գոյնը:

Խոհագիր

 Թաթար Բորակի

Թաթար բորակին հայկական խոհանոցի ամենահամեղ ու մատչելի ուտեստներէն մէկն է: Հայաստանի ամբողջ տարածքին ան կը կոչուի թաթար բորակի, իսկ միայն Գիւմրիի մէջ` թաթար բորանի: Շատ յագեցնող այս համեղ ուտեստը կարելի է պատրաստել, եթէ տունը ոչինչ (կամ գրեթէ ոչինչ) կայ:

Բաղադրիչներ

– 1 հաւկիթ
– Կէս գաւաթ ջուր
– 1,5 գաւաթ ալիւր (մօտաւորապէս)
– 1 մեծ գլուխ մանրուած սոխ
– Կտոր մը կարագ, առաւել` մէկ ապուրի դգալ բուսական ձէթ
– 1,5 գաւաթ մածուն
– 1 պճեղ սխտոր

Պատրաստութիւն

Վերը նշուած բաղադրիչներով պատրաստել ամուր խմոր մը, ձգել կէս ժամ, որպէսզի հանգչի:

Մինչ այդ պատրաստել սխտոր-մածունը:

Սոխարածին համար տապակին մէջ հալեցնել կարագը, աւելցնել բուսական ձէթը եւ մանրուած սոխը, տապկել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնայ:

Հանգչած խմորը գրտնակով շատ բարակ բանալ, ապա փիցցայի դանակի օգնութեամբ հաւասար խորանարդներ ձեւաւորել:

Կաթսային մէջ ջուր եռացնել, մէջը կէս դգալ աղ լուծել եւ խմորի կտորները աւելցնել:

Երբ խմորները ջուրին երեսը ծփան, կը նշանակէ, որ եփած են: Ամանի մը մէջ փոխադրել քամոցէ անցած խմորները, երեսը զարդարել սոխարածով եւ մածունով:

Մատուցել անմիջապէս, տաք վիճակով:

Եթէ կծու սիրող էք, սոխարածին կծու կարմիր փոշի պղպեղ աւելցուցէք:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Միայնակ Ծառը

Պոկուած անտառից`
Մենակ ու մռայլ,
Մի ծառ է ցցուել բարձունքի վրայ:

Ինչպէ՜ս չի սիրում անտառը նրան,
Ինչպէ՜ս է ծաղրում,
Քրքըջում վրան,
Ի՜նչ է թէ հսկան
Այս թզուկների
կամքին
ու
կեանքին
Չի՛ կարողանում իրեն ենթարկել,
Ի՜նչ է թէ նրանք չե՛ն կարողանում
Իրենց նեղուածքում սրան բանտարկել…

Եւ չի՛ հասկանում անտառը յիմար,
Թէ ծառն այդ ինչ է անտառի համար.

Կաղնի՜ն`
Անտառի կանաչ շանթարգե՜լ…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

Viewing all 573 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>